Image may be NSFW.
Clik here to view.
Սօսի Միշոյեան-Տապպաղեան
Զահրատ, իր գրչակից եղբoր՝ Զարեհ Խրախունիին հետ, Իսթանպուլահայ գրականութեան անդաստանին մէջ բանաստեղծական դպրոց մը բացաւ, ձեւի եւ խորքի իր նորարարութեամբ: Իսթանպուլահայ այս երկու քերթողները իրենց ստեղծագործութիւններուն ընդմէջէն տեսան պարզ Մարդը՝ բանուորը, գործազուրկը, աղբահաւաքը, ներկարարը, ծորակ ծախողը… եւ այլն: Անոնք իրենց բանաստեղծութիւններուն մէջ վեր հանեցին մարդկային անհատականութեան բացառիկութիւնը, զգացումները, ապրումները: Զահրատի բանաստեղծութիւններուն մէջ ապշեցուցիչ հակադրութիւնը եւ բախումը կայ մարդու ներքին աշխարհին եւ շրջապատող աշխարհին միջեւ, մարդու օտարացման խնդիրը, մարդու մինակութեան, լքուածութեան եւ անհատի ներքին ընտրութեան խնդիրը, այս կեանքին մէջ իմաստի մը փնտռտուքը, ձգտումը մարդու անհատական աշխարհին մէջ իր սեփական տեղը գտնելու…:
Ո՞վ է Զահրատ:
Բուն անունով Զարեհ Եալտըզճեան: Ծնած է Պոլսոյ Նշանթաշ թաղին մէջ, 10 Մայիս, 1924-ին: Երեք տարեկանին ան կորսնցուցած է հայրը, քսանամեայ մայրն ալ՝ կրկին ամուսնացած է: Զինք խնամած է մօրենական հայրը՝ հաճի Լեւոնը: Ուսումը սկսած է իր թաղամասի՝ Բանկալթիի Մխիթարեան վարժարանին մէջ եւ աւարտած՝ 1942-ին: Այնուհետեւ մէկ տարի ուսանած է դեղագործական վարժարանի մը մէջ: Երեք տարի յաճախած է բժշկական համալսարան, սակայն կիսատ ձգելով, իբրեւ սպայ մտած է զինուորական ծառայութեան: Ուսման տարիներուն, ան միաժամանակ աշխատած է տարբեր բնոյթի գործեր: 1946-ին ըլլալով հիմնադիր անդամներէն մէկը Մխիթարեան Սանուց միութեան, Զահրատը դարձած է միութեան 1948-ին հիմնադրուած «Սան» ամսաթերթի խմբագրական կազմի անդամ եւ Ռոպէր Հատտէճեանի, Վարուժան Աճէմեանի եւ Զարեհ Խրախունիի հետ խմբագրած՝ «Մարմարա» օրաթերթի «գրական-գեղարուեստական» բաժինը: Եղած է ուսուցիչ:
Զարեհ Եալտըզճեան բանաստեղծութիւններ գրել սկսած է պատանեկան տարիներէն: Առաջին բանաստեղծութիւնը՝ «Աստղ մը» վերնագիրով լոյս տեսած է 1943-ին, «Ժամանակ» օրաթերթին մէջ: Այնուհետեւ, յատկապէս 1946-էն ետք իր քերթուածները լոյս տեսած են «Ճառագայթ», «Նոր Օր», «Մարմարա» թերթերուն, ինչպէս նաեւ «Սան», «Հանդէս մշակոյթի» եւ այլ հանդէսներու մէջ: Զահրատի գրական անունը ինք որդեգրած է. իր վկայութեամբ կ՚իմանանք, թէ օգտուած է Ծոփաց իշխան Զարեհի անունէն, զոր նաեւ Զահրատ անուանած են: Ան խորհած է, որ Զահրատ անունը Զարեհին համազօրն է :
Առաջին գիրքով («Մեծ Քաղաքը») Զահրատ հանդէս եկած է բաւականաչափ ուշ՝ 1960-ին: Այդ ժողովածոն հաստատուն սկիզբ էր, բանաստեղծական երեւոյթ, որ hետագային ամբողջանալու էր նոր գիրքերով. «Գունաւոր սահմաններ» (1968), «Կանաչ Հող» (1976), «Բարի Երկինք» (1971), «Մէկ քարով երկու գարուն» (1989), «Մաղ մը ջուր» (1995), «Ծայրը ծայրին» (2001), «Ջուրը պատէն վեր» (2004):
Զահրատը վախճանած է 21 Փետրուար, 2007-ին:
Երեւանի մէջ իր առաջին բանաստեղծութեան ժողովածոն՝ «Մեծ Քաղաքը» երեւցած է Ալ. Թօփճեանի նախաձեռնութեամբ: Առաջին գիրքով իսկ Զահրատ զարմանք պիտի առթէր բոլորին՝ քերթելու իւրայատուկ եղանակով մը, որ կը խախտէր գրական ընկալեալ կառոյցները ու շեշտը կը դնէր իմաստալից եւ պարզ բառախաղերու վրայ: Կ՚անտեսէր թէ՛ կէտադրութիւն, թէ՛ տաղաչափական կանոններ:
Շատ շատեր անկասկած, ինչպէս ամէն բանի սկիզբ դէմ պիտ՚ ըլլային այս ինքնատիպ շարժումին, նոյնիսկ գրագէտ Գեղամ Սեւան, Զահրատի դպրոցական դասընկերը, Երեւանի մէջ կարդալէ ետք անոր կարգ մը բանաստեղծութիւնները պիտի գոչէր. «Մեծարենցէն, Թէքէեանէն ու Զարիֆեանէն ետք՝ ա՞յս պիտի ըլլար պոլսահայ բանաստեղծութեան ուղին…»(1970) : Յամենայն դէպս, Զահրատի առանձին այս իւրայատուկ շարժումը դպրոց հանդիսացաւ եւ ներշնչեց ու կը ներշնչէ տակաւին շատ մը գրողներ: Վահէ Օշական իր Զահրատի քերթողական արուեստին մասին իր ուսումնասիրութեան մէջ կը հաստատէ. «Կայ զահրատեան աշխարհ մը՝ զանազանելի ուրիշներէ, ինքն իր մէջ օրկանական կապերով պրկուած, կայ գաղափարներու կառոյց ու ցանց» :
Զահրատ քննադատութիւններուն դիմաց իսկ վերելքն ի վեր մագլցեցաւ: Իրեն ներշնչող եղան իր գրչակից եղբայրները՝ Զ. Խրախունի, Ռոպէր Հատտէճեան, Զաւէն Պիպէռեան եւ ուրիշներ: Ո՛չ յուսալքուեցաւ քննադատութիւններուն դիմաց, ո՛չ ալ աւելորդ խանդավառութեան յանձնուեցաւ: Միշտ իր ներքին կշռոյթը պահած եւ խորհողի ու բանաստեղծի գիտակցութեամբ ան շարունակեց ներքին մղումով ստեղծագործական իր աշխատանքները կատարել: Ան իր քերթողական արուեստին մասին վկայութիւն ընելով կ՚ըսէ. «Ես առանց որեւէ յաւակնութեան, գրեթէ խաղի համար սկսայ գրել, բայց ժամանակի մէջ լուրջ գործ դարձաւ կարդացողներուն կողմէ: Որոշ շրջան մը փորձեցի յանգաւոր գրել, բայց արագ հասկցայ՝ աղուոր չէ, իմս չէ: Փոխեցի ուղղութիւնը: Սկսայ պարզ գրել, առանց յանգի: Բայց չկարծէք գրածս բոլորովին անկաշկանդ է, իր ներքին կշռոյթը ունի, ներդաշնակ է, իր ներքին երաժշտութեամբ ու ներքին իմաստներով մէկ բանաստեղծական գրգիռ ունի… Քննադատներուն դիմաց իմ զէնքս իմ խօսքս եղած է… Աստուած եթէ ձիրք տուած է՝ մարդիկ չեն կրնար խլել զայն» :
Զահրատեան քերթողութեան առընթեր սկիզբը քննադատաբար մօտեցող Գեղամ Սեւան, հետագային իր գնահատականը կը յայտնէ ըսելով. «Պարզ, սովորական, առօրեայ, շատ անգամ նոյնիսկ անկարեւոր թուացող ճշմարտութիւնների երգիչն է Զահրատը: Երգում է ճշմարտութիւններ, որոնք զարմանալիօրէն մեր առջեւ միանգամից ծառանում են իրենց մինչ այդ անյայտ կողմերով, որով, ինչ խօսք, պարտադրում են իրենց գեղեցիկ լինելը…» :
Զահրատի անվիճելի կարողութիւններէն մէկն ալ իր սակաւապետութիւնն է, պարզութիւնը, յապաւումը աւելորդաբանութիւններու, քիչ բառերով շատ բան եւ կարեւոր բան ըսել կարենալն է: Երբեմն նոյնիսկ ամբողջ քերթուած մը կը հիւսէ՝ առանց մէկ անգամ իսկ բայ գործածելու, ինչպէս՝ «Մտերմութեան համար» քերթուածին մէջ.
Ես քեզի դուն
Դուն ինծի դուն
Եսով- դունով
Տեղով տունով- տունով տեղով
Դուք մեզի մենք- մենք ձեզի դուք
Շաքար համով- սուրճի հոտով
Համով հոտով
Իրարու տուն
Իրարու դուն
Ես քեզի դուն- դուն ինծի դուն
Մտերմութիւն
Բայ չկայ, բայց կառոյց կայ, կշռոյթ կայ, ինքնատիպ յօրինուածք կայ, «բան»ի ստեղծում կայ՝ քիչ տարրերով, պարզ նիւթերով, որոնցմէ սակայն ոչ իսկ մէկ հատը կրնաք խախտել: Խօսքի նոյն զսպուածութիւնը, ժուժկալութիւնը կը տիրէ գրքին «Յայտագիր Նորիկի» բաժնին մէջ, ուր բանաստեղծը անջրպետի մարդուն՝ Նորիկին ոդիսականը կը պատմէ, ու կ՚ըսէ ամենայն պարզութեամբ.
Մեզմէ մէկը հոն
Երբ անեզրութեան դուռը կը զարնէ
Մեր ողբերն այնքան կը պզտիկնան հոս
Որ չ՚արժեր երգել
«Քարանուագ» բաժնին մէջ երբ կը բնութագրէ Զալցպուրկը՝ միայն 4 տողով եւ 10 բառով կ՚ըսէ.
Քարէ երգահաններ
Քարէ ջութակներ առած
Քարին – եւ իրենց –
Անմահութիւնը կ՚երգեն
Ուրեմն բան մը կայ, որ արժէ երգելը:
Հեռու ըլլալով պատրաստ կաղապարներէ Զահրատ կը գրէ ներըմբռնումով, անզգալաբար, «շնչելու պէս»: Զահրատ կը գրէ այնպէս որ գրածը կամ ըսածը անակնկալ ըլլայ ընթերցողին: Սրամտութիւն ու երգիծանք կայ անոր քերթողութեան մէջ, սակայն ծիծաղը, որ կը պարգեւէ ան ընթերցողին, միեւնոյն ատեն կը հրամցնէ ծանրութիւնը ու խորութիւնը տուեալ երեւոյթին կամ պատմածին: Քերթուած ըսածդ պիտի հարուածէ՝ կը բնորոշէ ան իր բանաստեղծութեան մէջ.
Աղուոր քերթուած մը կը հարուածէ
– Երբ կարդաս
Պէտք է ամուր կենաս ոտքերուդ վրայ
Բառախաղի վարպետն է Զահրատը, որու գերիրապաշտական բանաստեղծութիւնները յանկարծ կը վերջանան անակնկալ վերջին տողով մը, «որոնք Զահրատեան անակնկալի մը ապտակը կ՚իջեցնեն» .
Պար կը խաղանք
բառերուն հետ բառ
քարերուն հետ քար կը խաղանք
ու ծառերուն հետ ծառէ ծառ կը խաղանք
չարերուն հետ
չենք խաղար:
Զահրատի ստեղծագործութիւններուն մէջ ընթերցողին հետ հաղորդակցելու իւրայատկութիւնն ալ ա՛յն է, որ իրապաշտական պարզ պատումով ու նկարագիրով ներկայացնելէ ետք իրերն ու երեւոյթները, ան ամէն ինչ բացէ ի բաց պատրաստ միտքը չի հրամցներ ընթերցողին, այլ այնպիսի վարպետութեամբ կը քօղարկէ, որ այդ քօղարկումը իւրաքանչիւր ընթերցողին ազատ մեկնաբանութեան առիթ հանդիսանայ: Ընթերցողը ի՛ր այդ պահու թելադրանքով եւ իր պահանջքներուն համաձայն հաղորդակցութեան մէջ կը մտնէ քերթողութեան հետ, կը հասկնայ ըստ իր ընկալման որակին, ազատօրէն կը կարողանայ ի՛րը տեղադրել հոն եւ իրմով ամբողջացնել. ահա թէ ինչո՞ւ Զահրատի համոզմամբ.
Քերթուած մը պէտք է ըլլայ հունտի պէս
Ու երբ աւարտի
Չաւարտի- ծիլ տայ – վերապրի մեզի հետ
Եզրակացնելով ըսենք, որ Զահրատ ապրող բանաստեղծ է թէ՛ իսթանպուլահայ գրականութեան, թէ՛ արեւմտահայ գրականութեան, եւ թէ՛ համաշխարհային գրականութեան համար: