ՊԵՐԼԻՆ.- Ապրիլ 3-ին, Հայոց Ցեղասպանութեան հարիւրամեակի խորհուրդը կրող հարիւր մեթր (328 ոտք) երկարութիւն ունեցող հայոց եռագոյն դրօշը ծածանեցաւ Գերմանիոյ մայրաքաղաք Պերլինի Ազգային Ժողովի՝ Պունտըսթակի շէնքին դիմաց։ Գերմանաբնակ հայերը ծածանած են, հարիւրամեակը խորհրդանշող այս եռագոյն դրօշը, եւ հարիւր վայրկեան լռութեամբ յարգած Հայոց Ցեղասպանութեան անմեղ զոհերու յիշատակը:
Ապա, այս հաւաքին մասնակցող Գերմանիոյ հայ համայնքի աշխոյժ ներկայացուցիչները, եռագոյններ ծածանած են այնտեղ, ուր Մարտ 15, 1921-ին Սողոմոն Թէհլիրեանի կողմէ, սպանուեցաւ Հայոց Ցեղասպանութեան գլխաւոր կազմակերպիչ եւ ներքին գործոց նախարար՝ Թալէաթ փաշան:
Հայաստանի հանրային ձայնասփիւռի կայանը կը հաղորդէ, որ Գերմանիոյ խորհրդարանը Հայոց Ցեղասպանութեան 100ամեակին կապակցութեամբ, Ապրիլ 24ին մէկ ժամ տեւողութեամբ, նիստ պիտի հրաւիրէ: Օրակարգին վրայ պիտի ըլլայ Հայոց Ցեղասպանութեան վերաբերեալ բանաձեւ մը, որուն մշակումով զբաղուող խորհրդարանին մէջ ներկայացուած չորս կուսակցութիւններու պատգամաւորներէ կազմուած յատուկ աշխատանքային խումբ ձեւաւորուած է։
Իշխող Քրիստոնէական միութիւն եւ Ընկերվար ժողովրդավար կուսակցութիւններուն կողմէ անցեալ շաբաթ ներկայացուցած համատեղ նախագիծին վերնագիրին մէջ տեղ գտած է “Ցեղասպանութիւն“ բառը: Սակայն, Արտաքին Գործոց նախարարութեան եւ խորհրդարանի կուսակցական խումբերու միջամտութեան պատճառով, եզրը հանուած է վերնագիրէն, սակայն պահուած է հիմնաւորման բաժինին մէջ:
Տասը տարի առաջ, Գերմանիոյ խորհրդարանի բոլոր կուսակցութիւններու կողմէ նմանատիպ որոշում վաւերացուած էր:
Ընդդիմադիր Ձախերու եւ Կանաչներու կուսակցութիւնները կողմ են “ցեղասպանութիւն“ եզրի օգտագործման, մինչդեռ իշխող կուսակցութեան եւ անոր դաշնակից խորհրդարանականները համաձայն չեն:
Յառաջիկայ Յունիսին կայանալիք խորհրդարանական ընտրութիւններէն առաջ, “ցեղասպանութիւն“ բառի օգտագործումը կրնայ դիտուիլ իբրեւ յարձակողական քայլ՝ Թուրքիոյ նկատմամբ, յատկապէս, երբ Թուրքիա “կարեւոր գործընկեր“ կը նկատուի “Իսլամական պետութիւն“ ահաբեկչական խմբաւորման դէմ պայքարին մէջ:
Ապրիլ 21ին տեղի պիտի ունենայ քուէարկութիւն, որոշելու համար իշխող խմբակցութեան բանաձեւի վերջնական տարբերակը: Կը նախատեսուի, որ Ապրիլ 24-ին, Գերմանիոյ խորհրդարանին մէջ կայանալիք քննարկման իշխանական եւ ընդդիմադիր կուսակցութիւններու կողմէ պիտի ներկայացուին բանաձեւի երեք տարբեր նախագիծեր, սակայն կրնայ ըլլալ նաեւ, որ մինչ այդ համաձայնութեան գալով, կուսակցութիւնները հանդէս գան մէկ նախագիծով:
The post ԳԵՐՄԱՆԻԱ.- ՀԱՅՈՑ ԵՌԱԳՈՅՆԸ ԾԱԾԱՆԵՑԱՒ ՊՈՒՆՏԸՍԹԱԿԻ ՇԷՆՔԻՆ ԴԻՄԱՑ appeared first on Hairenik Weekly Newspaper.