Հ.Յ.Դ. Մամլոյ դիւանը կը հաղորդէ, թէ Յունիս 8-9, 2015-ին Երեւանի մէջ տեղի պիտի ունենայ Ընկերվար միջազգայնականի Անկախ Պերութիւններու Հասարակապետութեան, Կովկասի եւ Սեւ ծովու յանձնախումբի ժողովը, որուն ընթացքին պիտի քննարկուին շարք մը խնդիրներ, ներառեալ` շրջանին մէջ ժողովրդավարութեան ամրապնդման եւ տագնապներու լուծման հարցերը:
Հ.Յ.Դաշնակցութեան կողմէ հիւրընկալուող յանձնախումբի ժողովին պիտի մասնակցին շրջանի ընկերվարական եւ ընկերվար-ժողովրդավարական կուսակցութիւններու ներկայացուցիչներ Ռուսիայէն, Ուքրանիայէն, Վրաստանէն, Ազրպէյճանէն, Ղազախստանէն, Պիելոռուսիայէն, Մոլտովայէն, Հունգարիայէն եւ Խըրխըզիստանէն:
Օրակարգ`
1) Շրջանի երկիրներէն հակիրճ զեկուցումներ.
2) Շրջանի տագնապներու խաղաղ լուծման ուղղութեամբ աշխատանք.
3) Շրջանին մէջ ժողովրդավարութեան եւ ժողովրդավարական կառոյցներու զարգացման ապահովում եւ ամրապնդում.
4) Ա.Պ.Հ.-ի, Կովկասի եւ Սեւ ծովու երկիրներուն մէջ ընկերվար-ժողովրդավարական առաջնահերթութիւններ:
Յանձնախումբի համանախագահներն են Հ.Յ.Դ. Բիւրոյի քաղաքական ներկայացուցիչ Արմէն Ռուստամեան եւ Հունգարիայէն Ալեքսանտրա Տոպոլիին:
Ժողովի աշխատանքներուն աւարտէն ետք, Յունիս 9-ին, «Էրեբունի» պիզնըս կեդրոնին մէջ տեղի պիտի ունենայ մամլոյ ասուլիս` ներկայացնելու համար յանձնախումբի ժողովի եզրակացութիւնները:
The post Երեւանի Մէջ .- Ընկերվար Միջազգայնականի Շրջանային Յանձնախումբի Ժողով appeared first on Hairenik Weekly Newspaper.