Quantcast
Channel: Hairenik Weekly Newspaper
Viewing all 8334 articles
Browse latest View live

ԱԶ­ԳԱ­ՅԻՆ ԺՈ­ՂՈ­ՎԸ ՉԸՆ­ԴՈՒ­ՆԵՑ ԱՐ­ՑԱ­ԽԻ ԱՆ­ԿԱ­ԽՈՒ­ԹԵԱՆ ՃԱ­ՆԱՉ­ՄԱՆ ՕՐԻ­ՆԱ­ԳԻ­ԾԸ

$
0
0

p1 azkayin  ԵՐԵ­ՒԱՆ (“Եռա­գոյն“, “Սի­վիլ­նեթ“,) .- Ար­ցա­խի Ան­կա­խու­թեան Ճա­նաչ­ման Օրի­նա­գի­ծը Ազ­գա­յին ժո­ղո­վին մէջ Նո­յեմ­բեր 13-ին, քու­է­ար­կու­թեան դրուե­ցաւ “Ժա­ռան­գու­թիւն“ խմբակ­ցու­թեան ղե­կա­վար Զա­րու­հի Փոս­տանճ­եա­նի պատ­րաս­տած “Հա­յաս­տա­նի Հան­րա­պե­տու­թեան կող­մէ Ար­ցա­խի Հան­րա­պե­տու­թիւնը ճանչ­նա­լու“ օրէն­քի նա­խա­գի­ծը: Հան­րա­պե­տա­կան խմբակ­ցու­թեան ղե­կա­վար Գա­լուստ Սա­հակ­եա­նը, “Բար­գա­ւաճ Հա­յաս­տան“-ի քար­տու­ղար Նա­յի­րա Զոհ­րապ­եա­նը եւ “Հայ Ազ­գա­յին Քոնկ­րէս“ խմբակ­ցու­թեան ղե­կա­վար Լե­ւոն Զու­րապ­եա­նը յայ­տա­րա­րե­ցին, որ իրենց խմբակ­ցու­թիւն­նե­րը պի­տի չմաս­նակ­ցին քու­է­ար­կու­թեան: Նա­եւ, Գա­լուստ Սա­հակ­եան  նշեց, որ ասի­կա հա­մախմ­բա­կան որո­շում է եւ “Օրի­նաց եր­կիր“ն ալ դէմ պի­տի քու­է­ար­կէ:

Այս­պի­սով, քու­է­ար­կու­թեան մաս­նակ­ցե­ցան 11 պատ­գա­մա­ւոր­ներ, որոնց տա­սը` Հ.Յ.Դաշ­նակ­ցու­թիւնը, “Ժա­ռան­գու­թիւն“ը, Հ.Ա.Կ.-ի պատ­գա­մա­ւոր­ներ` Նի­կոլ Փա­շին­եանն ու Հրանտ Բագ­րատ­եա­նը, ի նպաստ քու­է­ար­կե­ցին: Քու­է­ար­կու­թեան չմաս­նակ­ցե­լու մա­սին յայ­տա­րա­րու­թիւն­ներ ըրին նա­եւ ան­կախ պատ­գա­մա­ւոր­ներ Խա­չա­տուր Քօ­քո­բել­եա­նը եւ Էդ­մոն Մա­րուք­եա­նը: Ալեք­սանդր Ար­զու­ման­եա­նը, թէ­եւ օրի­նագ­ծի քննարկ­ման յայ­տա­րա­րած էր, թէ դէմ է, այ­դու­հան­դերձ յայ­տա­րա­րեց, որ ձեռն­պահ կը քու­է­ար­կէ:


ՅԱ­ՌԱ­ՋԻ­ԿԱՅ ՍԵՊ­ՏԵՄ­ԲԵ­ՐԻՆ ՊԻ­ՏԻ ԲԱՑ­ՈՒԻՆ ՏԻ­ԼԻ­ՃԱ­ՆԻ ՄԻ­ՋԱԶ­ԳԱ­ՅԻՆ ԴՊՐՈ­ՑԻՆ ԴՌՆԵ­ՐԸ

$
0
0

p5 arm Campus_site  ԵՐԵ­ՒԱՆ (“Եռա­գոյն“).- Տի­լի­ճա­նի մէջ, 2011-էն ի վեր կա­ռու­ցուող մի­ջազ­գա­յին դպրո­ցը իր առա­ջին աշա­կերտ­նե­րը պի­տի ըն­դու­նի Սեպ­տեմ­բեր 1, 2014-ին: Այս գծով, նո­րա­կա­ռոյց դպրո­ցի վայ­րին մէջ այս մա­սին լրագ­րող­նե­րուն տե­ղե­կա­ցուց “Թրոյ­քա Տի­ա­լոկ“ ըն­կե­րու­թեան նախ­կին ղե­կա­վար` “Տի­լի­ճան“ մի­ջազ­գա­յին դպրոց նա­խա­գի­ծի հիմ­նա­դիր Ռու­բէն Վար­դան­եա­նը: Ան յայտ­նեց, որ դպրո­ցի կա­ռուց­ման հա­մար ար­դէն իսկ ծախս­ուած է քսան միլի­ոն տո­լար, իսկ դպրո­ցի կա­ռու­ցու­մը աւար­տե­լու հա­մար, ընդ­հա­նուր առ­մամբ, նա­խա­տես­ուած է 180 միլի­ոն տո­լար: p5 arm dilijan“Այս­տեղ սո­վո­րե­լու են տար­բեր ազ­գու­թիւն­նե­րի երե­խա­ներ, որից յե­տոյ նրանք հնա­րա­ւո­րու­թիւն կ՛ու­նե­նան ըն­դուն­ուե­լու համա­շա­խար­հա­յին ճա­նա­չում ու­նե­ցող հա­մալ­սա­րան­ներ: Սա շատ կա­րե­ւոր նա­խա­գիծ էր մեզ հա­մար: …Սա իմ երա­զանքն էր, որ իմ երե­խա­նե­րը գան ու Հա­յաս­տա­նում սո­վո­րեն ու նման հե­ղի­նա­կա­ւոր դպրոց լի­նի նա­եւ այս­տեղ“ , յայտ­նեց Ռու­բէն Վար­դան­եան:p5 arm serj-dilijan

Ան ընդգ­ծեց, որ իր երե­խա­նե­րը Տի­լի­ճա­նի մի­ջազ­գա­յին դպրո­ցին մէջ պի­տի ու­սա­նին միայն այն պա­րա­գա­յին, երբ կա­րե­նան քննու­թիւն­նե­րը յանձ­նել եւ վստա­հու­թիւն յայտ­նեց, որ դպրո­ցը կա­րե­ւոր դեր պի­տի խա­ղայ տա­րա­ծաշր­ջա­նին հա­մար:

Դպրո­ցը ար­դէն մի­ա­ցած է UWC-ի (United World Colleges) Մի­աց­եալ հա­մաշ­խար­հա­յին քո­լէճ­նե­րու ցան­ցին:Նշենք, որ դպրո­ցը իր տե­սա­կով պի­տի փո­խա­րի­նէ ներ­կա­յիս աւագ դպրո­ցին, ուր ու­սա­նող­նե­րուն մօտ եօ­թա­նա­սուն առ­հա­րիւ­րը կրթա­թո­շակ պի­տի ստա­նայ, որ պի­տի գո­յա­նայ դպրո­ցի հիմ­նար­կին փո­խանց­ուած կարգ մը բա­րե­րար­նե­րու գու­մար­նե­րէն: Դպրո­ցին մէջ ու­սա­նե­լու եւ բնա­կե­լու հա­մար տա­րե­կան վճա­րը պի­տի ար­ժէ երե­սուն հա­զար տո­լար` նե­րառ­եալ սնուն­դը:p5 arm n

Տի­լի­ճա­նի մի­ջազ­գա­յին դպրո­ցին մէջ պի­տի դա­սա­ւան­դեն տար­բեր եր­կիր­նե­րէն եկած մաս­նա­գէտ ու­սու­ցիչ­ներ, ինչ­պէս նա­եւ տե­ղա­ցի մաս­նա­գէտ­ներ:

p5 arm Veronika-Zonabend  Ռու­բէն Վար­դան­եան վստա­հե­ցուց, որ ար­դէն իսկ մեծ հե­տաքրք­րու­թիւն ստեղծ­ուած է դպրո­ցի նկատ­մամբ` յատ­կա­պէս Հա­յաս­տա­նի եւ Վրաս­տա­նի մէջ բնա­կող ար­տա­սահ­ման բնա­կող­նե­րու, ինչ­պէս նա­եւ Սփիւռ­քի մեր հայ­րե­նա­կից­նե­րու եւ տե­ղա­ցի հա­յե­րու կող­մէ: Ընդ­հա­նուր առ­մամբ` կրթու­թիւն պի­տի ստա­նան 650 աշա­կերտ­ներ, որոնց թիւը յե­տա­գա­յին կը նա­խա­տես­ուի բազ­մաց­նել` հասց­նե­լով հա­զա­րի:

Քա­նի մը շէն­քե­րէ կազմ­ուած դպրո­ցի շի­նա­րա­րու­թեան վրայ ներ­կա­յիս կը գոր­ծեն մօտ 500 աշ­խա­տա­ւոր, որոնց­մէ հա­րիւ­րը տե­ղա­ցի­ներ են, իսկ մնաց­եալ­նե­րը Հա­յաս­տա­նի տար­բեր քա­ղաք­նե­րու եւ գիւ­ղե­րու բնա­կիչ­ներ: Հ.Հ. նա­խա­գահ Սերժ Սարգս­եան վեր­ջերս, աշ­խա­տան­քա­յին այ­ցով այ­ցե­լեց Տի­լի­ճան` ան­ձամբ հե­տե­ւե­լու, թէ ինչ­պէս կ՛ըն­թա­նան մի­ջազ­գա­յին դպրո­ցի շի­նա­րա­րա­կան աշ­խա­տանք­նե­րը:

Նշենք թէ, անց­եալ ամ­րան կա­տար­ուե­ցաւ ամառ­նա­յին խտաց­ուած ձեռ­նարկ, որուն պա­տաս­խա­նա­տու­նե­րէն էր մի­ջազ­գա­յին դպրո­ցի հիմ­նա­դիր­նե­րէն` Վե­րո­նի­քա Զո­նա­պընտ:

Ա.Մ.Ն. ԱՐԵՒԵԼԵԱՆ ՇՐՋԱՆԻ “ՀԱՄԱԶԳԱՅԻՆ“Ի ԳՐԱԿԱՆ “ՄԻՆԱՍ ԵՒ ԳՈՀԱՐ ԹԷՕԼԷՕԼԵԱՆ“ՄՐՑԱՆԱԿ

$
0
0

hamazkain HAMAZKAYIN Ա.Մ.Ն. Արե­ւել­եան շրջա­նի “Հա­մազ­գա­յին“ը կը տե­ղե­կաց­նէ թէ յա­ջոր­դա­բար երկ­րորդ տա­րին ըլ­լա­լով կազ­մա­կեր­պած է “Մի­նաս եւ Գո­հար Թէ­օ­լէ­օլ­եան“ գրա­կան մրցա­նա­կը, մի­ակ տար­բե­րու­թեամբ, որ այս տա­րի եր­կու մրցա­նակ նկա­տի առն­ուած է, մէ­կը վե­րա­պահ­ուած յա­տուկ հա­յե­րէ­նով գրուած գոր­ծե­րուն, միւսն ալ անգ­լե­րէ­նով լոյս ըն­ծայ­ուած հա­յու­թեան մա­սին գոր­ծե­րու:

Այս մրցա­նա­կին կրնան մաս­նակ­ցիլ Հիւ­սի­սա­յին Ամե­րի­կա­յի մէջ բնա­կող կամ գործող ոե­ւէ անձ, որ ամէն տե­սա­կի գրա­կան գործ (վէպ. նո­րա­վէպ, բա­նաս­տեղ­ծութիւն, թա­տեր­գու­թիւն, եւայլն) պատ­րաս­տած է:

Կա­րե­ւո­րա­գոյն պայ­ման­նե­րէն մէ­կը այն է թէ ներ­կա­յաց­նո­ղը պէտք է, որ ծնուն­դով հա­յոր­դի ըլ­լայ, կամ ալ ներ­կա­յաց­ուած գոր­ծը` հա­յու­թեան հետ կապ պէտք է որ ու­նե­նայ: Իւրաքանչիւր մրցանակակիր պիտի ստանայ $1500:

Դա­տա­կան կազ­մը կը բաղ­կա­նայ հե­տեւ­եալ հինգ անձ­նա­ւո­րու­թիւն­նե­րէն.-

Դոկտ. Սի­մա Աբ­րա­համ­եան (Մոն­րէ­ալ), Դոկտ. Վար­դան Մատ­թէ­ոս­եան (Նիւ Ճըրզի), պրն. Գուր­գէն Ար­զու­ման­եան (Գա­լի­ֆորն­իա), պրն. Եր­ուանդ Քո­չուն­եան (Գալի­ֆորն­իա) եւ փրոֆ. Խա­չիկ Թէ­օ­լէ­օլ­եան (Քա­նե­թի­քէթ):

Մրցա­նա­կա­բաշ­խու­մը տե­ղի պի­տի ու­նե­նայ “Հա­մազ­գա­յին“ի հա­մախմ­բու­մին:  Կա­րե­լի է տպուած գոր­ծը յղել հե­տեւ­եալ հաս­ցէ­ին.- Hamazkayin Tololyan Prize Committee at 80 Bigelow Ave, Watertown, MA 02472, կամ ալ ելեկ-տրա­նա­մա­կի մի­ջո­ցաւ PDF ձե­ւով.-

tololyan-award@hamazkayin-usa.org: Պայ­մա­նա­ժամն է Յունուար 31, 2014:

Նշենք թէ գրա­կան քննա­դատ Մի­նաս Թէ­օ­լէ­օլ­եան տա­րի­ներ շա­րու­նակ եղած է “Հայ­րե­նիք“ի խմբագիր, իսկ իր կո­ղա­կի­ցը` Գո­հար եղած է հա­յե­րէն լեզ­ուի դասա­տու:

Այս մրցա­նա­կը կա­րե­լի եղած է իրա­գոր­ծել, շնոր­հիւ Սան Ֆրան­սիս­քո­յաբ­նակ տէր եւ տի­կին Եդ­ուարդ եւ Վեր­ժին Մսըրլ­եան­նե­րու առա­տա­ձեռ­նու­թեան:

ՓԱ­ՐԻԶ.- ՅԱՐ­ԳԱՆ­ՔԻ ՏՈՒՐՔ` ՀԱՅ ՄԱՐ­ՏԻԿ­ՆԵ­ՐՈՒ ՅԻ­ՇԱ­ՏԱ­ԿԻՆ

$
0
0

fransahay  ՓԱ­ՐԻԶ.- Նո­յեմ­բեր 11-ին, լոյ­սե­րու քա­ղա­քի Փեր Լա­շէզ գե­րեզ­մա­նա­տան մէջ, տե­ղի ու­նե­ցաւ յա­տուկ հա­ւաք մը, ի յի­շա­տակ 1914-1918 թուա­կան­նե­րուն Ֆրան­սա­յի հա­մար զոհ­ուած հայ մար­տիկ­նե­րուն: Ներ­կայ էին Ֆրան­սա­յի կա­ռա­վա­րու­թեան ան­դամ­ներ, Փա­րի­զի քա­ղա­քա­պե­տը, Ֆրան­սա­հայ նախ­կին ռազ­միկ­նե­րու ու մար­տիկ­նե­րու միու­թիւնը եւ տեղ­ւոյն հայ հա­մայ­նքի ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­ներ:  Ըստ փաս­տա­թուղ­թե­րու` Առա­ջին հա­մաշ­խար­հա­յին պա­տե­րազ­մի ըն­թաց­քին, Ֆրան­սա­յի ռազ­մա­դաշ­տե­րուն վրայ զոհ­ուած են եօթ հա­րիւր հա­յոր­դի­ներ:

Այս առ­թիւ, ծա­ղիկ­ներ զե­տեղ­ուե­ցան հայ­կա­կան յու­շար­ձա­նին առ­ջեւ եւ ներ­կա­նե­րը իրենց յար­գան­քի տուր­քը մա­տու­ցե­ցին, այդ թուա­կան­նե­րուն Ֆրան­սա­յի ազա­տագր­ման հա­մար զոհ­ուած հայ  մար­տիկ­նե­րու յի­շա­տա­կին:

ՊՈՍ­ԹԸ­Ն.- ՀԱՅ ՄՇԱ­ԿՈՅ­ԹԻ ՕՐ­ՈՒԱՆ ՏՕ­ՆԱ­ԿԱ­ՏԱ­ՐՈՒ­ԹԻՒՆ ՍԲ. ՍՏԵ­ՓԱ­ՆՈՍ ԱԶ­ԳԱ­ՅԻՆ ՎԱՐ­ԺԱ­ՐԱ­ՆԷՆ ՆԵՐՍ

$
0
0

Gr. 3 students presenting dioramas of Armenian traditions  ՈՒԱ­ԹԸՐ­ԹԱՈՒՆ, Մասս.և Հոկտ. 24, 2013ին, Հայ Մշա­կոյ­թի Օր­ուայ տօ­նա­կա­տա­րու­թեան, խան­դա­վառու­թեամբ իրենց մաս­նակ­ցու­թիւնը բե­րին Սբ. Ստե­փա­նոս Ազ­գա­յին վար­ժա­րա­նի բո­լոր աշա­կերտ­նե­րը:

Այդ օր եր­կու երաժշ­տա­գէ­ներ` Արա Սար­գիս­եան եւ Մար­թին Յա­րու­թիւն­եան, աշակերտ­նե­րուն խօ­սե­ցան Կո­մի­տաս Վար­դա­պե­տի մա­սին: Անոնք դաշ­նա­կի, տու­տու­կի եւ սրին­գի ըն­կե­րակ­ցու­թեամբ ներ­կա­յա­ցու­ցին Կո­մի­տա­սէն քա­նի մը կտոր­ներ, ինչ­պէս “Կա­քա­ւիկ“, “Անձ­րեւ Եկաւ“, “Քե­լէ Քե­լէ“ եւ “Երան­գի“: Հին­գե­րորդ կար­գի աշա­կերտ­նե­րը անգ­լե­րէ­նով եւ հա­յե­րէ­նով, հա­մա­կար­գի­չի գոր­ծա­ծու­թեամբ, ներ­կա­յա­ցու­ցին Մես­րոպ Մաշ­տո­ցը, գրե­րու գիւ­տը եւ մեր ար­ժէ­քա­ւոր մա­գա­ղաթ­նե­րը:Gr. 2 students presenting their family trees

Students attending Armenian Cultural Day celebrations  Յայ­տագ­րի երկ­րորդ բաժ­նին մէջ Գ.Դ. եւ Ե. կար­գէն կարգ մը աշա­կերտ­ներ իրենց երաժշ­տա­կան տա­ղան­դը ներ­կա­յա­ցու­ցին եր­գով, դաշ­նա­կով կամ ջու­թա­կով: Աշա­կերտ­նե­րու ելոյ­թէն ետք բեմ բարձ­րա­ցաւ Հա­յաս­տա­նէն հրա­ւիր­ուած 14 տա­րե­կան պա­տա­նի ջու­թա­կա­հար Տի­ա­նա Ադամ­եա­նը, որ հի­ա­նա­լի կա­տա­րո­ղու­թեամբ Կո­մի­տա­սէն ներ­կա­յա­ցուց “Քե­լէր Ցո­լեր“ եւ “Կռունկ“, իսկ Քրայս­լը­րէն կարգ մը ջու­թա­կի հա­մար գրուած կտոր­ներ: Յայ­տա­գի­րը վերջ գտաւ հայ մշա­կոյ­թի նուիր­ուած աշա­կերտ­նե­րու գոր­ծե­րու ցու­ցա­հան­դէ­սով, որուն հրա­ւիր­ուած էին բո­լոր ծնողնե­րը: Այս գոր­ծե­րէն մաս մը կը ներ­կա­յաց­նէր հայ­կա­կան տօ­ներ կամ աւան­դու­թիւն­ներ, ու­րիշ­ներ աշա­կերտ­նե­րու ըն­տա­նե­կան ծառը:

Ձեռ­նար­կը տպա­ւո­րիչ էր այն իմաս­տով, որ բո­լո­րին մէջ վե­րա­նո­րո­գեց հա­յու հպար­տու­թիւնը եւ խան­դա­վառու­թիւնը հայ ար­ժէք­նե­րու հան­դէպ, ինչ­պէս նա­եւ ամ­րապն­դեց ու հաս­տա­տեց հայ լե­զուն եւ մշա­կոյ­թը միշտ վառ պա­հե­լու դպրո­ցի առա­քե­լու­թիւնը ջան­քերն ու կո­րո­վը:

ՎԵ­ՐԵԼՔ ՍՈՒՐԲ ԼԵՌ ԱՐԱ­ՐԱՏ

$
0
0

P8-9 MMM

ԿԱ­ՐԻ­ՆԷ  ԱՂԱ­ՊԱՊ­ԵԱՆ

 

Կ՛ու­զէի նստել մի քա­րի վրայ

Եւ ան­վերջ նա­յել իմ Արա­րա­տին,

Հար­բել հայ­րե­նի մի­րա­ժով նրա

Եւ յա­ւերժ նա­յել իմ Արա­րա­տին:

 

Եւ նստած լեռին այդ քա­րի վրայ`

Ան­դա­դար նա­յեմ իմ Արա­րա­տին,

Մինչ շի­րիմ դառ­նայ քարն էլ ինձ վրայ

Եւ մամ­ռած նա­յեմ իմ Արա­րա­տին:

Յով­հան­նէս Շի­րազ

 

Աւետ­եաց երկ­րի կորստ­եան ցաւն ու կսկի­ծը սերն­դէ սե­րունդ փո­խանց­ւում են նա­եւ մեր յա­ջորդ­նե­րին եւ ներծծ­ւում նրանց ար­եան մէջ ու ար­թուն պա­հում կա­րօ­տը` մոր­մո­քող, ծո­վա­ծա­ւալ, ափ­եափ զար­նուող, ստէպ-ստէպ ահագ­նա­ցող կա­րօ­տը, որով կամրջ­ւում են մեր հո­գի­նե­րը եւ բռունցք­ւում է մեր կամ­քը: Ու­ղե­ղի մոր­մո՞ք է սա, թէ՞ նպա­տա­կա­մէտ երա­զանք, որ մշտա­պէս վառ է պա­հում վե­րա­դար­ձի յոյ­սը: Կը գա՞յ արդ­եօք այն օրը, երբ մեր` ար­դէն դա­րա­ւոր երա­զան­քը կը փոխ­ուի:p8-9  a

Ամէն առա­ւօտ արթ­նա­նա­լիս երե­ւան­եան իմ բնա­կա­րա­նում, որ գտնւում է կա­յա­րա­նա­մերձ հրա­պա­րա­կի մօտ, վա­զում եմ դէ­պի պա­տու­հա­նը եւ բա­րե­ւում արե­ւի առա­ջին ծի­րա­նա­գոյն ճա­ռա­գայթ­ներն իրեն թագ արած Արա­րա­տին, նա­եւ Սա­սուն­ցի Դաւ­թին, որի քա­րէ ար­ձանն ամէն պահ պատ­րաստ է յաղ­թա­կան հար­ուա­ծի: Հա­յե­րիս հա­մար ամե­նա­սուր­բը, ամե­նա­գե­ղե­ցի­կը, ամե­նա­սի­րե­լին վե­հա­շուք Արա­րատ լեռն է: Ան­բա­ցատ­րե­լի ուժ ու սրբու­թիւն կայ մեր լե­րան մէջ: Իւ­րա­քան­չիւր հա­յի ամե­նա­բաղ­ձա­լի ցան­կու­թիւնը` Արա­րա­տի գա­գաթ բարձ­րա­նալն է: Նա­մա­նա­ւանդ, որ այն­տեղ` բարձ­րունք­նե­րում, յա­ւեր­ժա­կան ձիւ­նե­րի մէջ, թաղ­ուած է մեր մեծ հայ­րե­նա­սէր բա­նա­սեղ­ծի` Յով­հան­նէս Շի­րա­զի սիր­տը, ըստ իր կտա­կի:

Աւետ­եաց երկ­րի կա­րօ­տը 2004-ին հայ­րի­կիս տա­րաւ դէ­պի իր նախ­նի­նե­րի եր­կի­րը: Իր հոր­դո­րով, նա­եւ ծով դար­ձած կա­րօ­տով լցուած, այս տա­րի ես էլ մեկ­նե­ցի ուխ­տագ­նա­ցու­թեան: Հա­յաս­տա­նի եւ աշ­խար­հաս­փիւռ հա­յե­րի զա­ւակ­նե­րի խմբի հետ սկսե­ցինք մեր ճա­նա­պար­հոր­դու­թիւնը:

Կար­սը տես­նե­լուց յե­տոյ մեկ­նե­ցինք եւ երե­կոյ­եան հա­սանք Բա­յա­զիտ: Վաղ առա­ւօտ­եան մի անն­կա­րագ­րե­լի արե­ւա­ծագ էր: Արեւն իր առա­ջին շո­ղերն էր ար­ձա­կել Սի­սի ետե­ւից եւ երե­ւում էր Արա­րատն իր ողջ վե­հու­թեամբ: Այդ­պի­սի գե­ղե­ցիկ արե­ւա­ծագ ես չէի տե­սել:

p8-9 moun hikersՆա­խա­ճա­շից յե­տոյ յա­ջո­ղու­թիւն­ներ մաղ­թե­ցինք Արա­րատ բարձ­րա­ցող տաս հո­գի­նոց խմբին` ակն­կա­լի­քով, որ երեք  օր յե­տոյ ըն­դու­նե­լու ենք նրանց յաղ­թա­կան վե­րա­դար­ձը: Այդ պա­հուն մնա­ցող­նե­րիցս  իւ­րա­քան­չիւ­րը կար­ծես իր հո­գու կա­րօ­տը փո­խան­ցեց բարձ­րա­ցող­նե­րին, որ իրենց հետ պիտի տա­նէ­ին դէ­պի մեր պա­պե­րի երկ­րի բարձր­եա­լը` Արա­րա­տի գա­գա­թը, որը կեդ­րոնն է մեր մի­աց­եալ հայ­րե­նի­քի:

Մինչ նրանք կը վե­րա­դառ­նա­յին` մենք  շա­րու­նա­կե­ցինք ճա­նա­պար­հը Արեւմտ­եան  Հա­յաս­տա­նի քա­ղաք­նե­րով եւ գիւ­ղե­րով: Եղանք Մու­շում, Էրզ­րու­մում, Պիթ­լի­սում, Վա­նում, որ­տեղ էլ դի­մա­ւո­րե­ցինք լեռ­նագ­նաց­նե­րին եւ մի­ա­սին շա­րու­նա­կե­ցինք մեր ճա­նա­պար­հը դէպի Իգ­դիր, Ար­տա­հան, Սա­րի­ղա­միշ, Կարս, Անի:

Լե­ւոն Գրի­գոր­եա­նը մեզ, որ­պէս սուրբ մա­սունք եւ ամե­նա­թան­կա­գին նուէր, մի-մի փոք­րիկ քար էր բե­րել Արա­րա­տի բարձ­րունք­նե­րից:

Արա­րա­տի գա­գաթն էին բարձ­րա­ցել ինը: Հե­տաքրք­րա­կանն այն էր, որ Ա.Մ.Ն.-ի Նիւ Ճըրզիի նա­հան­գից եկած 65-ամ­եայ Վա­չէ Վար­ժա­պետ­եա­նը` երկ­րորդ ան­գամ էր մաս­նակ­ցում, որ յաղ­թա­հա­րի 5165 մ. բարձ­րու­թիւնը, ցա­ւօք 4300 մ.-ի վրայ թթուած­նի պա­կա­սին, մթնո­լոր­տա­յին ճնշման մեծ տար­բե­րու­թեա­նը չդի­մա­նա­լով, նա ստիպ­ուած է եղել վե­րա­դառ­նալ: Վա­չէն ամե­նա­տա­րեցն էր խմբում եւ ինքն իրեն գե­րա­զան­ցել էր եւս մի քա­նի տասն­եակ մեթ­րով: Նա վճռա­կան է, որո­շել է կրկին գնալ եւ նուա­ճել գա­գա­թը:

Խմբում ամե­նա­ե­րի­տա­սար­դը 26-ամ­եայ Հայ­կուշ Յա­կոբ­եանն էր` Հո­լան­տա­յից: Նա սո­վո­րում է Թիլ­պուր­կի հա­մալ­սա­րա­նում, նա­եւ աշ­խա­տում է ապա­հո­վագ­րա­կան ըն­կե­րու­թիւ­նում: Ըն­տա­նի­քը Հո­լան­տա է տե­ղա­փոխ­ուել 2000-ին Հա­յաս­տա­նից: Նուրբ, հա­ճե­լի ար­տա­քի­նով մի աղ­ջիկ, որ մտա­ծել ան­գամ չէ­իր կա­րող, որ  կը նուա­ճի գա­գա­թը: Իսկ նա չոր­րորդն էր բարձ­րա­ցել: Ար­դէն Երե­ւա­նում, ես հար­ցերս ուղ­ղե­ցի Հայ­կու­շին:

“Սի­րե­լի Հայ­կուշ, դուք այդ­քան նուրբ կա­ռուց­ուած­քի տէր աղ­ջիկ, ինչ­պէս որո­շե­ցիք, որ պի­տի իրա­կա­նաց­նէք այդ­պի­սի դժուա­րին մի վե­րելք դէ­պի Արա­րա­տի գա­գա­թը, չնա­յած բո­լո­րիս մէջ էլ կայ այդ ան­յաղ­թա­հա­րե­լի ցան­կու­թիւնը“:

“Չորս տա­րի առաջ կար­դա­ցի հո­լան­տա­ցի Ֆրանք Վես­թեր­մա­նի “Արա­րատ“ գիր­քը, որ­տեղ նա պատ­մում էր, թէ ինչ­պես է ին­քը բարձ­րա­ցել Արա­րատ լե­ռը: Հայ­րե­նա­սի­րու­թեան թէ­կուզ մի չնչին պա­կաս ես չու­նեմ, մտա­ծե­ցի` ինչ­պէս է, որ այս հո­լան­տա­ցին կա­րո­ղա­ցել է բարձ­րա­նալ մեր նուի­րա­կան սա­րը, իսկ ես, ինչ է չե՞մ կա­րող: Այդ ժա­մա­նակ մաս­նակ­ցե­ցի ուխ­տագ­նա­ցու­թեա­նը դէ­պի Արեւմտ­եան Հա­յաս­տան եւ մենք էլ, ինչ­պէս դուք այս ան­գամ, ճա­նա­պար­հե­ցինք եւ ըն­դու­նե­ցինք Արա­րատ բարձ­րա­ցող­նե­րին: Զրու­ցե­ցինք, ոգե­ւոր­ուե­ցինք եւ ես որո­շե­ցի լրջօ­րէն պատ­րաստ­ուել: Ամե­նա­կա­րե­ւո­րը ֆի­զի­քա­կան պատ­րաստ­ուա­ծու­թիւ­նից առաջ` հո­գե­պէս պատ­րաստ­ուելն էր: Դրա­նից յե­տոյ սկսե­ցի շա­բա­թը 2-3 ան­գամ վա­զել 5-10 քլմ: Աս­տի­ճան­ներ էի բարձ­րա­նում, սո­վո­րե­ցի ճիշտ շնչել, դա ինձ շատ օգ­նեց:  Ար­տա­շա­տում մօ­րաք­րոջս տանն էի մնում եւ մարզ­ւում: Եր­բեմն, երբ շատ էի յոգ­նում, նա­յում էի վե­հա­շուք Մա­սիս­նե­րին եւ ինքս ինձ ասում. “Հայ­կո՛ւշ, դու այս ամենն անում ես այս գե­ղեց­կու­հու հա­մար“:p8-9 mount hikers2

Իսկ ֆի­զի­քա­պէս եւ հո­գե­պէս պատ­րաստ լի­նե­լուց յե­տոյ, վախ չկա՞ր ձեր մէջ, իսկ եթէ յան­կարծ չկա­րո­ղա­նամ…

Դժուա­րու­թիւնը զգա­ցի առա­ւօտ­եան, երբ Բա­յա­զէ­տում հիւ­րա­նո­ցի պատշ­գամ­ից տե­սայ Արա­րատն իր ողջ շու­քով: Այդ ժա­մա­նակ մտա­ծե­ցի. “Ի՜նչ բարձր է, իսկ եթէ չկա­րո­ղա­նամ բարձ­րա­նալ, բայց մի­եւ­նոյնն է, բարձ­րա­նա­լու եմ, յա­նուն իմ գե­ղեց­կու­հու, որ այս կող­մից էլ գե­ղե­ցիկ է“:

Սկսե­ցինք վե­րել­քը: Առա­ջին ճամ­բար` 3200 մ. հաս­նե­լիս խո­շոր քա­րեր էին, յե­տոյ երկ­րորդ ճամ­բար` 4200 մ., աւե­լի խո­շոր քա­րեր էին եւ մի զու­լալ գե­տակ էր հո­սում: Ճա­նա­պար­հը գնա­լով բար­դա­նում էր, դժուա­րա­նում էր բարձ­րա­նա­լը: Սփո­փան­քը, շնչա­ռու­թիւնդ պա­հող գե­ղեց­կու­թիւնն էր, երբ ամ­պե­րը արագ անց­նում էին քո վրա­յով: Գի­շե­րը ժա­մը 2:30-ին սկսե­ցինք բարձ­րա­նալ: Ցուրտ էր, երբ մի փոքր կանգ էինք  առ­նում, սառ­չում էինք, թթուած­նի պա­կասն էլ զգաց­նել էր տա­լիս, կար­ծես գլուխդ սեղմ­ւում էր, ցա­ւում: 4500 մ.-ի վրայ ար­դէն սրտխառ­նոց սկսուեց բո­լո­րիս մօտ: Վատ էի զգում եւ պահ եղաւ, որ մտա­ծե­ցի ետ դառ­նա­լու մա­սին: Բայց նո­րից ներշնչ­ուե­լով, որո­շե­ցի, որ ո՛չ, ես պի­տի հաս­նեմ նուի­րա­կան գա­գա­թին: Շա­րու­նա­կե­ցի առաջ շարժ­ուել եւ առա­ջին­նե­րից մէկն էի, որ հա­սայ: Օդը կար­ծես թե­թե­ւա­ցաւ, սկսե­ցի լաւ զգալ, դա 4800 մ.-ի վրայ էր, տե­սա­րա­նը հի­աս­քանչ էր: Ներ­քե­ւում Բա­յա­զիտն էր երե­ւում, Պարս­կաս­տա­նի սահ­մա­նա­մերձ մա­սը, Արա­րատ­եան դաշ­տը, իսկ եր­կին­քը աստ­ղա­զարդ էր, այդ­պի­սի գե­ղեց­կու­թիւն ես եր­բեք չէի տե­սել: Երե­ւում էր Սի­սը, իսկ Մա­սի­սի վրայ լոյ­սե­րով բարձ­րա­ցող մեր  ար­շա­ւա­խումբն էր: Երբ 5 մեթր բարձ­րու­թիւն էր մնում, ես սայ­թա­քե­ցի եւ մի տաս մեթր իջայ ցած, ոչ մի ցաւ չզգա­ցի, բայց յուզ­մունք, ու­րա­խու­թիւն խառն­ուել էին իրար եւ ես սկսե­ցի լաց լի­նել, նո­րից բարձ­րա­ցայ ու հա­սայ գա­գա­թին: Առա­ջի­նը Բագ­րատն էր բարձ­րա­ցել, յե­տոյ Լե­ւո­նը, Զա­րեհն ու ես:p8-9 ararat fm bayazet

Երբ հա­սանք գա­գա­թին, քա­մին մի­ան­գա­մից կտրուեց, Արա­րա­տը գրկա­բաց ըն­դու­նեց մեզ: Ես նստե­ցի եւ չէի կա­րո­ղա­նում հա­ւա­տալ, որ խմբի հետ հա­սել եմ սուրբ լե­րան  գա­գա­թին: Մենք հա­մայն հա­յու­թեան նուի­րա­կան Արա­րա­տի գա­գա­թին էինք, Արեւմտ­եան եւ Արե­ւել­եան Հա­յաս­տա­նի սահ­մա­նագլ­խին եւ մեզ հետ էր վե­հօ­րէն ծա­ծա­նուող մեր եռա­գոյն դրօ­շը:

Խառն­ուել էր իրա­կանն ու անի­րա­կա­նը: Կար նա­եւ թթուած­նի պա­կա­սի ազ­դե­ցու­թիւնը մարդ­կա­յին բա­նա­կա­նու­թեան վրայ: Երե­ւա­նը չէր երե­ւում, լե­րան ներ­քե­ւի մա­սը մշու­շի մէջ էր: Յե­տոյ փո­թո­րիկ էր սկսուե­լու եւ մենք պի­տի իջ­նէ­ինք:

Վե­րա­դարձն ար­դէն մի եր­կար ճա­նա­պարհ էր, ան­դա­դար քայ­լել էր պէտք: Քսան ժամ քայ­լել ենք դէ­պի ներ­քեւ, որից միայն եր­կու ժա­մը մի փոքր դա­դար­նե­րով: Իջ­նելն էլ իր դժուա­րու­թիւն­ներն ու­նէր, չէ­իր տես­նում, թէ որ­տեղ ես ոտքդ դնում, արդ­եօ՞ք յու­սա­լի է, թէ­ ոչ: Իջ­նե­լիս ապ­շել էի, թէ ինչ­պէ՞ս ենք մենք գի­շե­րով բարձ­րա­ցել, վտանգն ամէն պա­հի կար, կա­րող էիր սայ­թա­քել եւ վնաս­ուել“:

Իսկ ինչ­պի­սի՞ն են զգաց­մունք­ներդ հի­մա, երբ յաղ­թա­հա­րել ես դժուա­րու­թիւն­նե­րը եւ Արա­րա­տի գա­գա­թը նուաճ­ուած է:

Իջ­նե­լուց յե­տոյ, մէկ շա­բաթ ես կար­ծես օդում լի­նէի, նա­յում էի Արա­րա­տին եւ մտա­ծում, արդ­եօ՞ք ես հա­սել եմ, եղել եմ գա­գա­թին: Ինձ թւում է, թէ դա երազ էր, մի անո՜յշ երազ: Հի­մա ար­դէն կա­րօ­տում եմ այդ ամէ­նը եւ ամէն ինչ կ՛ա­նէ­ի, որ նո­րից այդ դժուա­րու­թիւն­նե­րով անց­նէի եւ հաս­նէի գա­գա­թին:

Վա­չէն, Հայ­կը եւ ես որո­շել ենք յա­ջորդ տա­րի Ահո­րա գիւ­ղը գնալ, դա Մա­սի­սի վրայ է, Հա­յաս­տա­նի կող­մից, այդ­տեղ կիրճ կայ, որ­տեղ հար­թա­վայր է եւ պահ­պան­ուած է գե­ղե­ցիկ վայ­րի բնու­թիւնը: Գու­ցէ Սի­սը բարձ­րա­նանք, գի­տե՛մ, դա շատ աւե­լի դժուար է: Չնա­յած, եթէ կայ հայ­րե­նա­սի­րու­թիւնը, ամէն բար­ձունք էլ կա­րե­լի է յաղ­թա­հա­րել:

ԵՐԵՒԱՆ

 

ՊՈՍ­ԹԸ­ՆԻ ՄԷՋ.- Հ.Մ.Ը.Մ.-Ի ԱՐԵ­ՒԵԼ­ԵԱՆ Ա.Մ.Ն.-Ի 38-ՐԴ ՇՐՋԱ­ՆԱ­ՅԻՆ ՆԵՐ­ԿԱ­ՅԱ­ՑՈՒՑ­ՉԱ­ԿԱՆ ԺՈ­ՂՈՎ

$
0
0

hmem  Հ.Մ.Ը.Մ.-ի Արե­ւել­եան Մի­աց­եալ նա­հանգ­նե­րու 38-րդ Շրջա­նա­յին Ներ­կա­յա­ցուց­չա­կան Ժո­ղո­վը տե­ղի ու­նե­ցաւ Նո­յեմ­բեր 8-10-ին, հիւ­րըն­կա­լու­թեամբ` Պոս­թը­նի մաս­նա­ճիւ­ղին, որ այս առ­թիւ կը տօ­նէր մաս­նա­ճիւ­ղին հիմ­նադ­րու­թեան քա­ռաս­նամ­եա­կը: Ժո­ղո­վին մաս­նակ­ցե­ցան ինը մաս­նա­ճիւ­ղեր` Ալ­պը­նի, Նիւ Եորք, Նիւ Ճըր­զի, Շի­քա­կօ, Տիթ­րոյթ, Ուա­շինկ­թըն, Պոս­թըն, Փրո­վի­տէնս, եւ Ֆի­լա­տելֆ­իա իրենց լի­ա­զօր ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­նե­րով: Նա­եւ մաս­նակ­ցե­ցան Հ.Մ.Ը.Մ.-ի Արե­ւել­եան Մի­աց­եալ նա­հանգ­նե­րու Շրջա­նա­յին Վար­չու­թեան ան­դամ­ներն ու Կեդ­րո­նա­կան Վար­չու­թեան լի­ա­զօր ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­` Հրաչ Մես­րոպ­եա­նը: Խորհր­դակ­ցա­կան ձայ­նով մաս­նակ­ցող­նե­րու շար­քին նոյն­պէս ներ­կայ էին, Հ.Յ.Դ. Արե­ւել­եան Շրջա­նի Կեդ­րո­նա­կան Կո­մի­տէի ներ­կա­յա­ցու­ցիչ` Ժան Աւե­տիս­եան, Հ.Մ.Ը.Մ.-ի Արե­ւել­եան Մի­աց­եալ նա­հանգ­նե­րու Շրջա­նա­յին Վար­չու­թեան մնաց­եալ ան­դամ­նե­րը, Շրջա­նա­յին Մար­զա­կան յանձ­նա­խում­բի եւ Սկաու­տա­կան խոր­հուր­դի ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­նե­րը, ու­ղե­կից կազ­մա­կեր­պու­թիւն­նե­րու ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­նե­րը եւ հրա­ւիր­եալ­ներ:

Ժո­ղո­վը քննեց ըն­թա­ցա­ւարտ Շրջա­նա­յին Վար­չու­թեան գոր­ծու­նէ­ու­թիւնը: Կա­տար­ուե­ցան քննար­կում­ներ եւ առա­ջարկ­ներ: Աւար­տին ընտր­ուե­ցաւ նոր Շրջա­նա­յին Վար­չու­թիւն մը, բաղ­կա­ցած հե­տեւ­եալ ան­դամ­նե­րէն.-

Վա­հէ Թահ­մազ­եան (Ուա­շինկ­թըն), Արա Իշ­խան­եան (Ֆի­լա­տելֆ­իա), Արամ Քայ­սէր­եան (Պոս­թըն), Ռազ­միկ Փա­նոս­եան (Պոս­թըն), Պերճ Փա­փազ­եան (Շի­քա­կօ), Սար­գիս Դար­բին­եան (Փրո­վի­տէնս) եւ Մարք Թո­րոս­եան (Նիւ Ճըր­զի):

ՈՉ ԵՒՍ Է ՌՈՒ­ԲԷՆ ՊԱՐ­ՍՈՒՄ­ԵԱՆ

$
0
0

 

ՄԱՀԱԶԴ  ``Հա­մազ­գա­յին``ի Արե­ւել­եան Ա.Մ.Ն.-ի Շրջա­նա­յին Վար­չու­թիւնը կը գուժէ տա­րի­ներ շա­րու­նակ միու­թեան ծա­ռա­յած   ՌՈՒԲԷՆ ՊԱՐՍՈՒՄԵԱՆի   անակնկալ մահը, որ պատահեցաւ Հինգշաբթի Նոյեմբեր 7, 2013-ին, Նիւ Եորքի մէջ: ՑԱՒԱԿՑԱԿԱՆ   ``Համազգային`` Նիւ Եոր­քի մաս­նա­ճիւ­ղը,իր խորին ցաւակցու-թիւնները կը յայտնէ  ՌՈՒԲԷՆ ՊԱՐՍՈՒՄԵԱՆի ազ­գա­կան­նե­րուն, մօ­տիկ պա­րա­գա­նե­րուն, բա­րե­կամ­նե­րուն եւ ազ­գա­կան­նե­րուն:

ՄԱՀԱԶԴ
“Հա­մազ­գա­յին“ի Արե­ւել­եան Ա.Մ.Ն.-ի Շրջա­նա­յին Վար­չու­թիւնը կը գուժէ տա­րի­ներ շա­րու­նակ միու­թեան ծա­ռա­յած
ՌՈՒԲԷՆ ՊԱՐՍՈՒՄԵԱՆի
անակնկալ մահը, որ պատահեցաւ Հինգշաբթի Նոյեմբեր 7, 2013-ին, Նիւ Եորքի մէջ:
ՑԱՒԱԿՑԱԿԱՆ
“Համազգային“ Նիւ Եոր­քի մաս­նա­ճիւ­ղը,իր խորին ցաւակցու-թիւնները կը յայտնէ ՌՈՒԲԷՆ ՊԱՐՍՈՒՄԵԱՆի ազ­գա­կան­նե­րուն, մօ­տիկ պա­րա­գա­նե­րուն, բա­րե­կամ­նե­րուն եւ ազ­գա­կան­նե­րուն:

Մեզ­մէ անակն­կալ կեր­պով բաժն­ուե­ցաւ Ռու­բէն Պար­սում­եան, նուիր­եալ, ծա­ռա­յա­սէր եւ ուղ­ղա­միտ ըն­կեր, եղ­բայր եւ հայ մարդ: Հա­լէ­պա­հայ յե­տ Ե­ղեռն­եան երկ­րորդ սե­րուն­դի վեր­ջին հա­յ ու­սու­ցիչ­նե­րէն եւ ազ­գա­յին գոր­ծիչ­նե­րէն էր Ռու­բէն, որու­ն անձ­նա­կան շնորհք­նե­րը եւ բա­ցա­ռիկ մտա­ւո­րա­կան ար­ժէ­քը ոչ ­բո­լո­րին յայտ­նի էին իր չա­փա­զանց հա­մես­տու­թեան պատ­ճա­ռաւ:

Նիւ Եոր­քի Հա­մազ­գա­յի­նի մաս­նա­ճիւ­ղի հիմ­նա­դիր­նե­րէն էր, կազ­մա­կեր­պու­թիւն մը, որուն ան­խոնջ կեր­պով ծա­ռա­յեց չորս ­տաս­նամ­եակ­նե­րու ըն­թաց­քին: Ամե­րի­կաբ­նակ գրող­նե­րու մօ­տի­կ ըն­կեր, ինչ­պէս Յա­կոբ Կա­րա­պենց եւ Ժի­րայր Աթ­թար­եան, կէս-կա­տակ կէս-լուրջ Ռու­բէն կը պատ­մէր, որ իրեն կ՛ըսէ­ին, “Դուն մի՛ գ­րեր, որ ըն­թեր­ցող ու­նե­նանք“, քա­նի որ ան բա­ցա­ռիկ գրա­կան քն­նա­դա­տի աչք ու­նէր:

Այն­թապցիի հպարտ զա­ւակ, իր առա­ջին լե­զուն եղած էր թրքե­րէ­նը: Հինգ տա­րե­կա­նին, դպրո­ցի առա­ջին օրը տուն վե­րա­դար­ձաւ լա­լով, որով­հե­տեւ ո՛չ դա­սըն­կեր­նե­րը զինք կը հասկ­նա­յին, ո՛չ ալ ին­քա­նոնց: “Էր­մէ­նի­ճէ քօ­նու­շուր­լար, եաւ­րում“, ըսած էր իրեն մեծ ­մայ­րը (Հա­յե­րէն կը խօ­սին, ձագս): Այս աշ­խար­հէն հե­ռա­ցաւ հա­յե­րէ­նը ­տի­րա­պե­տե­լով շատ քի­չե­րու պէս, լե­զու մը որուն հան­դէպ ­պաշ­տա­մունք ու­նէր: Իր կեան­քի մե­ծա­գոյն մտա­հո­գու­թիւն­նե­րէն էր­ Մես­րոպ­եան ուղ­ղագ­րու­թեան վե­րա­կանգ­նու­մը հայ­րե­նի­քի մէ­ջ ան­կա­խու­թե­նէն վերջ, նպա­տակ մը որու իրա­գործ­ման հա­մար մեծ­ խո­չըն­դոտ­նե­րը զինք չէ­ին յու­սա­հա­տեց­ներ: Իր կեան­քի մեծ ցաւն էր իր եղ­բօր, Յա­կոբ Պար­սում­եա­նին առե­ւան­գումն ու ան­հե­տա­ցու­մը ան­յայտ պայ­ման­նե­րու մէջ, ­Պէյ­րու­թի քա­ղա­քաց­ի­ա­կան պա­տե­րազ­մի ժա­մա­նակ:

Մին­չեւ իր կեան­քին վեր­ջին օրե­րը, եղ­բօ­րը ճա­կա­տա­գի­րը իրե­ն ա­ռեղծ­ուած մը մնաց: Փոքր տա­րի­քէն որ­բա­ցած, Յա­կոբ, Ռու­բէն եւ ի­րենց քոյ­րը Սիլ­վա (այժմ Նիւեոր­քաբ­նակ) իրենց ման­կու­թիւնը ու պա­տա­նու­թիւնը ան­ցու­ցած են Հա­լէ­պի Պատս­պա­րա­նին մէջ: Նա­խախ­նա­մու­թեան դա­սա­ւո­րու­մով, թէ­եւ սիր­ուած եւ միշտ շր­ջա­պատ­ուած ըն­կեր­նե­րով, որոնց հան­դէպ կը ցու­ցա­բե­րէ­ր Այն­թապ­ցի մար­դու հիւ­րա­սի­րու­թիւնը, Ռու­բէն հրա­ժեշտ առաւ այ­ս աշ­խար­հէն տա­րի­քը առած, որբ ու մի­նակ:

Ռու­բէն գնաց առանց որե­ւէ բա­րո­յա­կան պարտ­քի եւ բո­լորս իրեն­ հան­դէպ պար­տա­կան մնա­լով: Կը մաղ­թենք, որ մի­ա­նայ իր եղ­բօր եւ իր եր­կու ըն­կեր­նե­րուն, որոնք մէկ տա­րի առաջ մեզ­մէ հե­ռա­ցան` Արիս Սե­ւա­կը, իր Նիւ Եոր­քի լա­ւա­գոյն ըն­կեր­նե­րէն եւ Պետ­րոս Հաճ­եան, երի­տա­սար­դու­թեան ըն­կեր­նե­րէն, որու հետ Հա­լէ­պի մէջ­ պաշ­տօ­նա­վա­րած էր. իրեն պէս նուիր­եալ հա­յեր, որոնք մեր մ­շա­կոյ­թի ջա­հը վառ պա­հե­ցին եւ զայն նոր սե­րունդ­նե­րուն ­փո­խան­ցե­ցին, բայց գլխա­ւո­րա­բար, բա­ռին ամե­նա­բուն իմաս­տով, բա­րի մար­դիկ: Աստ­ուած Ռու­բէ­նին հո­գին լու­սա­ւո­րէ եւ իր ­հա­րա­զատ­նե­րուն մխի­թա­րու­թիւն պար­գե­ւէ:

Հո­ղը թե­թեւ լի­նի վրան:

 

ԱՒՕ ­ՀԱՃԵԱՆ

 

ՅԱ­ԿՈԲ ՊԱԼ­ԵԱ­ՆԻ

ՆԱ­ՄԱԿ – ՄԱ­ՀԱԳ­ՐՈՒ­ԹԻՒՆԸ

 

Ստո­րեւ, լոյս կ՛ըն­ծա­յենք, այս յու­զիչ նա­մա­կը, որ գրած էԲա­գինի խմբա­գիր Յա­կոբ Պալ­եա­նը, իր մօ­տիկ բա­րե­կամ Ռու­բէն Պար­սում­եա­նի մահ­ուան առ­թիւ.-

 

Սի­րե­լի Ռու­բէն,

Սի­րե­լի Սիլ­վա, սի­րե­լի ըն­կեր­նե­րը Ռու­բէ­նի

Ուր­բաթ, 8 Նո­յեմ­բե­րի առա­ւօտն էր: Պէյ­րութ, “ԲԱ­ԳԻ­Ն“ի խմբագ­րա­տան հե­ռա­խօ­սի զան­գը հնչեց: Առան­ձին էի եւ Ռու­բէ­նին հա­մար այն­քա՜ն սի­րե­լի հայ գի­րով կը զբա­ղէի: Դա­ւիթն էր, Աթ­թար­եան, Նիւ Եոր­քէն: Հոն գի­շեր­ուան ժա­մը 2-ն էր: Զար­մա­ցայ: Մահ­ուան գոյժ էր: Այս մէկն ալ, սփիւռ­քի մէջ ան­խառն հա­յու­թեամբ պատ­րաստ­ուած եւ ապ­րող մը, անշ­շուկ կը մեկ­նէր: Ռու­բէն Պար­սում­եա­նը:

Եր­կար կեան­քի մը եր­կա­րու­թեամբ ըն­կե­րու­թեան մը թե­լը կը կտրուէր: Մա­հը կրնա՞յ կտրել ըն­կե­րու­թեան թե­լը: Այդ­պէս ալ ան­յայ­տա­ցած էր իր եղ­բայ­րը, հա­ւա­տա­ւոր մտա­ւո­րա­կան մը, Յա­կոբ Պար­սում­եա­նը, ան­յայտ շի­րի­մով: Եր­կուքն ալ Հա­լէ­պի Ազ­գա­յին Քա­րէն Եփփէ Ճե­մա­րա­նի ազ­նիւ ար­գա­սիք եր­կուքն ալ, սե­րուն­դի մը տի­պար­ներ, որոնց վրայ ան­զու­գա­կան եւ մեծ  դէմ­քեր իրենց դրոշ­մը դրած էին:

Դա­ւիթ գու­ժեց մա­հը Ռու­բէն Պար­սում­եա­նի, ար­տա­կարգ ու­շի­մու­թեամբ եւ հոգի­ով միշտ թարմ Ռու­բէ­նի, որուն հա­մար ըն­կեր բա­ռը պէտք է ըմբռ­նել իր ազն­ուա­գոյն իմաս­տով, կեան­քի դժուար եւ անա­րեւ օրե­րուն հիւս­ուած ըն­կե­րու­թիւն մը որ խամ­րիլ չգիտ­ցաւ, որ տե­ւեց աւե­լի քան վեց տաս­նամ­եակ, հա­կա­ռակ հե­ռա­ւո­րու­թիւն­նե­րու, ովկ­ի­ա­նո­սա­յին պատ­ուար­նե­րու:

Ռու­բէն, մեր բո­լո­րի ըն­կե­րը, որ իր կեան­քին մէջ եր­բեք ոչ ոքի ցաւ պատ­ճա­ռած է, իր սե­րուն­դի ամէ­նէն փայ­լուն­նե­րէն էր: Պէյ­րու­թի Հայ­կազ­եան հա­մալ­սա­րա­նէն ետք ամե­րիկ­եան հա­մալ­սա­րան, իր կա­րո­ղու­թիւն­նե­րու գնա­հա­տան­քով ար­ժա­նա­ցած էր Ռաք­ֆել­լըր կրթա­թո­շա­կին, բայց հա­մեստ Ռու­բէ­նը այդ բո­լո­րը եր­բեք չվե­րա­ծեց դրօ­շա­կի, այ­ցե­քար­տի վրայ չգրեց: Ռու­բէն ու­նէր երազ­ներ, գի­տէր երա­զել, եւ երա­զել ազ­նիւ հո­գի­նե­րու առա­քի­նու­թիւն է: Տնտե­սա­գի­տու­թեան պսա­կա­ւոր էր, կեան­քի աս­պա­րէզ նետ­ուած էր, եղած էր ու­սու­ցիչ, ազ­գա­յին հաս­տա­տու­թիւն­նե­րու մէջ գոր­ծած էր, ճա­շա­կած էր տաքն ու պա­ղը, որ­բու­թեան դառ­նու­թիւնը, բայց ոչ մէկ բան խան­գա­րած էր իր բնա­տուր ազ­նուու­թիւնը: Երա­զած էր հա­յա­գի­տու­թեան հե­տե­ւիլ, մի­ջոց­ներ չկա­յին, եւ ակն­կալ­ուած յատ­կա­ցու­մը ամ­բա­րիշտ­ներ այլ նպա­տա­կի յատ­կա­ցու­ցած էին: Աւե­լի քան կէս դար ետք, այդ չա­րի­քը կը յի­շէր, չմարս­ուած մեղմ դառ­նու­թեամբ:

Առան­ձին կ՛ապ­րէր Ռու­բէն: Բայց այս բնո­րո­շու­մը ճիշդ չէ բո­լո­րո­վին, ան­հա­մա­պա­տաս­խան է իր ինք­նա­տիպ կա­ցու­թեան, քա­նի որ իր յար­կին տակ հիւ­րըն­կալ­ուած են շա­տեր, ան­ծա­նօթ­ներ, օտար­ներ, բայց նա­եւ հայ գրչի եւ միտ­քի մար­դիկ, որոնց մտեր­մու­թիւնը վա­յե­լած է, անոնք մեր մշա­կու­թա­յին կեան­քին մէջ ներ­կա­յու­թիւն եղած են, իր երազ­նե­րու եւ ցան­կու­թիւն­նե­րու աշ­խար­հը ճո­խա­ցու­ցած են, ոմանք դեռ կ՛ապ­րին եւ կը սգան իր մա­հը, ու­րիշ­ներ հե­ռա­ցած են այս աշ­խար­հէն: Անուն­նե՞ր. Կա­րա­պետ Փո­լատ­եան, Յա­կոբ Կա­րա­պենց, Ար­մէն Պաղ­տոյ­եան, Գա­լուստ Պապ­եան… եւ շար­քը եր­կար է:

Ռու­բէն եր­կար ժա­մա­նակ չհաշտ­ուե­ցաւ առե­ւանգ­ուած եղ­բօր կո­րուս­տին հետ: Ճամ­բոր­դեց անոր հետ­քը գտնե­լու հա­մար, հա­ւա­տա­լով, որ կա­րե­լի կ՛ըլ­լայ զայն փրկել: Ու­զեց գէթ անոր աճիւն­նե­րուն տէր ըլ­լալ, դամ­բա­նի մը մէջ ամ­փո­փել զա­նոնք: Քոյ­րը, Սիլ­վան, այն­քա՜ն կապ­ուած էր իրեն, որուն սու­գը կա­րե­լի չէ ան­գամ բաժ­նել:

Ռու­բէ­նի կո­րուս­տով հա­յու­թեամբ, հայ մշա­կոյ­թով եւ դպրո­ցով առանց ցու­ցա­մո­լի­կու­թեան իրա­պէս տագ­նա­պող մը կը կորսնց­նենք: Կը կորսնց­նենք նա­եւ հա­յե­րէ­նի եւ անոր մաք­րու­թեան երկր­պա­գու մը: Այն հա­ւա­տա­ւոր­նե­րէն էր, որ հա­կա­ռակ տա­րի­նե­րու թա­ւա­լու­մին եւ պար­տադ­րան­քին, չէր նե­րեր հա­յե­րէ­նի հա­րա­զատ ուղ­ղագ­րու­թեան զեղ­ծու­մը, քիչ կը գրէր, բայց յա­ճախ կ՛ար­տա­յայտ­ուէր այդ մա­սին: Ազ­գա­յին հար­ցե­րու պա­րա­գա­յին ան­սահ­ման բծախնդ­րու­թիւն ու­նէր, հար­ցե­րէն լա­ւա­տեղ­եակ էր, քա­նի որ Հա­լէպ եւ Նիւ Եորք գոր­ծած էր Առաջ­նոր­դա­րան­նե­րու մէջ, գի­տէր քննա­դա­տել առանց խծբծե­լու եւ չա­րա­խօս դառ­նե­լու, առանց հրա­ժա­րե­լու այդ բո­լո­րը սրամ­տու­թեամբ հա­մե­մե­լէ:

Մե­զի հա­մար Նիւ Եոր­քը չէր բնո­րոշ­ուէր միայն իր ճո­խու­թեամբ եւ երկ­նա­քա­րե­րով: Հոն կա­յին եւ կան սի­րե­լի դէմ­քեր, որոնք սրբա­զան յա­մա­ռու­թեամբ հա­յու­թիւն կը պա­հեն:

Ժի­րայր Աթ­թար­եա­նէն եւ Ռու­բէ­նէն ետք մենք մեզ որբ պի­տի զգանք, ինչ­պէս կ՛ըսեն` աներ­դիք, homeless:

Ամէն ան­գամ որ մահ­ուան ցա­ւա­լի խզու­մին առ­ջեւ կը գտնուիմ, կը յի­շեմ ֆրան­սա­ցի իմաս­տա­սէր Օկիւսթ Քոն­թի մտա­ծու­մը ան­մա­հու­թեան մա­սին: Ան կ՛ըսէ, որ ան­մահ ենք մին­չեւ այն ատեն որ կ՛ապ­րինք մնա­ցող­նե­րու յի­շո­ղու­թեան մէջ: Եւ Ռու­բէ­նի հա­մար թան­կար­ժէք է յի­շո­ղու­թիւն­նե­րու մէջ տե­ւող իր կեան­քը:

Ռու­բէ­նի շատ սի­րած, պաշ­տա­մուն­քի առար­կայ Զա­րեհ Ա կա­թո­ղի­կո­սի գե­րեզ­մա­նին առ­ջեւ, բա­նաս­տեղծ եկե­ղե­ցա­կան մը մօ­տա­ւո­րա­պէս հե­տեւ­եա­լը ըսաւ, որ դա­գա­ղին առ­ջեւ փոս մը փոր­ուած է, բայց սա պա­հուս, կրնանք ըսել որ փո­սը փոր­ուած է մեր հո­գի­նե­րուն մէջ:

Փոս փոր­ուած է Ռու­բէ­նի ներ­կայ եւ բայց նա­եւ հոգի­ով ներ­կայ ըն­կեր­նե­րու հո­գի­նե­րուն մէջ:

Ափ­սո՜ս:

Ռու­բէն երազ­ներ ու­նէր, հա­յու երազ­ներ, հայ­րե­նի­քը վա­յե­լե­լու երազ­ներ…

Իր յի­շա­տա­կը պի­տի շա­րու­նա­կէ յու­զել մեզ…

 

Յա­կոբ եւ Մա­րի Լուիզ Պալ­եան

Նա­եւ` Ակ­սէլ, Դուին, Լին­տա, Շանթ, եւ իրեն հա­մար միշտ սի­րե­լի մա­նուկ­ներ` Արամ եւ Վան

 

ՄԱՀԱԶԴ

“Հա­մազ­գա­յին“ի Արե­ւել­եան Ա.Մ.Ն.-ի Շրջա­նա­յին Վար­չու­թիւնը կը գուժէ տա­րի­ներ շա­րու­նակ միու­թեան ծա­ռա­յած

 

ՌՈՒԲԷՆ ՊԱՐՍՈՒՄԵԱՆի

 

անակնկալ մահը, որ պատահեցաւ Հինգշաբթի Նոյեմբեր 7, 2013-ին, Նիւ Եորքի մէջ:

ՑԱՒԱԿՑԱԿԱՆ

 

“Համազգային“ Նիւ Եոր­քի մաս­նա­ճիւ­ղը,իր խորին ցաւակցու-թիւնները կը յայտնէ  ՌՈՒԲԷՆ ՊԱՐՍՈՒՄԵԱՆի ազ­գա­կան­նե­րուն, մօ­տիկ պա­րա­գա­նե­րուն, բա­րե­կամ­նե­րուն եւ ազ­գա­կան­նե­րուն:

 

 


ԵՐԱԺՇՏԱԿԱՆ.- ԽԱՉԱՏՈՒՐ ԱԲՈՎԵԱՆ` 19-ՐԴ ԴԱՐՈՒ ՀԱՅ ՄՇԱԿՈՅԹԻ ԵՒ ԵՐԱԺՇՏՈՒԹԵԱՆ ՁԱՅՆԱԳՐՄԱՆ ԱԿԱՆԱՒՈՐ ԱՌԱՋԻՆ ԳՈՐԾԻՉԸ

$
0
0
 Հա­յոց Պա­տա­րա­գէն նմոյշ մը` Մա­կար Եկ­մալ­եա­նի ``Հայր Մեր``ը

Հա­յոց Պա­տա­րա­գէն նմոյշ մը` Մա­կար Եկ­մալ­եա­նի “Հայր Մեր“ը

ԱՐՍԷՆ ՍԱՅԵԱՆ

 

19-րդ դա­րու հայ իրա­կա­նու­թեան մէջ, մշա­կոյ­թի առա­ջին ակա­նա­ւոր գոր­ծի­չը որ ընդ­հա­նուր հա­մալ­սա­րա­նա­կան կրթու­թեան հետ ձեռք բե­րած է նա­եւ երաժշ­տա­կան մաս­նա­գի­տա­կան պատ­րաս­տու­թիւն` մեծ լու­սա­ւո­րիչ Խա­չա­տուր Աբով­եանն է: Դո­պա­դի -այժմ­եան Տարտ­ուի- հա­մալ­սա­րա­նի ու­սա­նո­ղու­թեան տա­րի­նե­րուն, ան սոր­ված է նա­եւ կի­թար եւ եր­գե­հոն նուա­գել, ինչ­պէս նա­եւ մաս­նակ­ցած է հա­մալ­սա­րա­նի բազ­մա­ձայն երգ­չա­խում­բի ելոյթ­նե­րուն:

Աբով­եանն այդ տա­րի­նե­րուն հնա­րա­ւո­րու­թիւն ու­նե­ցած է ծանօթա­նա­լու եւ­րո­պա­կան երաժշ­տու­թեան, ձեռք բե­րած` ձայ­նամ­շակ­ման ար­ուես­տի եւ երաժշ­տու­թեան տե­սու­թեան գի­տե­լիք­ներ` նպա­տակ ու­նե­նա­լով այդ բո­լորն օգտա­գոր­ծել իր ժո­ղո­վուր­դի երաժշ­տու­թեան զար­գաց­ման, ինչ­պէս նա­եւ մա­տաղ սե­րուն­դի երաժշ­տա­կան դաստ­ի­ա­րա­կու­թեան կազ­մա­կերպ­ման հա­մար: Վե­րոգր­եալ ծրա­գիր­ներն ի յայտ կու գան Ներ­սէս Կա­թո­ղի­կոս Աշ­տա­րա­կեցի­ին գրած իր նա­մակ­նե­րէն:

Աբով­եան այդ օրե­րուն Կա­թո­ղի­կո­սին ներ­կա­յա­ցու­ցած է, Հա­յաս­տա­նի մէջ տար­բեր ձե­ւի ժո­ղովր­դա­կան դպրոց­ներ հիմ­նե­լու վե­րա­բեր­եալ իր ծրա­գի­րը 1834 թուա­կա­նին, յատ­կա­պէս ընդգ­ծե­լով աշա­կեր­տու­թեան երաժշ­տա­կան դաստ­ի­ա­րա­կու­թեան նշա­նա­կու­թիւնը, շեշ­տե­լով որ “բո­լո­րը պէտք է երաժշ­տու­թիւն սոր­վին“:

Դո­պա­դի մէջ ձեռք բե­րած եւ­րո­պա­կան երաժշ­տու­թեան գի­տե­լիք­նե­րը, Խա­չա­տուր Աբով­եան մօտ լայն ցան­կու­թիւն արթն­ցու­ցած են, զբա­ղե­լու հայ­րե­նի երաժշ­տու­թեան ձայ­նագր­ման եւ ու­սում­նա­սի­րու­թեան գոր­ծով: Ան շատ բարձր է գնա­հա­տած հայ ժո­ղովր­դա­կան, աշու­ղա­կան եւ եկե­ղե­ցա­կան երաժշ­տու­թիւնը: “Հօ, լսած ես շատ ան­գամ եր­գի ձայն, ըսէ, քու սազն ու պա­յա­թի՞ն քե­զի հա­ճե­լի է, թէ այն միւ­սը“, հարց կու տայ Աբով­եան: Իսկ, ու­րիշ առի­թով, խօ­սե­լով հայ հո­գե­ւոր եր­գե­րու մա­սին, ան շեշ­տած է, թէ “մեր եկե­ղեց­ւոյ երաժշ­տու­թիւն ամե­նա­կա­տար­եալն է“:

Խա­չա­տուր Աբով­եան իր ելոյ­թի ըն­թաց­քին կ՛աւելց­նէ, ըսե­լով “Հայ­տը­նի, Հեն­տե­լի, Վե­պե­րի, Մո­ցար­դի ամե­նա­գե­ղե­ցիկ եր­գե­րը դժուար թէ կա­րո­ղա­նա­յին աչ­քե­րէս` այն­պի­սի ար­ցունք­ներ, ներ­սէս` այն­պի­սի խոր հա­ռա­չանք­ներ հա­նել, ինչ­պէս այդ պարզ երե­խա­յա­կան թո­թո­վան­քը“:

Այ­դու­հան­դերձ, 19րդ դա­րու առա­ջին կէ­սի ըն­թաց­քին թէ­եւ կա­տար­ուե­ցան որոշ տե­ղա­շա­հեր, հան­դէս եկան առա­ջին երաժշ­տա­կան գոր­ծիչ­նե­րը, ստեղծ­ուե­ցաւ Լի­մոնճ­եա­նի հա­մա­կար­գը, կա­տար­ուե­ցան ստեղ­ծա­գոր­ծա­կան առա­ջին փոր­ձե­րը, սա­կայն հայ­կա­կան մաս­նա­գի­տա­կան երաժշ­տու­թիւնը տա­կա­ւին չէր ձե­ւա­ւոր­ուած եւ այդ մա­կար­դա­կին հաս­նե­լու հա­մար, բա­ւա­կան եր­կար ժա­մա­նակ պէտք էր:

Կա­տար­ուած նա­խա­պատ­րաս­տա­կան աշ­խա­տանքն իր նշա­նա­կու­թիւնն ու­նե­ցաւ դա­րու երկ­րորդ կի­սուն, հայ երաժշ­տա­կան մշա­կոյ­թի զար­գա­ցու­մը խթա­նե­լու տե­սա­կէ­տէն:

 

 

ՀԱՅ ԿԵԴՐՈՆ ԵՒ ԽԱՉՔԱՐ` ՉԻ­ՆԱՍ­ՏԱ­ՆԻ ՄԷՋ

$
0
0

p10 cinasdan Վեր­ջերս, Չի­նաս­տան այ­ցե­լեց Ամե­նայն Հա­յոց Կա­թո­ղի­կոս Գա­րե­գին Բ. եւ հան­դի­պում­ներ ու­նե­ցաւ Չի­նաս­տան բնա­կող հայ հա­մայն­քի ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­նե­րուն հետ, որոնց հետ քննար­կած հա­մայն­քի կազ­մա­կերպ­ման խնդիր­նե­րը: Վե­հա­փառ հայ­րա­պե­տը այ­ցե­լեց տեղ­ւոյն Հա­յաս­տա­նի դես­պա­նու­թիւն եւ բա­ցու­մը կա­տա­րեց, շրջա­կայ­քէն ներս հաս­տատ­ուած խաչ­քա­րին: Միւս կող­մէ, Նո­յեմ­բեր 9-ին, Հոնկ Քոն­կի մէջ տե­ղի ու­նե­ցաւ “Ճէք եւ Ճու­լի Մաքս­եան“ հայ­կա­կան կեդ­րո­նի բաց­ման պաշ­տօ­նա­կան արա­րո­ղու­թիւնը` մաս­նակ­ցու­թեամբ շուրջ հա­րիւր հա­յոր­դի­նե­րու: Արա­րո­ղու­թեան ներ­կայ էր Գա­րե­գին Բ. Կա­թո­ղի­կո­սը, որ օծեց կեդ­րո­նին մէջ տե­ղադր­ուած Աստ­ուա­ծա­մօր սրբա­պատ­կե­րը եւ վէմ քա­րը` իր օրհ­նու­թիւնն ու պատ­գա­մը փո­խան­ցե­լով ներ­կա­նե­րուն: p10 khongkongԱյս առի­թով ելոյթ ու­նե­ցաւ Չի­նաս­տա­նի մէջ Հա­յաս­տա­նի դես­պան Ար­մէն Սարգս­եա­նը, որ կա­րե­ւոր նկա­տեց հայ­կա­կան կեդ­րո­նի ստեղ­ծու­մը` յոյս յայտ­նե­լով, որ անի­կա խթան պի­տի հան­դի­սա­նայ Չի­նաս­տա­նի եւ ամ­բողջ տա­րա­ծաշր­ջա­նի հա­յե­րը մի­ա­ւո­րե­լու եւ Հա­յաս­տա­նէն հե­ռու գտնուող մեր հայ­րե­նա­կից­նե­րուն ազ­գա­յին աւան­դու­թիւն­ներն ու դի­մա­գի­ծը պահ­պա­նե­լու իմաս­տով: Նա­եւ, այս առ­թիւ, կա­տար­ուե­ցաւ սուրբ պա­տա­րագ: Գա­լի­ֆորն­իոյ հա­մալ­սա­րա­նի դա­սա­խօս, փրոֆ. Սե­պուհ Աս­լան­եան դա­սա­խօ­սու­թիւն տուաւ Նոր Ջու­ղա­յի հայ վա­ճա­ռա­կան­նե­րուն կող­մէ ժա­մա­նա­կին ստեղծ­ուած հա­մաշ­խար­հա­յին առեւտ­րա­կան ցան­ցին մա­սին: Այ­նու­հե­տեւ տե­ղի ու­նե­ցաւ տա­րա­ծաշր­ջա­նին մէջ առա­ջին հայ հա­մայն­քա­յին կա­ռոյ­ցին` “Չի­նաս­տա­նի հայ հա­մայն­քի“ անդ­րա­նիկ նիս­տը, որուն ըն­թաց­քին հաս­տատ­ուե­ցաւ կազ­մա­կեր­պու­թեան հիմ­նա­դիր ար­ձա­նագ­րու­թիւնն ու կա­ռուց­ուած­քը, ապա ընտր­ուե­ցան ղե­կա­վար մար­մին­նե­րը` նա­խա­ձեռ­նու­թեան հե­ղի­նակ­նե­րէն Հեն­րի Արս­լան­եա­նի գլխա­ւո­րու­թեամբ:

ՆԱ­ՄԱԿ “ԳՐԱ­ԿԱՆ ԹԵՐԹ“Ի ԽՄԲԱԳ­ՐՈՒ­ԹԵԱՆ

$
0
0

grakan-tert1

ՎԱՐ­ԴԱՆ ՄԱՏ­ԹԷ­ՈՍ­ԵԱՆ

 

Այս նա­մա­կը գրուած է Հա­յաս­տա­նի Գրող­նե­րու Միու­թեան վեր­ջին ար­տա­կարգ հա­մա­գու­մա­րէն (Հոկ­տեմ­բեր 20) ան­մի­ջա­պէս ետք եւ յանձնո­ւած “Գրա­կան Թերթ“ին` առ ի հրա­տա­րա­կու­թիւն, սա­կայն մին­չեւ օրս մնա­ցած է ան­տիպ: Կը հրա­տա­րա­կենք զայն իր ճիշդ ախ­տա­ճա­նա­չում­նե­րուն եւ դի­պուկ ար­տա­յայ­տու­թիւն­նե­րուն հա­մար: Թե­րեւս պատ­մա­կան-քա­ղա­քա­կան հիմ­քե­րով կա­րե­լի է վի­ճիլ, որ “Ար­ցա­խը, փաս­տօ­րէն, Սփիւռք է“, բայց եթէ հաշ­ուի առ­նենք վեր­ջին տա­րի­նե­րուն զար­գա­ցած “տե­ղայ­նա­կան“ ան­տե­ղի բա­նակ­ռիւ­նե­րը` “երե­ւան­ցի-ղա­րա­բաղ­ցի“ եւ նման հար­ցե­րու պա­րա­գա­յին, այս հաս­տա­տումն ալ մտա­ծե­լու տե­ղի կու տայ:

Ի դէպ, մենք ալ Երե­ւան կը գտնուէ­ինք այդ օրե­րուն եւ սկիզ­բը մտա­ծե­ցինք հա­մա­գու­մա­րին ներ­կայ ըլ­լալ առ ի հե­տաքրք­րու­թիւն, բայց, կան­խա­տե­սե­լով տե­ղի ու­նե­նա­լիք կագ ու կռիւը, որո­շե­ցինք մեր ժա­մա­նա­կը չվատ­նել: Մաս­նա­կից­նե­րու անձ­նա­կան վկա­յու­թիւն­նե­րը, նոյն գի­շեր­ուան հե­ռա­տե­սի­լի հա­ղոր­դում­նե­րը եւ յա­ջորդ օրե­րու լրագ­րա­կան տե­ղե­կատ­ուու­թիւն­նե­րը մեզ հա­մո­զե­ցին, որ մեր որո­շու­մը ճիշդ էր. նա­խընտ­րե­լի էր երե­ւան­եան ոս­կի աշու­նը վա­յե­լել եւ Էրե­բունիի թան­գա­րա­նը այ­ցե­լել, քան թէ սփիւռ­քա­հա­յե­րու հան­դէպ ան­բար­եա­ցա­կամ ու ան­հան­դուր­ժե­լի ելոյթ­նե­րու ակա­նա­տես ըլ­լալ` “ընտ­րա­զանգ­ուած“ ըլ­լա­լու կամ “ար­տա­սահ­մա­նում առօք-փա­ռօք ապ­րեն ու մեր հար­ցե­րը որո­շեն“ նախ­նա­միտ պատր­ուակ­նե­րու լոյ­սին տակ…:

 

Յար­գե­լի խմբա­գիր,

 

Հոկ­տեմ­բե­րի 20-ին, առիթ ու­նե­ցայ ներ­կայ լի­նե­լու Հա­յաս­տա­նի Գրող­նե­րի Միու­թեան ար­տա­հերթ հա­մա­գու­մա­րին, որից, ցա­ւօք, հե­ռա­ցայ հի­աս­թափ­ուած եւ փոքր-ինչ դառ­նա­ցած: Պատ­ճառն այն չէր, որ այս ան­գամ եւս մեր գրող­նե­րից շա­տերն ան­յար­գա­լից էին մէ­կը միւ­սի նկատ­մամբ: Նա­խա­վեր­ջին հա­մա­գու­մա­րին եւս մաս­նակ­ցե­լու պա­տիւ ու­նե­ցել էի եւ ակա­նա­տես եղել այդ երե­ւոյ­թին: Ինձ զար­մաց­րեց որոշ ճա­նաչ­ուած մտա­ւո­րա­կան­նե­րի, նոյ­նիսկ ղե­կա­վար պաշ­տօն­ներ զբա­ղեց­րած որոշ ան­հատ­նե­րի ոչ պատ­շաճ վե­րա­բեր­մուն­քը, ան­յար­գան­քը հա­մա­գու­մա­րի ըն­դուն­ուած կար­գի հան­դէպ: Ապ­շեց­նո­ղը եւ ցա­ւա­լին, սա­կայն, մեր գրող­նե­րի մէկ մա­սի բա­ցա­սա­կան վե­րա­բեր­մունքն ու ելոյթ­ներն էին, ուղղ­ուած… Սփիւռ­քի դէմ:

2007 թուա­կա­նից Հա­յաս­տա­նի Գրող­նե­րի Միու­թեան սփիւռ­քա­հայ ան­դամ եմ: Քա­նի որ թէ՛ ծննդով, թէ՛ հո­գով հա­յաս­տան­ցի եմ, չնա­յած այն հան­գա­ման­քին, որ 30 տա­րուց աւե­լի գտնւում եմ ար­տերկ­րում եւ գրա­կան գոր­ծու­նէ­ու­թիւնս, փաս­տօ­րէն սկսել եմ ծա­ւա­լել այն­տեղ, մինչ այ­սօր ընդվ­զում էի “սփիւռ­քա­հայ“ կոչ­ուե­լու դէմ: Այ­սօր, սա­կայն, սկսե­ցի ընդվ­զել սփիւռ­քա­հա­յե­րի դէմ բարձ­րա­կոչ աղա­ղա­կող­նե­րի դէմ: Այդ ան­ձիք մո­ռա­նո՞ւմ են որ Հա­յաս­տա­նի բնակ­չու­թեան զգա­լի մա­սը գո­յա­տե­ւում է Սփիւռ­քից ստաց­ուած փո­խան­ցում­նե­րով եւ նուի­րատ­ուու­թիւն­նե­րով: Արդ­եօք գի­տե՞ն, որ շատ սփիւռ­քա­հայ գրող­ներ նա­խընտ­րում են տպագրուել Հա­յաս­տա­նում եւ ան­հա­տա­պէս հո­գա­լով տպագ­րու­թեան հետ կապ­ուած ծախ­սե­րը` նիւ­թա­պէս օգ­նում են հրա­տա­րա­կիչ­նե­րին, խմբա­գիր­նե­րին, թարգ­մա­նիչ­նե­րին, ձե­ւա­ւո­րող­նե­րին եւ այ­լոց, “պետ­պատ­ուէր“ի հնա­րա­ւո­րու­թիւնը թող­նե­լով տե­ղա­կան ստեղ­ծա­գոր­ծող­նե­րին: Ին­չո՞ւ նման դէպ­քե­րում որե­ւէ մէ­կը չի ընդվ­զում. “Թող Սփիւռ­քը չխառն­ուի մեր գոր­ծե­րին“: Եթէ սփիւռ­քա­հայ մէ­կը ցան­կա­նայ մեծ նուի­րատ­ուու­թիւն անել Հա­յաս­տա­նի Գրող­նե­րի Միու­թեա­նը, արդ­եօք այդ ժա­մա­նա՞կ էլ այս հա­կաս­փիւռ­քա­հայ ամ­բո­խը կը բոր­բոք­ուի. “Չե՛նք ու­զում, թող մեր գոր­ծե­րին չխառն­ուեն“: Իսկ ո՞ւր էին այս ան­ձիք, երբ ըն­դա­մէ­նը մի քա­նի ամիս առաջ նոր կա­նո­նադ­րու­թիւն էր ըն­դուն­ւում, որում ձայ­նի` ընտ­րե­լու իրա­ւունք էին ստա­նում սփիւռ­քա­հայ գրող­նե­րը: Ի հար­կէ, տրա­մա­բա­նա­կան է, որ Հա­յաս­տա­նում չբնա­կուո­ղը միու­թեան ղե­կա­վար մար­մին­նե­րում ընտր­ուե­լու իրա­ւունք չպէտք է ու­նե­նայ:

Եւ վեր­ջա­պէս չմո­ռա­նանք, որ Ար­ցա­խը, փաս­տօ­րէն, նոյն­պէս Սփիւռք է, ինչ­պէս Սփիւռք են նախ­կին խորհր­դա­յին հան­րա­պե­տու­թիւն­նե­րում, յատ­կա­պէս վեր­ջին տա­րի­նե­րին Ռու­սաս­տա­նի Դաշ­նու­թիւ­նում յայտն­ուած մեր ստեղ­ծա­գոր­ծող գրող­նե­րը: Սփիւռ­քի հայ գրող­նե­րին Հա­յաս­տա­նի Գրող­նե­րի Միու­թիւ­նից “Ձեռք­ներդ հե­ռու“ պա­հե­լու փո­խա­րէն աւե­լի լաւ է մտա­ծել մեր կա­պե­րը շա­րու­նա­կե­լու, աւե­լի սեր­տաց­նե­լու, փո­խա­դարձ շա­հա­ւէտ գոր­ծու­նէ­ու­թիւն (հան­դի­պում­ներ Սփիւռ­քում եւ Հա­յաս­տա­նում, այս­տեղ կամ ար­տերկ­րում հրա­տա­րակ­ուած հայ հե­ղի­նակ­նե­րի գոր­ծե­րի պրո­պա­գան­դում, լու­սա­բա­նում, թարգ­մա­նու­թիւն եւ այլն) ծա­ւա­լե­լու օգ­նու­թեամբ:

Օգտ­ուե­լով առի­թից, շնոր­հա­ւո­րում եմ Պ. Մի­լի­տոն­եա­նին եւ մաղ­թում բեղմ­նա­ւոր աշ­խա­տանք:

 

ԵՐ­ԱԺՇ­ՏԱ­ԿԱՆ ԵՐԵ­ԿՈՅ` Ի ՅԻ­ՇԱ­ՏԱԿ ՓՕԼ ՄՈ­ԹԵԱ­ՆԻ

$
0
0

p11 AGBU_Armenian_Jazz02

 

p11 (2)  Կի­րա­կի, Հոկ­տեմ­բեր 27-ին, Հ.Բ.Ը.Մ.-ի կազ­մա­կեր­պու­թեամբ, Նիւ Եոր­քի Le Poisson Rouge սրա­հին, տե­ղի ու­նե­ցաւ իւ­րա­յա­տուկ երաժշ­տա­կան երե­կոյ մը, ի յի­շա­տակ հա­յազ­գի հան­րա­ծա­նօթ թմբկա­հար Փօլ Մո­թեա­նի, որուն մահ­ուան երկ­րորդ տա­րե­լիցն է: Ար­դա­րեւ, Նո­յեմ­բեր 22, 2011-ին, յետ ոսկ­րա­ծու­ծի բար­դոյթ­նե­րու ար­դիւնք, ութ­սուն տա­րե­կան հա­սա­կին, իր մահ­կա­նա­ցուն կնքած էր  հան­րա­ծա­նօթ թմբկա­հար Փօլ Մո­թեա­նը (ծա­նօթ` Մո­շըն հնչու­մով), սու­գի մատ­նե­լով հար­ուա­ծա­յին գոր­ծիք­նե­րու աշ­խար­հը:

Այս առ­թիւ, հրա­ւիր­ուած էր հար­ուա­ծա­յին գոր­ծիք­նե­րու մաս­նա­գէտ Ար­թօ Թիւնչ­պո­յաճ­եան, որ նա­խա­պէս գոր­ծակ­ցած էր Մո­թեա­նի հետ: Անոր կող­քին, ելոյթ  ու­նե­ցան երի­տա­սարդ ապա­գայ խոս­տա­ցող ար­ուես­տա­գէտ­ներ` Նորա Կա­րա­պետ­եան (բամբ ջու­թակ), Մայ­քըլ Սար­եան (փող), Լիւ­սի Եղ­ի­ա­զար­եան (ջու­թակ եւ եր­գե­ցո­ղու­թիւն) եւ Տա­թեւ Եղ­ի­ա­զար­եան (դաշ­նակ եւ եր­գե­ցո­ղու­թիւն):p11 AGBU_Armenian_Jazz03

Աւե­լի քան երեք հա­րիւր ներ­կա­ներ ըմ­բոշխ­նե­ցին հրամց­ուած յայ­տա­գի­րը, որ կ՛ընդգր­կէր Մո­թեա­նի գոր­ծե­րէն մաս մը, յատ­կա­պէս “Քրենս­թը­նի Բու“ (Owl of Cranston):

p11 AGBU_Armenian_Jazz04 Հա­յոց Ցե­ղաս­պա­նու­թէ­նէն ճո­ղոպ­րած եւ Քու­պա­յի ճամ­բով Մի­աց­եալ Նա­հանգ­ներ ժա­մա­նած ըն­տա­նի­քի զա­ւակ է Ստե­փան Պօ­ղոս Մո­թեա­նը: Ծնած Մարտ 25, 1931-ին Ֆի­լա­տելֆ­իոյ մէջ եւ ապա փո­խադր­ուած` Փրո­վի­տէնս: 2004-էն ի վեր, Մո­թեան կը մեր­ժէր Նիւ Եոր­քէն հե­ռա­նալ եւ նոյ­նիսկ կարճ ճամ­բոր­դու­թիւն­ներ կա­տա­րել: Մին­չեւ վեր­ջերս, ան կը շա­րու­նա­կէր իր ելոյթ­նե­րը, Նիւ Եոր­քի հան­րա­ծա­նօթ ճա­զի ակումբ­նե­րուն մէջ, ըն­կե­րակ­ցե­լով հոն ժա­մա­նող աստ­ղե­րուն:

Նա­խա­պէս, փոքր տա­րի­քին, կի­թա­րի լա­րա­յին աշ­խար­հը զինք կը հե­տաքրք­րէր, սա­կայն թմբուկն է որ եղած էր իր մաս­նա­գի­տու­թիւնը:

Ան հռչա­կա­ւոր դաշ­նա­կա­հար Պիլ Էվըն­զի հետ գոր­ծակ­ցած է, նա­եւ բազ­միցս ելոյթ­ներ ու­նե­ցած դաշ­նա­կա­հար Քիթ Ճա­րէ­թի, Ճօ Լո­վա­նո­յի, կի­թա­րա­հար Պիլ Ֆրի­զէ­լի, իտա­լա­ցի դաշ­նա­կա­հար Էն­րի­քօ Փի­ե­ռա­նունսիի եւ այ­լոց հետ:

Հ.Բ.Ը.Մ.-ի պա­տաս­խա­նա­տու­նե­րէն Հայկ Ար­սէն­եան յայտ­նեց, թէ այս ձեռ­նար­կը յա­ջո­ղու­թիւն մըն է, մա­նա­ւանդ որ ճազ բնա­գա­ւա­ռէն ներս, հա­մե­մա­տա­բար շատ հա­մոյթ­ներ չեն կազ­մա­կերպ­ուիր:

 

ԱՆ­ԹԱ­ՌԱՄ­ԵԱՆ-ՀՈՖ­ՄԱ­ՆԻ ԴԱ­ՍԱ­ԽՕ­ՍՈՒ­ԹԻՒՆԸ` ՆԻՒ ԵՈՐ­ՔՈՒՄ

$
0
0

P11

ԱՐԵՒԻԿ ԳԱԲՐԻԷԼԵԱՆ

Որե­ւէ ար­տա­կարգ ձեռ­նար­կի ներ­կայ գտնուե­լու հա­ճոյ­քը կար­ծել է տա­լիս, թէ այդ ձեռ­նար­կի մա­սին գրե­լը շատ հեշտ կը լի­նի: Բայց այդ “հեշտ“ը լոկ թուաց­եալ է ու իս­կոյն չքա­նում է ի տես սպի­տակ թղթի, որը անո­ղո­քա­բար ստի­պում է մտա­ծել սպառ­նա­ցող վտանգ­նե­րի մա­սին: Օրի­նակ, ին­չի՞ց սկսել ու ինչ­պէ՞ս նկա­րագ­րել դա­սա­խօ­սի ման­րակր­կիտ, լուրջ ու­սում­նա­սի­րու­թիւն­նե­րը,  բծախնդ­րօ­րէն հա­ւա­քած հա­րուստ արխիւա­յին նիւ­թե­րը` ձե­ռագ­րեր, յու­շեր, փաս­տաթղ­թեր, լու­սան­կար­ներ եւ ի վեր­ջոյ նրա նուի­րու­մը իր ներ­կա­յաց­րած նիւ­թին ու յար­գան­քը ունկնդ­րի հան­դէպ: Ահա, ջրիկ հի­ա­ցա­կան ոճը պատ­րաստ է ներ­խու­ժե­լու, էլ չա­սած գե­րադ­րա­կան աս­տի­ճա­նի չա­րա­շահ­ման վտանգն ու սպառ­նա­լի­քը: Մի­եւ­նոյն ժա­մա­նակ, տու­եալ դա­սա­խօ­սու­թեան մա­սին զուսպ ու կա­նո­նա­ւոր լրագ­րո­ղա­կան ոճով գրելն ուղ­ղա­կի անար­դար կը լի­նի: Երե­ւի, կազ­մա­կեր­պող­նե­րին ուղղ­ուած շնոր­հա­կա­լա­կան խօս­քից սկսե­լը կ՛օգ­նի այս կա­ցու­թիւ­նից դուրս գա­լուն:P11 nyc2

Նո­յեմ­բե­րի 8-ին, Սուրբ Լու­սա­ւո­րիչ Մայր Եկե­ղե­ցում ով­քեր որ ներ­կայ էին Հէյ­զըլ Ան­թա­ռամ­եան – Հոֆ­մա­նի “Հայ­րե­նա­դար­ձու­թիւն եւ խաբ­կանք. Բ. Հա­մաշ­խար­հա­յին պա­տե­րազ­մից յե­տոյ, դէ­պի Խորհր­դա­յին Հա­յաս­տան ներ­գաղ­թը“ դա­սա­խօ­սու­թեա­նը, ամէ­նից առաջ շնոր­հա­կալ են դա­սա­խօ­սին, ինչ­պէս նա­եւ կազ­մա­կեր­պող մարմ­նին` Հա­մազ­գա­յին Հայ Կրթա­կան եւ Մշա­կու­թա­յին Միու­թեան Նիւ Եոր­քի մաս­նա­ճիւ­ղի վար­չու­թեա­նը եւ տե­ւա­բար մշա­կու­թա­յին ձեռ­նարկ­նե­րին սա­տա­րող ու հիւ­րըն­կա­լող Տէր Մես­րոպ Քա­հա­նայ Լա­գիս­եա­նին, հո­վիւ Ման­հա­թը­նի Սուրբ Լու­սա­ւո­րիչ Մայր եկե­ղե­ցու:

Հա­մազ­գա­յի­նի անու­նից բաց­ման ու բա­րի գա­լուս­տի խօսք ասաց մաս­նա­ճիւ­ղի փո­խա­տե­նա­պե­տու­հի Տիկ. Աստ­ղիկ Սե­ւա­կը: Փակ­ման խօս­քով հան­դէս եկաւ Տէր Մես­րոպ Քա­հա­նայ Լա­գիս­եա­նը, որի պատ­գա­մը ինչ­պէս միշտ խո­հուն ու քա­ջա­լե­րա­կան էր:

Հ. Ան­թա­ռամ­եան Հոֆ­մա­նի տպա­ւո­րիչ նուա­ճում­նե­րին (այ­ցե­լել.- www.hazelantaramhof.com)  ծա­նօթ լի­նե­լով, հա­մա­պա­տաս­խա­նա­բար, մեծ սպա­սում­ներ ու­նէ­ինք, սա­կայն նա գե­րա­զան­ցեց բո­լո­րիս ակ­նա­կա­լած բարձր մա­կար­դա­կը: Նախ` տրուած տե­ղե­կու­թիւն­նե­րը բա­ւա­րար էին առան­ձին գրքի բո­վան­դա­կու­թիւն ապա­հո­վե­լու հա­մար: Ապա նիւ­թե­րը ներ­կա­յաց­ուե­ցին բազ­մա­կող­մանի­օ­րէն` արխիւա­յին փաս­տաթղ­թե­րի ու լու­սան­կար­նե­րի, վա­ւե­րագ­րա­կան շար­ժա­պատ­կեր­նե­րի ու ներ­գաղ­թող­նե­րի հետ հար­ցազ­րոյց­նե­րի մի­ջո­ցով: Ունկնդ­րի հա­մար պարզ էր, թէ ինչ­պի­սի նպա­տա­կաս­լաց նուի­րու­մով է այս ամէ­նը ի մի բեր­ուել, վե­րա­կանգ­նե­լու հա­մար ներ­գաղ­թի ու հայ­րե­նա­դարձ­նե­րի իրա­կա՛ն, ոչ թէ պճնուած պատ­մու­թիւնը: Մի քա­նի երկր­նե­րից ներ­գաղ­թած հա­զա­րա­ւոր հա­յե­րի ճա­կա­տագ­րե­րի պա­տում… Դա­սա­խօ­սը պատ­կե­րեց 1947 և 1949 թուա­կան­նե­րի ներ­գաղ­թը Խորհր­դա­յին Հա­յաս­տան սկսած լայն քա­ղա­քա­կան մի­ջա­վայ­րից մին­չեւ Հա­յաս­տա­նի կա­ցու­թիւնը, ապա ներ­գաղ­թի կազ­մա­կերպ­ման դրդա­պատ­ճառ­նե­րից մին­չեւ զատ-զատ ըն­տա­նիք­նե­րի եւ նոյ­նիսկ ան­հատ­նե­րի վկա­յու­թիւն­նե­րը: Ասես, բո­լո­րիս տե­ղա­փո­խեց մեր պատ­մու­թեան այդ կա­րե­ւոր ու խրդին հատ­ուա­ծը, որի ազ­դե­ցու­թիւնն մինչ այժմ էլ առ­կայ է ինչ­պէս հայ­րե­նաբ­նակ, այն­պէս էլ հայ­րե­նա­դարձ ու սփիւռ­քաբ­նակ հա­յե­րի վրայ: Տե­սա­նիւ­թե­րը մե­ծա­պէս հարս­տաց­րին դա­սա­խօ­սու­թիւնը, ունկնդ­րին բա­ցա­ռիկ հնա­րա­ւո­րու­թիւն ըն­ձեռ­նե­լով թէ՛ վա­յե­լե­լու մա­տուց­ուա­ծը, թէ՛ շատ բան սո­վո­րե­լու: (Վեր­ջին ան­գամ այդ ե՞րբ է եղել, որ նոր բան սո­վո­րենք ու ձանձ­րոյ­թից չըն­դար­մա­նանք ծամծմ­ուած նիւ­թե­րի մա­սին դա­սա­խօսու­թիւն­նե­րին):  Հ. Ան­թա­ռամ­եան – Հոֆ­մա­նը, իր ժա­մա­նա­կը չզլա­ցաւ տրա­մադ­րել նա­եւ ներ­կա­նե­րի հար­ցե­րին  հան­գա­մա­նօ­րէն պա­տաս­խա­նե­լուն:

Ներ­գաղ­թը, ապա նա­եւ հայ­րե­նա­դարձ­նե­րի ար­տա­գաղ­թը ազ­գա­յին առ­մամբ ցա­ւոտ ու նոյ­նիսկ ցաւ պատ­ճա­ռող երե­ւոյթ­ներ են: Սքան­չե­լի է, որ Հեյ­զը­լը‘ եր­կու հայ­րե­նա­դարձ­նե­րի դուստ­րը, որը ծնուել է Երե­ւա­նում, սա­կայն ըն­դա­մէ­նը հինգ տա­րե­կան է եղել, երբ ըն­տա­նի­քը փո­խադր­ուել է Ա.Մ.Ն., քա­ջու­թիւնն ու համ­բե­րու­թիւնը ու­նի այս­քան խո­րը կեր­պով ու­սում­նա­սի­րել մեր ազ­գա­յին պատ­մու­թեան այս կա­րե­ւոր ժա­մա­նա­կաշր­ջա­նը: Ոչ միայն ու­սում­նա­սի­րել, այ­լեւ ի մի բե­րել աղ­բիւր­նե­րը, անձ­նա­կան վկա­յու­թիւն­նե­րը, յու­շե­րը, որոնք, միայն ըն­տա­նե­կան շրջա­նա­կում կը լսուէ­ին, ապա ան­կաս­կած, ժա­մա­նա­կի ըն­թաց­քում կա­մաց-կա­մաց կը գու­նա­թափ­ուէ­ին ու մի օր էլ կը չքա­նա­յին: Ուս­տի‘ կրկին շնոր­հա­կա­լու­թիւն Հէյ­զը­լին մեր պատ­մու­թեան այս պա­տա­ռի­կը փրկե­լու հա­մար:

 

Հ.Մ.Ը.Մ.Ը Ի՞ՆՉ­ՊԷՍ ԱՒԵ­ԼԻ ԳՐԱ­ՒԻՉ ԴԱՐՁ­ՆԵԼ ԵՐԻ­ՏԱ­ՍԱՐԴ ՂԵ­ԿԱ­ՎԱՐ­ՆԵ­ՐՈՒ.- ՄԵՐ ՀԻՄ­ՆԱ­ԴԻՐ ԴԷՄ­ՔԵ­ՐԷՆ Ի՞ՆՉ ԿՐՆԱՆՔ ՍՈՐ­ՎԻԼ

$
0
0

hmem  ՏՈՔԹ. ՇԱՀԷ ԵՆԻԳՈՄՇԵԱՆ

Հա­մաշ­խար­հայ­նա­ցու­մը եւ ար­դի ար­հես­տա­գի­տու­թիւնը սկսած են փո­խել ղե­կա­վա­րու­թեան դիր­քեր հաս­նե­լու խա­ղի օրէնք­նե­րը: Ան­կաս­կած որ փոր­ձա­ռու­թիւնը հաշ­ուի կ՛առն­ուի, անհ­րա­ժեշտ է, բայց այ­լեւս չու­նի անց­եա­լի իր առաջ­նա­հեր­թու­թիւնը: Նոր, թարմ մտա­ծո­ղու­թիւնը եւ յար­մա­րե­լու կա­րո­ղու­թիւնը աւե­լի կա­րե­ւոր յատ­կա­նիշ­ներ են: Մենք ակա­նա­տես կ՛ըլ­լանք մեծ հաս­տա­տու­թիւն­նե­րու ղե­կին երի­տա­սարդ առաջ­նորդ­նե­րու յատ­կան­շա­կան թիւի մը յայտ­նու­թեան, եւ զար­մա­նա­լի չէ, որ կ՛ապ­րինք ժա­մա­նա­կի մը մէջ, ուր եր­բեմն երի­տա­սարդ եւ աւե­լի փոր­ձա­ռու սե­րունդ­ներ իրա­րու հետ շփում կ՛ու­նե­նան եւ հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թիւնը կը գե­րիշ­խէ, եւ այլ պա­րա­գա­ներ ուր հա­ղոր­դակ­ցու­թեան պա­կա­սը կը տի­րէ:

 

ՊԱՏ­ՄՈՒ­ԹԻՒՆԸ ԿՐՆԱՅ ՕՐԻ­ՆԱԿ ԾԱ­ՌԱ­ՅԵԼ

 

hmem1Հ.Մ.Ը.Մ., որե­ւէ այլ կազ­մա­կեր­պու­թեան նման, նման եղա­փո­խու­թե­նէ մը կ՛անց­նի: Մենք կը քա­ջա­լե­րենք երի­տա­սարդ նոր սե­րուն­դը, որ­պէս­զի աւե­լի մաս­նա­կից դառ­նայ միու­թե­նա­կան մեր կեան­քին: Հա­կա­ռակ այն իրո­ղու­թեան, որ ոե­ւէ ղե­կա­վար, երի­տա­սարդ կամ հա­սուն տա­րի­քի, պէտք է ամ­բող­ջաց­նէ հիմ­նա­կան չա­փա­նիշ­նե­րը առա­քե­լու­թեան մը հա­ւա­տա­լու եւ նուիր­ուե­լու, մե­զի նման կազ­մա­կեր­պու­թիւն­նե­րու գոր­ծին յա­ջո­ղու­թիւնը աւե­լի եւս կախ­եալ է հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թեան մշա­կոյ­թին վրայ ազ­դող գոր­ծօն­նե­րէն:

Մեզ կը հի­աց­նէ այն փաս­տը, թէ Հ.Մ.Ը.Մ.ի հիմ­նա­դիր դէմ­քե­րը որ­քան ատակ էին: Ի դէպ, 20-րդ դա­րու սկիզ­բի մար­տահ­րա­ւէր­նե­րը դի­մագ­րա­ւե­լու մեր հիմ­նա­դիր­նե­րուն մի­ջոց­նե­րը կրնան օգ­տա­կար ըլ­լալ լու­ծե­լու նա­եւ 21-րդ դա­րու սկիզ­բի մեր կարգ մը մար­տահ­րա­ւէր­նե­րը: Ըն­կե­րու­թիւնը բա­րե­փո­խե­լու նպա­տա­կով հա­յու­թեան կեան­քին մէջ մարմ­նակր­թու­թիւնը ներ­մու­ծե­լու Շա­ւարշ Քրիս­եա­նի կիր­քէն, եռան­դէն մին­չեւ Գրի­գոր Յա­կոբ­եան, որ ղե­կա­վա­րեց մեր կազ­մա­կեր­պու­թեան մի­ա­ձու­լու­մը եւ եղաւ հայ ազ­գա­յին ար­ի­ա­պետ, չմոռ­նա­լով նա­եւ Յով­հան­նէս Հինդլ­եա­նի գա­ղա­փա­րա­կան ներդ­րու­մը, առաջ­նոր­դու­թիւնը եւ իմաս­տու­թիւնը, այ­սօր­ուան սե­րուն­դը, երի­տա­սարդ եւ տա­րեց, շատ բան ու­նի սոր­վե­լիք հիմ­նա­դիր դէմ­քե­րու իրա­րու հետ գոր­ծակ­ցու­թեան եղա­նա­կէն:

Ին­չո՞ւ է որ Շա­ւարշ Քրիս­եան, Գրի­գոր Յա­կոբ­եան եւ Յով­հան­նէս Հինդլ­եան աներկ­բա­յօ­րէն եւ ար­դա­րօ­րէն նկատ­ուած են Հ.Մ.Ը.Մ.ի երեք ճար­տա­րա­պետ­ներն ու հիմ­նա­դիր­նե­րը: Պա­տաս­խա­նը կը գտնուի այն փաս­տին մէջ, որ երեքն ալ զի­րար կը լրաց­նեն ու կ՛ամ­բող­ջաց­նեն: Երեքն ալ հա­ւա­տա­ցած են նոր, թարմ գա­ղա­փար­նե­րու եւ յար­մա­րած են 20-րդ դա­րասկզ­բի կա­րիք­նե­րուն: Անոնք ար­ժէք­նե­րու հան­դէպ ընդ­հան­րա­կան հա­ւատք մը ու­նէ­ին եւ մեծ կո­րո­վով կ՛աշ­խա­տէ­ին: Նոյն տե­սիլ­քը ու­նե­նա­լով հան­դերձ, սա­կայն, իւ­րա­քան­չիւ­րը ար­մա­տա­կան եւ ան­զու­գա­կան ներդ­րում ու­նե­ցաւ միու­թեան կեան­քին մէջ: Անոնք յա­ջո­ղե­ցան, որով­հե­տեւ իրա­րու հետ գոր­ծակ­ցե­ցան:

ԵՐԻ­ՏԱ­ՍԱՐ­ԴՈՒ­ԹԵԱՆ ԹԱՐՄ ՄՏԱ­ԾՈ­ՂՈՒ­ԹԻՒՆԸ ԵՒ ԿՈ­ՐՈ­ՎԸ

Հ.Մ.Ը.Մ. հիմն­ուե­ցաւ 1918-ին, բայց նա­խոր­դող տա­րի­նե­րը` 1910-1914 ամէ­նէն կազ­մա­կերպ­չա­կան տա­րի­ներն էին: 1910 թուա­կա­նին մար­տահ­րա­ւէրն էր ի՞նչ­պէս հզօ­րաց­նել հայ ազ­գը, տա­րա­ծե­լով մարմ­նակր­թու­թեան գա­ղա­փա­րը, հա­յե­ցա­կար­գը: Այդ թուա­կան­նե­րուն հա­մար թարմ եւ նո­րօ­րի­նակ գա­ղա­փար մը, սթա­թուս քո­յի մար­տահ­րա­ւէր մը, որ կը պա­հան­ջէ մտա­ծո­ղու­թեան եւ գոր­ծե­լա­ձե­ւի փո­փո­խու­թիւն: Այդ թարմ գա­ղա­փար­նե­րը գե­րիշ­խե­ցին եւ ար­դիւ­նա­բեր եղան:

Այդ ժա­մա­նակ, Հինդլ­եան ամէ­նէն տա­րեցն էր, Յա­կոբ­եան` մի­ջին տա­րի­քի, Քրիս­եան` ամէ­նէն երի­տա­սարդն ու ամէ­նէն գոր­ծուն­եան: Հինդլ­եան իմաս­տունն էր, յարգ­ուած եւ փոր­ձա­ռու դաստ­ի­ա­րա­կը: Յա­կոբ­եան հա­մա­զօր էր այ­սօր­ուան գոր­ծա­դիր խոր­հուր­դի մը ղե­կա­վա­րին, որ ոչ միայն ատակ ան­ձիք հա­մախմ­բեց, այ­լեւ` անձ­նա­կան օրի­նա­կով առաջ­նոր­դեց, նիւ­թա­պէս եւ բա­րո­յա­պէս աջակ­ցե­լով ծրա­գիր­նե­րու: Բայց իրա­կա­նու­թիւնը այն էր, որ ու­ժա­կան երի­տա­սարդ գոր­ծիչ Քրիս­եանն էր փո­փո­խու­թեան իս­կա­կան մղիչ դէմ­քը: Ինք միւս­նե­րէն խոր­հուրդ­ներ առաւ, բայց ինքն էր որ իրա­կա­նա­ցուց զա­նոնք:

Պէտք է նշել, որ 1910-ին Քրիս­եան միայն 25 տա­րե­կան էր: Կ՛ակ­նա­ծինք երբ ակ­նարկ մը նե­տենք նուազ քան հինգ տա­րի­նե­րու ըն­թաց­քին Քրիս­եա­նի կա­տա­րած նուա­ճում­նե­րուն վրայ.- հայ­կա­կան ողիմպ­ի­ա­կան առա­ջին խա­ղե­րու կազ­մա­կեր­պիչ, ֆութ­պո­լի հայ­կա­կան ախոյ­եա­նու­թեան առա­ջին մրցա­շար­քի հիմ­նա­դիր, “Մարմ­նա­մարզ“ թեր­թի խմբա­գիր, առա­ջի­նը, Հինդլ­եա­նի եւ Յա­կոբ­եա­նի հետ, հայ­կա­կան սկաու­տա­կան շար­ժու­մի նա­խա­ձեռ­նող, “Մարմ­նա­մարզ“ի մէջ հայ սկաու­տա­կան կա­նոն­նե­րը գրող, իգա­կան սե­ռը քա­ջա­լե­րող, որ­պէս­զի անոնք աթ­լե­թիզմ կի­րար­կեն, Աղեք­սանդր­իոյ “Կամք“ մարմ­նա­մար­զա­կան շար­ժու­մի ստեղծ­ման մղիչ ուժ:

Վե­րոնշ­եալ պատ­ճառ­նե­րուն եւ շատ աւելի­ին հա­մար, Շա­ւարշ Քրիս­եան կը նկատ­ուի Հ.Մ.Ը.Մ.ի տես­լա­կա­նի ռահ­վի­րան: Տպա­ւո­րիչ է այն, որ Քրիս­եան շատ արագ բազ­մա­թիւ նուա­ճում­ներ կա­տա­րած է իր երի­տա­սարդ տա­րի­քին` 24-29: Թէ­եւ, ճիշդ է, որ ինք չէր կրնար այդ­քան նուա­ճում­ներ կա­տա­րել առանց իր երէց­նե­րուն ուղ­ղու­թեան, աջակ­ցու­թեան, եւ հոս է որ ի  յայտ կու գայ խմբա­յին աշ­խա­տան­քին կա­րե­ւո­րու­թիւնը:

Օրի­նակ­նե­րը բազ­մա­թիւ են. 1909-ին Քրիս­եան Եւ­րո­պա­յէն Պո­լիս կը վե­րա­դառ­նայ բարձր կո­րո­վով եւ նոր գա­ղա­փար­նե­րով: Ինք կ՛ու­զէ նա­խա­ձեռ­նել մարմ­նակր­թու­թեան կազ­մա­կերպ­ման ու տա­րած­ման գոր­ծին: Ո՞վ է գլխա­ւոր զօ­րակ­ցո­ղը, աջակ­ցո­ղը, որ դռներ կը բա­նայ անոր դի­մաց: Հինդլ­եանն է, յարգ­ուած կրթա­կան մշա­կը, դաստ­ի­ա­րա­կը եւ Սկիւ­տա­րի դպրո­ցին տնօ­րէ­նը, որ Քրիս­եա­նի առի­թը կ՛ըն­ձե­ռէ, որ­պէս­զի իր աշա­կերտ­նե­րուն հետ կի­րար­կէ Եւ­րո­պա­յէն բե­րած գի­տե­լիք­նե­րը: Երբ ժա­մա­նա­կը կու գայ 1911-ին “Մարմ­նա­մարզ“ թեր­թը հրա­տա­րա­կե­լու, որ­պէս­զի կա­րե­լի ըլ­լայ նա­խա­ձեռ­նել առող­ջա­պա­հա­կան դաստ­ի­ա­րա­կու­թեան, ո՞վ է ամէ­նէն կա­րե­ւոր գրող-թղթա­կի­ցը: Կրկին Հինդլ­եանն է: Ան հայ­կա­կան սկաու­տու­թեան գա­ղա­փա­րա­խօսն է, սկաու­տա­կան շար­ժու­մը հայ­կա­կան հան­րու­թեան ներ­կա­յաց­նո­ղը: Եւ ո՞վ է գործ­նա­պաշտ խորհր­դա­տուն, առա­ջին սկաուտ առաջ­նոր­դը եւ նոյն ատեն նիւ­թա­պէս ամէ­նէն առա­տա­ձեռն աջակ­ցո­ղը “Մարմ­նա­մարզ“ին: Գրի­գոր Յա­կոբ­եանն է:

Երեք ղե­կա­վար­նե­րը աշ­խա­տան­քի մի­աց­եալ խումբ մըն էին, զի­րար ամ­բող­ջաց­նող ու լրաց­նող:

ԴԱՐ ՄԸ ԵՒ ԱՆ­ԴԻՆ

Աշ­խար­հա­քա­ղա­քա­կան պայ­ման­նե­րը այ­սօր մե­ծա­պէս տար­բեր են: Իբ­րեւ ազգ մենք վե­րապ­րե­ցանք Ցե­ղաս­պա­նու­թե­նէն եւ ան­հա­տա­պէս յա­ջո­ղու­թիւն­ներ ար­ձա­նագ­րե­ցինք: Հ.Մ.Ը.Մ. դար­ձաւ հա­մաշ­խար­հա­յին կազ­մա­կեր­պու­թիւն: Այժմ ու­նինք ան­կախ պե­տու­թիւն: Այ­սու­հան­դերձ, մեր ազ­գա­յին մար­տահ­րա­ւէր­նե­րը կը մնան գրե­թէ նոյ­նը, այ­սինքն` դարձ­եալ մեր դի­մաց կը ցցուի այն հար­ցու­մը, թէ ի՞նչ­պէս օգ­նել որ ներ­կա­յի եւ ապա­գա­յի հայ սե­րունդ­նե­րը հպարտ ըլ­լան իրենց մշա­կոյ­թով եւ յանձ­նա­ռու մնան հայ­կա­կան իրենց ինք­նու­թեան ու պատ­կա­նե­լիու­թեան:

Դար մը եւ ան­դին, մենք սկիզ­բի օրե­րու հետ բազ­մա­թիւ զու­գա­հեռ­ներ կը գտնենք: Հ.Մ.Ը.Մ. այ­սօր ու­նի մի­ջին տա­րի­քի Յա­կոբ­եա­նի տի­պա­րով ղե­կա­վար­ներ, որոնք յա­ջո­ղած են իրենց անձ­նա­կան կեան­քե­րուն մէջ, լաւ կա­ռա­վա­րող­ներ են եւ շա­տերն ալ առա­տա­ձեռն նուի­րա­տու­ներ են: Մենք բախ­տա­ւոր ենք, որ տա­կա­ւին ու­նինք աւե­լի տա­րեց, փոր­ձա­ռու, յար­գար­ժան Հինդլ­եա­նի նման դաստ­ի­ա­րակ­ներ եւս: Մե­զի կը պակ­սին  Քրիս­եա­նի նման խան­դա­վառ երի­տա­սարդ­նե­րը:P6 HOMENETMEN-sgaoudagan_doghantsk_bolis_1918

Ճիշդ է, որ Քրիս­եան բա­ցա­ռու­թիւն մըն էր եւ կա­րե­լի չէ կրկնօ­րի­նա­կել զայն, բայց ան հա­զիւ 20 տա­րի­քը թե­ւա­կո­խած`  եթէ ատակ եղած է հայ կեան­քին մէջ հսկա­յա­կան փո­փո­խու­թիւն­ներ ներ­մու­ծե­լու, ին­չո՞ւ չհա­ւա­տանք, որ ժա­մա­նա­կա­կից, նո­րօր­եայ Քրիս­եան­նե­րը եւս կրնան նոյ­նը ընել: Այն­պէս չէ, որ մենք այ­սօր զուրկ ենք ու­շիմ, հնա­րա­միտ, նուիր­եալ եւ կո­րո­վի երի­տա­սարդ ղե­կա­վար­նե­րէ: Մենք իս­կա­պէս ու­նինք երի­տա­սարդ ղե­կա­վար­ներ, որոնք իրենց շուր­ջին­նե­րէն կը զա­նա­զան­ուին մի­ջազ­գա­յին իրենց հմտու­թիւն­նե­րով եւ կա­րո­ղու­թեամբ:

Մեր հիմ­նա­դիր երեք դէմ­քե­րը զի­րար ամ­բող­ջա­ցու­ցած են, եւ իբ­րեւ խումբ գոր­ծած են: Տա­րեց­նե­րը զօ­րակ­ցած, աջակ­ցած են երի­տա­սարդ Քրիս­եա­նին եւ օրհ­նած են անոր տես­լա­կա­նը: Հինդլ­եան եւ Յա­կոբ­եան տե­սած են Քրիս­եա­նի նե­րու­ժը եւ անոր տա­րի­քը իրենց հա­մար հարց չէ եղած: Անոնք հասկ­ցած են երի­տա­սար­դու­թեան ար­ժէ­քը, քա­ջա­լե­րած են ու­ժա­կան փո­փո­խու­թիւնը եւ խի­զա­խու­թիւնը ու­նե­ցած են առաջ­նոր­դե­լու եւ ուղ­ղե­լու Քրիս­եա­նը: Բա­նա­լին հե­տեւ­եալն է` Յա­կոբ­եա­նի եւ Հինդլ­եա­նի տի­պա­րով այ­սօր­ուան ղե­կա­վար­նե­րու հա­ւա­քա­կան գի­տակ­ցու­թիւնը մղել հա­ւա­տա­լու այ­սօր­ուան Քրիս­եան­նե­րու կա­րո­ղու­թիւն­նե­րուն եւ նե­րու­ժին: Բայց որ­պէս­զի նո­րօր­եայ Քրիս­եան­նե­րը ոտ­քի հա­նենք, մեր հա­ւա­քա­կան ղե­կա­վա­րու­թիւնը պէտք է անդ­րա­դառ­նայ նա­եւ, որ տա­րի­քի 20-40 սահ­մա­նը ամէ­նէն ար­դիւ­նա­բեր եւ նո­րու­թիւն­ներ բե­րող շրջանն է: Պէտք է օգ­տա­գոր­ծել գիտ­նալ այդ տա­րի­քի սե­րուն­դը:

 

ԵՐԻ­ՏԱ­ՍԱՐԴ ՂԵ­ԿԱ­ՎԱՐ­ՆԵ­ՐՈՒ ԱՅ­ՍՕՐ­ՈՒԱՆ ՍԵ­ՐՈՒՆԴԸ

2018-ը` Հ.Մ.Ը.Մ.ի հա­րիւ­րամ­եա­կը շատ մօտ է: Մեր մաղ­թանքն է, որ ամ­բողջ աշ­խար­հի մէջ, Հ.Մ.Ը.Մ.ի ղե­կա­վա­րու­թեան այ­սօր­ուան սե­րուն­դը հե­տե­ւի Հինդլ­եա­նի եւ Յա­կոբ­եա­նի օրի­նա­կին: Մեզ­մէ անոնք որոնք փոր­ձա­ռու են պէտք է յանձ­նա­ռու մնան, բայց մենք պէտք է որո­նենք, փնտռենք, վստա­հինք, զօ­րակ­ցինք, աջակ­ցինք, դաստ­ի­ա­րա­կենք եւ խնա­մենք նոր Քրիս­եան­նե­րը: Այդ տա­ղան­դա­ւոր երի­տա­սարդ ղե­կա­վար­նե­րը ներ­կայ են եւ պէտք է ստուե­րէն դուրս գան: Մենք ակա­նա­տե­սը եղած ենք անոնց­մէ շա­տե­րուն, իբ­րեւ սկաուտ առաջ­նորդ­ներ եւ երի­տա­սարդ մար­զիկ­ներ, բայց նա­եւ` ռազ­մա­վա­րա­կան ծրագ­րու­մի հան­դի­պում­նե­րուն ըն­թաց­քին: Հ.Մ.Ը.Մ.ի հան­դէպ մեծ յանձ­նա­ռու­թեան տէր երի­տա­սարդ ան­հա­տա­կա­նու­թիւն­ներ շատ կան, որոնք ու­նին ղե­կա­վար­ման, հա­մա­ցան­ցա­յին, հա­ղոր­դակ­ցու­թեան, տե­ղե­կատ­ուա­կան ար­հես­տա­գի­տու­թեան տի­րա­պետ­ման լաւ կա­րո­ղու­թիւն­ներ: Ու­րիշ­ներ ալ կան, որոնք տա­կա­ւին պէտք է յայտ­նա­բեր­ուին: Այս երի­տա­սարդ ան­հա­տա­կա­նու­թիւն­նե­րը մեծ  ըն­դու­նա­կու­թիւն­նե­րով մեր շուրջն են: Մենք անոնց պար­զա­պէս չենք տուած փայ­լե­լու պատ­շաճ տեղն ու առի­թը:P6 hmem1-300x224

Մեր սե­րուն­դը տա­կա­ւին կը հա­ւա­տայ, թէ մենք ենք փա­րո­սը եւ մի­ակ ու­ժը, որ կրնայ առաջ­նոր­դել մեր կազ­մա­կեր­պու­թիւնը: Ճիշդ մեր շուր­ջի աշ­խար­հին նման, ասի­կա Հ.Մ.Ը.Մ.ին հա­մար վի­ճե­լի փաստ մըն է այ­լեւս: Այ­սօր, իս­կա­կան ու­ժը երի­տա­սարդ, նուիր­եալ ան­հատն է, որուն հետ մենք պէտ­քէ փոր­ձենք գտնել հա­սա­րա­կաց տես­լա­կան մը: Մեր սե­րուն­դը կրնայ ծա­ռա­յել իբ­րեւ հա­յե­լի, որ կը ցո­լաց­նէ երի­տա­սար­դու­թեան լոյ­սը: Մենք պէտք է գոր­ծե­լու առի­թը տանք անոնց` բա­րե­լա­ւե­լով եւ արդ­ի­ա­կա­նաց­նե­լով աշ­խա­տան­քի մեր մե­թոտ­նե­րը: Անոնք ու­նի՛ն կա­րո­ղու­թիւն­ներ փայ­լե­լու եւ առաջ­նոր­դե­լու իրենց հա­սա­կա­կից­նե­րը եւ մեզ:

Հա­ղոր­դակ­ցու­թիւնը անհ­րա­ժեշ­տու­թիւն է կազ­մա­կեր­պու­թեան մը աւե­լի մեծ օգու­տին հա­մար: 2011 թուա­կա­նի 10-րդ Պատ­գա­մա­ւո­րա­կան Ժո­ղո­վէն ի վեր, Հ.Մ.Ը.Մ. ու­նի երի­տա­սար­դու­թեան ու­նե­ցա­ծին զու­գա­հեռ տես­լա­կան մը: Մենք խօս­քի սահ­ման­նե­րէն շատ ան­դին գտնուող հանգր­ուա­նի մը մէջն  ենք. մենք ի վեր­ջոյ շօ­շա­փե­լի քայ­լեր կ՛առ­նենք այժ­մէ­ա­կա­նաց­նե­լու հա­մար մեր աշ­խա­տան­քի մե­թոտ­նե­րը: Հի­մա անհ­րա­ժեշտ է դրա­կան փո­փո­խու­թիւնը երի­տա­սար­դու­թեան փո­խան­ցել ժա­մա­նա­կա­կից հա­ղոր­դակ­ցու­թեան մի­ջոց­նե­րով եւ ապա անոնց տրա­մադ­րել բեմ եւ ստեղ­ծել մաս­նակ­ցու­թեան առիթ­ներ: Անոնք օգ­նե­լու մեծ կա­րե­լիու­թիւն­ներ ու­նին: Վստահ եմ, որ անոնք յար­գա­լից պի­տի մնան տա­րեց­նե­րու հան­դէպ, մի­ա­ժա­մա­նակ միու­թեան ըն­ծա­յե­լով իրենց կո­րովն ու թարմ մտա­ծո­ղու­թիւնը: Երբ անոնք զգան, որ ող­ջու­նե­լի են, անոնք մաս­նա­կից, յանձ­նա­ռու պի­տի ըլ­լան: Հսկո­ղու­թիւնը տա­րեց դաստ­ի­ա­րակ­նե­րու կող­մէ ան­շուշտ անհ­րա­ժեշտ է, բայց երի­տա­սար­դու­թիւնը եթէ ինք­զինք խում­բին մէկ մա­սը զգայ, հա­ճոյ­քով, կա­մո­վին պի­տի ըն­դու­նի հսկո­ղու­թիւնը:

Շրջա­նա­յին եւ մաս­նա­ճիւ­ղե­րու ղե­կա­վա­րու­թեանց պար­տա­կա­նու­թիւնն է ըլ­լալ նա­խա­ձեռ­նող, կապ­ուե­լու, հա­ղոր­դակ­ցե­լու երի­տա­սար­դու­թեան հետ, բա­ցատ­րե­լու նոր մօ­տե­ցու­մը եւ նախ­քան մեր հա­րիւ­րամ­եա­կը, ամ­բող­ջա­կան ուժգ­նու­թեամբ կազ­մա­կեր­պու­թեան յա­ռա­ջա­տար դիր­քե­րու հասց­նե­լու երի­տա­սարդ, կա­րող ու­ժեր:

ՈՒՐՈՒԿՈՒԱՅԻ ՀԱՅԱԶԳԻ ՆԱԽԱՐԱՐ ՔԷՇԻՇԵԱՆ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՄԷՋ

$
0
0

p3 uruguay Liliam-Kechichian  Նո­յեմ­բեր 16-ին, Ու­րուկ­ուա­յի զբօ­սաշր­ջու­թեան եւ մարմ­նակր­թու­թեան նա­խա­րար Լիլ­ի­ամ Քէշիշ­եան պաշ­տօ­նա­կան հան­դի­պում ու­նե­ցաւ Հ.Հ. նա­խա­գահ Սերժ Սարգս­եա­նի հետ:

Քէ­շիշ­եան Ու­րուկ­ուա­յի նա­խա­գահ Խո­սէ Մու­խի­քա­յի քա­ղա­քա­կան խմբակ­ցու­թեան ան­դամ է: Քէ­շիշ­եա­նի ջան­քե­րուն շնոր­հիւ Ու­րուկ­ուա­յը դար­ձած է առա­ջին պե­տու­թիւնը, որ ու­ղիղ կա­պեր հաս­տա­տած է Ար­ցա­խի հետ` խորհր­դա­րա­նա­կան մա­կար­դա­կով: Անոր շնոր­հիւ նա­եւ վերց­ուած է Հա­յաս­տա­նի եւ Ու­րուկ­ուա­յի մի­ջեւ մուտ­քի ար­տօ­նագ­րե­րու դրու­թիւնը:

Քէ­շիշ­եան լրագ­րող­նե­րու հետ հան­դի­պու­մի մը ըն­թաց­քին նշած է, որ Հա­յոց Ցե­ղաս­պա­նու­թեան հա­րիւ­րամ­եա­կի նա­խօր­եա­կին Ու­րուկ­ուա­յի մայ­րա­քա­ղաք Մոն­թե­վի­տէ­ո­յի կեդ­րո­նա­կան հրա­պա­րակ­նե­րէն մէ­կուն մէջ կա­ռա­վա­րու­թեան աջակ­ցու­թեամբ պի­տի բաց­ուի Մեծ Եղեռ­նի զո­հե­րուն նուիր­ուած թան­գա­րան:

Պա­տաս­խա­նե­լով “Ու­րուկ­ուա­յը Հա­յոց Ցե­ղաս­պա­նու­թիւնը ճանչ­ցած առա­ջին պե­տու­թիւնն է: Արդ­եօք կա­րե­լի՞ է, որ Ու­րուկ­ուա­յը Ար­ցա­խի ան­կա­խու­թիւնը ճանչցող առա­ջին եր­կի­րը ըլ­լայ“ հար­ցու­մին Քէ­շիշ­եան նշեց, որ այդ առու­մով իր յոյ­սը չի կորսնց­ներ, աւելց­նե­լով.- “…Չեմ կրնար կան­խա­տե­սել: Պէտք է համ­բե­րա­տար եւ քրտնա­ջան աշ­խա­տանք տա­նինք այդ ուղ­ղու­թեամբ: Եւ ես յոյ­սով եմ, որ մենք պի­տի կա­րո­ղա­նանք օգ­նել: Ես ան­ձամբ մեծ յոյ­սով եմ, սա­կայն աշ­խար­հը շատ աւե­լի բարդ է, քան մեր յոյ­սե­րը“:

Նա­խա­րար Լիլ­ի­ամ Քէ­շիշ­եան ծնած է Մարտ 2, 1952-ին Մոն­թե­վի­տէօ: Ան ան­դամ է “Լայն ճա­կատ“ կու­սակ­ցու­թեան: 1999-ին մի­ա­ցած է Յա­ռաջ­դի­մա­կան դա­շին­քին : Քէ­շիշ­եան 2004-ին ընտր­ուած է երկ­րի խորհր­դա­րա­նի ան­դամ, որ­մէ կարճ ժա­մա­նակ ետք նշա­նակ­ուած է զբօ­սաշր­ջու­թեան փոխ­նա­խա­րար, իսկ Մա­յիս 2012-ին` զբօ­սաշր­ջու­թեան նա­խա­րար:

 


ՎԻ­ԵՆ­ՆԱ­ՅԻ ՄԷՋ.- ՍԱՐԳՍ­ԵԱՆ –ԱԼԻ­ԵՒ ՀԱՆ­ԴԻ­ՊՈՒՄ

$
0
0

p 1 main  ՎԻ­ԵՆ­ՆԱ.- Նո­յեմ­բեր 19-ին, Հա­յաս­տա­նի եւ Ատր­պէյ­ճա­նի նա­խա­գահ­ներ` Սերժ Սարգս­եան եւ Իլ­համ Ալի­եւ, հան­դի­պե­ցան, Աւստր­իոյ մայ­րա­քա­ղա­քին մէջ: Մօտ եր­կու ժամ տե­ւո­ղու­թիւն ու­նե­ցող այս հան­դի­պու­մը կա­տար­ուե­ցաւ դռնփակ: Լրագ­րող­նե­րուն միայն թոյլ տրուե­ցաւ մուտք գոր­ծել այն սեն­եա­կը, ուր Հա­յաս­տա­նի եւ Ատր­պէյ­ճա­նի նա­խա­գահ­նե­րը կողք-կող­քի նկար­ուե­ցան:

Նա­խա­գահ­նե­րու այս հան­դի­պու­մը կա­րե­ւոր էր, մա­նա­ւանդ որ, որ գրե­թէ եր­կու տա­րի անոնք չէ­ին հան­դի­պած, եւ Ար­ցախ­եան հիմ­նա­հար­ցը ստեղ­ծած էր փա­կու­ղի գո­յա­վի­ճակ մը: Նա­խա­գահ Սերժ Սարգս­եան “Ազա­տու­թիւն“ ձայ­նաս­փիւ­ռի կա­յա­նին փո­խան­ցեց թէ այս բա­նակ­ցու­թիւն­նե­րը բնա­կա­նոն մթնո­լոր­տի մէջ ըն­թա­ցած են:

Այս հան­դի­պու­մէն ետք ԵԱՀԿ-ի Մինս­քի խմբա­կի հա­մա­նա­խա­գահ­նե­րը հան­դիպ­ման ար­դիւնք­նե­րուն մա­սին տա­րա­ծած են մամ­լոյ հա­ղոր­դագ­րու­թիւն մը, որուն մէջ կը նշեն թէ յա­ռա­ջի­կա­յին, պի­տի կազ­մա­կերպ­ուին աշ­խա­տան­քա­յին հան­դի­պում­ներ: Հա­մա­նա­խա­գահ­նե­րը կը ծրագ­րեն մին­չեւ ըն­թա­ցիկ տար­ուան աւար­տը, այ­ցե­լել շրջան:

ԳՈ­ՀԱ­ԲԱ­ՆՈՒ­ԹԵԱՆ ՏՕ­ՆԻՆ ԱՌ­ԹԻՒ.- ՀԱ­ՄԱ­ՀԱՅ­ԿԱ­ԿԱՆ “ՀԱ­ՅԱՍ­ՏԱՆ“ՀԻՄ­ՆԱԴ­ՐԱ­ՄԻ ԹԵ­ԼԵ­ԹՈՆ –ԴՐԱ­ՄԱ­ՀԱ­ՒԱ­ՔԸ

$
0
0

p1 fund  Յա­ռա­ջի­կայ Նո­յեմ­բեր 28-ին, տե­ղի պի­տի ու­նե­նայ “Հա­յաս­տան“ հա­մա­հայ­կա­կան հիմ­նադ­րա­մի դրա­մա­հա­ւա­քը, որուն հա­սոյ­թը պի­տի տրա­մադր­ուի Վար­դե­նիս – Մար­տա­կերտ ճա­նա­պար­հի կա­ռուց­ման:

``Բնական է, որ միայն մէկ շնչերակով անհնար է ապահովել լիարժէք անվտանգու-թիւն եւ սոցիալ-տնտեսական զարգացման ուժականութիւնը: Հետեւաբար անհրա-ժեշտ է կառուցել այլ նմանատիպ մայրուղիներ: Այս ծիրէն ներս չափազանց կարե-ւոր է Վարդենիս-Մարտակերտ մայրուղին‘ յատկապէս հաշուի առնելով, որ դա պէտք է անցնի Քարվաճառի եւ Շահումեանի շրջաններով, որն, ի հարկէ, ռազմավա-րական կարեւորագոյն նշանակութիւն ունի:… Սա կը լինի այն կմախքը, որի վրայ այնուհետեւ կը ճիւղաւորուեն բազմաթիւ այլ ճանապարհներ``, կը յայտնէ Արցախի Հանրապետութեան նախագահի մամուլի խօսնակ Դաւիթ Պապայեան:

“Բնական է, որ միայն մէկ շնչերակով անհնար է ապահովել լիարժէք անվտանգու-թիւն եւ սոցիալ-տնտեսական զարգացման ուժականութիւնը: Հետեւաբար անհրա-ժեշտ է կառուցել այլ նմանատիպ մայրուղիներ: Այս ծիրէն ներս չափազանց կարե-ւոր է Վարդենիս-Մարտակերտ մայրուղին‘ յատկապէս հաշուի առնելով, որ դա պէտք է անցնի Քարվաճառի եւ Շահումեանի շրջաններով, որն, ի հարկէ, ռազմավա-րական կարեւորագոյն նշանակութիւն ունի:… Սա կը լինի այն կմախքը, որի վրայ այնուհետեւ կը ճիւղաւորուեն բազմաթիւ այլ ճանապարհներ“, կը յայտնէ Արցախի Հանրապետութեան նախագահի մամուլի խօսնակ Դաւիթ Պապայեան:

Սփիւռ­քա­հա­յու­թիւնը եւ “Հա­յաս­տան“ հիմ­նադ­րա­մը նա­խա­պէս, ար­դէն ճա­նա­պար­հա­շի­նա­կան եր­կու մեծ նա­խագ­ծեր, կեան­քի կո­չած է: Առա­ջի­նը` Հա­յաս­տա­նը Ար­ցա­խին կա­պող մի­ակ գլխա­ւոր ճա­նա­պար­հը` Գո­րիս-Ստե­փա­նա­կերտ մայ­րու­ղին, կա­ռուց­ուած է 1990-ական թուա­կան­նե­րուն: Երկ­րոր­դը` Հիւ­սիս-Հա­րաւ ճա­նա­պարհն է, որ Ար­ցա­խի հիւ­սի­սա­յին Մար­տա­կերտ քա­ղա­քը կը մի­աց­նէ հա­րա­ւա­յին Հատ­րութ քա­ղա­քին, անց­նե­լով տասն­եակ մը գիւ­ղա­քա­ղաք­նե­րէ:

  Այս­պէս, եր­րորդ հսկայ ծրագ­րի մեկ­նար­կին ազ­դան­շա­նը կը տրուի այս տա­րո­­ւայ գո­հա­բա­նու­թեան օրը: Թէ­եւ Վար­դե­նիս-Մար­տա­կերտ ճա­նա­պար­հը կը գոր­ծէ, սա­կայն վե­րա­նո­րոգ­ման եւ ընդ­լայ­նաց­ման կա­րի­քը կայ, մա­նա­ւանդ որ ձմրան ամիս­նե­րուն, ան­գոր­ծա­ծե­լի կը դառ­նայ: Ըստ նախ­նա­կան տու­եալ­նե­րու, անհ­րա­ժեշտ է որ  հան­գա­նակ­ուի շուրջ երե­սուն միլի­ոն տո­լար:

Ճա­նա­պար­հի կա­ռու­ցու­մը եւ մշտա­կան ճա­նա­պար­հա­յին հա­ղոր­դակ­ցու­թիւնը իր ուղ­ղա­կի ազ­դե­ցու­թիւնը պի­տի ու­նե­նայ ճա­նա­պար­հէն մին­չեւ եր­կու տասն­եակ քի­լո­մեթր հե­ռա­ւո­րու­թեան վրայ տա­րա­ծուող հա­մայնք­նե­րու բնա­կիչ­նե­րուն ըն­կե­րա-տնտե­սա­կան կեան­քին վրայ:

Նշենք թէ, այս ճա­նա­պար­հը պի­տի անց­նի Դա­դի­վան­քէն, որ հայ­կա­կան վաղ միջ­նա­դար­եան ճար­տա­րա­պե­տու­թեան գլուխ­գոր­ծոց կա­ռոյց­նե­րէն է: Այս­պէս, երբ վե­րա­նո­րոգ­ուի եւ վե­րա­կա­ռուց­ուի Վար­դե­նիս-Մար­տա­կերտ մայ­րու­ղին, բազ­մա­թիւ սփիւռ­քա­հա­յեր, զբօ­սաշր­ջիկ­ներ եւ առ հա­սա­րակ ճամ­բոր­դու­թեան սի­րա­հար­ներ, պի­տի օգտ­ուին այդ ճա­նա­պար­հէն: Աւե­լին, նա­եւ կա­րե­լի պի­տի ըլ­լայ ըն­բոշխ­նել  Քար­վա­ճա­ռի հրաշք բնու­թիւնը:

ՅԱՉՍ ՎԱՐԴԵՆԻՍ –ՄԱՐՏԱԿԵՐՏ ՃԱՆԱՊԱՐՀԻ ԿԱՌՈՒՑՄԱՆ

$
0
0

p1 fund_2013

 

ՀԱՅՐԵՆԻՔ

Խմբագրական

 

Հեր­թը վերս­տին ժա­մա­նած է:

Գո­հա­բա­նու­թեան ար­ձա­կուր­դի այս օրե­րուն, զան­գը կրկին կը հնչէ, որ­պէս­զի ամե­նայն խան­դա­վա­ռու­թեամբ, առա­տա­ձեռ­նու­թեամբ եւ նուի­րու­մով, մաս­նակ­ցինք նուի­րա­հա­ւա­քին` թե­լե­թո­նին:

Ժա­մա­նակն է մեր լու­ման տրա­մադ­րե­լու, յաչս այս տար­ուայ ծրագ­րին, որ յատ­կա­պէս վե­րա­պահ­ուած է Վար­դե­նիս – Մար­տա­կերտ մայ­րուղիի կա­ռուց­ման:

Նմա­նօ­րի­նակ ճա­նա­պար­հի մը կա­ռու­ցու­մը պի­տի ըլ­լայ Հա­յաս­տա­նը Ար­ցա­խին կա­պող երկ­րորդ մի­ջազ­գա­յին չա­փա­նի­շե­րու հա­մա­պա­տաս­խա­նող ճա­նա­պար­հը, ար­դէն իսկ գոր­ծող Գո­րիս-Ստե­փա­նա­կերտ մայ­րուղիի կող­քին:

Բնա­կա­նա­բար այս ճա­նա­պար­հի կա­ռու­ցումն ու գոր­ծա­ծու­թիւնը, ինք­նա­բե­րա­բար  իր ուղ­ղա­կի ազ­դե­ցու­թիւնը պի­տի ու­նե­նայ ճա­նա­պար­հէն մին­չեւ եր­կու տասն­եակ մղոն հե­ռա­ւո­րու­թեան վրայ տա­րա­ծուող հա­մայնք­նե­րու բնա­կիչ­նե­րուն ըն­կե­րա­յին, տնտե­սա­կան կեան­քին եւ հա­ղոր­դակ­ցու­թեան վրայ: Շար­քը եր­կար է… Դա­դի­վանք, Քնա­րա­ւան, Եղէգ­նուտ, Դրմբոն, Վա­ղու­հաս, Կո­ճո­ղուտ, Գե­տա­ւան, Վե­րին Յո­ռա­թաղ, Հա­թերք, Չա­փար, Խնկա­ւան, Չա­րեք­թար, նա­եւ քիչ մը աւե­լի հե­ռա­ւու­թեան վրայ գտնուող գիւ­ղեր` Չափ­նի, Չի­նա­ւան, Յա­րու­թա­գո­մեր, Զար­դա­խաչ, Համ­շակ, Շիկ­քար, Նոր Բրա­ջուր, Եղ­ցին, Զովք, Մշե­նի եւ ընդ­հան­րա­պէս Քար­վա­ճա­ռի կեդ­րո­նա­կան շրջա­նը:

Դեռ աւե­լին, յատ­կա­պէս նկա­տի ու­նե­նա­լով որ այս ճա­նա­պար­հը պի­տի անց­նի Քար­վա­ճա­ռի եւ Շա­հում­եա­նի շրջան­նե­րէն, թէ՛ աշ­խար­հագ­րա­կա­նօ­րէն եւ թէ՛ ռազ­մա­վա­րա­կա­նօ­րէն կա­րե­ւոր քայլ մը առն­ուած պի­տի ըլ­լայ այն եզ­րա­կա­ցու­թեամբ որ, Ար­ցա­խի հիւ­սի­սի­սա­յին շրջա­նը, ան­մի­ջա­կա­նօ­րէն, պի­տի կապ­ուի Հա­յաս­տա­նի Հան­րա­պե­տու­թեան հետ:

Ճար­տա­րա­գէտ­նե­րու եւ ճար­տա­րա­պետ­նե­րու կա­տա­րած ու­սում­նա­սի­րու­թիւն­նե­րը կը տե­ղե­կաց­նեն թէ այս մայ­րուղիի եր­կա­րու­թիւնը մօտ 72 մղոն (116 քի­լո­մեթր) պի­տի ըլ­լայ: Այս առ­թիւ, նա­եւ պի­տի վե­րա­նո­րոգ­ուին բազ­մա­թիւ կա­մուրջ­ներ, որոնց թիւը կը գե­րա­զան­ցէ տաս­նը­հին­գը: Այս կա­տար­ուե­լիք աշ­խա­տանք­նե­րուն ար­ժէքն է մօ­տա­ւո­րա­պէս երե­սուն միլի­ոն տո­լար:

Նա­խա­պէս, “Հա­յաս­տան“ հիմ­նադ­րա­մի մի­ջո­ցաւ կա­տար­ուած այս հա­մա­հայ­կա­կան նուի­րա­հա­ւա­քին, կա­րե­լի եղած էր Հա­յաս­տա­նի եւ Ար­ցա­խի սահ­մա­նա­մերձ գիւ­ղեր կեան­քի կո­չել, վե­րա­կա­ռու­ցել, դպրոց­ներ ու բժշկա­կան կեդ­րոն­ներ վե­րա­նո­րո­գել ու արդ­ի­ա­կա­նաց­նել: Նա­եւ, կա­րե­լի եղած էր վա­ռե­լա­նիւ­թի եւ ջու­րի մա­տա­կա­րար­ման հա­մա­կար­գեր գոր­ծի լծել:

Այս տար­ուայ “ճա­նա­պար­հա­յին քար­տէս“ը` Վար­դե­նիս – Մար­տա­կերտ ճա­նա­պար­հի կա­ռու­ցումն է, որուն նա­եւ պէտք է, որ ապա­գա­յին յա­ջոր­դեն մի­ջազ­գա­յին չա­փա­նիշ­նե­րու հա­մա­պա­տաս­խան նմա­նա­տիպ այլ մայ­րու­ղի­ներ:

Ուս­տի Հե­տե­ւինք “Դէ­պի Ար­ցախ“ կար­գա­խօ­սին:

ԳԻՒՄ­ՐԻՆ ԿԸ ՊԱՐՊ­ՈՒԻ

$
0
0

p5 new_gyumri  ԵՐԵ­ՒԱՆ (“Արմ­թայմզ“).- Երկ­րա­շար­ժէն քսա­նը­հինգ տա­րի ետք, Գիւմ­րին կը մնայ ցնցուած: Այն­քան մը, որ լուրջ մտա­հո­գու­թիւնը կը ստեղ­ծէ ար­տա­գաղ­թը: Ազ­գա­յին վի­ճա­կագ­րա­կան ծա­ռա­յու­թեան պաշ­տօ­նա­կան տու­եալ­նե­րը, ցոյց կու տան թէ, Յու­լիս 1, 2012-ի դրու­թեամբ Գիւմրիի մէջ կը բնա­կէր 145,700 մարդ, իսկ 2013-ին` 120,700, այ­սինքն` մէկ տար­ուան մէջ 25,000 գիւմ­րե­ցի լքած է քա­ղա­քը:

Վեր­ջին երեք տար­ուան ըն­թաց­քին մեծ թա­փով շա­րու­նա­կուող ար­տա­գաղ­թը դա­տար­կած է քա­ղաքն ու մին­չեւ իսկ քա­ղա­քի այն հատ­ուած­նե­րը, որոնք պէտք է եռուն ըլ­լա­յին: Տե­ղա­ցիք, որոնք ծա­նօթ են իրենց կա­տակ­նե­րով եւ սրամ­տու­թեամբ, սար­սա­փով կը յայտ­նեն, որ քա­ղա­քը դա­տարկ­ուած է այն աս­տի­ճան, որ զգա­լի եւ տե­սա­նե­լի է թէ նոյ­նիսկ փո­ղոց­նե­րուն մէջ, հետզ­հե­տէ պակ­սած է եր­թե­ւե­կը, թէ՛ ան­ցորդնե­րու եւ թէ՛ ինք­նա­շարժ­նե­րու:

Միւս կող­մէ, Հա­յաս­տա­նի հան­րա­պե­տու­թեան ազ­գա­յին վի­ճա­կագ­րա­կան ծա­ռա­յու­թեան Նո­յեմ­բեր 19-ին հրա­պա­րա­կած “Հա­յաս­տա­նի հան­րա­պե­տու­թեան մար­զե­րը եւ Երե­ւան քա­ղա­քը թիւե­րով“ հեր­թա­կան զե­կու­ցու­մին մէջ ներ­կա­յաց­ուած է Հա­յաս­տա­նի հան­րա­պե­տու­թեան մար­զե­րու բնակ­չու­թեան թիւը: Մար­զե­րուն մէջ բնակ­չու­թիւնը 1 տար­ուան ըն­թաց­քին նուա­զած է 13-17 առ հա­րիւ­րով:p5 new-gyumri

Երե­ւա­նի բնակ­չու­թիւնը այդ ըն­թաց­քին նուա­զած է 61 հա­զա­րով կամ 5.4 առ հա­րիւ­րով: Ընդ­հա­նուր առ­մամբ, Հա­յաս­տա­նի բնակ­չու­թիւնը ըստ Ազ­գա­յին վի­ճա­կագ­րու­թեան ծա­ռա­յու­թեան հրա­պա­րա­կած պաշ­տօ­նա­կան այդ տե­ղե­կա­տուու­թեան, նուա­զած է 247 հա­զա­րով կամ 7.5%:

Արա­գա­ծոտ­նի մար­զի բնակ­չու­թիւն այս մէկ տար­ուան ըն­թաց­քին նուա­զած է 10 հա­զա­րով կամ 6.9 առ հա­րիւ­րով, Արա­րա­տի­նը` 20 հա­զա­րով կամ 7.2 առ հա­րիւ­րով, Ար­մա­ւի­րի­նը` 20.3 հա­զա­րով կամ 7 առ հա­րիւ­րով, Գե­ղար­քու­նի­քի­նը` 7.5 հա­զա­րով կամ 3 առ հա­րիւ­րով, Լոռիի մար­զի­նը` 47.5 հա­զա­րով կամ 17 առ հա­րիւ­րով, Կո­տայ­քի­նը` 28 հա­զա­րով կամ 10 առ հա­րիւ­րով, Շի­րա­քի­նը` 31 հա­զա­րով կամ 11 առ հա­րիւ­րով, Սիւ­նի­քի­նը` 11 հա­զա­րով կամ 7.3 առ հա­րիւ­րով, Վա­յոց Ձո­րի­նը` 4 հա­զա­րով կամ 6.9 առ հա­րիւ­րով, Տա­ւու­շի­նը` 6.5 հա­զա­րով կամ 5 առ հա­րիւ­րով:

 

ՍՈՒՐԻՈՅ ՄԷՋ ՄԱ­ՀԱ­ՑԱԾ ԵՐԵ­ԽԱ­ՆԵ­ՐՈՒ ԹԻՒԸ ԿԸ ԳԵ­ՐԱ­ԶԱՆ­ՑԷ 11 ՀԱ­ԶԱ­ՐԸ

$
0
0

1441320_10152053550028529_2063720010_n[1]  Վեր­ջերս, կա­տար­ուած վի­ճա­կագ­րու­թեան եւ հրա­պա­րակ­ուած տու­եալ­նե­րուն հա­մա­ձայն` Սուր­իոյ մէջ, ներ­քին քա­ղա­քաց­ի­ա­կան պա­տե­րազ­մի ըն­թաց­քին, ցարդ զոհ­ուած են 11 հա­զա­րէն աւե­լի երե­խա­ներ: Այս թիւը կը ներ­կա­յաց­նէ աւե­լի քան տաս առ հա­րիւ­րը: Հա­կա­մար­տու­թեան ըն­թաց­քին զոհ­ուած­նե­րու ընդ­հա­նուր թիւը ար­դէն կը գե­րա­զան­ցէ 100 հա­զա­րը:

Երե­խա­նե­րու մեծ մա­սի մահ­ուան պատ­ճառ դար­ձած են տար­բեր բնա­կա­վայ­րե­րու ռմբա­կո­ծու­թիւն­նե­րը եւ հրթի­ռա­կո­ծու­թիւն­նե­րը, սա­կայն հա­րիւ­րա­ւոր դե­ռա­հաս­ներ դի­պու­կա­հար կրա­կոց­նե­րու զոհ դար­ձած են, հա­րիւ­րա­ւոր երե­խա­նե­րու նկատ­մամբ ալ կի­րառ­ուած են նոյ­նիսկ խմբա­կա­յին մա­հա­պա­տիժ­ներ եւ կտտանք­ներ:

Միւս կող­մէն, Հայ­կա­կան Կար­միր խա­չը` աւստր­ի­ա­կան կա­ռա­վա­րու­թեան տրա­մադ­րած մի­ջոց­նե­րով, մեծ օգ­նու­թիւն պի­տի տրա­մադ­րէ Հա­յաս­տան տե­ղա­փոխ­ուած սուր­ի­ա­հա­յե­րուն:

Հայ­կա­կան Կար­միր խա­չի նա­խա­գահ Մխի­թար Մնա­ցա­կան­եան յայտ­նեց, որ իրենց կազ­մա­կեր­պու­թիւնը միշտ ալ կ՛ար­ձա­գան­գէ Հա­յաս­տա­նի մէջ տե­ղի ու­նե­ցող հա­սա­րա­կա­կան-առող­ջա­պա­հա­կան խնդիր­նե­րուն եւ բա­ւա­կան լուրջ աշ­խա­տանք կը տա­նի նա­եւ սու­րիա­հա­յե­րուն օգ­նե­լու կա­րե­ւոր գոր­ծին:

Սուր­ի­ա­հա­յե­րու հիմ­նախն­դիր­նե­րը հա­մա­կար­գող կեդ­րոն հա­սա­րա­կա­կան կազ­մա­կեր­պու­թեան ղե­կա­վար Լե­նա Հա­լաճ­եան նշեց, որ այս ծրա­գի­րը հա­յաս­տա­նաբ­նակ սուր­ի­ա­հա­յե­րուն ուղղ­ուած ամե­նա­խո­շոր օգ­նու­թիւն­նե­րէն մէ­կը պի­տի ըլ­լայ: Նա­խա­պէս այդ ամե­նա­մեծ նիւ­թա­կան օգ­նու­թիւնը կա­տա­րած էր Քուէյ­թի պե­տու­թիւնը` Սուր­ի­ա­հա­յե­րու հիմ­նախն­դիր­նե­րը հա­մա­կար­գող կեդ­րո­նին փո­խան­ցե­լով հա­րիւր հա­զար տո­լար:

Աւստր­իոյ կա­ռա­վա­րու­թիւնը Հոկ­տեմ­բե­րի վեր­ջը յայ­տա­րա­րած էր, որ Հա­յաս­տա­նի մէջ հաս­տատ­ուած սուր­ի­ա­հա­յե­րուն 600.000 եու­րո­յի աջակ­ցու­թիւն պի­տի տրա­մադ­րէ: 270.000-ը պի­տի ուղղ­ուի Հայ­կա­կան Կար­միր խա­չի ըն­կե­րու­թեան, իսկ մնաց­եա­լը` “Հայ­կա­կան Քա­րի­թաս“ բա­րե­սի­րա­կան հա­սա­կա­րա­կան կազ­մա­կեր­պու­թեան մի­ջո­ցով:

Միւս կող­մէ, “Ուորլտ Ուաչ Մո­նի­թըր“ կայ­քէ­ջը կը հա­ղոր­դէ, որ ըստ Սուր­իոյ բարձ­րաս­տի­ճան կրօ­նա­ւոր­նե­րէն մէ­կուն, քա­ղա­քաց­ի­ա­կան պա­տե­րազ­մի սկիզ­բէն ի վեր, Սուր­իոյ քրիս­տոն­եա­նե­րուն մէկ եր­րորդը հե­ռա­ցած է երկ­րէն:

Զե­կու­ցու­մը կը նշէ, որ “Արա­բա­կան գա­րուն“-ը “Քրիս­տո­նէ­ա­կան ձմեռ“-ի վե­րած­ուած է, որով­հե­տեւ քրիս­տոն­եա­նե­րը այդ գար­նան հա­մար սուղ գին վճա­ռած են:

Յոյն կա­թո­ղի­կէ­նե­րու Կրե­կորի­ոս Գ Լա­համ պատր­ի­ար­քը յայտ­նած է, որ Սուր­իոյ շուրջ 1.75 միլի­ոն քրիս­տոն­եա­նե­րէն աւե­լի քան 450 հա­զա­րը հե­ռա­ցած է:

Սուր­իոյ պա­տե­րազ­մի սկիզ­բէն ի վեր զոհ­ուած են  65 հա­յեր, որոնց­մէ 46-ը Հա­լէ­պի մէջ: Վի­րա­ւոր­նե­րուն թիւը շուրջ 180 է:

Նո­յեմ­բե­րի առա­ջին շա­բաթ­նե­րուն ըն­թաց­քին, ար­ձա­նագր­ուե­ցան զո­հեր, նե­րառ­եալ եր­կու մա­նուկ­ներ, որոնց կեան­քե­րու կո­րուս­տը ցնցեց տեղ­ւոյն հայ հա­մայն­քը:

Դա­մաս­կո­սի Պապ Թու­մա շրջա­նին մէջ գտնուող Ազ­գա­յին Սուրբ Թարգ­ման­չաց ճե­մա­րա­նին մօտ ռմբա­կո­ծում մը, պատ­ճառ դար­ձաւ որ, մա­հա­նան եր­կու հայ աշա­կերտ­ներ` Յով­հան­նէս Աթո­քան­եան եւ Վա­նե­սա Մի­խօ Պետ­րոս: Անոնց յու­ղար­կա­ւո­րու­թիւնը տե­ղի ու­նե­ցաւ, դպրո­ցէն քա­նի մը քայլ հե­ռա­ւո­րու­թեան վրայ գտնուող Սուրբ Սար­գիս հայ­կա­կան եկե­ղեց­ւոյ մէջ, խոր սուգ պատ­ճա­ռե­լով: Իսկ, Նո­յեմ­բեր 21-ին, երեք օր­ուան պրպտում­նե­րէ եւ քնու­թիւն­նե­րէ ետք ի յայտ եկաւ, սուր­ի­ա­կան բա­նա­կի մէջ ծա­ռա­յող հայ զի­նուոր` Յա­կոբ Տէր Ղա­զար­եա­նի դի­ա­կը:

Նո­յեմ­բեր 14-ին մէկ այլ հայ մը` 47-ամ­եայ Գէ­որգ Պօ­ղոս­եա­նը սպանն­ուած էր, երբ հրա­սան­դէ ար­ձակ­ուած ռումբ մը ին­կած է Հա­լէ­պի կեդ­րո­նը գտնուող փու­ռի մը մօ­տա­կայ­քը:

Նո­յեմ­բեր 12-13-ին զին­եալ­ներ Պէյ­րու­թէն Հա­լէպ ճամ­բոր­դող փո­խադ­րա­կառք մը Սուր­իա մուտք գոր­ծե­լէն առաջ կանգ­նե­ցու­ցած են եւ կո­ղոպ­տած ճամ­բորդ­նե­րը, որոնց մե­ծա­մաս­նու­թիւնը հա­յեր էին:

Viewing all 8334 articles
Browse latest View live


Latest Images