Quantcast
Channel: Hairenik Weekly Newspaper
Viewing all articles
Browse latest Browse all 8334

ՏԱՐԵՄՈՒՏԻՆ

$
0
0

ԽԱՉԱՏՈՒՐ Ա. ՔՀՆՅ. ՊՕՂՈՍԵԱՆ
Փորձութիւններն են համակած, այս վերջացող յոգնած տարուան։ Ան կը ﬔկնի ﬕանալու անցեալ
դարձած ﬔր պատմութեան։Երազները ﬔր սրտերուն, անցնող տարուան խուճապին մէջ
տագնապահար, կորսուեցան, յաւերժութեան խառնուեցան։
Մանուկ ու կին ծեր երիտասարդ, հազարաւոր ուղեկորոյս արարածներ, չարչարուեցան,
տեղահանուիլ ստիպուեցան, չուել, գաղթել, երկրէ երկիր, անօթևան, հայոց նման, օտար ափեր
որոնելու, խաղաղ երկինք և Հայրենիք։
Դավաճաններն ու վարձկաններն տուն ու դպրոց պայթեցուցին, ու քանդեցին, աւերեցին։ Ծարաւ,
սոված ազատուածներն հով փոթորկի անձրևի տակ, անցան սահման ու երկրամաս, և խնդրեցին
հացի փշրանք, ջուր, ուտելիք որ վերապրին։
Ո՞վ և ինչո՞ւ կազմակերպեց կոտորածը հրէշային Սուրիա, Իրաք։ ո՞վ խաչ հանեց, ու գլխատեց,
աւերեց ու առևանգեց, ու որբ ձգեց տղայ, աղջիկ, անհայր, անմայր, անայր, անկին, որբևայրի,
անﬗիթար, անպատսպար, կարօտավառ։
Ահաբեկիչները ճզﬔցին Ֆրանսայի Նիս քաղաքին ու Գերմանիոյ մէջ պատահական անցորդները,
բեռնակառքի անիւին տակ։ Ղարաբաղն ու Հայաստանը, հերոսաբար դիմադրեցին, ինչ ալ ըսեն
հայը յաղթեց, նախայարձակ թշնաﬕին։
Ու վերջապէս հասաւ լաւ լուրն հանգստութեան բազմաչարչար ժողովուրդին, Հալէպի ﬔր քոյր
եղբայրներն գտան հանգիստ, շունչ քաշեցին։ Արարչական պատուէրները, պէտք է գան և ապրին։
ﬔզ հետ։ Գաղթականներն վերադառնան։
Վերաշինեն իրենց տունը օճախը և գործատեղին։ Թող Նոր Տարին պարգևէ յոյս, հոգւոյ սրտի
առողջութիւն, երջանկութիւն բերէ ﬔզի, վերանորոգէ յոյսը ﬔր, մանկան, ծերին, չքաւորին, բերէ
հանգիստ, ﬕացնէ ընտանիքներն իրենց տան մէջ։
Գալիք տարին, խինդ ծիծաղով վերջ տայ լացին, սուգին, վիշտին։ Վերածաղկին դպրոց, ակումբ,
վաճառատուն։ Մշակոյթը հոգևորին ու աղօթքը կենդանարար Եկեղեցւոյ մէջ հաստատուի մտնէ
Աստուած բազﬕ գահին օրհնէ Ժողովուրդը։
Մխիթարէ ու ցաւակցի սգաւորին ու հիւանդին ﬔր Տէրն Աստուած, ու համբուրէ, առնէ սիրտը իր
ստեղծած զաւակներուն։ Թող բարով գայ խաղաղութեան Տէրը արքան տնկէ հունտերը բարիին,
Յիսուս ծնի, երգեն մարդիկ Փառք ի Բարձունս ու Խորհուրդ Մեծ։


Viewing all articles
Browse latest Browse all 8334

Trending Articles