Quantcast
Channel: Hairenik Weekly Newspaper
Viewing all 8334 articles
Browse latest View live

ՆՈՐ ՀՐԱՏԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆ ՄԸ՝ «ԻՏԱԼԻՈՅ ՀԱՅ ԻՐԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆԸ» (1915-2000)

$
0
0

image001 (1)Մինաս Լուռեան
Վենետիկի Հայ Մշակոյթի Ուսումնասիրութեան եւ Վաւերագրումի Կեդրոնի գործադիր տնօրէն, Իտալիոյ Հայոց Միութեան վարչական խորհուրդի անդամ

 

Մի քանի օր է, Իտալիոյ գրախանութներուն մէջ սկսած է շրջիլ Իտալիոյ հայ համայնքի 20րդ դարու պատմութեան յատկացուած շահեկան եւ փաստագրական ճոխ նիւթ պարունակող հատոր մը, Յակոբիկ Մանուկեանի(*) հեղինակութեամբ: Գիրքի հրատարակիչն է Իտալիոյ հանրածանօթ եւ վերջին 10-15 տարիներու ընթացքին, Հայկական հարցին ու ժամանակակից պատմութեան յատկացուած տասնեակ հատորներ հրապարակած՝ Guerini e Associati հաստատութիւնը:Ստորեւ թարգմանաբար կու տանք խմբագրութեան՝ գիրքի նկարագրական համառօտագրութիւնը.-Սոյն հրատարակութիւնը Իտալիոյ Հայոց Միութեան վարչութեան փափաքով է որ լոյս կը տեսնէ, իր իսկ ծնունդի՝ 1915ի Եղեռնին զուգադիպող խորհրդանշական տարուան ու կազմաւորումի պարագաներուն քննական պատում մը կատարելու:

Աշխատասիրութիւնը՝ իր ընտրած փաստագրական ոճի ուղեգիծով, ինչպէս նաեւ հեղինակի ընկերաբան ըլլալու հանգամանքին բերումով, կը խուսափի որեւէ սրբախօսական շեշտէ եւ չի ծածկեր պատմական բարդ ժամանակամիջոցներուն, գաղութի պատասխանատու անձնաւորութեանց կիրարկած՝ փոխզիջումնային, երբեմնի հակասական կամ երկսայրի «քաղաքականութիւնը»: Նախնական գաղութային փոքր կորիզի աստիճանական կազմաւորումը՝ այլազան նախաձեռնութիւններու եւ ընկերակցութիւններու բազմատարր յօդաւորումը, սոյն աշխատանքի հորիզոնները ընդլայնեցին վերածելով զայն ընդարձակ որմնանկարի մը որ երկու ուղղութեամբ կը զարգանայ: Առաջինը կ՚ուսումնասիրէ թէ ի՞նչպէս գաղթական Հայերը սկսան հետզհետէ համարկուիլ տեղացի բնակչութեան. համապատասխան ինչպիսի՛ ռազմավարութիւններ մշակեցին երկրի քաղաքական տարբեր իրավիճակներուն նկատմամբ. ի՞նչ ձեւ կամ միջոց կիրարկելով իրենք զիրենք դրսեւորեցին իրենց ինքնութիւնը փաստելու, ճանչցուելու եւ ընդունուելու համար. ինչպէ՞ս յաջողեցան կապը չխզել անցեալի արմատներուն հետ, ստեղծելով հանդերձ ինքնուրոյն կազմակերպչական եւ խորհրդանշական հողային նոր միջավայր:
Զուգահեռաբար եւ գրեթէ հայելական երկրորդ զարգացումի քննարկումը՝ թէ ինչպէ՞ս իտալացի միջավայրը եւ յատկապէս՝ ընկերային, քաղաքական եւ մշակոյթի որոշ ընտրանի խաւեր, փոխազդեցութեան գործօն կապեր հաստատեցին նորակազմ այս «օտար» տարրին հետ, փորձելով հետախուզել, յայտնաբերել, ճանչնալ եւ արժեւորել այս վերջինի կրած կամ ժառանգած մշակոյթը:
Իտալիա քիչ թէ շատ երկար ժամանակ է կայք հաստատած Հայերուն, ինչպէս նաեւ միայն հայ անուն կրողներուն կամ իրենց արմատները հինէն կորսնցուցած ծագումով Հայերուն, այս պատումը թոյլ կու տայ վերակերտել յիշողութիւն մը, վերակազմել դէպքերու շարք մը, որոնք կ՚իմաստաւորեն գաղութապատկան վայրերու, հաստատութիւններու կամ մշակութային ու ընկերային ճանաչումի իրականութիւնը:
Իսկ օտար ընթերցողներուն այս գիրքը որոշ խորհրդածութիւններու առիթ կ՚ընծայէ. թէ ի՞նչպէս օրինակ գաղթականներու եւ ապա՝ ներգաղթի համայնք մը կրցած է ինքզինք կազմակերպելով իր իսկ անդամներուն վրայ ընկերային վերահսկումի աշխատանք վարել. եւ ի՞նչպէս օրինակ Իտալիոյ ընկերային միջավայրի ներկայացուցիչներ կրցած են իրենց կարգին տեղ բանալ ու տրամադրել մշակութային այլ իրականութեան մը, արժէքներու փոխանակութիւն կիրարկել մինչ այդ անծանօթ պատմութեան, լեզուի եւ աւանդութեան տէր ինքնութեան մը հետ:
Տրուած ըլլալով որ Իտալիայէն դուրս ապրող համայն հայութեան ջախջախիչ մեծամասնութիւնը ընդհանրապէս Իտալիոյ 20րդ դարու հայ փոքրաթիւ եւ սակայն մշակոյթի, արուեստի ու հրատարակչական արտադրութեան, կրթական, հայագիտական ու մասնագիտական ասպարէզի եզակի կենսունակութիւն դրսեւորող համայնքի իրականութեան անհաղորդ եղած է, եւ կը շարունակէ ըլլալ, պարզապէս լեզուի անմատչելիութեան պատճառաւ, առաւել եւս նկատի առնելով հեղինակի մասնագիտութիւնն ու լուսամիտ մտաւորականի ղեկավար տարր հանդիսացած ըլլալու հանգամանքը, մեզ կը քաջալերէ պարբերաբար եւ թարգմանաբար հայալեզու ընթերցող հանրութեան ներկայացնել գիրքի ամբողջական բովանդակութիւնը, անշուշտ եթէ մեր ժամանակը ներէ, Եւրոպայի միակ հայատառ արեւմտահայ միտքի բեմ հանդիսացող «Նոր Յառաջ» թերթի կամ ընդհանրապէս հայ մամուլի էջերէն: Այդ կրնայ ցարդ չուսումնասիրուած հետաքրքրական զուգահեռներու կամ համեմատական քննարկումներու առիթ հանդիսանալ, զանազան գաղութային իրականութիւններու աստիճանական կազմաւորումին, եւ ինքնաբերաբար անդրադառնալ՝ կրկնուող սխալներու կամ ուրախալի յաջող զուգադիպութիւններու:

 


ԿԵՆՑԱՂԱՅԻՆ ԻՐԱՎԻՃԱԿԸ ՀԱԼԷՊԻ ՄԷՋ

$
0
0

p13 aleppo_13-  ԱՒՕ ԳԱԹՐՃԵԱՆ

Սուրիոյ պատերազմը չորրորդ տարին թեւակոխած ըլլալով, ցայտուն կերպով ակնյայտ կը դառնայ, որ տիրող իրավիճակին պատճառով ընդհանրապէս Սուրիան, իսկ Հալէպը մասնաւորապէս կը տառապին տնտեսական տագնապէ:
Տնտեսագիտական տուեալներն ու մանաւանդ մեր ապրած ամէնօրեայ կեանքը ցոյց կու տան, որ Հալէպը մեծ դժուարութեան դիմաց կը գտնուի՝ նկատի ունենալով քաղաքի մուտքերու փակման իրավիճակը, ինչպէս նաեւ՝ տնտեսական տարբեր ոլորտներու թուլացումը: Ճամբաներուն փակումը միշտ չէ, որ տեղի կ`ունենայ, ինչպէս նոյնն է նաեւ հակառակը:
Դէպի Հալէպ մուտքի ուղին, որ կ`օգտագործուի բնակչութեան սնունդ եւ վառելանիւթ մատակարարելու համար, տեւական բախումներու կիզակէտի մէջ ըլլալով՝ քաղաքին սննդամթերքով ապահովման դժուարութիւններ կը յառաջացնէ:
Հալէպի բնակիչներուն համար կենցաղային կեանքը վատ ընթացքի մէջ է՝ հիմնական պաշարի գինի բարձրացման եւ երբեմն հիմնական ապրանքատեսակներու պակասի պատճառով, ինչպէս՝ վառելանիւթը: Այս մէկը յատկապէս նկատելի սկսած է դառնալ սուր բախումներու եւ բուռն կռիւներու շրջաններուն մէջ:
Այս առումով կառավարութիւնը կը յայտարարէ, որ ջանք կը գործադրէ հալէպցիին պահանջները հոգալու, սակայն Հալէպի եւ այլ քաղաքներու միջեւ ճամբաներու անանցանելի ըլլալու երեւոյթը յաճախ պատճառ կը դառնայ, որ ապրանքները հասցէագրուած վայրը չհասնին:
Վառելանիւթի սուրիական ընկերութեան առաջնահերթութիւնը նախ եւ առաջ կը դառնայ մատակարարել փուռերն ու հիւանդանոցները:
Զանազան տագնապներու կողքին կ`աւելնայ նաեւ դեղորայքի պակասի երեւոյթը:
Կենցաղային եւ սննդամթերքի ճգնաժամի նախանշանները Հալէպի մէջ ակնյայտ են: Սակայն փուռերը տակաւին կը գործեն եւ մէկ քիլօ հացին գինը (պետականը) տակաւին կը մնայ 15 ս.ո. (նախապէս հասած էր 300 ս.ո.):
Ուստի, Հալէպի մէջ ամենահրատապ տագնապը ելեկտրականութեան տագնապն է: Նկատի առնելով, որ հարցը կը բարդանայ, երբ 810 ժամ հոսանքը կ`անջատուի բազմաթիւ թաղամասերէ, իսկ արուարձաններն ու կարգ մը շրջաններու մէջ անջատումը կը գերազանցէ 1520 ժամը. տակաւին կայ աւելի՛ն, Հալէպի որոշ շրջաններու մէջ ընդհանրապէս ելեկտրականութիւնը ամբողջովին անջատուած կը մնայ: Ելեկտրականութեան հոսանքը եթէ միանայ, գէթ քանի մը ժամուան համար, հալէպցիներուն նոյնիսկ տրամադրութիւնը կը բարձրանայ:
Բովանդակ Հալէպը, ելեկտրականութեան տագնապի կողքին, ոչ հերթական կերպով կը դիմագրաւէր նաեւ ջուրի լուրջ տագնապ ալ: Ուստի, այդ պատճառով անմիջապէս վաճառատուները յարմար առիթ նկատելով՝ կը բարձրացնեն հանքային ջուրերու գիները: Թէեւ զանազան կեդրոններէ ջրամատակարարում տեղի կ`ունենայ:
Տագնապներու թուարկումը շարունակելով՝ կարելի է նշել, որ վառելանիւթի (մազութ, պենզին եւ կազ) գիները արդէն բարձրացած են: Իսկ կազի շիշերը (կազը միայն) արդէն հասած են 25003000 ս.ո.ի եւ աւելի, եղած են օրեր, երբ հասած է մինչեւ 13.500 ս.ո.ի (պետական գինը՝ 1350 ս.ո.):
Կը շարունակուի նաեւ հեռահաղորդակցութեան տագնապը, համացանցն ու հեռաձայնային կապերը, յատկապէս բջիջային կապերը կը գործեն տկար եւ տեղական գիծերու շրջանակներէն ներս միայն:
Պէտք է ընդգծել, որ Հալէպի բնակիչները, առանց բացառութեան, բոլորն ալ ազդուած են կենցաղային ճգնաժամէն: Քաղաքի զանազան շրջանները տանող ճանապարհները փակուած կը մնան եւ ապահովական խիստ հսկողութեան կ`ենթարկուին: Իսկ գիշերային կեանքը անգոյ է, փողոցները՝ խաւար ու դատարկ, իսկ կարգ մը արուարձաններ դարձած են անապահով եւ բնակիչներէ դատարկուած շրջաններ:
Կարելի է նշել, որ պետական մակարդակի վրայ զանազան բարձրաստիճան անձնաւորութիւններ տնտեսութեան մայրաքաղաք Հալէպի մասին կը յայտնեն, որ վերջին օրերուն Հալէպ կ`ապրի ծանր կենցաղային պայմաններ, եւ որ՝ կառավարութիւնը ամէն ջանք ի գործ պիտի դնէ հիմնական նիւթերը Հալէպ հասցնելու եւ խնդիրները լուծելու նպատակով:
Միւս կողմէ՝ վերոնշեալ կենցաղային դժուարութիւնները բնականաբար մեծապէս ցնցած են նաեւ Հալէպի հայութեան տնտեսական վիճակը՝ հալէպցին դնելով աննախանձելի տնտեսական կացութեան մէջ:
Վերջապէս, Հալէպ քաղաքը կ`անցնի աննկարագրելի, անտանելի կենցաղային վիճակներէ, բառին բուն իմաստով՝ մղձաւանջ մը: Տնտեսական ծանր տագնապին, համատարած անգործութեան, քանդուած, կողոպտուած կամ ճակատումի շրջաններուն մէջ գտնուող արհեստանոցներու, վաճառատուներու կամ գործարաններու պատճառով մեծաթիւ հայ ընտանիքներ իրենց կենսապահիկէն զրկուած են:
Արդարեւ, Հալէպի մէջ ապահովական տեսանկիւնէ վտանգուած կեանքին կողքին, գերակշռողը կը մնայ տեւական կենցաղային ճգնաժամը:

 

Ի՞ՆՉ ԵՆ ՍՏԻՊՈՒՄ ԶԻՋԵԼ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻՆ

$
0
0

p1 khemp  ԳԷՈՐԳ ԴԱՐԲԻՆԵԱՆ

Մինսքի խումբի ամերիկացի համանախագահ Ճէյմս Ուորլիքի կողմից Մատրիտեան սկզբունքները յիշեցնելուց, աւելի ճիշտ՝ դրա լոյսի ներքոյ Հայաստանին Արցախի հարցում հաստատուած գոյավիճակը փոխելու պահանջ առաջադրելուց յետոյ ո՛չ համանախագահը, ո՛չ դեսպան Հեֆըրնը, ո՛չ էլ պաշտօնական Ուաշինկթընը որեւէ խօսք չասացին այն մասին, թէ, ի պատասխան հայկական կողմից տարածքներ յանձնելու հարցում ակնկալուող զիջումների, ի՞նչ է պարտաւոր անել կամ զիջել Ատրպէյճանը: Վերջին շրջանում ամերիկացի դիւնագէտների դրսեւորած վարքագիծը, յայտարարութիւններից փչող պարտաւորեցնող տօնը տպաւորութիւն են ստեղծում, թէ Արցախի խաղաղ կարգաւորման հեռանկարը, այսինքն՝ պատերազմի վերսկսումից խուսափելու միակ հնարաւորութիւնը կախուած է բացառապէս հայկական կողմի զիջումներից: Ամերիկեան այս դիւանագիտական արշաւին, Մինսքի Խումբի երեք համանախագահները, օգտագործելով Արցախեան հրադադարի հաստատման քսանամեակի առիթը, հանդէս են եկել համատեղ յայտարարութեամբ, որն, ըստ էութեան, Ուորլիքի ուղերձների կրկնութիւնն էր: “Կարգաւորումը պէտք է ընդգրկի տարրեր, որոնք պարունակւում են համանախագահ երկրների նախագահների 2009-2013 թուականների արուած յայտարարութիւններում, որոնք ընդգրկում են Արցախի շրջակայ տարածքների վերադարձը, Արցախի միջանկեալ կարգավիճակը, անվտանգութեան եւ ինքնորոշման երաշխիքներ, Հայաստանը Արցախին կապող միջանցք, ինչպէս նաեւ Արցախի վերջնական կարգավիճակի մասին որոշում, բոլոր ներքին տեղահանուածների եւ փախստականների վերադառնալու իրաւունք եւ անվտանգութեան միջազգային երաշխիքներ, այդ թւում՝ խաղաղապահ ուժեր: …Մենք կողմերին կոչ ենք անում կառուցողական, բարեխիղճ բանակցութիւններ վարել, որոնք խաղաղ համաձայնութեան կը յանգեցնեն‘ այդ տարրերի հիման վրայ հիմնախնդիրը կարգաւորելու նպատակով“, ասւում է համանախագահների համատեղ յայտարարութեան մէջ: Առանձին վերցրած՝ յայտարարութիւնը որեւէ արտառոց բան իրենից չի ներկայացնում: Նման գրութիւններ համանախագահները հրապարակում են տարին առնուազն 67 հատ: Բայց այս մէկը, Ուորիլիք յայտարարութիւնների եւ Միացեալ Նահանգների կողմից կարգաւորման գործընթացում նախաձեռնողականութիւնը խլելու յաւակնութիւննների գործընթացում, կարեւորութիւն է ստանում յատկապէս երեք պատճառով: Նախ‘ Մինսքի Խմբում Ռուսաստանի ներկայացուցիչը եւս ստորագրել է, ինչն առնուազն նշանակում է, որ Մոսկուան չի առարկում Միացեալ նահանգների կողմից բանակցութիւնները հունաւորելու յաւակնութեանը: Դա առաջին հայեացքից տարօրինակ է թւում, քանի որ, հանդէս գալով Արցախի հիմնահարցի կարգաւորման վերաբերեալ առանձին դիրքորոշմամբ, Ուաշինկթընն առաջին հերթին անուղղակի անվստահութիւն արտայայտեց հակամարտութիւնը խաղաղ կարգաւորելու հարցում Ռուսաստանի շահագրգռութեան նկատմամբ: Մոսկուան, փաստացի, չնկատելու է տալիս այս ակնարկը, ինչը նշանակում է, որ մի կողմից չի հաւատում, թէ Ուաշինկթընին կը յաջողուի բէկում մտցնել բանակցութիւններում, միւս կողմից‘ որ դրա արդիւնքում առկայ գոյավիճակը տարածաշրջանում կը փոխուի: Դրանով Մոսկուան փորձում է հասկացնել Ուաշինկթընին, թէ Հարաւային Կովկասում հողն իր ոտքերի տակից քաշելու գաղափարը դատապարտուած է ձախողման: Երկրորդ՝ հետաքրքրական է համանախագահների յայտարարութեան այն հատուածը, որտեղ նրանք կողմերին կոչ են անում բանակցութիւններ վարել նշուած տարրերի հիման վրայ հիմնախնդիրը կարգաւորելու եւ արդիւնքում խաղաղ համաձայնութեան յանգելու նպատակով: Ուշադրութիւն դարձնենք, որ խօսքը, ըստ էութեան, գնում է ոչ թէ այդ տարրերը համաձայնեցնելու, այլ դրանց հիման վրայ խաղաղութեան համաձայնագրի շուրջ բանակցութիւններ սկսելու մասին: Սա նշանակում է, որ, ըստ համանախագահների, կարգաւորման սկզբունքների համաձայնեցման փուլն աւարտուած է, եւ նրանք փորձում են սկսել յաջորդ‘ այդ տարրերը կենսագործելու մեքանիզմների, յաջորդականութեան եւ մանրամասների յստակեցման փուլը: Եթէ իսկապէս այդպէս է, ապա այն ամբողջութեամբ համապատասխանում է խաղաղութեան մեծ պայմանագրի համաձայնեցմանն անցնելու՝ Ատրպէյճանի պահանջին: Ի դէպ, օրեր առաջ Ճէյմս Ուորլիքի արած բացայայտումներիէ ողջ իմաստն իրականում եւս ուղղուած էր դրան: Չնայած այստեղ եւս տպաւորութիւն է ստեղծւում, թէ Մոսկուան եւս շահագրգռուած է բանակցութիւնների առարկան սկզբունքների համաձայնեցման հարթութիւնից պայմանագրի ձեւակերպման փուլ անցնելու հարցում, բայց սա կարող է խաբուսիկ տպաւորութիւն լինել: Բանն այն է, որ իրականում խնդիրը ոչ այնքան կարգաւորման հիմնարար մարիտեան սկզբունքների մէջ է, որոնց համաձայնութիւն են տուել Հայաստանի թէ՛ երկրորդ եւ թէ՛ երրորդ նախագահները, այլ դրանց կենսագործման մեխանիզմների ու մանրամասնութիւնների, որոնց շուրջ փոխըմբռնման հասնելը շատ աւելի բարդ է: Թերեւս դա է պատճառը, որ Ռուսաստանն այստեղ՝ կարգաւորման նկատմամբ վերահսկողութեան իմաստով իր համար առանձնապէս լուրջ վտանգ չի տեսնում: Բայց սա հայկական կողմի համար ունի չափազանց կարեւոր, ընդհուպ՝ ճակատագրական նշանակութիւն, որն առնչւում է յայտարարութեան կարեւորութեան երրորդ պատճառին: Բանն այն է, որ վերջնական համաձայնութիւնների հասնելու կոչը համանախագահները հնչեցնում են Հայաստանին եւ Ատրպէյճանին, ինչն առնուազն նշանակում է, որ, ըստ նրանց, Արցախի Հանրապետութիւնը նաեւ այդ փուլում հնարաւորութիւն չի ունենալու, որպէս կողմ, ներգրաւուել բանակցութիւններում: Ներկայիս Արցախի կարգավիճակը, անցած քսան տարիների արդիւնքում ծնուած նոր իրականութիւնը որեւէ արտացոլում բանակցութիւններում, ըստ համանախագահների, չպէտք է ունենայ: Փաստօրէն, Հայաստանից պահանջում են հակամարտութեան իրական կողմի՝ Արցախի փոխարէն որոշել ոչ միայն նրա տարածքների ճակատագիրը, այլեւ սեփական ձեռքերով ջրելէ 1991ի անկախութեան հանրաքուէի արդիւնքները: Եթէ Երեւանը համաձայնում է դրան, ապա հաստատում է, որ ագրեսոր է, եւ որ Արցախի հիմնահարցը ոչ թէ ինքնորոշման, այլ տարածքային վէճի նիւթ է: Խաղաղութեան վերջնական համաձայնագրի շուրջ բանակցութիւններին անցնելը գոյավիճակի փոփոխութեան չի յանգեցնում: Բայց առանց Արցախի՝ բանակցութիւնների մէջ ներգրաւուելու դրան անցնելը կը նշանակի պաշտօնականացնել Արցախի ինքնորոշման իրաւունքը Ատրպէյճանի տարածքային ամբողջականութեան ապահովմանը ստորադասելու եւ դրա ներքոյ ճանաչելու՝ հայկական կողմին պարտադրուող լուծումը:

“Երկիր“

ԷՐԵԲՈՒՆԻԻ ՈՂԲԵՐԳՈՒԹԻՒՆԸ

$
0
0

p4 vm erebuni_museum  ՎԱՐԴԱՆ ՄԱՏԹԷՈՍԵԱՆ

Երեւանի փոխքաղաքապետ Արամ Սուքիասեան Յունուար 29ին լրագրողներուն յայտարարած է, թէ քաղաքապետարանը կը ծրագրէ “Էրեբունի“ արգելոցթանգարանի բերդապարիսպի վերականգնումի աշխատանքներ կատարել՝ բարեկարգման եռամեայ ծրագրի ծիրին մէջ: Կը նախատեսուի նաեւ “ստեղծել ամֆիթատրոն, որտեղ կը ներկայացուեն թանգարանի ցուցանմոյշները“, ըսած է պաշտօնատարը, աւելցնելով, որ աշխատանքները պիտի սկսին այս տարի: Պատասխանելով “ՆովոստիԱրմենիա“ գործակալութեան հարցումին, Ա. Սուքիասեան նշած է. “Եռամեայ նախագծի համար յատկացուել է 300 միլիոն դրամ: Մենք միաժամանակ յոյս ունենք, որ ծրագրով կը հետաքրքրուեն տարբեր ներդրողներ եւ միջազգային կազմակերպութիւններ“:
Մօտաւորապէս 730.000 տոլարի համարժէք այս գումարը քիչ մը աւելի է, քան քաղաքապետարանի ծախսած 200 միլիոն դրամը (մօտաւորապէս 490.000 տոլար) 2013ի “ԷրեբունիԵրեւան“ տօնակատարութեան, երբ քաղաքի հիմնադրութեան 2795ամեակը նշուած էր: Վերջինս ալ հաւասար էր 20062013ին պետական պիւտճէի յատկացուցած տարեկան գումարին՝ Հայաստանի յուշարձաններու պահպանման եւ ամրակայման, որ 2014ին 235 միլիոն դրամի բարձրացած է:p4 vm erebuni1

Գիտութիւններու Ակադեմիայի 70ամեակի գիտաժողովին մասնակցելու նպատակով, Երեւան այցելեցի Հոկտեմբեր 1024ին: Այցելութիւնը զուգադիպեցաւ “ԷրեբունիԵրեւան“ ճոխ տօնահանդէսին, որ Հոկտեմբեր 11ի երեկոյեան սկսաւ “Էրեբունի“ թանգարանին առջեւ եւ ամբողջ Հոկտեմբեր 12ին շարունակուեցաւ, գիշերային եզրափակիչ համերգով Հանրապետութեան հրապարակին մէջ: Հրապարակին լուսաճաճանչ վիճակը եւ խուռներամ ժողովուրդը բնաւ չէին յիշեցներ Հոկտեմբեր 1992ի օրերը, “մութ ու զնտան“ Երեւանի այն օրերը, երբ քաղաքին ծննդեան տօնին նշումը ոեւէ մէկուն մտքէն չէր անցներ, իսկ գիշերային ժամերուն հազիւ թէ ինքնաշարժ մը կը տեսնէիր փողոցները, որպէս խօսուն վկայութիւնը ուժանիւթէ զրկուած քաղաքին ու երկրին իրավիճակին:
Անցան այդ օրերը, եւ հիմա կը տեսնենք Երեւան մը, ուր գիշեր ու ցերեկ կրկնուող օտարաբանութիւնը՝ խօսակցութեան մէջ, ռուսերէն պրոպկա բառն է (խճողում), որ կը բնորոշէ քաղաքին վիճակը, մանաւանդ երեկոյեան ժամերուն: Ամերիկեան rush hourը համեմատաբար նախանձելի ոչինչ ունի, ըստ մեր փորձառութեան, երեւանեան խճողումներուն:
Նպատակ դրած էի այցելել քաղաքային երկու վայրեր, ուր, այս կամ այն պատճառով, առիթը չէի ունեցած ոտք դնելու՝ տասը անգամ Հայաստան գտնուած ըլլալով հանդերձ: Անոնցմէ մէկը “Էրեբունի“ թանգարանն էր:
p4 vm musՉորս անգամ (1989, 1996, 1998 եւ 2009) այցելած էի ուրարտական բերդը, բայց չորս անգամներուն թանգարանը փակ էր, կա՛մ օրուան թէ ժամուան անյարմարութեան, կա՛մ վերականգնումի մէջ գտնուելու պատճառով: Աշնանային գեղեցիկ Կիրակի մըն էր Հոկտեմբեր 20ը, երբ այցելեցի թանգարանը: Ինծի կ`ուղեկցէր երիտասարդ գրականագիտուհի մը: Էրեբունիի թաղամասը երթալը փորձառութիւն էր ինքնին, քանի որ նախորդ անգամներուն միշտ ինքնաշարժով գացած էի, իսկ այս անգամ երթուղային թաքսիով գացինք:
Վայելք մըն էր այցելել 2750ամեակին առիթով շինուած թանգարանը, որ կանոնաւոր ու կոկիկ տեսք մը ունի՝ վերականգնումի ու լաւ պահպանումի շնորհիւ: Կը սպասէի աւելի մեծ տարածութիւն եւ աւելի մեծ թիւով ցուցանմոյշներ տեսնել, թէեւ գոհունակութեամբ պէտք է նշեմ, որ ծրագիր մը կայ (չեմ գիտեր, թէ որքա՞ն ատենէ ի վեր) վարչական բաժինը թանգարանի շինուելիք երկրորդ մասնաշէնքը փոխադրելու, տեղ բանալով աւելի ընդարձակ ցուցադրութեան գլխաւոր շէնքին: Մաղթենք, որ շուտով իրականանայ այդ ծրագիրը, որուն մանրամասնութիւնները ցուցադրանքին առընթեր ներկայացուած են:
Ուղեկիցս, որ վերջին անգամ Էրեբունի այցելած էր 11 տարի առաջ, առաջարկեց բերդ բարձրանալ: Գիտէի, որ շատ հրճուառիթ փաստի մը առջեւ պիտի չգտնուէի: Ութ օր առաջ, քաղաքային կեդրոնը որոշ պահերու հետեւած էի ժողովրդային խրախճանքին՝ երաժշտութեամբ ու հրավառութեամբ, տեւաբար յիշելով, որ վերը, հոն ուր Երեւանի ծննդեան վկայականը արձանագրուած էր (“Խալդեան մեծութեամբ Արգիշտի Մենուայորդին այս ամրոցը հոյակապ կառուցեց: Հաստատեցի Էրեբունի անունը՝ Բիայնիլի (երկրի) անունը լուլուական (= բարբարոսական) ցեղերու մէջ հաստատելու (համար)“), Էրեբունին իր երբեմնի փայլը չունէր:
Թանգարանէն դէպի բերդ տանող ճանապարհը երեւանեան համայնապատկերի իւրայատուկ տեսարաններ կ`ընծայէ, որոնք այդ օր՝ համեմատաբար ամպոտ ըլլալով, իրենց ամբողջ փայլով չէին պարզուած մեր առջեւ: Կէսօրուան ժամը քիչ մը անցած էր, եւ Մասիսը, բնականաբար, արդէն պահուըտուք կը խաղար մեզի հետ:p4 vm mus2
1990ականներու վերջերուն ու 2009ին արդէն նկատեր էի, որ Խալդիի տաճարի պատը թիրախը դարձած էր պիղծ ձեռքերու, որոնք ինչինչ արձանագրութիւններով “զարդարեր“ էին գրեթէ երեք հազարամեայ հնութիւն ունեցող կոթողը: Բայց առիթը չէի ունեցած շրջագայելու բերդին ամբողջութիւնը, ինչ որ ըրինք այս անգամ:
Ինչպէս չորս տարի առաջ, պահակատեղի ու պահակ կային տաճարին մօտերը: Սակայն, երբ որ ալ սկսած ըլլայ անոնց ներկայութիւնը (չեմ յիշեր, թէ անոնք կայի՞ն 19891998ին), բաւարար չէր եղած կանխելու ներքին սենեակներուն ամենատարբեր պատերուն վրայ հայերէն ու ռուսերէն զանազան graffitoներու արձանագրութիւնը: Կ`ենթադրենք, ամէն պարագայի, որ հսկողութիւնը կանխած է յետագայ փորձերու իրագործումը: Արդարեւ, շրջեցանք սենեակէ սենեակ՝ կիսելով մեր անզօր բարկութիւնը եւ փորձելով պարագրկել կատարուածին ահաւորութիւնը, թէեւ վստահ չեմ, որ լուսանկարները ընթերցողին կրնան փոխանցել ամբողջութիւնը: Ընկերակիցս, որ նաեւ ուսուցչուհի է, չափէն աւելի ցնցուած էր այս տեսարանէն:
Յաջորդ օրը այս նիւթին շուրջ անդրադարձ մը ըրի գիտական բարձր պաշտօն վարող բարեկամ պատմաբանի մը հետ խօսակցութեան ընթացքին: Ան հաղորդեց ինծի, թէ տարիներ առաջ գործակցած էին պետական մարմիններու հետ այս աւերը դարմանելու համար, բայց կարելի չէր եղած գործնական լուծումի մը յանգիլ:
Երբ հազիւ թանգարանը կը մտնէք, ձեր դիմացի պատը կը տեսնէք 1968ին գրուած յիշատակարանարձանագրութիւնը. “Ի նշանաւորումն այս յոբելեանի մենք նորօրեայ երեւանցիներս որ կոչւում ենք հայ նորոգեցինք մեր նախնիների ձեռքով հրաշակերտած կառոյցները եւ ի պահպանումն նուիրական մասունքների հիմնարկեցինք սոյն թանգարանը: Յարգանք մեր վաղնջական նախնեաց եւ մեր հաւատալիր ողջոյնը գալիք սերունդներին“:
PICT0006.JPGՆոյեմբեր 2013ին, Երեւանի երբեմնի գլխաւոր ճարտարապետ ու վերջերս Մայր Աթոռի գլխաւոր ճարտարապետ նշանակուած Նարեկ Սարգսեանը, որուն անունը բազմիցս հոլովուած էր զանազան ճարտարապետական յուշարձաններու պահպանման կապակցութեամբ, ոչ միշտ՝ դրական գնահատականներով, ճիշդ կերպով նկատած էր “Ազատութիւն“ ռատիօկայանի հետ զրոյցի ընթացքին, թէ Երեւանը չի կարող “հետաքրքիր լինել, եթէ մի սերունդը գայ, նախորդ ժառանգութիւնը քանդի“: 1968ին կառոյց նորոգած ու թանգարան հիմնած նորօրեայ երեւանցիները իրենց ողջոյնը դժուար թէ յղած ըլլան Էրեբունիի պատերը աւերող ստահակներու “սերունդ“ին, որոնք իրենց յանցագործութեամբ հաւանաբար ոչ թէ դատարան, այլ ուղղակի բանտ առաջնորդուած կ`ըլլային այլ երկրի մը մէջ:
Մարդ կը մղուի հարցնելու, թէ այս նոյն “հայրենասէրները“ նմանօրինակ սրիկայութիւններ պիտի գործէի՞ն, օրինակ, Վատիկանի, Վէրսայլի կամ Պարթենոնի մէջ: Արդեօք “մերը ուրիշ է“ ըսելը կամ ուռահայրենասիրական պոռչտուքներ տարածելը բաւարա՞ր են ամէն ինչ արդարացնելու: Հայաստանի՝ երկնքի տակ բաց թանգարան ըլլալու շեփորումը աշխարհի չորս ծագերուն չի նշանակեր, որ իրաւունք ունինք այդ թանգարանային հարստութիւնը կողոպտելու կամ աւերումի ենթարկելու: Հայ բանաստեղծը չէ՞, որ գրած է. “Ու հնամեայ քաղաքների հազարամեայ քա՛րն եմ սիրում“: Կա՞մ սկսած ենք դանդաղօրէն հասնիլ Վարագայ վանքը կամ Ջուղայի խաչքարերը կործանողներու բարձր մակարդակին…:
Գործին ամենէն անտեղեակ մարդը գիտէ, որ 2800 տարուան պատի մը վրայ վրձինի մէկ հարուածով գրուածը վրձինի ուրիշ հարուածով չի սրբուիր: Չենք կարծեր, որ Հայաստանի բոլոր մշակութային յուշարձանները պահպանելու համար տրամադրուող տարեկան 570.000 տոլարի գումարը բաւարար ըլլայ Էրեբունիի ողբերգութեան դարմանումին սկսելու համար նոյնիսկ, եթէ անշուշտ կարելի է դարմանել:
Բայց արդեօք ժամանակը չէ՞ լուծումի մը ձեռնարկելու:
Ի վերջոյ, ի՞նչ խղճով կարելի պիտի ըլլայ տօնել Երեւանի 2800ամեակը, որ պիտի զուգադիպի Հայաստանի Հանրապետութեան 100ամեակին, եթէ Էրեբունիի բերդի հայ թէ օտար այցելուն պիտի շարունակէ դէմ յանդիման գալ մարդկային անխղճութեան նման օրինակներու:
Համազգային ամօթի՛ պատերու:
Նիւ Ճըրզի

ԻՆՉՈ՞Ւ ԱՌԱՋՆԱՀԵՐԹ ՊԷՏՔ Է ԴԱՌՆԱՅ ԱՐՏԱ-ԴՊՐՈՑԱԿԱՆ ՀԱՅԵՑԻ ԴԱՍՏԻԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆԸ

$
0
0

shahe c  Տոքթ. Շահէ Ենիգոմշեան

  ՀԱՅՐԵՆԻՔ

Ապրիլ 2014-ի բացառիկ

Հայեցի դաստիարակութիւնը կը հանդիսանայ ազգային օրակարգներու կարեւորագոյններէն մէկը: Այս գծով Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսարանը երեք համասփիւռքեան կրթական համագումարներ կազմակերպած էր, վերջինը 2011-ին, ուր յստակ առաջադրանքներ ընդգծուած են: Դաստիարակներ ու մտաւորականներ, պարբերաբար մեր բոլորիս ուշադրութեան կը յանձնեն այս հարցի կարեւորութիւնը եւ ընդհանրապէս հայ լեզուի եւ հայկական վարժարաններու մասին ախտաճանաչումներ կը կատարեն: Նկատելին այն է սակայն թէ` հայեցի դաստիարակութեան լուծման պատկերացումները եւ առաջադրանքներու առանցքն ու ծիրը հիմնականօրէն եղած են հայ դպրոցի կարեւորութիւնը, ուսուցչական մարդուժի պակասը եւ արեւմտահայերէնի նահանջը: Դպրոցներէ դուրս հայեցի դաստիարակութեան կարեւորութիւնն ու քննարկումը լուսանցքային խօսակցութեան նիւթ է միայն:

2013 ին Կիլիլիոյ թեմի Արեւմտեան Ա.Մ.Ն. Ազգային Առաջնորդարանէն ներս կեանքի կոչուեցաւ յանձնախումբ մը, հայախօսութեան եւ հայերէնի գրաւոր գործածութեան վերաշխուժացման նպատակով սերտողական աշխատանքի ձեռնարկելու համար:
Դեկտեմբեր 2013ին Լիզպոնի “Գալուստ Կիւլպէնկեան“ Հիմնարկութեան Հայկական Համայնքներու Բաժանմունքին Հնգամեայ Ծրագիրը հրատարակուեցաւ “որու առաջնահերթութեան առաջին բնագաւառն է զարկ տալ հայերէնի ու հայ մշակոյթի պահպանումին եւ Սփիւռքի զարգացումին` իրարու կամրջելով սփիւռքի տարբեր հատուածները եւ ոյժերը ներդնելով կրթութեան ոլորտին մէջ“: Մի քանի ամիս առաջ “Հայեցի դաստիարակութիւնը եւ մեր կառոյցներու առաքելութիւնը“ (Վիգէն Թիւֆէնքեան – ՝՝Հորիզոն՝՝) խորագրով յօդուածը քննարկումի տակ առաւ այս նիւթը: Նաեւ շատ հետաքրքրական նամականի- զրոյցի մը առիթ տրուեցաւ ՝՝Ազդակ՝՝ի էջերէն, արեւմտեան աշխարհի մէջ հայերէն լեզուի գործածութեան գծով : Օգտակար էր նաեւ լսել UCLA-ARPA Institute ի նոր դաստիրակչական Մկնիկ փորձառական օրինակը եւ “ Մշակութային Ինքնութիւն եւ Հայաստան-Սփիւռք Յարաբերութիւններ“ նիւթով կազմակերպուած համագումարի ընթացքին արտայայտնուած տեսակէտները:
Սփիւռքի մէջ հայեցի դաստիարակութեան մտահոգութիններու գործնական մօտեցումը կը պահանջէ երկու հարցերու վրայ կեդրոնացում – Ինչպէ՞ս նոր դաստիարակ- ուսուցիչներ պատրաստել , եւ ինչպէ՞ս աւելի մեծ թիւով մանուկ-պատանիներ դաստիարակել: Առաջին հարցը թէեւ շատ էական, այս յօդուածի ծիրէն դուրս է: Երկրորդ կէտը այս յօդուածի խթանն է, որովհետեւ հայեցի դաստիարակութիւնը միայն հայ վարժարան յաճախելով պէտք չէ որ սահմանուի, այլ պէտք է ներարէ դպրոցի պատերէն դուրս դաստիարակութիւնը:

Հայեցի դաստիարակութիւնը ունի երկու տարբեր բայց իրարու լրացուցիչ երեսներ, դպրոցական եւ արտա-դպրոցական, վերջինի դերը միշտ նուազ գնահատուած: Տրուած ըլլալով որ Հ.Մ.Ը.Մ. գործօն ձեւով այս հարցի համար լուծումներ քննելու աշխատանքին մէջ է, այս յօդուածով կ՛ուզեմ արտա- դպրոցական հայեցի դաստիարակութեան կարեւորութիւնը ընդգծել եւ ապա բացատրութիւններ տալ այն ինչ կը վերաբերի Հ.Մ.Ը.Մ. ի, իր արտա-դպրոցական նախաձեռնութիւններով, հայեցի դաստիարակութեան մէջ ունեցած դերակատարութեան:

Ինչո՞ւ Արծարծել Այս Նիւթը

Շատերու համար սփիւռքի մէջ հայ ինքնութիւն պահելը անհեթեթ եւ ի զուր է: Այդ մտածելակերպով անձերը կրնան կասեցնել այս յօդուածի ընթերցումը: Այս յօդուածով, Հայաստանի հանրապետութեան թէ ոչ սփիւռքի հզօրացումի առաջնահերթութեան հարցը չէ որ կը քննարկուի: Կասկած չկայ որ թէ՛ ներկայիս եւ թէ՛ ապագային, իսկական առաջնահերթութիւնը Հայաստանի իրավիճակի բարելաւումն ու հզօրացումն է: Սակայն սփիւռքի մէջ հայեցի դաստիարակութեան ամրապնդումը, նոյնիսկ եթէ էականօրէն միայն երկու սերունդի համար, իմաստալից նպատակէտ է եւ իր ուղակի եւ անուղակի օգտակարութիւնը ունի Հայաստանի ներկայ եւ ապագայ իրավիճակի բարելաւման :

Ուրեմն, հարցը կը վերաբերի Հայաստանէն դուրս, ի մասնաւորի արեւմտեան սփիւռքի մէջ, հայ ինքնութիւնը պահելու եւ հայ ոգի մշակելու անհրաժեշտութեան :
Առաւել պէտք է յստակացնել թէ , Սփիւռքի մէջ հայեցի դաստիարակութեան անհրաժեշտութիւնը կամ կարեւորութիւնը չէ որ քննարկումի կը կարօտի, այլ լաւագոյն արդիւնքի հասնելու համար ռազմավարութեան մը եւ ուղեգծի մշակումը : Կարեւոր է այդ դաստիարակութիւնը յաջողցնելու գործնական զանազան միջոցները յայտնաբերել, դերակատար կառոյցներու պարտականութեան ծիրը սահմանել եւ եթէ կարելի է, աշխատանքային ուղեգիծ մը մշակել :

 

Ի՞նչ կը Նշանակէ Հայեցի Դաստիարակութիւն

Դասական իմաստով, հայեցի դաստիարակութիւնը կ»ենթադրէ որ անհատը.-
գ “հմուտ ըլլայ հայերէն լեզուին,
գ քաջատեղեակ` հայոց պատմութեան, հայ եկեղեցւոյ դաւանանքին ու անոր պատմութեան,
գ լայնօրէն ծանօթ` հայկական մշակոյթին,
գ իրազեկ` հայ ժողովուրդի ներկայ իրավիճակին ու այսօրուան խնդիրներուն
գ եւ վերջապէս, հաւատացող ու յանձնառու` հայութեան ապագայի երազներուն եւ Հայաստանի նպատակներուն“4:

Սակայն, դասական այս մօտեցումը պէտք է փոխարինել նորարար մօտեցումով մը: Հայեցի դաստիարակութիւն յղացքին աւելի այժմէական սահմանումը, հայկականութիւնը անձի մը գիտակցութեան մէջ թարփնելու անհրաժեշտութիւնն է , հայերէն լեզուի գիտութեան զուգահեռ թէ՛ գիտակցուած եւ թէ՛ հոգեբանական մտածողութիւնն է, այսինքն` հայ ըլլալու իրողութեան հետ հաշտ եւ հպարտ ըլլալն է: “Ան կը նշանակէ հայկական արեւելում ունեցող կրթութիւն, որ կը կառավարէ անհատին մտածողութիւնը, հարցերու մօտեցումը, առաջնահերթութիւններու եւ կեցուածքներու ճշդումը“4 :

Հայեցի դաստիարակութիւնը անհրաժեշտ է սահմանել հետեւեալ երեք բաղադրիչներով:

1. Առաջին կարգին` հայ ըլլալու գիտակցուած եւ հոգեբանական մտածողութիւն, այն ինչ որ պիտի կոչեմ հայկական ոգիի կերտում

2. Երկրորդ` հայ լեզուի, մշակոյթի եւ գրականութեան գիտելիքներու ուսուցում յառաջացնելու “հմուտ“, “քաջատեղեակ“ եւ “լայնօրէն ծանօթ հայ մշակոյթին“ հայը

3. Երրորդ` հայերէնագիտութիւն, իր երկու բաժիններով` հայախօսութիւն եւ կարդալու ու գրելու կարողութիւն :

shahe 1
ՆԵՐԿԱՅ ՊԱՅՄԱՆՆԵՐՈՒ ՄԷՋ ՀԱՅ ԴՊՐՈՑԱԿԱՆ ՈՒՍՈՒՄԻ եւ ՀԱՅԱԽՕՍՈՒԹԵԱՆ ՍԱՀՄԱՆԱՓԱԿՈՒՄՆԵՐԸ

Անցեալին, հայեցի դաստիարակութիւն կ՚ենթադրէր անպայման հայկական վարժարան յաճախել եւ հմուտ հայախօս ըլլալ: Պատմականօրէն հայ դպրոցը եղած է հայ ուսման դարբնոցը: : Ներկայիս ալ շատերու տեսակէտը , մանաւանդ այս հարցով մտահոգ անձերու հաստատումը եւ դասական արտայայտութիւնը, ընդհանրապէս այն է` որ այսօր սփիւռքը վտանգուած է, որ մեծագոյն վտանգը լեզուին կորուստն է, որուն պահպանման համար անընդունելիօրէն ցուցաբերուած է թափթփած մօտեցում: Ընդհանուր տեսակէտը այն է թէ` առանց լեզուին եւ անով ստացուող ժառանգութեան ազգային դիմագիծ չի կազմուիր,երկու միջոց` դպրոց եւ գիրք միայն կրնան փրկարար դեր կատարել, եւ որ կարեւոր են սփիւռք(ներ)ու մէջ բարձրորակ հայկական վարժարաններու հիմնումը եւ բազմացումը` միշտ նպատակ ունենալով, որ մէկ հատիկ հայ տղայ պիտի չյաճախէ օտար վարժարան:

Բնական է որ սփիւռքի մէջ հայկական վարժարաններու բազմացումը հսկայական ձեւով պիտի օգնէ ազգային դիմագիծի պահպանման, բայց այս օրերուս սփիւռքի հայ համայնքներու իրավիճակը նոյնը չէ: Իրողութիւնը այն է թէ ԱՐԵՒՄՏ. ՍՓԻՒՌՔԻ ՄԷՋ ՀԱՅ ՎԱՐԺԱՐԱՆ ՅԱՃԱԽՈՂ ՈՒՍԱՆՈՂՈՒԹԵԱՆ ՏՈԿՈՍԸ 5% է: Հայ կազմակերպութիւններու մէջ մասնակցութեան տոկոսը ոչ աւելի քան 10%:
ԱՐԵՒՄՏԵԱՆ ՍՓԻՒՌՔԻ ՎԵՐԱԲԵՐՈՂ ՎԻՃԱԿԱԳՐՈՒԹԻՒՆ

ԱՐԵՒՄՏ. ՍՓԻՒՌՔԻ ՄԷՋ ՀԱՅ ՎԱՐԺԱՐԱՆ ՅԱՃԱԽՈՂ ՈՒՍԱՆՈՂՈՒԹԻՒՆ                                                                                                  5%
ԼԻԲԱՆԱՆԻ ՄԷՋ ՀԱՅ ՎԱՐԺԱՐԱՆ ՅԱՃԱԽՈՂ ՈՒՍԱՆՈՂՈՒԹԻՒՆ                                                                                                                  50%

ԱՐԵՒՄՏ. ՍՓԻՒՌՔԻ ԸՆԴՀԱՆՈՒՐ ԺՈՂՈՎՈՒՐԴԻ ՀԱՅ ԿԱԶՄԱԿԵՐՊՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒ ՄԷՋ ՄԱՍՆԱԿՑՈՒԹԵԱՆ ՏՈԿՈՍ     10%
ԱՐԵՒՄՏ. ՍՓԻՒՌՔԱՀԱՅ ԵՐԻՏԱՍԱՐԴՈՒԹԵԱՆ ԳԱՂՈՒԹԻ ՀԱՅ ՇՐՋԱՆԱԿԻՆ ՀԵՏ ԿԱՊԻ ՏՈԿՈՍ                                                       3%

Վերեւի տախտակը կը բացատրէ այսօրուայ իրողութիւնը, որու հիման վրայ սփիւռքի ներկայ (եւ ապագայ) սերունդներու մեծամասնութեան համար հայ վարժարաններու մէջ դպրոցական ուսուցումը գործնականօրէն կիրարկելի չէ: Այո կարեւոր են սփիւռք(ներ)ու մէջ բարձրորակ հայկական վարժարաններու հիմնումը եւ բազմացումը, բայց այն առաջադրանքը որ “մէկ հատիկ հայ տղայ չյաճախէ օտար վարժարան“ գործնական ռազմավարութիւն ըլլալ չի թուիր: Այդ առաջադրանքը գործադրելու համար ոչ նիւթականը ոչ ալ մարդուժի պահանջքը կարելի պիտի ըլլայ հայթայթել: Իսկ ինչ կը վերաբերի այդ դաստիարակութիւնը տալու միջոցներուն, հայ վարժարաններու կատարած անցեալի ազդեցութիւնը կարելի չէ վերականգնել: Տեղին է անգամ մը եւս նշել թէ բոլորովին այլ հարց է ուսուցիչ-դաստիարակ պատրաստելու եւ հետեւաբար հայագիտական հիմնարկ հաստատելու հարցը):

Հարցերը եթէ խորապէս եւ իրապաշտութեամբ քննենք պիտի ընդունինք, որ հայեցի դաստիարակութեան հրամայականը այլեւս չի կրնար ենթադրել անպայման հայկական վարժարան յաճախել եւ հմուտ հայախօս ըլլալ : Աւելին, պէտք է ընդգծել որ արեւմտեան սփիւռքի տուներուն մէջ հայերէնը որպէս խօսակցական լեզու գործածելը, առաւեաբար երկրորդ լեզու է քան մայր լեզու, իսկ հայերէն խօսող, կարդացող եւ գրողը այլեւս հազուագիւտ է :

Պէտք է ուրեմն ընդունիլ եւ հաստատել որ հայեցի դաստիարակութեան առողջ քաղաքականութիւնը զիրար ամբողաջցնող երկու երեսներ ունի: Լաւագոյնը հայ վարժարաններու մէջ դպրոցական ուսուցումն է իսկ գործնականը` առաջինին կողքին արտա-դպրոցական հայկական ոգիի մշակումը եւ կերտումը: Հայ մարդը կրնայ հմուտ հայախօս ըլլալ, բայց լաւ հայ չըլլալ: Կրնայ նաեւ հայերէն չգիտնալ բայց շատ լաւ հայ ըլլալ: Իտէալը` երկուքին համադրութիւնը ունենալն է, բայց երբ իտէալը կերտելու անկարելիութեան դիմաց ենք, հայերէնի հմտութեան անկումը պէտք է փոխարինենք գիտակցուած հայկականութեան աճով : Ուրեմն սորվեցնենք հայերէնը հայ դպրոցներու միջոցաւ, բայց ընդունինք որ հայ գաղութներու լայն խաւի մը համար առաջնահերթ եւ կարեւոր է գիտակցուած հայկականութեամբ ապրելու պահանջքը, առանց անպայման հայերէնի մէջ հմուտ ըլլալու: shahe alphabetԱյսօր բազմաթիւ են օրինակները հզօր ազգային ոգիով եւ դիմագիծով այն նուիրեալ հայերուն, որոնք հայախօս չեն, հայ վարժարան չեն յաճախած, բայց հպարտ եւ յանձնառու հայեր են: Եթէ շարունակենք անտեսել սփիւռքի ոչ հայախօս բայց նոյնչափ ազգասէր փաղանգը, եթէ անտեսենք տեղական կենսաձեւին համարկուած հայ պատանիները, եթէ զանոնք միայն քննադատենք եւ զիրենք կոչենք գունաթափ կամ անտարբեր, սակայն շարունակենք “պայքար“ խրատել առանց լուծումներ առաջարկելու, այդ պարագային ոչ մէկ յառաջդիմութիւն չպիտի արձանագրենք:

Ուրեմն պէտք է ծրագրուած կերպով հայեցի դաստիարակութեան միջոցները զարգացնել եւ մտածել հինգ առ հարիւրէն անդին, դպրոցական գրասեղաններէն անդին երթալով : Այլ խօսքով` արտա-դպրոցական նախաձեռնութիւնները պէտք է բազմանան եւ հայեցի դաստիարակութեան մէջ ունենան աւելի յստակ ռազմավարական դերակատարութիւն, արժեւորումի եւ արդիւնքներու վրայ հիմնուած մշակոյթով, ինչ որ կը նշանակէ մտածելակերպի եւ աշխատանքային ձեւերու բարեփոխութիւն ` մանաւանդ մարդուժի եւ նիւթականի առընչութեամբ :

 

Ո՞վ Պիտի Զբաղի Հայեցի Դաստիարակութեամբ

Սփիւռքի մէջ ինչպէ՞ս կրնայ նոր սերունդը հայ ըլլալ եւ հոգիով հայ մնալ: Ո՞վ պէտք է ստանձնէ նոր սերունդին հայեցի դաստիարակութիւն տալու պարտականութիւնը : Ինչպէս անցեալին, նոյնպէս ապագային ալ` ծնողք, ուսուցիչ, եկեղեցի, կազմակերպութիւններ, հաւաքաբար: Այդ պիտի կատարուի հայկական վարժարաններու մէջ` ուսման գիտելիքներու ճամբով, արտադպրոցական` ձեռնարկներով, կազմակերպութիւններու ճամբով եւ ակմբային կեանքի նախաձեռնութիւններով, ինչպէս նաեւ մամուլով ու եկեղեցական կեանքի նախաձեռնութիւններով: “Առարկայական գիտելիքները պիտի ամրապնդուին ենթակայական միջոցներով, ընտանիքէն ներս, անհատական հարցերէն անդին` հաւաքական կեանքի մասին խօսակցութեամբ, ազգային տօներու նշումով եւ աւանդութիւններու պահպանման ճամբով“:

shahe 2

Հայ լեզուի իւրացումը, նոյնիսկ անոնց համար որոնք հայ վարժարան կը յաճախեն, չի կրնար սահմանափակուիր դպրոցով: Լեզուի մը իւրացումը նոյնչափ եւ աւելիով կը պահանջէ դպրոցի միջավայրէն դուրս, մասնաւորապէս տան մէջ, յաճախակի գործածութեան: Ընտանեկան դաստիարակութիւնը հայախօսութեան հիմնաքարն է բայց իրականութիւնը այն է որ արագօրէն փոխուող այս աշխարհին մէջ, ծնողներու ներդրումը հայեցի դաստիարակութեան նպաստող այս էական գործին առնչուած, շատ նուազած է: Տակաւին կան նուիրեալ ծնողներ որոնք կարողացած են հայերէն լեզուն սիրելի դարձնել իրենց զաւակներուն եւ տան մէջ հայերէնը գործածել որպէս առաջին լեզու: Դժբաղդաբար սակայն մեծամասնութիւնը տեղի տուած է : Ուրեմն հայ հասարակութեան մեծամասնութեան համար հայեցի դաստիարակութիւն եւ հայախօսութեան ուսուցումը կ՛իյնայ դպրոցներու եւ այլ կառոյցներու ուսերուն: Ինչպէս արդէն հաստատուեցաւ, հայ վարժարաններու կատարած անգին աշխատանքը դժբաղդաբար վերապահուած է աշակերտական տարիքի սերունդին փոքր համեմատութեան: Մնացեալի հայեցի դաստիրակութեան պատասխանատւութիւնը ինկած է արտա-դպրոցական կառոյցներու ուսին, որոնք սակայն կարծէք անգիտակից են այդ պարտականութեան, ազգային մակարդակով հայեցի դաստիարակութեան ռազմավարութեան մը չգոյութեան պատճառաւ :

 

Որո՞նք են այդ արտա-դպրոցական կառոյցները: Հայաստանի անկախութենէն ասդին մեր գաղութներու մէջ ի յայտ եկան զանազան նոր անհատական նախաձեռնութիւններ, երբեմն նոր կառոյցներ: Այս նոր կառոյցները բարեսիրական կարեւոր օժանդակութիւն կուտան հայրենիքին եւ առիթ կ՛ընծայեն սփիւռքէն որոշ թիւով երիտասարդներու որ Հայաստան այցելեն, բայց այս նախաձեռնութիւններու հետաքրքրութիւնները այնպէս ինչպէս որ իրենց կողմէ սահմանուած են, լեզուի պահպանումի հետ առնչուած չեն: Նաեւ, այս նոր նախաձեռնութիւններու մասնակից երիտասարդներու թիւը տակաւին փոքրամասնութիւն է : Բարձր գնահատելով հանդերձ այդ նախաձեռնութիւնները, երբ կը խօսինք արտա-դպրոցական հայեցի դաստիարակութիւն ջամբելու միջոցներու մասին, գործնականօրէն կը խօսինք մեր վերջին հարիւր տարիներու սփիռքի գաղութներու աւանդական կազմակերպական իրողութեան, այսինքն` Եկեղեցի-Առաջնորդարանի, կուսակցութիւններու եւ բարեսիրական-մշակոյթային-մարմնակրթական-ընկերային կազմակերպութիւններու կատարած աշխատանքին մասին:
ԱՐՏԱԴՊՐՈՑԱԿԱՆ ՕՃԱԽՆԵՐ

 

Դասական օճախներն ու կառոյցները որոնց կարգին Հայ Եկեղեցին եւ Եկեղեցւոյ շաբաթօրեայ դպրոցները եւ երիտասարդական կառոյցները օրինակ` ACYO,Կուսակցութինններն ու կուսակցական Երիտասարդական եւ Պատանեկան կազմակերպութիւնները, Հ.Մ.Ը.Մ.ը, ՀԱՄԱԶԳԱՅԻՆը, Հ.Բ.Ը.Մ.ը եւ այլ անկախ կառոյցներ, կը մնան սփիւռքի մէջ արտա-դպրոցական հայկական ոգի մշակելու կռուանները: Մի քանին նաեւ հայ լեզուն գրելու, կարդալու եւ խօսելու ուսուցում կը ջամբեն, ինչպիսին է օրինակ Հայ Օգնութեան Միութիւնը : Արեւմտեան Միացեալ Նահանգներու մէջ ՀՕՄ-ը ունի տասնհինգ շաբաթօրեայ- միօրեայ դպրոցներ մօտ 750 աշակերտներով: Արեւելեան ԱՄՆ-ի եւ Եւրոպայի (մանաւանդ Ֆրանսայի) մէջ ալ ՀՕՄ- ը ունի մի քանի տասնեակ շաբաթօրեայ դպրոցներ: Թէ Էջմիածնական եւ թէ Կիլիկիոյ թեմի Եկեղեցիները նաեւ առիթ կ՛ընծայեն շաբաթօրեայ դպրոցներով հայերէն լեզուի ուսուցման: Հ.Բ.Ը.Մ.ն ալ ունի ամենօրեայ եւ 10 նմանօրինակ դպրոցներ: Կան նաեւ այլ կառոյցներ, օրինակ`Փարիզի մէջ կը գործէ նաեւ Մկնիկ դաստիրակչական հիմնարկը որու մանկավարժական մօտեցումը հիմնուած է ոչ թէ ուսուցիչներու, այլ facilitator-դիւրացնող դաստիարակներու վերահսկումին վրայ: shahe Armenian_Alphabet
Համազգային Հայ Կրթական եւ Մշակութային Միութիւնը, իր կարգին, մշակոյթով, կրթութեամբ եւ հայեցի դաստիարակութեամբ զբաղող կարեւոր միութիւն մըն է: Համազգայինի կառոյցին կապուած կան երեք ամէնօրեայ եւ բազմաթիւ միօրեայ դպրոցներ: Կան նաեւ բազմաթիւ արուեստի միօրեայ դպրոցներ եւ կեդրոններ: Համազգայինը ունի հայերենագիտական նիւթերու սփիւռքահայ ուսուցիչներու պատրաստութեան ծրագիր (Մանկավարժութիւն կ՚ուսանին – BA – Համազգայինի հաշուոյն ապա Հայաստան հայերէնագիտութիւն կ՚ուսանին – MA – Համազգայինի հաշուոյն: Ապա կը վերադառնան եւ կ՚աշխատին որպէս ուսուցիչ: Համազգայինը տակաւին չունի երիտասարդական խումբերէ կազմուած կառոյցներ բայց կը քաջալերուի կազմութիւնը մշակութային կամ կրթական հետաքրքրութիւններ ունեցող խումբերու (“Միաւորներ“), որոնց մեծամասնութիւնը վստահաբար պիտի ըլլան երիտասարդական խումբեր (բայց ոչ տասնըվեց տարեկանէն վար) :
Արհեստագիտական նորարութիւնները եւ նախաձեռնութիւնները նաեւ հասանելի են այսօրուայ հայ երիտասարդութեան, ըլլայ համացանցային թէ սովորական համախմբումներու դասընթացքներով: 2004 թուականէն սկսեալ Հ.Բ.Ը.Մ.ի AVC- Armenia Virtual College Հայկական Վիրտուալ Համալսարանը առիթ կ՛ընծայէ հայ լեզուի, հայոց պատմութեան եւ հայկական մշակոյթի ուսուցման, համալսարանական կամ աւելի հասուն տարիքով ուսանողներու համար : Ամենուն հասանելի դասաւանդութեան այս ձեւը եւ հեռաուսուցման իւրայատուկ այս միջոցը արտա-դպրոցական դաստիարակութեան նոր հորիզոն մը բացաւ: Հայերէնի ուսուցման այս նոր ձեւը ժամանակի ընթացքին անկասկած որ աւելի պիտի զարգանայ, բայց փոքր տարիքէն հայկական ապրում սփռող եւ դէմ առ դէմ դաստիարակութեան հոլովոյթի անհրաժեշտութիւնը պիտի չվերանայ : Անկասկած որ դասական կառոյցներու պահանջքը պիտի շարունակուի, իրենց ընծայած հին կամ նոր դաստիարակչական միջոցներով:

Վերեւը յիշուած եւ այլ հայկական մթնոլորտ ընծայող կառոյցներու եւ կազմակերպութիւններու իւրաքանչիւրը իր իւրայատուկ օգտակարութիւնը ունի եւ բոլորի համար ալ որակաւոր եւ յանձնառու հայ պատրաստելը ամենակարեւոր նպատակակէտն է: Հարցը այն է թէ նոյն առաքելութիւնը հետապնդող, նոյնիսկ ուղեկից կազմակերպութիւններու միջեւ համագործակցութեան միջոցառում գոյութիւն չունի: Առաւել, այսօրուայ մարտահրաւէրը բոլորի համար ալ նոր անդամներ գրաւելն է: Մեր շրջանակներէն հեռու, ոչ-հայկական դպրոց յաճախող պատանիներու ներգրաւումը հիմնական է:Կարեւոր է կարկինը լայնցնել եւ ներգրաւել մինչեւ այսօր հայ շրջանակներէ հեռու մնացած կամ “պահուըտած“ պատանի-երիտասարդները:
Հայեցի դաստիարակութեան հանդէպ մեր մօտեցումը պէտք է բարեփոխել: Շարունակելով ընդգծել հայկական վարժարաններու կարեւորութիւնը եւ աշխատելով նպաստել այդ առաքելութեան, այսուհետեւ բարոյական եւ նիւթական օժանդակութիւն պէտք է նաեւ ապահովել արտա-դպրոցական նախաձեռնութիւններու, կապուած աշակերտական տարիքի մանուկ-պատանիներու հետ եւ առնչուած լեզուի պահպանումին: Շեշտը պէտք է դնել հայկական ոգին զարգացնող մշակոյթի եւ լեզուի հետ կապ ունեցող արտա-դպրոցական բոլոր աշխատանքներու վրայ, համայնքի կառոյցներու թէ՛ աւանդական ծրագիրներու միջոցաւ, եւ թէ՛վերամշակուած նոր նախաձեռնութիւններով , որպէսզի կարկինը ընդլայնի եւ հայեցի դաստիարակութիւնը ընծայուի աւելի մեծ թիւով հայ ծագումով հայերու: Վերջապէս, չափազանց կարեւոր է նաեւ կարգ մը ուղեկից կազմակերպութիւններու միջեւ աշխատանքային համագործակցութիւն ստեղծել:

ԵԶՐԱԿԱՑՈՒԹԻՒՆ

Երիտասարդ սերունդի յատուկ հայեցի դաստիարակութիւնը հաւաքաբար պիտի շարունակեն կատարել ծնողք, ուսուցիչ, եկեղեցի, կազմակերպութիւններ: Ռազմավարական իմաստով սակայն հայեցի դաստիարակութիւն պէտք է ունենայ իրապաշտ պատկերացում եւ ծրագրուած քաղաքականութիւն:
- Հայ վարժարաններու մէջ դպրոցական կրթութիւնը մնայ հիմնական բայց արտա- դպրոցական հայեցի դաստիարակչութեան կարեւորութիւնը ստանայ համահաւասար եթէ ոչ առաջնահերթ նշանակութիւն:
- Դաստիարակութեան թիրախը ընդարձակուի, հայ աշակերտութեան հինգ առ հարիւրէն եւ դպրոցական գրասեղաններէն անդին անցնելով :
- Առաջնահերթ եւ կարեւոր որակուի հայկական ոգիով ապրելու եղանակը, անհատի մը կեանքին մէջ գիտակցուած հայկականութեան եւ հայ ինքնութեան հզօրացման զարգացումը, տրուած ըլլալով որ հայեցի դաստիարակութեան հրամայականը այլեւս չի կրնար ենթադրել անպայման հայ վարժարան յաճախելն եւ հմուտ հայախօս ըլլալը :
- Գաղութներու մէջ շարունակուի արտա-դպրոցական ուսուցումի կազմակերպուած կառոյցներու ընտրանքը, ըլլայ շաբաթօրեայ հայ լեզուի ուսուցում, մարզական, սկաուտական, արուեստ (երգի կամ երաժշտական դպրոց, պարախումբ), բայց սկսի կանուխ (6 տարեկան) տարիքէն եւ ընթանայ հետեւողականութեամբ եւ համադրումով:
- Ինչպէս դպրոցական դաստիարակութեան պարագային , արտա-դպրոցական դաստիարակչական կառոյցներու յատուկ մարդուժ եւ նիւթական ծրագրուի եւ համապատասխան կրթանպաստ յատկացուի:
- Նոյնանման առաքելութիւններով ուղեկից կազմակերպութիւններու միջեւ, արտա-դպրոցական դաստիրակութեան ծիրի մէջ համագործակցութիւն սկսի:

 

ՄԵՆՔ ԱԼ ԿԸ ՍՊԱՍԵՆՔ, ՄՀԵ՛Ր

$
0
0

vrej armen3  ՎՐԷԺ-ԱՐՄԷՆ

  ՀԱՅՐԵՆԻՔ

Ապրիլ 2014-ի բացառիկ

Ստորեւ, լոյս կ՛ընծայենք, վերջերս լոյս տեսած Վրէժ Արմէնի “Իմ ուղեպատումը“ հատորին եզրափակիչ հատուածը: Խորագիրը աւելցուած է հեղինակին կողմէ.-

Եւ վերջապէս, ե՞րբ, ե՞րբ դուն դո՛ւրս պիտի գաս, Մհեր…
Ահա դարերէ ի վեր դուն քեզ բանտարկեր ես Սասնայ բարձրիկ լեռներու այդ խո՜ր քա-րայրին մէջ, ու կը սպասես համբերութեամբ, կը սպասես, որ աշխարհ փլի եւ վերստին կա-ռուցուի, կը սպասես, որ հողը ամո’ւր ըլլայ հրեղէն ձիուդ՝ Քուռկիկ Ջալալիի սմբակներուն տակ: Ու մենք, առանց յուսահատելու քեզ կը սնուցենք, որ դիմանաս, եւ երբ արդար կար-գեր տիրեն ի վերայ այս աշխարհի, գաս ու վերստին տիրութիւն ընես հողերուդ եւ ժողո-վուրդիդ: Մհե’ր…
Արդե՞օք կը մօտենայ դուրս գալու պահդ… Արդե՞օք հին աշխարհի մը փլուզման եւ նորի մը կերտումի անցման ժամանակները հասանք, ու վկաները պիտի հանդիսանանք մեծ յեղափոխութեան…
Փլա՜ւ Պերլինի պատը:
Ինքն իր վրայ ինկա՜ւ Խորհրդային Միութիւնը:
Ու մեր աչքերուն առջեւ կը ճարճատի՜ Նոր Հռոմը, սեփական փառքի գագաթնակէտին հասած:
Արդեօ՞ք…
Արդեօ՞ք մարդկութիւնը խելքի կու գայ եւ կþանդրադառնայ, որ բան մը պէտք է փոխ-ուի…
Ու փոխուի այնպէս, որ ոչ ոք ինքզինք դուրս մնացած զգայ Երկիր կոչուած այս տիեզե-րանաւէն:
Փոխուի, այն հասկացողութեամբ, որ ապրելու իրաւունքը բոլորինն է, մարդավայե՛լ ապրելու, առանց որ որեւէ հաւաքականութիւն ուրիշին զլանայ այն իրաւունքները, որ իրեն վերապահուած կը դաւանի, առանց որ ոեւէ անհատ կամ անհատներու որեւէ խումբ, որ-քան ալ մեծ ըլլայ ան՝ ուրիշ ոեւէ անհատի կամ անհատներու որեւէ խումբի ի’ր կամքը պարտադրելու, ի’ր ուզած ապրելակերպը ստիպելու իրաւունք ունենայ, եւ միայն, միայն, միա՛յն հաւաքաբար ու բոլորին հաւասար մասնակցութեա՛մբ տրուած որոշումները ըլլան պարտադիր, բոլորի’ն պարտադիր:
Փոխուի, այն գիտակցութեամբ, որ բոլորս, անխտիր բոլորս, նոյն Եւային սերունդներն ենք, եւ թէ օժտուած ենք նոյն կարողութիւններով, նոյն առաւելութիւններով ու նոյն թերու-թիւններով, եւ թէ բոլորս կը վայելենք հաւասար իրաւունքներ:
Հակառակ արձանագրուող բոլոր յաջողութիւններուն եւ իրականացող յառաջդիմու-թիւններուն՝ գիտութեան, արհեստագիտութեան, հաղորդակցութեան, ինչպէս նաեւ ար-ուեստներու եւ այլ մարզերու մէջ, աշխարհի վրայ տակաւին շամբերու օրէնքն է որ կը տի-րապետէ յաճախ, եւ “իրաւունքը՝ զօրաւորին“ սկզբունքն է, որ կը կիրարկուի, նոյն այն ըն-կերութիւններուն կամ հաւաքականութիւններուն կողմէ, որոնք մարդկային իրաւունքներու պաշտպանի հանգամանքով կը յաւակնին ճանչցուիլ:
Մինչ Ասիոյ, Ափրիկէի, Հարաւային եւ Կեդրոնական Ամերիկաներու եւ նախկին Խորհրդային Միութեան նորազատ երկիրներու ժողովուրդներու ժողովրդավարական կար-գավիճակները կը դրուին լուսարձակի տակ, եւ այդ ժողովուրդները կþենթարկուին քննու-թեան, պարսաւանքի կամ բարոյախօսակա՜ն քարոզներու տարափի, մենք կը տեսնենք ինչպէս փտածութիւնը, կաշառակերութիւնը, շահամոլութիւնը, ագահութիւնը եւ մարդկա-յին բարոյականութեան այլ ախտեր տակաւին կը վարակեն նոյն այդ դասերը տուող եւ ինքզինք ժողովրդավա՜ր դաւանող երկիրներու ղեկավար խաւերը:

“Մհեր կþըսէ.- Աշխարհը չար է տակաւին,
Աշխարհք փոխուեր է, մարդիկ մանրացեր են.
Ես եթէ ելնեմ, դուրս գամ,
Այդ հողն ինծի չի վերցներ:
Աղէկ է որ ես հոս մնամ իմ տեղ,
Մինչեւ կորեկը մեծնայ ինչպէս մասուր,
Մինչեւ գարին ըլլայ ինչպէս սալոր:
Հողն ամրանայ իմ ոտքին տակ,
Ես նոր կþելնեմ քարէն դուրս“:*
Կը սպասէ Մհեր՝ դուրս գալու համար Ագռաւաքարէն…
Մենք ալ կը սպասենք ի՛ր դուրս գալուն։

 

* Կ. Սասունի, “Սասունցի Դաւիթ“, Պէյրութ, 1947

ՑԵՂԱՍՊԱՆՈՒԹԵԱՆ «ԿՐՕՆՔԸ»… ՄԻԱՑՆՈՂ ՈՅժ ՄԸ՝ ԱՒԵԼԻ ՈՒԺԵՂ ՔԱՆ ՀԱՅԿԱԿԱՆ ԵԿԵՂԵՑԻՆ ԵՒ ԼԵԶՈՒՆ

$
0
0

Armenian Genocide  Քրիշչըն Կարպիս

(թարգմանեց՝ Հ.Գ.)

  ՀԱՅՐԵՆԻՔ

Ապրիլ 2014-ի բացառիկ

Ստորեւ, թարգմանաբար լոյս կ՛ընծայենք անգլերէն լեզուով պատրաստուած, Ք. Կարպիսի այս յօդուածը, որ գրուած է 2007-ին:

Անմերժելի իրականութիւն մըն է որ Հայերուն վիճակուած է շարունակական ողբերգութիւններու դիմադրել։ Մօտաւորապէս 2,000 տարիներու ընթացքին, ամբողջական քաոս տիրող աշխարհի մը մէջ, Հայ ժողովուրդը կարողացած է դիմադրել արտաքսումներու կամ տեղահանութիւններու, թափառելով մէկ տեղէ միւսը եւ փնտռելով մխիթարանք։ Անոնք գոյատեւած են հակառակ շարունակական ջարդերու, ուր զոհերու թիւի գնահատական մը ընելը նոյնիսկ կարելի չէ։ Այս աշխարհի վրայ իրենց գոյութեան ընթացքին Հայերը ամենաշատը քան ուրիշներ ջարդի ենթարկուած են արտաքին ոյժերու կողմէ, փորձած են ամուր պահել իր տեւաբար վտանգի տակ գտնուղ սահմանները եւ անսահամ դժուարութիւններ տեսած են աշխարհաքաղաքական բարձր ձգտումներ ունեցող տարածաշրջանի իշխող ոյժերու կողմէ։

Բայց հաւանաբար ոչինչ կարելի է բաղդատուիլ Հայերու գոյատեւման վերք պատճառող իրենց անցեալի մտատանջման, իրենց Ցեղասպանութեան մտատանջումը։ 1915-ի սարսափելի իրականութիւնը մշտական ժանտախտի պէս կը տանջէ Հայերը։ Չեն կրնար փախուստ տալ այդ սարսափելի իրականութենէն որովհետեւ չեն կրնար մոռնալ։ Որքան ալ որ փորձեն անցեալը մէկդի դնել եւ նայիլ ապագային, Հայերու համար անկարելի է այս մէկը իրականցնել։ Անցեալը իրենց համար այնքան սարսափելի եւ աւերիչ եղած է որ կարելի է ըսել թէ ձգած են որ իրենց հոգիներուն եւ նիւթափոխականութեան ¥metabolism¤ մէջ թափանցած է։

Հայոց Ցեղասպանութիւնը դարձած է իրենց ձկնկուլը ¥albatross¤, ծովածոցի վրայ իրենց հին նաւու խարիսխը։ Այդքան կուրացած են իրենց տանջանքէն որ չեն կրնար հաստատ ապագայի հիմք մը դնել, հիմքը խաղաղ ապագայի մը, որ կը կրէ ազատ ազգի մը պտուղը, որ փիւնիկի մը նման կը վերականգնի իր անկումի ենթարկուած խաւարէն։

Ցեղասպանութեան ճանաչման աշխատանքը իսկապէս կրօնք դարձած է։ Թերեւս միլիոնաւոր Հայեր աշխարհի չորս կողմը մտատանջուած են այն իրականութեամբ որ Թուրքիան տակաւին վիճելի հարց կը դարձնէ եւ կը մերժէ 1915-էն 1918 տեղի ունեցած Հայոց Ցեղասպանութիւնը որ իրականութիւն մըն է։ Մասնաւորապէս, թէեւ շատեր կը շեշտեն թէ Հայոց Ցեղասպանութիւնը վերջ գտաւ 1923-ին, ¥ինքնին փշոտ հարց մըն է որովհետեւ վիճելի է այդ հարցը թէ երբ սկսաւ Ցեղասպանութեան ծրագրումը եւ նոյնիսկ զոհերու թիւը¤։ Հայոց Ցեղասպանութիւնը դարձած է Սփիւռքի մէջ Հայ ազգի աւելի մեծ միացնող ոյժ քան եկեղեցին եւ լեզուն, որովհետեւ Սփիւռքի հայութեան մեծամասնութիւնը այսօր կը պատկանին ընտանիքներու որոնց մեծ հայրերն ու մեծ մայրերը տառապած են Մեծ Եղեռնի ժամանակի եւ անոր հետեւանքները կրած են ¥բացառութեամբ անոնց որոնց արմատները կու գան արեւելեան կամ Ռուսահայաստանէն¤։

Հայերը աշխարհ կը ներկայանան իբր 20-րդ դարու առաջին Ցեղասպանութեան զոհերը, փոխանակ ներկայանան իբր հարուստ մշակութային ժառանգութիւն եւ հին իւրայատուկ լեզու ունեցող ազգ մը։ Ցեղասպանութեան ճանաչումը կը պաշտուի այն իմաստով որ մարդիկ կը պայքարին որպէսզի հաշտուին այն իրականութեան հետ որ Մեծ Եղեռն մը տեղի ունեցաւ որոշ մեծութեամբ մը, հետեւաբար կը փորձեն անսահման գիտելիքներ գտնել, որպէսզի փաստեն որ իսկապէս տեղի ունեցաւ Ցեղասպանութիւնը։ Հոս աւելորդ է նշել նաեւ ճնշող ցանկութիւնը որպէսզի տարածուի Հայոց Ցեղասպանութեան «Աւետարանը»։

Հայերը յստակօրէն մտատանջուած են, գլխաւորապէս ապրելով իրենց կեանքի ամեն օր՝ Ցեղասպանութեան հետ, երեւակայելով անոր արհաւիրքը, զայն ուսամնասիրելով, գտնելով անոր համաձայն ժամանակակից բաղդատութիւններ, օրական դրութեամբ թերթերու մէջէն մաղելու Ցեղասպանութեան նիւթով յօդուածներ։ Ուրիշներ ոչ մէկ ջանք չխնայելով կÿաշխատին որպէսզի Ցեղասպանութիւնը տարբեր ռազմավարութեամբ քաղաքական յառաջացում գտնէ կառավարական մարմիններու կողմէ։ Ամեն անգամ որ աշխարհի վրայ երկիր մը պաշտօնապէս բանաձեւով մը ճանչնայ Հայոց Ցեղասպանութիւնը, տօնախմբութեան եւ զարմանքի յորդուն կոչեր կը լսուին։ Միջազգային ճանաչումը, ուր այսօր շուրջ 20 երկիրներու կողմէ ընդունուած է, հաւատք եւ յոյս կը ներշնջէ որ արդարութիւնը ձեւով մը կը գործադրուի, բայց թէ ինչպէս ոչ ոք կարելի է յստակօրէն մատնաշել։ Սրբապղծութիւն է հարց տալ թէ ինչ պիտի ըլլայ վերջնական արդիւնքը երբ ամբողջական ճանաչումը ¥Թուրքիոյ կողմէ¤ տեղի ունենայ։ Ոչ ոք կը համարձակի գուշակումներ ընել այս հարցին շուրջ։

Հայոց Ցեղասպանութեան նիւթը դարձած է նաեւ հաստատ ձեւ մը գումարներ վաստկելու։ Rock խումբեր Մեծ Եղեռնի մասին երգեր արձանագրած են եւ այսպիսով կարողացած են մեծ գումարներ վաստակել։ Յատկապէս համաշխարհային կամ դասական երաժշտութեան պատկանող, ուրիշ տիպի երգեր ալ նաեւ հրապարակուած են ի յիշատակ Մեծ Եղեռնին։ Տասնեակ վէպեր գրուած են Հայ կամ օտար հեղինակներու կողմէ որոնք այս կամ այն ձեւով Ցեղասպանութիւնը կը քննարկեն իբր հիմնական թեմա կամ իբր անցնող մէկ յղում։ Կան նաեւ Ֆիլմեր, նկարչութիւններ, քանդակագործութիւններ, եւ այլ ձեւի արուեստի գործեր։

Թերեւս կարելի չէ սահմանել եթէ բարոյապէս ճիշդ է եկամուտ ստանալ յառաջ տանելով մարդկութեան դէմ գործուած ոճիր մը։ Իրականութիւն մըն է որ Ցեղասպանութիւնը կը տարածուի, յատկապէս ժողովրդական երաժշտութեան եւ ֆիլմի ընդմէջէն, եւ այս մէկը կարելի չէ արհամարել։ Սակայն այլ իրականութիւն մըն ալ կայ որ շահը կÿիրականանայ խանդավառելու համար ժողովուրդը, ի գին 1.5 միլիոն զոհերը։ Մէկ խօսքով՝ սուրբի եւ համբաւի միջեւ սահմանը շատ բարակ դարձած է։

Հայաստանի մէջ Ցեղասպանութիւնը մեծ մասամբ կը խօսուի Ապրիլ 24-ին, երբ տասնեակ հազար Հայեր կÿուղղուին դէպի Ծիծեռնակաբերդ եւ Ցեղասպանութեան զոհերուն յիշատակի յարգանք կը մատուցանեն։ Հայաստանի Հանրապետութեան քաղաքացիներու մեծ մասը սակայն Ցեղասպանութեան հետ ուղղակի կապ չունի, որովհետեւ անոնց մեծ հայրերն ու մեծ մայրերը զոհ չգացին Ցեղասպանութեան, նկատի ունենալով որ Արեւելահայաստանը Ռուսիոյ Կայսրութեան պաշտպանութեան տակ էր։ Կովկասի մէջ Հայաստանէն անկախ ոչ մէկ երկիր ճանչցած է Ցեղասպանութիւնը վախնալով որ այդ մէկը կրնայ պատճառ դառնալ որ Թուրքիոյ հետ յարաբերութիւնները վնասուին կամ որովհետեւ այդ մէկը չի ծառայեր պետական շահերուն։ Հակառակ այն իրողութեան որ ոչ մէկ դիւանագիտական կապ կայ Հայաստանի եւ Թուրքիոյ մինչեւ՝ շատ նուազագոյն բողոքի ալիք կայ Թուրքիոյ հետ ունեցած Հայաստանի առեւտրական գործառնութեան ¥transaction¤ նկատմամբ։ Գործարարներ եւ զբօսաշրջիկներ փոխադրող Երեւանէն-Պոլիս եւ Պոլիսէն-Երեւան օդանաւային թռիչքները շաբթուայ դրութեամբ կը կատարուին։ Սովորական երեւոյթ է Հայաստանեան շուկայի բոլոր ոլորտներու մէջ Թրքական արտադրութիւնը գտնել ինչպէս շինարարական եւ տնային պիտոյքներ, ինքնաշարժային կտորներ եւ ուտեստեղէն, իսկ ամենաշատ ներածուած թրքական ապրանքը հագուստեղէնն է։ Պէտք է ըսել որ Հայ սպառիչը առեւտուրէն չի գերադասէր իր դրացի, եւ երկարատեւ թշնամի նկատուող, երկրի հետ դիւանագիտական կապերու չգոյութիւնը։

Տարիներէ ի վեր Հայ Դատի աշխատանքը, որ տարբեր կազմակերպութիւններու կողմէ կը հետապնդուի, եւ չի սահմանափակուիր մէկ միութեամբ մը, միայն Ցեղասպանութեան ճանաչման աշխատանքին վրայ կեդրոնացած է։ Ոչ ոք հրապարակաւ կÿանդրադառնայ յետ-ճանաչման հարցին, կամ այլ խօսքով՝ հատուցման կամ հողային փոխանձման մասին։ Պատճառները յստակ չեն, սակայն լաւագոյն բացատրութիւնը պիտի ըլլար յառաջ տանիլ անվերապահ ճանաչում մը, առանց անպայմանօրէն հատուցման ակնկալութիւն ունենալու, աշխարհի փաստելով որ ոչ մէկ նախապայման կայ։ Այլ խօսքով՝ Թուրքիոյ կառավարութեան կողմէ ոճիրի ընդունիլը երեւի թէ ամբողջական լուծումն է։ Հայաստանի Հանրապետութենէն անկախ, Հայ Սփիւռքը չի կրնար միջազգային գետնի վրայ ընդունուած ազգի մը անունով հողային պահանջք ներկայացնել, որովհետեւ ազգի հանգամանք չի վայելէր, ան անորոշ էութիւն մըն է որ աշխարհասփիւռ համայնքներու շղթայուած կազմուածքն է։ Հայաստանի Հանրապետութիւնը ոչ մէկ պահանջք կը ներկայացնէ Թուրքիոյ տիրապետութեան տակ գտնուող՝ Պատմական Հայաստանի հողերու նկատմամբ, ընդհակառակը ան կը պնդէ որ Հայ-Թրքական սահմանները, որ 1993-էն ի վեր գոց են, առանց նախապայմաններու բացուին, որեւէ հետեւանքները անտեսելով, տնտեսական կամ այլ։ Պէտք է նաեւ ըսել որ Հայ Ժողովուրդը միացած չէ հողային վերադարձի օրինականութեան եւ անհրաժեշտութեան հարցին շուրջ, որ թերեւս մեծագոյն խոչընդոտն է Մեծագոյն դատին։ Չկայ էութիւն մը որ կրնայ Հայերու հատուցման իրաւունքի անունով ներկայանալ։ Տարածաշրջանի բոլոր երկիրները, ինչպէս նաեւ Արեւմուտքի երկիրները բոլորն ալ Թուրքիոյ հետ մեծ շահեր ունին։ Ուստի՝ կարելի չէ իրապաշտ երեւոյթ մը նկատել սահմաններու վերածրագրումը եւ հողերու վերաբաժանումը պետութեան մը կամ պետութիւններու միութեան աշխատանքի միջոցաւ։

Հետեւաբար, Հայերը կրնան գոհանալ խոստովանութեամբ մը, այն է որուն համար կÿաղօթեն եւ պէտք է նկատի ունենան ներկայ իրավիճակի շուքին տակ։ Ճանաչումէն ետք, յաջորդ քայլը պիտի անկասկած ըլլայ հաշտութիւնը։ Թէեւ շատ հեռու չեն գացած, սակայն արդէն առաջին քայլերը առնուած են։ Այսուհանդերձ՝ մէկ բան յստակ է, որ հաշտութիւնը պիտի ըլլայ ամենամեծ խաղաղումը, երկարատեւ եւ անբուժելի վէրքին բուժումը։

 

ՎԵՐԱԴԱՐՁ ԴԷՊԻ ԱԽԹԱՄԱՐ

$
0
0

kradjian 1ԳՐԻԳՈՐ ԳՐԱՃԵԱՆ

ՀԱՅՐԵՆԻՔ

Ապրիլ 2014-ի բացառիկ

Այս գրութիւնը, առնուած է Գրիգոր Գրաճեանի »Վերադարձ Դէպի Անցեալ« գիրքէն, որ լոյս տեսած էր 2013-ին: »Վերադարձ Դէպի Ախթամար«ը գրուած է 2010-ին եւ այն օրերուն, երբ Տիգրանակերտի վերանորոգուած Սուրբ Կիրակոս եկեղեցւոյ բացումը պիտի կատարուէր

- Ախթամար Ս. Խաչ եկեղեցիի օծման արարողութեան պիտի երթա՞ս:
- Պիտի երթամ, որպէսզի ներկայութեամբս ցոյց տամ աշխարհին, թէ եկեղեցին մերն է. մեր պատմութեան, մեր քաղաքակրթութեան եւ դատին անբաժան մէկ մասնիկն է:
- Պիտի չերթամ, որպէս քաղաքական ,աքթե, ցոյց տալու, թէ մեր պահանջքները չեն իրականացած տակաւին: Մենք մեր ուզած ժամանակ պիտի երթանք:
Պոլսոյ Սապիհա Կէօքչէն օդակայանին մէջ բարձրախօսը կը յայտարարէ, թէ Կարս մեկնող ճամբորդները պարտին ուղղուիլ դէպի թիւ 1125 սպասման սրահը: Նորակառոյց օդակայանին պատերը զարդարուած են Թուրքիոյ առաջին կին օդաչու Սապիհայի եւ Աթաթուրքի նկարներով: Անխուսափելիօրէն կը յիշենք Հրանդ Տինքը: Տինք կը բացայայտէ Սապիհա Կէօքչէնի հայ արմատներ ունենալը: Պոլսոյ նահանգապետը կ՛ազդարարէ Տինքը, որպէսզի դադրի այս տեսակ վնասակար յայտարարութիւններ կատարելէ: Հայորդին կը մնայ անդրդուելի: Կարճ ժամանակ մը ետք մութ ձեռքեր կը սպաննեն Հրանդ Տինքը:kradjian 7

Օդանաւին ճամբորդներուն իննիսունհինգ տոկոսը հայ է, մեծ մասամբ պոլսահայեր են, որոնք ուխտագնացութեան կ՛երթան Ախթամարի Ս. Խաչ եկեղեցին:

Միեւնոյն ,երկար սենեակինե մէջ փակուած, մօտ տասը հազար մեթր բարձրութեան վրայ օդէն ,կախուածե, իրարու մօտ նստած ուղեւորները կ՛ունենան իրենց առաջին շփումը: ,Ո՞վ ես, ուրկէ՞ կու գասե. թրքախառն հայերէնէ մը ետք, խօսակցութիւնը կ՛ընթանայ ամբողջութեամբ հայերէն լեզուով: Հայրենակիցներս հարցումներու տարափով մը կը մտնեն մտերմանալու գործընթացին մէջ. , ինչպէ՞ս է այնտեղի հայերուն վիճակըե, ,Հիմա խաղա՞ղ է, կռիւը վերջացա՞ւե: Իրենք ալ ունին անշուշտ իրենց հարցերը եւ մտահոգութիւնները, օրինակ` ինչպէ՞ս պահել Պոլսոյ մէջ գործող հայկական 33 եկեղեցիները եւ 17 վարժարանները: Մեծ ճիգ կը թափեն Թուրքիոյ տարածքին գտնուող հայկական եկեղեցիները վերանորոգելու եւ վերաբանալու Սեբաստիոյ, Տիգրանակերտի եւ Ախթամարի օրինակով:

Պատմական եւ քաղաքական հետաքրքրութիւններ ունեցող Յակոբը բաղդատականներ կ՛ընէ հայերու եւ թուրքերու միջեւ եւ պատմութենէն օրինակներ կը բերէ:

- Թուրք ղեկավարները առաջին համաշխարհային պատերազմի պարտութենէն ետք կրցան նոր պետութիւն ստեղծել շրջանին մէջ հզօր ներկայութեամբ մը: Երկրորդ պատերազմի նախօրեակին անոնք յաջողեցան ընդարձակել սահմանները, Ալեքսանտրէթի բարեբեր շրջանը միացնելով Թուրքիոյ: Իսկ մեր ղեկավարները չեն կրցած նոյնիսկ եղածն ալ պահել եւ կորսնցուցած են Կարսը, Արտահանը, Արարատը …:

Մէկ ու կէս ժամուայ թռիչքը արագ կ՛աւարտի եւ բարձրախօսով կը յայտարարուի թէ արդէն հասած ենք Կարս (Կարս, Կարս, Կարս, Հայրենի հարս …): Կը խնդրուի աթոռները գրաւել եւ կապել գօտիները:

Դաշտային Կարսի մէջ գտնուող օդակայանը, զինուորական օդակայան մը յիշեցնող կոկիկ կառոյց մըն է: Պատմութեան վերադառնալով կը մտաբերեմ իննիսուն տարիներ առաջ կատարուած թռիչքը, թերեւս հայ օդաչուի մը վերջին թռիչքը այս վայրէն դէպի Երեւան, գուժելու համար Կարսի անկումը:

Կարսը Հայաստանի հանրապետութեան սահմաններուն ամենէն մօտիկ քաղաքներէն մէկն է: Ռուսական ոճով կառուցուած բնակարանները եւ շէնքերը, իրենց նորոգուած կամ հնամենի վիճակով, կարծես կ՛աղաղակեն թէ ներկայի բնակիչները, այս վայրին իսկական տէրերը չեն:

Կարսի հռչակաւոր բերդը կը գերիշխէ քաղաքին: Ինչպէս դարասկիզբին, ներկայիս ալ ան ռազմագիտական պատկառելի դիրքի մը վրայ կը գտնուի:

Ըստ մեր շրջապտոյտի յայտագրին` պանդոկ տեղաւորուելէ եւ կարճ հանգիստէ մը ետք պէտք էր ուղեւորուէինք դէպի Անի:kradjian 5

Կարսի նահանգին մէջ գտնուող այս մեծ եւ տարածուն քաղաքը ամայի է, երկա՜ր, շատ երկար ժամանակէ ի վեր: Մուտքի ամրակուռ պարիսպը ապացոյց է անցեալին քաղաքը պաշտպանելու համար թափուած ճիգերուն, ամէն տեսակ յարձակողներու դիմաց իսկ Արբաչայ-Ախուրեան կիրճը, Անիի անմատչելի բնական սահմանն է արեւելեան կողմէն: Սմբատ եւ Գուրգէն Բագրատունիներու հիմնադրած հազար եւ մէկ եկեղեցիներու քաղաքէն ներկայիս կիսականգուն կը մնան քանի մը եկեղեցիներ: Մայր տաճարը, Տիգրան Հոնենցի եկեղեցին եւ մասամաբ կանգուն մնացած մի քանի շինութիւններ կը վկայեն հայ ժողովուրդի մտքի եւ քաղաքակրթութեան բարձր մակարդակին մասին: Վեհ եւ խորհրդաւոր են եկեղեցիները, մանաւանդ ամբողջական լռութեան մէջ: Սակայն այդ լռութիւնը կը խախտի մեր խումբին անդամներուն ներկայութեան: Բոլորիս մէջ անդիմադրելի մղում մը կայ աղօթք մը մրմնջելու, բան մը ըսելու, հետք մը ձգելու մեր նախահայրերէն սկսած եւ մեզմով շարունակուող կեանքի երկար շղթային վրայ: Հաւաքաբար , Հայր մերե ով մը, կարճ ժամանակի մը համար կը վերակենդանացնենք սրբատեղիները եւ անոնց կը մաղթենք մնալ կանգուն, յաւիտեանս յաւիտենից ամէն:

Անիի եռուն եւ աղմկոտ շուկայէն մնացած են փոքր կրպակներու հետքերը: Անցեալին, մետաքսի ճամբուն վրայ գտնուող այս մեծահամբաւ քաղաքի վաճառականները, հայ ճարտար արհեստաւորներուն կաւէ, յախճապակիէ, մետաղներէ պատրաստած յարգի անօթները կը վաճառէին գնորդներուն: Ներկայիս անկենդան եւ ամայացած քաղաքէն կը լսուի Ախուրեանի միւս ափին, Հայաստանի քարակոփներուն տուֆ քարի պեղումները:
Անի քաղաքը պեղելու ու ճանչնալու համար երկար ժամանակի կը կարօտի մարդ: Ագահօրէն նկարելէ ու նկարուելէ ետք կը բաժնուինք Անիէն, ամէն մէկս խորասուզուած մտքերու մէջ:
- Ա՛յսքան մօտ Հայաստանի սահմանին, սակայն այնքան հեռու:
- Ամենայն հայոց բանաստեղծ` Յ. Թումանեանի հետազօտելու նախասիրած վայրն էր Անին: Ան մտաւորական իր բարեկամներուն հետ յաճախ կ՛այցելէր, պեղումներ կատարելու նպատակաւ եւ ծրագիրներ կը մշակէր վերականգնելու Անին:
- Կիլիկեցիներուս համար ,հայրենիքե էր, ուրկէ մեր նախնիները Սելճուքեան արշաւանքներէն ճողոպրած` Կիլիկիոյ լեռնային ու դաշտային շրջաններուն մէջ նոր հայրենիք մը ստեղծեցին:

Անիի մեռելային, ճնշիչ մթնոլորտը մասամբ մը կը փարատի երբ կը յայտարարուի, թէ նախքան ընթրիքը, գնումի պիտի երթանք Կարսի շուկան:
Կարսը նշանաւոր է իր մեղրով եւ պանիրով: Խումբին տիկինները անհամբեր են գնելու մեղրամոմով ,պալե, թրքերէնով` մեղր եւ ,կրավիւրե, պանիր: Ըստ երեւոյթին թուրքերը ռուսերէն սորված են ,կրիւյերե պանիրի պատրաստութիւնը, զոր մինչեւ օրս կը կիրարկեն:
Մէկական շերտ պանիրով պարենաւորուած, մտքերու փոխանակում մը կ՛ունենանք Ֆրանսայէն եւ Ամերիկայէն եկող երիտասարդներու հետ: Ամերիկայէն Բաբգէն կը խորհրդածէ `,Թրքական բանակը, իր արդիական կազմածներով կը հաշուէ մէկ միլիոնէ աւելի զինեալներ, իսկ, եթէ հաշուի առնենք պահեստիները, տասնհինգ միլիոնը կ՛անցնի. մեր հայկական բանակը ինչպէ՞ս կրնայ դէմ դնել այս տեսակ ուժի մը: Ինչո՞ւ չի մտածուիր սփիւռքահայ երիտասարդներուն համար զինուորական ծառայութեան համակարգ մը ստեղծել Հայաստանի մէջ, փոխանակ զգացական եւ երեւակայական արտայայտութիւններով նոր սերունդները զբաղեցնելու կամ հակառակորդ փնտռելու ամէն մէկ հայու մէջ եւ անոնց հայրենասիրական դասեր տալուե: Ֆրանսայէն` Սիմոն կ՛ափսոսայ Էրզրումի, Կարսի, Վանի կորուստը եւ կը շարունակէ. ,Տարիներէ ի վեր կ՛երգենք, Սթամպուլը պիտի լինի արեան ծով, տարիներ ըսինք, թէ այս հողերը մերն են, ե՞րբ պիտի լրջօրէն նստինք եւ ծրագրենք, թէ տրամաբանօրէն ի՞նչ կուզենք եւ ի՞նչ միջոցներով պիտի կրնանք հասնիլ մեր նպատակին: Ամէն բանին ժամանակը կայ. պատերազմի ատեն, եթէ լաւ կռուինք, խաղաղութեան ժամանակ կրնանք պաշտպանել արեան գնով շահուածըե:
Ընթրիքէն ետք մտքերու փոխանակումը կը շարունակուի, մինչ լուսինը կը սահի մեր իջեւանած պանդոկին` Simer-ի վրայէն, անցնելով բարձունքին վեհօրէն կանգնած Կարսի բերդին կռնակը:

Յաջորդ առաւօտ երկար օր մը կը սկսէր խումբին համար: Նախ պիտի այցելէինք Կարսի մէջ, ներկայիս մզկիթի վերածուած Առաքելոց հայկական եկեղեցին եւ անոր կից, բերդ ելլող Կարսի հին թաղամասերը: Ապա պիտի անցնէինք Վարդանի կամուրջէն, գետին եզերքը գտնուող հին լոգարանները մօտէն դիտելու:

Կէսօրուան մօտ, հրաժեշտ կուտանք Կարսին, ուղղուելով դէպի հարաւ-արեւելք: Վերջին անգամ ըլլալով մեր հայեացքը կը սեւեռենք Կարսի բերդին, որ իննիսուն տարիներ առաջ, այս օրերուն ապրած էր օրհասական վայրկեաններ: Հոկտեմբեր 30, 1920-ին, թրքական բանակը` հրամանատարութեամբ Քեազիմ Քարապեքիրի, առանց կռուի գրաւած էր ամրոցը եւ ամբողջ քաղաքը: Թուրքերը ամիսներով զէնք ու զինամթերք փոխադրած էին բերդէն, իսկ հայկական բանակի սպաներն ու զինուորները, թիւով մօտաւորապէս երեք հազար, յանձնուած էին թուրքերուն: Անոնք ենթարկուած էին անպատմելի չարչարանքի եւ անոնցմէ երեք հարիւր հոգին միայն կրցած էին վերադառնալ Հայաստան, Կարսի թուրք-սովետական դաշնագրէն ետք:

Երեք ,օթօպիւսեներու կարաւանը կը մօտենայ Արաքսի ափին: Ուխտաւորները ծափերով եւ բացագանչութիւններով կ՛ողջունեն Մայր Արաքսն ու Հայաստանը: Ամէն կողմէ կը լսուի ,ղուրպանդ ըլլամ Հայաստանե արտայայտութիւնը:

Յաջորդ հանգրուանը Նոր Պայազիտն է, Իսհակ Փաշային պալատը: Ճամբու ամբողջ տեւողութեան, մեզի կ՛ընկերակցին մեծ եւ փոքր Մասիսները: Մեծը` հպարտ եւ իր ձիւնածածկ գագաթը տեւապէս ամպերէն վեր, փոքրը` ամօթխած, ինքզինք կը բացայայտէ ատենը անգամ մը:

Նոր Պայազիտի լեռներուն վրայ հոյակապ պալատ մըն է Իսհակ Փաշային ամրոցը: Մուտքի թրքերէն եւ օտարալեզու ցուցատախտակները ոչ մէկ ակնարկութիւն ունին Իսհակ Փաշայի հայկական ծագումին կապակցութեամբ: Մզկիթի, ամրոցի եւ եկեղեցիի խառնուրդ այս շինութիւնը խումբին մէջ կը ստեղծէ զայրոյթ: Հայաստանէն եկող Վաչէն կառոյցին մէջ հայկական խորհրդանիշներուն ակնարկելով կ՛ըսէ. ,Պարզապէս մեր ճարտարապետական հարստութիւնները գողցած ենե: Պոլսէն Հերմանը ընդվզումով կը յայտնէ. ,Ու՞ր է ասոնց պատմութիւնը, որո՞նք են ասոնց շինութիւնները: Ասոնք միայն գրաւել եւ իւրացնել գիտենե:
Լուսնի լոյսով կը հասնինք Վան: Ոմանք կը նախընտրեն պանդոկը տեղաւորուիլ, ընթրել ու քնանալ, յաջորդ օրուան պատրաստ ըլլալու. իսկ ուրիշներ, կ՛իջնեն ծովու ափը ու լուսնի շողերով ողողուած արծաթագոյն Վանայ ծովը կը վայելեն:

Պատմական օր մը ապրելու հեռանկարով ճամբայ կ՛ելլենք առաւօտ կանուխ: Կը խօսուի հազարաւոր ուխտաւորներու ժամանման մասին: Կղզի տանող նաւերը բաւարար կրնային չըլլալ, ուրեմն պէտք էր որ վայրկեան առաջ հասնէինք նաւամատոյց: Բոլորին աչքերը յառած են դէպի ծով, հեռուէն, առաջին անգամ տեսնելու համար Ախթամար կղզին:
Կը հասնինք նաւամատոյց. շատ մարդ չկայ այնտեղ: Երկու նաւերու մէջ տեղաւորուելով ճամբայ կ՛ելլենք դէպի Ախթամար:kradjian 2

Ծովուն մէջ, հեռուէն երեւցող քարակոյտը կամաց-կամաց ձեւ կը ստանայ եւ ահա կը տեսնուին թրքական դրօշակը եւ եկեղեցիին գմբէթը: Քարափ ելլելով, կարծես հայկական հողի վրայ ենք արդէն: Կը փութանք բարձրանալու աստիճաններէն վեր եւ վերացած` կ՛ունկնդրենք պատարագի առաջին հնչիւնները:
Աջ կողմի բացատին վրայ զետեղուած են Վանի քաղաքապետութեան տրամադրած լուացարանները: Աւելի վեր շտապ օգնութեան վրաններն են, որոնց շուրջ նարնջագոյն տարազներով երիտասարդներ կազմ ու պատրաստ վիճակի մէջ են: Ձախ կողմի վրայ կ՛երեւայ կարմիր ուղղաթիռ մը, հաւանաբար Պոլսէն ժամանած պատրիարքական փոխանորդին եւ այլ բարձրաստիճան հիւրերուն համար: Անոր մօտ կայ լրագրողներուն յատկացուած վրանը, ուրկէ պատմական այս օրուան նկարագրութիւնը կը սփռուի աշխարհի բոլոր լրատուական միջոցներուն:

Եւ ահաւասիկ հսկայ, տիրական Ս. Խաչ եկեղեցին: Պատարագը սկսած է արդէն եւ բազմահազար ջերմեռանդ ժողովուրդը անոր կը հետեւի երկիւղածութեամբ:

Այստեղ խմբուած են Պոլսոյ ,Մարալե պարախումբի երիտասարդները, կապոյտ շապիկներ հագած: Անդին` խումբ մը հաւատացեալներ, փայտէ փոքր խաչեր վեր բռնած, կը հետեւին արարողութեան: Հեռատեսիլային երկու հսկայ պաստառներ, զետեղուած` եկեղեցիէն դուրս, կը սփռեն պատարագը:

Մարդոց անսովոր եռուզեր մը նկատելի է կղզիին վրայ եւ եկեղեցիին շուրջ: Ոմանք եկեղեցիէն դուրս գտնուող մոմասեղաններուն առջեւ են, աղօթքով եւ մոմավառութեամբ զբաղած: Ուրիշներ կը մտնեն եկեղեցւոյ խորանին կից աւանդատունը, ականատեսի աչքերով տեսնելու խորանը: Քիւրտ տղաք կը շրջին բազմութեան մէջ Յիսուսի եւ Ս. Խաչ եկեղեցւոյ նկարները վաճառելու` որպէս կուրծքի զարդարանք: Երբ կը հարցուի իրենց թէ այդ որու՚ նկարն է, կը պատասխանեն.
- Չենք գիտեր. Էրմէնի տըր, հայ ըլլալու է:
Հնախուզական աշխատանքի մը լծուած` կը շրջինք եկեղեցիին չորս կողմը, փորձելով մտովի վերակենդանացնել կղզիին անցեալը:
Ամբողջ քաղաք մը` մինչեւ վեց հազար հոգի պատսպարող, գոյութիւն ունեցած է կղզիին վրայ:
Արդեօք կարելի՞ է գտնել նաեւ ռմբակոծման հետքեր կղզիին արեւմտեան ծովափը: Արդարեւ, հարիւր վեց տարի առաջ, անզուգական Անդրանիկ փաշան խումբ մը ֆետայիներու հետ կղզի ապաստանած` ուզած էր ասպարէզ կարդալ Օսմանեան պետութեան: Թրքական բանակի միաւորներ նաւակներու վրայ հաստատուած թնդանօթներու օգնութեամբ փորձած էին կղզի հասնիլ, սակայն ամէն անգամ, որ մօտեցած էին ափին, ազատամարտիկներուն արձակած համազարկը արգելք հանդիսացած էր եւ մեծաթիւ զոհեր տալով հեռացած էին: Մի քանի օր այսպէս թրքական բանակը ահազանգային վիճակի մատնելէ ետք, ֆետայիները գիշերով ձգած էին կղզին եւ ապահով հասած` Վանայ ծովուն արեւելեան ափը, իսկ թուրք զինուորները, ֆետայիներուն մեկնումէն օրեր ետք, չէին համարձակած մօտենալ կղզիին:
Ախթամար կղզիին վրայ տեղի ունեցող այս պատմական օրուան նկարագրականը փոխանցող օտար թղթակից-լրագրողներ կը շրջին ներկաներուն մէջ, որպէսզի նոր բան մը ,որսանե եւ լուրը հաղորդեն աշխարհին: Կը հարցուի ամէն բան եւ կը պատմուի ամէն բան. հայոց ցեղասպանութիւնը, անմարդկային միջոցներով գործադրուած տեղահանութիւնը, կղզիին եւ եկեղեցիին պատմականը, ներկայի մեր պահանջքները, մեր իրաւունքներուն անժամանցելիութիւնը:
Հակառակ կարծիք չկայ այստեղ: Մեծ ոճիր մը գործուած է. պատասխանատուն պէտք է ընդունի եւ հատուցում կատարէ:

Այլեւս վախ կամ ընկրկում չկայ: Ընդհանուրին տեսակէտը այն է թէ թուրքը քանդած եւ աւերած է. հիմա ինք պարտաւոր է նորոգելու եկեղեցին, խաչը տեղադրելու գմբէթին վրայ եւ մեր կրօնական գանձերը վերադարձնելու իրենց իսկական տէրերուն:

Պատարագի աւարտին տեղի կ՛ունենայ առաջին նշանախօսութեան արարողութիւնը: Երիտասարդ զոյգը կ՛աղօթէ եւ կը խնդրէ մօտիկ ապագային, նոյն եկեղեցիին մէջ արժանանալ պսակադրութեան շնորհքին:

Հաւաքական խոստովանանքէն ետք, ներկաները` հայեր, քիւրտեր, նո՚յնիսկ թուրքեր հաղորդութիւն կը ստանան:
Պատարագիչ սրբազան հայրը կը խնդրէ առ Աստուած ընդունիլ ներկաներուն ուխտը եւ արժանացնել յաջորդ տարուայ Ս. Խաչի տօնին:

Եկեղեցական արարողութիւնը վերջ գտած է: Այժմ հայերէն երգեր եւ պարեղանակներ Ախթամար կղզին կը վերադարձնեն իր հին օրերուն:

- Սեղանն է առատ, դիմացն` Արարատ …:

Գեղջկական պարեղանակները կը խանդավառեն հայ եւ քիւրտ ներկաները, որոնք կը սկսին պարել, ծափերով եւ ,լիւ լիւե բացականչութիւններով:

Նկատելի է քիւրտերու ներկայութիւնը, որոնցմէ շատեր այս առթիւ հեռաւոր վայրերէ եկած` իրենց հայկական ծագումը կը բացայայտեն, երբեմն նոյնիսկ իրենց անունները` Սերոբ, Մուրատ, որպէս փաստ բերելով:

Աշխարհացրիւ հայութիւնը վերադարձած կը թուի ըլլալ իր պապենական հողերը: Ուխտաւորներ ամէն տարիքի, աշխարհի չորս ծագերէն եկած են բարձրաձայն աղաղակելու, թէ Ախթամարը մեր պատմութեան, մեր քաղաքակրթութեան մէկ մասնիկն էր, ներկայիս մերն է ու այդպէս ալ պիտի մնայ առ յաւէտ:

Հասած է մեկնումի պահը. ժողովուրդը ծովափն է` ոմանք կը լողան, ամբողջ մարմնով օծուելու Վանայ ծովու սուրբ ջուրով` ուրիշներ իրենց երեսները կը լուան եւ կը խաչակնքեն: Դժուար է բաժնուիլը Ախթամարէն, որ դարէ մը ի վեր օտար ձեռքերու մէջ էր, իսկ հիմա հայութեան ,վերադարձուածե է:

Մինչեւ ցամաք, նաւուն կամրջակին վրայ ոտքի կանգնած, Պոլսէն Նազարէթն ու Օհաննէսը անցեալը կը վերյիշեն: Կը խօսին Գրիգոր Զօհրապի եւ Վարդգէսի սպաննութեան, Թալէաթի տրուած արդար պատժին, Հրանդ Տինքի յանդուգն պայքարին մասին: Զապէլ Եսայեանի Կիլիկիոյ 1909 –ի աղէտը նկարագրող
,Աւերակներուն Մէջե գիրքէն (վերահրատակուած Պոլսոյ ,Արասե հրատարակչատան կողմէ) մէջբերումներ կ՛ընեն:

Ահաւասիկ քաղուածք մը այդ գիրքէն:
, Երկու տղաք առանձնացած կը խօսակցէին:
- Հայր ունի՞ս:
- Ո՚չ:
- Մա՞յր:
- Ոչ:
- Ես ալ հայր-մայր չունիմ:
- Սպաննեց՞ին:
- Այո:
- Իմս ալ սպաննեցին:
Երկար, ցաւագին լռութիւն կը տիրէ ու քիչ յետոյ:
- Կուզե՞ս որ եղբայր ըլլանք իրարու:
Ու զիրար կ՚որդեգրենե:

Բարձր տրամադրութեամբ ցամաք կը հասնինք եւ մեր ,օթոպիւսեները կը տանին Վանի հոյակապ բերդը: Այստեղ, իննիսունհինգ տարիներ առաջ, մայիսի պայծառ առաւօտ մը, մէկ ամիս թրքական կանոնաւոր բանակին դէմ կռուելէ եւ զանոնք դուրս վտարելէ ետք, Վանեցիք ազատութեան դրօշը պարզած էին վանայ բերդին վրայ:
Երեկոյեան ընթրիքը կ՛ընենք Վանի շքեղ ճաշարաններէն մէկուն մէջ, ,կենացեներու, ,կեցցէե ներու ուրախ բացագանչութիւններով:

,Եկանք, տեսանք եւ յաղթեցինքե-ի տրամադրութիւնը ներկայ է բոլորիս մէջ:

Սակայն, ներողամիտ գտնուեցէք, հոս չէ որ կանգ կ՛առնէ Ս. Խաչ եկեղեցւոյ ուխտագնացութեան պատմութիւնը: Օրը տակաւին երկար է եւ անակնկալներ վերապահուած են մեզի:kradjian 6

Կիրակի իրիկուն, Վանի մարմնամարզութեան պալատին մէջ, կուսակալին, քաղաքապետին, հասարակական ներկայացուցիչներուն, Պոլսոյ պատրիարքի փոխանորդին եւ հոծ բազմութեան մը ներկայութեան տեղի կ՛ունենայ երգի եւ պարի ելոյթ: Քառասուն հոգիէ բաղկացած Պոլսոյ ,Վարդանանցե երգչախումբը կը հմայէ ներկաները իր ժողովրդական երգերով: Տարիներէ ի վեր առաջին անգամ ըլլալով Վանի մէջ կը հնչէ կոմիտասեան երաժշտութիւնը: Իսկ Պոլսոյ ,Մարալե պարախումբի պարմանուհիները, իրենց նազանքով եւ տղաքը իրենց առնական ճկուն շարժումներով կը դիւթեն հայ եւ քիւրտ հասարակութիւնը: Յայտագրին մաս կը կազմէ Ախթամարի պատմութիւնը փոխանցող պարային կենդանի պատկեր մը: Թէ ինչպէս սիրահարուած տղան, լողալով ճամբայ կ՛ելլէ կղզիէն դէպի ցամաք եւ խաբուելով աղջկան հօր մերթ ընդ մերթ ճօճած լապտերի լոյսէն, ասդին-անդին լողալէ ետք ուժասպառ, նախքան խեղդուիլը կը հառաչէ. ,Ա՜խ Թամար, ա՜խ Թամարե:

Ուրեմն, սիրելի ներկաներ, կղզին կը կոչուի Ախթամար եւ ոչ` Աքտամար:

Յաջորդ օրուան Van Times-ը, բացառիկ թիւով մը նկարագրականը կու տայ Կիրակի օրուան տօնախմբութիւններուն: Քառալեզու (անգլերէն, պարսկերէն, քրտերէն եւ թրքերէն) թերթը սկսած է լոյս տեսնել հայերէն բաժնով մըն ալ: Ս. Պատարագի օրը, Van Times-ի առաջին էջին վրայ գրուած է հայերէնով. ,Բարի եկաք Վանե: Քարտէզով մը կը ներկայացուի Վանայ ծովուն շուրջ գտնուող հայկական իննիսուն եկեղեցիներու պատմականը եւ խմբագրականին մէջ կը բացայայտուի թէ այսուհետեւ, գործակցաբար Պոլսոյ ,Ակօսեին, չորս լեզուներու կողքին պիտի աւելնայ նաեւ հայերէնը:

***

Վանի օդակայանին մէջ, հրաժեշտի ողջագուրումները, հասցէներու փոխանակումները, վերջին անգամ նկարուելու փափաքները յաւելեալ իրարանցում մը կը ստեղծեն: Ուխտաւորները, երկու տարբեր օդանաւներով պիտի փոխադրուին Իսթանպուլ: Պոլսահայերուն ,աղբարիկ- քոյրիկե արտայայտութիւնը գերակշռող է ամէն մէկ նախադասութեան մէջ:

Աղթամար կղզին եւ Ս. Խաչ եկեղեցին աւելի եւս մօտեցուցած են մեզ իրարու: Այսուհետեւ դարձած ենք եղբայր-քոյր, որդեգրած ենք զիրար:

Առաւօտեան ժամը մէկ ու կէսն է, Իսթանպուլի Մ. Ք. Աթաթիւրք օդակայանը:
Անցագիրս կը ներկայացնեմ սահմանապահ պաշտօնեայ ոստիկանին:
- Հա՞յ ես, կը հարցնէ:
- Էւէթ (այո), էֆէնտիմ:
- Ս. Խաչ եկար:
- Այո, էֆէնտիմ, պիզիմ քիլիսէէ կէլտիմ( մեր եկեղեցին եկայ):
- Ոշ կէլտին ( Բարի եկար):
2010

 

 

 

 

 

 

 

 


ՄԵԾ ԵՂԵՌՆԸ ԵՒ ԵՒՐՈՊԱՆ

$
0
0

hamo Jean_Jaurés  ՀԱՄՕ ՊԵՏՐՈՍԵԱՆ

Գերմանիա

ՀԱՅՐԵՆԻՔ

Ապրիլ 2014-իբացառիկ

«Մեր խօսքը անոնց մասին է, որոնք կը յայտարարեն, թէ Հայ ազգին տառապանքը արդիւնքն  է հայ յեղափոխական գործունէութեան եւ թէ Հայկական վերջին բնաջնջումի եղեռնը ի գործ պիտի չդրուէր, եթէ Կովկասի սահմանագլուխներուն վրայ կամաւորական շարժումներ սկսած չըլլային։

Նման մտածողութիւն ունեցողները պարզապէս պատմութիւնը խեղաթիւրողներն են, պատմութիւնը թունաւորողներ եւ կեղծ տրամաբաններ»։

Մուշեղ Արքեպիսկոպոս (Հայկական մղձաւանջը) Պոսթըն 1916

 

1878ևի Սան Սթեֆանոյի եւ Պերլինի Վեհաժողովները՝ իրենց 16ևրդ ապա 61ևրդ յօդուածներով Հայկական Հարցը դարձուցին Միջազգային խնդիր։

Հայը նախ խանդավառուեցաւ, ապա յուսախաբ եղաւ վեց Մեծ պետութիւններուն ընթացքէն, ուզեց սեփական ուժերով հետապնդել իր ապրելու իրաւունքը։

Արմենական, Հնչակեան եւ Դաշնակցական կուսակցութիւնները իրենց ազատագրական պայքարով տուին արեան տուրքը՝ մեր ժողովուրդի իրաւունքներուն նուաճման ճամբուն վրայ։

Եթէ Սան Սթեֆանոն եւ Պերլինը՝ հայերուն խոստացած էին այդ երկու յօդուածներով բարեկարգութեանց հարցին լուծումը, ապա այդ թիւերը տուի խորհրդածելու, մտածելու եւ գործելու ազգին իրաւունքներուն համար։

1867ևին Սալահետին Պէյը «Թուրքիա եւ Միջազգային Ցուցահանդէս»ը Փարիզի տպուած գրքին մէջ կը նշէ, թէ Օսմանեան Կայսրութեան մէջ ապրող հայոց թիւը՝ 2.400.000 է։

1880ևին վարչապետ Ապտին փաշան կը յայտնէր թէ՝ վեց նահանգներուն մէջ 3.620.000 իսլամ (թուրք, քիւրտ, արաբ) եւ 727.000 հայ բնակիչներ կան։

1917ևին «Ա. Համիտի կեանք»ը լոյս տեսած գրքին մէջ անգլիացի Սըր Էտուին Փիրս կը գրէ, թէ Հայկական վեց նահանգներուն մէջ (Վան, Պիթլիս, Սեփաստիա, Խարբերդ, Տիգրանակերտ, Կարին) 2.600.000 բնակչութիւն կար, որմէ՝ 1.200.000ը հայեր էին։

Հունգարացի հրեայ Կ. Պոլսոյ համալսարանի փրոֆ. Հերմանն Վամպերի իր «Յուշեր» գրքին մէջ կը խօսի Ապտիւլ Համիտի հետ ունեցած իր մէկ տեսակցութեան մասին.և

«Կը վստահեցնեմ ձեզ», կÿըսէ Համիտ «թէ հայերուն խելքը շուտով գլուխնին պիտի բերեմ։ Իրենց գլխուն հարուած մը տալով մոռցնել տամ յեղափոխութեան գաղափարը…։

Գրեթէ հարկադրուած եմ այդ արմատական միջոցները ձեռք առնել ի ներկայութեան այն հալածանքին եւ թշնամութեանը՝ զոր քրիստոնեայ աշխարհը ցոյց կու տայ։

«Ռումանիան եւ Յունաստանը խլելով Թուրքիոյ ոտքերը կտրեցին։ Պուլկարիոյ, Սերպիոյ եւ Եգիպտոսի կորուստով՝ անոր ձեռքերը կտրեցին եւ հիմա այս հայկական յուզումով կÿուզեն մեր ամենէն կենսական մասերը, մեր աղիքները խլել մեզմէ։ Այս պիտի ըլլար ամբողջական կործանումը եւ մենք բոլոր մեր զօրութեամբ դէմ պիտի դնենք ատոր»։

 

Գերմանիոյ Վիլհեմ Բ. Կայսր 1889 եւ 1898 թուականներուն այցելեց Օսմանեան Թուրքիա իսլամական ժողովուրդները սիրաշահելու համար։ Վիլհելմ կայսրը Դամասկոսի մէջ Սուլթան Սալահետտինի դամբարանին առջեւ յայտարարեց.և

«Թող Սուլթանը եւ երեք հարիւր միլիոն իսլամները, որոնք ի դէմս Սուլթանի (Համիտ) կը յարգեն իրենց խալիֆան, համոզուած ըլլան, որ գերման կայսրը ամէնուրէք ու ամէն ժամանակ կը դառնայ անոնց բարեկամը»։

 

«Գերմանիոյ Վիլհեմ Բ.ի դիւանագիտական ու ռազմական յիմարութիւններէն եւ յանցագործութիւններէն, այն ահռելի մեղքէն զատ, որ ընկած է գերմանական հերոսամարտերու ուսերուն, պատերազմի տարիներու կայսրական կառավարութիւնը պատասխանատու է նաեւ 1915 թուականի նողկալի ոճիրներու համար»։

Գերմանացի սպայ՝ Հայնրիշ Ֆիրպուշր «Հայաստան 1915» 1918, Պերլին

 

Հայ ժողովուրդի թշնամիները, ըլլան օտար կամ հայ մշտական յայտարարած են, որ Թուրքիոյ մէջ հայկական կոտորածներու պատճառը հայ յեղափոխական կուսակցութիւնները եղած են։

 

Ունինք եւս անգաղափար հայ մարդիկ, որոնք կը կարծեն, թէ հայը եթէ յեղափոխութեան չդիմէր, եթէ որեւէ հայկական ըմբոստական շարժում տեղի չունենար, մենք կրնայինք թուրքին հետ հանգիստ ապրիլ եւ կամ տեղի պիտի չունենային հայկական կոտորածները։

Ահաւասիկ Թուրքիոյ մէջ կազմակերպուած են հետեւեալ ջարդերը.և Թրքական զանազան կառավարութիւններու կողմէ, սուլթանական, Իթթիհատական եւ Քեմալական։

 

1876ին՝ Պայազիտի մէջ, 1.500 հայեր

1879ին՝ Ալաշկերտի մէջ, 1.250 հայեր

1894ին՝ Սասունի մէջ, 12.000 հայեր

1895և1896ին՝ Արեւմտեան Հայաստանի մէջ, 300.000 հայեր

1896ին՝ Պոլսոյ մէջ, 9.600 հայեր

1896ին՝ Վանի մէջ, 8.000 հայեր

1904ին՝ Սասունի մէջ, 5.650 հայեր

1909ին, Ատանայի մէջ, 30.000 հայեր

1915ին՝ Արեւմտեան Հայաստանի մէջ, աւելի քան 1.500.000 հայեր

1918և1920ին, Կարսի եւ Արտահանի հայերը՝ 30.000

1919ին՝ Կիլիկիոյ մէջ, 50.000 հայեր

1922ին՝ Իզմիրի մէջ, 200.000 հայեր եւ յոյներ։

 

Հայ յեղափոխական կուսակցութիւնները հիմնուած են 1885և1890ական թուականներուն, իսկ մեր վերը յիշած ջարդեր ու թուականները կը հաստատեն, որ հայ կուսակցութիւններու հիմնուած թուականէն շատ առաջ սուլթանները կոտորած եւ ջարդած են հայերուն, ընդհակառակը՝ «ջարդերն էին պատճառը յեղափոխութեան», կը գրէ Անտրէ Ամուրեանը, իր «Հայ Դատ» գիրքին մէջ։

Հայկական աղէտներուն մէջ օտարին պատասխանատուութիւնը մեծ է եւ օտարին մեղքերը շատ են մեզ հանդէպ, բայց օտարը օտար է, հայ չէ։ Իսկ Թուրքիոյ  ոճրագործներու դէմ դուրս չեկան միացեալ հայ սրբազան «ոճրագործները», որովհետեւ վախցանք, որ օտարը, շահամոլ եւ անաստուած քրիստոնեայ Եւրոպան մեզ գազան կÿանուանէ։

Սուլթանները եւ Իթթիհատականները չվախցան այդպիսի բառերէ, որոնց արժէքը կշռած են։
Ֆրանսացի յայտնի գործիչ եւ գրող Ժան Ժոռէս՝ Հայկական Հարցի մասին ֆրանսական խորհրդարանին մէջ, իր խօսած ճառին մէջ, Հոկտեմբեր 3, 1897ին ըսած է Արտաքին Գործոց նախարարին.և

«Դուք մոռցաք աւելցնել… որ հայ յեղափոխականներու ինչ դատաստան ալ որ տնօրինեն, ապահովական գետնի վրայ, անոնք գրգռիչներ չեղան։

«Դուք մոռցաք յիշեցնել, որ անոնց պատասխաատուութենէն առաջ, եթէ միայն անոնք ունէին այդպիսին, եւ ինչ կարող է ըլլալ քանի մը մարդկանց կամ քանի մը կոմիտէներու պատասխանատուութիւնը՝ ամբողջ ժողովուրդի մը նահատակութեան ու կոտորածին դիմաց։

«Կը կրկնեմ, դուք մոռցաք յիշեցնել, որ այդ մարդկանց պատասխանատուութենէն շատ առաջ եւ անոնցմէ ալ վեր կար սուլթանի եւ Եւրոպայի պատասխանատուութիւնը»։

1890ևին աւստրիացի (քրիստոնեայևկաթողիկէ) նախարար Քալնոկին խօսելով հայոց պահանջներու մասին, բացարձակապէս կը յայտարարէր.և

«Եւրոպա չկայ եւ մինչեւ որ հայկական հողը չթաթախի արիւնով, թող գիտնան հայերը, որ ոչինչ չեն ստանար….»։

Սուլթանական Թուրքիան բարբարոս էր։ Բնաւ պատահական չէ, որ Գերմանիան առաջինը օգնութեան ձեռք մեկնեց սուլթաններուն, քուէարկելով յօգուտ հայերու բնաջնջման։

1913ևին, գերմանական պետական գործիչ Արթուր Ցիմերմանը յայտարարած էր.և

«Ըստ էութեան պէտք չեն Գերմանիային, Հայաստանը՝ բնակուած հայերով, վնասակար է նրա շահերին»։

Իսկ Եղեռնի տարիներուն Հումանը՝ (գերմանացի հրեայ) Վիլհելմ Բ. կայսրի ներկայաացուցիչը Պոլսոյ գերմանական դեսպանատան մէջ կը պատճառաբանէր.և

«Թուրքերն ու հայերը չեն կարող ապրել միասին։ Հետեւաբար, թուրքերը կը հանդիսանան գերմանացիներու բարեկամները, ապա պէտք է ոչնչանան հայերը»։

Կ. Պոսլոյ ռուսական դեսպանատան առաջին թարգման՝ Անտրէ Մանտելշթամի մէջ խօսքը, որ արձանագրուած է 1917ևին, ջարդարարներու պատասխանատուութեան, համաձայնական երկիրներու ու պարտականութեան մասին.և

«Նկատենք, որ թուրք ժողովուրդը տգէտ եւ նախնական ժողովուրդ մըն է, որ արկածախնդրութիւններու մէջ նետուեցաւ «Թալիմի Ալման»ի պատճառով։

«Շնորհենք իրենց այն մեղմացուցիչ պարագաները, որ չենք մերժեր մեծ ոճրագործներուն։ Բայց չմոռնանք իր ոճիրները։ Իրաւունք  չունինք, ինչպէս ըսին համաձայնական կառավարութեանց պետերը, ան պէտք է հատուցում ընէ, պէտք է վերադարձնէ իր յափշտակածները ու մանաւանդ պէտք է երաշխիք տայ, որ նման չարիքներ պիտի չկրկնուին»։

 

Ըստ լիբանանցի իրաւաբան Մուսա Փրէնսի, Հայասպանութեան մասին.և

«Թուրքիայէն ետք, անվիճելիօրէն պէտք է նկատի ունենալ Գերմանիոյ պատասխանատուութիւնը։ Այդ պատասխանատուութիւնը կը գտնենք համիտեան վարչակարգին օրով, երբ տեսանելի էր եւ նախատեսելի։

«Այդ ժամանակաշրջանին, Պիզմարքեան ներշնչում ունեցող «Թալիմի Ալմանը» հրապարակային դասընթացք մըն էր։ Համագերմանութիւնը, Գերմանիոյ քաղաքական, տնտեսական եւ զինուորական շահերուն համար օգտագործեց համաթրքութիւնը։

«Պէտք է խոստովանիլ, թէ սուլթանը Գերմանիոյ կը պարտի Սան Սթէֆանոյի դաշնագրի ձախողութիւնը եւ Պերլինի դաշնագրի մեռեալ տարր մնալը։ Թուրքերու, ապա գերմաններու պատասխանատուութենէն ետք, պէտք է նկատի ունենալ համաձայնական երկիրներու պատասխանատուութիւնը։ Անգլիան, Ֆրանսան, Իտալիան, Ռուսաստան եւ Աւստրիան»։
Գերմանացի ականաւոր հրապարակագիր Հարրի Շթուրմըր, որ 1915և1916ևին Պոլիս եղած է «Կազէթ տը Քոլոն» թերթի թղթակիցի հանգամանքով եւ մօտէն հետեւած է հայկական ջարդերուն։ Իր գիրքը, որ կը կոչուի «Պատերազմի Երկու Տարիներ Կ. Պոլսոյ մէջ», գրուած է 1917ևին, Ժընեւ։

Ինչ քաջութեամբ, որ կը խոստովանի իր երկրին՝ Գերմանիոյ մեղապարտութիւնը պատերազմին ծագման մէջ, նոյն քաջութեամբ կը հաստատէ իր երկրին անքաւելի մեղսակցութիւնը՝ կոտորածներուն մէջ.

«Երկու գերմանացի սպաներ, երբ Անատոլուի ներքին քաղաքներէն մէկուն մէջ կը գտնուէին, եռանդով ստանձնեցին հայերը տարագրելու եւ բնաջնջելու նախաձեռնութիւնը։ Տեսնելով որ դժբախտ ժողովուրդի զանգուած մը, այրեր, կիներ եւ փոքրեր, տան մը մէջ ապաստանած եւ ամրացած են հոն, սպանդանոց տարուող արջառներու պէս մահուան գիրկը չքշուելու համար եւ թնդանօթներու փողը անոնց վրայ ուղղուած ըլլալով հանդերձ, ոեւէ թուրք տխուր քաջութիւնը չէր ունենար կրակելու, եւ անձամբ սկսան կրակել, առանց ոեւէ մէկին հրաման ստացած ըլլալու»։

1920 թուին, Պերլինի մէջ հրատարակուած է «Ապրումներ համաշխարհային պատերազմի մասին» վերնագիրը կրող գիրք մը, որուն հեղինակն էր կայսերական Գերմանիոյ ֆինանսական նախարար, գերմանական «Կեդրոն» կուսակցութեան առաջնորդ՝ Կաթողիկէ Մաթիաս Էրցպերկէրը։ Գերման նախարարը իր գիրքին մէջ կը զրպարտէ գերմանացիներու մեղսակցութիւնը հայկական կոտորածներուն մէջ եւ հետեւեալը կը գրէ.և

«Եւրոպական հաշուեմատեանի ամէնասեւ էջերէն մէկն է, անտարակոյս, Հայկական Հարցը։ Գրեթէ ամէն վէճ, զոր ունեցած է Թուրքիա՝ որեւէ մեծ պետութեան հետ, տառապանք պատճառած է հայերուն։

«Այդ օրերուն, գերման հեղինակաւոր շրջանակներու հետ յաճախ խօսեցայ այն հարցի մասին, թէ Հայաստանի մէջ պատահած դէպքերուն պատճառով պէտք չէ՞ր արդեօք Թուրքիոյ վրայ բանեցնել այնպիսի ճնշում մը, որ նոյնիսկ չխուսափէր Դաշնակցութիւնը չեղեալ նկատելէ։

«Սակայն, ամէնալուրջ խորհրդածութիւններէ յետոյ հեռու մնացինք անկէ, նկատելով որ այդպիսի միջոց մը պիտի չÿօգնէր հայերուն, այլ հաւանաբար կրնար միայն վնասել։

«Բոլոր դէպքերը ճշդիւ ճանաչելէ ետք, պատրաստ եմ ըսել, թէ Հայաստանի շատ ցաւալի պատահարներուն համար կարելի չէ մեղադրել գերմանական պետութիւնը։ Գերման իշխանութիւններն ու գերման կաթոլիկները ամէն ինչ ըրին սարսափը խնայելու համար»։

Մ. Էրցպերկէրն էր 1918ևին կայսերական Գերմանիոյ կողմէ զինադադարը ստորագրողը, իսկ 1921ևին, գերման ֆաշիստ մը սպաննեց Պերլինի մէջ։

 

Հիմա տեսնենք Թալաաթ փաշան ինչ կը գրէ իր յուշերուն մէջ, «թուրք ժողովուրդին պաշտպանողական»ը խորագրին տակ, որ լոյս տեսաւ Թրքական «Թէրճուման» օրաթերթի Նոյեմբեր 1991 թիւին մէջ.և

«Իրականութեան մէջ զինուորական կանխազգուշական միջոցառում մըն էր միայն, որ անգութ ու անարգ մարդոց ձեռք ողբերգութեան մը վերածուեցաւ։

«Նպատակս այս բոլորին տգեղութիւնը թաքցնել չէ, միայն կÿուզեմ ըսել, թէ անարդարութիւն ու կամայական դիրքաւորում է այս բոլորին համար մեղադրել ամբողջ կառավարութիւնը, Իթթիհատի վարչութիւնը եւ անոր անդամները, որոնք ոչ մէկ կապ ունեցած են պատահարներուն հետ։

«Անոնք հայերու դէմ կատարուածին համար վերջին ծայր յուզուած են ու միշտ ջանացած են ազդեցութիւն բանեցնել կառավարութեան վրայ, որպէսզի արգելք ըլլան դէպքերուն։ Կարգ մը չարամիտ ու թշնամիին ծառայող մարդիկ նաեւ Գերմանիոյ պատիւը ոտնակոխ ըրին, քարոզչութիւն կատարելով, որ գերմանները դրդած են թուրքերը  հայերու դէմ շարժման անցնելու։

«Դէպքերը հակառակը ցոյց կու տան, անմիջապէս, որ պատահար մը կը լսուէր, գերման կառավարութիւնը բողոքագրով մը կը թելադրէր վերջ տալու»։

 

«Հայկական խնդիրը լուծելու տեսակէտով՝ երեք ամսուան մէջ ես գործ կատարեցի, քան Ապտիւլ Համիտ երեսուն տարուան մէջ»։

Պուլպար Գնչու Թալաաթ Փաշան

 

«Հայկական Ցեղասպանութիւնը տեղի ունեցած է Գերմանիոյ գիտութեամբ, Գերմանիան ոչ թէ անտեղեակ էր կատարուող Ցեղասպանութեան մասին, այլ Թուրքիոյ մէջ ունեցած իր ներկայացուցիչներու միջոցով կրկնակի տեղեակ էր կացութենէն»։

Այսպէս կը գրէ ամերիկացի պատմաբան Սուզըն Բ. Պլէրը, իր «Անմարդկայնութեան չքմեղանքներ. գերմանական պաշտօնական կեցուածքը 1915ևի Հայասպանութեան հանդէպ» գիրքին մէջ եւ կը շարունակէ.և

«Թուրքիոյ ֆաշական վարչակարգը ծրագրեց ու գործադրեց Հայկական Ցեղասպանութիւնը՝ ժամանակի մեծ պետութիւններէն Գերմանիոյ գիտութեամբ եւ մեղսակցութեամբ, մինչ դաշնակիցները բուռն բողոք բարձրացուցին. վերաբերում որ չէր բխեր մարդասիրական նկատումներէն, որովհետեւ նոյն այդ բողոքող պետութիւնները այսօր լուռ են եւ կը ճգնին կասկածի տակ առնել Ցեղասպանութեան իրողութիւնը։

«Գերմանիան հնարաւորութիւնն ունէր կասեցնելու կոտորածները։ Երիտթուրքերու վարչակարգը կանգուն էր Գերմանիոյ օժանդակութիւններու շնորհիւ։

«Հայասպանութեան մէջ Գերմանիոյ մեղսակցութիւնը աւելի շեշտակի կը դառնայ այն բանով, որ վերջինս հրապարակ եկաւ նաեւ Ցեղասպանութեան իրողութեան քողարկումով ու մերժումով։ Երիտթուրքերու կործանումէն ետք, նաեւ Գերմանիան փոփոխութեան չենթարկեց իր կեցուածքը»։

 

Գերմանական շաբաթաթերթ »Die Zeit« (Ժամանակ), որ լոյս կը տեսնէ Համպուրկ քաղաքին մէջ, Ապրիլ 20, 1990ևին յիշած է գերմանացիներուն պատասխանատուութիւնը հայկական կոտորածին մասին։ Հեղինակը՝ ամերիկացի փրոֆ. Լ. Լէշնիքը կ.անդրադառնայ ամերիկեան դեսպան Մորկընթաունի մէկ վկայակոչումին, ըստ.և

«Գերման ծովակալ Ֆոն Ուզետոմ հաստատած կÿըլլայ տեղահանման ծրագրին գերմանացիներուն կողմէ մշակուած ըլլալը։ Նոյն գաղափարը մշակած են Փաուլ Ռորհպախ եւ Մարշալ Ֆոն Տէր Կոլց, իրենց բանախօսութիւններու ընթացքին։ Երկուքն ալ առաջարկած են տեղահանուած հայ բնակչութիւնը Պաղտատի երկաթուղիին երկայնքին տեղաւորել։ Ասիկա կօշկակարին կօշիկ ծախելու կը նմանէր, քանի որ թուրքերը շատ լաւ գիտէին ժողովուրդները տեղահան ընելը»։

 

Այս վկայութիւնները ցոյց կու տան, որ հայ յեղափոխական կուսակցութիւնները պատճառ չեղան հայ ժողովուրդի ջարդերուն։ Այն քաղաքներուն ու գիւղերուն մէջ, որ ոչխարի պէս մորթուեցանք եւ ջարդուեցանք, այն չէր որ պայքարեցանք կամ կռուեցանք, այլ այն որ չկռուեցանք, թշուառներու պէս մէկը միւսը դաւաճանեցինք, ուժ եւ կարողութիւն չունեցանք ընդդիմանալու թուրքերուն։

Հոն ուր պայքարեցանք, կռուեցանք եւ զէնքի դէմ զէնք բարձրացուցինք, հոն մենք ազատուեցանք եւ փրկուեցանք, օրինակ՝ Վանի հերոսամարտը, Մուսա Լերան հերոսամարտը եւ ուրիշներ։

Վենէզուէլացի Ռաֆայէլ Տը Նոկալէսը, 1914ևէն սկսեալ կը ծառայէր իբրեւ գերման սպայևհրամանատար թուրք բանակին մէջ, ուսումը ստացած Գերմանիա։ Իր «Չորս տարի կէս լուսնի տակ»։

Այս կաթողիկէ քրիստոնեան, որ իր հրամանով 1915ևին Վանի վանքերը, եկեղեցիները, դպրոցներն ու հիւանդանոցները քանդել տուաւ, իր գիրքին մէջ հետեւեալը կը գրէ.և

«Հայաստանը այսօր ազատ պիտի ըլլար, ինչպէս Պուլկարիան, Սերպիան եւ Մոնթենէկրոն եւ եթէ ոչ բոլորովին ազատ, անկախ գոնէ առնուազն իր անձնական դահիճները պիտի յարգէին եւ վախնային իրմէ։

Եթէ Օսմանեան հայերը, փոխարէն իրենց ժամերը թշուառութեամբ, դաւաճանութեամբ եւ խարդախութեամբ կորսնցնելու եւ ամէն ինչը Անգլիայէն, Ֆրանսայէն ու Ռուսաստանէն սպասէին, սկիզբէն զէնքի դիմէին, ինչպէս ազգային սեփական կեանքը, եւ գիտակցօրէն կռուէին եւ մարտնչէին մինչեւ վերջ»։

Երիտասարդ գերմանացի պատմագէտ Քլէմընս Զորկէնֆրայ, որ անդամ է Պոխումի Ռուհըր համալսարանի «Սփիւռք եւ Ցեղասպանութեան Ուսումնասիրութեան Հիմնարկ»ին, գիտաժողովի մը ընթացքին խօսած է հայերուն «Մոռցուած Ցեղասպանութեան» մասին.և

«Հայերուն դէմ գործուած ոճիրին մասին փաստաթուղթերուն մեծ մասը կու գայ գերմանացի վկաներէ։ Թուրքիան ամբաստանող այդ տեղեկագիրները կը գտնուին Գերմանիոյ պետական արխիւներուն մէջ, որոնք բաժնուած են Պոննի, Փոցտամի եւ Ֆրայպուրկի միջեւ»։

Պատմագէտը յիշած է նաեւ Հալէպի մէջ Գերմանիոյ հիւպատոսը Վալթէր Ռուսլէրը, «որ 1915ևին գրած էր, թէ 25 օր անդադար իր առջեւէն անցած էին Եփրատի մէջ նետուած սպաննուած հայերու դիակները…։

«Գերմանիոյ կայսրութիւնը ինքզինք մեղսակից դարձուց այն ոճիրին բոլոր այս տեղեկութիւնները օրին չհրապարակելու համար»։

Յունական «Էլեֆթէրոս Թիփոս» օրաթերթը Հայկական Ցեղասպանութեան նուիրուած աշխատանք մը հրատարակած է էր՝ ակնարկելով թրքական վայրագութիւններուն եւ թուրքևգերման գործակցութեան.և

«1918 Նոյեմբեր 1ևէն 2ի գիշերը Պոլսոյ գերմանական դեսպանատան «Lorelay» ռազմանաւը Վոսփորի ջուրերուն վրայէն կը սահէր դէպի Սեւ Ծով։ Նաւուն մէջ կը գտնուէին երիտթուրքերու «Միութիւն եւ Յառաջդիմութիւն» կուսակցութեան ղեկավար անդամները, որոնք իրենց երկիրը կը լքէին՝ Ա. Աշխարհամարտէն ետք աւերակներու տակ ձգելէ ետք եւ փրկուելու համար ձերբակալութենէ, պատիժէ։

«Անոնց մէջ կը գտնուէին բժիշկներ Նազըմ Պէյ եւ Պեհաէտին Շաքիր, Տրապիզոնի ընդհանուր կառավարիչ Ճեմալ Ազմի եւ Պոլսոյ ոստիկանապետ Պետրի Պէյ։ Բոլորը կազմակերպիչներ ու գործադրիչներ՝ «որոշ անձերու վերջանական հաշուեյարդարի», ինչպէս մեծ վեզիր Մեհմէտ Թալաաթ փաշա իր հեռագիրներուն մէջ ծածկագրուած կը գրէր՝ անդրադառնալով հայկական տեղահանութիւններուն…»։

Հայկական Ցեղասպանութեան ամենէն ահաւոր ու ամենէն զարհուրելի հետեւանքը այն եղաւ որ երեք հազար տարիներու հայրենի հողը կորսնցուցինք եւ պատմական թրքահայաստանը մնաց առանց հայու։

Անցեալին եւ այսօրուան Եւրոպան եւ Միացեալ Նահանգները գաղափարական եւ տնտեսական աշխարհին համար, իրենց պետութեան շահերը աւելի ծանր կը կշռեն քան իրաւունքի գիտակցութիւնը։

Օտարներէն շահ չկայ, պէտք է միայն հիմնուինք մեր սեփական ուժերուն վրայ։

Այսօր Արեւելեան Հայաստանի Հանրապետութեան եւ Արցախի Հանրապետութեան ժողովուրդները հայրենիքի ազատութեան եւ անկախութեան սկզբունքը իւրացուցած են։

Իսկ Սփիւռքահայութիւնը իր ամբողջ կուսակցութիւններով կազմակերպութիւններով եւ հայկական եկեղեցական բոլոր հոգեւորականներով անխտիր, պէտք է վերջապէս ցոյց տայ անսիրտ ու դրամասէր Մեծ պետութիւններու կառավարութիւններուն, որ ինքն է Արեւմտեան Հայաստանի տէր ու տիրականը։ Սփիւռքահայութիւն է որ տասնեակ տարիներ ի վեր կը պայքարի ու պիտի պայքարի եւս երկար տարիներ, որովհետեւ որդեգրած է եւ կը հետապնդէ  հայ ժողովուրդի եւ Արեւմտեան Հայաստանի ազատագրութեան եւ անկախութեան իտէալը։

Մենք հաստատ հաւատացած ենք որ անպայման պիտի յաղթանակէ արդարութիւնը, պիտի իրականանայ հայ ժողովուրդի երազը Ազատ Անկախ Միացեալ Հայաստանը եւ հատուցումի օրը մենք ալ պիտի ունենանք, եթէ չկորսնցնենք մեր յոյսն ու հաւատքը։

 

 

 

  ՔԱՅԼԵՐԳ ՈՐԲԵՐՈՒ ԸՆԴՀԱՆՈՒՐ ՄԻՈՒԹԵԱՆ (ԵՐԳԻ ՄԸ ՊԱՏՈՒՄԸ)

$
0
0

avo 1 ԱՒՕ ԳԱԹՐՃԵԱՆ

ՀԱՅՐԵՆԻՔ

Ապրիլ 2014-իբացառիկ
Հայոց Ցեղասպանութեան իրագործումէն` 1915-էն ետք, երբ կրկին կեանքը կը շարունակուէր, հայութիւնը կարիքը ունէր համախբուելու եւ իր կենցաղն ու մշակոյթը շարունակելու թէկուզ ոչ իր սեփական հողին վրայ, գէթ թեթեւցնելով իր ցաւերը: Այսպէս` Սուրիան ընդհանրապէս եւ Հալէպ քաղաքը յատկապէս, որպէս Եղեռնէն մազապուրծ փրկուածներ հայերու հոծ տարագրուողներու վայր, դարձաւ վերապրող հայութեան ապահով ու կեանքի կոչման սկզբնաղբիւրը. անոր համար է, որ Հալէպը Սփիւռս աշխարհի հայկական գաղութներուն ծանօթ է, որպէս Սփիւռքի Մայր Գաղութ:
Հալէպ քաղաքի մէջ հիմնուեցան զանազան հայկական դպրոցներ, եկեղեցիներ, ակումբներ, բարեսիրական ու մարզական զանազան միութիւններ եւ այս պարագան ընթացք առաւ Մերձաւոր Արեւելքի տարածքին:avo 2
Մերձաւոր Արեւելքի Ամերիկեան Նպաստամատոյցը (Near East Relief) համաշխարհային պատերազմի պատճառած թշուառութիւնները նկատի առնելով զինադադրէն անմիջապէս ետք, առաջին պատեհ առիթին որբանոցներ հաստատեց այն կեդրոններուն մէջ, ուր կը հաւաքուէին որբերը պատերազմի ընթացքին կամ պատերազմէն վերջ, ուստի Ամերիկեան բարեգործական հաստատութեան ժրաջան ջանքերով 12.000-ի չափ Հայ երկսեռ որբեր միայն Սուրիոյ, Լիբանանի եւ Պաղեստինի շրջաններուն մէջ հաւաքուած էին, խնամուած որբանոց ապաստարաններուն մէջը : Այստեղ տեղին է յիշեցնել երախտապարտօրէն թէ Ամերիկեան Նպաստամատոյցը իր ամբողջ գործունէութեան ընթացքին ջերմ պաշտպանութիւնը վայելած է Սուրիոյ, Լիբանանի եւ Պաղեստինի կառավարութիւններուն:
Մարդասէր Ամերիկացիներ` “Near East Relief“ի ներքեւ ամէն կարելիութիւն ու աջակցութիւն ըրին վերապրողներուն, նոյնիսկ Կիլիկիոյ հայկական քաղաքներուն մէջ ինչպէս` Մարաշ եւ այլ վայրեր, որպէսզի փրկեն զանոնք ստոյգ մահէ: Արդ, անոնք նոյնացած էին գրեթէ իրենց գործած տեղացի հայերուն հետ եւ մեծ բարեբախտութիւն էր, որ Ամերիկեան Նպաստամատոյցի պաշտօնեաներն ալ արժանաւորապէս կատարած են իրենց մարդասիրական բարձր կոչումը : Այս պատճառով է արդէն հայութիւնը միասիրտ եւ միաբերան երախտապարտ է բոլոր ճշմարիտ մարդասէրներու, ինչ ազգի կամ կրօնքի ալ պատկանած ըլլան անոնք:avo 3
1915-1924 թուականներուն, երբ Մերձաւոր Արեւելքի Ամերիկեան Նպաստամատոյցը իր մարդասիրական գործը կը կատարէր` որբերու հաւաքում, ստոյգ մահէ փրկել, սնանել, կրթութիւն եւ այլն, այս անգամ կը յղանար բոլորովին այլ միտք մը` որբերը որբանոցներէն դուրս ելլելէն ետք ապագայ կեանքին մասին գործնական ձեւ մը` որդեգրել որբերու յատուկ կազմակերպութեան մը գաղափարը, որուն անունը Ամերիկացիներու որոշումով անուանուեցաւ “Նիր Իսթ Լիկ“ (“Near East League“), որ կը մէկտեղէր հայ եւ օտարազգի որբեր իրարու հետ գործակցելով եւ իրարու հետ բարեկամութիւն հաստատելով, նախ որբանոցին, յետոյ գործի ասպարէզին մէջ իրարու նեցուկ ու պաշտպան կանգնելու: “Լիկ“ը զանազան շրջաններուն մէջ ունէր իր մասնաճիւղերը, յատկապէս մարզական գետնի վրայ: Ժամանակի ընթացքին կազմակերպութիւնը զարգացաւ եւ աւելի հանգամանքով. քանի որ Սուրիացի որբեր ինքնաբերաբար բաժնուեցան իրենց պարագաներուն քով հաստատուելով: Այստեղ ընթերցողին ուշադրութեան կը յանձնենք այն իրողութիւնը, որ “Նիր Իսթ Լիկ“ը թարգմանուած էր “Որբերու ընդհանուր միութիւն“ի: Էութեան մէջ ան որբերու միութիւն մըն էր, բայց “Նիր Իսթ Լիկ“ի տառացի թարգմանութիւնը “Որբերու ընդհանուր միութիւն“ չէր, բայց եւ այնպէս “լիկ“ կամ “Որբերու ընդհանուր միութիւն“ անունով գործեց եօթը տարի : Յետագային տեղի ունեցած վիճաբանութիւնները անուան փոփոխութեան վերջ տալու համար, որոշուեցաւ թարգմանել այսպէս` “Մերձաւոր Արեւելքի ընկերակցութիւն“:avo 4
“Որբերու ընդհանուր միութիւն“ը, որ ունէր յատուկ իր կանոնագիր ծրագիրը, ունէր նաեւ քայլերգը` “Քայլերգ որբերու ընդհանուր միութեան“ վերնագրով, որուն խօսքերուն հեղինակն է ազգային հասարակական գործիչ Միհրան Տամատեան, իսկ երաժշտութիւնը` Ռուս ամերիկացի, դաշնակահար եւ երգահան Արքատի Քուկել (Arkadie Kouguell, 1895-1985):

ՔԱՅԼԵՐԳ ՈՐԲԵՐՈՒ ԸՆԴՀԱՆՈՒՐ ՄԻՈՒԹԵԱՆ

Մանկիկներ էինք դեռ մատաղի`
Երբ տուինք հայր, մայր, զոհ մի սուրբ դատի
Ու մենք մնացինք ծոցն անապատի
Որբ անպատսպար, մերկ ծարաւ նօթի
Բայց մեզ հայ օտար բարերարք անգին
Ըստոյգ մահուընէ դարձուցին կեանքին:

Խանդաղատօրէն ու սիրողաբար
Ըսին մեզ, “Որբ չէք, Ազգն է ձեզի հայր,
Մէկ մօր տեղ ունիք հիմա հազար մայր,
Եղբայր քոյր մ’ողբամք բոլո՛րդ քոյր եղբայր“:avo 5
Այսպէս հայ, օտար բարերարք անգին
Ըզմեզ դարձուցին յոյսին ու կեանքին:

Անոնք ջամբեցին մեզ հաց մարմնաւոր,
Ու տուին մեզ սնունդ մտաւոր,
Մեզ ընձեռեցին օժիտ հոգեւոր`
Առաքինի վարք, կենցաղ պատուաւոր.
Կեցցե՜ն հայ, օտար բարերարք անգին,
Որ մեզ դարձուցին լոյսին ու կեանքին:

Երբեմնի որբեր, ա՛լ հիմա չենք որբ,
Այլ պատանիներ, կոյսեր խանդաբորբ
Եւ ահա կազմած միութիւն մը սուրբ`
Պարտք մը կը ստանձնենք դժուարին ու նուրբ:
Կեցցե՜ն հայ, օտար բարերարք անգին,
Որ մեզ դարձուցին գիտակից կեանքին:

Ազգին մարդասէր, Ամերիկային,
Միշտ երախտապարտ, մենք ալ մեր կարգին
Կը կատարենք մեր պարտքը մարդկային
Եւ յոյս ունինք, որ մօտ ապագային`avo 7
Մեզմով պիտ պարզին բարերարք անգին,
Որ մեզ լծեցին բեղմնաւոր կեանքին:

Սեղմե՛նք շարքերնիս` միմեանց քաջալեր,
Առնե՛նք ձեռք ձեռքի զուգընթաց քայլեր.
Երանի՜ մեզմով մեր ազգը փայլէր,
Մեր վարք ու բարքին աշխարհ զմայլէր
Եւ օրհնէ՛ր յաւէտ բարերարքն անգին
Որ մեզ լծեցին շինարար կեանքին :

Մերձաւոր Արեւելքի Ամերիկեան Նպաստամատոյցը 15 տարուան հսկայ աշխատանք մը կատարելէ ետք, վերջ տուաւ իր որբապաշտպան գործին:
Այստեղ հպարտութեամբ պէտք է ըսել եւ միշտ յիշել, որ Եղեռնէն ազատած որբերը իբրեւ մարդ եւ իբրեւ հայ, աշխարհի տարածքին ցրուած` կազմեցին ընտանիք, դարձան այդ երկրի հաւատարիմ քաղաքացիներ, ուր սնան, աշխատեցան, ծառայեցին, միշտ իրենց յիշողութեան մէջ քանդակած պահելով իրենց ազգային աղէտի պատմութիւնը: Ահա այսպէս դաստիարակուեցան ու սնան հայ որբերը որբանոցներու մէջ: Վերոնշեալ երգն ալ այս բոլորը կը պարզաբանէ` անոնց անցած տաժանելի ու դաժան կեանքը, նայուածքնին դէպի առաջ դէպի փայլուն ապագայ հայավայել ձեւով, միշտ երախտապարտ իրենց երկրորդ հայրենիքներուն եւ բարձր պահելով հայու անունը, հետապնդելով Հայ Դատը:

ՆԻՒ ԵՈՐՔԻ ՄԷՋ .- “ՀԱՅՐԵՆԻՔ“Ի ՀՐԱՏԱՐԱԿՉԱՏԱՆ ՆՈՐ ԳԻՐՔԻ ՇՆՈՐՀԱՆԴԷՍ

$
0
0

VARTAN GR  ՆԻՒ ԵՈՐՔ.- Ապրիլ 28-ին, յատուկ ձեռնարկ մը տեղի ունեցաւ Նիւ Եորքի մէջ, ուր կատարուեցաւ “Հայրենիք“ հրատարակչատան լոյս ընծայած գիրքին՝ “Voices From the Past“ի (“Անցեալի Ձայներ“) շնորհանդէսը:
Ձեռնարկը տեղի ունեցաւ Վըրճինիա Տէյվիսի բնակարանէն ներս, որ իր կողակից Ուիլըրտ Թէյլըրի հետ, ամէնայն յօժարութեամբ հիւրընկալած էր աւելի քան յիսուն ներկաներ:nyc event
Օրուան բանախօսն էր “Քարնըկի“ հիմնարկի նախագահ՝ Վարդան Գրիգորեան, որ յատկապէս խօսեցաւ իր յուշերուն եւ Սիմոն Վրացեանի մասին: Պէյրութի “Համազգային“ի աշակերտ, Գրիգորեան, մօտէն ծանօթ եղած էր Հայաստանի նախկին վարչապետին: Ան նաեւ պատմեց դրուագներ, երբ երիտասարդ տարիքին կ՛աշխատակցէր Թեհրանի “Ալիք“ին: Նաեւ, ան յիշեց “Հայրենիք“ի համար կատարած իր աշխատանքներուն մասին:
nyc event2  Նախքան Գրիգորեանի խօսքը, Ա.Մ.Ն. Արեւելեան Շրջանի Կեդրոնական Կոմիտէի անունով, խօսք առաւ ներկայացուցիչ Ռիչըրտ Սարաճեան, որ անդրադարձաւ մամուլի բնագաւառէն ներս, վերջին տասնամեակին կատարուած փոթոխութիւններուն մասին:
Այս հաւաքին նաեւ ներկայ էր իտալահայ Անթոնիա Արսլան, որ կատարեց արտասանութիւն մը: Տոքթ. Հրանդ Մարգարեան, տեղւոյն վրայ կատարեց թարգմանութիւնը: Նշենք թէ այս բանաստեղծութիւնը տեղադրուած է նկարազարդ գրքոյկի մը, նուիրուած Արցախին: Այս կոթողական գործէն օրինակ մը, իբրեւ նուէր յանձնուեցաւ Վարդան Գրիգորեանին:
Նշենք թէ “Voices From the Past“ի (“Անցեալի Ձայներ“) գիրքը պատրաստած է Վահէ Հապէշեան, կատարելէ ետք հետեւողական ուսումնասիրութիւններ եւ թարգմանութիւններ: Նախապէս, “Հայրենիք“ հրատարակչատունը լոյս ընծայած էր Արշաւիր Շիրակեանի յուշերը, անգլերէնով եւ ելեկտրոնային դրութեամբ՝ “The Legacy: Memoirs of an Armenian Patriot“:

ՕՓԵՐԱՅԻ ԵՐԳԻՉ ՎԱՀԱՆ ՄԻՐԱՔԵԱՆԻ ՄԱՀԸ

$
0
0

p15 vahanmirakyan  ԵՐԵՒԱՆ. 79 տարեկանին մահացաւ Հայաստանի ժողովրդական արուեստագէտ, օփերայի նշանաւոր երգիչ Վահան Միրաքեանը: 1980ական թուականներէն ետք Միրաքեան իր բեղմնաւոր գործունէութիւնը շարունակած է Վիեննայի, ապա Միացեալ Նահանգներու մէջ, ուր մահացաւ։

Միրաքեանի վերջին հրաժեշտը տեղի ունեցաւ Մայիս 26ին, Երեւանի Կոմիտասի անուան կամերային երաժշտութեան տան մէջ, իսկ յուղարկաւորութիւնը՝ Երեւանի քաղաքային պանթէոնին մէջ:

 

The post ՕՓԵՐԱՅԻ ԵՐԳԻՉ ՎԱՀԱՆ ՄԻՐԱՔԵԱՆԻ ՄԱՀԸ appeared first on Hairenik Weekly Newspaper.

ՀԱՅՐ ԼԵՒՈՆ ԶԷՔԻԵԱՆ ԿՈՍՏԱՆԴՆՈՒՊՈԼՍՈՅ ՀԱՅ ԿԱԹՈՂԻԿԷ ՀԱՄԱՅՆՔԻ ԱՐՔԵՊԻՍԿՈՊՈՍ ՆՇԱՆԱԿՈՒԵՑԱՒ ՓՐԱՆԿԻՍԿՈՍ ՊԱՊԻՆ ԿՈՂՄԷ

$
0
0

p15 zekian Մայիս 21ին, Փրանկիսկոս Պապը Լեւոն Պօղոս Վրդ. Զէքիեանը նշանակեց Պոլսոյ Հայ կաթողիկէ արքեպիսկոպոսական թեմի առաքելական կառավարիչ, անոր շնորհելով արքեպիսկոպոսի տիտղոսն ու աստիճանը:

Յայտնենք, որ վերոյիշեալ թեմի օգնական եպիսկոպոսը՝ գերապայծառ Գէորգ Խազումեան ներկայացուցած էր իր հրաժարականը եւ Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկէ հայոց Ներսէս Պետրոս ԺԹ. կաթողիկոսպատրիարքը, եպիսկոպոսներու մնայուն սիւնհոդոսի հաւանութեամբ, ընդունած էր հրաժարականը, տեղեակ պահելով Սուրբ աթոռը:
Պօղոս Լեւոն Զէքիեան ծնած է Պոլիս՝ 1943 թուականին: 1955էն յաճախած է Սուրբ Ղազարու Մխիթարեան մայրավանքի նորընծայարանը՝ աւարտելով աւելի ուշ Իմաստասիրութեան (1962) ու Աստուածաբանութեան (1966) Հռոմի Պապական Գրիգորեան համալսարանը: 1967ին Սուրբ Ղազարու մէջ վարդապետ ձեռնադրուած է Գերապայծառ Կարապետ Ամատունիի ձեռամբ: Մասնագիտացած է Աստուածաբանութեան եւ արեւելեան հոգեկանութեան մարզերէն ներս, այնուհետեւ՝ 1973ին իմաստասիրութեան դոկտորական տիտղոսը ստացած է Պոլսոյ պետական համալսարանէն՝ աւարտաճառի նիւթ ունենալով “Սուրբ Օգոստինոսն ու իր հոգեկանութեան սկզբունքը ճանաչողութեան տեսութեան մէջ եւ ինքնաճանաչումը“ (առաջինը Թուրքիոյ պարագային): Հայ համայնքի միջնակարգ եւ երկրորդական վարժարաններու, ինչպէս նաեւ Պոլսոյ իտալական լիսէին մէջ դասաւանդած է: 1974ին Վենետիկ վերադառնալով՝ Միաբանութեան ժառանգաւորաց ու ՄուրատՌափայէլեան վարժարաններու ուսուցիչի, աւելի ուշ՝ 19821985 տարիներուն տեսուչի պաշտօն վարած է: Մինչեւ 2011 թուականը վարած է Վենետիկի “Քա Ֆոսքարի“ Համալսարանի հայագիտական իր իսկ կողմէ 1976ին հիմնուած կաճառը, որ աւելի ուշ գլխաւոր լեզուի քառամեայ ուսուցման առարկայի վերածուած է: Ներկայիս՝ Հռոմի Արեւելեան Հայրապետական համալսարանի Աստուածաբանութեան եւ Հայ Եկեղեցւոյ Հոգեկանութեան դասախօս է, ինչպէս նաեւ Արեւելեան Եկեղեցիներու Միաբանութեան Մերձաւոր Քրիստոնեայ Արեւելքի Ուսմանց Կեդրոնի յատուկ յանձնաժողովի խորհրդական է: Բազմաթիւ գիտական հրատարակութիւններու հեղինակ, Հայաստանի Գիտութիւններու Ակադեմիայի ու Oasis Հիմնարկի գիտական Խորհուրդի անդամ է: Հիմնադիր անդամ է նաեւ Վենետիկի Հայ Մշակոյթի Ուսումնասիրութեան եւ Վաւերագրումի Կեդրոնին:

 

 

The post ՀԱՅՐ ԼԵՒՈՆ ԶԷՔԻԵԱՆ ԿՈՍՏԱՆԴՆՈՒՊՈԼՍՈՅ ՀԱՅ ԿԱԹՈՂԻԿԷ ՀԱՄԱՅՆՔԻ ԱՐՔԵՊԻՍԿՈՊՈՍ ՆՇԱՆԱԿՈՒԵՑԱՒ ՓՐԱՆԿԻՍԿՈՍ ՊԱՊԻՆ ԿՈՂՄԷ appeared first on Hairenik Weekly Newspaper.

ԶՈՅԳ ՀԱՏՈՐՆԵՐՈՒ ԵՒ ՀԱՒԱՏՔԻ ՄԱՐԴՈՒ ՄԱՍԻՆ

$
0
0

Der_Khachadourian4  Յ. ՊԱԼԵԱՆ

Վերջերս, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսարանի “Կիլիկիա“ սրահէն ներս, տեղի ունեցաւ հայ մամուլի երախտաւոր Արտաշէս Տէր Խաչատուրեանի աշխատանքին նուիրուած զոյգ հատորներու հանդիսաւոր ներկայացում: Ձեռնարկը կը վայելէր հովանաւորութիւնը՝ կաթողիկոսարանի “Հասկ“ ամսագրի եւ դպրեվանքի տեսչութեան եւ անշուշտ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. կաթողիկոսի:
Իր սրտի խօսքը արտասանեց Արտաշէս Տէր Խաչատուրեանի որդի՝ Տարօն Տէր Խաչատուրեանը, որ խորին շնորհակալութիւն յայտնեց Վեհափառ Հայրապետին՝ այս ծրագիրին նկատմամբ իր հոգածութեան, ձեռնարկին հովանաւորութեան եւ ներկայութեան համար, ինչպէս նաեւ “Հասկ“ ամսագիրի եւ դպրեվանքի տեսչութեան, օրուան բանախօսներուն եւ յատկապէս Կարօ Յովհաննէսեանին, որուն անխոնջ աշխատանքին շնորհիւ այս հատորները կը հրամցուին հանրութեան: Կարօ Յովհաննէսեան լայնօրէն անդրադարձաւ “Հայ գիրքի մատենագիտական գործեր“ եւ “Հայ մամուլի մատենագիտական գործեր“ հատորներուն, որոնք իրենց մէջ կը համախմբեն վաստակաւոր բանասէր, մամուլի եւ գիրքի մատենագէտ, մանկավարժ եւ հրատարակիչ Արտաշէս Տէր Խաչատուրեանի գիրքի եւ մամուլի վերաբերող ուսումնասիրութիւններուն, յօդուածներուն եւ գրախօսականներուն ստուար մասը:
Այս առթիւ, Արամ Ա. Կաթողիկոսին յանձնուեցաւ Արտաշէս Տէր Խաչատուրեանի յայտնաբերած “Ազդարար“էն օրինակ մը:
Վեհափառը անձնական յուշերու ճամբով վեր առաւ մշակոյթին, գիրին, գրականութեան եւ հայ դպրութեան նկատմամբ Արտաշէս Տէր Խաչատուրեանին յամառօրէն կառչած ըլլալը:Der-Khatchadourian3
Օրուան բանախօսն էր “Բագին“ի խմբագիր, որուն խօսքը ամբողջութեամբ կը ներկայացնենք.

Արտաշէս Տէր Խաչատուրեանի մասին խօսիլ՝ կը նշանակէ բախել ամէն օր քիչ մը աւելի փակուող դռներ: Սփիւռքածին առաջին սերունդի տիպար էր: Սերունդ, որ կը ձգտէր, առանց ձեւականութեան, ինքզինք իրականացնել ազգային համաստեղութեան մէջ, առանց հռետորական հնչեղութեան: Մարդիկ բնական կերպով հայ էին, “ծագումով հայ“ չէին:
Այն օրերուն արդէն ոմանք թեքած էին դէպի ոլորապտոյտները օտարման՝ ազգի աւազանը նեղ գտնելով, վասն յաջողութեան եւ փառքի՝ այլ տեղեր լարած էին իրենց վրանները: Քաղքենիացումը եւ հոգիներու գաղութացումը սկսած էր: Անոնց նկատմամբ կը շարունակենք հիացում մշակել՝ աղքատ ազգականի հոգեբանութեամբ, օրինակ, օտարագիրներու, բարդոյթ, այնքան ուժեղ թիւր ըմբռնուած ինքնահաստատման թափահարումներ, որոնք չեն կոչուած ազգի մշակոյթը հարստացնելու եւ ազգ պահպանելու: Ընդհակառակն, կÿընդունուին, հոգիներու աւեր գործած են եւ կը գործեն: Հետզհետէ շեշտուող նահանջականութեան ընթացք մը:
Արտաշէսին հետ աշխատած ենք 19581961 տարիներուն, Հալէպի Քարէն Եփփէ ճեմարանը, ուսուցիչ էինք: Կը դասաւանդէր պատմութիւն, գրաբար, պատմութիւն եւ մատենագրութիւն, այն օրերուն ալ ապերախտ դարձող նիւթեր: Աշակերտները դժկամութեամբ կը հետեւէին այդ նիւթերու դասաւանդութեան, քանի որ շրջապատին մերուելու ընթացքը թափով սկսած էր, եւ ինչպէս այսօր, մարդոց ուշադրութեան առարկայ էին հայերէնէ եւ հայագիտական նիւթերէ տարբեր բոլոր առարկաները, որոնք կեանքի մէջ յաջողութեան դռները պիտի բանային: Բայց իրեն եւ իր սերունդէն շատերու համար հայերէնի, հայագիտական առարկաներու ուսուցումը եւ ընդհանրապէս հայ մշակոյթը առաքելութիւն էին: Հալէպի երեք տարիներէն ետք Պէյրութի մէջ շարունակեց գործել, մինչեւ…
Մարդը ինքնուրոյն էր այն օրերուն ալ, անցողիկը եւ հրավառութիւնները իր հետաքրքրութիւններէն հեռու էին: Ընկերային եւ յարաբերական կեանքին տրամադրելիք ժամանակ չունէր: Կարծէք՝ ժամանակին հետ վազքի մէջ էր:
Զոյգ հատորներու մասնագիտական վերլուծումը պիտի ընէ անոնց ուշադիր խմբագիրը, Կարօ Յովհաննէսեան:
Ընթերցողի տպաւորութիւններս:Der-Khatchadourian1
Հայերէնը հարկ էր յարգել, որպէսզի ան մնար ստեղծագործական լեզու, գործիքներ պէտք էին: Արտաշէս Տէր Խաչատուրեան պատրաստեց ուղղագրութեան գիրք, կատարեց բառարանագիտական մրջիւնի աշխատանք: Երկու խօսքով ըսուած՝ այս գործերը օրերու եւ տարիներու տքնաջան նուիրում կը պահանջեն: Երբեմն այդ պէտք է յիշել եւ յիշեցնել նորերուն, որպէսզի դիրքերը դատարկ չմնան, օրինակը ըլլայ ներշնչող: Աւելի՛ն. որպէսզի գիրքերը գտնուին մեր գրասեղաններուն վրայ, նաեւ՝ մեր տան անդամներուն:
Ուղղագրութեան ձեռնարկ պատրաստել նպատակային էր այն օրերուն եւ է այսօր: Շատեր կը խորհին, որ մեր ուղղագրութիւնը դժուար է, հարկ է պարզացնել, զայն բերել մեր անգիտութեան չափերուն, փոխանակ տէր կանգնելու մեր ազգային մեծագոյն ժառանգութեան, ինչպէս ըսած է Շաւարշ Նարդունի՝ զայն կոչելով ոսկեղնիկ: Մէկ հատիկ փաստ պէտք է տալ, թէ ֆրանսերէնի կամ անգլերէնի ուղղագրութիւնները աւելի պարզ են, բայց կը սորվինք, շահախնդրուածութեամբ: Եթէ ունենանք մեր ինքնութեան անսեթեւեթ գիտակցութիւնը, պճեղ մըն ալ՝ պատկանելիութեան հպարտութիւն, բծախնդրօրէն կը կիրարկենք ոսկեղնիկի ուղղագրութիւնը՝ մերժելով սխալագրութիւնները: Արտաշէս Տէր Խաչատուրեան եւ ուրիշներ ընձեռած են գործիքը, որ ուսուցչականդաստիարակչական գործի շարունակութիւն է, նաեւ անոնց համար, որոնք դպրոցական տարիքէ ետք կÿըլլան չափահաս եւ մայրենին մառան չեն դներ:
Ինքզինք որպէս այդպիսին չխոստովանող քաղքենիի եւ “էսթէպլիշմընթային“ կեղծիքը յաղթահարելով, ինչո՞ւ չբանանք ուղղագրութեան գիրքի մը կամ բառարանի մը էջերը: Ոգեկոչել մշակոյթի գործիչ մը ոչինչ կÿաւելցնէ անոր հանդէպ մեր ունեցած գնահատանքին վրայ, եթէ անոր միտքի լոյսով մեզի հասած գիրքերը մաս չկազմեն մեր առօրեային, որ բովանդակութիւն ունեցող վաղուան երաշխիք է, կարգախօսներէ եւ դիրքապաշտութիւններէ անդին: Հեղինակները կÿապրին այդ գիրքերուն մէջ:
Այս երախտաշատ աշխատանքը կատարած են եւ կը կատարեն ուրիշներ ալ: Բարեբախտաբա՛ր: Գնահատելի‘ արդիականացման եւ վերանորոգման համար: Շատերուն ծանօթ է ֆրանսական “Լարուս“ բառարանը, որ ամէն տարի կը հրատարակուի, ակադեմիային կողմէ ընդունուած եւ նոր բառերով, եւ վերամուտին կը գտնուի գրատուներու եւ վաճառատուներու մէջ: Եթէ գիտնանք բառարանի արժէքը, զայն գործածենք, ան չմնայ գրադարանի մը անկիւնը, գաղտնի պահուող իրի մը պէս, մենք ալ օր մը կը հասնինք վերանորոգուած եւ լրացուած բառարաններու վերահրատարակութեան, երախտաւորներու գործը ապակեդարանի գեղօր չÿըլլար: Այդ ընելու համար մայրենիի հարազատութեան կապուած սերունդ եւ զանգուած պէտք է, որ այսօր աստիճանաբար կը կծկուի: Ըսի՝ զանգուած, չըսի՝ ընտրանի, քանի որ լեզուները կÿապրին ժողովուրդով:
Նման հարցերու մասին երբ կը խօսիմ, կը մտաբերեմ աւելի քան կէս դար առաջ ըսուած Շաւարշ Միսաքեանի այնքա՜ն պատկերազարդ խօսքը՝ գործածուող եւ խեղճացող հայերէնի մասին. “Հաց պանիրի հայերէն“… Մենք մեզի հարց տանք, թէ այսօր խօսուած հայերէնը չէ՞ գլտորած դէպի այդ նահանջական սահմանները… Եւ նման հայերէնը ո՛չ ուղղագրութեան գիրքի պէտք ունի, ո՛չ բառարանի: “Հաց պանիրի հայերէն“ը այսօր ալ կը մղէ շատերը ըսելու, որ պա՛րզ գրեցէք, դժուար բառեր մի՛ գործածէք… Իսկ գործնականութեան ասպետները աշխարհի բոլոր լեզուներէն բառեր փոխ առնելով՝ նորահայերէն կը ստեղծեն: Պարտուածի “էսփերանթօ“……
Արտաշէս Տէր Խաչատուրեանին մշակութական հիմնական գործը եղաւ հայ մամուլի հաւաքումը եւ ցանկագրումը, մատենագիտութիւնը, որպէս վկայութիւն այն մասին, որ յառաջադէմ ժողովուրդներուն պէս, մենք թերթ կը հրատարակէինք մեր հիացման առարկայ շատերէն առաջ: Թերթ եւ տպարան ունէինք, երբ ուրիշներ դեռ տեղքայլ կÿընէին բանաւոր կամ ձեռագիր հաղորդակցութեան սահմաններէն ներս: Այդ մամուլը մեր ժողովուրդի պատկերով էր, այսօր ալ այդպէս է, այսինքն՝ տարտղնուած հեռու եւ մօտ տեղեր: Այդ տարտղնուած մամուլի հաւաքման աշխատանքը ինծի կը յիշեցնէ Մահաթմա Կանտիի միտքը, որ կÿըսէ, թէ՝ “ճիգին մէջ է, որ կը գտնենք բաւարարութիւնը եւ ոչ՝ յաջողութեան: Լիակատար ճիգ մը լիակատար յաղթանակ մըն է“:
Der-Khatchadourian2  Արդարեւ, մամուլի հաւաքման եւ անոր համայնապատկերի կազմութիւնը զանգուածներու գլխուն վրայէն կÿանցնի, կը հետաքրքրէ փոքրամասնութիւն մը, այն, որ հայ մշակոյթի ազգապահպան դերին կը հետեւի, զայն կը պահէ առաջնահերթութիւններու շարքին, հրավառութիւններէ եւ իմաստէ դատարկուող կարգախօսներէ անդին:
Փակագիծի մէջ խոստովանութիւն մը ընենք. մեր ժողովուրդին ո՞ր տոկոսը ներկայի մամուլով կը հետաքրքրուի, ընթերցող է, որ հետաքրքրուի նաեւ մամուլի պատմութեամբ: “Ղեկավարում“ի, “ազգային գաղափարախօսութեան“ եւ “հեռանկար“ի բացակայութեան հարցեր ունինք, անոնց բացը միշտ փորձած են գոցել հաւատաւորներ, անոնք անմիջականի չեն սպասարկած, ծառայած են հեռանկարի: Առանց փոխադարձութեան ակնկալութեան: Ինչ որ մտածելու չէ մղած որոշողները, ի կեանս գնահատելու, յետմահու առատաբան խօսք շռայլելու փոխարէն: Եթէ ի կեանս ըստ արժանւոյն գնահատուէին, գնահատուին միտքի աշխատաւորները, անոնց ժառանգութիւնը այլապէս ծաւալ, տարողութիւն եւ արժէք կÿունենայ: Ա՛յս՝ մասնաւորաբար սփիւռքի մէջ: Միտքի աշխատաւորները կը յամենան սիրողականի սահմաններուն մէջ: Այսինքն անոնց կը պակսին նիւթական միջոցներ: Պիտի գա՞յ օրը, որ ազգովին լսենք Յակոբ Օշականի կտակխօսքը, որ մագաղաթը աւելի կÿապրի, քան մարմարը: Մեզմէ իւրաքանչիւրը ինք թող մեկնաբանէ……
Արտաշէս Տէր Խաչատուրեանի գործին լայնօրէն պիտի անդրադառնայ իր գիրքերը հրատարակութեան բծախնդրօրէն պատրաստած Կարօ Յովհաննէսեան: Անոր կենդանագիրը գէթ ուրուագծային կերպով ամբողջացնելու համար ես ինծի թոյլ պիտի տամ արագ թռիչքով մը շրջիլ էջերու վրայէն, ուր կեանք մը կայ, եւ այդ կեանքն է, որ կը տեւէ, ներկայ է հոս: Կը յիշէ՞ք Սիմոն Զաւարեանը, որ պատգամեց, թէ՝ “գործն է միայն կենդանի“: Ներկայացուող զոյգ հատորները այդ կÿըսեն:
Այս հատորները պիտի ծառայեն պրպտում ընողներուն: Բայց նաեւ համեստ ընթերցողը, շարքային ընթերցողը, քիչ մը ճիգով երբ դարձնէ էջերը, հպարտութիւն կը նուաճէ՝ մասնակից դառնալով հայ տպագրութեամբ սկսած ինքնատիպ արկածախնդրութեան: Մեծ անուններու ետին զգալով սեւ աշխատանքի հերոսները՝ Յակոբ Մեղապարտ, Աբգար Դպիր, Յովհաննէս Տէրզնցի եւ ուրիշներ, բայց նաեւ՝ գիրերը պատրաստողներ եւ ձուլողներ: Գիրքեր՝ տպագրուած աստ եւ անդ, Իտալիա, Մարսէյ, բայց նաեւ՝ Ամսթերտամ: Կրնաք մտածել, ուրկէ՜ ո՜ւր, ինչպէ՞ս եւ ո՞ր տրամաբանութեամբ: Բայց նաեւ՝ Շուշի, Երուսաղէմ: Շուշի՝ 1828ին:
Քաղաքական երթեւեկ. կÿակնարկեմ Մինսքի խումբի համանախագահներուն, որոնք բարոյականութեամբ պարտին ճշդել հողին տիրութիւնը… մշակոյթի արմատներով: Տպագրութիւն եւ գիրք, երբ եկուորներ վաչկատուն էին: Հայ գիրքի տպագրութեան վայրերը հայոց պատմութիւն են: Հարկ է ծանօթանալ ոչ թէ մասնագէտ ըլլալու համար, այլ՝ հակահռետորական պատգամ լսելու:
Խօսելէ առաջ հայ մամուլի մատենագիտութեան մասին, հետաքրքրական է կարգ մը հայ գրողներու եւ դէմքերու գործերուն մատենագիտական ծանօթացումը: Եթէ փորձուինք կարդալ, օրինակ, Ռուբէն Զարդարեանի մատենագիտութիւնը, հայ գիրքի պատմութեան հետ կը սորվինք ընդհանրապէս պատմութիւն, հայ կրթական կեանքի պատմութիւն, դասագիրքերու պատմութիւն: Կը պատահի՞, որ ուսուցիչներ բանան հայերէնի դասագիրք “Մեղրագէտ“ները… Ընթերցման փորձութիւն ունեցողը կը ծանօթանայ Ռուբէն Զարդարեանի գրականութեան եւ հրապարակագրութեան, ստեղծագործական ծաւալուն ժառանգութեան: Նաեւ՝ Դանիէլ Վարուժան, Կոմիտաս: Յիշուած անուններէն շատեր զոհ՝ Հայոց Ցեղասպանութեան, երեսուն տարեկան, քառասուն տարեկան:
Կը տողանցեն անուններ: Հին, նոր: Կը նշանակէ, որ հայուն ստեղծագործ աւիշը չէ ցամքած‘ հակառակ շեշտուող տեղատուութիւններու:
Յիշեմ նաեւ Լեւոն Շանթի մատենագիտութիւնը: Այդ աշխատանքը կÿըսէ, որ Լեւոն Շանթ բաժակաճառային անուն մը չէ, այլ՝ ժողովուրդի մը հոգեմտաւոր ժառանգութեան գանձարանը:
Թերեւս քանի մը անգամ պէտք է կրկնել, որ “Հայ գիրքի մատենագիտական գործեր“ հատորը ուղեցոյց է ապրող եւ ապագայ պրպտողներուն: Այս տեսանկիւնէն պէտք է արժեւորել գիրքը, 422 էջերով բացուած պատուհան մը:
“Հայ մամուլի մատենագիտական գործեր“ հատորը այժմէական է: Աշխարհասփիւռ հայութեան համար մամուլը շնչառական թոք է:
Կարօ Յովհաննէսեան կը մէջբերէ Արտաշէս Տէր Խաչատուրեանին կարծիքը հայ մամուլին մասին, որ ինքնին գաղափարախօսութիւն է: Կը թելադրուի այն միտքը, որ մամուլին առաջադրանքն է “պատրաստել մարդը, էապէս եսասէր եւ եսապաշտ մարդը դարձնել ընկերասէր, այլասէր, ընկերութեան սպասարկու անհատ“, ապագայ կը ճշդէ, որ ան նոյնքան կարեւոր դերի կոչուած է, որքան՝ դպրոցը եւ եկեղեցին: Պարզ չէ՞ միթէ, որ մամուլը դաստիարակիչ դեր ունի չափահասութեան տարիքէն մինչեւ խոր ծերութիւն: Կամ պէտք է ունենայ……
“Լրագրութեան ծագումն ու զարգացումը, համառօտ տեսութիւն“ գլխուն տակ հեղինակը կը դառնայ մամուլի պատմաբան: Կը պատմէ՝ առանց յոգնեցնելու: Նոյնիսկ աշակերտներու կարելի է թելադրել ընթերցումը: Հռոմէն մինչեւ մեր օրերը, այսինքն‘ տպագրուած մամուլը:
Քաղաքականապէս եւ մշակութապէս ինն հզօր երկիրներէ ետք հայը կը հրատարակէ լրագիր: Տասներորդն ենք: Առաջնագոյններու շարքին: Յիշեցում՝ ստորակայութեան բարդոյթէ տառապողներուն:
1794ին Մատրասի մէջ լոյս կը տեսնէ առաջին հայ լրագիր “ԱԶԴԱՐԱՐ“ը, Յարութիւն քհնյ. Շմաւոնեանի խմբագրութեամբ: Նոր սերունդին պէտք է ըսել այս: Եւ անկէ ի վեր հրատարակուած են բազմաթիւ թերթեր, զանազան ձեւերով: Արտաշէս Տէր Խաչատուրեան գնահատումներ կÿընէ, երբ կը խօսի սփիւռքի մամուլի ոչ մասնագիտական բնոյթին մասին, այսինքն ան կÿանդրադառնայ հայ կեանքի բոլոր երեսներուն՝ քաղաքական, եկեղեցական, կրթական, մշակութային: Կու տայ նաեւ թիւեր՝ անցեալի եւ ներկայի, որոնք ապշեցուցիչ են, երբ նկատի կÿունենանք մեր հաւաքականութիւնները, անոնց տարտղնումը եւ միջոցները:
Իր անուան կապուած պիտի մնան հայ մամուլի ցուցահանդէսները, որոնք ուշագրաւ, նշանակալից եւ դաստիարակիչ եղան: Կարելի կÿըլլա՞յ վերսկսիլ… Այս աշխատանքին համար ան իր ետին չունեցաւ պետական նեցուկ եւ յատկացումներ: Այս պատճառով ալ պէտք է գնահատել անձը, անոր նուիրումը, ազգային եւ մշակութային արտակարգ եւ օրինակելի գիտակցութիւնը:
Կը դարձնէք էջերը, հայ մամուլի պատմութեան քայլերով կը շրջիք մոլորակի հեռուն եւ մօտը, հինգ ցամաքամասերը: Նաեւ՝ ներազգային կեանքի շերտերը, եկեղեցի, կրթութիւն, մշակոյթ, մարզական եւ քաղաքական կեանք: Յեղափոխական աշխատանքի համար մամուլ էր պէտք, յեղափոխութիւնները եղած են նաեւ մամուլով, եւ ինչե՜ր կը պատմէ մատենագիտութիւնը: Եթէ Արտաշէս Տէր Խաչատուրեան դեռ ապրէր, թերեւս պիտի յայտնաբերէր, որ հիւսիսային եւ հարաւային բեւեռներու վրայ ալ թերթ հրատարակող հայ խենթեր եղած են……
Հետաքրքրական է իմանալ, որ առաջին թերթի՝ “ԱԶԴԱՐԱՐ“ի լեզուն գրաբար էր, քահանան եւ իր օգնականները չէին տիրապետեր հայերէնին: Մեր օրերուն ալ, մանաւանդ համացանցային, հեռատեսիլային եւ ձայնասփիւռային հայերէն լրատուական կայքերու հայերէնը ընդհանրապէս, նոյն ախտէն կը տառապի, եւ ոչ ոք կÿանհանգստանայ:
Արտաշէս Տէր Խաչատուրեան կÿանդրադառնայ մեր մամուլի այլազան պիտակներուն եւ ծիածանային գոյներուն: Ասոր համար է, որ մատենագիտական այս աշխատանքը պատմութիւն է, որ կը պատմէ մեր կեանքը՝ ինչպէս որ է:
Մեծ մասնագէտ կամ պատմաբան ըլլալը պայման չէ այս զոյգ հատորներուն մէջ շրջելու համար: Նման “արշաւանք“ կը բանայ ինքնաճանաչման, ազգային գիտակցութեան եւ, ինչո՞ւ չըսել, հպարտութեան դռները:
Մանաւանդ աշխարհացրիւ ժողովուրդի մը ապրելու, ստեղծելու, տոկալու եւ տեւելու կամքի օրագրութիւնն է իր մամուլը, ճակատագրին պատմութիւնը, աշխարհի չորս ծագերուն:
Այս զոյգ հատորները, իրենց ձեւով, առանց ամպագորգոռ ճառի, կը սպասարկեն հայ ազգային գաղափարախօսութեան: Այս տիտանեան աշխատանքը պէտք չէ որ այս հատորներով կանգ առնէ, այլ ըլլան շարունակողներ եւ լրացնողներ՝ նկատի առնելով ներկայ եւ մանաւանդ գալիք թուայնացող մամուլը: Ինչո՞ւ ոչ՝ նա՛եւ ձայնասփիւռային եւ հեռատեսիլային խօսքը:
Զոյգ հատորներու մասնագիտական երեւոյթը եւ ծաւալը պէտք չէ սարսափեցնեն, պէտք չէ ըսել‘ մեզի համար չէ: Կարդալ, երբեմն փակել գիրքը եւ երեւակայել: Ինչե՜ր պիտի տեսնենք եւ թերեւս ալ հասկնանք՝ վաղուան համար: Հայերէն գիրքը տուն տանելու ազնիւ սովորութեան կանչին պէտք է արձագանգել:
Հայերէնով գանձ են մեր գիրքերը եւ մամուլը: Հայրենի գրող մը՝ Հայկ Խաչատրեան, օտարախօսութեան դէմ ծառացած իր “ԱՐՏԱՇԷՍ“ պատմավէպին մէջ կը գրէր. “Հայքը Հայկ նահապետի զարմի՝ հայերու հայրենիքն է, անոնց սեփական աշխարհը այս մեծ աշխարհին մէջ: Երկրի եզրերը կÿաւարտին հոն, ուր կը վերջանայ հայերէն խօսակցական լեզուն“:
Հայերէն գիրքի էականութեան իմաստունը եղած է Վիգէն Խեչումեան: Ո՞վ կը յիշէ այսօր, Հայաստանի Հանրապետութիւն եւ սփիւռք(ներ), “ԳԻՐՔ ԳՐՈՑ“ը եւ “ԳԻՐՔ ԼԻՆԵԼՈՒԹԵԱՆ“ը, երբ մեր հոգիները ծախած ենք օտարագիր գիրքին եւ գրականութեան, ոչ թէ ստեղծագործական հպարտութեան համար, այլ՝ նահանջի եւ սնափառութեան:
Հայերէնի ստեղծագործական աշխարհին սահմանապահը եղաւ խելացի մրջիւն Արտաշէս Տէր Խաչատուրեան, իր անուանակից Արտաշէս արքային եւ Վիգէն Խեչումեանին պէս, որ կը գրէ, թէ հայ վաճառականները ձէթ տուին հայոց պատմութիւն գրողին՝ Աւետիքին, ըսին, որ՝ “գիրքը ձէթով կը գրուի“… Ձէթը՝ ի կեանս……
Գրական պատկեր չէ. տօնախմբութենէ եւ ծափերէ անդին, այս զոյգ հատորները՝ մարմարէն աւելի ապրելու կոչուած մերօրեայ եւ գալիքի մագաղաթներ…

The post ԶՈՅԳ ՀԱՏՈՐՆԵՐՈՒ ԵՒ ՀԱՒԱՏՔԻ ՄԱՐԴՈՒ ՄԱՍԻՆ appeared first on Hairenik Weekly Newspaper.

ՆԱԽԱԳԱՀ ՍԱՐԳՍԵԱՆԻ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄԸ ՎԵՀԱՓԱՌՆԵՐՈՒՆ ՀԵՏ

$
0
0

p1  ԵՐԵՒԱՆ. Երեքշաբթի, Մայիս 27ին Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեան հանդիպում ունեցաւ Ամենայն Հայոց Գարեգին Բ. կաթողիկոսին, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. կաթողիկոսին եւ Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկէ հայոց Ներսէս Պետրոս ԺԹ. պատրիարքին հետ: Նախագահը վեհափառ հայրապետներուն եւ ամենապատիւ հոգեւոր տիրոջ հետ քննարկեց պետութեան եւ հայ եկեղեցւոյ միջեւ հաստատուած սերտ համագործակցութիւնը, ինչպէս նաեւ հայրենիքին եւ սփիւռքին վերաբերող հարցեր:

Հանդիպման զրուցակիցները անդրադարձան հայոց ազգային կեանքին մէջ Հայաստանեայց առաքելական Ս. եկեղեցւոյ հայապահպանման կարեւոր դերակատարութեան եւ համահայկական խնդիրներու լուծման գործող բոլոր նուիրապետական աթոռներու, թեմերու եւ կառոյցներու ամէնօրեայ ջանքերուն: Կարեւոր նկատուեցաւ նաեւ հայ առաքելական եւ հայ կաթողիկէ եկեղեցիներուն մասնակցութիւնը Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահի գլխաւորութեամբ գործող Հայոց Ցեղասպանութեան հարիւրերորդ տարելիցին նուիրուած ձեռնարկները համակարգող պետական յանձնաժողովի աշխատանքներուն:
Նախագահը եւ վեհափառ հայրապետներն ու ամենապահիւ հոգեւոր տէրը քննարկեցին նաեւ սուրիական ճգնաժամին պատճառով այդ երկրին մէջ ծանր կացութեան մէջ գտնուող հայերու ներկայ վիճակին եւ անոնց ցուցաբերուող աջակցութեան վերաբերեալ հարցեր:
Զրուցակիցները համակարծիք գտնուեցան, որ հայ ժողովուրդի միասնականութիւնը աշխարհասփիւռ հայութեան բարօրութեան, ինչպէս նաեւ հայութեան առջեւ դրուած մարտահրաւէրները յաղթահարելու կարեւոր գրաւական է, եւ այսուհետեւ եւս պէտք է շարունակել եւ աւելի արդիւնաւէտ դարձնել ջանքերու համադրումը ազգային խնդիրներու լուծման ուղղութեամբ:
Միւս կողմէ, Հայաստանի Հանրապետութեան սփիւռքի նախարարութեան եւ Հայոց Ցեղասպանութեան 100րդ տարելիցին նուիրուած ձեռնարկները համակարգող պետական յանձնաժողովին կազմակերպութեամբ՝ Մայիս 26ին սկիզբ առաւ 100ամեակի շրջանային յանձնախումբերու ղեկավարներու եւ ներկայացուցիչներու հաւաքհանդիպումը:
Մասնակիցները այցելեցին Ծիծեռնակաբերդի յուշահամալիր եւ ծաղկեպսակ զետեղեցին Հայոց Ցեղասպանութեան զոհերու յուշակոթողին: Հաւաքհանդիպման բացման խօսքը արտասանեց Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահի աշխատակազմի ղեկավար, պետական յանձնաժողովի անդամ, Ցեղասպանութեան հարիւրերորդ տարելիցին նուիրուած ձեռնարկներու համակարգող Վիգէն Սարգսեան, որ ընդգծեց, թէ նախաձեռնութիւններու ընդգրկումները տպաւորիչ պիտի ըլլան: Հրապարակուեցաւ պետական ձեռնարկներու խորհրդանիշը՝ Անմոռուկ ծաղիկը, որուն վրայ գծուած է Ծիծեռնակաբերդի յուշահամալիրը, եւ ծաղիկի 5 թերթիկները կը խորհրդանշեն այն ցամաքամասերը, ուր ջարդերէն մազապուրծ հայերը բնակութիւն հաստատած են: Նախաձեռնութիւնները ունին նաեւ կարգախօս՝ “Կը յիշեմ եւ կը պահանջեմ“:
Ներկայացնելով Հայոց Ցեղասպանութեան հարիւրերորդ տարելիցի ծիրին մէջ իրականացուող աշխատանքները՝ Հայաստանի Հանրապետութեան սփիւռքի նախարար Հրանուշ Յակոբեան յայտնեց, որ 100 տարի առաջ օսմանեան Թուրքիոյ նպատակն էր մէկ հայ ձգել եւ այն ալ թանգարանին մէջ: Բայց, ըստ Յակոբեանի, այսօր հայերը ունին երկու պետութիւն եւ օտար ափերուն մէջ հիմնադրուած եւ հայանպաստ գործունէութիւն իրականացնող հայահոծ հզօր համայնքներ: Հաւաքին ընթացքին զեկուցումներ ներկայացուցին շրջանային յանձնախումբերու ներկայացուցիչներ, ինչպէս՝ Հ.Յ.Դ. Հարաւային Ամերիկայի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ Խաչիկ Տէր Ղուկասեան, Լիբանանի Հայոց Ցեղասպանութեան 100րդ տարելիցի կեդրոնական մարմինի ատենապետ Սեդա Խտըշեան, Ֆրանսահայ կազմակերպութիւններու համակարգող խորհուրդի համանախագահ Արա Թորանեան եւ ուրիշներ: Անոնք ներկայացուցին Հայոց Ցեղասպանութեան հարիւրերորդ տարելիցին նուիրուած՝ շրջաններուն մէջ կատարուած ձեռնարկները եւ յառաջիկայ աշխատանքները:
Նախարար Յակոբեան նշեց, որ Հայաստանի սփիւռքի նախարարութիւնը վերջին երեք տարիներուն Ցեղասպանութեան նիւթով կազմակերպած է 18 համաժողովներ եւ գիտաժողովներ, որոնց մասնակցած են շուրջ երեք հարիւր գիտնականներ, իրաւաբաններ եւ փորձագէտներ:
Նշենք թէ, նախագահ Սերժ Սարգսեան հարիւրամեակի հաւաքներուն համար, պաշտօնապէս Հայաստան հրաւիրած էր Թուրքիոյ նախագահը: Միաժամանակ, Սարգսեան ընդգծեց, որ այս բոլորով հանդերձ՝ թուրք ժողովուրդի նկատմամբ թշնամանք չկայ, Երեւան կը փորձէ պայմաններ ստեղծել, որպէսզի հայ եւ թուրք ժողովուրդները իրարու հետ կապեր հաստատեն ու գտնեն հաշտեցման ուղին:
“Ճիշդ այդ նպատակով կը փորձէինք եւ հիմա ալ հաւատարիմ կը մնանք Թուրքիոյ հետ առանց նախապայմաններու յարաբերութիւններու կարգաւորման ու հայթրքական սահմանի բացման, թէեւ այսպիսի ցանկութեան մասին միայն յայտարարութիւններ կը լսենք թրքական կողմէն: Եթէ ցանկութիւնը իրապէս անկեղծ է, ապա Թուրքիա լաւ գիտէ Հայաստան Թուրքիա հաշտեցումը կեանքի կոչելու ուղին“, յայտնեեց Սարգսեան:
Թուրքիոյ նախագահին կողքին, նախագահ Սերժ Սարգսեան արդէն շարք մը պետութիւններու նախագահներ հրաւիրած է յաջորդ տարի 24 Ապրիլին այցելելու Հայաստան: Նախագահը երէկ կրկին կոչ ուղղեց միջազգային հանրութեան ճանչնալու եւ դատապարտելու այս աննախադէպ ոճիրը:

 

The post ՆԱԽԱԳԱՀ ՍԱՐԳՍԵԱՆԻ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄԸ ՎԵՀԱՓԱՌՆԵՐՈՒՆ ՀԵՏ appeared first on Hairenik Weekly Newspaper.


ՆԻՒ ՃԸՐԶԻ Հ.Օ.Մ. Ի “ՍՊԻՏԱԿ“ՄԱՍՆԱՃԻՒՂԻ “ՄՇԱԿՈՒԹԱՅԻՆ ԵՐԵԿՈՅ“ՅԱՐՈՒԹԻՒՆ ՄԸՍՐԼԵԱՆ

$
0
0

P7 nyc1  Մայիս 18, 2014ին Հ.Օ.Մ.ի “Սպիտակ“ Մասնաճիւղը տարեկան իր Մշակութային Երաժշտական Երեկոն կազմակերպած էր Նիւ Ճըրզիի Լիվինկսթըն քաղաքի հայկական Սուրբ Մարիամ Եկեղեցւոյ Թուֆայեան սրահին մէջ: Երեկոն մշակութային ձեռնարկ մը ըլլալու կողքին, Հ.Օ.Մ.ի “Սպիտակ“ Մասնաճիւղին պատկանող եւ բազմամեայ ծառայութիւն ունեցող ընկերուհիներուն նուիրուած յարգանքի օր մըն էր:

Այդ օր ներկայ էին 25էն 50 տարուան Հ.Օ.Մ.ին մէջ ծառայութիւն ունեցող ընկերուհիներ: Ներկայ էին նաեւ 50է աւելի տարիներ ծառայող ընկերուհիներ, որոնց դէմքերը դրոշմուած էին հպարտութեան ժպիտով:
Եկեղեցւոյ հովիւ Արժ. Տէր Առաքել Վարդազարեանի բացման աղօթքէն ետք, “Սպիտակ“ Մասնաճիւղի ատենապետուհի Արփի Մըսրլեանի բարիգալստեան խօսքէն ետք սկսաւ երեկոյի գեղարուեստական բաժինը: Իր խօսքին մէջ ան շեշտեց Հ.Օ.Մ.ի 104 տարիներէ ի վեր աշխարհի չորս կողմը կատարած բազմակողմանի ծառայութիւնները, եւ հայ կեանքի ընկերային, բարեսիրական ու կրթական մարզերուն մէջ բերած իր օժանդակութիւնները: Ան եզրակացուց ըսելով, “Հարցը երբ կու գայ մեր ժողովուրդի օգնութեան, Հ.Օ.Մ.ի ընկերուհիներուն բառամթերքին մէջ “ՈՉ“ բառը գոյութիւն չունի…“:
“Աղթամար“ պարախումբը Սիլվա Ասատուրեանի ղեկավարութեամբ ներկայացուց տոհմիկ հայկական պարեր եւ խանդավառեց մթնոլորտը: Ներկաները ծափերով կը մասնակցէին պարերուն եւ երաժշտութեան:
P7 nyc2  Ապա բեմ հրաւիրուեցաւ ջութակահար Ալեքսանտր Ղուկասեանը, որ նուագեց Պ.Ս.Պախէն երկու կտորներ: Ջութակահարին հետեւեցաւ դաշնակահար Ալեքս Յարութիւն Տիրացուեանը, որ նուագեց Կոմիտասէն, Շօբենէն եւ Արամ Խաչատուրեանէն ցուցաբերելով իր բացառիկ տաղանդը:
Աչքառու էր եւ խրախուսական յայտագրին մաս կազմող տաղանդաւոր այս երիտասարդուհիներուն տարիքը: Բոլո՛րն ալ, ըլլան անոնք պարող, ջութակահար թէ դաշնակահար, երկրորդական վարժարանի հայ աշակերտներ էին:
Շնորհաւորելի է “Սպիտակ“ Մասնաճիւղին վերջին քանի մը տարիներուն որդեգրած այն մօտեցումը որով հայ երիտասարդ արուեստագէտներ կը ներկայացուին բեմերու վրայ եւ անոնց տաղանդը հանրութեան կը ծանօթացուի:
Յայտագրին կարեւոր մէկ մասը յատկացուած էր Հ.Օ.Մ.ի երկարամեայ անդամուհիներէն ընկհ. Էլիզ Մուրատեանի յարգանքի եւ սիրոյ արտայայտութեան արարողութեան: Իր զաւակները, թոռները եւ ազգականները եկած էին հեռաւոր վայրերէ, Փէնսիլվենիա, Քընէթիքէթ եւ Մասաչուսէց նահանգներէն: Ընկհ. Էլիզ Մուրատեանի մասին յարգանքի վերջին խօսքը վերապահուած էր իր թոռներէն Ալիշիա Մգարթիին: Ան սկսաւ “Իմ մեծ մամաս“ բառերով… ու տուաւ հակիրճ եւ կենսական մասերը իր մեծ մօր կենսագրութեան: Ատենապետուհին երբ բեմ հրաւիրեց ընկհ. Էլիզը, իր դուստրը՝ Արտան (որը նոյնպէս անդամուհի է Հ.Օ.Մ.ի “Սպիտակ“ Մասնաճիւղին, իր մօր թեւը մտած առաջնորդեց զինք դէպի բեմ: Երբ երկու խօսք խնդրուեցաւ ընկհ. Էլիզէն, ան յամենայն ամօթխածութեամբ եւ համեստութեամբ ըսաւ. “Չեմ գիտեր, հարցը ինչո՞ւ այսքան մեծցուցեր էք ինծի համար բայց… շնորհակալ եմ“: Սրահը անմիջապէս թնդաց ներկաներուն խնդուքով ու ծափահարութեամբ: (Իր ընտանիքէն կÿիմանանք, որ ընկհ. Էլիզը քանի մը ամիսէն 90 տարեկան պիտի ըլլայ:)
“Սպիտակ“ Մասնաճիւղի երկարամեայ ծառայութիւն ունեցող ընկերուհիներուն պատուոյ գնահատագրերը բաժնելու պարտականութիւնը յանձնուած էր Զուարթ Պալըքճեանին: Ընկերուհին պատշաճօրէն ներկայացուց 2550 տարի, եւ 50էն աւելի տարիներ ծառայութիւն ունեցող ընկերուհիները եւ մէկ առ մէկ յանձնեց իրենց գնահատագրերը:
Հոգեպարար եւ որակաւոր երեկոյ մըն էր ներկայացուածը: Վարձքը կատար կազմակերպողներուն:

The post ՆԻՒ ՃԸՐԶԻ Հ.Օ.Մ. Ի “ՍՊԻՏԱԿ“ ՄԱՍՆԱՃԻՒՂԻ “ՄՇԱԿՈՒԹԱՅԻՆ ԵՐԵԿՈՅ“ ՅԱՐՈՒԹԻՒՆ ՄԸՍՐԼԵԱՆ appeared first on Hairenik Weekly Newspaper.

ՀԱՅՈՑ ՑԵՂԱՍՊԱՆՈՒԹԵԱՆ ՀԱՐԻՒՐԱՄԵԱԿԻ ԽՈՐՀՐԴԱՆԻՇԸ

$
0
0

p1 khemp  Հարիւրամեակի խորհրդանիշն է անմոռուկ ծաղիկը, որուն վրայ գծուած է Ծիծեռնակաբերդի յուշահամալիրը եւ կարգախօսն է “Կը Յիշեմ Եւ Կը Պահանջեմ“:

Անմոռուկ ծաղիկը բոլոր լեզուներուն մէջ ունի նոյն իմաստը՝ յիշել, չմոռնալ:
Խորհրդանիշ ծաղիկը ունի չորս հիմնական գոյնի բաղադրիչ՝ մանիշակագոյն, բաց մանիշակագոյն, դեղին եւ սեւ: Ընտրուած գոյները, ըստ Սարգսեանի, նոյնպէս խորհրդանշական են եւ կը ներկայացնեն անցեալի, ներկայի ու ապագայի խորհուրդը: Սեւ գոյնը կը խորհրդանշէ Եղեռնի սարսափներն ու յիշողութիւնը ցեղասպանութեան մասին՝ անցեալ: Ներսի ճառագայթայ եւ բաց մանիշակագոյնը բոլորին հոգեհարազատ գաղափարին համամասնակից ըլլալն է՝ ներկայ: Որպէս խորհրդանշանի գերակշռող գոյն մանիշակագոյնը լայնօրէն տարածուած է հայկական ինքնագիտակցութեան հիմք հանդիսացող հայ եկեղեցւոյ արարողութեանց մէջ՝ ապագայ: Ծաղիկի կեդրոնը դեղին գոյնով պատկերուած է ապրելու եւ արարելու յոյս պարգեւող արեւի լոյսը՝ Ծիծեռնակաբերդի յուշահամալիրը խորհրդանշող, շրջանաձեւ դասաւորուած 12 պատերու տեսքով՝ յաւերժութիւն:
Ծաղիկի հինգ թերթիկները այն հինգ ցամաքամասերն են, ուր հայ գաղթականները յայտնուեցան՝ ստեղծելով հայկական գաղութներ՝ ձեւաւորելով հայկական Սփիւռքը:
“Յատուկ ընդգծուած անհատականացուած կարգախօս է, որպէսզի այն արտասանելիս յիշենք մեր ընտանիքների պատմութիւնը, մեր վերապրած ողբերգութեան պատմութիւնը եւ այն պահանջը, որ տեսնում ենք այս համատեսքում, ներկայացնենք ամբողջ աշխարհին“, յայտնեց Հայոց Ցեղասպանութեան հարիւրամեակի աշխատանքները համակարգող Վիգէն Սարգսեանը:

The post ՀԱՅՈՑ ՑԵՂԱՍՊԱՆՈՒԹԵԱՆ ՀԱՐԻՒՐԱՄԵԱԿԻ ԽՈՐՀՐԴԱՆԻՇԸ appeared first on Hairenik Weekly Newspaper.

Ա.Մ.Ն. ԱՐԵՒԵԼԵԱՆ ԹԵՄԻ ԱԶԳԱՅԻՆ ԵՐԵՍՓՈԽԱՆԱԿԱՆ 56ՐԴ ԺՈՂՈՎԸ ԳՈՒՄԱՐՈՒԵՑԱՒ ՏԻԹՐՈՅԹԻ ՄԷՋ

$
0
0

p1 main  Միացեալ Նահանգներու Արեւելեան Թեմի Ազգային երեսփոխանական ժողովը, գումարեց իր 56րդ ժողովը՝ Տիթրոյթի մէջ, Մայիս 15էն 17ին, նախագահութեամբ Թեմի Բարեջան Առաջնորդ Օշական Արք. Չօլոյեանի եւ հովանաւորութեամբ շրջանի Սուրբ Սարգիս եկեղեցւոյ հոգաբարձութեան:

Երեք օրերու վրայ տեւողութիւն ունեցող այս ժողովը քննարկեց Առաջնորդարանին, Կրօնական Ժողովին եւ Ազգային Վարչութեան միամեայ աշխատանքներն ու արձանագրուած արդիւնքները: Ժողովը վերստին ընտրեց Թեմի Բարեջան Առաջնորդ Օշական Արք. Չօլոյեանը: Նաեւ, կատարուեցան Կրօնական ժողովի եւ Ազգային Վարչութեան ընտրութիւնները:
Ամբողջական տեղեկութիւններ եւ մանրամասնութիւններ՝ յաջորդիւ:

 

The post Ա.Մ.Ն. ԱՐԵՒԵԼԵԱՆ ԹԵՄԻ ԱԶԳԱՅԻՆ ԵՐԵՍՓՈԽԱՆԱԿԱՆ 56ՐԴ ԺՈՂՈՎԸ ԳՈՒՄԱՐՈՒԵՑԱՒ ՏԻԹՐՈՅԹԻ ՄԷՋ appeared first on Hairenik Weekly Newspaper.

ՎԱՂ ՀՐԱՒԷՐ

$
0
0

p1 khemp1

  ՀԱՅՐԵՆԻՔ

Խմբագրական 

Մինչեւ Ապրիլ 2015…Անգարան բաւական ժամանակ ունի մտածելու եւ վերջնական որոշում մը առնելու թէ պիտի ընդառաջէ՞ Հ.Հ. նախագահ Սերժ Սարգսեանի առաջարկին, որն է պաշտօնապէս մասնակցութիւն բերել Հայոց Ցեղասպանութեան հարիւրամեակին: Հետեւաբար, յառաջիկայ նախագահական ընտրութիւններուն, Թուրքիոյ նորընտիր նախագահը արդէն իսկ իր օրատետրին մէջ ունի հրաւէր մը, որ կրնայ բաւական մելան հոսեցնել եւ բազմաթիւ վիճաբանութիւններու դուռ բանալ:

Արդարեւ, Երեքշաբթի, Մայիս 27ին, Հայոց Ցեղասպանութեան հարիւրամեակին նուիրուած ձեռնարկները համակարգող պետական յանձնաժողովի նիստին, Հայաստանի նախագահը պաշտօնապէս հրաւիրեց իր պաշտօնակիցը, շեշտելով որ, եթէ Թուրքիոյ իշխանութիւններուն կը հետաքրքրէ ճշմարտութիւնը, ուրեմն բնականաբար անոնք պէտք է որ Հայաստան ժամանեն եւ “Ապրիլի 24ին լինեն հայ ժողովրդի կողքին“: Միաժամանակ, Հայաստանի նախագահին կեցուածքը զուսպ էր: Ան շեշտեց թէ այս հրաւէրով, թուրք ժողովուրդի նկատմամբ ոչ մէկ թշնամանք կայ, եւ թէ Երեւան կը փորձէ պայմաններ ստեղծել, որպէսզի հայ եւ թուրք ժողովուրդները իրարու հետ կապեր հաստատեն ու գտնեն հաշտեցման ուղին: Դեռ անցեալ Ապրիլ 24ին էր, որ Թուրքիոյ վարչապետ Ռեճէպ Թայիպ Էրտողանը “Հասարակաց Ցաւ“ բացատրութիւնը գործածելով, շեշտած էր թէ, Օսմանեան կայսրութեան վերջին տարիներուն բոլոր ժողովուրդները ցաւով լեցուն դժուար ժամանակներ ապրած էին եւ թէ պէտք էր որ այդ ժամանակաշրջանին ապրուած ցաւերուն համար արդար, մարդկայնական եւ խղճամիտ կեցուածք որդեգրուէր…:

Մինչդեռ, այդ յայտարարութիւններէն ամիսներ առաջ, Թուրքիոյ Աշխատաւորներու կուսակցութեան նախագահ Տողու Փերինչէքը կը շարունակէր հաւաքներ եւ ժողովներ կազմակերպել եւ “միջազգային սուտ“ որակել՝ Հայոց Ցեղասպանութիւնը, լուրջ հարուած մը տալով Մարդկային Իրաւանց Եւրոպական Դատարանին եւ անշուշտ Զուիցերիոյ իշխանութեան:

Թուրքիոյ իշխանութիւնները կը շարունակեն խօսիլ պատմաբաններու յանձնախումբ ստեղծելու եւ արխիւները բանալու մասին, սակայն Եթէ Անգարա հետաքրքրուած է ճշմարտութեամբ եւ թափանցիկ քաղաքականութեամբ, ուրեմն տեղին է որ անոնք ժամանեն Հայաստան եւ սրտբացօրէն հայ ժողովուրդի կողքին ըլլան: Առ այժմ, Հայաստանէն յղուած հրաւէրը, Էրտողանի գրասեղանի այդ կարեւոր ու շտապ թղթածրարներու շարքին չպատկանիր: Նախքան այդ, կան ընտրութիւններ, որուն համար, ան գործի լծուած է կատարելով այցելութիւններ:

Այնքան մը տարուած ու մտահոգուած իր ժողովրդականութեամբ, դեռ ան վերջերս ժամանած էր Գերմանիա, առանց տեղւոյն ղեկավարութեան հետ տեսակցելու, այլ պարզապէս ընտրարշաւը կատարելու եւ տեղւոյն գաղութը ներգրաւելու:

 

The post ՎԱՂ ՀՐԱՒԷՐ appeared first on Hairenik Weekly Newspaper.

ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ԱՆԿԱԽՈՒԹԵԱՆ 96-ԱՄԵԱԿԻ ՆՇՈՒՄ

$
0
0

sartarabad_  Երկու Վեհափառ հայրապետները՝ Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոս եւ Արամ Ա. Կաթողիկոս Մեծի Տանն Կիլիկիոյ, Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ՝ Սերժ Սարգիսեանի հետ մասնակից դարձան Սարդարապատի Մայիս 28-ի տօնակատարութեան եւ ծաղկեպսակ զետեղեցին Հայաստանի առաջին հանրապետութեան կերտման իրենց արիւնը թափած հայորդիներու յիշատակին եւ ապա հոգեհանգստեան արարողութիւն կատարեցին:

Արարողութենէն ետք տեղի ունեցած հանդիսութեան ընթացքին երկու Վեհափառ հայրապետները իրենց պատգամը ուղղեցին: Հանդիսութիւնը փակուեցաւ Հանրապետութեան նախագահին խօսքով:
Կէսօրէ ետք, Սուրբ Էջմիածնի մէջ երկու Վեհափառ հայրապետներու նախագահութեամբ տեղի ունեցաւ հանրապետական մաղթանք, ուր Վեհափառ հայրապետները իրենց խօսքը ուղղեցին ներկայ ժողովուրդին՝ կոչ ուղղելով անոնց մասնակից դառնալու Հայաստանի անկախութեան ամրապնդման նուիրական աշխատանքին:

 

The post ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ԱՆԿԱԽՈՒԹԵԱՆ 96-ԱՄԵԱԿԻ ՆՇՈՒՄ appeared first on Hairenik Weekly Newspaper.

Viewing all 8334 articles
Browse latest View live




Latest Images