ԱԹԷՆՔ․- Եւրոպայի ոտնագնդակի ազգային խումբերու ոտնագնդակի ախոյեանութեան զտումի մրցումի մը ընթացքին, Հայաստանի ազգային հաւաքականը հիւրը եղաւ Յունաստանի եւ արձանագրեց իր երկրորդ յաջորդական յաղթանակը` 3-2 արդիւնքով: Ապաովելով առաւելագոյն վեց կէտերը, Հայաստան գրաւեց երրորդ դիրք, գերազանցելով Յունաստանն ու Պոսնիան:
Ա. կիսախաղին Հայաստան նշանակեց երկու կոլ, շնորհիւ Ալեքսանտր Կարապետեանի (8-րդ) եւ Գէորգ Ղազարեանի (32-րդ):
Յունաստան 54-րդ վայրկեանին կոլ մը նշանակեց, սակայն 74-րդ վայրկեանին, Տիգրան Բարսեղեան նշանակեց Հայաստանի երրորդ կոլը: 87-րդ վայրկեանին Յունաստան նշանակեց իր երկրորդ կոլը եւ հակառակ վերջին վայրկեաններուն կատարած ճնշումներուն, արդիւնքը մնաց ամբոբոխ:
Հայաստանի գլխաւոր մարզիչ Արմէն Գիւլբուդաղեանց դաշտ ներկայացուց հետեւեալ կազմը.
Արամ Հայրապետեան, Վարազդատ Հարոյեան, Հայկ Իշխանեան, Յովհաննէս Համբարձումեան, Արտակ Գրիգորեան, Կամօ Յովհաննիսեան, Կարլեն Մկրտչեան (Ռումեան Յովսէփեան, 55-րդ), Հենրիխ Մխիթարեան, Գէորգ Ղազարեան (Պետրոս Աւետիսեան, 83-րդ), Տիգրան Բարսեղեան եւ Ալեքսանտր Կարապետեան (Էտկար Բաբայեան, 71-րդ):
Հայաստան իր յաջորդ մրցումը կը կատարէ 5 սեպտեմբերին` հիւրընկալելով Իտալիան:
Ա. ԵՍ՝ ՀԱՅՐԵՆԱՀԱՆՈՒԱԾ ՄԱԶՈԽԱԿԱՆ՝ ՆԱԽԱՀԱՅՐԵՐՈՒՍ ԵՐԿԻՐԸ Կ’ԵՐԹԱՄ
Շաբաթ մըն է արդէն, որ Երեւանի փողոցները վեր-վար կը չափեմ, անտարբեր եռացող կեանքին եւ աղմկայարոյց իրարանցումներուն, զորս յեղափոխութիւն եւ Նոր Հայաստան կոչեցինք, սիրտ եւ աչք հեռացնելով միջազգային չարութեան հաստատած սահմանի միւս կողմէն:
Յուշերով ջերմացողներու կազէթի ընթերցողներուն ուղղուած պատկերազարդ ռըփորթաժ գրելու միտումով պիտի չերթամ Աշխարհ Հայաստան: Այդ մասին հատորներ կան, հանգիստ չխանգարող եւ շլացնող, լուսանկարիչ վարպետներու գործերով զարդարուած: Չեմ գրեր դուռ-դրացի եւ ընկեր-բարեկամ զարմացնելու եւ յուզումի պահեր ստեղծելու համար:
Առաջին անգամը չէ որ հայրերուս աշխարհը պիտի տեսնեմ: Վեց տասնամեակ առաջ գացած էի ծննդավայր քաղաքս եւ մեծ հայրերուս բնակավայր աշխարհը, գտած էի անոնց տուները, ինչպէս որ էին, մաշած եւ չվերանորոգուած: Տեսած էի ինձմէ խլուած պարտէզները: Մի՛ զարմանաք, իր տունէն արտաքսուածը ինչպէս դիմացի մայթէն կը դիտէ իր տունը եւ անզօրութեան զգացումով լաց կ’ըլլայ, այդպէս լացած էի, քարի մը վրայ նստած: Երիտասարդ էի:
Պապերուս եւ նախապապերուս աշխարհը պիտի երթամ՝ որպէս օտար, օտարական, արտօնութեամբ, պիտի ընդունուիմ որպէս զբօսաշրջիկ, տուրիստ: Ծաղր է: Մարդկային ո՞ր բարոյականը, ո՞ր միջազգային արդար համարուող օրէնքը ընդունելի կրնայ համարել, որ որպէս օտարական եւ զբօսաշրջիկ երթամ հոն՝ ուր որ են արմատներս: Մեծանուն ժողովները, մարդկային իրաւանց շատախօս պաշտպանները, խաղաղութեան դրօշակակիրները կ’անհանգստանա՞ն, եթէ լսեն, այս մրրկող ցաւս, ցաւը միլիոնաւորներու՝ Միջագետքէն մինչեւ Էյֆէլի Աշտարակ, մինչեւ Փոթոմաք եւ Ամազոն, ագեվազներու երկիր, հիւսիսի եւ հարաւի բեւեռներ…
Ուխտաւոր ըլլալու իրաւունքով, այդքա՛ն միայն, պիտի տեսնեմ հայու երկինքին նայող Վանայ ծովը, որբացած Աղթամարը եւ անոր վրայ որպէս բողոք ժամանակի աւերին դեռ դիմադրող Ս. Խաչ կաթողիկոսանիստ Արծրունի թագաւորներու գեղակերտ եկեղեցին: Ուխտի գացող զբօսաշրջիկը ի՞նչ պիտի ըսէ դարերու խորհուրդը խօսող դատարկ եկեղեցիին, ուր եղած է Հայոց Հայրիկը, որ ըսած էր,«թէ հողը պէտք է կեանքի եւ մահուան օրը», իրմէ առաջ հոն եղած են հայ թագաւորներ եւ իշխաններ: Հիմա չկան: Անոնց վառ յիշատակը կը յածի, կը յածի՞: Պիտի խօսի՞ն: Պիտի լսե՞մ: Լսեմ՝ պիտի ուրախանա՞մ, թէ՞ պատժուածի պէս պիտի տխրիմ:
Սոսկ անուններ դարձած, քարտէսի մը վրայ կէտերու վերածուած Հայաստան աշխարհը պիտի տեսնեմ ցարդ լուսանկարներով խանդավառուած անհոտ եւ անբոյր զբօսաշրջիկի պէս: Բայց բոլոր հայերուն պէս, որոնք դեռ չեն բաւականանար ծագումով հայու կամ զգացումով հայ կուշտի ինքնագոհութեամբ, ես ալ մազոխականութիւնս չեմ ընդունիր, այլապէս հոգեբոյժի պէտք է երթամ: Պէտք է հոգեբոյժի երթան անոնք, որոնք կը խորհին, թէ յաղթահարած են այդ բարդոյթը, մինչ ան հայրենազրկուած հայու ծիներուն մէջ նստած է, ինչպէս Արարատը՝ մեր բիբերուն մէջ:
Կրկին կը յիշեմ Յովհաննէս Շիրազի կտակը.
Քեզ մեր սարն եմ կտակում, որ դուրս բերես սեւ ամպից,
Որ տուն բերես շալակած արդարութեամբ մեր անբիծ,
Ու կը բերես, իմ բալիկ, թէկուզ քո խեղճ թաթիկով
Մեր սարն այս կողմ շուռ կը տաս` արդարութեանդ ուժն է ծով,
Ու երբ բերես, իմ բալիկ, սիրտս էլ շիրմից կը հանես,
Կը բարձրանաս ու սիրտս ազատն ի վեր կը տանես
Ու կը թաղես իմ սիրտը ձիւների տակ Մասիսի,
Որ շիրմում էլ` դարաւոր հուր կարօտից չմրսի:
Որքա՜ն պիտի ուզէի Արարատը այս կողմ շուռ չտալ, այլ տեսնել, որ ազգը շուռ կու գայ Արարատի միւս կողմ, պատմութիւնը եւ ազգը կը դրուին բնական հունի մէջ… Այս Հայ Դատի խտացած ռազմավարութիւն է, մարտավարութիւն է, մարտահրաւէր է, բառեր՝ որոնցմով կը զարդարենք տօնական օրերու ճառերը (stratégie, tactique, défi կամ challenge):
Բայց պիտի երթամ միւս կողմ, կտրուած թեւերով թռչունի պէս, որ նոյնիսկ իր կտուցով տերեւ պիտի չբերէ: Պիտի երթամ եւ վերադառնամ, ազգիս բոլոր զաւակներուն պէս, որոնք դեռ կը հաւատան հուր հեր ունեցող Վահագնին եւ Թլոլ Դաւիթին, գիտակից եւ անգիտակից մազոխականներ:
Խօսքը ձանձրոյթ յաղթահարող զբօսաշրջիկներու մասին չէ:
Բ. ՄԵՐ ՎԵՐՋԻՆ ՄԱՅՐԱՔԱՂԱՔԷՆ՝ ԱՌԱՋԻՆ ՄԱՅՐԱՔԱՂԱՔԸ
Մայիսի վերջն է: Համահայկական Համաշխարհային Խաղերու կազմակերպիչ մարմինը կազմակերպած էր ուխտագնացութիւն-արշաւ մը, այդ Խաղերու ջահի բոցը վառելու համար Մուսա Լեռնէն:
Յայտնուեցայ այդ արշաւախումբին մէջ: Քսաներեք հոգի, Հայաստանէն, Լիբանանէն, Եգիպտոսէն, Միացեալ Նահանգներէն, Պոլիսէն, ակադեմիկոս, դասախօսներ, պատմաբաններ, նախկին նախարար, բժիշկ, լրագրողներ, երգչուհի:
Հայաստանի սահմանները փակ են դէպի Թուրքիա եւ մեծ թիւով հայեր հոն կ’երթան արձակուրդի կամ առեւտուրի, անցնելով Վրաստանէն: Անակնկալ էր յատուկ արտօնութեամբ, վրացական փոքրիկ օդանաւով մը հատել կղպուած սահմանը եւ երեսուն հինգ վայրկեանէն (կամ րոպէէն) Զուարթնոցէն մեկնելով հասնիլ Վան, էջք կատարել Արտամէտի օդակայանը: Յիշեցի Ռուբէն Տէր Մինասեանի խօսքը Արտամէտի խնձորի մասին, որուն մէջ եթէ որդ ալ ինկած ըլլայ, ան կը մնայ համեղ: Սեփականի իմաստութիւն… Հայը կը նմանի՞ Արտամետի խնձորին…
Կէս ժամ սաւառնելէ ետք, ակադեմիկոս Աշոտ Մելքոնեանի յուզումներ արթնցնող պատմութեան խիտ բանաձեւումով, հայոց վերջին մայրաքաղաքէն առաջին մայրաքաղաքը ոտք դրինք: Երկուքը միացնող պատմական առաջին թռիչքը: Աշոտ Մելքոնեանի ձայնը՝ Երուանդաշատի վրայով անցանք Երկիր, հեռուն կը պարզուէր Բարթող լեռը… ձախին Գայլատու լիճը (Պալըք կէօլ): Բռնագրաւեալ Էրգրի վրայ էինք… Հեռուն Ալաշկերտի դաշտը, վարը՝ Հայկական Պարը, լեռնաշղթայ՝ մինչեւ Տաւրոս, յետոյ Պատմոս լիճը, Բերկրիի բնակավայրը, եւ հեռուն, լերան կողին կէտ մը՝ Վարագայ վանքը, Վանայ դիմաց՝ մեր հէքիաթներու Նեմրութ սարը…
Այս բոլորը բանգէտի գիրք չէր: Արուեստի պատկեր չէր: Շնչող եւ լռութեամբ խօսող էրգիր էր:
Խոնաւ աչքեր կը թաքցնեն պատկերները եւ օդանաւի տուփին մէջ լսուող վկայութեան ձայնը կը հիպնոսացնէ…
Մղկտացող մրմուր ուխտաւորի՝ որ զբօսաշրջիկ չէ. Ինչպէ՞ս, ինչո՞ւ, մինչեւ ե՞րբ…
Վանայ ծովակը, փռուած կապոյտ, կրկին ձայնը՝ Լիմ կղզին…
Մաքուր օդանաւակայան մը: Դուրս կու գանք եւ մեզ սպասող արդիական, պերճ եւ հանգստաւէտհանրակառք մը (autobus), լայն, խնամուած եւ մաքուր ճամբաներով մեզ կը տանի Վանի ամերիկեան շքեղ Հիլթըն հիւրանոցը, որուն մուտքէն կը պարզուի հէքեաթ դարձած Վանայ ծովակը եւ անոր խորքէն վեր խոյացող Արթոս լեռը:
Ծովակը եւ Արթոս լեռը
Պահ մը կը պատկերացնեմ Վանէն գաղթողներու ողբերգական պատկերը, եւ ես, հիմա, անոնց յղփացած յետնորդը, ի՞նչ կը փնտռեմ… Կրկին կը մտածեմ, իրենք զիրենք դիտելու ատակ բոլոր մարդոց պէս, որ կուշտ մազոխական մըն եմ:
Բոլոր զբօսաշրջային խումբերու տիրական օրակարգ են շարայական համադամները: Այդպէս, կը լուացուինք եւ կը ճաշենք: Հանրակառքը մեզ կը սպասէ եւ Վանայ ծովակը եզերելով կը հասնինք նաւամատոյց: Կամրջակին վրայ ոտքի կանգնած խումբի անդամներու աչքերը յառած են դէպի Ախթամարի կղզին, որուն վրայ գեղանկարի պէս պարզուած է Ս. Խաչ եկեղեցին, անքա՜ն մտերիմ եւ երազուած: Ոմանք նախապէս եղած են Ախթամար: Ես դիտած եմ պատկերներ, լեռներով կազմուած աւազան մըն է Ծովակը, 1640 մեթր ծովէն բարձր, տարածութիւնը 3755 քառ.ք.մ., երկարութիւնը՝ 119 ք.մ., լայնքը՝ 80 ք.մ, կ’ըսէ Կուկըլը: Հայկական լեռնաշխարհի լեռնային ծովը, որ լիճ չէ:
Գիւղական նաւամատոյց մը: Նաւը մեզ կը տանի կղզի: Նաւուն աշխատաւորներէն մին կ’ըսէ, թէ նաւավարի նախնիները հայ են, բայց ինք չի խօսիր այդ մասին, չ’ընդունիր: Կ’իջնենք նաւէն եւ հողէ քարքարուտ արահետով կը բարձրանանք դէպի եկեղեցին: Հոս եղած են քանի մը եկեղեցիներ, մնացած է միայն Ս. Խաչը: Եղած են արքա-յական պալատներ եւ հիմա չկան, աւերուած են եւ անյայտացած: Ժ դարու առաջին քառորդին կառուցուած է եկեղեցին, Գագիկ Արծրունի թագաւորի յանձնարարութեամբ, Մանուէլ Ճարտարապետի արուեստի գործը, որ ոչ միայն հայկական, այլ նաեւ համաշխարհային քրիստոնէական հաւատքի խտացում գլուխ-գործոց մըն է: Կը դառնաք եկեղեցիին շուրջ եւ կը տեսնէք ասեղնագործուած որմնաքանդակները: Եւ եթէ տրամադրուիք խաղին, կը լսէք վարպետներու մուրճի հարուածներու ձայները: Կը մտածեմ, որ այս զէնքերու պատմութիւն չէ, այլ՝ ոգիի, հոգիի, մեր գոյութենական իմաստութիւնը: Այդ քանդակները կը պատմեն Աստուածաշունչը, մարդոց առօրեան, մեր աւանդութեան մաս կազմող խաղողի ողկոյզներով, եւ Արծրունի Գագիկ արքան:
Ախթամարի Սուրբ Խաչ եկեղեցին
Անխնամ մնացած քարէ աստիճաններով կը մտնեմ եկեղեցի: Աղօթելու փափաք մը: Կողքիս կանգնած պոլսեցի երգչուհի Սիպիլէն կը խնդրեմ, որ «Սուրբ Սուրբ» երգէ: Ժամանակը կանգ կ’առնէ, կը բացուին դռներ: Գերեվարուած հայ եկեղեցին եւ հայ միտքի սլացքի խորհրդանիշը: Կտակը արքային եւ ճարտարապետ Մանուէլին:
Կը վերդառնանք լճափ: Կրօնական տօն է եւ բնակիչները արձակուրդի են: Ծովահայեաց ճաշարան մը, կը սպասարկեն ձուկ: Բայց չհասկցայ, որ այդ Վանայ ծովակի տառե՞խն է…
Սիրալիր ընդունելութիւն երկու քաղաքապետներու մօտ, որոնցմէ մին կին էր: Համահայկական խաղերու կազմակերպիչները զանոնք հրաւիրեցին Ստեփանակերտի մէջ կայանալիք խաղերուն:
Գ. ՊԱՏՄՈՒԹԵԱՆ ԲԵՄ. ԲԵՐԿՐԻԻ ԴԱՇՏԷՆ ԴԷՊԻ ԻԳԴԻՐ
Շլացնող արեւին տակ կը շարունակենք մեր ճամբան, պիտի հասնինք Իգտիր:
Կ’եզերենք Վանայ ծովը երկար ատեն եւ կը հասկնանք որ ան լիճ չէ:
Նոր սերունդները չեն գիտեր, որ Բերկրիի լեռներով պաշտպանուած ընդարձակ դաշտը եղած է ցորենի շտեմարան եւ այդպէս է նաեւ այսօր: Ափսո՞ս… Վանայ նահանգին մաս կազմող հայաշխարհի այս ծիծղուն մասը ներխուժած են մոնկոլները, տիրած են, եւ այնտեղէն անհետացած է բնիկ հայ տարրին եւ անոր յեստնորդներուն ձգելով, իր հայրենիքը որպէս յուշերու զբօսաշրջիկ տեսնելու իրաւունքը, այնքա՜ն իրաւունք՝ որքան որ տրուած է ամերիկացիին, չինացիին, ֆրանսացիին, գերմանացիին…
Կը մրթմրթամ Կոմիտասի «Անտունի»ն.
Սիրտս նման է էն փլած տներ,
Կոտրեր գերաններ, խախտեր է սներ,
Բուն պիտի դնեն մէջ վայրի հաւքեր…
Եւ միտքիս մէջ կը շարունակուի կրկնութիւնը. Ինչո՞ւ, ինչպէ՞ս, մինչեւ ե՞րբ…
Անուններ եւ բառեր՝ որոնք մեր հայրենահանուածներու կեանքէն դուրս մնացած են: Ծաղկանց լեռներէն եկող Բերկրիի գետի ջրվէժին առջեւ կանգ կ’առնենք:
Բերկրիի ջրվէժը
Ան կու գայ Թոնդրակ լեռնէն եւ կը հոսի դէպի Վանայ ծովակ: Բառերը յիշատակ կ’արթնցնեն, ինչպէս մեր պատութեան մէջ յայտնուած Թոնդրակեան աղանդաւորական շարժումը: Տեղացի զբօսաշրջիկներ ալ կան: Այ-ֆոնները կը նկարեն եւ մեզ կը քանդակեն ֆշշացող ջրվէժի տեսարանին մէջ: Ան բարձրերէն ինկող Նիակարա կամ Վիքթորիա չէ, բայց հայոց պատմութիւն է, ժամանակի գիծին վրայ կասած ազգի մը եւ հազարաւոր մարդոց կեանքի յիշեցում է, տաղող յիշատակ: Դրախտ կորուսեալի պատկեր… Մեր ո՞ր մեղքին համար: Երէկ եւ այսօր: Կոտարակումներ եւ կոտորած:
Աչքով տիրութիւն ընելէ ետք կը շարունակենք մեր ուխտաւորի ճանապարհը դէպի Իգդիր, որ թռչունի թեւերով միայն 40 ք.մ. հեռու է: Աչքերս յառած եմ փռուած դաշտին եւ միտքս կը թափառի գիրքերու աշխարհին մէջ: Բառը գիրք է, պատմութեան պատուհան: Լսելով Իգդիրը, կը կրկնեմ Իքդիրմաւա… Հոս ծնած է հայ վիշտի երգիչ Աւետիս Ահարոնեանը, յիշել՝ «Վազրիկը», Մետեխի բանտը դրուած Ահարոնեանը, յիշել այս մասին Սիամանթոյի «Պատգամաւոներս» բանաստեղծութիւնը: Յիշել՝ որ ան ստորագրած է մեր իրաւունքը սահմանած Սեւրի դաշնագիրը 10 օգոստոս 1920ին, եւ 1934ին ուղեղի արիւնախռնում կ’ունենայ Մարսիլիայի մէջ, բեմի վրայ, իր վերջին բառերը կ’ըլլան՝ «հայ ժո-ղո-ղո-ղո» եւ կը լռէ: Կը մեռնի 1948-ին: Շիրիմը կը գտնուի Փարիզի Փէր Լաշէզ գերեզմանատունը եւ էյֆէլասէր եւ փարիզասէր հայ տուրիստները չեն գիտեր, որ հոն կը հանգչի մեծ հայը, գիտցողներն ալ ժամանակ չունին մոմ եւ խունկ տանելու անոր շիրիմին: Այսպէս է սպառողական եւ զբօսնելու հետամուտ քաղաքակրթութիւնը:
Իգդիր նաեւ ծննդավայրն է մեր հերոսապատումի աւագ դերակատարներէն Դրոյի, Դրաստամատ Կանայեանի, հայատեաց փոխարքայ Նակաշիցէի ահաբեկիչին, Բաշ Աբարանի յաղթանակի հրամանատարին: Ծանօթագրութիւններ կ’ըսեն, որ Իգդիրը մաս կազմած է Երեւանի նահանգին: Հիմա՞…Կրկին հոգեմաշ հարցումը. Ինչո՞ւ, ինչպէ՞ս, մինչեւ ե՞րբ…
Քաղաքի կեդրոնը խճողուած է: Կը սպասենք, որ համահայկական խաղերու պատասխանատուները վերադառնան քաղաքապետարանէն, ուր գացած են հրաւիրելու քաղաքը, որպէսզի ան ալ մասնակցի Ստեփանակերտի խաղերուն:
Կը դիտեմ քաղաքը, մարդիկը: Հայու դէմքեր չկան: Հայու քաղաքին մէջ հայեր չկան: Եթէ հրաշքով մը մեզի հետ ըլլային Ահարոնեան եւ Դրօ, ի՞նչ պիտի զգային: Իրենց ցաւը հայու ցաւ է, կարծէք անդարման: Ոմանք գնումներ կ’ընեն, ես նստած այգիի մը նստարանին վրայ, ընդարմացած ուղեղով կը մտածեմ: Աչքերս վեր կ’առնեմ եւ անցքի մը վրայ կը տեսնեմ «հերոսացած» Հայտար Ալիեւի անունը: Կը նշանակէ, որ հայատեացութեան եւ հայոց իրաւազրկման միտումը միշտ վառ է, հակառակ քաղաքակրթութեան յառաջացման եւ մարդկային իրաւունքներու յարգումի մասին մեծ բեմերէ հնչող ճառերուն:
Կը հաւաքուինք եւ կ’ուղղուինք օդակայան: Այս անգամ պիտի անցնինք Թուրքիոյ վրայով մինչեւ Անգարա, առանց հոն կանգ առնելու, օդանաւ պիտի փոխենք, անկէ թռելու համար Ատանա, Կիլիկիա, ուր թաւալած է մեր պատմութիւնը: Թագաւորներ եւ մշակոյթ:
Կը քալենք Անգարայի օդակայանի անցքերուն մէջ: Կանգ չենք առներ յորդող վաճառատուներուն առջեւ: Օտար ըլլալէ աւելի խոր զգացումով մը վարակուած եմ:
Կը տեղաւորուինք օդանաւին մէջ: Արդէն միտքերս այլ տեղ են, մեր պատմութեան միշտ ներկայ ժամանակին մէջ: Ինչպէ՞ս ձերբազատուիլ պատմութեան գեհենէն, ինչպէ՞ս չյիշել 1909ի Ատանայի ջարդերը, այդ օրերու ֆրանսական թերթերու այսօր մոռցուած ցնցող պատկերները: Տեսնել ֆրանսական Le Petit Journal թերթի 1909-ի 2 մայիսի գունաւոր կողքը եւ ցոյց տալ յիշողութեան կորուստէ տառապող աշխարհի իրաւարարութեան իրենք զիրենք կոչածներուն: Իրաւարարնե՞ր, թէ մեղսակիցներ:
«Նոր Ատանա»ն Պէյրութի կից Պուրճ Համուտի թաղամաս մըն է, որ ունէր Ատանայի «Աբգարեան վարժարան»ի անունը յաւերժացնող իր դպրոցը:
Ատանան աւելի քան մէկ միլիոն բնակչութեամբ քաղաք է հիմա, ուրկէ չքացած է հայկական հետքը:
Մեր ողբերգութեան եւ ցաւի քաղաք Ատանան, զոր այսօր կը յիշենք ողբի երգով…
Դ. ԱՏԱՆԱ, ՄՈՒՍԱ ԼԵՌ, ՅԻՇԱՏԱԿԻ ԱՊՐՈՂ ՀԱՅԿԱԿԱՆ ՈՒԱՔԻՖ
Ատանա կը հասնինք երեկոյեան: Արդիական հիւրանոցը խճողուած է, տեղացիներով եւ օտարականներով: Հոս ալ ուտեստները բազմազան են եւ առատ: Կը շրջինք հիւրանոցի շուրջ եւ կը քալենք բազմադարեան կամուրջի մը վրայ: Հակառակ լայն փողոցներու եւ պողոտաներու, խճողումներ կան: Հոս ոչ մէկ անակնկալ կը սպասէ մեզ: Պարզապէս պիտի գիշերենք:
Յաջորդ օր կը մեկնինք Անտիոք, որ աշխարհի ամենէն հին քաղաքներէն մին է եւ եղած է նաեւ հայոց Տիգրան թագաւորին մայրաքաղաքը: Եղած է քրիստոնէական մեծ կեդրոն: Ալեքսանտրէթի սանճաքը եւ Անտիոքը Թուրքիոյ կցուած են 1939ին, որուն հետեւանքով կրկին տեղի ունեցած է հայերու գաղթ: Չորս տարեկան էի այդ գաղթին: Այդ գաղթի հետեւանքով ստեղծուած է Լիբանանի այսօրուած ծաղկուն Այնճար գիւղաքաղաքը:
Հայկական Կիլիկիոյ մէջ էինք, մեր Երկիրը… «Ցանկամ տեսնել զիմ Կիլիկիա, աշխարհ որ ինձ ետուր արեւ»…
Հարազատութիւն կայ օդին մէջ:
Կը հասնինք Անտիոք, նեղ փողոցներով կը յառաջանանք եւ կանգ կ’առնենք մեծ դարպասի մը առջեւ: Հիւրանոցը հաւանօրէն եղած է նախկին իջեւան մը, այդ կ’ըսէ նաեւ իր անունը, Hotel Savon, հաւանօրէն՝ Խան Սապուն, փողոցին մէջ ալ կան տեղական օճառի վաճառատուներ:
Յաջորդ օրը կը մեկնինք դէպի մեր նորագոյն հերոսապատումի աշխարհներէն Մուսա Լեռ… Կը բարձրանանք լեռնային ճանապարհով, կանաչ պարտէզներ, ձիթենիներ, նարնջենիներ: Ուաքիֆ գիւղաքաղաքի եկեղեցիին առջեւն ենք, ինչ որ տեսած էինք պատկերով: Չկան Մուսա լեռան գիւղերը, չկան անոնց բնակիչները: Բայց մնացած են վերջին մոհիկանները, որոնք մեզ կը դիմաւորեն: Հայրենի աշխարհի հողին կառչած մարդոց հետ այս հանդիպումը ինչպիսի խառն զգացումներու ծնունդ կու տայ… Չեմ մտածեր, կը նայիմ: Եւ կրկին, յաճախանքի պէս ինքզինքիս հետ կը խօսիմ. Ինչո՞ւ, ինչպէ՞ս, մինչեւ ե՞րբ…
Եկեղեցիի շրջափակը հազիւ մտած կը տեսնեմ համակրելի երիտասարդ եկեղեցական մը, հայր Թաթուլ Անուշեանը, որուն արդէն հանդիպած էի Լոս Անճելըս, Պէյրութ եւ Հայաստան: Եկած էր Պոլսէն: Ան յատուկ արարողութեամբ կ’օրհնէ Համահայկական Խաղերու ջահի բոցը, որ հայկական դիմադրութեան այս արծուեբոյնէն պիտի տարուի Ստեփանակերտ:
Ամբողջ օրը հոն կը մնանք: Հետզհետէ կը բազմանան ուաքիֆցիները: Կը ճաշենք միասին: Վերակազմուած ընտանիք մը, ուրիշ բացատրութիւն կեղծ պիտի հնչէր:
Խտըրբէկ գիւղի հազարամեայ կաղնին
Ճաշէն ետք կը ցրուինք: Կ’երթանք ինծի միայն անունով ծանօթ Խտըրբէկ գիւղը: Այդպէս կը կոչուի նաեւ Այնճարի թաղամասերէն մէկը: Այնճարի խտըրբէկցիները յաճախ կը խօսէին իրենց հռչակաւոր հազարամեայ կաղնիին մասին: Անոր շուրջ այսօր զբօսավայրեր կան: Տօնական օր է, եկած են տեղացի դարձած նոր տէրերը: Եւ ի հարկէ արշաւախումբի անդամները, այրեր եւ կիներ, կը լուսանկարուին, կը մտնեն ծառի խորշը, կը բարձրանան անոր ժայռանման կողը: Կը վե-րադառնանք եկեղեցի:
Երեկոյեան, պղնձեայ մեծ կաթսաներու մէջ կը պատրաստուի մատաղը: Միջին տարիքի զուարթ արտայայտութեամբ կնոջ մը հետ խօսած էի կէսօրին: Ըսելու համար որ քիչ մը իրենցմէ եմ, հարցուցած էի, թէ «ո՞ւր է պանտրում հաց»ը: Երեկոյեան բոլոր սեղաններու վրայ կը գտնեմ «պանտրում հաց»ը: Միջոցին, տուն գացեր եւ պատրաստեր է… Ճառերով չբացատրուող սրտբացութիւն: Յետոյ պիտի իմանայի, որ ան սգաւոր էր, իր աղջիկը նոր կորսնցուցեր էր ամուսինը:
Երիտասարդները նոյնիսկ եթէ լաւ չէին խօսեր հայերէնը, հայերէն կ’երգէին: Նոյնիսկ ուրիշ քաղաք ուսանելու գացածներ, կապուած կը մնան իրենց հայրենի հողին:
Ընթրիքին, եկեղեցիի հաւաքոյթներու սրահը կը թնդայ հայերէն երգերով: Ցերեկը երկար է յունիսի առաջին օրը: Պատշգամին վրայ բացուող լայն պատուհաններէն կը փռուի գեղածիծաղ Կիլիկիան: Խօսակից մը ցոյց կու տայ ձորակի տուները, որոնց հայ բնակիչները մեռած են կամ մեկնած:
Հայաստանէն եկած դասատու կար: Հալէպէն եկած եւ հոն բնակութիւն հաստատած երիտասարդ կար:
Ուշ ատեն, երբ Անտիոքի հիւրանոցը վերադարձանք, փորձեցի տպաւորութիւններս արձանագրել: Անկարելի եղաւ: Զգացումներս կը պղտորէին եւ զիրար կը հրմշտկէին պատկերներ: Հիմա ալ, պատկերները իրարու չեն յաջորդեր, միագիծ չեն: Խանգարուած է յիշողութեանս ճօճանակը:
Ե. ՋԱՀԻ ԲՈՑԸ՝ ՄԱՐՏՆՉՈՂՆԵՐՈՒ ԼԵՌՆԷՆ
Արշաւախումբէն հինգ հոգի պիտի բարձրանան Մուսա լերան գագաթը, հոն ուր ապաստանած եւ ինքնապաշտպանութեան կռիւ մղած էին մուսալեռցիները: Պատմութիւնը ծանօթ է: Կրկին կարդալ Ֆրանց Վերֆէլի «Մուսա Լերան քառասուն օրերը», որ թարգմանուած է նաեւ օտար լեզուներու (Les quarante jours de Musa Dagh, Franz Werfel): Հանրակառքը (autobus) բոլորս կը տանի կրկին Ուաքիֆ, Թորոսի սրճարան-ճաշարանը, ուրկէ լեռնագնացները պիտի երթան Մուսա Լեռ: Բեռնատար մը զիրենք կը սպասէր, Թորոսը եւ իր որդին զանոնք պիտի առաջնորդէին:
Ժամ մը մնացինք Թորոսի նարնջենիներով, ձիթենիներով, սալորենիներով եւ այլ պտղատու ծառերով շրջապատուած սրճարանը:: Խումբէն մաս մը, առաւօտ կանուխ արդէն մեկնած էր Այնթապ, իսկ մնացողներս գացինք ծովափ, ուր լողաւազան կար: Այրող արեւ կար:
Եթէ տեսակ մը ուխտաւոր եղած չըլլայինք, ծովափը, ուր գացինք սպասելու լեռնագնացներու վերադարձը, լողաւազանը, հոն եկած տեղացիները եւ զբօսաշրջիկները, ջուր ճողբացնողները, գարեջուր խմողները, մերկացած այրերը եւ կիները, պարզապէս պիտի յիշեցնէին Լիբանանի, Ֆրանսայի, Յունաստանի ծովափը, յոգնելով զուարճացողները:
Այդ ծովափին եթէ հետեւէինք, թերեւս նոյնիսկ քալելով, կը հասնէինք Քեսապ, Գարատուրանի ծովափը: Այդ նոյն ծովափին կը գտնուէին ծննդավայրս եւ հայրերուս ու նախահայրերուս քաղաքը: Ինչպէ՞ս կարելի է զգացումներէն անդին, չմտածել քաղաքականութեան եւ իրաւունքի մասին: Կը տարուիմ միտքերով:
Բեմերէն, մեծ ատեաններէն կը գոռան արդարութեան եւ իրաւունքի մասին. Etat de droit, droits de l’homme, human rights, խաղաղութիւն, Միջազգային ատեաններ: Այս մոլորակի վրայ ապրող բնակիչ, որուն համար կ’ըսուի, թէ երաշխաւաորուած հաւասար իրաւունքներ ունի բոլորին հետ, բոլորին պէս, առանց բառերու ետին թաք-նուելու, կ’ուզեմ գիտնալ, թէ ո՞ւր են իմ իրաւունքներս, ոչ թէ մեր ժողովուրդի անդամներուն այսօր որպէս շնորհ շալկած զանազան քաղաքացիութիւններու ապահովութիւնները, այլ հայ մարդու իրաւունքներս: Ամերիկացիի, ֆրանսացիի, արժանթինցիի, աւստրալիացիի իրաւունքներ ունինք, բայց մեզմէ խլուած են մեր իսկական իրաւունքները: Յաճախ կը յիշեմ յոյն գրողին խօսքը, որ իրմէ խլած են իր հայրերու կողքին թաղուելու իրաւունքը:Յոյն գրողը՝ Տիմիդրիոս Վիքելաս, Լուքիս Լարաս 1988ին լոյս տեսած վէպին մէջ գրած է.
«Այս մատրան մէջ ամուսնացած են ծնողքս, անոնց բաղձանքն էր հոն թաղուիլ, իրարու կողքին, եկեղեցիի նախամուտի սալաքարերուն տակ: Բայց ոչ ծնողներս հոն գտան իրենց հանգիստը, ոչ ալ իմ ոսկորներս պիտի կարենան փոշի ըլլալ հայրենիքիս այդ սիրելի անկիւնը: Այսօր, կ’ապրինք եւ պիտի մեռնինք մէկս հոս, միւսը անդին, կեանքի մէջ թափառողներ, աքսորուած մահուան մէջ, սփիւռքի փոթորիկը ցնցած է եւ ջարդած սրբազան կապերը, որոնք կը միացնէին զաւակներու սրտերը նախնիներու հողին»:
Այսօր փոքրացած հայրենիքէն դուրս ապրող հայ ժողովուրդը, ստուար մեծամասնութիւնը ազգին, եթէ պահ մը դուրս գայ սպառողական ընկերութեան, ընչաքաղցութեան եւ բարօրութեան իր հետապնդումէն, եւ բառ առ բառ կարդայ Տիմիդրիոս Վիքելասի խօսքերը, մեզի գինովութիւն առթող հինգ միլիոն հայու տեսական համրանքի ապագան տարբեր կ’ըլլայ:
Երեկոյեան կրկին գացինք Ուաքիֆ, լեռնագնացներուն հետ հիւրանոց վերադառնալու համար:
Հերոսներու քանդուած շիրիմներ
Լեռնագնացները, բեռնատարով լերան ստորոտը հասած են, ուրկէ սկսած է մագլցումը: Քարքարուտ կածաններով բարձրացած են, հոնկէ վառելու համար ջահը: Հակառակ դժուարութեան եւ յոգնութեան հասած են գագաթ: Դիմադրական Քառասուն Օրերու կռիւներու ընթացքին մեռածներու եւ զոհերու գերեզմանները քանդուած գտած են: Զինադադարէն ետք վերադարձողները, լերան վրայ, քարերով կանգնած են զիրենք փրկած Կիշէն նաւուն կոթողը: Այդ կոթողն ալ գտած են ականուած, մնացած է միայն ցռուկը:
Բերին բոցը: Նկարահանած են Լեռը:
Ուաքիֆի փոքրիկ գերեզմանատան մէջ դամբաններ կան: Հայերէն անուններ, հայու թրքացուած անուններ: Թրքատառ անուններ:
Կրկին կ’արձագանգէ մազոխականի հոգեմաշ մտալլկող հարցումը. Ինչո՞ւ, ինչպէ՞ս, մինչեւ ե՞րբ…
Զ. ՍԻՍ, ԼԵՒՈՆԻ ԲԵՐԴ, ՍՈՒԼՈՒԽԻ ԿԱՄՈՒՐՋ
Կիլիկիա կրկին: Հայրենիք՝ ուր հայկական այրուձին պետութիւն ստեղծած էր, ապրած եւ իշխած էին թագաւորներ, Ռուբէն, Հեթում եւ Լեւոններ, կաթողիկոսներ, Ներսէս Շնորհալի բանաստեղծ-կաթողիկոս եւ շնորհալի մանրանկարիչ Թորոս Ռոսլին:
Ծաղր է: Սիսը կոչած են Քոզան, Լեւոն Բ արքայի բերդը՝ Եիլան գալէ, Օձի բերդ:
Լեւոնի բերդը
Ի զուր չէ որ կը գործածեմ մազոխական բառը, քանի այս բոլորը տեսնել, լսել եւ արձանագրել գիտակիցի եւ անգիտակիցի խորշերուն մէջ, առանց տարուելու այ-ֆոնի խաղով, պատժուածի եւ անզօրութեան զգացումով հոգիները կը ճմլէ:
Ատանայէն կը հասնինք Սիս, թագաւորանիստ եւ կաթողիկոսանիստ հայկական մայրաքաղաքը: Քաղաքի կեդրոնէն բերդի ստորոտը կը բարձրանանք փոքրիկ ինքնաշարժներով: Հոս ալ կան տեղացի եւ օտար զբօսաշրջիկներ: Մենք ալ հոն էինք, յիշատակներու որսորդ զբօսաշրջիկ՝ մեր հողին վրայ:
Քարքարուտ ճամբով կը բարձրանամ մինչեւ ամրոցի դարպասը: Ապա, կը վերադառնամ պարիսպի ստորոտը, կը դիտեմ պարիսպները, հաստ քարերը, հայ շինարարի աշխատանքի վկայութիւն: Թերեւս հոն կայ նախապապերուս քրտինքը: Մլեհի մայրաքաղաքը: Առեւանգուած, իւրացուած:
Կը բարձրանանք Սիսի բերդըՍուլուխի կամուրջին վրայ
Մեզ ամրոց փոխադրած թուրք վարորդին հետ կը զրուցեմ մեծ-մօրմէս սորված կաղ թրքերէնովս: Վստահութեան հաստատումէ ետք կը հարցնեմ, թէ քաղաքին մէջ հայեր կա՞ն: Կ’ըսէ, թէ չկան, բայց գիւղ մը կայ, որուն բնակիչներուն եօթանասուն առ հարիւրը հայեր են: Հոն պիտի չերթանք: Անոնք հայ պիտի չտեսնեն: Նոյնիսկ եթէ ընտանեկան յիշատակներ պահեն, դատապարտուած են դանդաղ կամ արագ անհետացման: Կա՞յ փրկութեան լաստ: Մնացած են հողին վրայ: Թերեւս տէր են իրենց տան կամ այգիին: Յետո՞յ…
Կը խմբուինք եւ կ’երթանք դէպի Լեւոն արքայի բերդը: Նոյն լքուած պարիսպները: Պատմութիւնը կանգ առած է: Անոր նոր տէրերուն համար բերդը սոսկ կոթող է, իրենց պատմութիւնը չէ, իսկ մեզմէ խլուած է տէր ըլլալու իրաւունքը: Մնացած է նկարելու, գիրք գրելու եւ յիշատակ պահելու մխիթարութիւն՝ լուսանկարելու եւ անցնելու իրաւունքը: Ուաքիֆ, Տորթ Եոլ, Ատանա, Սիս… մէկ ափի մէջ աշխարհ մը: Նոյնիսկ եթէ կան իրենց պապենական հողին եւ այգիին կառչածներ, ի՞նչ է վաղուան խոստումը: Ըլլալ բնակիչ եւ վերջին մոհիկան Ռոպէնսոնի կղզիին վրայ: Իսկ զբօսաշրջիկը ինչպէ՞ս հայրենատէր ըլլայ:
Ժամանակացոյցին վրայ չկան ոչ Հռոմկլան ոչ ալ Սասունը…
Իսկ եթէ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսը յաջողի օրէնքի ուժով շրջել պատմութեան անիւը եւ վերատիրանալ իր Սսոյ կաթողիկոսի իրաւունքներուն, այդ կ’ըլլայ անկիւնադարձ մեր լինելութեան ճանապարհին:
Ֆրանսացին կ’ըսէ. ով որ ոչինչ կը փորձէ ոչինչ կ’ունենայ. qui ne tente rien, n’a rien…
Ճանապարհը կը շարունակուի: Կը հասնինք հայ ազատագրական պայքարի խորհրդանշական թատերաբեմ Արածանիի վրայ ձգուած «Սուլուխի կամուրջը»:
Սուլուխի կամուրջին վրայ
Արածանի… բառ էր կամ քարտէսի վրայ գիծ մը, ան մեր աչքին առջեւ փռուող հայրենի կենսատու գետ է:
Ժամանակակից պատերազմներուն բաղդատած պարզ միջադէպ մըն է «Սուլուխի կռիւը», որուն ընթացքին կը սպաննուի պայծառ դէմքով Գէորգ Չաւուշը, Տարօն աշխարհի առասպելական հերոսը: Հոս քար, ջուր, տարածութիւն, պատմութիւն են: Երեւանէն դուրս հազիւ ելած, կը հանդիպինք «Գէորգ Չաւուշի» թաղի ցուցանակին, եւ կ’անցնինք: Հոս երկինքի տակ պատմութիւն կայ:
Այս կամուրջը հաւանօրէն ներծծած է Գէորգի եւ իր զինակիցներու հեղուած արիւնը: Անոնք իրենց աչքերը փակած էին լսելով հայրենի Արարածանիի ջուրերուն կարկաչը: Այսօր, կամուրջ եւ Արածանի պիտի արձանագրուին ուխտաւոր զբօսաշրջիկներու այ-ֆոններուն մէջ, ցոյց պիտի տրուին ընկեր բարեկամի, զաւակի եւ թոռներու:
Կը մտածեմ. ինքնութեան եւ անոր պատուանդան հողի համար հայ մարդիկ կեանք զոհած էին:
Պատմութիւնը կը վերագտնէ՞ իր բնական հունը: Յափշտակող եւ առեւանգող հոգեփովութիւն կ’ունենա՞ն, որպէսզի մարդը չըլլայ մարդուն գայլը… homo homini lupus: Յիշել Հոպզը…
Ուխտաւոր զբօսաշրջիկները Արածանիի վէտվէտացող ջուրերուն մէջ կարմիր վարդեր կը թափեն, որոնք կը ծփան եւ կ’երթան Գէորգ Չաւուշին յուշելու, որ եկած էինք, որ իր հետապնդած իրաւունքի դատը չէ մոռցուած: Ան պիտի ըսէ՞՝ ինչպէ՞ս շարունակել:
Ի՞նչ բանի խորհրդանիշ է Սուլուխի կամուրջը տասը միլիոն հայերուն համար: Անփափկանկատ հարցում մը. համաշխարհային դարձած ազգի ո՞ր տոկոսը գիտէ, թէ հոս հեղուած է հայ հերոսի արիւնը, որպէսզի մենք չըլլանք սոսկ անցեալ:
Արածանիի տարած կարմիր վարդերը ծէս էին:
Ի՞նչ կը սպասէ եւ կ’ընէ հայը ծէսէն անդին, Հայաստաններ եւ սփիւռքներ…
Արածանին կը մնայ մեր ետին, Սուլուխի առասպելական կռիւի պատկերը մեր յիշողութեան մէջ դաջուած է,- Հայաստան կ’ըսեն լեգենդը,- կը շարունակենք մեր ճանապարհը դէպի Մուշ: Հայաշխարհի հարթութեան վրայ ենք: Այս հողը հայոց պատմութիւն կը բուրէ: Հայկական արմատներով մարդիկ կան թաքնուած, բայց հայութիւնը բացակայ է:
Կ’անցնինք անծայրածիր տարածութիւններէ, որոնց վրայ գծուած են արդիական եւ մաքուր ճանապարհներ: Մանուկի հետաքրքրութեամբ կ’ուզեմ հասնիլ այնքան լսուած Մշոյ Դաշտ, շնչել հէքեաթի նմանող էջերու վրայ կարդացուած Մշոյ Հացի բոյրը: Օրը իրկանացած է: Մութին հետ տեսարանները կը խորանան, անուններ կ’արձագանգեն: Մշոյ Գեղամ, Եղեռնի զոհ, Գեղամ Տէր Կարապետեան, 1991ին Պոլիս լոյս տեսած, հողերու ամայացումէն չորս տարի առաջ, գիրք գրած էր. «Հողային Հարցը հայաբնակ նահանգներու մէջ»… Ի՞նչ պիտի գրէր այսօր, ի՞նչ կը գրենք այսօր, ի՞նչ պիտի գրենք եւ ընենք վաղը, որ խօսք չըլլայ, հողին տէր ըլլալու համար:
Լայն ճամբայ մը: Կարմիր կակաչներու լամբերու լոյսով կը մտնենք լեռներով պարսպուած Մուշ:
Կը գիշերենք պանդոկի մը մէջ:
Առաւօտուն, խումբ մը սար պիտի բարձրանայ, երթալու համար Մուշի հայոց գերեզմանատունը, ուր կը գտնուի Գէորգ Չաւուշի դամ-բանը: Պիտի տանին կարմիր վարդեր եւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա կաթողիկոսի յանձնած Նարեկ աղօթամատեանը ազգին համար զոհուած հերոսի տապանաքարին տակ դնելու:
Հիւրանոցին առջեւ, քարի մը վրայ նստած, կը զրուցեմ մշեցի երկու հայերու հետ: Չեմ գիտեր, թէինչպէ՞ս պէտք է կոչեմ Հայրետտինը եւ Պուրհանը, իրենք կ’ըսեն, թէ կը կոչուին Հայկ եւ Նշան, թէեւ վստահ եմ, որ ոեւէ տեղ նման արձանագրութիւն չկայ, բացի իրենց հոգիի անկիւնէն: Կը խօսինք քիչ մը հայերէն, քիչ մը թրքերէն: Ազգականներ ունին Հայաստան, որոնց հետ կապ ունին, երբեմն այցելութեան կ’երթան:
Նշանին հարց կու տամ, որ տունը պահուած հայերէն գիրք ունի՞: Կը բացատրէ, որ ժամանակին բիրտ հետապնդումներ կային, կը խուզարկէին, կը փճացնէին ինչ որ գտնէին: Իրենց ծնողները կրօնափոխ եղած են, փոխած են անունները: Բայց պատժուած երեխայի պէս կ’ըսէ, որ «հայ է»: Զրոյցը կը շարունակուի եւ Նշան կ’ըսէ, թէ շրջանին մէջ կան շուրջ հարիւր հազար թաքնուած հայեր…
Ի՞նչ պիտի նշանակէ վաղը՝ թաքնուած հայեր որակումը: Դար անցած է, եւ հայկական տռամը կը շարունակուի: Աշխարհի մեծերը, իրաւարարները, ամպագոռգոռ ժողովները տեղեա՞կ են, որ հայկական տռամը կը շարունակուի, որ ոգեկոչումներէ եւ ճանաչումներէ տարբեր ցաւի եւ ողբերգութեան խտութիւն ունի: Այս համամարդկային արժէք-ներու խնդիր է, բայց ան ոչ մէկ տեղ օրակարգ է: Նշան խոնաւ աչքերով ըսաւ, որ կ’ուզէր իր լիիրաւ ինքնութիւնը վերանուաճել:
Եւ մրճահարուող հարցումը. Ինչպէ՞ս, ո՞ւր, ե՞րբ…
Խումբը կը վերադառնայ սարի գերեզմանատունէն: Արձանագրութիւնը ջնջուած տապանաքար մը գտած են, այլ տապանաքարերու կողքին: Վերջիններուն վրայ դեռ կարելի եղած է կարդալ հայերէն տառեր: Աղօթած են, երգած են, Եռագոյն փռած են տապանաքարին վրայ, Նարեկը զետեղած քարին տակ: Ազգը չէ մոռցած իր արժանաւոր հերոս զաւակը: Այդ երախտագիտութիւնը կարեւոր է երէկուան համար կարեւոր է նաեւ այսօր, ջրդեղելու համար մեր սիրած միասնութիւնը:
Կէսօրը անցած էր, երբ «Մուշի հայեր»ը մեզ տարին իրենց կեդրոնը, որուն մուտքի ճակատին թրքերէնով գրուած է Մուշի հայկական կեդրոն: Ներսը, այրեր եւ կիներ, ոգի ի բռին լծուած էին ճաշի, աւանդական գառի պատրաստութեան: Պատին վրայ մեծատառ գրուած էր, հայերէն եւ ֆրանսերէն «Տարօն-Տուրուբերանի հայրենասիրական միութիւն»:
Մեր խումբին հետ այս հանդիպումը «Մուշի հայերուն» համար յիշատակ կ’ըլլայ, բայց նաեւ ոմանք հաւանօրէն կը փորձեն որոնել իրենց արմատները, իրենց ինքնութիւնը: Այդ ճիգը հաւաքական ըլլալու համար կը կարօտի ծրագրումի, կազմակերպութեան, նիւթական եւ մարդկային ներդրումի: Մեծամասնութիւնը վաղը պիտի գտնէ իր բնական առօրեան:
Մուշը մեր ետին ձգեցինք, բայց Մուշի հայերը կը տանինք մեզի հետ, որպէս խնդիր եւ յուզում:
Ի՞նչ ընել եւ ինչպէ՞ս, որ մէկուկէս միլիոնին վրայ չգումարուի այսօրուան թաքուն մշեցիներուն հարիւր հազարը…
Եթէ ոչինչ ընենք այսօր, վաղը մեր յետնորդները պիտի ոգեկոչե՞ն Մուշի եւ այլ վայրերու հարիւրաւոր հազարները, ճանաչումնե՞ր պիտի հետապնդեն…
Եթէ «թաքնուածներու» ինքնութեան գիտակցութիւնը զօրանայ, անոնց կեանքը պիտի երկբեղկուի եւ պիտի դժուարանայ:
Երբ արդէն ճանապարհին էինք դէպի Կարս, կը խորհէի, որ օր մը կարելի կ’ըլլա՞յ, իրենց ըսածին հետեւելով, շրջանի հարիւր հազար հայերուն համար դպրոցներ ստեղծել:
Բայց ինչպէ՞ս կարելի պիտի ըլլայ հայերէն սորվեցնել երբ դպրոցներուն մէջ կ’արգիլուի քրտերէնի ուսուցումը:
Թ. ԿԱՐՍ, ԲԵՐԴ, ԱՌԱՔԵԼՈՑ ԵԿԵՂԵՑԻ, ԱԽՈՒՐԵԱՆՈՎ ՄԱՅՐ ԵՐԿՐԷՆ ԶԱՏՈՒԱԾ ՄԵՐ ԱՆԻՆ
Հեռաւորութիւնները չեմ հաշուեր: Անոնք խրձիկ են: Այնքան խառն են տպաւորութիւնները եւ անոնցմէ ծնող ու բազմապատկուող միտքերը:
Մութ է արդէն երբ հանրակառքը (աւդոպուսը, autobus) կանգ կ’առնէ Կարսի հիւրանոցին առջեւ: Աշոտ Սողոմոնեան, պատմաբան, այնքա՜ն լաւ կազմակերպած է ճամբորդութիւնը, որ կարծէք մտաւորական չըլլայ:
Ընթրիքէն ետք ակադեմիկոս Աշոտ Մելքոնեանի եւ դեկան Էդիկ Մինասեանի հետ կը ժամադրուինք առաւոտ կանուխ երթալու համար Կարսի Առաքելոց եկեղեցին եւ պատմական բերդը:
Առաւօտեան զովին կը բարձրանանք հիւրանոցի փողոցէն վեր, կը թեքինք աջ, քիչ ժամանակ անց դէմ առ դէմ կը գտնուինք Կարսի բերդին եւ Առաքելոց եկեղեցիին:
Ակադեմիկոս Աշոտ Մելքոնեան կը խօսի ինքնիրեն եւ մեզի համար: Աբաս Բագրատունիի օրերուն, 940ական տարիներուն, կառուցուած է եկեղեցին, եւ 1579ին օսմանցի թուրքերը զայն վերածած են մզկիթի, երբ գրաւած են քաղաքը, ապա, ռուսական գրաւման շրջանին, ան վերածուած է ռուսական ուղղափառ եկեղեցիի: 1917ին, թուրքերը եկեղեցին կը վերածեն մզկիթի: Իսկ 1918ին, Հայաստանի առաջին հանրապետութեան օրերուն, ան եղած է հայկական: 1920էն ի վեր ան կրկին մզկիթ է: Մօտեցանք: Դռները փակ էին: Գմբէթին խաչ չկար:
Ի՞նչ կ’ըսէ քաղաքակիրթ աշխարհը, ի՞նչ կ’ըսէ ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ն: Ճիշդ հարցումներուն մէջ կը գտնուին անոնց ճիշդ պատասխանները:
Բարձունքին կը տիրէ Բերդը, որ կառուցուած է Կարսը գրաւող թուրքերուն կողմէ, 1153ին:
Կարսի բերդը
Բայց կ’ըսուի նաեւ, որ հոն բերդ եղած է Ուրարտական վաղ ժամանակաշրջանին: Մեր պատմական գրականութեան մէջ ան կը յիշուի որպէս «Կարուց բերդ», երբ դեռ թուրքեր չկային: Անոր տիրած են ռուսերը: Քսաներորդ դարու սկիզբի մեր պատմութեան դժուար օրերուն, հոն տեղի ունեցած են ծանրակշիռ իրադարձութիւններ:
Կարսը հայկական քաղաք եղած էր: Իր մարդոցմով եւ բարբառով:
Կը վերադառնանք հիւրանոց: Համահայկական Խաղերու պատասխանատուները կ’երթան տեսնելու քաղաքապետը եւ զայն հրաւիրելու Ստեփանակերտի խաղերուն, իսկ մեր խումբը կ’ուղեւորուի դէպի Անի: Հաստաբեստ պարիսպները դեռ կանգուն են: Անոնց զով ստուերին նստած են մարդիկ:
Գեղեցիկ եւ տխուր Անի:
Քարքարուտ արահետներով կը յառաջանանք: Եկեղեցիներ, որոնց անունները մեզմէ շատերուն մանկութիւնը եւ երիտասարդութիւնը յուզած են, անոնք այնքա՜ն հարազատ կը թուին: Հովիւի եկեղեցին՝ պարիսպներէն դուրս, Ապու Ղամրենց, Տիգրան Հոնենց… Կողքէս քալող թրքուհին իր ամուսինին կը բացատրէ, որ մեծ վաճառական մը կառուցել տուած է այդ եկեղեցին: Վարէն կը հոսի հայ աշխարհը արուեստականօրէն բաժնելու դերին կոչուած Ախուրեանը: Ինչպէս յաճախ կ’ըսեմ, եւ այս պատկեր չէ, Հայաստանի Հանրապետութեան հողը քարընկեց մը հեռու է: Քաղաքական խենէշութիւններու անթաքոյց վկայութիւն…
Եւ Անիի մայր եկեղեցին…
Դարեր անցած են: Եկեղեցիին ներսը փողոցի պէս քարքարուտ է: Իսլամական տօն է, եկած են դիտելու, քանի մը օտարներ ալ կան: Եթէ հայ մարդիկ նկարելով չզբաղին, կրնան միայն լալ: Կրկին պոլսահայ Սիպիլ մեղմիւ կ’երգէ:
Գետնէն ճկոյթի չափով խիճ մը կը վերցնեմ, կը պահեմ ափիս մէջ: Չար աշխարհէն ինծի բաժին ինկած ժառանգութիւն:
Օր մը, տեղ մը, կարդացած էի, որ ահաբեկչութիւնը թշուառներուն հիւլէական ռումբն է:
Առանձին կը քալեմ դէպի ելքը: Կը հասնիմ պարիսպներու ստուերին, ուր սուրճի եւ զովացուցիչի շրջուն վաճառողներ աթոռակներ դրած են: Կու գան խումբի միւս անդամները:
Ի՜նչ ահաւորութիւն… Մեզի մնացած է մեր ժառանգութիւն եկեղեցիները միայն տեսնելու եւ նկարելու իրաւունքը:
Եւ կրկին ցաւի հարցումը. մինչեւ ե՞րբ…
Անի քաղաքին մէջ չկան միայն եկեղեցիներ: Տիրողը պարիսպներէն ներս հաստատած է նաեւ թիթեղածածուկ գոմեր, եկեղեցիներու անմիջական դրացնութեամբ:
Քաղաքակիրթ եւ մարդկային աշխարհի լրատուամիջոցները ինչո՞ւ նկարահանող խումբեր չեն ղրկեր հոս, յանուն մշակոյթներու պաշտպանութեան, որուն մասին այնքա՜ն կը սիրեն խօսիլ:
Հայաստան կ’ըսեն կրաֆիկը: Մեր ուղեւորութնիւնն ալ ունի իր կրաֆիկը, ուղին եւ ժամերը, պէտք է խմբուիլ եւ մեկնիլ: Կը մեկնինք՝ Անին մեր աչքերուն եւ մեր այ-ֆոններուն մէջ:
ԱՆԻԷՆ ԱԽԱԼՔԱԼԱՔ, ԳԻՒՄՐԻ ԵՒ ԵՐԵՒԱՆ
Մարդոց անարդարութեան գինը վճարելու պարտադրանքով, մեր ետին կը ձգենք հարազատ Անին: Կը մտածեմ, որ միշտ վառ պէտք է պահել Յոյսը: Աւետիս Ահարոնեան, մեր պատմութեան ամենէն մութ պահերուն, ըսած էր, թէ «դեռ կայ հրաշքը»: Իրաւ ազգային քաղաքականութեան առանցքին եղած է եւ կայ հրաշքի հաւատքը, այնքա՜ն տարբեր վկայեալ գործնապաշտներու նահանջականութենէն:
Թրքական եւ վրացական սահմանի Կարծախի լիճի եզերքով կը շարունակենք մեր ճանապարհը: Կարծախով պիտի մտնենք Վրաստան: Մուտքին տեղի ունեցաւ անհեթեթ միջադէպ մը, երբ սահմանապահները ակադեմիկոս, Ախալքալակ ծնած եւ նոյն տեղի «պատուաւոր քաքաղացի» Աշոտ Մելքոնեանի մուտքը արգիլեցին: Միջադէպ՝ որուն լայնօրէն անդրադարձաւ մամուլը:
Յետոյ իմացանք, որ Վրաստանի մէջ Հայաստանի դեսպանատան միջամտութեամբ թոյատրուած էր Աշոտ Մելքոնեանի մուտքը, որպէսզի ան Հայաստան վերադառնար: Զարմանալի վերաբերում անձնաւորութեան մը նկատմամբ, որուն առջեւ աւելի քան քառասուն երկիրներու սահմանները բաց եղած են, իր իսկ վկայութեամբ: Ճանապարհի կէսին, Հայաստանի անցակէտը չհասած, Աշոտ Մելքոնեան եւ ճամբորդութեան առաջնորդը՝ Աշոտ Սողոմոնեան միացան մեզի:
Կարծախը հայկական գիւղ է Վրաստանի մէջ: Ան ծննդավայրն է նաեւ հայ մեծ աշուղ Ջիւանիի:
Աշուղ Ջիւանի
Վրաստանի մէջ գտնուող Սամցքէ-Ջաւախքի Ախալքալաքի ճամբով պիտի հասնինք Գիւմրի: Տխրութեամբ կը հաստատենք, բաղդատելով Թիֆլիսի գեղեցկութեան, ճոխութեան եւ խնամքին, որ շրջանը լքուած եւ անխնամ տեսք ունի, ճամբաները գրեթէ անանցանելի են: Հատուած մը, դէպի Գիւմրի, արձանագրուած է 38 ք.մ., տեւեց չորս ժամ:
Մութ է արդէն երբ Գիւմրի կը հասնինք: Վերջին անգամ Գիւմրի եկած էի քառորդ դար առաջ: Ուրախացայ երբ տեսայ մաքրուած փողոցները եւ Քաղաքապետարանի լուսաւորուած շէնքը: Գեղատեսիլ վաճառատուներ կային եւ եկեղեցին, կանգուն, հոն էր միշտ: Որքա՜ն պիտի ուզէի կրկին տեսնել ֆրանսական թեքումով դպրոցը, ուր օր մը լրիւ անցուցած էի ուսուցիչներուն եւ տնօրէնին հետ, զրուցած, եւ վերադաձիս խօսած անոնց մասին հայկական ձայնասփիւռէն:
Ճոխ ընթրիքէ մը ետք, որ կը ջնջէր հին անլոյս օրերու պատկերները, հրաժեշտ կու տանք Գիւմրիին, ուր պէտք է վերադառնալ, կրկին տեսնել եւ լսել մարդիկը, վկայել վերածնունդի մասին: Ուրիշ բառ չեմ գիտեր կացութիւնը եւ յոյսը բնորոշելու համար:
Գիշերուան ժամը երեքին հանրակառքէն կ’իջնենք Երեւանի Հանրապետութեան հրապարակը:
Այս գրեթէ ճամբորդական նօթերը եւ տպաւորութիւնները եզրակացնելու եւ ամփոփելու համար, լուռ նստած եմ հակարգիչիս առ-ջեւ:
Ի՞նչ եզրակացնել, ի՞նչ ըսելու համար:
Պահ մը նոյնիսկ մտածեցի, որ աւելի լաւ չէ՞ր ըլլար այս ճամբորդութիւնը չընել, որպէսզի ցաւի եւ կորուստի զգացումները բաց վէրք չդառնային:
Հիմա միտքերս կը նմանին խռիւ մազերու, հայրերուս նարնջենիներու բոյրին եւ կանաչին կը միաձուլուին հերոսապատումի Մուսա Լեռը, Վանայ Ծովակի կապոյտը, Արթոս եւ Սիփան լեռները, Արածանին, Ախուրեանը, Արաքսը, բերդերը՝ ուր ժամանակը կանգ առած է, լուռ սպասումի մատնուած Ախթամարի, Կարսի Առաքելոց եւ Անիի եկեղեցիները…
Եւ ինչպէս կրնամ ազատագրուիլ Հայրետտին-Հայկի եւ Պուրհան-Նշանի բացած պատուհանի մութէն, ուր կան անհետ կորած հինգ հարիւր եկեղեցիներ եւ լռած-թաքնուած հարիւր հազարաւոր հայեր:
Կ’ըսեն, թէ սորվելու եւ ապրելու համար, պէտք է մոռնալ գիտնալ:
Երանի անոնց որ այդ հոգիի տկարութիւնը եւ ուժը ունին:
Բայց Արարատը հոն կանգնած է եւ կ’ըսէ, թէ «թէ դուն հոն ես եւ ես հեռու, իրարմէ այնքա՜ն հեռու եւ այնքա՜ն մօտ»:
Բանաստեղծները միշտ գիտցած են գտնել ամոքող գաղտնաբառերը:
Հայրենի կարօտ, դու ծանրանում ես,
Իմ դատարկ հոգում դու խորանում ես,
Ամէն ինչ գնաց, փշրուեց, անցաւ,
Բայց դու բարձրանում ու ծովանում ես:
(Վահան Թոթովենց)
Ծովանում ես, կ’ըսէ բանաստեղծը իր կարօտին:
Եթէ մեր ժողովուրդին ըսէինք՝ ծովանանք հայրենի իւրաքանչիւր թիզ հողի վրայ, այդ կ’ըլլար այսօրուան եւ վաղուան յաղթանակ:
Այս ընելու համար պէտք է լսել քսաներորդ դարու ներհուն գրող Վիգէն Խեչումեանը, որ պատգամած է, թէ՝ «օտարի դրանը քեզ կը կոչեն հիւր, որպէսզի չասեն ծառայ»:
Ըլլալ «ծագումով հայ» եզրակացութիւնը չէ՞ Վիգէն Խեչումեանի խարանող խօսքին: Իսկ ի՞նչ ընել «թաքնուած հայ»երուն համար:
ճամբորդեցի, տեսարանները գեղեցիկ էին, բայց մնացի տգէտ, չեղայ այ-ֆոնով զբօսաշրջիկ… թմրած ուղեղով տուրիստ… պատմութեան բեռը եւ անարդարութեան դէմ ընդվզումը շալկած գացի եւ եկայ:
Հոգեկան մեծ գոհունակութեամբ հետեւեցայ Սարդարապատի յուշահամալիրի տարածքէն ներս Արամ Մանուկեանի յուշակոթողի կերտման սրտառուչ գործընթացին։ Կարեւոր հանգրուա՛ն մը, արդարեւ, Արամ Մանուկեանի ազգային ինքնագիտակցութեան պատգամը սերունդներու երթին յանձնելու եւ մեր Հիմնադիր Հօր ոգեկան ներկայութիւնը խարսխելու մերօրեայ կեանքի պահանջկոտ մարտադաշտերէն ներս։ Մեր անկախ պետականութիւնը ամէն օր աւելի կը հարստանայ, երբ իր պատմական յիշողութիւնն է, որ քայլ առ քայլ կը վերականգնի եւ մեր նորահաս սերունդներուն կը հաղորդէ իր կենսական ներուժը։ Արամ Մանուկեանի պատգամը, առաջին հերթին, մեր տունը մեր ձեռքերով շինելու եւ զայն մեր սեփական բազուկներով պաշտպանելու պատգամն է, որ այսօր եւս պիտի առաջնորդէ մեր պետական մտածողութիւնը մեր ամէն մէկ քայլափոխին:
Մեր ժողովուրդը երախտագիտութեան խօսք ունի ըսելիք յատկապէս ընկ. Յակոբ Ճամպազեանին պատմական այս նախաձեռնութեան համար։ Յուշահամալիրը էականօրէն ամբողջացնող, զայն աւելի յստակօրէն սահմանող, անոր դիմագիծ տուող եւ զայն խորհրդային հին թապուներէն ազատող իմաստուն եւ հեռատես իրագործում մըն է Արամի այս յուշակոթողը, որ այսուհետեւ պիտի դառնայ ուխտավայրը ապագայ սերունդներուն։
Ընելէ ետք այս հաստատումը, կարեւոր է, որ անմիջապէս յիշեցնենք մենք մեզի, որ մեր պարտքերը այս մարզին մէջ դեռ շատ հեռու են փակուած ըլլալէ։ Սարդարապատի այս յուշակոթողը — հոյակապ իրագործում մը ըլլալով հանդերձ — պարտք մը չէ, որ կը փակէ, այլ մեզի կը յիշեցնէ վաղուց անտեսուած մեր պարտաւորութիւններու հաշիւը։ Ան մեզի կը յիշեցնէ մեր մեծ պարտքը Արամի տունը իր ներկայի կորանքէն ազատելու եւ զայն վերականգնելու որպէս Արամ Մանուկեանի Տուն-Թանգարան եւ զայն վերադարձնելու իր իրաւատիրոջ՝ մեր ժողովուրդի՛ն։ Ան կը յիշեցնէ մեր մեծ պարտքը Առաջին Հանրապետութեան Կառավարութեան տունը իր ներկայի գերութենէն, իր ներկայի ամօթէն դուրս բերելու, զայն իր սկզբնական յղացքով վերականգնելու եւ զայն հանրութեան վերադարձնելու որպէս Առաջին Հանրապետութեան Թանգարան եւ Հետազօտական Հիմնարկ։ Ան կը յիշեցնէ մեր մեծ պարտքը նախորդ իշխանութենէն սխալ ու աղկաղկ յղացքով մեզի կտակուած Արամի յուշարձանը հիմնովին չեղարկելու եւ Արամի նոր ու հարազատ յուշակոթողը Երեւանի Հանրապետութեան Հրապարակին ճիշտ կեդրոնը կոթողելու։ Ան դեռ կը յիշեցնէ շարք մը այլ անտեսումներ, որոնց մասին խօսած եմ բազմիցս։ Մենք հաւաքաբար պարտաւորուած ենք այս պարտամուրհակները միանգամընդմիշտ մարելու։ Եւ այդ քայլը առնելու՝ մեր պետականութեան բարձրագոյն դիրքերէն։ Թող ներուի մեզի պնդել, որ այս պարտքին ծանրութիւնը, առաջին հերթին, իրենց ուսերուն վրայ պիտի զգան ՀՀ Նախագահը, ՀՀ Վարչապետը, ՀՀ Ազգային Ժողովի Նախագահը։ Այդ պարտքը իրենց ուսերուն վրայ պիտի զգան ՀՀ քաղաքական բեմի բոլոր քաղաքական ուժերը անխտիր եւ, անշուշտ, առաջին հերթին, իմ կուսակցութիւնս՝ Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութիւնը, թէկուզ արտախորհրդարանական ընդդիմութեան իր դիրքերէն։ Այդ պարտքը իրենց ուսերուն վրայ պիտի զգան հայ հոգեւոր կեանքի առաջնորդները՝ Հայց. Առաքելական Եկեղեցւոյ Վեհափառ Կաթողիկոսները եւ հայ ազգային յարանուանութեանց պետերը։ Բայց մանաւանդ այդ գործին անզիջող պահանջատէրը պիտի հանդիսանայ հայ երիտասարդութիւնը ամէնուրեք։
Մէկէ աւելի առիթներով, բանաւոր հաւաստիքներ լսած ենք իշխանութեան պատասխանատուներէն, որ Արամի տան հարցը կը գտնուի իշխանութեան օրակարգին վրայ։ Կ՚ուզեմ յիշեցնել, որ Արամի տունը իր կալանքէն ազատելու գործը միայն մէկ մասն է այն ազգային պարտաւորութեան, որուն կ՚ակնարկեմ։ Մենք ոչ մէկ շօշափելի փաստ ունինք, որ այս վերջինը կը գտնուի իշխանութեան օրակարգին վրայ։ Կրնամ սխալիլ։ Յամենայն դէպս այս կէտին վրայ մեր ժողովուրդը իրաւունք ունի պահանջելու , որ Հ.Հ. Ճարտարապետի զեկոյցով Մեծարգոյ Պր. Վարչապետը հրապարակէ ամբողջական մէկ այժմէագիր (update) յստակացնելով, թէ ի՞նչ է ըլլալու իր կառավարութեան քաղաքականութիւնը այս մարզին մէջ։
Պետութեան մը կեանքը տեւաբար մտրակուած է իրերայաջորդ ճգնաժամերով եւ միշտ չէ, որ դիւրաւ տեղ կը բացուի այս գործերուն համար։ Կը գիտակցինք այս իրականութեան, բայց կարելի չէ ընդունիլ այն անյանձնառու վերաբերմունքը, որուն զոհ գացած է այս օրակարգը երեք նախագահներու օրով եւ կը շարունակէ մնալ անորոշ ներկայ իշխանութեան ժամանակաշրջանին։ Միանգամընդմիշտ պիտի ընդունինք, որ այստեղ խնդրոյ առարկայ է ազգին եւ իր անկախ պետականութեան ինքնութիւնը։ Կարելի չէ դիւանակալութեան յայտնի ձգձգումներուն զոհ դարձնել զայն։ Կարելի չէ այս օրակարգին վրայ «տուն երթալ» եւ ուրիշ օրուան յետաձգել զայն։ Կարելի չէ Օրմանեան Պատրիարքի յայտնի բնորոշումով՝ «հինցնել» եւ մեռցնել զայն եւ կարելի չէ վաղուան սերունդներու վզին փաթթել անոր իրագործումը։ Այս օրակարգը պիտի իրագործուի ամենէն կարճ ժամկէտներու մէջ, ա՛յս սերունդի օրով եւ այս կառավարութեա՛ն եւ առանց յետին մտքի, առանց վերապահութեան եւ համազգային ամբողջանուէր յանձնառութեամբ, այն ոգիո՛վ՝ որ Արամն էր իր կեանքի ամէն մէկ հանգրուանին։ Այս ազգը պիտի ի վերջոյ ըլլայ ԱՐԱՄԸ կամ պիտի ըլլայ ոչի՛նչ։ Ընտրե՛նք, Սիրելիներ։
Յունաստան եւ Աթէնք կարելի չէ մտածել առանց Յովսէփի: Յունահայութեան զարկերակ «Ազատ Օր»-ի բազմաթիւ տարիներու խմբագիր, միութենական եւ կուսակցական կեանքին մէջ միշտ ներկայ եւ անձնդիր ծառայող Յովսէփը ճանչցած էի իր Պէյրութի Ճեմարանը յաճախած տարիներուն: Հակառակ մեր տարիներու տարբերութեան, հետզհետէ դարձած էինք սրտակից ընկերներ: Կը հանդիպէինք Պէյրութ, Աթէնք, Հայաստան:
Անակնկալ հրաժեշտ, քանի որ իր տարիքի լիութեան մէջ էր Յոսէփ: Ձերբազատուած ըլլալով անհատական առօրեայի մտմտուքներէն, ինքզինք եւ իր ժամանակը նուիրած էր բազմերես հայ կեանքին: Կը մտածէր նոր հրատարակութիւններու մասին: Այս բոլորի կողքին, մանաւանդ,- եւ այս աւուր պատշաճի խօսք չէ,- լաւ ընկեր էր, մարդոց լաւ կողմերը տեսնելու միշտ տրամադիր: Ժողովական կեանքը ձանձրալի չէր համարեր, այլ՝ անհրաժեշտ հաւաքականութեան ուժականութիւնը պահելու համար, երբ նահանջը հետզհետէ կը դառնար կանոն:
Յովսէփ ունէր նաեւ առաքինութիւն մը. յարգանքը: Նոյնիսկ երբ իր ընկերները, տարիքի կամ այլ պատճառներով, կը դադրէին ընկերութեան մէջ երեւնալէ, ինք անոնց հետ կը պահէր կապերը, որպէսզի անոնք չխորհէին թէ մոռցուած էին, ինչ որ սովորական է հայ կեանքի մէջ: Նոյն հունով, գիտէր ընդունիլ եւ յարգել տարբեր մտածողները, վերաբերում՝ որուն հետեւանքով յաճախ պղտորած է մեր ներազգային եւ ներհամայնքային կեանքը: Այսինքն՝ կարեւոր էր մարդը, առաւել մարդուն հայատեսակը: Այս ըմբռնումով առաջնորդուած Յովսէփ երկխօութեան ջատագով էր:
Յունահայութեան հաւաքական յիշողութեան համար օգտակար պիտի ըլլար, որ Յովսէփի «Ազատ Օր»-ի մէջ գրած յատկանշական էջերէն ծաղկաքաղ մը պատրաստուի եւ հրատարակուի, որպէսզի համայնքը եւ նորերը իմանան, որ ժամանակները իրենցմով չեն սկսիր, որ իրենք շարունակութիւնն են անցեալի մը:
Ճիշդ է, հակառակ կարգ մը եսակեդրոն մարդոց մտածումին, անփոխարինելի մարդիկ չկան: Բայց կան նաեւ մարդիկ, որոնց բացակայութիւնը կը զգանք երբ անոնք այլեւս չկան: Ուղիղ տարի մը առաջ միասին էին Աթէնք, տօնախմբեցինք Հայաստանի անդրանիկ հանրապետութեան հարիւրամեակը…
Քանի մը օր առաջ վերադարձայ Արեւմտահայաստանէն եւ Կիլիկիայէն, ուր գացած էր նաեւ Յովսէփ, շատերու պէս, յուզուած եւ գրած էր իր գրքոյկը՝ «Պատմական Հայաստանի աւանդներու հետքերով» փոքրածաւալգիրքը, որ հայրենազրկուած սերունդի ներկայացուցիչի վկայութիւն էր:
Մահուընէ վերջ առաքինութիւնները կը շարունակեն ապրիլ:
Այդպէս պիտի ապրի Յովսէփ իր ընտանիքի, ընկերներու եւ բարեկամներու յիշողութեան մէջ: Ֆրանսացի իմաստասէր Օկիւսթ Քոնթ կ’ըսէր, որ անմահութիւնը մնալ է ապրողներու յիշողութեան մէջ…
Իր գիրքի կողքին վրայ կայ Վանայ ծովակի Ախթամար կղզիին հին եւ նոր երազի պէս տեւող Ս. Խաչ եկեղեցին: Այդպէս են հաւատաւորները, կը տեւեն, անոնք սոսկ յիշատակ չեն, ներկայութիւն են:
Հայոց ցեղասպանութեան ժխտողական քաղաքականութեան ուղեգիծը կը շարունակուի Անգարայի իշխանութիւններուն կողմէ եւ ամէն անգամ որ պետական մակարդակի հանդիպումներ կայանան այն պատասխանատուներուն հետ, որոնց պետութիւնները ճանչցած են Հայոց ցեղասպանութիւնը կամ դատապարտած են Թուրքիոյ ժխտողական քաղաքականութիւնը, թուրք պաշտօնատարներ հանդէս կու գան առարկայական քննութիւններու պահանջով, որպէսզի բացայայտուի ամբողջ ճշմարտութիւնը։
Այս մօտեցման նորագոյնը արձանագրուեցաւ Հինգշաբթի, 13 Յունիսին Անգարայի մէջ, ուր արտաքին գործոց նախարար Մեւլութ Չաւուշօղլու իր Ֆրանսացի պաշտօնակիցին՝ Ժան Իվ Լը Տրիանի հետ խորհրդակցութիւններ ունեցաւ եւ որոնց աւարտին տրուած մամլոյ միացեալ ասուլիսին ընթացքին յայտարարեց, որ «եթէ Հայաստան կը վստահի իր ուժերուն, ապա թող ընդունի համատեղ աշխատանքային խումբ ստեղծելու առաջարկը։․․․Բանանք արխիւները։ Այդ յանձնախումբին մէջ թող ըլլան Ֆրանսան, Ռուսիան, Միացեալ Նահանգները։ Հայաստան կրնայ հրաւիրել որեւէ պետութիւն», աւելցուց Թուրքիոյ դիւանագիտութեան պետը, որ յայտնեց իր երկրին պատրաստակամութիւնը՝ ընդունելու աշխատանքային խումբին ուսումնասիրութեան արդիւնքը։
Առաջին ակնարկով Չաւուշօղլուի յայտարարութիւնը կը թուի ըլլալ դրական զարգացում մը։ Աշխատանքային միացեալ խումբ մը, որուն մաս կրնան կազմել ռուսիոյ, Ֆրանսայի եւ Միացեալ Նահանգներու ներկայացուցիչները, եւ որ պիտի ուսումնասիրէ արխիւները՝ վճռելու, թէ 1915ին պատահածը ցեղասպանութիւ՞ն է, թէ ոչ։Եւ իր բովանդակութեան մէջ ցնցիչ թուող հաստատումը, թէ Թուրքիա պատրաստ է ընդունելի աշխատանքային խումբին ուսումնասիրութեան արդիւնքը։
Նախ արխիւները բանալու հրաւէր – կոչին մասին։
Տակաւին մօտիկ անցեալին նոյնինքն Չաւուշօղլուի ղեկավարած նախարարութիւնը Հայաստանի պետութիւնը կ՛ամբաստանէր իր արխիւները փակ դռներուն տակ պահելու յանցանքով, մինչ թրքական արխիւները բաց էին բոլոր ուսումնասիրողներուն դիմաց։ Հոս կայ չափազանց վտանգաւոր վիճակ մը՝ նկատի ունենալով Օսմանեան արխիւներու վրայ դրուած պետական արգելքը, որ Մուսթաֆա Քեմալի իշխանութեան օրերուն հաստատուած է եւ որուն հիմնական նպատակն էր «մաքրագործել» արխիւներուն մէջ գտնուող օրինակի համար՝ ցեղասպանութեան գործադրութեան համար տրուած հրամանները պարունակող հեռագիրները, որոնց ջախջախիչ մասը քաշուած են ներքին գործերու նախարար Թալաաթի կողմէ։Խորքին մէջ թուրքերը տքնաջան աշխատանք ալ տարին կեղծ փաստաթուղթեր ներկայացնելու Օսմանեան կայսրութեան ներքին գործերու նախարարութեան Հալէպի գրասենեակին կապուած «Սեվքիաթ Միւտիւրլու»-ի քարտուղարներէն՝ Նայիմ էՖենտիի յուշագրութիւնը, որ դասական յուշագրութիւն մը չէ, այլ հրապարակումը օսմանեան յիսուն երկու փաստաթուղթերու, որոնք անվիճելիօրէն կը հաստատեն, որ պատահածը կանխամտածուած եւ ծրագրուած ցեղասպանութիւն մըն էր։
Նայիմ էֆենտի 6, 14 եւ 14 Նոյեմբեր 1918-ին, Հալէպի հռչակաւոր Մազլումեան եղբայրներուն պատկանող ,Պարոնե պանդոկին մէջ տեսակցեցաւ մտաւորական եւ լրագրող Արամ Անտոնեանի հետ, որ գումարի մը փոխարէն ստացաւ փաստաթուղթերը։ Անտոնեան մէկ տարի ետք՝ 1919-ին հրապարակեց հեռագրերը, որոնց իբրեւ թէ չարափոխուած ըլլալը ապացուցելու համար՝ Շինասի Օրէլ եւ Սուրէյա Եուճա Թրքական Պատմագիտական Ընկերութեան Ֆինանսաւորմամբ հրատարակեցին «էրմենիլերճէ Թալաթ Փաշայա Աթֆետիլէն Թելեկրաֆլարին Կերչէք Եիւզիւ» խորագրեալ գիրքը։ Հոս տեղին է նշել,որ Ոչ Օրէլ, ո՛չ ալ Եուճա պատմաբաններ են։ Այս իմաստով փրէօՖեսօր Թանէր Աքչամ լոյս կը սփռէ վերոյիշեալ գիրքին խմբագրման պարագաներուն շուրջ եւ կը վկայէ, որ երկու հեղինակները խորքին մէջ ոչինչ գրած են, այլ աշխատութիւնը «արգասիք»-ն է Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան խումբ մը դիւանագէտներու համատեղ աշխատանքին, որ պահ մը նոյնիսկ յարմար նկատուած է հրատարակելու իբրեւ նախարարութեան մէկ աշխատանքային թուղթը, բայց աւելի նպատակայարմար գտնուած է զայն «դնելու» Շինասի Օրէլի եւ Սուրէ յա Եուճայի հեղինակութեան տակ։ Ի դէպ՝ Օրէլ բաւական հանրածանօթ դիւանագէտ մըն էր։
Աքչամ վերջերս խմբագրած խիստ արժէքաւոր աշխատասիրութեան՝ «Քիլինկ Օրտըրզ»-ի մէջ հանգամանօրէն կ՛ուսումնասիրէ եւ կը վերծանէ Նայիմ էՖենտիի կողմէ բացայայտուած հեռագիրները, որոնց Թալաաթի կողմէ քաշուած ըլլալուն մասին ոչ մէկ կասկած կը մնայ։ Եւ ինչպէս Անգլիոյ Սաութհէմփթըն համալսարանի դասախօսներէն՝ Մարք Լեվըն կը նշէ, Աքչամի այս աշխատասիրութիւնը բացառիկ կարեւորութիւն ներկայացնող գործ մըն է, որ կը ջրէ թրքական պետութեան կողմէ շրջանառութեան դրուած կեղծիքը։
Ասիկա տակաւին միայն մէկ պարագան է թրքական խարդախութեան բացայայտման։ Ալ միայն Աստուած գիտէ թրքական արխիւներուն մէջ ինչ պատահած է, քանի արխիւ յարմարեցուած, ջնջուած, հրկիզուած կամ չարափոխուած է, որպէսզի հասնէր այն օրը, երբ Չաւուշօղլու «ճակատաբաց» յայտարարէր. «Բանանք արխիւները»։
Ցայսօր համեմատաբար անծանօթ է Առաջամուղ գիւղը, որ կը գտնուի Արցախի հարաւային շրջանին մէջ, 1993-ին ազատագրուած Հատրութէն 25 մղոն ներս: Նոյնիսկ Արցախ այցելողներուն համար, դեռ Առաջամուղը կը մնայ ոչ յայտնի վայր մը:
Իսկ Երեւանի եւ անոր կեդրոնական ու բանուկ հիւսիսային պողոտայի կամ բազմաթիւ այլ հանրածանօթ հրապարակներէ շատ հեռու է Առաջամուղը, թէ՛ աշխարհագրականօրէն եւ թէ՛ ապրելաձեւով ու կենցաղով:
Խորհրդային Միութեան փլուզումի օրերուն, երբ Հայաստան կը վերականգնէր իր անկախութիւնը, երբ Երեւանն ու այլ քաղաքներ դուրս եկած էին խոր թմբիրէն, Արցախի շրջանէն ներս ծայր առած էր ազատագրութեան պայքարը, որուն արդիւնքներէն մէկն էր հարաւային հողաշերտի՝ Հատրութի վերագրաւումը:
Եթէ օրին դիւրին էր վերակենդանացնել Երեւանը եւ ապա Ստեփանակերտը, Առաջամուղի եւ անոր նմանօրինակ այլ բազմաթիւ գիւղերու պարագային, տարբեր էր կացութիւնը: Հակառակ անոր որ փոքրաթիւ գիւղ մը վերաշինելը շատ աւելի դիւրին կը թուի ըլլալ քան բազմամարդ քաղաք մը, սակայն քարտէսի վրայ, տարբեր է պատկերը:
Սահմանամերձ գիւղ մըն է Առաջամուղը, որուն վերաբնակեցման աշխատանքները սկսան 2004-ին: ՛՛Քասքատ՛՛-ի, մատենադարանի կամ նոյնիսկ համեմատաբար մօտակայ նկատուող ՛՛Տատիկ-պապիկ՛՛-ի նման տեսարժան վայրեր ու յուշարձաններ չկան հոն՝ Առաջամուղի մէջ: Նոյնիսկ վերաշինութեան առաջին տարիներուն տարրական կազմուածներով օժտուած բնակարաններ ալ գոյութիւն չունէին:
Այսօր, 15 տարի ետք, աւելի քան քսան բնակարաններ, շտապ բուժման գրասենեակ, կրթօճախ՝ մանկապարտէզ եւ նախակրթարան ունի այս գիւղը: Քանի մը օր առաջ արդի սարքաւորումներով կառուցուած մարզադաշտ- խաղավայրով մըն ալ օժտուեցաւ Առաջամուղը: Գրեթէ հարիւր բնակիչ հաշուող այս գիւղը պիտի շարունակէ բարգաւաճիլ: Ապագային պիտի ունենայ զբօսավայր, սրահ եւ անշուշտ զբօսաշրջիկեր հետաքրքրող յուշարձաններ եւ այլք:
Հողը արգասաբեր է եւ արդէն իսկ բարձր որակի նռնենիներու լայնատարած հողաշերտեր գործի լծած են գիւղին բնակիչներուն մեծամասնութիւնը:
Այսպէս կազմակերպուած է գիւղի բնակչութեան տնտեսական կեանքը, որ գործակցաբար գիւղապետին հետ, ստեղծած է նախանձելի միջավայր:
Այսպէս է կեանքը Առաջամուղի մէջ, ուր առ հասարակ քաղաքի մը ստեղծուած քաոսային մթնոլորտը չկայ: Իսկ դեռ ամենակարեւորը, Ատրպէյճանի վերադարձուելիք չէ Առաջամուղը եւ անոր նման ոչ մէկ այլ թիզ հող:
Գիւղը բաւական մը մօտ է հայկական ռազմական խարիսխներուն եւ կ՛երաշխաւորէ գիւղացիներուն ապահովութիւնը։ Թշնամիին ալ մօտ է վերաշինուած ու վերաբնակուած Առաջամուղը, որ որեւէ ազերի ներթափանցում կրնայ կանխել:
Առաջամուղի նման այլ բազմաթիւ սահմանամերձ գիւղեր վերաշինելու ժամանակ է: Հոս սեւի եւ սպիտակի հարց չկայ, այլ հողի եւ … հողի:
Ծ․Խ․- Արդէն իսկ սկսած է գործել Համազգայինի առցանց բեմը` h-pem.com, որ հայկական իրականութեան մէջ նորութիւն է ամէն իմաստով` մօտեցում, նպատակ, բնոյթ, գործելաոճ, թիրախ, ձեւաւորում, նիւթերու մատուցման ձեւ եւ այլն: Ողջունելի այս նախաձեռնութեան մասին մանրամասն տեղեկութիւններ ունենալու նպատակով Լիբանանի մէջ լոյս տեսնող «Ազդակ» օրաթերթը «Ազդակ» հարցազրոյց մը կատարեց h-pem.com-ի տնօրէն Լուսիկ Կիւլոյեան-Սրապեանի եւ յանձնախումբի անդամ Վաչէ Փափազեանի հետ: Հարցազրոյցը կատարեց Նորա Բարսեղեան։
Հ.- 13 մայիս 2019-ին Համազգայինը իւրայատուկ քայլով մը հանրութեան, յատկապէս երիտասարդութեան համար հասանելի դարձուց արդիական շունչով առցանց բեմ մը` h-pem.com: Իր տեսակին մէջ առաջինը հանդիսացող այս նախաձեռնութիւնը ե՞րբ, ի՞նչ նպատակով եւ ի՞նչ մտահոգութենէ ծնունդ առաւ: Նաեւ` որո՞նք էին գործնականօրէն անոր հիմը դնողները:
ՎԱՉԷ ՓԱՓԱԶԵԱՆ.- 2014-ին գումարուած Համազգայինի պատգամաւորական ժողովը արձանագրեց կարեւորութիւնը հայերէնէն հեռացած եւ արագ ձուլման ենթակայ սփիւռքահայութեան խաւը եւ յատկապէս այդ խաւի երիտասարդութիւնը դէպի հայ մշակոյթ վերադարձնելու արդիական նախաձեռնութեան մը: Ժողովը կարեւոր նկատեց համացանցի կարելիութիւնները օգտագործել եւ հայ մշակոյթը այս խաւին հասցնել հասկնալի, գրաւիչ ու կենդանի ոճով:
Այս ժողովին յաջորդեց ծրագրումի եւ գործադրութեան շրջան մը: 2018-ի պատգամաւորական ժողովը եկաւ վերահաստատելու կայացած որոշումը, եւ այս նպատակով պիւտճէական նոր եւ ծանր յանձնառութիւն վերցնելու:
Մտահոգութիւնը հետեւեալն է. մինչ կազմակերպուած սփիւռքը իր կրթական եւ մշակութային գործունէութեամբ կը փորձէ լեզու եւ մշակոյթ պահպանել հայ մշակոյթին եւ հայերէնին կապուած չնչին փոքրամասնութեան մը շրջանակին մէջ, անդին` կայ բացարձակ եւ հսկայ մեծամասնութիւն մը, որ մեր հրատարակութիւնները չի կարդար, մեր ձեռնարկներուն ներկայ չ՛ըլլար, իր զաւակները հայկական վարժարան չի ղրկեր, հայերէնէն ամբողջովին կամ գրեթէ ամբողջովին կտրուած է, կը խօսի իր բնակած երկրին լեզուն, եւ որուն մենք ոչ իսկ նուազագոյն չափով կը հասնինք: Անշուշտ սփիւռքահայութեան այս խաւին մէջ շատեր անդառնալիօրէն կորսուած պէտք է համարել, բայց կայ նաեւ բաւական մեծ շերտ մը, որ ամբողջովին խզուած չէ հայութենէն: Քանի ուշ չէ, պէտք է հասնիլ անոր, կամուրջներ նետել, կապ հաստատել, ծանօթացնել հայ մշակոյթը եւ զայն մօտեցնել մեր մշակոյթին ու հայերէնին: Փակագիծ մը բանալով` այստեղ կ՛ուզեմ շեշտել, որ խօսքը միայն Արեւմուտքի երիտասարդութեան մասին չէ. հայութենէն խզուած կամ խզուելու սեմին հասած երիտասարդութեան թիւը մտահոգիչ համեմատութեան հասած է նոյնիսկ Լիբանանի մէջ:
ԼՈՒՍԻԿ ԿԻՒԼՈՅԵԱՆ-ՍՐԱՊԵԱՆ.- Երբ Կեդրոնական վարչութիւնը ճշդեց առցանց բեմին նպատակները, բնոյթը եւ ոճը, իր կազմէն ստեղծեց ծրագիրին գործադրութիւնը հետապնդող յանձնախումբ: Յանձնախումբի անդամներ Վաչէ Փափազեան, Մկրտիչ Եափուճեան եւ Գարլօ Խտըշեան ուսումնասիրեցին բեմը ստեղծելու կարելիութիւնները: Ապա Կեդրոնական վարչութիւնը բեմի պատասխանատու տնօրէնի պաշտօնին կոչեց զիս: Ընդառաջեցի` նախաձեռնութիւնը նկատելով այժմէական եւ կենսական: Ոչ հայախօս սերունդներուն մէջ հայ մշակոյթի ճամբով ինքնութեան գիտակցութիւն արթնցնելու նպատակը նաեւ կը ներշնչէր մշակութային փոխհարստացման հետաքրքրական կարելիութիւններու հեռանկարներ:
Հ.- Բնական է, որ գոյութիւն չունեցող բանի մը շունչ ու մարմին տալու համար բաւական դժուար եւ երկար ուղիէ մը անցած պէտք է ըլլաք թէ՛ թեքնիք իմաստով, թէ՛ բովանդակային, եւ թէ՛ մարդուժի ապահովման: Այսօր արդէն այդ բոլորը յաղթահարելով` ներկայացած էք հանրութեան, սակայն արժէ անդրադարձ մը կատարել այդ փուլին` որքա՞ն տեւեց, ի՞նչ հիմնական հարցեր ծագեցան, ի՞նչ մարտահրաւէրներու դէմ յանդիման կանգնեցաք:
Լ. Կ. Ս.– Համացանցի աղմկոտ աշխարհին մէջ լսելի դառնալը մարտահրաւէր է իւրաքանչիւր բեմի համար, իսկ հայկական իրականութեան մէջ առցանց բեմի նախափորձ գոյութիւն չունենալով` Համազգայինի ծրագիրը կրկնակիօրէն եւ անխուսափելիօրէն փորձարկութեան դաշտ մըն էր Կեդրոնական վարչութեան, Առցանց բեմի յանձնախումբին, ինչպէս նաեւ ինծի համար:
Հ․-ի մէջ լրագրական փորձառութեամբս ծանօթ էի մշակութային կայքերու գործելաոճին: Պրպտումներ կատարեցի տեսնելու համար, թէ անհատներ եւ կազմակերպութիւններ ինչպէ՛ս կը ղեկավարեն իրենց բեմերը, ի՛նչ խորհուրդներ կու տան, ի՛նչ հնարքներ կը փորձարկուին եւ ի՛նչ ռազմավարութիւններ կրնան յաջողիլ:
Համացանցի աշխարհ պէտք էր մուտք գործել առաւելագոյն պատրաստուածութեամբ: Նպատակաուղղուած, բայց անուղղակի ձեւով մտայնութիւն զարգացնող, հայկական ոգի ներշնչող եւ մանաւանդ հայութենէն հեռացող երիտասարդութեան հետ «խօսելու» վայր` բեմ մը ստեղծելը կրկնակիօրէն կը պահանջէր յատուկ ռազմավարութեան կիրարկում: Ասիկա կ՛ենթադրէր մշակութային շրջանակներու եւ տարբեր երկիրներու մէջ ապրող երիտասարդներու հետ զրոյցներ եւ իրավիճակներու առարկայական ճանաչում:
Մինչ կը պատրաստուէր բազմաշերտ բեմի մը նախագիծը, կը յստականար անձնակազմի անհրաժեշտ կարողութիւններու պատկերը: Նկատի ունենալով, որ բեմին թիրախը անգլիախօս հայ սերունդներն էին, շեշտուեցաւ Հիւսիսային Ամերիկայի մէջ խմբագիրներ ունենալու կարեւորութիւնը: Անգլիախօս հայ երիտասարդութեան հասնելու իր ձգտումին մէջ բեմը պարտաւոր էր ունենալ անգլիախօս միջավայրի մտայնութեան հաղորդակից, ինչպէս նաեւ անգլիախօս հայութիւնը հայկական մշակութային իրադարձութիւններով խանդավառելու ատակ անձեր: Յարմար թեկնածուներ գտնելը դիւրին չէր:
Սկզբնական աշխատանքները` բովանդակութեան կառուցումը, ձեւագծումը, իրաւական պայմաններու լրացումը եւ անձնակազմի փնտռտուքը ժամանակ խլեցին, որովհետեւ իւրաքանչիւրը կը պահանջէր համապատասխան պրպտում, նախապատրաստութիւն եւ փորձարկութիւն: Կեդրոնական վարչութեան Առցանց բեմի յանձնախումբը շուրջ 4 տարի քայլ առ քայլ հետեւեցաւ ծրագիրին իրագործումին` քննելով դժուարութիւնները, փնտռելով լուծումներ եւ կայացնելով որոշումներ:
Փաստօրէն h-pem-ը ստեղծելու գործընթացը հոլովոյթ մը ապրեցաւ եւ պիտի շարունակէ ապրիլ, որովհետեւ զայն կը նկատենք շարունակուող ստեղծագործութիւն:
Հ.- Տարբեր առիթներով յայտարարած էք, որ այսօր երիտասարդութիւնը մեր առօրեային հետ առնչութիւն չ՛ուզեր ունենալ, այլ ունի իր աշխարհն ու ներաշխարհը, որուն մօտենալու եւ զայն հոնկէ դէպի հայութիւն բերելու նպատակը հիմնական կը նկատէք: Ի՞նչ ձեւեր որդեգրուած են այս մէկը իրականացնելու համար:
Վ. Փ.– Այստեղ կայ օգտագործուելիք լեզուի եւ ոճի հարց: Կ՛ուզեմ անդրադառնալ լեզուի հարցին: H-Pem-ի գլխաւոր լեզուն պիտի ըլլայ անգլերէնը: Եթէ փորձեմ մէկ տողի մէջ ամփոփել օգտագործելի լեզուի մեր քաղաքականութիւնը, պիտի ըսեմ հետեւեալը. անգլերէնը` միջոց, հայերէնը` նպատակ: Անգլերէնը միջազգային լեզու է կամ ոչ, յստակ է, որ միակ լեզուն է, զոր շատեր կը հասկնան: Ճիշդ է, որ կարգ մը երկիրներու մէջ, ինչպէս Ռուսիա, հայութեան մեծամասնութիւնը անգլերէնի ծանօթութիւն չունի: Սակայն ապագային, եթէ նիւթական միջոցները ներեն, թերեւս պէտք է օգտագործենք նաեւ այլ լեզուներ: Ինչ կը վերաբերի հայերէնին, պէտք է անդրադառնալ, որ հայերէնը իբրեւ հաղորդակցութեան գլխաւոր միջոց օգտագործելով` անկարելի պիտի ըլլայ հայերէնէն հեռացած խաւին հետ խօսիլ եւ զայն ներգրաւել: Մեր նպատակներէն մէկը պիտի ըլլայ բեմ այցելողները քաջալերել, որ մօտենան հայերէնին:
Լ. Կ. Ս.– Երիտասարդութեան ներաշխարհը համացանցի աշխարհն է: Իսկ համացանցը պայքարի դաշտ է, ուր պէտք է զինուիլ, սահմանել յստակ նպատակներ եւ զանոնք վերահաստատել ուժեղ գործելաոճի ճամբով, թիրախ ընտրուած հաւաքականութեան ծանօթութեամբ եւ այցելուներ խանդավառելու կարողութեամբ:
Որդեգրած ենք պարունակութեան փոխանցման անուղղակի միջոցներ եւ գործելաձեւ, որպէսզի կարելի ըլլայ հայ մշակոյթին եւ հայութեան հետ հանդիպման ձգողական վայր մը ստեղծել:
Կը փորձենք առանց որակազրկումի գոհացնել Դիմատետրի եւ Ինսթակրամի յատուկ մշակոյթով ապրող սերունդներուն ակնկալութիւնները եւ ուշագրաւ տեղեկութիւններու պահանջը: Իբրեւ սկզբունք` մշակոյթը կը շաղկապենք հայկական ազգային, քաղաքական եւ ընկերային իրավիճակներու հետ, երիտասարդական տարբեր հետաքրքրութիւններու հետ: Կը խուսափինք բեմը հայկական Ուիքիփետիայի վերածելէ: Հայկական տարբեր տեղեկութիւններով հարուստ են Կուկըլը եւ Ուիքիփետիան: Տեղեկութեան շտեմարան մը կերտելէ աւելի` կ՛աշխատինք հայ մշակոյթը եւ ստեղծագործ հայ տիպարները տեղադրել եւ արժեւորել համամարդկային եւ համաշխարհային մշակոյթի պարունակին մէջ: Վերջապէս, կը ձգտինք հայ երիտասարդին տալ առիթը` ինքզինք հայ զգալու:
Հ.- Յստակ է, որ ձեր նպատակին հասնելու համար անգլերէն լեզուն որդեգրուած է հարթակին համար: Ասկէ մեկնած` կրնանք ըսել, որ հայ երիտասարդին բնորոշումը ձեր մօտ աւելի ընդարձակ սահմաններ ունի, քան ինչ որ ընդունուած ու դասական է: Այդպէ՞ս է: Ո՞վ է հայը ըստ ձեզի, եւ ի՞նչ են օգուտները հայերէնին անգիտակ հայը եւս ներգրաւելու, հայութեան մօտեցնելու:
Վ. Փ.– Շատ կարեւոր հարցում է այս. ո՞վ է հայը: Կարելի է` իբրեւ պայման, նկատի առնել ենթակային հայախօս ըլլալը, կամ հայախօսութեան բացակայութեան պարագային, հայութեան գոյապայքարին գործնապէս մասնակցիլը, նաեւ` հայկական ծագումը: Կարելի է, բայց նման պայմաններ սահմանելը ճիշդ չէ: Ժամանակն է անդրադառնալու, որ այս պայմանները պահանջկոտ են, բացառող-մերժող են, եւ ոչ` բաւարար չափով ներառող: Ժամանակն է յիշելու, որ «ազգ» հասկացողութեան մէջ ի վերջոյ կարեւորագոյն տարրը մշակոյթն է: Պէտք է օգտագործել աւելի ներառող սահմանում մը։
Հայ է այն անհատը, որ ունի ամբողջական կամ մասնակի հայկական ծագում, իր ինքնութեան մէջ ունի տարրեր հայ մշակոյթէն, եւ ինքզինք ամբողջովին կամ որոշ չափով հայ կը զգայ: Իրաւամբ, կարելի չէ հայ չնկատել այն երիտասարդը, որ, թէեւ հայերէն չի գիտեր, բայց կը մտածէ` «ես հայ եմ», «ես մասամբ հայ եմ», «ես թերեւս հայ եմ», եւ կը հետաքրքրուի իր հայկականութեամբ: Ով որ ամբողջովին խզուած չէ հայութենէն, հայ է: Երբ անհատը, հոգ չէ, թէ միայն որոշ չափով հայ կը զգայ, մեր պարտականութիւնն է ձեռք երկարել իրեն եւ օգնել, որ ծանօթանայ, մօտենայ, մասնակցի, որպէսզի հայ ըլլալու զգացումը վերածուի գիտակցուած եւ ամուր կողմնորոշումի:
Լ. Կ. Ս.– Բեմին հիմնական ծրագիրը իրականացնելու իբրեւ գործնական լուծում որդեգրուած է զայն փուլային ձեւով ընդլայնելու եւ զարգացնելու մօտեցում:
H-Pem-ը առցանց մուտք կը գործէ` ելակէտ ունենալով իր «թերթ»-ը` Featured Content-ը եւ հանրութեան տրամադրած իր բեմը` Your Stage:
Featured Content-ը կ՛ընդգրկէ Storries, Interviews, Profiles, In Pictures, Analyses մասերը: Այստեղ կը ներկայացուին` մշակութային արժէքներ, իրագործումներ, փորձառութիւններ, արուեստագէտներու եւ գրագէտներու տիպարներ, հարցազրոյցներ, լուսանկարներով եւ տեսերիզներով պատմուած նիւթեր, քննական ակնարկներ` միշտ այժմէական իրադարձութիւններէ մեկնած:
Your Stage-ը կ՛ընդգրկէ Multimedia Guide, Submissions, Collaborations եւ Live Streaming մասերը, որոնք կը նպաստեն բեմին փոխգործօն (interactive) եւ մասնակցողական դիմագիծին կերտումին: Այստեղ բեմը իրեն յատուկ դիտանկիւնով եւ անմիջական ոճով կը ներկայացնէ` հայ մշակոյթի առնչուող ուշագրաւ տեսերիզներ, լուսանկարներ, երգեր եւ այլն, որոնք հրապարակուած են տարբեր կայքերու մէջ կամ ընկերային ցանցերու վրայ, երիտասարդ արուեստագէտներու, գրագէտներու եւ բանաստեղծներու կը տրամադրէ իրենց ստեղծագործական աշխատանքը վերբեռնելու, ծանօթացումի եւ գործակցութեան վայր մը, կ՛իրականացնէ գործակցաբար մշակուած ծրագիրներ եւ կը կատարէ մշակութային իրադարձութիւններու կենդանի սփռումներ:
Հ.- Հետաքրքրական է, որ մեր իրականութեան մէջ ճանչցուած դէմքեր, արուեստագէտներ եւ անձնաւորութիւններ դրական անդրադարձած են այս հարթակին, զայն նկատած են իրենց նպատակներու իրականացման միջոց եւս: Յիշենք կարգ մը յատկանշական տպաւորութիւններ, որոնք ձեզի փոխանցուած են:
Լ. Կ. Ս.– Երբ բեմին մեկնարկին առիթով ձեռնարկեցինք քարոզչական տեսերիզի մը պատրաստութեան, դիմեցինք Ադոմ Էկոյեանին, Վահէ Պէրպէրեանին եւ Սերժ Թանքեանին, որոնք իրենց վկայութիւններուն մէջ շեշտեցին ծրագիրին կարեւորութիւնը եւ դերը` հայ իրականութեան մէջ, ինչ որ շատ խրախուսիչ էր մեզի համար եւ ձեւով մը վերահաստատեց մեր հաւատքը` ծրագիրին նկատմամբ:
Ադոմ Էկոյեանը ըսաւ. «Հրաշալի գաղափար է. երկար ատենէ ի վեր կը զգացուէր կարիքը բեմի մը, ուր հայ արուեստագէտներ կարենային ծանօթացնել իրենց գործերը, ուր մեր մշակոյթին հարստութեամբ հետաքրքիր անձեր կարենային այցելել եւ աւելին գտնել, վայր մը, ուր իրապէս կարենայինք զրուցել, ինչ որ կենսական է եւ անյետաձգելի: Բոլորովին նոր ժամանակներ են, կը պահանջեն մեր մշակոյթը արտայայտելու նոր միջոցներ, իսկ այս բեմը իրապէս մեզի առիթը կու տայ այս բոլորին: Ուժեղ կերպով կը զօրակցիմ»:
Վահէ Պէրպէրեանը նոյնքան խանդավառ բաժնեց իր մտածումները. «Վերջապէս, ահաւասիկ այստեղ է այնպիսի բեմ մը, որ մշակոյթի, արուեստի եւ իրագործումներու ճամբով կապ կը ստեղծէ հայերու միջեւ: Աշխարհի տարածքին հայկական գաղութներ այցելելու առիթով անդրադարձած եմ, թէ կը պակսի այն շաղախը, որ մէկ երդիքի տակ իրարու քով պիտի բերէր հոյակապ անձեր, մեծ թիւով արուեստագէտներ եւ մտաւորականներ` ստեղծելու համար տեսակ մը հիւրասրահ, ուր պայծառ եւ փայլուն ուղեղներ պիտի կարենային հանդիպիլ: Եւ հաւատացէք ինծի, աշխարհի տարածքին իրապէս ունինք հրաշալի տաղանդներ: Համազգայինի այս նոր նախաձեռնութիւնը` Հայ մշակութային բեմը կը կատարէ ճիշդ այս դերը: Կը ստեղծէ թուային երդիք մը, որուն տակ կրնանք բոլորս մէկտեղուիլ եւ բաժնել մեր իրագործումները»:
Սերժ Թանքեանի մօտեցումը աւելի զգացական էր եւ կ՛արժեւորէր նոյնինքն Համազգայինը. «Ծնողներս երկուքն ալ Լիբանանի մէջ անդամ էին Համազգայինի: Մայրս կը պարէր, հայրս կ՛երգէր: Հրաշալի մշակութային կազմակերպութիւն մըն է, որուն կը զօրակցիմ ամբողջ սրտով եւ կը կարծեմ, թէ այս նոր կայքը, զոր կը կառուցեն` արուեստի եւ մշակոյթի ճամբով մէկտեղելու համար աշխարհի տարածքին ապրող տարբեր հայերը, շատ արժէքաւոր է»:
Բեմին մեկնարկէն ետք ընկերային ցանցերու վրայ Վահէ Պէրպէրեանը դարձեալ յայտնեց իր զօրակցութիւնը եւ Ինսթակրամի վրայ իր հետեւորդները հրաւիրեց` «տեսնելու տպաւորիչ ծրագիրը»:
Իսկ «Զուլալ եռեակ»-ը երկու առիթով Դիմատետրի իր էջին վրայ դրուատեց նոր հրապարակուած բեմը: «Համազգայինի հրաշալի նոր բեմը, որուն մեկնարկը տեղի ունեցաւ մայիս 13-ին, կը յորդի զարմանահրաշ բովանդակութեամբ: Անպայման տեսէ՛ք», կ՛ըսէր խումբին խիստ քաջալերական նշումը:
Հ.- Այս առիթով Համազգայինի Կեդրոնական վարչութեան հրապարակած հաղորդագրութեան մէջ նշուած էր, որ բեմին առաքելութիւններէն մէկը կը մնայ հայերէնը տարածել իբրեւ հաճելի եւ բոլորին կողմէ գործածելի լեզու, բայց եւ այնպէս հարթակը անգլերէն լեզուով է ամբողջութեամբ: Ինչպէ՞ս պիտի կարենաք այս ձեր նպատակը իրագործել:
Լ. Կ. Ս.- «Երբ մէկուն հետ կը խօսիս իր լեզուով, կը խօսիս իր սրտին», ըսած է Նելսըն Մանտելա: Երբ թիրախ ունինք ընդհանրապէս անգլիախօս սերունդները, պարտաւոր ենք բեմին բովանդակութիւնը կառուցել յատկապէս այս թիրախին պահանջներուն համապատասխան ոճով եւ պարունակութեամբ, անոր վստահութիւնը ներգրաւելու ճիգով, բեմին հիմնական առաքելութիւնները անուղղակի միջոցներով իրագործելու միտումով:
Բեմին վրայ արդէն հրապարակած ենք հայերէնին կարեւորութիւնը եւ հայերէնախօսութեան վիճակը ներկայացնող յօդուածներ` մեկնած անձնական փորձառութիւններէ եւ հրապարակային քննարկումներէ, ծանօթացուցած ենք հայերէն սորվելու առցանց արդիական միջոցներ:
Բեմը ամբողջութեամբ անգլերէն չէ, պիտի ունենայ հայերէն երեսներ, բայց նաեւ երկլեզու չէ: Իբրեւ սկզբունք` յօդուածներու մէջ անուղղակիօրէն կը ներառենք հայերէն բառեր` միշտ անգլերէն բացատրութիւնները նշելով, կը կատարենք կամ կը մէջբերենք հայերէն երգերէ կամ բանաստեղծութիւններէ թարգմանութիւններ, միշտ` հայերէնը կցելով:
Կը հաւատանք, որ բեմին թիրախէն արձագանգներ լսելով եւ անոր կարիքները ճանչնալով` պիտի կարենանք ծրագրել եւ կիրարկել հայերէնը օգտագործելի դարձնող միջոցներ` թիրախին հետաքրքրութիւնը արթնցնող կամ կարիքները գոհացնող ձեւերով:
Հ.- Այսօր h-pem.com-ը ի՞նչ խմբակով կը գործէ, հարթակ այցելողները կրնա՞ն մաս կազմել այս խմբակին կամ ներգրաւուիլ ձեր աշխատանքներուն մէջ: Տարիքային կամ մասնագիտութիւններու բաժանում կամ սահմանափակում կա՞յ: Անդամ կամ այցելու ըլլալու դրութեան եւս անդրադառնանք:
Լ. Կ. Ս.– Տնօրէնին կողքին, բեմը եւ անոր ընկերային ցանցերը կը ղեկավարեն աշխատակազմի 3 անդամներ. լիաժամ դրութեամբ` Արեւելեան Ամերիկայէն Լիլի Թորոսեանը (օգնական պատասխանատու եւ խմբագիր) եւ Թորոնթոյէն Ռուբէն Ճանպազեանը (բովանդակութեան պատասխանատու եւ խմբագիր), իսկ կիսաժամ դրութեամբ` Լիբանանէն Շահէն Արապօղլեանը (տնօրէնի օգնական եւ ընկերային ցանցերու քաղաքականութիւն մշակող):
H-Pem-ը կը յատկանշուի իր մասնակցողական գործելաոճով: Հանդիպման վայր է, նպատակաուղղուած է կապ եւ գործակցութիւն ստեղծելու աշխարհացրիւ հայերու միջեւ:
Հանրութեան, յատկապէս երիտասարդութեան հետ միասնաբար արժէք ստեղծելու ձգտումով բեմը կը կազմէ իր հաւաքականութիւնը: Այցելուներ կրնան անվճար արձանագրուիլ եւ մասնակցիլ բեմին գործունէութեան` լեցնելով become an active user հարցաթերթիկը:
Տարիքային սահմանումներ չկան: 16 տարեկանէն վար պատանիներ կրնան անդամագրուիլ ծնողական համաձայնութեամբ: Որոշ թիւով անդամներ ներգրաւելէ ետք բեմը պիտի սկսի մշակել տարիքային բաժանումներու համապատասխան ծրագիրներ:
Նորահաս արուեստագէտներ, գրագէտներ եւ բանաստեղծներ կրնան իրենց գործերէն նմուշներ եւ բացատրութիւններ ուղարկել` լեցնելով Submit your work հարցաթերթիկը: Բեմին խմբագրական կազմը կը տնօրինէ անոնց հրապարակումը: Նոյնպէս` շնորհալի լրագրողներ, լուսանկարիչներ կամ նկարահանողներ կրնան աշխատակցութեան առաջարկներ ներկայացնել` լեցնելով become a contributor հարցաթերթիկը: Բեմին խմբագրական կազմը կը քննէ ներկայացուած նիւթերը եւ կը վաւերացնէ աշխատակցութիւնը: Աշխատակցութեան հիմնական նախապայման է անգլերէնին գերազանց տիրապետումը: Աշխատակիցներ կը ստանան համապատասխան պատուեգին:
Անոնք, որոնք կը փափաքին կամաւոր կերպով մասնակցութիւն բերել բեմը ծանօթացնելու եւ տարածելու աշխատանքին, կրնան լեցնել become an ambassador հարցաթերթիկը եւ դառնալ բեմը ներկայացնող դեսպաններ: Բեմին դեսպանները կը հետեւին աշխատակազմին սահմանած ցուցմունքներուն, ունին իրենց յատուկ անկիւնը, ուր կը հրապարակուի անոնց հակիրճ կենսագրութիւնը եւ բեմին մասին իրենց կարծիքը:
Արուեստագէտներ, գրագէտներ, մշակոյթի ծիրերու մէջ աշխատողներ բեմին հետ գործակցութեան առաջարկ կրնան ներկայացնել` լեցնելով Collaborations/send a message հարցաթերթիկը:
Բեմը պատրաստ է, կազմակերպութիւններու եւ արուեստագէտներու հետ գործակցելով, կատարել մշակութային յատկանշական իրադարձութիւններու կենդանի սփռում: Կենդանի սփռումի դիմումնագիր կարելի է ներկայացնել` լեցնելով Live Streaming հարցաթերթիկը:
Նշեալ դաշտերուն համապատասխան հարցաթերթիկները կը պարունակեն մանրամասն ուղեցոյցներ եւ լուսաբանութիւններ:
Հ.- Գործակցութեան կարելիութիւններ կա՞ն տարբեր կազմակերպութիւններու հետ: Կայքը հանրութեան մեծ զանգուածին, յատկապէս երիտասարդութեան ծանօթացնելու իմաստով ի՞նչ ծրագիրներ կան, մանաւանդ որ մեր անմիջական շրջանակէն դուրս եղողներուն հասնելու նպատակ կը հետապնդէք:
Լ. Կ. Ս.– Կը խօսէինք աշխատակազմի մասին: Մեզի համար շատ կարեւոր էր ընտրել այնպիսի անձեր, որոնք կարենային անգլիախօս հայ սերունդներուն հետ տեսակէտներ փոխանակել իբրեւ սերնդակից եւ ծառայել իբրեւ օղակ` իրենց ինքնութեան գիտակից հայերու եւ զայն ճանչնալ փափաքող անձերու միջեւ: Այսօր բեմին աշխատակազմը ոչ միայն կը տիրապետէ անգլերէն լեզուամտածողութեան, հաղորդակից է անգլիախօս հայերու մտայնութեան, հետաքրքրութիւններուն եւ կարիքներուն, այլ նաեւ` հայ մշակոյթին, արուեստին եւ ինքնութեան նրբերանգներուն, ինչպէս նաեւ կը դրսեւորէ զանոնք բեմին թիրախին մատչելի ոճով մատուցելու կարողութիւն:
Կը փնտռենք արուեստի եւ մշակոյթի մարզերուն մէջ արդիական շունչով ստեղծագործող հայ երիտասարդներ, որոնք ընկերային ցանցերու վրայ աշխուժ ներկայութիւն են իրենց գործերով, ունին մեծ թիւով հետեւորդներ, եւ կը մշակենք միատեղ գործակցութեան ծրագիրներ:
Ցարդ գործակցած ենք Ամերիկայի Հայ դատի յանձնախումբին հետ: Կը շարունակուին Թումոյի եւ «Կարապալա»-ի հետ գործակցութիւններ, որոնք սկիզբ առած էին բեմին մեկնարկէն առաջ: Գործնական քայլեր առած ենք այլ կառոյցներու հետ գործակցութեան:
Ունինք նաեւ տարբեր վայրերու մէջ դեսպաններ, որոնք կամաւոր կերպով կը մասնակցին բեմին գործունէութիւնը տարածելու աշխատանքին:
Նման գործակցութիւններով կը փորձենք աստիճանաբար բազմացնել օղակները հայութենէն հեռու ապրող մեր թիրախին եւ հայութեամբ շնչող երիտասարդութեան միջեւ: Կը գիտակցինք, որ գէթ սկզբնական շրջանին առաւելաբար պիտի ներգրաւենք նման օղակներ, եւ մեր հետեւորդներուն մեծամասնութիւնը պիտի կազմեն անոնք: Կը գիտակցինք նաեւ, որ անկարելի է, առանց նման օղակներու, հասնիլ հայկականութենէ բոլորովին հեռու ապրող հայերու: Հասարակաց բարեկամներու շնորհիւ է, որ կը յուսանք աստիճանաբար կապեր հաստատել հայկական շրջանակներէ հեռու ապրող հայերու հետ:
Բնականաբար ասիկա կ՛ենթադրէ տարիներու վրայ երկարող հետեւողական ճիգ, արդիւնաւէտ միջոցներու փնտռտուք, փորձարկելու համբերութիւն եւ հմտութիւն, մշակութային շրջանակներու հետ կապ, երիտասարդներու առաջարկները լսելու եւ անոնց հետ գործակցելու տրամադրութիւն, ճկուն գործելաոճ զարգացնելու անհրաժեշտութիւն եւ երկարաշունչ աշխատանք, որպէսզի բեմը հասնի իր նպատակին եւ կարելի ըլլայ անոր շուրջ գոյացնել հայ մշակոյթով հետաքրքիր եւ բեմին աշխատանքներուն աշխուժ կերպով մասնակցող հաւաքականութիւն մը:
Գրաւիչ ոճը, ստեղծագործ մօտեցումը եւ անուղղակի ռազմավարութիւնները անհրաժեշտ են` գտնելու համար սերունդներուն հասնելու եւ զանոնք հայկականութեամբ խանդավառելու միջոցները:
Անշուշտ շատ բան կախեալ է այցելուներու վարմունքէն, մասնակցութեան մակարդակէն եւ վստահութենէն: Սակայն բեմին որակը կը մնայ խանդավառութիւն եւ հետաքրքրութիւն ստեղծելու նախապայմանը եւ յաջողութեան գրաւականը: Հետեւաբար կը ձգտինք որակ եւ խորք տալ բեմին պարունակութեան եւ ներկայացման ձեւին:
Հ.- Համազգայինի մեծ ընտանիքը այս նախաձեռնութեան դիմած է առանձին, նաեւ բաւական դժուար ուղի յաղթահարած է արդէն, սակայն արդեօք առանձին շարունակելու երաշխիքներ կա՞ն` բոլոր առումներով:
Վ․ Փ․- Ինչպէս կ՛ըսէի, Համազգայինի պատգամաւորական ժողովները պիւտճէական ծանր յանձնառութիւն ստանձնած են այս կարեւոր ծրագիրին նախաձեռնելու համար: Համազգայինը իր կարելին ըրած է եւ վստահաբար պիտի շարունակէ ընել, բայց նման ծրագիր, ապրելու ու մանաւանդ մեծնալու համար պէտք ունի շարունակական մեծ ներդրումներու, որոնց իր բաժինը պէտք է բերէ նաեւ մեր ժողովուրդը: Այս ծրագիրը համահայկական է: Պիտի ապրի եւ ուռճանայ համայն հայութեան նպատակաուղղուած եւ արդիւնաւէտ ներդրումներով: Այս ծրագիրը տակաւին զարգացումի ճամբայ ունի կտրելիք. հետաքրքրական եւ կարեւոր հանգրուաններով պիտի յառաջդիմէ: Կասկած չունինք, որ շատեր պիտի գիտակցին զայն զարգացնելու կարեւորութեան, պիտի փափաքին մաս կազմել այս յուսատու գործին եւ թիկունք պիտի կանգնին անոր:
Հ.- Ցարդ հրապարակուածէն բացի` կա՞ն այլ ծրագիրներ, որոնց մասին կ՛ուզէք խօսիլ:
Լ. Կ. Ս.– Ապագային բեմը պիտի ունենայ blog-ներ եւ տարբեր բնագաւառներու յատուկ առցանց ակումբներ, պիտի կազմակերպէ մրցանքներ եւ webinar-ներ, պիտի կատարէ լրատուութիւն եւ այլն: Այս բոլորը, նախքան իբրեւ առանձին բաժիններ հաստատուիլը, պիտի փորձարկուին հանգրուանային դրութեամբ` ի վերջոյ իրականացնելու համար Կեդրոնական վարչութեան առցանց բեմի հիմնական ամբողջական ծրագիրը:
Հ.- Բեմին հրապարակումէն մինչեւ հիմա քու տպաւորութիւնդ ի՞նչ է:
Լ. Կ. Ս.– Թերեւս պէտք է սկսիլ մեկնարկէն առա՞ջ: Յաճախ կը մտածէի, որ համացանցի վրայ որեւէ կայք ունի գոյութենական տագնապ. լաւագոյնները մէկ օրէն միւսը կրնան ամայանալ, եթէ չփորձարկեն իրենց գոյութիւնը վերահաստատող հնարքներ:
Սակայն, երբ բեմին մեկնարկէն հազիւ 1 շաբաթ ետք Սպանիոյ Ալիքանթէ քաղաքէն Քալվին անունով երիտասարդ մը անդամակցեցաւ բեմին եւ ուղարկեց հայոց պատմութեան մասին իր պատրաստած տեսերիզները, անմիջապէս զգացի, թէ որքա՛ն կարիքը կար նման բեմի մը, թէ` որքա՛ն բեմը կարելիութիւնը ունէր ինքզինք վերստեղծելու:
Քալվին կը գրէր. «Այս ծրագիրին նախաձեռնեցի` երբ կը յայտնաբերէի ինքնութիւնս: Հայոց պատմութեան մասին կարդալով` ներշնչուեցայ եւ փափաքեցայ կարողութիւններս ի սպաս դնել` մեր պատմութիւնը ծանօթացնելու աշխարհին»:
Յաջորդ շաբաթ ոչ հայկական մականունով հայէ մը ստացանք հայկական խորհրդանիշներէ ներշնչուած ձեռարուեստի գործեր:
Բեմին նշանաբանը ոչ միայն հնչած էր, այլ նաեւ հասած էր աշխարհի տարբեր անկիւնները:
Գրեթէ քանի մը օրը անգամ մը արուեստագէտներէ կամ մշակութային շրջանակներէ կը ստանանք գործակցութեան առաջարկներ: Հայկական տարբեր ինքնութիւններու նրբերանգները արդէն կու գան հարստացնելու բեմը, ինչ որ միայն լաւատեսութիւն կը ներշնչէ:
Հ.- Ձեր կոչը` մեր ընթերցողներուն, յատկապէս` երիտասարդներուն, որոնք կոչուած են ըլլալ h-pem.com-ի ընտանիքին հիմնական անդամները:
Վ. Փ.– Կոչը մեծ բառ է: Ըսելիք ունիմ, այո՛: Կը սիրէ՞ք հայ մշակոյթը, կը սիրէ՞ք արուեստը, կ՛ուզէ՞ք աշխարհով մէկ տարածուած` արուեստը եւ մշակոյթը սիրող, տարիքով կամ ոգիով երիտասարդ հայերու հետ կապ հաստատել, գործակցիլ եւ նորութիւն ստեղծել, նոր ճամբայ կտրել: Եթէ այդպէս է, գիտցէք` այս բեմը համահայկական է եւ մասնակցողական` իր բնոյթով: Ան ձեր բեմն է, ձեր աշխատավայրը, ձեր գործունէութեան դաշտը: H-Pem-ը կ՛ուզէ, որ մասնակցիք իր զարգացումին, որ դուք ձեզ իր տէրը զգաք:
Լ. Կ. Ս.– Նոյնինքն` h-pem-ի նշանաբանը. «Եկէ՛ք` ծանօթանանք մէկզմէկու արուեստին: Աշխարհը մեր բեմն է, h-pem-ը` ձերը»:
Պարանո՞ց… Շլի՞նք… Ճի՞տ։ Ո՚չ մէկը։ Դուք, յարգելի ընթերցող, կը խնդրեմ, մի՚ ակնարկէք հայոց լեզուի բացատրական քառահատոր բառարաններուն, որպէսզի հասկնաք, թէ «վիզ» բառը հոգեւոր կամ քնարական ի՚նչ նշանակութիւն ունի հայու համար։ Այս բառը, համեստ միավանկ մը լոկ, որ մերթ կը բարձրանար օտարի դէմ, կամ՝ մերթ կը ծռէր անոր ասպատակութեան ենթակայ, խորհրդանշանն է հայու արժանապատուութեան եւ ինքնութեան, սակաւ անգամներ նաեւ սիրոյ եւ կարօտի։ Բոլորը տեսնելու համար, ձեզ կը հրաւիրեմ հայրենի այն լիճեզրը, ուր միջօրէի խաղաղ մէկ ժամուն մեր աշակերտները եկած են զովանալու եւ ուր սպիտակափետուր կարապներ, հանդարտ կը լողան, օրը աւելի դանդաղեցնելով։
– Պարոն, կ՚ըսէ Բարինը, այդ երկու կարապները, տեսէ՚ք, այնքան մօտիկ են իրարու, իրենց նուրբ վիզով, սիրտ կը կազմեն։
– Բանաստեղծի աչքեր ունիս…։ Օրիորդիկ, հակած վիզերով կազմուած այդ սրտիկը, Պոլսոյ գեղատեսիլ աւազաններու մօտ նկատած էր նաեւ Ռուբէն Սեւակը։ Ան քնքոյշ քերթուած մը յօրինած է, «Կարապները», ուր նկարագրած է միեւնոյն տեսարանը.
Մարմարի իրենց վիզը սլացիկ,
Սակայն, այդ բառը մեզի տուաւ բազմաթիւ այլ պատկերներ, երբեմն տխուր եւ նուաստացուցիչ։ Նախ պէտք է յիշել անոր պատմութիւնը…։ Ծագումը անյայտ է։ Շատ հին է, անկասկած։ Սկսելով 6րդ դարէն, հայկական մատենագրութեան մէջ բառը բարձրացուցեր է իր վիզը ու ցցուեր են բազմաթիւ արտայայտութիւններ, ինչպէս՝ «Զօրեաց զվիզ ՚ի վեր համբառնալ», «Զվիզն ՚ի վայր արկեալ», «Զվիզն այսր անդր շուրջ ածեալ», «Խրոխտալով վիզ ամբառնան ընդդէմ աստուծոյ»։ 1828 թուականին Փարիզի մէջ լոյս տեսած Նոր Կտակարանի էջերուն մէջ կայ անոր ուրախալի մէկ գործածութիւնը. «Ամմէնն ալ սաստիկ կու լային, ու Պօղոսին վիզը ինկած ինքը կը պագնէին»։ Պատկերաւոր բառ է ան, Բարին։ Միջնադարուն արդէն լաւ հաստատուած գոյական էր, հանդերձ ածանցումներով եւ դարձուածքներով։ Տե՛ս, 15-րդ դարուն ապրած տաղասաց Յովհաննէս Թլկուրանցին գրի առեր է «ձի բարձրավիզ» արտայայտութիւնը։ Մեր մայրենին, այնուհետեւ սիրեց այս բառի շուրջ պտտուիլ ու պտտուիլ, մինչեւ որ ունենար գլխու պտոյտ տուող հարստութիւն մը- «վիզ» բառով շինուած երեսուն պատկերալից խօսքերը նկատի ունիմ, ինչպէս՝ «վիզ առնել» ընդունիլ, «վիզը բարակիլ, կամ՝ տանձակոչ դառնալ» նիհարնալ, «վիզը երկարել» օգնել, հետաքրքրուիլ, «վիզը թռցնել, ոլորել, կամ կարմիր թել կապել» սպաննել, «վիզը ծուռ» թշվառ, խեղճ, «վիզը կոտրել» խեղճացնել։ «Սասնայ ծռեր» դիւցազնավէպի մէջ, Բարին, այս վերջինը գործադրեր են բառացի իմաստով. «Գնա՛, էնոր վիզ կտրի», «Դահիճն էկաւ սարայ (պալատ), ասաց- Թագաւոր հրաման արէ՝ զքո վիզ տի կտրեմ», «թող իմ վիզ կտրեն»…։ Ունինք մէկ այլ խօսք, «վիզը հաստ», այսինքն անոնք, որոնք ո՛չ թէ միայն գէր են, այլ նաեւ՝ չար եւ տխմար։ Ըստ երեւոյթին, այս վերջինն է հայրենի մամուլի ամենասիրածը, քանզի, բազմաթիւ քաղաքագէտներ եւ ղեկավարներ արժանացած են այդ կոչումին։ Իսկ օրեր եղան, երբ հասարակ ժողովուրդը համարձակեցաւ չարերուն դէմ «վիզ բարձրացնել», կամ ինչպէս մեր հիները ըսին՝ «վիզ ամբառնալ»։ Իսկ «վզովն ընկնել»ը, կարօտի սրտառուչ արտայայտութիւն, տեղ գտաւ Աւետիք Իսահակեանի «Պանդուխտ որդին» բանաստեղծութեան մէջ. «Դարդը սրտիս հասայ մեր տուն, տեսայ ծերուկ, խեղճ մօրս… Վզովս ընկաւ, սրտին գրկեց ու լացեց»։ Կոմիտաս վարդապետը, մինչ, զոյգ մը սիրահարին պարգեւեց այդ խօսքը. «Հրէն յարս գալիս ա, լուսն երեսին տալիս ա, գնամ, վզովն ընկնեմ, աչքս խնդից լալիս ա»։
– Իսկ ես ուրախ եմ, որ ան ինծի տուեր է սիրուն վզնոց մը եւ վզկապ մը։
– «Վիզ»ով սկսող գործնական բառեր… Յիշէ՛ նաեւ, վզակոթ, վզարմատ եւ վզագեղձ բառերը… Բայց աւելի տպաւորիչ են այն ածականները, որոնք «վիզ»ով կը վերջանան- բարձրավիզ, կոկոզավիզ, երկայնավիզ, տխրավիզ եւ գեղեցկավիզ… ինչպէս սա կարապները։ Մեր պատկերէն դուրս է, թէեւ, բայց յիշել կ՚արժէ նաեւ «լայնավիզ» տեսակ մարդը, ան, որ անաշխատ եկամուտով ապրող է։ Բարին, հայոց պատմութեան մէջ բազմաթիւ էին այն ժամանակները, երբ մեր ժողովուրդի վիզը ծուռ էր, կոր եւ կտրած։ Կը յիշե՞ս Ծերենցը, բժիշկ Յովսէփ Շիշմանեանը։
– Մեր պատմավէպերու հայրը…
– Այո։ «Երկունք Թ. դարու» վէպին մէջ կը պատմէ հայու ընդվզումը արաբական խալիֆայութեան դէմ, յանուն անկախութեան։
– Այսինքն ուզեր ենք «ինքնավիզ» ըլլալ։
– Նոր բառ մը հնարեցիր։ Բայց, հոն, Բարին, կը կարդաս, թէ մեր ժողովուրդի համար ինչքան նուաստացուցիչ կը դառնար «վիզ» բառը- «Բուղայի երկրորդը՝ Ժիրակ զօրավարը, հասեր Ռշտունեաց Ոստանը, հայ գերեաց բազմութիւն չուան ի վիզ քշելով առջեւէն իբրեւ անասնոց նախիր՝ եւ աճուրդով ծախելու կը հանէր»։ Երբ հայրենասէր վիպագիրը իր ձեռքերը դողդոջելով կը գրէր այդ տողերը, 15 տարեկան պատանի Յովհաննէս Թումանեանն ալ, որուն սիրտը արդէն համակուած էր ազգի վշտով եւ ազատատենչ գաղափարներով, Թիֆլիսի Ներսիսեան վարժարանի մէջ գրի կ՛առնէր հետեւեալը.
Իսկ օր մը, երբ Մայր Հայաստանը փորձեր էր իր դարերու հնազանդ վիզը բարձրացնել, շնչել ազատութիւնը, դառնալ սիգավիզ՝ խեղդուեցաւ անոր մանուկ երազը։ Օձ մըն էր այդ քստմնելի ոճիրին գործադիրը։ Սիամանթօն կը պատմէ. «Ու հայ մայրն իր վզին հետ՝ զաւկին վիզը մութին մէջէն մեզ երկարեց… Խաւարին մէջ, երկու բազուկ օձերու պէս գալարուելէն, մանկան վիզը գտնելով՝ ահեղութեամբ մը զայն սեղմեցին…»։
– Իսկ Չարենցը կը սարսափէր՝ «երկայնավիզ կօշիկ»ի պատկերէն։ Գիտե՞ս ինչու։ Քանզի ան կը խորհրդանշէր Ստալինի բռնատիրութիւնը. «Լուսանկարից նայում էր… Բարձրահասակ մի մարդ՝ հագին ռուսական շապիկ, երկայնավիզ կօշիկներ»։ Բարին, ըստ երեւոյթին «վիզ» բառի հետ գիրկընդխառնուիլ սիրեր է Դանիէլ Վարուժանը։ Անոր կը պարտինք «զօրեղ վիզ», «վէս վիզ», «հլու վիզ», «բոցեղէն վիզ», «շղթայէ վիզս», «հպարտ վիզ» եւ «կարապնավիզ սափոր» քնարական արտայայտութիւնները։ Ագսել Բակունցը անոր մէջ տեսաւ հայրենի մեղմ ու խաղաղած երկինքը- «Նայում եմ ամառուայ յստակ երկնքին։ Մի ծուռ վիզ ամպ լողում է»։ Իսկ Վահան Տէրեանն էր, որ անոր վերադարձուց սէրը- «Համբուրեցի աչք»րդ ծաւի, շուրթերդ ալ-նուռ, վիզդ կարապիե։
Բարինը յանկարծ ոտքի կը ցատկէ ու մեզի մօտեցող երիտասարդուհիի մը վիզին կը նետուի.
– Պարոն, յիշեցի՞ք, Անին է, եկեղեցւոյ ամառնային ճամբարէն ընկերս…։
Պարանո՞ց… Շլի՞նք… Ճի՞տ։ Դուք, մի՛ հարցնէք բառարաններուն կամ քաղաքագէտներուն։ Կարապներն ու սրտամօտիկ ընկերները միայն գիտեն անոր իմաստն ու խորհուրդը- սէր։
ՆԻԿՈՍԻԱ․- Յունիս 13-ին, նախագահական պալատին մէջ, Կիպրոսի Հանրապետութեան նախագահ Նիքոս Անասթասիատիս ընդունեց Հ․Յ․ Դաշնակցութեան Բիւրոյի ներկայացուցիչ Յակոբ Տէր Խաչատուրեանի գլխաւորած պատուիրակութիւնը, որ կը բաղկանար հայ համայնքի պետական ներկայացուցիչ Վարդգէս Մահտեսեանէ, Հ․Յ․Դ․ Կիպրոսի կոմիտէի ներկայացուցիչ Սիմոն Այնէճեանէ եւ կոմիտէի անդամներ Վահան Այնէճեանէ եւ Րաֆֆի Մահտեսեանէ: Ներկայ էր նաեւ կառավարական բանբեր Պրոտրոմոս Պրոտրոմու:
Նախագահ Անասթասիատիս, ողջունելով Հ․Յ․Դ․ Բիւրոյի ներկայացուցիչին ներկայութիւնը Կիպրոսի մէջ, վստահեցուց, որ կիպրական կառավարութիւնը զօրավիգ կը կանգնի Հայաստանի Հանրապետութեան եւ հայ ժողովուրդին, Հայաստանի եւ սփիւռքի տարածքին, եւ վստահեցուց, որ միջազգային հաստատութիւններու մէջ, ըլլայ ան Մ․Ա․Կ․-ի կամ Եւրոպական Միութեան, Կիպրոս մեծ ջանք կը թափէ օգտակար հանդիսանալու Հայաստանի Հանրապետութեան շահերուն եւ Լեռնային Ղարաբաղի ժողովուրդի դատին: Հանրապետութեան նախագահը վստահեցուց Յակոբ Տէր Խաչատուրեանին, որ Կիպրոս Եւրոպական Միութեան մէջ արդէն իսկ յառաջ կը քշէ Հայաստանի Հանրապետութեան հետ առնչուող հարցեր: Նախագահ Անասթասիատիս յիշեցուց, որ իր յարաբերութիւնները պետական ներկայացուցիչին հետ եղած են միշտ սահուն եւ ան միշտ դրական կերպով անդրադարձած է պետական ներկայացուցիչի խնդրանքներուն:
Հ․Յ․Դ․ Բիւրոյի ներկայացուցիչ Յակոբ Տէր Խաչատուրեան նախ շնորհակալութիւն եւ երախտագիտութիւն յայտնեց կիպրական կառավարութեան` կիպրահայ համայնքին հանդէպ իր ցուցաբերած հոգատար վերաբերմունքին համար եւ վստահեցուց նախագահ Անասթասիատիսին, որ ՀՅ Դաշնակցութիւնը, իր աշխարհասփիւռ կազմակերպական կառոյցով Կիպրոսի կառավարութեան տրամադրութեան տակ կը գտնուի` յառաջ քշելու կիպրական դատը եւ օգտակար հանդիսանալու կիպրական հարցի լուծման ջանքերուն: Ան աւելցուց, որ պետական ներկայացուցիչ Վարդգէս Մահտեսեանին միջոցով վերջին տարիներուն տարուած է հսկայական աշխատանք, ամրապնդուած է կիպրական կառավարութեան եւ կիպրահայ համայնքի միջեւ գոյութիւն ունեցող կապը: Ան արտայայտեց այն համոզումը, որ ապագային ալ այդ յարաբերութիւնները պիտի մնան հաստատ եւ պիտի խորանան:
Տէր Խաչատուրեան յիշեցուց նախագահ Անասթասիատիսին, որ սփիւռքի զանազան երկիրներուն մէջ, Հայ Դատի յանձնախումբերը բարձր մակարդակի յարաբերութիւններ ունին Կիպրոսի Հանրապետութեան դեսպանատուներուն եւ դիւանագիտական ներկայացուցչութիւններուն հետ` պայքարելով ի նպաստ կիպրական եւ հայկական դատերուն:
Հ․Յ․Դ․ Կիպրոսի կոմիտէի ներկայացուցիչ Սիմոն Այնէճեան յայտնեց նախագահ Անասթասիատիսին, որ ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչը, իր այցելութեան ընթացքին, հանդիպումներու շարք մը ունեցաւ նաեւ Կիպրոսի նորընտիր եւրոերեսփոխաններուն հետ` վստահեցնելով, որ այդ կապը պիտի շարունակուի այս հանդիպումներէն ետք, եւ Եւրոպայի Հայ դատի յանձնախումբի գրասենեակը Պրիւքսելի մէջ ցարդ գործակցած է Կիպրոսի եւրոերեսփոխաններու հետ եւ պիտի գործակցի նաեւ նորընտիր եւրոերեսփոխաններուն հետ` միասին յառաջ քշելու կիպրացի եւ հայ ժողովուրդներու շահերը: Հանդիպումը տեւեց կէս ժամ եւ անոր աւարտին տեղի ունեցաւ յուշանուէրներու փոխանակում:
Նշենք, թէ Յակոբ Տէր Խաչատուրեան շարունակելով հանդիպումները Կիպրոսի կառավարական եւ կուսակցական շրջանակներուն հետ Յունիս 12-ին հանդիպում ունեցած է Կիպրոսի ԷԹԵՔ ընկերվարական կուսակցութեան նախագահ Մարինոս Սիզոպոուլոսի հետ: Նշենք, որ երկու կուսակցութիւններն ալ Ընկերվար միջազգայնական կազմակերպութեան անդամ են:
Թթենիին լայնատարած ճիւղերուն յատակը՝ գետինը, ասֆալթին վրայ մի առ մի կ՚իյնան անոնք, կը հաւաքուին քով քովի, կտուրներուն խմբուած ծիծեռնակներուն նման:
Ծիծեռնակները: Որքա՜ն ազատ, որքա՜ն մտերիմ են: Ամէն երեկոյ՝ արեւնամուտին, պատշգամէս կը դիտեմ զանոնք, խումբ-խումբ կը մօտենան ու կը հեռանան. մկրատաձեւ պոչիկներով կը սաւառնին, զիլ ձայներով իրենց ներկայութիւնը կը հաստատեն ու դուն մօտէն կը դիտես անոնց ճախրումը, սիրել սիրուիլը, ապրելակերպը. բնութեան մէկ մասնիկն են, անբաժան, իրական, դարերու մեր բարեկամները բարի: Իսկական բարեկամները, նեղութեան եւ ուրախութեան մեր բաժնեկիցները:
Մենք ալ ծիծեռնակներուն նման ենք, մենք՝ գաղթականներս: Մենք, որ մե՛ր կեանքի «գարնան» եկանք ու գարո՛ւն է մեզի համար միշտ, անվե՜րջ: Հոս ենք մենք, ետ դարձ չկայ, սակայն փոխարէնը տուն կը փոխենք, տարին մէյ մը, երկու տարին մէյ մը վարձով նոր բնակարանի մը որոնումը կը յիշեցնէ մեզ մեր գաղթը եւ տարուէ տարի ծանրացող ծրարին մէջ Աստուածաշունչը թխմեով կը պտըտինք տունէ տուն:
Ուրախ են թթենիները, մա՛նաւանդ երբ մանուկները կը մագլցին ճիւղերն ի վեր, բարձրերէն թութ ուտելու, կամ իրենց շուքին, տերեւախիտ ճիւղերուն մէջ, հաստ կոճղերուն ետին պահուըտուք խաղալու:
Ուրախ է այս մեր թաղի թթենին եւս անցորդներուն ուրախ հայեացքներով, իր համ ու հոտով հմայուողներով, իրեն հոգացողներով, բայց միթէ անցորդները նոյն աչքով կը դիտե՞ն մարդիկը, նոյն հոգատարութիւնը կը ցուցաբերե՞ն իրենց նմաններուն…:
Փըթ-փըթ կը թափին թութերը,
Քաղցր, համեղ, հիւթալի, մեղրածոր թութերը կը թափին գետին,
Մինչ ճիւղերուն վրայ կը մնան տհաս, արեւուն կարօտ,
Լոյս, ջերմութիւն տենչացողները:
Յաճախ կը տեսնեմ անցորդներուն ոտքի կոխան հասուն թութերուն ճզմուիլը: «Հարեւան»ս չ՚ուշանար զանոնք իսկոյն աւելով մը ժողվելու:
Մարդկային բնազդը չէ՞ միթէ այս, որ ոտքի կոխան կը դարձնէ հասուն, գիտակից անհատները, կ՚անտեսէ զանոնք, կը թերագնահատէ, կը պարսաւէ, կ՚անարգէ նոյնիսկ, մանաւանդ երբ բարի է ոտնակոխ դարձողը, համբերատար, իրաւունքները չպահանջող, չխօսո՜ղ: Մինչ հոն տհասները, թթուները, խօսքի արուեստին գիտակցութիւնը վայելողները, ունեւորնե՛րը կը մեծարուին, կը բարձրացուին, կը գերագնահատուին, կ՚արժանանան ամէն բարիքի: Է՜հ, «հալալ ըլլայ» կ՚ըսէ ժողովուրդը:
Բայց պէտք է անգամ մը, երկուք ոտնակոխ ըլլալ, որ սթափիլ գիտնաս ու ա՛յն ատեն միայն իսկապէս հասուննաս ու թթու, լեղի, նոյնիսկ աղի եթէ ըլլաս՝ մարսուիս:
Մեծերուն խորհուրդներով դաստիարակուած ենք՝ «Լռութիւնը ոսկի է», կ՚ըսէին: Լռեցինք ամէն ինչի, տոկացինք ամէն ցաւի, կորուստի…, պահեր եղան, երբ բորբոքած կ՚ուզէինք ժայթքիլ, փրփրիլ, դուրս թափել մեր ներսը կուտակուած թոյները, մարդկային վարուելակերպի պատճառով կուտակուածները, բայց յիշեցինք դարձեալ դաստիարակութեամբ ջամբուածները՝ «հաշիւ ըրէք ձեր խօսքերուն, որ յանկարծ չվիրաւորէք դէմինը, հասկցէք անոր ներսը, դուք ձեզ նախ անոր տեղը դրէք, հագուեցէք անոր տարազը, իր վիճակը ընկալեցէք եւ անկէ վերջ միայն պատասխանեցէք: Մարդը վիրաւորելը շա՜տ դիւրին է՝ «Լեզուն ոսկոր չունի», բայց վէրքը բուժելը՝ շա՜տ դժուար է: Կոտրած ապակեայ բաժակը չի շինուիր» եւ այլն, եւ այլն:
Երեք կապիկները յիշեցի յանկարծ, այս չինական ուսմունքի պատառիկը որքա՜ն հզօր է՝ չար խօսքեր չխօսիլ, չարը չտեսնել, չարին մասին չլսել, որ պաշտպանուած ըլլայ անհատը չարէն: Ամէնուր է չարը, կարելի չէ չլսել, չտեսնել, բայց կարելի է չխօսիլ, բերանը փակել, ահա թէ ե՞րբ կը բացայայտուի լռութեան հզօրութիւնը:
Ինչո՞ւ կը մերժուի երկրայինը, ինչո՞ւ հայեացքը բանաստեղծին կ՚ուղղուի դէպի վե՜ր, դէպի լոյսը երկնային, ինչո՞ւ վիպերգին մէջ ատելութեան ոգին կը տիրէ։ Այս բոլորը հասկնալու համար պէտք ճանչնալ ստեղծագործութեան ժամանակաշրջանը, որ խորքին մէջ, այդքան ալ տարբեր չէ մեր ժամանակներէն։ Աւետիք Իսահակեան իր «Աբու Լալա Մահարի» վիպերգը գրելուն դրդապատճառը կու տայ ըսելով. «Իմ մաքուր, բնական հայրենասիրութիւնը վիրաւորուեց, արիւնոտուեց իմ ժողովուրդի կրած աներեւակայելի ողբերգութեամբ… այս կոտորածներն ու սիստեմաթիք հալածանքները իմ սիրտը լցրին փէսիմիստով եւ դառնութեամբ, նաեւ զայրոյթով: Տիրող կարգերի եւ օրէնքների դէմ բողոքը, դժգոհութիւնը իմ մէջ առաջ էլ կար: Արտայայտութեան ձեւ էի որոնում: 1909թ. Սեպտեմբերն էր: Բանտից դուրս էի եկել գրաւականով, բայց դեռ դատի տակ էի: Ալեքսանդրապոլից գնացքով Երեւան էի գալիս: Նահանգական ժանտարմական վարչութեան կողմից կանչուած էի հարցաքննութեան: Մեքենավարը ծանօթ կիւմրեցի էր. անցել էի մօտը, կանգնել լոկոմոտիվի վրայ, նայում էի հեռուն՝ առաջ սուրացող գնացքի ուղղութեամբ ու խորհում էի. «գնացքն այսպէս սուրա՜ր միշտ, անդադրում. տանէր ինձ հեռո՜ւ, բոլոր պետութիւններից, իշխանութիւններից ու օրէնքներից, դատից ու դատաստանից հեռու՜, հեռո՜ւ. գնա՛, գնա՛,- ասում էի մտքումս,- բանտերից ու բերդերից, կաշկանդումներից ու ճնշումներից հեռո՜ւ տար ինձ»: Եւ երբ գնացքը Սարդարապատի անապատը մտաւ, կիսամթնում, հորիզոնի վրայ ուրուագծուեց ուղտերի մի կարաւան: «Ապու Լալայի» պատկերը պատրաստ էր»:
Այսպիսով, «Ապու Լալա Մահարի»ի ստեղծագործական պատմութիւնը կ’երկարի 25 Օգոստոս 1906-էն մինչեւ 4 Ապրիլ 1910 թուականը:
Վիպերգի վերնագիրը Իսահակեանը առած է արաբ բանաստեղծ- Փիլիսոփայ Ապու Ալ-Ալա Ալ Մահարիի անունէն, հիմք ընդունելով միջնադարեան բանաստեղծի քննադատող ու ազատատենչ ոգին: Հերոս ընդունելով Ապու Լալա Մահարին՝ Իսահակեանը իր գաղափարները եւ իր ընդվզումները կ՚արտայայտէ ու վճիռներ կ՚արձակէ տիրող համակարգին դէմ միանգամայն։
Վիպերգը բաժնուած է եօթը սուրահներու եւ անոր նախերգանքը կարճ նախադրեալ մըն է, պատճառը, թէ ինչո՛ւ Ապու Լալա Մահարին իր փառքն ու հարստութիւնը լքելով կը հեռանայ Պաղտատէն՝ մարդկութենէն:
Առաջին սուրահին մէջ արդէն Ապու Լալան գարշանքով կը մերժէ մարդոց ընկերութիւնը, «զազիր ու նանիր» հոգիները անոնց, ժպիտի ետին պահուած կեղծիքը, ընկերոջ դաւաճանութիւնը եւ կ’որոշէ, որ աւելի լաւ է անապատի գազաններուն կեր դառնալ, քան ետ դառնալ մարդոց քով: Ահա թէ ինչո՛ւ կը հեռանայ դէպի «անյայտ ափերը, կոյս- հեռաստանը» դէպի արեւը:
Երկրորդ Սուրահին մէջ կ’անդրադառնայ «չքնաղ- դժոխքին», որ կինն է: Սուտ է անոր երդումը, համբոյրը՝ կեղծ, նիւթի սիրոյն կու տայ կեղծ գգուանքներ:
Երրորդ սուրահը կը պատկերէ համայնքը իր «լուծուխարազան» օրէնքներով, որոնց մօտալուտ կործանումը կը մարգարէանայ Ապու Լալան: Պէտք է կործանի չար այդ հասարակարգը, որպէսզի շարունակուի յաւերժական այն «վսեմ հեքիաթը», այն «դիւթական հրաշքը», որ արարչագործութեան արդիւնք Աշխարհն է, մինչ մարդիկ դժոխքի կը վերածեն զայն:
Չորրորդ Սուրահը կը սկսի «մահասարսուռշառաչող» հողմումրրիկով, որոնք կեանքի մրրիկներու խորհրդանշան են, սակայն ազատատենչ բանաստեղծը կը քալէ ու բնաւ ետ չի դառնար դէպի «ժանտ քաղաքները»։
Հինգերորդ Սուրահին մէջ բանաստեղծը կը շարունակէ իր երթը ու քննադատութեան տակ կ’առնէ հասարակարգիողջվարչականհամակարգըիրճնշիչօղակներով: Հոն փառքը խաբուսիկ է ու ժամանակաւոր, հոն պատիւ կու տան «լոկ ոսկուց, վախից» դրդուած, հոն գանձը «մեռելների միս ու որբի արցունքներն» են:
Վեցերորդ Սուրահին մէջ բանաստեղծը կը ներկայացնէ, թէ ինչպէս անարդար ու հոտած իրաւակարգի տակ կը խեղաթիւրուի մարդու բնոյթը. «դիմակուածդեւ» է ան ու «մանկասպան»:
Եօթներորդ Սուրահին մէջ Ապու Լալայի կարաւանը արդէն Արապիստանի մեծ անապատի դարպասներու տակ կ՚իջնէ յանկարծ…։ Հոն արդէն չկան իշխանութիւն, օրէնքի ու ընկերութեան ճնշումներ եւ Ապու Լալան կատարեալազատութեան մէջ կը գտնէ իր հոգիին անդորրը:
Հոս ուշագրաւն այն է, որ քիչ առաջ կինը անիծող բանաստեղծը, այժմ արեւը «մայր» կը կոչէ, որպէս մարդկային ընկերութեան մէջ միակ սրբութիւնը, միակ անդաւաճան գիրկը:
Զուգահեռով մը յիշենք Յովհաննէս Շիրազի մօտեցումը կին եւ մայր յարաբերութեան։ Շիրազի համար կինը եւս երկրային սատանայ, իսկ մայրը երկնային հրեշտակ նկատուած է իր յայտնի «Յուշարձան Մայրիկիս» երկին մէջ։
Սակայն պէտք է ըսել, որ Իսահակեանի պարագային, դէպի արեւ մեկնումը մերժումը չէ կեանքին, որովհետեւ արեւը նոյնինքն մաքրուած կեանքն է, պայծառ, ողորմած եւ կենսածին, ի հակադրութիւն մութ խաւարին, որ իր բնութեամբ չար ու անորոշ է։
Հոս զուգահեռ մը եւս կատարենք, յիշելու համար թէ ինչպէս Համիտեան ջարդերուն եւ ծանր հալածանքներու յաջորդող տարիներուն, Սիամանթօ ռոմանթիք շունչով մը պայքարի կոչ կ’ուղղէ հայ ժողովուրդին ընդդէմ մարդկային կեղծ արդարութեան եւ վայրագութիւններուն, քաջ գիտակցելով որ «Արշալոյսը անպայման երեւնալու է…»:
Եղիշէ Չարենցի «Ամբոխները Խելագարուած» վիպերգին մէջ եւս առկայ է յեղափոխական ոգին եւ «լոյս ապագայի» այդ մեծ հեռանկարը.
Երկինքն ու երկիրը ընդելուզուած տեսնելու եւ արեւի լոյսի պայծառութեամբ մաքրուած կեանք մը ապրելու տենչով գրուած Իսահակեանի «Ապու Լալա Մահարի» վիպերգը նիւթի մշակման իր վարպետութեամբ եւ լեզուական հմտութեամբ հայ գրականութեան մէջ իր ուրոյն տեղը կը գրաւէ եւ պէտք է ըսել, որ բոլոր ժամանակներու համար ալ տակաւին կը մնայ արդիական։
Բառացի` երկաթագործի յատուկ գործիք մըն է, որ կը ծառայէ առարկայ մը ամուր բռնելու, անշարժացնելու նպատակի: Հին տարիներուն, մինչեւ 1960-70 թուականները հատիկ-հատիկ, քով-քովի կը շարուէին բառի մը գիրերը, եւ այդպէս կը կազմուէր էջը ափսէի մը վրայ, որ տպագրական մեքենայի մամուլին մէջ կ՛ամրացուէր, որպէսզի գիրերը չտարտղնուին, եւ կը տպուէր թերթը, այսինքն մամուլէն լոյսին կու գար, լոյս կը տեսնէր թերթը: Այս ձեւով է, որ «մամուլ» բառը փոխաբերաբար ստացած է այսօրուան իմաստը եւ` ոչ միայն հայերէնի մէջ:
Հետագային, ձայնասփիւռի եւ հեռատեսիլի բազմացումով գործածական դարձաւ «գրաւոր կամ տպագիր մամուլ» բացատրութիւնը` զատորոշելու համար մէկը միւսներէն…
Սկզբնական շրջանին եւ երկար ժամանակի համար մամուլի ոգին եւ ուժը մտաւորականութիւնն էր: Ան էր, որ հանրային կարծիք կը մշակէր եւ ուղղութիւն կու տար քաղաքացիներու քայլերուն: Եւ փոխադարձաբար` հասարակութեան, ժողովրդային խաւերու տեսակէտներուն, փափաքներուն, սպասումներուն կ՛արձագանգէր, եւ ձեւով մը ան կը դառնար ժողովուրդի հայելին…
Մեծ է մամուլին դերը ժողովրդավարութեան տարածման, զարգացման ու ամրացման գործին մէջ: Եւ, որքան որ ժողովրդավարութիւնը զարգացաւ, խօսքի ազատութիւնը անկապտելի իրաւունք դարձաւ, այնքան աւելի մամուլին դերը եւ ուժը աւելցան այն աստիճան, որ քաղաքական գործիչներ, ղեկավարներ կը յարգէին մամուլը, կ՛ակնածէին անկէ, նոյնիսկ կը վախնային մամուլէն…
Ճիշդ այս պատճառով ալ մամուլին տրուեցաւ 4-րդ իշխանութեան հանգամանք ժողովրդավարութեան մէջ` օրէնսդիր, գործադիր ու դատական իշխանութիւններէն ետք:
Նոյն պատճառով ալ բռնապետներ երկրի իշխանութիւնը իրենց ձեռքին մէջ առնելէ, ժողովրդավարութիւնը ջնջելէ անմիջապէս ետք խիստ գրաքննութիւն կը հաստատեն մամուլին վրայ: Ազատ մամուլը բռնապետներուն մեծագոյն թշնամին է…
Մամուլի ուժէն օգտուելու համար աշխուժացաւ դրամագլուխը` capital-ը: Դրամատէրեր հրատարակութիւններ գնեցին կամ ստեղծեցին, իրենց թերթ-պարբերաթերթերով ողողեցին հրապարակը, տէր դարձան ռատիօ-հեռատեսիլի կայաններու: Անկարելի եղաւ դրամագլուխին դէմ մրցիլ, եւ հանրային կարծիք մշակող մտաւորական լրագրողներ դարձան դրամատէրերու պաշտօնեայ եւ ենթակայ` անոնց հաշիւներուն, շահերուն…
Այսօր մամուլի ազդեցութիւնը մեծ համեմատութիւններու հասած է, բայց անկէ օգտուողը դրամագլուխն է, դրամատէրերն են: Այդ ուժով է, որ ի գործ կը դրուի դիմագիծ ձեւաւորելու image maker հնարքը, որուն շնորհիւ ոեւէ քաղաքագէտ վեր կը բարձրացուի, կ՛ազնուացուի, ժողովուրդին սիրելին-նախընտրելին կը դառնայ, կամ կը մրոտուի, վար կը զարնուի: Ներկայիս քաղաքական ղեկավարներ շատ աւելի հլու-հնազանդ են մամուլին, որ կը նշանակէ՝ դրամագլուխին: Որով կարելի է ըսել, թէ` իրականին մէջ հիմա շա՜տ աւելին է մամուլը, քան` «4-րդ իշխանութիւն» ըսուածը:
Պէտք է ըսել եւ ընդգծել, որ հայկական մամուլը եւ մանաւանդ դաշնակցական մամուլը սկիզբէն, առաջին օրէն մինչեւ այսօր եղա՛ծ է եւ է՛ գաղափարի ծառայող, քաղաքական նպատակ հետապնդող, ազգի շահը պաշտպանող գործօն, որովհետեւ անոր տէրը դրամագլուխը չէ եղած երբեք, այլ եղած է կուսակցութիւնը: Աւելի՛ն. ան երբե՛ք ոչ միայն շահաբեր չէ եղած, այլեւ անոր բացը գոցելու, պիւտճէն հաւասարակշռելու համար կուսակցութեան պատասխանատու ժողովները յատուկ պիւտճէներ կը քուէարկեն` իրենց մամուլին անխափան հրատարակութիւնը ապահովելու համար:
Հպանցիկ ակնարկ` դաշնակցական մամուլին կարեւոր դերին մասին
Թուրք տիրապետութեան դէմ ասդին-անդին կռուող խումբերը միացնելու եւ «Դաշնակցութիւն» հիմնադրելու թէ՛ գաղափարը եւ թէ՛ կազմակերպութիւնը ծնունդ առաւ Թիֆլիսի մէջ, 1890-ին, ինչ որ ինքնին բարոյական մեծ նշանակութիւն ունի այն իմաստով, որ յեղափոխական մտաւորականներ, որոնք յարաբերաբար աւելի հանգիստ պայմաններու մէջ կ՛ապրէին, կուսակցութիւն կը հիմնէին, կեանքերնին կը վտանգէին ոչ թէ իրենց հաշուոյն, այլեւ` թրքական տիրապետութեան տակ տառապող հայութեան սիրոյն: Ասիկա աւելի վերջ սքանչելի կերպով պիտի բանաձեւուէր Քրիստափորի յեղափոխաշունչ խօսքով, թէ` «Պատռել է հարկաւոր աւազակապետներու գծած սահմաններով քարտէսները, որոնք աշխարհագրականօրէն մեզ իրարմէ կը բաժնեն…»:
Դաշնակցութեան հիմնադիրները իրենց յեղափոխական նպատակները տարածելու, ժողովրդականացնելու, հայութեան յեղափոխական ոգի ներարկելու համար այդ օրերուն եւ հետագայ տարիներուն պիտի դիմէին ազդու երկու միջոցներու` մամուլին եւ կենդանի գործին: Անոնք կը հաւատային, որ խօսքը, գաղափարը անարժէք են` առանց կենդանի գործի: Որով, կուսակցութիւնը հազիւ կազմաւորուած, արդէն հիմնադրուեցաւ «Դրօշակ» անունով պաշտօնաթերթը 1890-91-ին, Թիֆլիսի մէջ, ուր լոյս տեսաւ երկու թիւ` մայիսին եւ սեպտեմբերին: 3-րդ թիւը Ռումանիա, 1892-ին, որմէ ետք Ժընեւ, մինչեւ 1914` Ա Համաշխարհային պատերազմի սկիզբը: Այս ժամանակաշրջանին «Դրօշակ»-ի շուրջ կազմուեցաւ նաեւ ՀՅԴ արեւմտեան Բիւրօ, 1898-ին, եւ որոշ ժամանակաշրջանի համար կուսակցութիւնը ունեցաւ երկու բիւրոներ: Հոն պարբերաբար հրատարակուեցաւ նաեւ ֆրանսերէն «Փրօ Արմենիա» անունով թերթ` օտարներ լուսաբանելու համար հայութեան պահանջներուն ու պայքարին մասին: Տասնմէկ տարուան դադարէ ետք «Դրօշակ»-ը վերահրատարակուեցաւ Փարիզ, 1925-1933: Նորէն դադրեցաւ: 1969-1985 Պէյրութ, 1986-1999 Աթէնք, ապա` Երեւան: Ներկայիս կը հրատարակուի տպագիր եւ ելեկտրոնային ձեւերով: Խմբագիրներ եղած են` Քրիստափոր, Ռոստոմ, Յոնան Դաւթեան, Մ. Վարանդեան, Ս. Վրացեան, Ա. Ջամալեան, Բաբգէն Փափազեան, Սարգիս Զէյթլեան, Նազարէթ Պէրպէրեան, Գէորգ Խուդինեան եւ ուրիշներ…
Պատկերացուցէ՛ք: Առաջին տարիներուն եւ երկար ժամանակ դրամ չկար, նեցուկ չկար, քաջալերանք չկար, ընդունելութիւն չկար: Ընդհակառա՛կը, հարուստ հայերը, նաեւ` ոչ արհամարհելի թիւով եկեղեցականներ, որոնք ազդեցութիւն ունէին ժողովրդային խաւերուն վրայ, դէմ էին յեղափոխութեան գաղափարին, ուր մնաց, որ կողմ ըլլային յեղափոխական գործին: Այնպէս որ, դաշնակցական մամուլը ապրեցաւ ու գործեց մտաւորական գործիչներու զոհաբերութեան ու ամբողջական նուիրումին շնորհիւ: Այս աւանդութիւնը կը շարունակուի մինչեւ հիմա, անշուշտ` բարելաւումով, քանի հայ կեանքն ալ բարելաւուած է: Կ՛արժէ ըսել սակայն, որ ներկայիս ալ դաշնակցական մամուլի ծառայողները կը ստանան սովորական վարձատրութիւն, իսկ մտաւորական յօդուածագիրները չեն վճարուիր: Թերեւս բացառութիւններ ըլլան, բայց ընդհանրապէս կը գրեն անվճար:
Հակառակ դրամական միջոցներու չգոյութեան ու դաժան պայմաններուն` դաշնակցական մամուլի ցանցը արագօրէն ու յամառութեամբ տարածուեցաւ: Գրեթէ ամէն վայր, ուր դաշնակցական գործիչներ կային, ունեցաւ իր մամուլը: Կ՛ենթադրեմ, որ անթերի ու ամբողջական ցանկ չկայ: Գոնէ ես չեմ գիտեր: Բայց պարզ գաղափար մը տալու համար նշեմ դաշնակցական ցանցին պատկանող կարգ մը թերթերու անուններ.
«Հորիզոն»` Թիֆլիս, 1906, հիմա` Մոնրէալ:
Նշանաւոր եղաւ «Ազատամարտ»-ը` Պոլիս, 1909-10-էն մինչեւ 24 ապրիլ 1915, ապա հրատարակուեցաւ «Արդարամարտ» անունով եւ յաջորդաբար` «Արիամարտ»: Հետագային «Ազատամարտ»-ը հրատարակուեցաւ Փարիզ, ապա Հայաստանի վերանկախացումով` Երեւան: Ներկայիս` դադրած:
«Նոր Օր»` 1923-1940, ապա «Ազատ Օր»` 1945-էն ցայսօր, Աթէնք:
«Ազդակ»` Կ. Պոլիս, ապա» 1927-էն` Պէյրութ: Երկար տարիներէ ի վեր Պէյրութի մէջ կը գործէ նաեւ ՀՅԴ-ի պատկանող ձայնասփիւռ:
«Ալիք» Թիֆիս` 1906, ապա` Էրզրում, հետագային եւ ցայժմ` Թեհրան, «Յառաջ»` Պոլիս, ապա` Փարիզ «Աշխատանք»` Թիֆլիս, 1910-1915 տարիներուն` Վան, ապա` Զմիւռնիա, «Հայաստանի Աշխատաւոր»` Երեւանի մէջ (1919-20) «Ապառաժ»` Արցախ, «Վէմ»` գիտական-գաղափարաբանական պարբերաթերթ, Փարիզ, հիմա` Երեւան, նշանաւոր եղած է «Հայրենիք» ամսագիրը, Պոսթըն, (դադրած), «Հայրենիք» օրաթերթ` Պոսթըն, ներկայիս` շաբաթաթերթ, «Ասպարէզ»` նախ Ֆրեզնօ, հիմա` Լոս Անճելըս, աւելի քան մէկ դարէ ի վեր, «Արմենիա» օրաթերթ` Արժանթին, հիմա` շաբաթաթերթ, «Յուսաբեր»` Եգիպտոս, «Արեւելք»` Սուրիա (դադրած), «Երկիր»` Երեւան, հիմա` «Երկիր Մետիա», նաեւ` հեռատեսիլ: Եւ, շա՜տ ուրիշներ…
Ի՞նչ եղաւ դաշնակցական մամուլին դերը
Ընդհանրապէս հայկական եւ յատկապէս դաշնակցական մամուլին դերը հնարաւոր ծաւալով ու տարողութեամբ կշռել կարենալու համար անհրաժեշտ է նախ մտաբերել, թէ անիկա ինչպիսի՞ միջավայրի մէջ կոչուած էր գործելու:
Բագրատունեաց թագաւորութեան կործանումէն (1045) մինչեւ 1918 թուականը Հայաստան չկարողացաւ վերականգնել իր պետականութիւնը եւ դարձաւ պատերազմներու թատերաբեմ` ներխուժող տարբեր ազգերու միջեւ, որոնք բաժան-բաժան ընելով մեր հայրենիքը` երկա՜ր դարեր (873 տարի) տիրեցին անոր վրայ. արաբներ, բիւզանդացիներ, սելճուքներ, մոնկոլ-թաթարներ, թուրքեր, պարսիկներ, ռուսեր…
Հայրենաբնակ հայ հասարակութիւնը երկար դարեր օտարներէ տիրապետուած ըլլալով` կորսնցուցած էր իր ազգային գիտակցութիւնը, ազատ ապրելու կամքը եւ դարձած` ստրկամիտ: Ընտելացած էր ան տիրապետող ազգերու արժեհամակարգին, նոյնիսկ` որդեգրած զայն: Միայն եկեղեցին մնացած էր համախմբումի վայր, եւ իբրեւ այդպիսին` մեծ ու նախախնամական եղաւ անոր դերը հայ կեանքի մէջ: Բայց եկեղեցականներէն եւ հայոց ունեւոր դասէն քիչ չէին անոնք, որոնք կամայ-ակամայ դարձած էին գործակից` կեղեքող օտար տիրողներուն:
Ահա այն դաժան միջավայրը, որուն մէջ կոչուած էր գործելու դաշնակցական մամուլը` հոն տարածելու համար յեղափոխական շունչ, յեղափոխական գաղափարներ ու ոգի:
1.- Դաշնակցական մամուլին առաջին մեծ ու շնորհապարտ գործը եղաւ համախմբել, քով-քովի բերել հայ մտաւորականները եւ անոնց մտքի թռիչքին տեղ բանալ: Ատկէ ետք հայ կեանքի մէջ ամէն փոփոխութիւն, ամէն յաջողութիւն կարելի է վերագրել այս մեծ իրագործումին: Այդ մտաւորականները այնքան շատ եղան, որ Ակնունին հռետորական իր ոճով առիթով մը պոռթկաց, որ սա մտաւորականներու համախմբում չէ, այլ ազգն իսկ է…
2.- Պայքար եկեղեցականութեան, նոյնիսկ` կրօնի դէմ, որպէսզի արմատախիլ ըլլայ տիրացուի հոգեբանութիւնը, տիրապետէ ազատ մտածողութիւնը, իրաւունքի գիտակցութիւնը, սեփական ճակատագրի տէր ըլլալու կամքը, եւ ոչ թէ ամէն ինչ վերագրել Աստուծոյ կամքին, Աստուծոյ տնօրինումին, կեղեքողներու դէմ սպասել Աստուծոյ պատիժին եւ այլն…
3.- Ուրեմն դաշնակցական մամուլն ու կենդանի գործը հոգեփոխեցին հայութիւնը, պայքարի ոգի ներշնչեցին, ապագայի տեսիլք տուին անոր, որոնք ի վերջոյ յանգեցան Սարդարապատին, մայիս 28-ի անկախութեան, ազգային պետականութեան:
5.- Ճիշդ է, որ օրաթերթ ըսուածը ամէն օր կը ծնի եւ ծնած օրն իսկ կը մեռնի: Բայց պահ մը մտածեցէ՛ք, որ գոնէ մինչեւ 1970-ական թուականները, երբ գիրերը քով-քովի կը շարուէին, որքան աչքի եւ մտածումի լոյս ու քրտինք թափուած են դժուար պայմաններու տակ, որպէսզի մտածումի լոյս տան հայ մարդոց եւ ազատութեան կամք ներշնչեն անոնց:
6.- Դաշնակցական մամուլը շա՜տ շատերու համար դպրոց եղաւ: Մեր նշանաւոր գրագէտներն ու բանաստեղծները հասունցած են դաշնակցական մամուլի մէջ:
7.- Իրողութիւն է, որ յատկապէս երիտասարդ ու միջին տարիքի մարդիկ ընդհանրապէս թերթ չեն կարդար ներկայիս: Անոնց համար ամէն ինչի մասին իրազեկուելու աղբիւրը բջիջայինն է` «սելիւլեր»: Հաստատելով հանդերձ, որ կարդացողներ շատ չեն մնացած, դաշնակցական մարմիններ նիւթական ներդրումներ ընելով` կը յամառին թերթ հրատարակել, որպէսզի հայկական տունը ամէն օր հայ գիր տեսնէ եւ մեր «անկատար տենչեր»-ը յիշէ…
Կ՛ապրինք դարու մը մէջ, երբ արհեստագիտութեան գլխապտոյտ պատճառող գիւտերը յեղափոխած են ինչպէս այլ, նաե՛ւ հաղորդակցութեանց բնագաւառը` միաժամանակ տկարացնելով
ընդհանրապէս լրատուական դաշտի ամէնէն ազդու նկատուած ձայնասփիւռի, նոյնիսկ հեռատեսիլի միջոցները եւ ամբողջութեամբ լուսանցքի անցուցած` «դասական»-ը, այսինքն` տպագիր մամուլը:
Եզրակացութիւն
1) Այսօր, համաշխարհային մակարդակի վրայ մամուլը, այսինքն լրատուական դաշտը իր բոլոր դրսեւորումներով` տպագիր, ձայնասփիւռի, հեռատեսիլի թէ կայքէջի ձեւերուն մէջ, կը գտնուի դրամագլուխին ձեռքը եւ կը ծառայէ անոր շահերուն: Դաշնակցական մամուլը, շատ աւելի շեշտուած` յատկապէս սկզբնական տարիներուն, յենած էր մտաւորական գործիչներու զոհաբերութեան եւ ամբողջական նուիրումին վրայ: Ներկայի հայ կեանքի բարելաւ օրերուն իսկ, որքան որ հնարաւոր է, մամուլի աշխատաւոր գործիչներէն կը պահանջուի շարունակել «նուիրուածութեան» աւանդութիւնը: Անոնք կը ստանան սովորական վարձատրութիւն, իսկ յօդուածագիր մտաւորականներ չեն վարձատրուիր…
2) Կարելի է անվարան արձանագրել, որ գլխաւորաբար դաշնակցական մամուլին եւ Դաշնակցութեան կենդանի գործին շնորհիւ էր, որ թրքական ու ռուսական կայսրութեանց տիրապետութեան տակ տառապող ու ստրկամիտ դարձած հայ ժողովուրդի երկու հատուածները հիմնովին հոգեփոխուին: Դաշնակցութեան գրաւոր խօսքն ու քարոզչութիւնը եւ կենդանի գործը հայութեան ներարկեցին ազգային գիտակցութիւն, իրաւունքի համար պայքարելու կամք ու ազատագրումի ոգի: Այդ ոգին էր, որ վեհապետեց Սարդարապատի մէջ ու մեզ տէր դարձուց մայիս 28-ի անկախութեան ու ազգային պետականութեան:
3) Ցեղասպանութենէն ետք զանազան երկիրներու մէջ անճար ու շուար գաղթական հայ մարդոց ԿՈՂՄՆԱՑՈՅՑԸ հիմնականօրէն դաշնակցական մամուլը եղաւ եւ զանոնք փրկեց գնչուի պէս ապրելու ճակատագրէն: Անոնց ներարկեց` վերապրումի վճռակամութիւն, քաղաքական կամք, կազմակերպական ոգի, ապագայի տեսիլք եւ զանոնք միաւորեց մէկ ու նոյն նպատակով, որ ՀԱՅ ԴԱՏՆ է: Նոյնպէս եւ առաւելաբար դաշնակցական մամուլին եւ Դաշնակցութեան կենդանի գործին կը պարտինք, որ այսօր ունինք կազմակերպ հայօճախներ` հայագաղութներ այն երկիրներու մէջ, ուր հայեր կան:
4) Յատկապէս սփիւռքի մէջ հայ իրականութեան ներկայի սուր պահանջները բաւարարելու ի վիճակի չէ հայկական, նաեւ դաշնակցական մամուլը: Կ՛ապրինք արհեստագիտական դարուն մէջ, ուր լրատուական դաշտին վրայ միահեծան կ՛իշխեն ընկերային ցանցերը, եւ ուր յայտնի չէ, թէ ո՛վ է բարեկամը եւ ո՛վ` թշնամին… Անոր դիմաց հոգեվարքի մէջ են տպագիրն ու ձայնասփիւռը: Կ՛ենթադրեմ, որ հեռու չէ այն ժամանակը, երբ հոգեվարքի պիտի մատնուի նաեւ հեռատեսիլը: Ուրեմն, ինչպէս հիմա, նաեւ վաղը գերիշխողը պիտի մնան ընկերային ցանցերը, ուր ՄԵԾ ԲԱՑԱԿԱՆ ենք մենք… Պիտի կրնա՞նք ստեղծել հայկական մետիա, թէ՞ ոչ: Երիտասարդնե՛ր, ատիկա ձեզմէ, ձեր սերունդէն կախում ունի…
ԼՈՆՏՈՆ․- Յունիս 13-ին, Հ․Յ․Դ․ «Դարբինեան» կոմիտէին նախաձեռնութեամբ տեղի ունեցաւ ձեռնարկ` նուիրուած Հայաստանի Հանրապետութեան հռչակման 101-ամեակին, որուն ներկայ եղան նաեւ Հ․Յ․Դ․ Բիւրոյի ներկայացուցիչ Յակոբ Տէր Խաչատուրեան եւ անդամ Յովսէփ Տէր Գէորգեան (Ֆրանսա):
Րաֆֆի ՔիլեանՍթեֆըն Փաունտ
Բացման խօսքին մէջ Հ․Յ․Դ․ Լոնտոնի կոմիտէի անդամ Րաֆֆի Քիլեան, շնորհակալութիւն յայտնելով հրաւիրեալներուն, անդրադարձաւ Հայաստանի Հանրապետութեան հռչակման պատմական քայլի կարեւորութեան, ապա բեմ հրաւիրեց Անգլիոյ Աշխատաւորական կուսակցութեան անդամ Սթեֆըն Փաունտը: Վերջինս դրուատանքով խօսեցաւ հայ-անգլիական խորհրդարանական սերտ յարաբերութիւններուն, Լոնտոնի հայ գաղութին եւ յատկապէս Հայ Դատի յանձնախումբին հետ համագործակցութեան մասին, աշխատանքներ, որոնք զինք մղած են ըլլալու հայ ժողովուրդի կողքին` ներդնելով բոլոր կարելիութիւնները:
Խօսելով գործընկեր Հ․Յ․Դաշնակցութեան մասին` Փաունտ շնորհաւորեց Յակոբ Տէր Խաչատուրեանը Բիւրոյի ներկայացուցիչի պաշտօնը ստանձնելուն առիթով եւ հաստատեց, որ Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան կերտումը չէր կրնար իրականութիւն դառնալ առանց զոհողութիւններու, որոնց ակունքներուն կանգնած էր եւ կը ղեկավարէր Հ․Յ․ Դաշնակցութիւնը: Փաունտ պատմեց նաեւ, թէ Դաշնակցութիւնը ինչպէ՛ս դիմաւորեց զինք Արցախի մէջ, ապա հիացմունքով խօսեցաւ հայկական երկրորդ հանրապետութեան մէջ Հ․Յ․Դ․-ի կատարած աշխատանքներուն մասին:
Յակոբ Տէր Խաչատուրեան իր շնորհակալական խօսքէն ետք անդրադարձաւ 28 Մայիս 1918-ին Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան հռչակման բոլոր նուիրեալներուն եւ յատկապէս հայ ժողովուրդին կամքը ներկայացնող Արամ Մանուկեանի կերպարին, որ ճակատագրական պահուն կրցաւ յորդորել, համախմբել բոլորը եւ վերջնական յաղթանակ ապահովել հայ ժողովուրդին:
Անդրադառնալով Հայ Դատի աշխատանքներուն եւ Դաշնակցութեան կողմէ Հայաստանի եւ սփիւռքի մէջ իրագործուած ու իրագործուող նախաձեռնութիւններուն` Յակոբ Տէր Խաչատուրեան նշեց, որ անոնք, այսօրուան անմիջական հրամայականներէն անկախ, պէտք է դառնան յենասիւն, վերակազմակերպուած սփիւռք, որ իր հայապահպանութեան աշխատանքներուն իբրեւ լրացուցիչ ազդակ, ամբողջութեամբ պէտք է ծառայեցուի Հայաստանի հզօրացման եւ Ղարաբաղի անկախութեան ճանաչման վերջնանպատակին:
Յակոբ Տէր ԽաչատուրեանԱրամ Արարատեան
Իր ելոյթին մէջ Յակոբ Տէր Խաչատուրեան նկատել տուաւ նաեւ, որ պատմութիւնը ժամանակի ընթացքին սկսած է իր արժանի գնահատականը տալ մայիս 28-ը կերտած փաղանգին, որուն ապացոյցը եղաւ այս տարի Սարդարապատի յուշահամալիրին մէջ Արամ Մանուկեանին նուիրուած յուշակոթողի բացումն ու յուշակոթողի պատին մէջ Արարատի գագաթէն, Վանէն, Շուշիէն բերուած հողին եւ Արամ Մանուկեանի գերեզմանէն առնուած մասունքներուն ամփոփումը:
Ձեռնարկի աւարտին Բրիտանիոյ մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպանութեան ներկայացուցիչ Արամ Արարատեանը ներկաներուն ուղղեց դեսպանութեան խօսքը: Ան, շնորհաւորելով հայ ժողովուրդի պատմական ճակատագիրը խարսխող Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան 101-ամեակը, հաստատեց, որ այսօր Հայաստանի Հանրապետութիւն ունենալու համար մենք ամբողջութեամբ պարտական ենք Սարդարապատի, Բաշ Ապարանի եւ Ղարաքիլիսէի ճակատամարտերուն մարտնչած սերունդին եւ այդ սերունդին կամքը ներկայացնող Արամ Մանուկեանին:
Արամ Արարատեանը անդրադարձաւ նաեւ իշխանափոխութենէն ետք Հայաստանի Հանրապետութեան մէջ արձանագրուած ձեռքբերումներուն, ինչպէս նաեւ ընկերային եւ տնտեսական կեանքի հեռանկարներուն:
Աւարտին, փակման խօսքով հանդէս եկաւ Բրիտանիոյ եւ Հիւսիսային Իրլանտայի հոգեւոր առաջնորդ Յովակիմ եպս. Մանուկեանը: Ան շնորհաւորեց եւ դրուատանքի խօսք արտասանեց Հայաստանի Հանրապետութեան անկախութեան հռչակման 101-ամեակին առիթով եւ շնորհակալութիւն յայտնեց ներկաներուն ու ձեռնարկի կազմակերպիչ Հ․Յ․Դ․ Լոնտոնի շրջանի կոմիտէութեան:
Բրիտանիոյ եւ Հիւսիսային Իրլանտայի հոգեւոր առաջնորդ Յովակիմ եպս. Մանուկեան
ՄԻՔԱՅԷԼ ՀԱՃԵԱՆ
Առաջին իսկ հայեացքից այս տպաւորութիւնն է թողնում Ատրպէյճանի իշխանութիւնների ջղային արձագանգն Արցախում այս օրերին անցկացուող ֆութպոլի Եւրոպայի առաջնութեանը, որ իրականացնում է Անկախ ֆութպոլային ֆետերասիոնների քոնֆետերասիոնը` ՔՈՆԻՖԱՆ: Կարծես թէ Արցախի մարզադաշտերում խփուող անխտիր բոլոր կոլերն էլ խոցում են ոչ թէ մրցակից ֆութպոլային խմբերի մարզական, այլ բացառապէս Ատրպէյճանի քաղաքական դարպասները: Մոռանալով կամ պարզապէս անտեսելով, որ ֆութպոլն ընդամէնը զանգուածային մարզական խաղ է` հեռու քաղաքական կրքերից եւ ունակ ժողովուրդներին համախմբելու եւ միաւորելու ազգամիջեան համերաշխութեան ու համընդհանուր խաղաղութեան գաղափարի շուրջ, Պաքուն Արցախում անցկացուող առաջնութիւնն ընկալում է որպէս ոտնձգութիւն Ատրպէյճանի, այսպէս կոչուած, «տարածքային ամբողջականութեան» նկատմամբ: Ոչ այլ կերպ, քան հէնց այդպէս կարելի է բնութագրել այդ հանրապետութեան արտաքին գործերի նախարարութեան մամլոյ խօսնակ Լէյլա Ապտուլլայեւայի, ասել է թէ` նրա ներկայացրած արտաքին քաղաքական գերատեսչութեան բացասական վերաբերմունքն Արցախում անցկացուող առաջնութեան նկատմամբ: Ահա մի յատկանշական պատառիկ` նրա խօսքից, որ ասել է ի պատասխան լրագրողական հարցման. «Խաղերը, որոնք Ատրպէյճանի բռնագրաւուած տարածքներում անցկացնում է, այսպէս կոչուած, «քոնֆետերասիոնը», որը չի ճանաչւում որեւէ պաշտօնական ֆութպոլային կազմակերպութեան կողմից եւ իր շարքերում համախմբում է ոչ օրինական կառոյցների, այլ բան չեն, քան` ֆութպոլի փարոտիա»:
Կարելի է, ի հարկէ, հասկանալ Լէյլա խանումին, ով, հնարաւոր է, կեանքում երբեք ոտքով գնդակ չի խփել կեանքում, ուստի եւ չի էլ պատկերացնում, որ ֆութպոլը, կրկնում եմ, ոչ այլ ինչ է, քան` ընդամէնը մարզական խաղ, եւ որը դեռ մանկուց անչափ հաճելի զբաղմունք է աշխարհի շա՜տ ու շա՛տ մարդկանց համար` անկախ նրանց կեցութեան երկրից, նոյնիսկ անկախ նրանից` միջազգայնօրէն ճանաչուա՞ծ, թէ՞ չճանաչուած երկրներում են ապրում այդ մարդիկ: Ի վերջոյ, յուսանք, եթէ ոչ ինքը, ապա իր երկու դեռահաս զաւակները սեփական բակում լինի, թէ որտեղ, այնուամենայնիւ, երեւի նոյնպէս սիրում են ֆութպոլ խաղալ` ամենեւին չմտածելով անգամ, թէ ի՛նչ դարպասի են կոլ խփում` մարզակա՞ն, թէ՞ քաղաքական, ազրպէյճանակա՞ն, թէ՞ արցախեան, ճանաչուա՞ծ, թէ՞ չճանաչուած երկրի: Ի՞նչ կարեւոր է: Խաղ է, եւ վե՛րջ: Մինչդեռ ահա մարզական կեանքից, յամենայն դէպս, ֆութպոլային խաղից հեռու պալզաքեան տարիքի այդ խանումը եւ իր հետ միասին` նրա հայրենի արտաքին գործերի նախարարութիւնը թիւրիմացաբար կարծում են, թէ ֆութպոլ խաղում են ոչ թէ մարզական, այլ միմիայն քաղաքական դաշտում, եւ Արցախի մարզադաշտերում այս օրերին խփուող բոլոր կոլերի միակ թիրախն Ատրպէյճանի քաղաքական դարպասն է: Բացայայտ զաւեշտ է: Իրօք: Ոչ այլ բան:
Ի լրումն նշեմ նաեւ, որ դա Արցախում անցկացուող մարզական խոշոր միջոցառմանը խոչընդոտելու Պաքուի միակ փորձը չէր: Ինչպէս առաջնութեան բացմանը նուիրուած մամլոյ ասուլիսին յայտնել է ՔՈՆԻՖԱ-ի գլխաւոր քարտուղար Սաշա Տիւրքոփը` «Ատրպէյճանի դեսպանատունը Պերլինում կապուել էր մեզ հետ եւ խնդրել` չեղեալ յայտարարել առաջնութիւնը: Մենք պատրաստ էինք նրանց հետ հանդիպման, սակայն նրանք որեւէ խօսակցութիւն ունենալ մեզ հետ չէին ցանկանում: Խոչընդոտներ, ի հարկէ, կային, սակայն նրանց չյաջողուեց առաջնութեանը խանգարել: Մեր փիլիսոփայութիւնն այն է, որ քաղաքականութիւնը երբեք պէտք չէ մարդկանց դուրս թողնի մարմնամարզից: Մեր կարեւորագոյն ուղերձն է, որ առաջնութիւնը ոչ մի քաղաքական տողատակ չպարունակի: Մենք հաւատում ենք ազգերի ինքնորոշմանը եւ ամէն ինչ անելու ենք, որպէսզի մարդիկ ծածանեն այն դրօշը, որն ուզում են»:
Պարզւում է` Ատրպէյճանի միայն արտաքին քաղաքական գերատեսչութիւնում ու նրա արտասահմանեան դիւանագիտական ներկայացուցչութիւններում չէ, որ չեն հասկանում ֆութպոլի իրական, այսինքն` սոսկ մարզական նշանակութիւնը: Լէյլա Ապտուլլաեւի խօսքից յայտնի է դառնում, որ ֆութպոլ չեն սիրում նաեւ Արցախի, կամ, ինչպէս Լէյլա Ապտուլլայեւան է ներկայացնում, «Լեռնային Ղարաբաղի տարածաշրջանի ազրպէյճանական համայնքում», որը բողոք է յայտնել Արցախում անցկացուող եւրոպական առաջնութեան կապակցութեամբ: Է՛հ, եղա՞ւ բա: Ե՛ւ իբր թէ ուզում են վերադառնալ ֆութպոլային խաղի աւանդոյթներով հարուստ Արցախ, որտեղից տասնամեակներ առաջ հեռացել են սեփական կամքով (յամենայն դէպս արցախցի ոչ մի հայ նրանց էշին «չու» չի ասել), ե՛ւ իրականում ֆութպոլ չեն սիրում: Հնարաւոր է` անգամ ատում են ֆութպոլը: Այդպէս չլինէր, երբ Լեռնային Ղարաբաղի քաղաքացիներ էին, հայերի հետ մէկտեղ նոյնպէս մաս կը կազմէին արցախեան ֆութպոլին: Պարտադիր չէ` մարզի հաւաքականի կազմում, գոնէ բակային կամ թաղային խմբերի մակարդակով:
Ասենք, բուն Պաքւում էլ` Ատրպէյճանի մայրաքաղաքում, ֆութպոլ մարզական խաղն այնքան էլ յարգի չէր ատրպէյճանցիների շրջանում: Այդպէս լինէր` Ատրպէյճանի «Նեւթեանիկ» կամ, ինչպէս յետոյ անուանափոխեցին` «Նեւթչի» խումբը երեւի թէ համալրուած չէր լինի հիմնականում հայ, ռուս, ուքրանացի, թաթար եւ այլազգի ֆութպոլիստներով` Մարգարով, Անդրէասեան, Միրզոյեան, Պանիշեւսքի, Թուայեւ եւ այլն, որոնք էլ իրենց վարպետ խաղով քանի՜ քանի՛ անգամ ապահովել են խմբի յաղթանակները սեփական կամ օտար մարզադաշտերում: Բայց ահա, երբ հայ ֆութպոլիստները ատրպէյճանական մարզաշխարհում առաջացած անհանդուրժողական մթնոլորտի պատճառով ստիպուած եղան հեռանալ Պաքուից` տեղափոխուելով Երեւանի «Արարատ» եւ այլ խմբեր, Ատրպէյճանի, այսպէս ասած, ֆութպոլային սայլը մէկէն սկսեց ճռռալ` ապարդիւն տեղապտոյտներ տալով պարբերական պարտութիւնների ճահճում: Ի դէպ, որպէս ականատես, կարող եմ վկայել. հէնց այդ ժամանակ` անցեալ դարի 60-ականների վերջերին ու 70-ականների սկզբներին էր, որ Ատրպէյճանում, առանձնապէս` Պաքւում, մէկէն ուժգնացաւ հայատեացութեան շեփորականչը, թէկուզ մինչ այդ էլ այդ նախկին խորհրդային հանրապետութեան մայրաքաղաքը, մեղմ ասած, չէր առանձնանում հայասիրութեամբ: Լաւագոյն դէպքում ասում էին` «Լաւ մարդ ես, շատ լաւ մասնագէտ, ափսոս միայն, որ հայ ես»: Ահա այդպէս` օրը ցերեկով, ուղիղ երեսին: Հէնց այդ մօտեցմամբ էլ գիտութեան, արտադրութեան եւ միւս այլ ոլորտներում մինչ այդ աչքի ընկած հայ մասնագէտները մէկ առ մէկ ազատւում էին զբաղեցրած պաշտօններից` լաւագոյն դէպքում նշանակուելով ատրպէյճանցի ղեկավարի տեղակալի կամ գլխաւոր ճարտարագէտի եւ կամ շարքային գիտաշխատողի պաշտօնների, գրեթէ կայծակնային արագութեամբ փակւում էին հայկական դպրոցները, լուծարուեց պետական մանկավարժական հիմնարկի հայկական բաժանմունքն իր երկու-երեք ճիւղերով, եւ հայկական շունչը հետզհետէ սկսեց մարել հայակերտ Պաքւում, Ատրպէյճանի միւս քաղաքներում: Եւ հայ բնակիչները, չդիմանալով յարաճուն հայատեացութեանն ու իրաւազրկութեանը, մանաւանդ նրանք, որոնք սկսել էին յստակ գիտակցել, որ անձամբ իրենց ու իրենց զաւակների համար անհեռանկար ու անիմաստ է մնալն Ատրպէյճանում, սկսեցին տեղափոխուել Հայաստան եւ կամ խորհրդային այլ հանրապետութիւններ: Այո՛, Ատրպէյճանում հայատեացութեան խթան դարձած Հայտար Ալիեւի միահեծան կառավարման օրօք էր դա: Ի հարկէ նրա որդին` Իլհամ Ալիեւը նոյնպէս պակաս միահեծան կառավարիչ ու հայատեաց չէ, բայց այն տարբերութեամբ, որ եթէ նրա հայրը, այսպէս ասած, բամպակի թելով էր խեղդում հայերին, այսինքն խեղդում էր առանց սուր ֆիզիքական ցաւ պատճառելու, ապա որդին բացառապէս անխնայ ֆիզիքական ոչնչացման է կոչում իր հպատակներին` հրթիռա-հրետանային կայանքների եւ այլ արդիական ու գերարդիական զինատեսակների կիրառմամբ, որոնք Ատրպէյճանին կա՛մ ժառանգութիւն են մնացել փլուզուած Խորհրդային Միութիւնից եւ կա՛մ հետագայում ձեռք են բերուել միլիառաւոր նաւթատոլարների ծախսմամբ:
Բայց ես կարծես թէ հեռացայ խնդրոյ առարկայ նիւթից: Ուստի վերադառնամ: Եւ այսպէս, Արցախում յունիսի 1-ին մեկնարկել է Անկախ ֆութպոլային ֆետերասիոնների քոնֆետերասիոնի` ՔՈՆԻՖԱ-ի եւրոպական առաջնութիւնը, որն առաջ է բերել մեր հանդէպ մշտապէս չարակամ ու թշնամական հարեւանի` Ատրպէյճանի խոր վրդովմունքը, եթէ չասեմ` ցասումը: Թէ ինչ միջազգային կառոյց է ՔՈՆԻՖԱ-ն եւ ինչ մարդասիրական գաղափարների ու նպատակների է հետամուտ, մենք` հայերս, այստեղ` Արցախում լինի, մայր Հայաստանում, թէ սփիւռքում, քաջ գիտենք ու, բնականաբար, ողջունում ենք: Բայց ահա նրանք, որոնք Արցախի սահմանից արեւելք ընկած տարածքներում, այսինքն` Ատրպէյճանում, ակնդէտ հետեւում են այդ միջազգային մարզական միջոցառմանը եւ ատամ կրճտացնում մեր դէմ, ըստ երեւոյթին, իրենց մթնժոռած կամ թանձր խաւարով պատած ուղեղները, ինչո՞ւ չէ,` նաեւ մեր բարիդրացիական օգնութեամբ լուսաւորելու, առանձնապէս անընդհատ կրճտոցից մաշուող հետզհետէ մաշուող, փչացող ատամները, աւելի ճիշդ` ժանիքները փրկելու կարիք ունեն: Այնպէս որ, հիմնականում հէնց նրանց եմ ուղղում ստորեւ ներկայացուող տեղեկատուութիւնը, լաւ իմանալով, որ այնտեղ` սահմանից անդին, համակ ուշադիր հետեւում են մեր անցուդարձին ու լրատուական հոսքին: Ասել է թէ` խօսքս հաստատապէս տեղ կը հասնի: Մնացածն իրենց գործն է` կ՛ուզեն կը նախանձեն, կ՛ուզեն, ինչքան կարող են, թող զազրախօսեն: Ուրախանալու մասին, բնականաբար, խօսք անգամ չի կարող լինել` Ատրպէյճանն այն ընկալունակ հարեւանը չէ:
Ուրեմն ասեմ. ՔՈՆԻՖԱ-ն ֆութպոլի միջազգային միութիւնների ֆետերասիոնի, յապաւմամբ ասած` ՖԻՖԱ-ի կազմ չմտնող ֆութպոլի, ֆուտզալի եւ լողափնեայ ֆութպոլի միութիւնների միջազգային կառավարող մարմին է: Հիմնադրուել է 2013 թուականին: Շահոյթ չհետապնդող համաշխարհային հասարակական կազմակերպութիւն է, որն աջակցում է ազգերի, փաստացի անկախ պետութիւնների, մարզերի, փոքրամասնութիւնների եւ մեկուսացած տարածքների մարզիկներին` դրսեւորելու իրենց կարողութիւնները, զարգանալու որպէս մարզիկներ եւ անհատներ: Քոնֆետերասիոնը նաեւ ֆութպոլի, մշակոյթի եւ ընկերութեան արժէքների միջոցով ազգերի ու մեկուսացուած տարածքների միջեւ կամուրջներ կառուցելու, ցեղապաշտութեան վերացման ու արդար մրցակցութեան տարածման, աշխարհում խաղաղութեան հաստատման նպատակ է հետապնդում: Կազմակերպութիւնն այսօր ներառում է 54 ֆետերասիոն եւ, համապատասխանաբար, 54 հաւաքական խմբեր եւ, փաստօրէն, ներկայացնում է 6 մայրցամաքներում ապրող աւելի քան 370 միլիոն մարդու: ՔՈՆԻՖԱ-ի առաջին գաւաթը խաղարկուել է 2014 թուականի յունիսի 1-ից մինչեւ 8-ը` շուէտական Էսթերսունտէ քաղաքում, իսկ երկրորդ գաւաթի խաղարկութիւնը կայացել է 2016 թուականի մայիսի 28-ից մինչեւ յունիսի 5-ը` Աբխազիայում: Արցախի ֆութպոլի հաւաքականը ՔՈՆԻՖԱ-ին անդամակցում է դեռ 2013-ից եւ յաջողութեամբ մասնակցել է նախորդ առաջնութիւններին: Որդեգրելով քոնֆետերասիոնի` գնդակի շուրջ տարբեր ազգութիւններին եւ ժողովուրդներին միաւորելու գաղափարախօսութիւնը, Ստեփանակերտը 2019 թուականի առաջնութիւնն Արցախում կազմակերպելու պատրաստակամութիւն է յայտնել: Պետական նախարար, առաջնութեան կազմկոմիտէի նախագահ Գրիգորի Մարտիրոսեանի տեղեկատուութեամբ, Արցախը ՔՈՆԻՖԱ-ի կազմկոմիտէ համապատասխան յայտ ներկայացրել էր անցեալ տարի: Նրա խօսքով. «Այդ ժամանակ մենք առաջնորդուել ենք այն կարգախօսով, որ Արցախն ամբողջ աշխարհին ներկայանում է որպէս մարզական, երիտասարդ, խաղաղ, զարգացող եւ ապագային միտուած երկիր: Ուրախ ենք, որ ընտրուել ենք որպէս կազմակերպիչ: Մեր նպատակները արտացոլուել են նաեւ առաջնութեան կարգախօսում` «Բաց դռներ, ամուր դարպաս», որը խօսում է արցախեան հիւրընկալութեան եւ ամուր դարպասների մասին»: Իսկ այս տարուայ յունուարի 27-ին Քրաքովում ՔՈՆԻՖԱ-ի ամէնամեայ ընդհանուր ժողովի շրջանակներում տեղի է ունեցել 2019-ի Եւրոպայի ֆութպոլի առաջնութեան վիճակահանութիւնը: Ըստ դրա արդիւնքների, խմբերը մրցելու են 4 խմբակներում: Ցաւօք, յայտ ներկայացրած ոչ բոլոր խմբերը կարողացան մասնակցել առաջնութեանը, եւ վերջնական ներկայացել է 8 խումբ` Աբխազիայի, Արցախի, Արեւմտեան Հայաստանի, Հարաւային Օսեթիայի, Չամերիայի, Սափմիի, Սեքէյի Լանտի, Փատանիայի հաւաքականները:
Արցախի պատմութեան մէջ ամենազանգուածային մարզական միջոցառման նախապատրաստական աշխատանքները մեկնարկել են դեռեւս մէկ տարի առաջ` երկիրն աշխարհին ներկայացնելու ընձեռուած հնարաւորութիւնը լաւագոյնս օգտագործելու համար: Ի պատիւ Արցախի իշխանութիւնների հարկ է նշել, որ ՔՈՆԻՖԱ-ի պահանջներին համապատասխանեցնելու համար հսկայական շինարարական աշխատանքներ են կատարուել` կապուած, առաջին հերթին, Ստեփանակերտի, Ասկերանի, Մարտակերտի եւ Մարտունու մարզադաշտերի հիմնանորոգման ու բարեկարգման հետ, որոնք արդէն կազմ ու պատրաստ հիւրընկալում են մրցակից խմբերին եւ որտեղ ընթանում են ֆութպոլային խաղերը: Զգալի աշխատանք է կատարուել նաեւ ժամանած խմբերի անդամների եւ ֆութպոլասէրների կեցութեան, սննդի, տեղաշարժի ապահովման, հիւրանոցային տնտեսութեան զարգացման, սպասարկման ոլորտի բարելաւման, տեղեկատուութեան կազմակերպման եւ յարակից այլ խնդիրների լուծման ուղղութեամբ: Ընդ որում` այդ ամէնն իրականացուել է ինչպէս պետական պիւտճէից կատարուած յատկացումների, նոյնպէս եւ բարերարների, առանձնապէս, ամերիկահայ գործարար Ալպերթ Պոյաճեանի զգալի նուիրատուութեան հաշուին: Յունիսի 1-ից մինչեւ 9-ը նախատեսուած մարզական միջոցառումը պատշաճ կազմակերպելու նպատակով նախաձեռնուել է կամաւորների հաւաք, որին արձագանգել է շուրջ 200 երիտասարդ` ինչպէս Արցախից, այնպէս էլ Հայաստանից եւ սփիւռքից: Ֆութպոլիստներին եւ նրանց երկրպագուներին, ընդհանուր առմամբ` 10 հազար մարդու, հիւրընկալելու համար ամրագրուել են Արցախում գործող գրեթէ բոլոր հիւրանոցներն ու պանդոկները: Բացի այդ` նաեւ գործարկուել է «Հիւրընկալ ընտանիք» ծրագիրը, որի շրջանակներում աւելի քան 200 ընտանիք արձագանգել եւ պատրաստակամութիւն է յայտնել իր յարկի տակ ընդունելու ժամանած հիւրերին: Այդ օրերին Արցախ այցելող զբօսաշրջիկների եւ ֆութպոլի երկրպագուների առօրեան յագեցած կազմակերպելու նպատակով իրականացւում են մի շարք մշակութային ծրագրեր ինչպէս Ստեփանակերտում, այնպէս էլ շրջաններում, ընդհանուր առմամբ` աւելի քան 50 մշակութային միջոցառումներ: Առաջնութիւնը լուսաբանելու համար հաւատարմագրուել է 100-ից աւելի լրատուամիջոց, որոնցից կէսը օտարերկրեայ է:
Առաջնութեան հանդիսաւոր բացումը, ինչպէս նախատեսուած էր, կայացել է Ստեփանակերտի Շահումեանի անուան մարզադաշտում, որը ծայրեծայր լեփլեցուն էր մարզասէրներով: Ինչպէս բացման արարողութեանն իր ունեցած ելոյթում նշել է նախագահ Բակօ Սահակեանը. «Մարմնամարզը, յատկապէս ֆութպոլը, այն բացառիկ բնագաւառներից է, որը պէտք է միաւորի ժողովուրդներին եւ մարդկանց, ամրապնդի նրանց միջեւ բարեկամութիւն եւ փոխադարձ յարգանք, նպաստի կապերի հաստատմանը: Մարմնամարզը, չի ճանաչում սահմաններ եւ սահմանափակումներ, խտրականութիւն եւ երկակի չափանիշներ: Այն խաղաղութեան խորհրդանիշ է, որտեղ պայքարն արդար է, եւ յաղթում է նա, ով լաւ է պատրաստուած»:
Աշխարհի պետութիւններին, այդ թւում` տարածաշրջանի երկրներին, առանձնապէս Ատրպէյճանին հասցէագրուած տողատակի ուղերձ էր պարունակում նաեւ ՔՈՆԻՖԱ-ի նախագահ Փեր Անտրես-Պլինտի խօսքը բացման արարողութեանը. «Այսօր Եւրոպայի մայրաքաղաքը Ստեփանակերտն է: ՔՈՆԻՖԱ-ի ուղենիշ սկզբունքներից է ֆութպոլ խաղալու ազատութիւնը, այն հարթակ է, որ իւրայատուկ պատուհան է բացում դէպի մեծ աշխարհ: Այս հարթակը մեզ հնարաւորութիւն է ընձեռում ցոյց տալու աշխարհին մեր ժողովրդի, մշակոյթի, մեր ազգային ինքնութեան եւ մեր ժառանգութեան մեծութիւնն ու գեղեցկութիւնը: Մենք ներկայացնում ենք տարբեր երկրներ, որոնք ժառանգել են տարբեր մշակոյթներ, անցել պատմական տարբեր ուղիներ, այդուհանդերձ, այս առաջնութիւնը մեզ համախմբել է մէկ յարկի տակ` որպէս իւրայատուկ դեսպաններ հանդէս գալու եւ աշխարհին ներկայացնելու մեր ժողովրդներին, ցոյց տալու, որ, անկախ բոլոր հանգամանքներից, անկախ մեր ծագումից, մենք կարող ենք ստեղծել կենսատեւ բարեկամութիւն եւ կարող ենք սերմանել փոխադարձ յարգանք: ՔՈՆԻՖԱ-ն ձգտում է հասնել խաղաղութեան, լինել աւելի հանդուրժող, աւելի բարեհաճ աշխարհի հանդէպ»:
Շարունակելով գործընկերոջ արտայայտած միտքը` «Ֆութպոլային անկախ ընկերակցութիւնների Եւրոպայի քոնֆետերասիոն»-ի նախագահ Ալպերթօ Ռիքիոն իր հերթին ասել է. «Մենք բոլորս հաւաքուել ենք այստեղ կարեւորելու, արժեւորելու մարմնամարզի եւ, մասնաւորապէս, ֆութպոլի դերը մեր կեանքում: Մարմնամարզը օգնում է մարդկանց` հասնել նոր բարձունքների: Մարմնամարզը կարեւոր շարժիչ ուժ է հանդիսանում ընկերային հասարակութեան բոլոր խաւերի ներգրաւածութեան համար»:
Ըստ իմ դիտարկման, եւս մէկ ուշագրաւ հանգամանք: Լրագրողական հարցմանն Ատրպէյճանի արտաքին գործերի նախարարութեան մամլոյ խօսնակի պատասխանը Պաքուի մինվալ.ազ իշխանամէտ լրատուական գործակալութիւնն իր կայքում տեղադրել է կէսգիշերից փոքր-ինչ անց, աւելի ստոյգ` ժամը 24:05-ին, այսինքն` առաջնութեան հանդիսաւոր բացման արարողութեան աւարտից եւ մարզական հրավառութիւնից հազիւ մէկ ժամ անց: Դժուար չէ ենթադրել` Պաքւում նոյնպէս օգտուել են արբանեակային հեռարձակման թեքնիք հնարաւորութիւնից եւ ուղիղ կապով, արցախցու ասած, ծերից ծեր յաւէսով դիտել են Ստեփանակերտից հեռարձակուած Անկախ ֆութպոլային ֆետերասիոնների քոնֆետերասիոնի` ՔՈՆԻՖԱ-ի հովանու ներքոյ Արցախում մեկնարկած ֆութպոլային առաջնութեան հանդիսաւոր բացման ամբողջ արարողութիւնը: Անշուշտ, միայն ողջունել կարելի է մեր հարեւանների վերջին մի քանի տասնամեակում այդ երեւի թէ միակ ողջամիտ պահուածքը: Ինչ իմանաս, հնարաւոր է եւ ի վերջոյ խելքի գան:
Հայերէնով գիրքեր լոյս կը տեսնեն, հակառակ տիրող յոռետեսութեան: Կը գրեն հայերէնով, կը գրեն նոյնիսկ անոնք որոնք կը տիրապետեն օտար լեզուներու: Բայց հայերէնով արտայայտուելու միտումը ազնիւ ըլլալով հանդերձ, մեզ կը դնէ շատերու կողմէ լուրջ չհամարուող խնդիրներու առջեւ: Այդ հայերէնի մաքրութեան հանդէպ խստապահանջութիւնն է, որպէսզի մեր յաճախ թութակաբար կրկնուող ոսկեղնիկը արեւելեան պազարի լեզու չըլլայ:
Արմենակ Եղիայեան անվարան վեր կ’առնէ լեզուական, շարահիւսական, քերականական եւ այլ շեղումներ, որոնցմէ զերծ չեն սփիւռքի մէջ դեռ յամառօրէն հայերէն գրողները: Կը դժգոհի, որ զինք չեն լսեր: Պատճառը շատ պարզ է. բոլորս ալ կը գտնուինք մեզ շրջապատող օտար լեզուի (լեզուներու) ազդեցութեան տակ, եւ անգիտակցաբար կապկումներ եւ իւրացումներ կ’ընենք: Նաեւ, պէտք չէ մոռնալ, որ գրողը երբ կ’ուզէ սրբագրել իր գրածը, դժուար կը տեսնէ իր սխալները, քանի որ կը հետեւի միտքին, ոչ բառերուն:
Փոխանակ բանտարկուելու քննադատութեան եւ լեզուի աղարտման ողբին մէջ, մտածենք, թէ ի՞նչ կարելի է ընել, որպէսզի գրուած լեզուն պահէ իր մաքրութիւնը, քայլ մըն ալ անդին երթալով, նաեւ խօսուած ընթացիկ լեզուն պաշտպանուի: Այս ճիգը հողմաղացներու դէմ Տոն Քիշոթի կռիւ չէ, այլ ազգի ինքնութեան եւ հարազատութեան պաշտպանութիւն, պարզ հայերէնով՝ ազգային իրաւ քաղաքականութիւն, այսօրուան եւ վաղուան համար:
Եթէ այս տեսանկիւնէ դիտենք հայերէնով լոյս տեսնող էջերը,- գիրքեր, յօդուածներ,- եւ վեր առնենք անոնց մէջ տեղ գտած մեծ կամ փոքր այլանդակութիւնները, բարոյախօսողներ պիտի ըսեն թէ սխալ կ’ընենք, որ ընդհակառակն՝ պէտք է քաջալերել հայերէն գրողները, եւ ճիշդ կ’ըսեն: Բայց ինչպէ՞ս հաշտեցնել հայերէն գրելու քաջալերանքը նոյն այդ հայերէնի պաշտպանութեան հետ, թերթ, գիրք եւ ինչո՞ւ ոչ՝ բեմ (ճառախօս եւ թատրոն):
Այնպէս պարտադրած է մեր պատմութիւնը, որ ունենանք երկու աշխարհաբար գրական լեզու, առաւել՝ անոնցմէ մին ալ ունենայ երկու տարբեր ուղղագրութիւն: Պիտի ապրինք, խօսինք եւ գրենք ընդունելով այս կացութիւնը, առանց մեր անգիտութիւնը կանոնի վերածելու (այսպէս ալ կ’ըլլայ, այնպէս ալ կ’ըլլայ, ասիկա թատրոնի լեզու է, լեզուն կը յառաջդիմէ), եւ շարունակելու աղաւաղումները:
Չխորհինք, որ ֆրանսացի, անգլիացի, գերմանացի կամ արաբ լրագրողները եւ գրողները անսխալ կը գրեն: Այդ լեզուներով գրուած էջերուն մէջ լեզուական սխալները հազուադէպ են, քանի որ ֆրանսական թերթերը եւ հրատարակչատուները սրբագրողներ ունին (լեզուի եւ ուղղագրութեան): Ֆրանսացի գրողի գործը երբ կ’ընդունուի հրատարակիչին կողմէ, կը խմբագրուի, կը սրբագրուի:
Բայց նախ գրողը եւ լրագրողը իրենք բծախնդիր պէտք է ըլլան: Նուաստացում չէ աշխատանքի սեղանին վրայ բառարան ունենալ, դիմել անոր, նայիլ իմաստին եւ ուղղագրութեան: Ապա, թերթը եւ հրատարակիչը բարոյապէս իրենք զիրենք պարտաւոր պէտք է համարեն իրենց հրատարակած թերթի եւ գիրքի որակին, ոչ միայն կողքին, այլ նաեւ եւ մանաւանդ՝ լեզուին:
Ֆրանսական թերթի սրբագրիչի մը հետ երբ կը զրուցէի, ինծի բացատրեց որ իր աշխատանքը մասնագիտական է, կը պահանջէ հմտութիւն եւ վարժութիւն: Այսպէս, բացատրեց, որ սրբագրողը իր ընթերցում-աշխատանքը գրութեան առաջին տողէն չի սկսիր, այլ վերջին բառէն եւ վեր կ’ելլէ, իմաստի ազդեցութենէն զերծ մնալու եւ գրուած բառը տեսնելու համար, պատկեր եւ տող չի տեսներ:
Խօսքս կ’ուզեմ մասնաւորել արեւմտահայերէնի եւ սփիւռքի հրատարակութիւններուն:
Գնահատելի է, որ երիտասարդներ եւ նուազ երիտասարդներ, նոյնիսկ անոնք որոնք հայերէնի տիրապետելու առիթը չեն ունեցած, հայերէն կը գրեն թերթով եւ գիրքով: Այս դրական ճիգը պատճառ չէ, որ ամէն գրուած այդպէս տպուի, թուղթի վրայ, տեսնուի համացանցի վրայ: Ըսի՝ բառարան պէտք է օգտագործել, բայց թերթերը եւ հրատարակիչները պէտք է որ սրբագրեն գրուած էջը տպելէ առաջ գրութիւնը, այդ էջը գրուած ըլլայ հանգամանաւոր անձի, վարդապետի, հոգեւոր հովիւի թէ տաղանդաւոր երիտասարդի կողմէ: Այս ընելով կը պաշտպանուի լեզուի անաղարտ պահպանումը, գրողի եւ լրագրողի էջը կ’ունենայ յաւելեալ որակ:
Գրուած էջը, թերթ թէ գիրք, համացանց, նպարավաճառի կրպակ չէ, ուր կարելի ըլլայ ամէն բան լեցնել: Նուազ ինքնահաւան ըլլալ, աւելորդ չհամարել մեր գրած էջի սրբագրութիւնը: Քիչ մը յարգանք մեր լեզուին եւ մեր արժանապատուութեան հանդէպ, օգտակար կ’ըլլայ անհատին, հաւաքականութեան եւ մեր տոկալու ու տեւելու ճիգերուն:
Այս մասին կրկին մտածեցի վերջին օրերուն, երբ աղմուկով եւ ծափով դիմաւորուած արեւմտահայերէնով գրուած երեք գիրքեր կարդացի: Եթէ ցանկը կազմենք եւ մամուլով արտայայտուինք անոնց ուղղագրական, լեզուական, հոլովական եւ այլ սխալներու եւ թերիներու մասին, ճշդելով գիրքի եւ հեղինակի անունը, պիտի ըսուի որ կը ստորագնահատենք ճիգերը, որ բացասական վերաբերում ունինք, անհանդուրժող ենք:
Այս իսկ պատճառով, թերթերը եւ հրատարակիչները կոչ պէտք է ընեն բանիմաց սրբագրողներու, նախընտրաբար ոչ սիրայօժար եւ ոչ սիրողական: Ընթերցող, հանդիսատես եւ գրողներ իրենք կը շահին: Մանաւանդ կը շահին սերունդը եւ հայ լեզուն:
Այս կ’ըլլայ ապագայակերտ քայլ: Նաեւ նպաստ՝ մեր գրաւոր ժառանգութեան:
Վերջին շաբաթներուն, Ուաշինկթընի գլխաւորած Արեւմուտքին եւ Իրանի միջեւ հակաճառութիւնն ու լարումը արագօրէն կը սաստկանայ, մէկ կողմէ՝ բանաւոր արտայայտութեանց ու միւս կողմէ՝ զինեալ միջադէպերու հետեւանքով։ Հորմուզի նեղուցին մօտակայքը նաւարկող քարիւղատարներ զինեալ յարձակումի ենթարկուեցան, Արեւմուտքի ամբաստանութիւնները միաբերան թիրախ ընտրեցին Իրանը, որ մերժեց ընդունիլ նման վերագրում, տուաւ հիմնաւորեալ պատճառներ։ Արեւմտեան բազմաձայն երգչախումբը հիմա նոր դրդապատճառ մըն ալ գտած է. Իրան յայտարարեց, որ իւրանիւմի հարստացման իր ծրագիրներուն կարեւոր մէկ հանգրուանին համար, ճշդած է նոր պայմանաժամ մը՝ 27 Յունիսը։
Տագնապը ունի բաւական երկար անցեալ. նորագոյն փուլը բացուեցաւ այն օրը, երբ Միացեալ Նահանգներու նախագահը որոշեց ետ քաշուիլ նախորդին օրով Իրանի հետ գոյացած համաձայնագիրէն, որուն մասնակից էին նաեւ Ուաշինկթընի դաշնակիցները։ Իրան առաջին օրէն ալ բացայայտ դարձուց, որ կ՛ուզէ պահպանել այդ համաձայնութիւնը, պատերազմ չի ցանկար, սակայն Թրամփի վարչակարգը յայտնապէս վճռած է վերիվայր շրջել նախորդին օրով ձեւ առած ընթացքներ, ըլլա՛յ ներքին-ամերիկեան բեմին, ըլլա՛յ արտաքին յարաբերութեանց գետիններու վրայ։ Եւրոպացիք մինչեւ այսօր ալ կը փորձեն մնալ այն գիծին մէջ, որ պիտի կանխարգիլէ Իրանի կորիզային ուժ մը դառնալը, հակառակ Թեհրանի այն պնդումներուն, որ իր կորիզային ծրագիրները անպայման զինական վախճանակէտ չեն հետապնդեր։ Բնականաբար անդին կան նաեւ Չինաստանն ու Ռուսիան, առանց անտեսելու Ճափոնը, որուն վարչապետը Իրանի նախագահին հետ բանակցութեան նստած էր ծանօթ յարձակումին օրը։ (Կարելի է ենթադրել, որ Իրան կա՛մ տխմար մըն է, որ այդ հանդիպումին օրը յարձակում գործեց ճափոնցիներուն հետ կապ ունեցող քարիւղատարի մը վրայ, կամ ալ այնքան վարպետ է, որ յարձակումը կատարած է այնպիսի օր մը, երբ ամէնէն քիչ կասկածելին կրնայ ըլլալ։ Սակայն սա ոստիկանական ժապաւէնի մը պատմութիւնը չէ)։
Եւ ահա, ամերիկեան ու եւրոպական զանգուածային լրատու միջոցները միաբերան յարձակման անցած են Իրանի վրայ, մէկը կը փորձէ միւսը գերազանցել՝ նախատեսելու համար, թէ Իրանի վրայ յարձակումը ե՞րբ տեղի պիտի ունենայ։ Եւ զանգուածային մամուլը իր ազդեցութեան մէջ բռնած է ամբողջ աշխարհը, գոնէ… Իրանէն այս կամ այն շահը հետապնդող երկիրներու զանգուածները։
Եթէ պահ մը «շունչ քաշենք» եւ վերաքաղը ընենք մօտիկ եւ քիչ մը հեռաւոր անցեալի նմանակներուն, պիտի տեսնենք, որ հին բեմագրութիւնն է որ կը կրկնուի նոր բեմագիրներու կողմէ։ Աւելի քան 15 տարի առաջ, Իրաքն էր թիրախը. «Իրաք հարստացուած իւրանիւմ ձեռք բերած է, որեւէ պահու կրնայ սնկաձեւ ամպ մը բարձրանալ Նիւ Եորքի կամ այլ քաղաքի մը վերեւ» ու նմանօրինակ քարոզչութեամբ, նաեւ 9 Սեպտեմբերի պատմական դէպքը օգտագործելով, կազմակերպուեցաւ ու գործադրութեան դրուեցաւ Իրաքի վրայ յարձակումը։ Արդիւնքն ու հետեւանքները այսօր ոչ ոքի համար գաղտնիք են։ Փաստուեցաւ ու կրկին անգամ ապացուցուեցաւ, որ Իրաքին կատարուած վերագրումները հիմ չունէին, այնպէս՝ ինչպէս ապացուցուած է, որ Քուէյթի տագնապն ալ շինծու բաժիններ ունէր ու Իրաքի վրայ առաջին յարձակումն ալ ստապատիր պատճառաբանութիւններով կատարուած էր, հիմնական նպատակ ունենալով առաւելագոյնս շահագործել այդ երկրին քարիւղի հարստութիւնները։ Քարիւղով հարուստ Իրաքը այսօր կիսասնակն վիճակի մատնուած է…։ Իսկ Իրաքէն ետք, «Արաբական Գարունն» ալ շուտով ցոյց տուաւ իր իսկական նպատակները, բազմաթիւ երկիրներ քար ու քանդ եղան, միլիոնաւոր մարդիկ ջարդուեցան, գաղթական դարձան եւ… Եմէնի տագնապը կը շարունակուի նոր ողբերգութիւններով։
Իրան-Միացեալ Նահանգներ ճակատում մը ի վերջոյ անխուսափելի պիտի ըլլա՞յ։ «Ոչ» ըսողներուն գրաւը բաւականաչափ հիմք ունի, մանաւանդ նկատի ունենալով հաւանական հետեւանքներուն տարածքն ու ահագնութիւնը (մենք՝ հայերս ալ ամէն պատճառ ունինք յուսալու, որ ճակատում տեղի չունենայ Հայաստանի անմիջական դրացնութեան մէջ)։ Իսկ թէ երեւցող բեմին ետին՝ իսկական շահեր հետապնդողները ի վերջոյ ո՞ւր կրնան հասցնել այս զարգացումները, յառաջիկայ օրերը ցոյց կու տան։ Ի վերջոյ, պէտք չէ մոռնալ, որ դեռ հազիւ 2-3 ամիս առաջ, նոյն դերակատարները Վենեզուելլան հասցուցին քաղաքացիական պատերազմի մը եւ ամերիկեան միջամտութեան մը սեմին, եւ այդ օրերուն, ամերիկացի «հանճարեղ» քաղաքական մարդիկ ու խորհրդականներ յայտարարեցին, թէ նախընտրելի է որ այդ երկրին քարիւղի հարստութիւնները շահարկուին ամերիկեան ընկերութիւններու կողմէ։ Այսօր, Վենեզուելլայի մասին բարձրաձայն չի խօսուիր այլեւս, որովհետեւ, ի միջի այլոց, ռուսական զինուորական ներկայութիւն մը ստեղծուեցաւ այդ երկիրն մէջ, իսկ նախագահ Մատուրոյի հակառակորդները յայտնապէս թելադրանք ստացած են պահ մը քաշուելու բեմէն, մինչեւ… յաջորդ արարին պատրաստութիւնը։ Այլապէս, միջնարարներ վերապահուած են Հոնկ Քոնկի, Սուտանի եւ քանի մը այլ անկայուն գօտիներու…
Պատերազմի թմբկահարներուն, նաեւ երեւցող ու քողարկուած մրցակցութիւններ վարողներուն համար արդեօք իմաստ ունի՞ այն, որ հին ու նոր աշխարհներուն մէջ, պատերազմները լուծում չեն բերած, այլ աւելի՛ բարդացուցած են տագնապները։ Սակայն մասնակի շահերը նման բարի նպատակներով չեն առաջնորդուիր։ Թող Աստուած շատցնէ… բեմագիրներուն գործը։
Հայաստանի մամուլը, տպագիր թէ հեռատեսիլային, անդադար կը սփռէ տեղեկութիւններ ոճիրներու, պատահարներու, կուսակցութիւններու, դատերու, ցոյցերու, ամբաստանութիւններու, մրցակցութիւններու, փոխադարձ անհատնում քննադատութիւններու, չարաշահումներու մասին: Պարզ. կարծէք երկիրը անհակակշռելի է եւ սովորական է որ ամէն ոք կը փորձէ ինքնիրեն իրաւունքներ տալ, իշխանութիւն ձեռք բերել:
Տասնեակներով կուսակցութիւններ կան, նորեր կը յայտնուին: Լրատուամիջոցները կը յորդին դատաւորի, տնօրէնի եւ այլ պաշտօններէ հրաժարումներու եւ նոր նշանակումներու մասին տեղեկութիւններով: Գումարեցէ՛ք անվերջանալի ճամբորդութիւնները, պաշտօնական անձերու եւ պատուիրակութիւններու ժամանումները, ժողովներու նկարահանումները եւ ճեպազրոյցները:
Կրկնութիւններով՝ օրը քսանչորս ժամ:
Լրատուամիջոցները առատ նիւթ ունին:
Այսինքն Հայաստանի կեանքը կարծէք կը թաւալի այն իւրայատուկ շրջագիծէն ներս միայն՝ ինչ որ կարելի է կոչել վերնախաւ, եւ այդ վերնախաւի աշխարհագրութիւնը Երեւանն է: Նոյնիսկ Աշտարակը կամ Եղվարդը, որոնք Երեւանի դռներուն կը գտնուին, տարբեր աշխարհներ են, անոնց բնակիչներն ալ իրենց աչքերը յառած են Երեւանի վրայ:
Ինչպէս որ էր Ֆրանսայի Վերսայի պալատը, Լուդովիկոս ԺԴ թագաւորի ժամանակ:
Հայաստանի հեռատեսիլէն յայտագիր մը կայ միայն, զոր հաճոյքով կը դիտեմ, որ կը ներկայացնէ գիւղերը եւ գիւղացիները, իրենց կեանքի եւ աշխատանքի վայրին մէջ: Կը զգամ, որ Երեւանէն դուրս երկիր մը կայ որ կը շնչէ, որ Երկիրն է: Լրագրողը իւրաքանչիւր հաղորդման ընթացքին կը կրկնէ՝ «Երկիրը երկիր է»: Արդարեւ այդ է: Այդ «երկիր»ն է ապագայի երաշխիքը, ան է Հայաստանը: Ան կարիք ունի ճանապարհներու, դպրոցական շէնքերու, ոռոգման ջուրի: Այս մարդոց հետաքրքրութիւնը առաւելագոյնը կանգ կ’առնէ մարզպետի եւ քաղաքապետի մակարդակին: Անոնցմէ անդին պատահածը եւ պատահելիքը լուսնին չափ հեռու են իրենցմէ,- նախագահներու, վարչապետի, դատաւորի շանակումներ, արտասահմանէն եկած հիւրեր եւ ընդունելութիւններ եւ դէպի արտասահման վերնախաւի ճամբորդութիւններ:
«Նախկին»ի եւ «նոր»ի փոխադարձ քննադատութիւնները «Երկիրը երկիր է» խօսքի յայտագրին հաղորդավարի զրուցակիցներուն չեն վերաբերիր: Չաւարտող եւ ընդլայնուող, նոր ճակատներ բացող պառակտումները այլմոլորակային են իրենց համար: Այդ պառակտումները ոչ ճանապարհներու շինութեան կը ծառայեն, որպէսզի «Երկիրը երկիր է»ի մարդոց եւ թոշակառուներու առօրեան բարելաւեն, ոչ դպրոցները:
«Վերնախաւ»ը բնաւ մտածա՞ծ է, թէ ի՞նչ կրնայ ընել համեստ քաղաքացին ամսական 25.500դրամով: Պոտրումը, Անթալիան կամ Սոչին պարիկի պատմութիւն են 25.500դրամով ապրողներուն համար: Իսկ Նիցցան եւ Էյֆէլի աշտարակը… մենաշնորհեալներու:
Զարմանալի կրնայ թուիլ թերեւս, եթէ ըսեմ, որ Հայաստանի մէջ դրամ կայ: Կը բաւէ շրջիլ տեսնելու համար բարձրացող շէնքերը, ինչպէս կ’ըսուի «էլիտար» շէնքերը, ընտրանիի յատուկ, շրջող ինքնաշարժներու (աւդոներու) յարաճուն թիւը, խճողուած ճաշարանները, վերջին նորոյթ կաճէթները: Բայց պէտք է տեսնել մադրուշքաները (ցած առաստաղով հանրակառքերը), որոնց ճամբորդները կը թխմուին, եւ դժբախտութիւնը ունին միջահասակ կամ բարձրահասակ ըլլալու, եւ երբ ոտքի մնան, աթոռ չգտնեն, ամէն վայրկեան իրենց գլուխը կրնան վիրաւորել:
Կան նաեւ անմիջապէս փուլ գալու վտանգին ենթակայ բնակարաններ, որոնք անտեսանելի են վերնախաւի բարձունքէն: Մեծ վաճառատուներէն լեցուն եւ ուռած պայուսակներով դուրս եկողներ կան, բայց կայ նաեւ այն զանգուածը որ հացին մէջ խաշած գետնախնձոր (կարտոֆիլ) կը փաթթէ եւ օր կ’անցնէ:
Զբօսաշրջիկները այս բոլորը չեն տեսներ: Իրենց համար «տաքսի»ն աժան է, կեդրոնի սրճարանները եւ ճաշարանները աժան են, ձանձրանալու պատճառ չունին, տեսարժան վայրեր տանող ընկերութիւններ կան, անոնք փուլ գալու վտանգին ենթակայ ընտանիքը ցոյց չեն տար:
25.000 դրամ թոշակ ստացողները հէքիաթային անուններով ճաշարանները եւ խաղատուները պիտի չերթան: Տեսարժան վայրերու այցելու յաճախորդ չեն:
Բայց վերնախաւը, ինչպէս ամէն տեղ ամբոխայնացում-populismeխաղալով յոյս պիտի ծախէ, կը ծախէ, յոյս՝ որուն ինք պէտք չունի, ինք Rubiconի միւս կողմը կը գտնուի, կրնայ նոյնիսկ Ֆրանսայի թագուհիին պէս ըսել, որ եթէ հաց չունին թող կարկանդակ ուտեն, հոս պիտի ըսեն՝ թխուածք:
Վերնախաւը կրնայ պառակտուիլ, ողողել լրատուամիջոցները: 25.000դրամ թոշակ ստացողներու համար այդ պառակտումները կը նմանին թատրոնի: Ճիշդ այնպէս, ինչպէս ֆրանսացի քաղաքական գործիչ մը զանոնք սահմանած էր, bonnets blancs, bonnets blancs, բառակառուցում՝ զոր դժուար է թարգմանել, ըսենք՝ սպիտակ գլխարկաւորները, գլխարկաւոր սպիտակները…
Եթէ քիչ մը Կանտիի դպրոցին հետեւէին վերնախաւի մարդիկ եւ կիներ, պետական եւ ազգային հարստութիւնը չհամարէին սեփական ագարակ, «Երկիրը երկիր է»ի հաղորդման ճանապարհները եւ փոխադրամիջոցները այլ կ’ըլլային, մարդիկ մեծով պզտիկով փուլ գալու վտանգի ենթակայ յարկի տակ չէին ապրեր, եւ օր ու շաբաթ չէին անցներ բաւաւարարուելով լաւաշի մէջ փաթթուած կարթոշկայով (գետնախնձոր):
Վերնախաւի մարդիկ եւ կիներ ինչո՞ւ չեն ընկերանար «Երկիրը Երկիր է» հաղորդաշարի նկարահանողին, ազգային վերաորակաւորման ենթարկուելու համար…
Օրացոյցի դիպուած:
Այսօր 18 յունիս է, տարեդարձը Ֆրանսայի ազատարար զօրավար տը Կոլի հռչակաւոր կոչին՝ դիմադրելու գրաւման բանակներուն, ծանօթ Appel du 18 juin-ը: Ան երբ նախագահ էր եւ երբ շաբաթավերջին հանգստանալու կ’երթար իր գիւղի բնակարանը, պետական-ծառայական մեքենան չէր գործածեր, այսինքն՝ պետական միջոցները չէր չարաշահեր:Երբ պետական ճամբորդութիւն կ’ընէր, կին եւ զաւակ իրեն չէին ընկերանար: Եւ կը մեծնար:
Քաղաքացիական պայմանագիր կուսակցութեան օրերս տեղի ունեցած համագումարում այս ուժի ոչ երկրորդական դէմքերը դարձեալ խօսել էին թշնամիների, իրենց պատերազմ յայտարարածների, այլ խօսքով, հակայեղափոխականների եւ նրանց դաւադրութիւնների մասին: Կասկած չկայ, որ այս թեման եւ անցեալի ուրուականների հետ կռիւը լինելու է վերջիններիս գլխաւոր ասելիքն ու գործողութիւնների մղող մտայնութիւնը` մինչեւ իրենց իշխանութեան աւարտը: Իմ կարծիքով, սակայն, Հայաստանի ներկայ իշխանութեան գլխաւոր թշնամին ժամանակն է: Որ ժամանակն իր դէմ է աշխատելու` Ն. Փաշինեանը հրաշալի հասկանում էր դեռ այն պահին, երբ, սահմանադրական կարգի կոպիտ ոտնահարմամբ, խորհրդարանին պարտադրեց ինքնասպանութիւն եւ երկրին` շուտափոյթ ընտրութիւններ: Իրապէս էլ իշխանափոխութիւնից մօտ մէկ տարի անց ոչ միայն Նիկոլ Փաշինեանը, այլեւ թաքսու վարորդները, տնային տնտեսուհիները եւ նորաթուխ ու ջղագար «սփիւռքահայերն» էին հասկանում, որ եթէ նոյն օրերին ընտրութիւններ տեղի ունենային «թաւշեայ», «ոչ բռնի», «ժողովրդավար» «յեղափոխականները» հաւաքելու էին միանգամայն այլ քանակի ձայն` ամենայն հաւանականութեամբ լինելով առաջին տեղում:
Ի դէպ այդ կացութիւնը, հաւանաբար, կը թելադրէր վերջիններիս որդեգրելու մի փոքր այլ վարքագիծ, մասնաւորապէս չանել հերթական ոտնձգութիւնը սահմանադրական կարգի դէմ` կաթուածահարելով երկրի ողջ դատական համակարգի գործունէութիւնը: Բայց խօսքն այս մասին էլ չէ, այլ այն, որ ամենազօր ժամանակը բացայայտում է նոր իշխանութեան անկարողութիւնը` երկրի քաղաքական, տնտեսական, ընկերային առաջընթացի ապահովման հարցերում:
Խնդիրն այն է սակայն, որ շատ բացասական գործընթացներ հիմնարար, միաժամանակ խորքային բնոյթ ունենալով` առայժմ նուազ տեսանելի են բոլորի, մասնաւորապէս Նիկոլ Փաշինեանին կուռք սարքած զանգուածի մի մասի համար:
Հայաստանի քաղաքական, տնտեսական եւ այլ մարզերի մօտակայ հեռանկարի վրայ մեծ ազդեցութիւն են ունենալու այնպիսի երեւոյթներ, ինչպիսիք են` իշխանութիւնների ապակառուցողական ներհասարակական-ներքաղաքական գործելակերպը, արտաքին քաղաքական (այդ թւում` Արցախի հարցում) յստակ կողմնորոշումների եւ հայեցակարգերի բացակայութիւնը, տնտեսական զարգացման ծրագրերի եւ պատկերացումների չգոյութիւնը, կառավարման համակարգի ձեւախեղումը, երկրում հեղինակապետական կոշտ վարչակարգի հաստատման ճիգը եւ, վերջապէս, երկրի ողջ վարչական ու խորհրդարանական քատրային անձեռնհաս ներուժը:
Աւելի առարկայական լինելու համար փաստենք, որ այս նոյն պատճառներով 2019 թուականին կտրուկ պակասել են արտաքին ու տեղական ներդրումները, խորհրդարանը աշխատում է անհրաժեշտ-հնարաւորի ամենացածր արդիւնաւէտութեամբ, հնարաւոր են դրսից ստացուող ապրանքների շօշափելի թանկացումներ, որոնք էլ կարող են տոմինոյի ազդեցութիւն ունենալ ապրանքների ու ծառայութիւնների թանկացումների առումով, պատճառ դառնալով նաեւ ներքին արտադրանքի թանկացմանը եւ որոշ արտադրութիւնների կաթուածահար լինելուն: Ներքին խմորումներն ու արտաքին յարաբերութիւնների անյստակութիւնը կարող են աւելացնել երկրի նկատմամբ կիրառուող ուղղակի եւ անուղղակի ճնշումներն ու բարդացնեն իրավիճակը արցախեան բնագծում:
Կարծում եմ` ասուածը չափազանցութիւն չի համարուի քանի որ այն, ինչի մասին խօսւում է, արդէն իսկ տեսանելի ծիլեր է տուել: Այնուամենայնիւ, սրանք եթէ հիմնականում խորքային գործընթացներ լինելով` ահազանգի առիթ են երեւոյթների ծալքերը տեսնողների համար, ապա ժողովրդի մի մեծ հատուած դրանց ազդեցութիւնն իր մաշկի վրայ թոյլ է զգում եւ հակուած է դեռ սպասելու գեղեցիկ խոստումների իրագործմանը:
Չի կարելի ասել, որ իշխանութիւնը առկայ վիճակը եւ զարգացումների ընթացքը չի տեսնում, բայց հակամիջոցների չձեռնարկմամբ, նա ոչ թէ հակուած է ինքնասպանութեան, այլ պարզապէս չի տեսնում ելքերը, կամ իր սխալ պատկերացումներով գնում է կեղծ թիրախների ետեւից: Կարելի է ի հարկէ ամէն օր մի քանի աղմկոտ դատավարութիւններ կազմակերպել երկրում, կարելի է անընդհատ խօսել նախկինում կատարուած յանցագործութիւնների մասին, կարելի է օրական տասն անգամ ժողովրդի կենացը խմել եւ հաճոյախօսել նրա հասցէին, բայց ակնյայտ է, որ այլեւս չկայ նախկին ոգեւորութիւնը, այս կամ այն նախկին ու ներկայ պաշտօնեային պատժուած տեսնելու կիրքը, եւ մարդիկ աւելի շատ մտահոգւում են, թէ ի՛նչ է լինելու իրենց ու իրենց երկրի բազում հիմնահարցերի հետ:
Մի օր այս մարդիկ իշխանութեանը հարց են ուղղելու. բաւ չէ՞ յետյեղափոխական բարդութիւններով արդարացնել սեփական անճարակութիւնը, «վեթինկների», հաշուեյարդարների անհրաժեշտութեամբ ֆռռացնել մի ողջ ազգի, երբ, այսպէս կոչուած, յեղափոխութեան հետեւանքում ոչ դասակարգային բախում է եղել, ոչ աւերիչ պատերազմ ու բռնութիւններ, ոչ վարչա-իրաւական համակարգերի ու տնտեսական կացութաձեւերի փլուզում:
Ի հարկէ գլխաւոր մտահոգութիւնը մնում են ժողովուրդն ու երկիրը, որոնք կարող են ճակատագրական կորուստներ ունենալ, քանի դեռ երկրի ղեկը այս ու այն կողմ են թափահարում պատասխանատուութեան զգացումից զուրկ փորձարարները:
Իշխանութիւնը լուրջ քննութեան առջեւ է կանգնած եւ եթէ կարծում է, որ դատական համակարգը ճորտացնելով, այլընտրանքային կարծիքի դէմ ընկերային ցանցերի քերծէներին քսի տալով, կեղտոտ փողեր օրինականացնելով` երկրի իրավիճակը բարելաւելու է, ապա խորհուրդ կը տանք յաճախակի նայել ժամացոյցին. գլխաւոր թշնամին ժամանակն է, որին ո՛չ հնարաւոր է վարկաբեկել, ո՛չ ծեփել պատերին, ոչ դատել եւ ո՛չ էլ շրջափակել ու ընթացքը կասեցնել:
ԵՐԵՒԱՆ․- Յունիս 19-ին, Ազգային ժողովի շէնքին առջեւ տեղի ունեցաւ Հ․Յ․Դ․ Հայաստանի երիտասարդական միութեան «Ահազանգ» նախաձեռնութեան նստացոյցը, որ տեւեց մինչեւ երեկոյեան ուշ ժամեր: «Նստացոյցը պիտի շարունակենք մինչեւ քուէարկութիւն: Բոլոր փաստարկները, տեսակէտները ներկայացուած են բոլոր կարելի եղանակներով, կը մնայ, որ պատգամաւորները, որ կողմ պիտի քուէարկեն այս նախագիծին, հասկնան այս բոլորին հետեւանքները: Անոնք կը ներկայացնեն ամբողջ ժողովուրդը, այլ ոչ թէ միայն մէկ շերտը: Հիմա հասկցանք, որ այդ փորձը ձախողեցաւ: Եթէ պատգամաւորներէն ոեւէ մէկը կը միանայ, նոյնը անոնց կ՛ըսենք: Մեր բոլոր գործողութիւնները կախուած են միւս կողմի գործողութիւններէն», ըսաւ նախաձեռնող խումբին անդամներէն Քրիստինէ Վարդանեանը, որ նաեւ կոչ ուղղեց այս հարցով մտահոգներուն, կազմակերպութիւններուն, որ գործնական քայլերու դիմեն, որովհետեւ հիմա իսկական տեղն ու ժամանակն է պայքարելու եւ թոյլ չտալու, որ Հայաստան ընթանայ սխալ ուղիով: «Կոչ կ՛ուղղենք գալու այստեղ եւ այնպէս ընելու, որ օրէնքի նախագիծը օրէնքի ուժ չստանայ», շեշտեց ան եւ աւելցուց, թէ ունին մէկ ու հիմնական պահանջ` քուէարկութեան ատեն դէմ քուէարկել Հարկային օրէնսգիրքի փոփոխութիւններու նախագիծին` հասկնալով անոր հետեւանքները, նաեւ այն, որ ատիկա ժողովուրդին մեծամասնութեան համար մեծ հարուած է: