Quantcast
Channel: Hairenik Weekly Newspaper
Viewing all articles
Browse latest Browse all 8334

ՀԱՅԱՍՏԱՆԸ ԶՈՒԻՑԵՐԻԱ ՉԷ, ՀԱՅՐԵՆԻՔ Է

$
0
0

magar

 Մակար, ի Գաղիա

Ֆէթիշ թուականէն ութը օր առաջ

Եթէ հայկական սփիւռքը պետութեան պէս բան մը ըլլար եւ ստեղծած իր գաղտնի սպասարկութիւնը, Կեդրոնականցի Արմենակ կրնար անոր ընդհանուր տնօրէնը ըլլալ: Ինչ որ լրատուամիջոցները չեն գիտեր, եթէ գիտնան անգամ չեն ըսեր, Արմենակ կ’իմանայ:

Այն օրէն, որ արժանաւոր եկեղեցական մը իր պաշտօնէն հեռացուեցաւ, անպաշտպան մնալով, Արմենակ այդ եկեղեցին չ’երթար: Նուազ կը հանդիպինք: Ժամադրուեցանք եկեղեցիի հանդիպակաց սրճարանը: Էլպիս եւ Մակարուհի գլխաշորով եկեղեցի գացին, մենք մնացինք սրճարանը:

Արմենակ տխուր էր: Սպասեցի:

– Այցելութեան գացեր էինք մեզի պէս թոշակառու բարեկամներու: Աշխատած են եւ կը վայելեն իրենց յառաջացեալ տարիքի ապահովութիւնը: Այր եւ կին մեր ներկայութեան վէճ ունեցան: Հասկցանք, որ այդ վէճը աճած էր վերջին տարիներուն, այլապէս ուրիշի առջեւ չէին շարունակեր:

– Զարմանալի չէ: Տարիքի հարց է, մարդիկ անհանդուրժող եւ շատախօս կը դառնան,- ուզեցի բացատրել:

– Ոչ, սիրելիս, այդպէս չէ: Ամուսինը համեստ հայ մըն է, հայրենիքի կարօտով ապրած, իր քաղաքացիութիւնը չէ շփոթած ազգի հետ, ինքզինք միշտ գաղթական համարած է: Կ’ուզէ Հայաստան հաստատուիլ, թէեւ կ’ըսէ, թէ ուշ է: Իսկ իր կինը, անցեալին հայրենասիրութիւն ցուցադրած է, սովետական Հայաստան երգած, հրաւիրուած: Հիմա կ’ըսէ, թէ Հայաստան ապահով վայր մը չէ:

Ըսի.

– Ճիշդ է, Հայաստանը հանգստեան տուն չէ,  չըսելու համար ծերանոց:

Արմենակ, քիչ մը թթուած, շարունակեց.

– Մեր ներկայութեան վէճը թափ առաւ, կարծէք մեզ դատաւոր կարգած էին: Ամուսինը կ’ըսէր, թէ կ’ուզէր բաժնել իր ժողովուրդի առօրեան, կ’ըսէր, թէ ինչ կար հոս որ հոն չկար, երազած էր ազատութիւն, անկախութիւն, հիմա ինչպէս կրնար արդարանալ ինք իր աչքին գաղթականութիւնը յաւերժացնելով: Իսկ կինը այդ բոլորը չէր լսեր, կը խօսէր «մաֆիա»յի մասին, կարծես միլեառատէր ըլլար, կը խօսէր բժշկական խնամքի մասին, պատերազմի վտանգի մասին, եւայլն, եւայլն: Չեմ գիտեր որքան տեւեց այս թատրոնը, բայց ճարահատ ամուսինը ըսաւ. «Ոչ ոք ըսաւ, որ Հայաստանի Զուիցերիա է, բայց Հայաստանը հայրենիք է: Մեղք մեզի, որ Հայաստան կ’ըսենք, Զուիցերիա կամ Պէվըրլի Հիլզ կ’երեւակայենք: Հայաստանը պարախումբ եւ շաբաթավերջի կերուխում չէ: Հայրենիք է»: Կինը, զայրացած, առանց նկատի առնելու մեր ներկայութիւնը, ըսաւ. «Շատ կը սիրես, գնա՛: Ես չեմ գար: Պտոյտի կ’երթամ, բայց հոն չեմ մնար»:

– Արմենակ, չըսի՞ն, որ համաշխարհային ազգ ենք, արտագաղթը հայրենադարձութեան դէմ թոյն եղաւ, ինչո՞ւ կը զարմանաս, որ այդ կինը չուզէ իր գաղթական ըլլալը մոռնայ եւ գոհ ապրի մանր քաղքենիի ապահովութեամբ: Դեռ լաւ է, որ չէ ըսած, որ նախ ազգին մեծերը, ճառ խօսողները թող երթան, յետոյ մենք կ’երթանք:

– Սիրելի Մակա՛ր, ազգ եւ հայրենասիրութիւն կապկում չեն, անկեղծ զգացումներու վրայ հիմնուած անհատական ապրում են: Այդպիսիները ոչ ոք կրնայ համոզել: Անոնց համար իտէալը պարզ է. ծովափ արձակուրդի երթալ, նաւապտոյտի երթալ, ամէն օր դրամատունէն եկած թուղթերուն նայիլ, հասկնալու համար, թէ խնայողութիւնները որքան աւելցած են:

– Արմենակ, կրնա՞ս բաց նամակ մը գրել ազգի իմաստուններուն, առաջարկելով, որ հասարակ յայտարար մը գտնեն դրամատան խնայողութեան, ապահովութեան եւ հայրենադարձութեան համար: Այս ալ տեսակ մը ուսողութեան մէջ ծանօթ ցարդ անլուծելի quadrature du cercle-ին պէս է: Մինչ այդ բարդկամիդ ըսէ, որ հետեւի կնոջ (չ)իմաստութեան, կամ՝ ապահարզան ընէ…

 

 

The post ՀԱՅԱՍՏԱՆԸ ԶՈՒԻՑԵՐԻԱ ՉԷ, ՀԱՅՐԵՆԻՔ Է appeared first on Hairenik Weekly Newspaper.


Viewing all articles
Browse latest Browse all 8334

Trending Articles