ՀԱՅՐԵՆԻՔ
Խմբագրական
Յունիս 8, 2015
Կիրակի, Յունիս 7-ին, «Հիւանդ Մարդը» Թուրքիան չէր, այլ նախագահ Ռեճէպ Թայիպ Էրտողանը:
Այսպէս, հակառակ ամիսներէ ի վեր կատարուած աշխատանքներուն եւ պատրաստութիւններուն, Էրտողանի երազները չիրականացան եւ համեմատաբար աւելի արդար եւ բարգաւաճ ընտրութիւններու արդիւնք…անոր ղեկավարած «Արդարութիւն եւ Բարգաւաճում» կուսակցութիւնը (AKP) չկրցաւ առիւծի բաժինը խլել:
Հոս յաւելեալ պարզաբանելու համար, առիւծի բաժնին հասնելու բանալիներէն մէկը, մրցակից կարգ մը կուսակցութիւններու ( Հանրապետական Ժողովուրդի կուսակցութիւն – CHP եւ Ազգայնական Շարժում կուսակցութիւն – MHP) դէմ պայքարելու կողքին, քիւրտ Սալահետին Տեմիրթաշի ղեկավարած Ժողովուրդներու Ժողովրդավարական Կուսակցութեան (HDP), քուէներու նուազագոյնը տաս առ հարիւր համեմատութիւնը չհաւաքելն էր, որպէսզի այս վերջինը չկարողանայ աթոռի տիրանալ յառաջիկայ խորհրդարանէն ներս:
Սակայն, Կիրակի, Յունիս 7-ի երեկոյեան իսկ, նախնական արդիւնքները ցոյց տուին թէ Տեմիրթաշի կուսակցութիւնը գերազանցած էր տաս առ հարիւրը, Էրտողանի ծաւալողապաշտ երազներուն վերջ տալով:
Էրտողանի մարտահրաւէրը վարչապետի պաշտօնէն Oգոստոս 2014-էն սկսեալ նախագահի պաշտօն ստանձնել չէր միայն, այլ անոր միտքը տարբեր էր, եւ խորհրդարանական ժողովրդավարական դրութենէն դուրս գալով, կ՛ուզէր գործող կառոյցը՝ վարչամեքենան նախագահական պալատ փոխադրել: Պալատ մը, որուն հազար ու մէկ սենեակներուն եւ մսխուած ծախսերուն մասին ցայսօր մելան կը հոսի:
Ահաւասիկ բռնապետական ծրագիր մը, որ ձախողեցաւ շնորհիւ ժողովուրդին եւ ժողովրդավարութեան՝ Ժողովուրդներու Ժողովրդավարական կուսակցութեան հաւաքած շօշափելի քուէներու համեմատութեան, ուր նաեւ կրցան յաղթական դուրս գալ ծագումով հայորդիներ: Անշուշտ, միւս կուսակցութիւններն ալ քուէներ որսալով, կրցան սանձել Էրտողանի յառաջխաղացքը:
Հետաքրքրական եւ անկիւնադարձային էջ մը բացուեցաւ Թուրքիոյ քաղաքական բեմէն ներս, ուր գրեթէ քուէներուն 13 առ հարիւրը հաւաքած յառաջդիմական ուժ մը ինքզինք պարտադրած է ապաւինելով հասարակաց արժէքներու եւ մօտեցումներու փոխըմբռնման վրայ եւ կը պայքարի յաչս ժողովուրդներու լեզուական, մշակութային եւ դաւանական իրաւունքներուն:
Արդ, Թուրքիոյ խորհրդարանէն ներս Ժողովուրդներու Ժողովրդավարական կուսակցութեան ներկայութիւնը, յստակօրէն պիտի արտացոլացնէ ազատութեան, հաւասարութեան եւ արդարութեան ալիք մը, որուն կարիքն ունէր ո՛չ թէ միայն փոքրամասնութիւններու խմբաւորում մը, այլ ընդհանրապէս մեծամասնութիւն մը, որ գրեթէ 13 տարիէ ի վեր կը մնար Էրտողանի եւ իր գործակիցներու լուծին տակ:
Մինչ այդ տեղին է հարցադրել թէ, այս արդիւնքին լոյսի տակ ի՞նչ պիտի ըլլայ Էրտողանի եւ իր գործընկերներուն ընթացքը, յանձին վարչապետ եւ նախկին Արտաքին Գործոց նախարար Տաւութողլուի, որ կը նկատուի փորձառու եւ «քարէն ջուր քամող» ճարպիկ քաղաքագէտ մը:
…Կիրակի, Յունիս 7-ին, մտահոգ եւ այլանդակ նայուածք մը ունէր «Հիւանդ Մարդը»` Ռեճէպ Թայիպ Էրտողանը:
The post ԱՐԴԱՐ ԵՒ ԲԱՐԳԱՒԱՃ ԸՆՏՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐ…ԷՐՏՈՂԱՆ ՉԿՐՑԱՒ ՄԵԾԱՄԱՍՆՈՒԹԻՒՆ ԿԱԶՄԵԼ appeared first on Hairenik Weekly Newspaper.