Յանուն Հօր եւ Որդւոյ եւ Հոգւոյն սրբոյ ամէն:
Սիրելի՛ ժողովուրդ հայոց,
Դարձեալ կը գտնուինք Նոր տարուան սեմին. նոր յոյսերով եւ սպասումներով կը դիմաւորենք Նոր տարին` իբրեւ անհատ, իբրեւ ազգ ու հայրենիք:
Նոր տարին առիթ է ինքնաքննութեան ու հաշուետուութեան: Նոր տարին նաեւ հրաւէր է նպատակասլաց տեսիլքով եւ վերանորոգ յոյսով ապագային նայելու ու ապագան ծրագրելու:
Յոյսը մարդկային կեանքին բնական ու հրամայական ձգտումներէն մէկն է: Յոյսը, սակայն, քրիստոնէական իմաստով եւ հայեցակէտով առաքինութիւն է: Հետեւաբար յոյսը քրիստոնէական մեր կեանքին մէջ պէտք է դարձնենք տիրական ներկայութիւն` Քրիստոսի ներկայութեամբ հզօրացած:
Չմոռնանք, որ մկրտութեան ընթացքին կը խնդրենք, որ Աստուած հաւատքով, յոյսով ու սիրով շաղախէ կեանքը մկրտուող մանուկին: Հետեւաբար, յոյսը զգացական ու կրաւորական հոգեվիճակ մը չէ, այլ հաւատքի արտայայտութիւն է, յոյսը կեանքի որակ է, ուր կը ճառագայթէ Քրիստոսի պայծառակերպիչ ներկայութիւնը: Այս գիտակցութեամբ պէտք է կառչած մնանք յոյսին` յոյսը դարձնելով ներկայութիւն, Քրիստոսով հզօրացած կենսաւորիչ ներկայութիւն մեր անհատական թէ հաւաքական կեանքին մէջ: Յոյսով հզօրացած` պէտք է աղօթենք` աղօթքը դարձնելով մեր կեանքին առանցքը, յոյսով զօրացած` պէտք է հաւատանք` հաւատքը կեանքի վերածելով, յոյսով զօրացած պէտք է ծառայենք, ծառայենք տկարին, աղքատին, զրկեալին, հիւանդին: Յոյսով հզօրացած պէտք է մասնակից դառնանք մեր ազգի առաւել ծաղկման ու հայրենիքի հզօրացման:
Արդարեւ, հաւատքով ու սիրով թրծուած յոյսը կը դառնայ վահան` կեանքի ամէն տեսակ չարերուն ու չարիքներուն դիմաց: Հաւատքով ու սիրով թրծուած յոյսը կը դառնայ զօրեղ ապաւէն ու լուսեղէն ճանապարհ մեր կեանքին: Չմոռնանք առաքեալին խօսքը, թէ յոյսը երբեք ամօթով չի ձգեր մեզ:
Հետեւաբար, ժողովո՛ւրդ հայոց, եկէք յոյսով թրծենք մեր կեանքը, Քրիստոսով հզօրացած վերանորոգ յոյսով դիմաւորենք Նոր տարին ու զիրար ողջունենք ըսելով` շնորհաւոր Նոր տարի:
Թող Աստուած երկնային շնորհներով ծաղկազարդէ մեր ժողովուրդին կեանքը` ի Հայաստան, Ղարաբաղ եւ ի սփիւռս աշխարհի:
Այժմ եւ միշտ եւ յաւիտեանս յաւիտենից ամէն:
Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. կաթողիկոս