Quantcast
Channel: Hairenik Weekly Newspaper
Viewing all articles
Browse latest Browse all 8334

ՀԱԼԷՊԻ ՀԻՒՂԱՒԱՆՆԵՐԸ

$
0
0


ԹԱԳՈՒՀԻ ԱԹՈՔԵԱՆ

Օսմանեան իշխանութեան գործադրած հայոց ցեղասպանութենէն վերապրած հայերը ցրուեցան աշխարհի չորս կողմերը, յատկապէս արաբական աշխարհին մէջ: Հայութեան մեծ զանգուածը ապաստանեցաւ սահմանամերձ Հալէպ քաղաքին մէջ: Անոնք բնակութիւն հաստատեցին հիւղաւաններու մէջ: Գլխաւոր հիւղաւանը հաստատուած էր Սուլէյմանիէի թաղամասը: Դժուար էր կեանքը հիւղաւանի տախտակաշէն խրճիթներուն մէջ, սակայն կամքի ոյժով անոնք տոկացին ամէն դժուարութեանց: Ուստի տարուէ տարի ժրաջան աշխատանքով բարելաւեցին իրենց վիճակը եւ սկսան հետզհետէ դուրս գալ հիւղաւանէն: Անոնք հաստատուեցան Նոր Գիւղ կոչուած ընդարձակ շրջանի՝ իրենց բազուկներով կառուցած բնակարաններուն մէջ: Մինչեւ 1934 կառուցումները աւարտած էին: Ընդհանրապէս տան փողոցի դրան կամ կողքի պատին վրայ փորագրուած կը տեսնէինք կառուցման թուականը՝ 1934: Բնակչութիւնը մեծ մասով հայ էր Նոր Գիւղի մէջ: Ան ունեցաւ դպրոցներ, ակումբներ եւ եկեղեցիներ:

Վարկած կայ, որ այս շրջանը «Նոր Գիւղ» կոչուած է, օսմանեան իշխանութեան օրօք Արեւմտահայաստանի մէջ հայերով բնակուած Նոր Գիւղ կոչուած շրջանի մը անունով:

Սիս քաղաքէն ժամանած հայեր հաստատուեցան հին Հալէպի Ճտէտիէի շրջանի նեղ թաղերէն մէկուն մէջ, որ սիսեցիներու անունով կոչուեցաւ Հարէթ Սիսի: Հարէթ Սիսիի տուներուն մեծ մասը ընդարձակ են եւ պետական հնութեանց ցանկին մաս կը կազեն, կառուցուած են 1200 թուականին, բիւզանդական իշխանութեան շրջանին: Այս տուները անցած են բիւզանդական, օսմանեան եւ արաբական իշխանութիւններու ժամանակաշրջաններէն: Եղած են փաշաներու եւ մեծահարուստներու տուները:

1921ին, Հարէթ Սիսի թաղին մէջ, օգտագործելով հին ընդարձակ տուներէն երկուքը, սիսեցիները հիմնեցին նախնական կրթութեան երկու վարժարաններ՝ աղջկանց եւ տղոց անջատ բաժիններով, որոնք կոչուեցան Կիլիկեան վարժարան, երկրամասին անունով: Հետագային երկրին նոր օրէնքին հիման վրայ դպրոցները երկսեռ դարձան, ուստի նախակրթարաններէն տղոց բաժինը վերածուեցաւ ճեմարանի՝ միջնակարգ եւ երկրորդական բաժիններով եւ կոչուեցաւ Կիլիկեան Ճեմարան: Պատմական այս վարժարաններուն մէջ ես բախտ ունեցայ պաշտօնավարելու տասներեք տարի:

Հայապահպանման օճախ՝ կրթական այս հաստատութիւնները դարձան թիրախ չարաղէտ պատերազմի հրթիռակոծումներուն: Այսօր սիրտս կը ճմլուի տեսնելով այս հաստատութիւններուն փլատակ, քարուքանդ վիճակը:

Կիւրիւն քաղաքի վերապրող հայերը հաստատուեցան Հալէպի Համիտիէ շրջանի տախտակաշէն հիւղաւանի մը մէջ, որ կոչուեցաւ Կիւրիւնցիներու գէմբ: Եօթանասունական թուականներուն էր, առաւօտ մը, երբ դպրոց հասայ, իմացայ որ գէմբի տուներէն մէկը անուշադրութեան մը պատճառով կրակ առած է: Կրակը վերածուած էր հրդեհի եւ լափած էր գրեթէ ամբողջ գէմբին տուները: Հարկ էր հասնիլ օգնութեան: Կազմեցինք յանձնախումբ մը եւ շաբաթ մը ամբողջ ամէնօրեայ մեր այցելութեան առարկան դարձուցինք գէմբի բնակիչները, որոնք մեծամասնութեամբ դարձած էին տնանկ եւ նստած իրենց այրած գոյքերուն վրայ շփոթ վիճակի մէջ: Մեծ ջանքով կրցանք հասցնել իրենց անհրաժեշտ պիտոյք եւ կարելի չափով ապահովել նիւթական օգնութիւն: Հաւանաբար այս աղէտը պատճառ դարձաւ որ վերջ գտնէ բնակութիւնը այս գէմբին մԷջ:

Վերապրողներէն ոմանք հաստատուեցան Զէյթուն Խանի մէջ, որ կ’իյնայ Նոր Գիւղ շրջանի, անցեալի Նոր Գիւղի Կիլիկեան վարժարանին դիմաց: Օսմանեան իշխանութեան շրջանին, Զէյթուն Խանը եղած է փաշայի մը բնակարանը, որ երկու յարկէ բաղկացած պալատանման շէնք մըն էր, կառուցուած բլուրի մը ստորոտը: Վարկած կայ որ պալատը ատենին շրջապատուած է ձիթապտուղի (զէյթուն) ծառերով, այդ պատճառով կոչուած է Զէյթուն Խան: Այլ վարկածի մը հիման վրայ այնտեղ բնակած են զէյթունցիներ եւ այդ պատճառով վայրը կոչուած է Զէյթուն Խան: Բայց Զէյթուն Խանի մէջ բնակած են աւելի խարբերդցիներ քան զէյթունցիներ: Հետագային երբ օսմանցիները հեռացած են սուրիական հողերէն, պալատին շրջակայքը հայ ընտանիքներ պատած են հողաշէն տուներ եւ այնտեղ բնակութիւն հաստատած:

Նախնական ուսումս ստացած եմ Նոր Գիւղի Կիլիկեան վարժարանին մէջ: Ունէի դասընկերուհիներ, որոնք կը բնակէին Զէյթուն Խանի պալատին մէջ: Յաճախ կ’այցելէի դասընկերուհիներուս: Ընկերուհիներով միասին, պալատին սրահին ճակատի ներքին աստիճաններէն կը բարձրանայինք բլուրին գագաթը, ուր կը կազմակերպէինք մեր մանկական հաւաքական խաղերը: Զէյթուն Խանը ունէր երեք դռներ: Արտաքին փոքր դռնէն դարձեալ կարելի էր բարձրանալ բլուրին գագաթը: Հայկական տօնական օրերուն՝ Բարեկենդանին, Համբարձումին քաղաքին բոլոր կողմերէն հայ ընտանիքներ, երիտասարդներ եւ երիտասարդուհիներ կը հաւաքուէին այս բլուրին վրայ եւ կը կազմակերպէին հայկական հաւաքական խաղեր, երգեր, պարեր, ըստ մեր աւանդական սովորութիւններուն: Ընդհանրապէս տղաներ եւ աղջիկներ իրարու հետ կը ծանօթանային խաղի ընթացքին, կը պատահէին սիրահարութիւններ, երիտասարդներ տեղւոյն վրայ կ’որոշէին իրենց ապագայ թեկնածուն եւ այս բոլորը որպէս շարունակութիւն Արեւմտահայաստանի մէջ կազմակերպուած հայկական խաղերուն, վառ պահելով մեր ազգային աւանդութիւնները:


Viewing all articles
Browse latest Browse all 8334

Trending Articles