Գրասէր բայց այլեւս հայերէն չկարդացող հայրենակից մը խնամքով պահուած եւ ժապաւէնով մը կապուած տրցակ մը տպուած էջեր տուաւ ինծի, ժառանգուած իր հօրմէն կամ մեծ հօրմէն, անոնց խնայելով աղբաման դրուելու ճակատագիրը:
Թուղթը խոնաւութեան պատճառով կը փշրուէր մատներուս տակ: Գրասեղանիս վրայ դրի դէզը եւ աշնան գետին ինկած տերեւներու նմանող թերթերը մէկ առ մէկ դարձուցի: Ապահովաբար տեղ մը այս էջերէն օրինակներ պահուած են, նոյնիսկ եթէ անոնք կարգախօսներով շնչող հայ հաւաքականութիւններու եւ երեւելիներու հետաքրքրութիւններու ծիրէն դուրս են:
Էջեր՝ որոնք կը վկայեն հայկական ապրող, կենդանի, ուրոյն ինքնութեամբ ընկերութեան մը մասին, այնքան տարբեր մեր նահանջները արդարացնող անբարոյ ճապկումներէ: Անուններ, հետաքրքրութիւններ, միտքի եւ արուեստի յառաջընթացէն բացակայ չըլլալու յանդգնութիւններ: Ինքնութիւն պահող լեզուով յորդող էջեր, որոնք բեմ եղած են ժողովուրդի մը հոգեւոր արտայայտութեան, կարենալ ներկայ ըլլալու համար աշխարհի մէջ, չըլլալու համար անցեալ եւ անանցեալ, «ծագումով հայերու» եւ «զգացումով հայերու» անդիմագիծ ամբոխ:
Եւ ի՜նչ պայմաններու մէջ… Երբ հրատարակութիւնը կ’արգիլուէր, երբ մարդիկ ստիպուած էին բռնակալի տարեդարձ խնկարկել… Հիմա արատայատուելու ազատութիւնը արգիլող չկայ, բայց…
Տրցակը գրասեղանիս վրայ է: Առաջին էջ. կողք.
«ՄԱՍԻՍ, շաբաթաթերթ, ազգային, գրական, գիտական, քաղաքական,
55րդ տարի, Նոր Շրջան, թիւ 32, 30 յունիս 1907
Առաջին էջին վրայ յօդուած մը, ստորագրուած «Մուշեղ Եպիսկոպոս», խորագիր՝ «Հայ եկեղեցականութիւնը»: Կ’արժէ արտատպել թերթերու մէջ, ուր, բացի ծէսէ եւ քարոզչութենէ, հայ եկեղեցականութեան մասին չի գրուիր: Կը յաջորդէ Զապէլ Եսայեանի պատմուածքը՝ «Մոլորումը»: Ապա գրական էջի մը թարգմանութիւնը, չորս տուն բանաստեղծութիւն Մերուժան Պարսամեանէն, կրկին թարգմանութիւն՝ Մաննիկ Պէրպէրեանի ստորագրութեամբ: Խորագրի մը տակ՝ «Մեր դպրոցները»:
Հրատարակութիւնը կանգ առած է եւ յաջորդ համարը, 33, լոյս տեսած է 11 օգոստոս 1907-ին: Ժամանակի պատկերը կու տայ առաջին էջը: Կը կարդանք.
«ՎԵՐԱԲԱՑՈՒՄ»
Տպագրական Տեսչութեան կողմէ, յունիս 20ին ստացանք հետեւեալ դադարման հրամանագիրը.-
Մասիս հայերէն շաբաթաթերթը կանոնի հակառակ ընթացքի մէջ գտնուիլ յանդգնած ըլլալուն՝ այսօրուընէ անպայման կերպով դադարման ենթարկուած է:
Կնիք տպագրական Տեսչութեան
Նոյն Տեսչութեան 4 օգոստ. թուակիր բարեհաճ հրամանը՝ արտօնեց Մասիսի վերաբացումը:
Վերսկսելով Մասիսի հրատարակութեան, մեր շնորհապարտ զգացումները կ’արտայայտենք Ներքին Գործոց Նախարար Բարձր. Մէմտուհ Փաշայի եւ տպագրական տեսուչ Վսեմ. Քէմալ Պէյի, որոնք Վեհ. Սուլթանին բարձր կամքին համաձայն, Օսմ. Մամուլին զարգացման եւ յաաջդիմութեան քաջալեր կը հանդիսանան միշտ:
Թերթի կողքին վրայ դրուած այս տողերը ինչե՜ր կը թելադրեն ընթերցողին: Երբ կը խօսինք օսմանեան տիրապետութեան ներքեւ ապրող հայութեան եւ իշխանութիւններու վերաբերումին մասին, նաեւ այս պարզ արձանագրութիւնները պէտք է ներկայացնել:
Կը դարձնեմ նոյն համարին էջերը: Կրկին կը խօսուի կրթական հարցերու մասին, «Կրթական բեմեր» խորագրին տակ, ստորագրուած խմբագիր-տնօրէն Ենովք Արմէնի կողմէ: Կը յաջորդեն անուններ. Եղիշէ եպսկ. Դուրեան, Զապէլ Եսայեան, Պերճուհի Եազըճեան, թարգմանութիւն ֆրանսացի բանաստեղծ Լամարթինէ՝ ստորագրուած Յ.Գ.Մրմըրեան, ապա բանասեղծութիւն Մերուժան Պարսամեանէ, Մաննիկ Պէրպէրեան, Սուրէն Ասուրեան, գրական քննադատութեան էջեր՝ Տօմինօ ստորագրութեամբ, «Հին եւ նոր հայերէնը» գլխուն տակ կը խօսուի գրաբարի եւ աշխարհաբարի, հին կամ մեռած եւ արդի կամ կենդանի լեզուի մասին: Էջեր՝ փիլոսփայութեան մասին:
Եւ բաղդատելով կը տեսնենք, որ ժամամակակից հայ մամուլին մէջ այս զանազանութեան չենք հանդիպիր:
Թերթը ինքզինք պարտաւոր կը զգայ գովերգելու Սուլթան Համիտը: Կը գրէ.
ՏԱՐԵԴԱՐՁ ԳԱՀԱԿԱԼՈՒԹԵԱՆ
ՕԳՈՍՏԱՓԱՌ ՂԱԶԻ ՍՈՒԼԹԱՆ ԱՊՏ-ԻՒԼ-ՀԱՄԻՏ Բ. ԽԱՆԻ
ՎԵՀԱՓԱՌ ԿԱՅՍԵՐ, ՄԵԾԱՆՈՒՆ ԻՆՔՆԱԿԱԼԻՆ ԹՈՒՐՔԻՈՅ
Այս խօսքերը կ’ըսուին թերթի մը մէջ, որուն հրատարակութիւնը կ’արգիլուի ապա կ’արտօնուի «Մեծանուն Ինքնակալ»ի ներքին գործոց կառավարութեան կողմէ:
Այդ պայմաններուն մէջ «ազգային, գրական, գիտական եւ քաղաքական» շա-բաթաթերթ կը հրատարկուէր:
Կը շարունակեմ դարձնել էջերը: 18 օգոստոս 1907, բանաստեղծութիւններ եւ արձակ էջեր: Եղիշէ եպիսկ. Դուրեանի կը յաջորդեն Զապէլ Եսայեան, ապա արուեստագէտ սերունդէն բանաստեղծ Հրանտ Նազարեան, «Կեղծիքը Արուեստին մէջ» գեղարուեստի մասին էջեր՝ Տօմինօ սորագրութեամբ, բանաստեղծութիւն՝ Ռուբէն Չիլին-կիրեան (Սեւակ), թարգմանական էջեր, կրկին Մերուժան Պարսամեան, կրօնական վէճերու մասին գրութիւն «Միայն մե՞նք մոլեռանդ ենք» գլխուն տակ՝ ստորագրուած Կորիւն վարդապետ: Կրկին փիլսոփայութեան մասին կը խօսուի՝«Էջ մը եբրայական պատմութենէն» գլխուն տակ, ստորագրուած՝ Դանիէլ Նշանեան:
Նաեւ՝ Եղիա Տեմիրճիպաշեան, Թկատինցին, եւ ուրիշներ
Էջերը կը դարձնեմ: Վկայութիւնը արեւմտահայ գրական-իմացական կեանքին:
Յաջորդական համարները կը շարունակուին ազգային-ընկերային կեանքի հայելի ըլլալու նոյն բնականութեամբ: Սոսկ լրատուութիւն չէ, ընկերութեան պատկերը՝ թերթին մէջ: Նաեւ՝ բանավէճեր գրողի եւ անոր երկի մասին: Ուսումնասիրութիւններ նաեւ օտար գրողներու մասին:
Թափառելով «Մասիս»ի էջերուն մէջ, յանկարծ կրնանք հանդիպիլ բոլորովին անծանօթ, գէթ մեզի համար, նիւթի մը. «Հայ բոշաներու լեզուն, բրոֆ. Ֆինքի եւ բժշկապետ Սայտէլի աշխատութիւնները» խորագրին տակ: «Սիրոյ բնազանցութիւնը» խորագրին տակ կը հանդիպինք ուշագրաւ էջի մը, որուն արծարծած հարցերը այսօր բացակայ են մեր մամուլէն:
Յաւակնութիւնը չունիմ «Մասիս»ներ բովանդակութիւնը ամփոփելու կամ պատկերելու: Բայց լաւ պիտի ըլլար, որ անոր թիւերը մատչելի ըլլային եւ հայ մտաւորականը, ուսուցիչը, լրագրողը, գրողը եւ հանրային գործիչը երբեմն վերագտնէին կորսուած ժամանակը, որուն շարունակութեան գիծին վրայ կը գտնուին (կամ պէտք է որ գտնուէին) մեր ներկան եւ անխարդախ ու այլոց աղօտ պատճէնը չեղող մեր ինքնութիւնը :
Ժամանակակիցներս ինչեր կրնանք սորվիլ եթէ կարդանք հարիւր տարի առաջ լոյս տեսած շաբաթաթերթը, թերեւս կը դադրինք copie-collé (կտրուած-փակցուած) էջեր պատրաստելէ եւ լրատուութիւն ընելէ, եւ այդ պարագային կենսունակ կը դառնայ հայ մամուլը եւ ընդհանրապէս լրատուութիւնը:
Ինչպէս ուրիշ հրատարակութիւններ, «Մասիս»ներն ալ եթէ համացանցի վրայ դրուին, ներկայ եւ գալիք սերունդին օգտակար կ’ըլլան, եթէ ի հարկէ հայերէնը ժամանակավրէպ եւ անգործնական համարող վատսերածներ չառաջնորդեն ազգը եւ անոր մշակոյթը:
«Մասիս»ներու տրցակը պիտի յանձնեմ «արեւմտահայ» գիր-գրականութեամբ եւ լեզուով իրապէս զբաղող կեդրոնի մը: Կ’ենթադրեմ, որ «Մասիս»ներու հաւաքածոն մեր մատենադարններէն մէկուն կամ միւսին քով պահուած է:
Այս կարգի «հարստութիւններ»ուն տէրը մտաւորական ընտրանի մը չէ, այլ տո-կալու եւ տեւելու կամք ունեցող ժողովուրդը: