Quantcast
Channel: Hairenik Weekly Newspaper
Viewing all articles
Browse latest Browse all 8334

ԺԻՐԱՅՐ ՅՈՎՍԷՓԵԱՆԻՆ ՀՐԱԺԵՇՏ

$
0
0

jirayr

Յ. Պալեան  

Դեկտեմբեր 6, 2016

Քուինզ, Նիւ Եորք

Երեքշաբթի երեկոյ, երբ արդէն չորեքշաբթին սկսած էր Փարիզ, հեռաձայնեցին Նիւ Եորք, գուժելու համար Ժիրայր Յովսէփեանի (մեր բոլորին սիրելի Ժիրոյի) մահը:

Բժշկապետ Ժերար Յովսէփեան իր մօտիկներուն համար միշտ մնաց պարզ եւ սիրելի Ժիրօ: Ազնիւ հայ մը եւ ազնիւ ընկեր մը: Ազնուականի խառնուածք մը: Ազնուական՝ ոչ բառին դասակարգային իմաստով, այլ՝ հոգեկան:

Լուռ յանձնառութեամբ հայ մըն էր Ժիրայր Յովսէփեան, հաւատարիմ իր ընտանեկան դաստիարակութեան, ուր կար ազգային խորքով աւանդութիւն: Այդպէս էր իր հայրը, Հալէպի հայ ճեմարանի խնամակալ, ազգային իրաւունքներու եւ կալուածներու աւանդապահ Սեդրակ Յովսէփեան: Հին օրերու Հալէպի հայութեան զարգացման եւ ամրացման աւագներէն: Ժիրոն այդ մթնոլորտին մէջ ծնած եւ հասակ առած էր, այդ ազդեցութիւնը միշտ պահած էր, որ զինք տեւաբար կը մղէր սիրելու եւ ծառայելու:

1956-ի պատերազմին պատճառով երբ կը հրկիզուէր եւ կը փակուէր Հալէպի ֆրանսական լիսէն, ուր աւարտական դասարանի աշակերտ էինք, Ժիրոն կը փոխադրուէր Պէյրութ, իր ուսումը շարունակելու, ուր մաս կազմեց Զաւարեան ուսանողական միութեան: Ուսումը ստացաւ Լիբանանի բժշկական համալսարանին մէջ, ապա՝ Փարիզ:

Հոգեբոյժ Ժիրայր Յովսէփեան ծանօթ էր Ֆրանսայի մասնագիտական շրջանակներուն մէջ: Լռակեաց մը: Չէր խօսեր իր ասպարէզին եւ յաջողութեան մասին, քիչեր միայն գիտէին որ պատասխանատու պաշտօններ ունէր Ֆրանսայի առողջապահական պետական կառոյցներուն մէջ: Յաճախ զեկուցումներ կարդացած էր համալսարանականներու առջեւ: Օրինակ, մասնակցած է հոգեբուժական-հոգեվերլուծական հաւաքական աշխատանքներու, «հոգեկան խոց»ի մասին, traumatisme psychique, որ լոյս տեսած է հոգեվերլուծական մասնագիտական հրատարակութեան մը մէջ: Մասնագիտական դասախօսութիւններ կարդացած է Ֆրանսա եւ Զուիցերիա:

Ֆրանսայի Հայ Բժիշկներու Միութիւնը, իր կարգին, զինք հրաւիրած էր խօսելու խիստ հետաքրքրական նիւթի մը մասին, Interdits et tabous alimentaires, որուն հայերէն տարբերակը լոյս տեսաւ գրական հանդէս «Բագին»ի մէջ:

Ժիրայր Յովսէփեան, ընդառաջելով Լիբանանի Ազգային Առաջնորդարանի կոչին, հայկական դպրոցներու սաներուն կրթաթոշակ յատկացուց, առանց ակնկալելու որ իր անունը յիշուի մամուլի էջերուն մէջ: Ինչպէս շատերու համար, եկեղեցին իրեն համար ազգային պատկանելիութիւն էր: Ան նաեւ կարգ մը հայերէն գիրքերու մեկենասութիւնը ըրաւ, միշտ ինքնիրեն հաւատարիմ՝ անաղմուկ առաքինութեամբ: Իրեն համար օգտակար եւ դրական աշխատանքն էր կարեւոր:

Մեր յաճախակի հանդիպումներու ընթացքին խորապէս կը մտահոգուէր համայնքի, եկեղեցիի, ընդհանրապէս հայութեան եւ Հայաստանի հարցերով: Գիտէր զօրավիգ կանգնիլ ընդհանրապէս անարդարուածին եւ հայ կեանքի մէջ անարդարուածին:

Իր կեանքի ընկերուհին, Կրասիան, միշտ բաժնեկից եղած է Ժիրոյի սէրերուն: Երկուքն ալ անխարդախ սիրոյ եւ բարեկամութեան տիպար եղան:

Ժիրայր Յովսէփեանի անհետացումը, ոչ միայն ընտանիքի անդամներու հոգիները, այլ նաեւ զինք ճանչցողներու, բարեկամներու, ընկերներու հոգիները կը խոցէ:

Ֆրանսացի իմաստասէր Օկիւսթ Քոնթ կ’ըսէր, որ անմահութիւնը այն տեւող յիշատակն է, որ կը մնայ ապրողներու հոգիներուն մէջ, ընտանիքի, նաեւ ընկերներու, Ֆրանսա եւ այլուր: Եւ այդ յիշատակը վառ պիտի մնայ բոլոր անոնց հոգիներուն մէջ, որոնք զինք ճանչցան եւ վայելեցին իր անսակարկ բարեկամութիւնը:

Հակառակ իր ասպարէզին մէջ ունեցած յաջողութեան, չտարուեցաւ սնափառութիւններով, մնաց առաքինի մարդ մը, որ հայութեան սէրը ժառանգած եւ վառ պահած էր: Կեանքի իմաստութիւն կտակելով կը բաժնուի մեզմէ:

Հոս տեղին է կրկնել գրաբար խօսքը. «Յիշատակն արդարոց օրհնեալ եղիցի»:

Այս խօսքերը՝ ընկերոջ մը, եւ կը հաւատամ, զինք ճանչցողներու, սրտի տուրքն են Ժիրոյի յիշատակին:

 

 


Viewing all articles
Browse latest Browse all 8334

Trending Articles