Quantcast
Channel: Hairenik Weekly Newspaper
Viewing all articles
Browse latest Browse all 8334

Դաւիթ Լոքեան Այցելութիւնը՝ Տաւուշի Դիրքեր

$
0
0

ԵՐԵՒԱՆ.- Հայաստանի տարածքային կառավարման եւ զարգացման նախարար Դաւիթ Լոքեան այցելեց Տաւուշի մարզի Նոյեմբերեան շրջանի Բաղանիս, Կոթի համայնքները: Նախարարը զրուցեց զինուորներուն hետ, եւ շնորհաւորեց հայրենիքի սահմանները պաշտպանող զինուորները: «Կը շնորհաւորեմ սիրելի՛ զինուորականներ Ամանորի առիթով, կ’ուզեմ, որ 2017-ին կարենանք անփորձանք ծառայութիւն կատարել, պաշտպանել երկիրը: Վստահ եմ, որ դուք ատիկա կը կատարէք, միայն անվտանգ եղէք, ասիկա շատ կարեւոր է: Կը շնորհաւորեմ նաեւ ձեր ընտանիքները, հարազատները, կը փափաքիմ, որ 2017-ին մեր զինուորականներուն ապրելու պայմաններն ալ աւելի բարելաւուին ե՛ւ դիրքերուն մէջ, ե՛ւ ձեր ընտանիքներուն յարկերուն տակ: Մենք, իբրեւ կառավարութիւն, պէտք է աստիճանաբար լուծենք բոլոր խնդիրները, ցոյց տանք, թէ մեզի համար ինչքա՛ն կարեւոր է հայ զինուորը, դիրքերուն մէջ գտնուող զինուորը», յայտնեց Դաւիթ Լոքեան: Ամանորի առիթով, նախարարը նուէրներ յանձնեց զինուորականներուն:


Viewing all articles
Browse latest Browse all 8334

Trending Articles