Quantcast
Channel: Hairenik Weekly Newspaper
Viewing all articles
Browse latest Browse all 8334

ԿԵԴՐՈՆԱԿԱՆՑԻՆ ՀԱԶԱՐ ՈՒ ՄԷԿ ԳԻՇԵՐՆԵՐՈՒ ՀԵՐՈՍ

$
0
0

 

balian2

Մակար, ի Պերիտոն, Միւռօնօրհնէքէն տասը օր առաջ

Արմենակ շրջաբերական-նամակ գրած է, օգտուելով համացանցի հրաշքէն, ղրկած է ասդին անդին, բոլոր անոնց որոնք իրեն պէս յառաջդիմած են, եւ արդիականութեան բարիքներէն կ’օգտուին:
Ինչ որ ստացայ յօդուած էր: Ես ինծի իրաւունք տուի զայն նոյնութեամբ յղել կարգ մը թերթերու, որպէսզի անոնց համակարգիչ չունեցող ընթերցողներն ալ իմանան Արմենակի սրտի ցաւը:
Արմենակ կը գրէ.
«Միշտ կարելի է բացատրել, եւ հասկնալ, հայերէնը աղճատող օտարաբանութիւնները, հայերէնի նմանող բառերով օտար լեզու խօսողները փորձել արդարացնել: Ռուսերէն՝ Հայաստանի մէջ, նաեւ հոն՝ որ կը կոչուէր ներքին սփիւռք: Երեւոյթը եթէ շեշտուած էր խորհրդային շրջանին, գոյութիւն ունեցած է նախապէս: Թրքերէնի ազդեցութիւնը նոյնպէս, օսմանեան տիրակալութեան օրերուն Արեւմտահայաստանի մէջ, կայսրութեան հայերուն պարագային, նաեւ զանազան դրացնութիւններու հետեւանքով՝ արեւելահաստանի մէջ:
«Հիմա՝ անգլերէն, արաբերէն, ֆրանսերէն, սպաներէն: Հեռու չէ չինարէնի օրը:
«Ճիգ եղած է հայերէնը պաշտպանելու օտարաբանութիւններու ջարդին դէմ: Միշտ եղած են կորիզներ, որոնք ուզած են հայերէնը զերծ պահել բացասական ազդեցութիւններէ. դպրոց, մամուլ, գրող, եկեղեցի եւ եկեղեցական: Այսօր աղճատման խուժանային յարձակումը իսկական գրոհ է՝ հոն ուր հայ կայ: Մեր տարտղնումին, եւ համաշխարհային ազգ ( ՜ ՜ ՜ ) դառնալու որպէս հետեւանք, աղճատումները կը բազմապատկուին, քանի որ համայնքները կը կազմուին տարբեր հորիզոններէ եկած եւ զիրար խաչաձեւողներով, օտարաբանութիւնները կ’ըլլան խայտաբղէտ:
«Լեզուական խառնիճաղանճ:
«Արմենակի խօսք: Որոշած էի այս հարցերուն մասին չխօսիլ, քանի որ լսող չկար: Այսօր հեռաձայնեցի հայկական խիստ կարեւոր տեղ մը, ուր, կ’ենթադրեմ, ընկալուչը վերցնող հայ աղջիկը, կամ տիկինը, տարրական հայերէն պէտք է իմանար, առանց լեզուաբան կամ լեզուագէտ ըլլալու: Ըսի, որ այսինչ պաշտօնական անձին հետ կ’ուզէի խօսիլ, կանացի ձայն մը ըսաւ. Ո՞վ է հետս… Ի հարկէ ես այդ տիկինին կամ օրիորդին հետ չէի: Ինչպէս ըլլայի… հեռուէ հեռու: Ֆրանսացին կ’ըսէ ubiquitռ, Գուիտոն Լուսինեանի բառարանը կը թարգմանէ՝ ամենուրեքութիւն:
«Կցկտուր արաբերէնս օգնեց: Խորհեցայ, որ եթէ Ֆրանսա, Միացեալ Նահանգներ կամ Արժանթին ծնած անձ մը լսէր ըսուածը, պիտի ըսէր.
«- Տիկին (կամ օրիորդ), ես մարգարէ չեմ, ինչպէ՞ս կ’ուզէք որ գիտնամ թէ՞ ով է ձեզի հետ: Կամ, ձեզի հետ ըլլայի, քաղաքավարութեամբ անունս ըսած կ’ըլլայի:
«Ժամ մը ետք հեռաձայնեցի ուրիշի մը, որ այս պարագային հայերէն գիտէր, բայց ան ալ կրկնեց.
«- Ո՞վ է հետս…
«Այս երկրին մէջ հեռաձայնել կը նշանակէ հետը ըլլալ: Այս հրաշքը Ֆրանսա, Ամերիկա, Արժանթին, Հայաստան, Ռուսիա, Ամերիկա, Անգլիա, չեն հասկնար: Շատեր թերեւս պիտի փափաքէին տիկինին կամ օրորդին քով ըլլալ, հետը…
«Համբերութիւնը չչարաշահելու համար գաղտնիքը ըսեմ. Օրիորդը, կամ տիկինը, արաբերէն խօսած էր հայերէն բառերով. Արաբերէն կ’ըսեն մին մաի…
«Այս ջարդուած հայերէնը հայոց խիստ կարեւոր հաստատութեան մը հիւրընկալ հայուհիին կչկչանքն էր…»
«Շահմուրատեան եթէ ողջ ըլլար, փլած տուներու եւ քանդուած գերաններու Անտունին կ’երգէր: Չհարցնէք, թէ ո՞վ էր Շահմուրատեան եւ ի՞նչ բան է այդ Անտունին…, պիտի խորհին որ տեղ մը վարչական կամ հոգաբարձու է… կամ ուրիշ նոյնքան կարեւոր բան:
«Հետը ըլլալու համար ընկալուչը բանի չի ծառայեր… Ափսո՜ս…»

 

The post ԿԵԴՐՈՆԱԿԱՆՑԻՆ ՀԱԶԱՐ ՈՒ ՄԷԿ ԳԻՇԵՐՆԵՐՈՒ ՀԵՐՈՍ appeared first on Hairenik Weekly Newspaper.


Viewing all articles
Browse latest Browse all 8334

Trending Articles