Quantcast
Channel: Hairenik Weekly Newspaper
Viewing all articles
Browse latest Browse all 8334

Կաղանդի Արձակուրդը

$
0
0

Սօսի Միշոյեան-Տապպաղեան
Դուրսը՝ սառնամանիք, ձիւն: Շուկայի գնումս կատարելէ ետք, աճապարանքով կը շտապեմ տուն: Յանկարծ մեր թաղի կուզիկը դէմս կ՚ելլէ: Անունը չեմ գիտեր, սակայն մէջքն ի վար քալելուն համար կուզիկ կ՚ըսեմ: Խօսակցութիւն ալ չունիմ հետը, սակայն ամէն անգամ թաղէն անցնելնուս, անպայման բան մը կ՚ըսէ մանչուկներուս: Հիմա ճիշդ դիմացս կանգնած, ձեռքը երկու նորածին լակոտներ՝ ինծի կը դիմէ.
-Էս շները մեր հարեւանը տուեց որ երթամ գցեմ, նրանց շունն ա բերել, տէրը չի ուզում պահել, ուզո՞ւմ ես մի հատը տամ քեզ:
«Գցե՞լ», աս անուշիկ նորածին շնիկները փողոց կը ձգուի՞ն, մանաւանդ այս ցուրտին: Այս ի՞նչ առաջարկ է: Անմիջապէս Հալէպի մեր սեւով ճերմակ շնիկը՝ Սքուպին աչքիս առջեւ կու գայ, որ պատերազմէն փախելնուս պատճառով բարեկամի մը խնամքին յանձնած էինք, որուն համար ալ օրերով ես ու տղաքս՝ արցունք թափած: Հիմա վստահ ի՛նչ պիտի ուրախանան, եթէ աս անակնկալը մատուցեմ իրենց: Չէ՞ որ ամէն անգամ վէրնիսաժ երթալնուս երկար ժամանակ կը յատկացնենք շնիկներուն բաժինը, մէկիկ-մէկիկ դիտելով զանոնք.
-Մամա՛, գնենք:
-Կ՚առնենք օր մը, տղաս, թէեւ վստահ չեմ որ մեր տանտէրը պիտի յօժարի, որ շուն պահենք իր տան մէջ:
-Մամա՛, պարտէզը կը ձգենք, հաճիս:
Ամէն անգամ ալ կը խոստանայի, բայց կը յետաձգէի՝ զսպելով շուներու հանդէպ ունեցած տկարութիւնս:
Հիմա դրացիս բերեր է եւ նոր ծնած լակոտներէն մէկը ինծի տալ կ՚առաջարկէ:
-Այո՛, կ՚ուզեմ,- կ՚ըսեմ յանկարծակի: Միտքէս որոշելով որ մէկ շաբաթ Կաղանդի արձակուրդին տղաքս կը զբաղին ու իրարու հետ կռուըտելէն կը դադրին կարելի:
Այս մտմտուքէն ետք շունը շալկած կ՚ելլեմ տուն: Դուռը բանալիով չեմ բանար, որպէսզի մանչուկներուս անդրադարձը տեսնեմ:
Տղաքս վազելով կը հասնին ու շատ մեծ անակնկալի առջեւ կը գտնուին: Տեսակ մը իրարանցում կը ստեղծուի տան մէջ: Պզտիկներուս պոռչտուքը, ուրախութեան ճիչերը մէկ կողմէն, մօրս իրարանցումը ու դժգոհանքի արտայայտութիւնները՝ միւս:
– Ի՞նչ պիտի ընենք աս շունը, շուներնիս պակաս էր միայն:
– Մամա՛, շատ մերսի, ի՜նչ աղուոր է, պզտիկ է…: Վիզէս կախուելով կը բացագանչեն մանչերս:
– Ուրկէ՞ բերիր:
– Մէկ շաբթուան համար բերի միայն, դրացի կուզիկը տուաւ, յետոյ ետ իրեն պիտի տամ:
Հայրիկս բազկաթոռին վրայ նստած, ձեռքի գիրքը մէկ կողմ բռնած՝ լուռ կը ժպտէր: Ներքուստ գիտէի, որ ինքն ալ կը սիրէր կենդանիները, յատկապէս՝ շունը:
Անուն որոշելը շատ երկար չի տեւեր, կ՚որոշենք՝ Միքի: Առաջին գործս զինք լոգցնելը կ՚ըլլայ:
-Օ՜, մամա՛, ի՜նչ բարի է, կը յիշե՞ս Սքուպին ինչպէ՛ս կը փախչէր որ չլոգցնէիր, տիւանին տակ կը մտնէր, կը զգար:
– Այո՛, նոյնիսկ օր մը հողաթափս խածաւ, կատղած բան մը ունէր մէջը:
Ռուբէնը, տասնամեայ տղաս, իր գրասեղանի դարակներէն մէկը կը հանէ ու մէջը բազմոց դնելով Միքիին համար անկողին կը պատրաստէ ու զայն կը դնէ շոֆաժին դիմաց, որ Միքին չպաղի:
Միքին, սակայն, տխուր կ՚երեւէր, կծկուած էր ու կը քնանար:
Բարեբախտաբար թէ դժբախտաբար՝ չեմ գիտեր, Միքիին «գժտութիւնը» երկար չի տեւեր, շուտով կ՚ընտելանայ տղոցս հետ ու կը սկսի ցատկռտել, պզտիկ գնդակին ետեւէն վազվզել, խաղալ:
Սակայն տղոցս կռիւը դադրելու փոխարէն՝ նոր որակ ստացաւ: Այս անգամ. «Ես պիտի շալկեմ», «չէ՛, դուն շատ շալկեցիր, կարգս է», «ո՛չ կարգս է…», «տուր-առ»-ի կռիւ: Խեղճ Միքիին ձեռքէ ձեռք քաշքշուիլը տեսնելով, ամուսինս կ՚ըսէր.
-Այս շունը կրնայ երկար չդիմանալ մեր տան մէջ:
Այսպէս Կաղանդի խաղալիքները մոռցած, շունով տարուեցան տղաքս: Գիշերները, ամէն ոք երբ սենեակը քաշուած քնանալու մտնէր, Միքիին լացին ոռնոցը կը սկսէր: Մարդամօտ կենդանին չէր ուզեր մինակ մնալ: Ռուբէնը կը վազէր, կը բերէր զինք ու անկողինին տակ կը քնացնէր: Սակայն «անկողինին տակ»ի դիրքը կամաց-կամաց փոխուելով եղաւ «անկողինին մէջ»:
Ռուբէնը յանձն առաւ Միքիին հոգատարութիւնը եւ դուրսը զինք քալեցնելու պարտականութիւնը: Միքիին հետ մանչերուս մտերմութիւնը այնքան շուտ ստեղծուեցաւ ու աճեցաւ, որ սկսայ մտածել թէ այսքանէն յետոյ ինչպէ՞ս պիտի կարողանամ ճամբել զայն:
-Մամա՛, հաճիս մէկ շաբաթ ալ ձգէ, դեռ արձակուրդը չվերջացաւ:
Մօրս գանգատը մէկ կողմէն, իրենց կապուածութիւնը միւս կողմէն զիս անել վիճակի մատնեցին, մինչեւ որ պատահեցաւ անսպասելին:
Միքիին գալուն երկրորդ շաբաթը Ռուբէնին մարմնին վրայ տեղ-տեղ մանր բշտիկներ յառաջացան: Բշտիկները սկսան քերուըտուք պատճառել նաեւ: Սկիզբը խորհեցայ որ ջրծաղիկ կրնայ ըլլալ, բայց մայրս հաւաստիացուց թէ ջրծաղիկը այսպէս չ՚ըլլար, անոր վէրքերը աւելի խոշոր կ՚ըլլան: Որքան քերէր՝ այնքան կը շատնային ու կը տարածուէին բշտիկները: Լրջօրէն մտահոգուիլ սկսայ, մանաւանդ որ քանի մը օրէն դպրոցներն ալ պիտի բացուէին ու ստիպուած պիտի ըլլայի չղրկել զայն, որպէսզի չվարակէր ընկերները: Դեղարանէն քսուք առի, չօգնեց: Ու երբ տեսայ, որ մարելու փոխարէն աւելի կը շատնան՝ անմիջապէս բժիշկի դիմեցի:
Բժիշկը ռուսերէնով անուն մը տուաւ, յետոյ տեսնելով որ չեմ հասկնար, գիրք մը բացաւ ու այս բշտիկին մասին բացատրութիւն տուաւ հարցնելով.
-Ձեր տանը կենդանի կա՞յ…
-Այո՛:
-Բա դրանից է, պէտք է հեռացնէք, երեխուն ալերկիան նրանից ա:
Համապատասխան սբրէյ ու քսուք թելադրելէ ետք, յանձնարարեց որ զայն գործածելէ երեք օր վերջ Ռուբէնը կրկին վերաքննութեան բերեմ:
Ամբողջ վերադարձի ճամբու ընթացքին Ռուբէնը կ՚աղաչէր, որ Միքին չհեռացնեմ.
-Մամա՛, տունն ալ այլեւս գիրկս չեմ առներ, փորիկիս մէջ չեմ պահեր, անկողինիս մէջ չեմ դներ, հաճիս:
Հակառակ իր զգուշութեան, վէրքերուն բուժուելու առումով տարբերութիւն չզգացի: Նորէն կարմրուկ մանր բշտիկներ, նորէն քերուըտուք, նոյնիսկ՝ սիրտը անցնելու չափ:
Բժիշկի երկրորդ այցելութիւնս վճռական որոշումի դէմ յանդիման կանգնեցուց զիս: Մանաւանդ երբ պոռալով ըսաւ.
-Էդ կենդանին դեռ չհեռացրեցի՞ք, էսօր իսկ կը վերացնես, քանի տանն ա, երեխէն էս վիճակից դուրս չի գայ:
Կը զարմանայի այս պատահարին համար, մանաւանդ որ Հալէպ ալ տարիով մը պահած էինք Սքուպին, եւ օր մը նման բան չէր պատահած, այլապէս Միքին տուն կը մտցնէի՞:
Ռուբէնը այս անգամ չառարկեց: Որոշումս վճռական էր: Պէտք էր վերացնել Միքին: Բայց ո՞ւր կամ որո՞ւ խնամքին յանձնել զայն, որպէսզի միտքերնիս հանգիստ մնար:
Որոշեցի կրկին կուզիկին տալ: Բայց կուզիկը, որ մինչ այդ ամէն իջնելուս դէմս կ՚ելլէր, հիմա անհետացած էր, չկար: Քիչ մը սպասեցի, նորէն վար իջայ՝ չկար, երրորդ անգամ կրկին փորձեցի, չկար ու չկար:
Կամաց մը համոզել ջանացի տղաքս, եւ անոնք տեսնելով իրական պատճառը՝ յօժարեցան որ վերադարձնեմ «տիրոջը». զիրենք խնայելու համար պարզապէս ես այդպէս ըսած էի իրենց, որովհետեւ ո՛չ տէրը կը ճանչնայի եւ ո՛չ ալ Միքիին ուրկէ գալը:
Հաւաքած ոսկորներս սառնարանէն հանեցի, դրի տոպրակի մը մէջ, Միքին ալ դրի այլ տոպրակի մէջ ու իջայ փողոց: Ձիւնը առատ կը տեղար, դժուարութեամբ կը քալէի, ու ներքուստ շուարած ու մեղաւորի զգացումս կը տանջէր զիս: Հասայ Պռոշեան, հոն ձողի մը քով որոշեցի ձգել զինք: Հանեցի, տոպրակի կերը դրի դիմացը, որպէսզի ուտելիքով տարուի: Սակայն Միքին ոչ իսկ մօտեցաւ անոր: Կը պատկերացնէի, որ այս նոյն կերը եթէ տան մէջ տայի՝ որքա՜ն պիտի ցատկռտէր ու երախտապարտ ըլլալու նշաններ դրսեւորէր: Ան ոսկորները բոլորովին արհամարհելով աղաչական ճիչով եկաւ ոտքերուս քով: Արցունքներս անկարելի եղան զսպել, կենդանին կենդանի ըլլալով իր տէ՛րը ուտելիքէն աւելի կը գերադասէ: Ան գուշակելով վտանգը սկսաւ առաջին օրուան նոյն լացի ձայները հանել: Ձիւնին տակ ես կը քալեմ, ինք ետեւէս կու գայ, կը կենամ՝ կը կենայ.
-Աստուա՜ծ իմ, ինչպէ՞ս պիտ ձգեմ զինք հոս: Մարդ ալ չեմ ճանչնար, որ զայն իրեն տամ:
Երկմտանքիս մէջ պահ մը որոշեցի ետ տուն տանիլ, բայց ինչպէ՞ս, երբ Ռուբէնին փորը, մարմինը ամբողջութեամբ վէրք է, ու հազիւ կարողացեր էի համոզել զիրենք Միքին դուրս հանելու համար… մտածեցի ամուսինիս հեռաձայնել, բայց գիտէի, որ ինքն ալ շունը դուրս պիտի չկարողանար դնել ու նոյնիսկ պիտի այպանէր զիս զայն տուն բերելուս համար, որովհետեւ կանխագուշակելով այս օրուան գլխուս գալիքը քանիցս ըսեր էր, թէ այսքան մտերմութենէն ետք ինչպէ՞ս զայն պիտի հեռացնէինք տունէն, եւ թէ ճի՛շդ Սքուպիին պատմութիւնը պիտի կրկնուէր: Սկիզբը ան թէեւ շատ յօժար չէր եղած բերելուս, սակայն մանչերուս խանդավառութիւնը տեսնելով ինք եւս խնամել սկսած էր Միքին:
Ի վերջոյ որոշեցի դէմի մայթը անցնիլ ու մսավաճառին դիմաց դնելով հեռանալ, գուցէ կեր կ՚ունենան կամ կը խղճան իր փոքրիկ ըլլալը տեսնելով:
Մսավաճառին դուռը բաց էր, անմիջապէս որ գետին դրի՝ կարծելով որ հոն պիտի մտնեմ, ինձմէ առաջ ինք ներս մտաւ: Քայլերս արագցուցի ու քանի մը մեթր անդին ինքնաշարժի մը ետին կանգնեցայ:
-Միքին անմիջապէս դուրս ելաւ, ձիւնին մէջ ոտնահետքերս կորսնցուցած էր արդէն, մէյ մը աջ, մէյ ձախ խարխափելով զիս կը փնտռէր, ե՛ս զինք դուրս դրի, դեռ ինք զիս կը փնտռէ…
Հեղեղի պէս յորդած արցունքներով մտայ տուն:
– Ի՞նչ, եղա՞ւ, տուի՞ր,- հարցուցին տղաքս:
– Այո, ճամբեցի,- ըսի, խօսքս կարճի կապելով:
Իսկ երբ մայրս աչքով հարցական նշան ըրաւ, փղձկեցայ ու՝ «շունի չափ ալ չկամ եղեր», ըսի հազիւ լսելի ձայնով:

***
Շունը հեռացնելէս քանի մը օր վերջ, դեղերու օգնութեամբ Ռուբէնին մարմնի կարմրուկները անցան ու շուտով սկսաւ յաճախել դպրոց:

 


Viewing all articles
Browse latest Browse all 8334

Trending Articles