ՊԷՅՐՈՒԹ.- Լիբանանի մէջ, անցեալ շաբաթավերջին կարելի եղաւ կազմել նոր կառավարութիւն մը` օժանդակութեամբ երկրին իշխանութեան պետերուն եւ լիբանանեան քաղաքական ուժերուն:
Վարչապետ Սաատ Հարիրիի կազմած կառավարութեան մաս կը կազմեն երկու հայորդիներ՝ Աւետիս Կիտանեան (զբօսաշրջութեան նախարար) եւ Ժան Օղասապեան (կիներու հարցերու պետական նախարար):
Հ.Յ.Դաշնակցութեան անդամ՝ Աւետիս Կիտանեան ծնած է Նոյեմբեր 21, 1966-ին: Ան երկրորդական ուսումը ստացած է Հայ կաթողիկէ Մեսրոպեան բարձրագոյն վարժարանին մէջ, ապա աւարտած է Լիբանանեան համալսարանի բնագիտութեան բաժանմունքը:
Ստանձնած է կուսակցական զանազան պաշտօններ: Ընտրուած է Հ.Յ.Դ. Զաւարեան Ուսանողական Միութեան վարչութեան ատենապետ եւ 1992-էն սկսեալ տարբեր ժամանակաշրջաններու ստանձնած է Հ.Յ.Դ. Ընտրական կեդրոնական մեքենայի պատասխանատուութիւնը: Եղած է Հ.Յ.Դ.-ի ներկայացուցիչը Լիբանանեան կուսակցութիւններու համախմբումին մէջ, ինչպէս նաեւ Հ.Յ.Դ.-ն ներկայացուցած է զանազան համագումարներու եւ երկու անգամ Ղազախստանի ու Քամպոտիոյ մէջ մասնակցած Ասիոյ քաղաքական կուսակցութիւններու միջազգային համագումարին: Առաջին անգամ Հ.Յ.Դ. Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի անդամ ընտրուած է 1998-ին: 2001-2005 վարած է Հ.Յ.Դ. Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի գործավարի պաշտօնը: 2009 թուականէն սկսեալ «Վանայ ձայն»-ի տնօրէն է: 2015-ին ընտրուած է Հ.Յ.Դ. Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի փոխներկայացուցիչ: Ամուսնացած է եւ ունի երկու զաւակ:
Աւետիս Կիտանեան լիբանանեան տարբեր լրատուամիջոցներուն հետ ունեցաւ շարք մը հարցազրոյցներ, որոնց ընթացքին շեշտեց, որ աշխատանքային առումով ինք կը գործէ «Ժողովուրդին հետ, ժողովուրդին համար» կարգախօսով: Ան դիտել տուաւ, որ իրեն համար զբօսաշրջութեան նախարարութիւնը մարտահրաւէր մըն է` աւելցնելով, որ ինք ունի աշխատանքային ծրագիր մը` գրաւելու համար օտար եւ յատկապէս Ծոցի երկիրներու զբօսաշրջիկներուն ուշադրութիւնը: Կիտանեան յոյս յայտնեց, որ նորակազմ կառավարութիւնը ըլլայ բարի նախաձեռնութիւն մը, ինչպէս նաեւ սկզբնաքայլ մը` թեթեւցնելու համար երկրին եւ քաղաքացիներուն ուսերը ծանրացնող բեռը:
«Եթէ մենք չկրցանք քաղաքացիներուն դիմագրաւած հիմնական հարցերուն լուծումներ գտնել, ապա երկրին իշխանութեան մեր մասնակցութիւնը անարժէք դուրս կու գայ: Լիբանանահայութեան համեստ դասակարգին զաւակներէն եմ եւ կը յուսամ, որ կառավարութեան մէջ իբրեւ ՀՅԴ-ի ներկայացուցիչ իմ անձիս վստահուած պարտականութիւնն ու պատասխանատուութիւնը լաւագոյնս արդարացնեմ», շեշտեց ան: