Quantcast
Channel: Hairenik Weekly Newspaper
Viewing all articles
Browse latest Browse all 8334

ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ՍՈՒՐԲ ԾՆՆԴԵԱՆ ՊԱՏԱՐԱԳԸ ԿԱՏԱՐԵՑ ՀԱԼԷՊԻ ՄԷՋ

$
0
0

 


ՀԱԼԷՊ.- Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. Կաթողիկոս, Սուրբ ծննդեան առիթով, այցելեց Հալէպ:
Հինգշաբթի, Յունուար 5-ին, Աստուածայայտնութեան Ճրագալոյցին, տագնապահար՝ սակայն տոկուն մնացած գաղութը պատմական օր մը ապրեցաւ իր Արամ Ա. Կաթողիկոսին շրջան ժամանումով։
Վեհափառ Հայրապետը, «Կիլիկիա» քայլերգին նուագակցութեամբ մուտք գործեց Հալէպ, իր կողքին ունենալով Բերիոյ Թեմի Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Շահան Արք. Սարգիսեանը եւ շքախումբի հոգեւոր ու ազգային անդամները։ Նորին Սրբութիւնը դիմաւորուեցաւ Թեմի քահանայից եւ դպրաց դասերու, միութիւններու ներկայացուցիչներու, համալսարանական թէ դպրոցական աշակերտներու, տարեցներու եւ մանուկներու խանդավառ ներկայութեամբ։
Սուրբ Աստուածածին Եկեղեցւոյ մէջ Առաջնորդ Սրբազանը յանուն սուրիահայութեան խօսք առնելով ըսաւ. «Հազար բարով Հալէպ ժամանեցիք Վեհափառ Տէր։ Ձեր գալուստով նոր յոյս եւ շունչ բերիք ձեզի հետ։ Հինգ տարիներու տագնապէն ետք ահաւասիկ խաղաղ է Հալէպը։ Մենք հոս ենք եւ հոս պիտի մնանք»։
Իր կարգին Վեհափառը Հալէպի ազատագրման առիթով նախ փառաբանական աղօթք կատարեց, ապա հայրական սիրով ու հայրապետական օրհնութեամբ ողջունեց հալէպահայութիւնը։ Իր պատգամին ճամբով Վեհափառ Հայրապետը ըսաւ. «Մեզի համար հոգեւոր ուրախութեան յատուկ առիթ է, որպէս Կաթողիկոս Մեծի Տանն Կիլիկիոյ, Քրիստոսի Ծննդեան բարեբեր տօնին առիթով գտնուիլ պատամական Բերիոյ Հայոց Թեմի մեր սիրելի ժողովուրդին՝ Աթոռոյս զաւակներուն հետ։ Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Անթիլիասի նստավայրէն եկած ենք Հալէպ, մեզի հետ բերելով բիւր օրհնութիւններ Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորչի օրհնաբաշխ Աջէն եւ բազում աղօթքներ՝ Անթիլիասի մեր Մայրավանքէն»։ Անդչադառնալով Հալէպի մասին Արամ Ա. Կաթողիկոս ըսաւ. «Սուրիան եւ մանաւանդ Հալէպը առանցքը հանդիսացան մեր աղօթքներուն, պատգամներուն եւ կեանքին անցնող շուրջ հինգ տարիներուն։ Իր պատմական ու հարուստ անցեալով Հալէպը մեր ժողովուրդի կեանքէն ներս բոլոր մակարդակներու վրայ ունեցած է անզուգական ներդրում։ Եկեղեցւոյ նկատմամբ իր ունեցած հաւատքը եւ ազգին նկատմամբ եղած հաւատարմութիւնը կը վստահեցնեն մեզ, որ Հալէպը պիտի վերածաղկի, Հալէպը պիտի վերահալէպանայ։ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւնը ինչպէս անցնող տարիներուն, նոյնպէս ալ յառաջիկային, նոյն ոգիով, իր ամբողջական ներդրումը պիտի բերէ Հալէպի վերածաղկման գործին»։
Տէրունական տօնին առիթով մատուցուած հայրապետական Պատարագը յատուկ ոգեւորութիւն ստեղծեց հալէպահայութեան կեանքէն ներս:
Նորին Սրբութեան պատգամը իր կարգին եզակի մթնոլորտ ստեղծեց շրջանէն ներս։ Դեռ քանին մը շաբաթներ առաջ Գողգոթայ ապրող հալէպահայութեան առջեւ, շնորհիւ Հովուապետին հոգեպարար խօսքերուն, նոր յոյսեր եւ յոյզեր մարմին առին։
Իր արտասանած խօսքին մէջ Արամ Ա. Վեհափառը ըսաւ. «Մի՛ վախնաք՝ զի Աստուած ընդ մեզ է։ Կազդուրուեցէ՛ք՝ որովհետեւ առանձին չէք, ողջ հայութիւնը ձեր կողքին է։ Մեր ժողովուրդը պատմութեան ընթացքին ինչե՜ր չտեսաւ։ Ի՛նչ մահեր յարձակեցան մեր վրայ, բայց Քրիստոսով մենք յաղթական դուրս եկանք։ Ահա, Հալէպը եւս իր խաղաղութիւնը ունեցաւ՝ այս մշուշն ալ փարատեցաւ։ Խաղաղութեան իշխանին ծնունդը, թող որ առիթ ըլլայ որ մենք գտնենք մեր մտքի ու հոգիի անդորրութիւնը։ Մանկացեալ Փրկիչին աւետիսը, թող որ այսօր հաւատքի նորոգութիւն բերէ մեզի, յոյսով պարուրէ մեզ եւ աստուածային սիրով գունաւորէ մեր կեանքը»։
Տխուր դէմքեր՝ ժպիտով գեղեցկացան, անյոյս աչքեր եւ մշուշոտ միտքեր՝ լոյսի եկան, այլ խօսքով՝ Հալէպի մեր ժողովուրդի սիրելի զաւակները նորոգութիւն է որ ապրեցան։
Պատարագի աւարտին Եկեղեցւոյ ներքնասրահին մէջ հօտ եւ հովիւ հանդիպեցան իրարու հետ։ Արամ Ա. օրհնեց այն բազմութիւնը:
Ուրբաթ, Յունուար 6-ի առաւօտուն, կատարուած այս հանդիսաւոր Սուրբ եւ Անմահ Պատարագի մատուցումը կատարուեցաւ Սուրբ Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ։ Այս առիթով, Նորին Սրբութեան կողքին խորանին վրայ, Տիրոջ սեղանին ծառայութիւն բերին Թեմակալ Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Շահան Արք. Սարգիսեան եւ Անթիլիասէն Վեհափառ Հայրապետին ընկերացող Միաբան հայրեր՝ Գերշ. Տ. Նորայր Եպս. Աշըգեան, Գերպ. Տ. Թորգոմ Ծ. Վրդ. Տօնոյեան, Հոգշ. Տ. Յովակիմ Աբղ. Բանճարճեան ու Հոգշ. Տ. Զաւէն Աբղ. Նաճարեան։


Viewing all articles
Browse latest Browse all 8334

Trending Articles