Quantcast
Channel: Hairenik Weekly Newspaper
Viewing all articles
Browse latest Browse all 8334

Սուրբ Զատիկ Եւ Յարութեան Գաղափար

$
0
0

p14 armenian easter
Գէորգ Պետիկեան
Կրկին Զատիկ է եւ աւանդութիւն՝ խունկով ու աղօթքով:Իսկ մեր բոլոր աւանդութիւններն ալ իրենց խորքին մէջ, մէկական գեղեցկութիւններ են: Խորհրդաւոր: Այլ խօսքով, մեզի համար աւանդութիւն կը նշանակէ, դարձեալ հաղորդակցիլ մեզի ժառանգուած անցեալին հետ: Եւ այդ անցեալը անբաժան մասնիկ մըն է մեր կեանքին: Անոր համար սուրբ յարութեան գաղափարը կապած եւ ագուցած ենք մեր ազգային կեանքին հետ:
Կը հաւատանք, որ իր գոյութեան մէջ, կեանքը միշտ գիտակցութեան եւ ենթագիտակցութեան պայքար մը եղած է մահուան դէմ: Տեսնուած է, թէ մարդկային բոլոր ստեղծագործութիւնները նոյն այդ պայքարին արդիւնքն են:
Իսկ գալով մեզի, իբրեւ հայ, մահը՝ առհասարակ մեզի համար ստեղծագործ եղած է: Մեր գերեզմանները միշտ երկինքով լեցուցած ենք եւ այդպէս ալ իբրեւ մարդ փորձած՝ շարունակել մեր ուրոյն մտածողութիւնը, մեր գոյութեան եւ գոյատեւման հետ միատեղ:
Զատիկ է եւ մահուան յաղթանակի տօն: Հայուն համար մահը ուրիշ բան է: Ան թէեւ ճակատագ-րական վախճան է, սակայն իր մէջ տարբեր կախարդական երանգ մը ունի: Պատմութեան ընթաց-քին, մենք միշտ մեր մահը զարդարած ենք: Մեր գերեզմանները կապած ենք մեր կեանքին:
Կ’ուզեմ այսպէս, եզակի եւ սակայն հաստատ ինքնագոհութեամբ եւ աղուոր անկեղծութեամբ մը նաեւ ըսել, որ մենք եթէ իսկապէս կ’ուզենք լաւ ձեւով ընբռնել խաղաղութեան իշխանին յարու-թեան իմաստն ու խորհուրդը, պէտք է արժեւորենք մեր կեանքը: Ճիշդ է, որ ծնած ենք, ուստի պէտք է, որ շարունակենք ապրիլ: Սակայն այս բոլորին մէջ եւ ետին կայ մեր ժամանակը ստեղ-ծելու եւ արժեւորելու էականութիւնը:
Ազգովին մենք անցեալ մը ունեցած ենք. յաւերժական, զորս միշտ կը յիշենք տառապանքով, խոնաւցած աչքերով եւ զգացական պոռթկումով: Ասկէ մեկնած, մեզի համար կեանքը մահ եղած է եւ մահն ալ կեանք:
Զատիկ է՝ յարութեան հաւատքի գիտակցութեան տօն: Մահ, հաւատք եւ գիտութիւն պիտի ըսէր Զարեան: Միշտ երրորդութիւն: Դարերով փրկիչ Յիսուսը եւ իր խաչը մեզի համար արեւ դարձու-ցինք: Դարձուցինք նաեւ լոյս եւ միշտ յոյս: Ապա մեր երկիրն ալ վերածեցինք այդ լոյսին մեծ շտեմարանի մը, որուն ճառագայթներէն կախուած մնաց մեր կեանքը:
Անգամի մը համար փորձեցէք պապերուս երկիրը, այդ հայ աշխարհը փորել, պիտի տեսնէք թէ անոր տակէն լոյսն է, որ կը ճայթքէ, նոր կեանքն է, որ կը ծնի: Մեր երկինքն ու անհունը կանգնած են մեր լեռներու կատարներուն, ըսած մեր մեծերը: Պարտաւոր ենք հոն տոկալ: Վերապրիլ: Սիրել կեանքը, հոն ստեղծագործել յանդուգն եւ անպարտելի:
Հոն այդ հողին մէջ եւ վրայ Աստուծոյ շունչը կայ: Կրկնակի, կախարդական եւ սուրբ:
Ինչո՞ւ սակայն այս բոլորը, Որովհետեւ այս օրերուն՝ Զատիկ է: Մեր այս ձեւապաշտ իրավիճակէն մենք զմեզ դուրս բերելու համար ձրի հպարտութեան կողքին, միայն հրապոյր եւ հաճոյք պէտք չէ, որ չփնտռենք, կը թելադրեն շատեր: Որովհետեւ ցաւ ի սիրտ այս օրերուն մենք գրեթէ ազգովին եւ ամէն տեղ կորսնցուցած ենք մեր սեփական կեանքով գոյատեւելու ձգտումը եւ սկսած ենք հետեւիլ դուրսէն ընդօրինակուած գաղափարներուն, ձեւերուն, օտարներուն:
Ահա կեանքին հեգնանքը: Արդեօ՞ք այս մէկը բարդոյթ մը չէ, որ մեզ միշտ կը հալածէ:
Այս վայրկեանին կը զգամ, որ ցեղիս պատգամին թելադրանքէն ծնունդ կ’առնեն տողերս:
Լաւատեղեակ ենք նաեւ, որ հիմա մեզի համար ամէն ինչ եւ ամէն բան պատմութիւն է եւ այդ պատմութիւնը կենդանի է: Մեզի հետ կ’ապրի, կը շնչէ, կը քալէ, կը մտածէ: Մենք ենք զինք ստեղծողը, մենք ենք՝ զինք արժեւորողը:
Այս շաբաթ՝ Աւագ Շաբաթ է: Ինծի համար հոս հոգեկան կայք մը կայ: Մահուան յաղթանակի տեսլականը: Արդար է, որ վերագնահատենք մահուան ընբռնումը: Անոր երանութիւնը: Բոլորս ալ գիտակից ենք, թէ մահը կը մաշեցնէ նիւթը: Միայն հոգին է, որ կը խուսաբի անոր ճիրաններէն: Ահա հոսկէ է, որ կը սկսի մարդկային գիտակցութիւնը:
Եւ աւելին՝ Այս օրերուն, գրեթէ ամէն օր մոմ կը վառենք: Հայ ենք: Եկեղեցւոյ մէջ մեր Աստուծոյն մենք ջերմօրէն կրկին կը փորձենք հանդիպիլ: Անոր հետ մտերիմ զրուցել կ’ուզենք: Ըսելիքներ շատ ունինք: Ունինք նաեւ անհամար եւ առաջնահերթ ակնկալութիւններ:
Ուստի կը փորձենք ի խորոց սրտի աղօթել ամէն բանի համար եւ ամէն բանի մասին:
Զատիկ է եւ հրաշքի յաղթանակի օրը: Պէտք է զգալ անցաւորն ու աստուածայինը եւ ապա մեծնալ: Հաւատք է պէտք, թէ՛ տոկալու եւ թէ՛ ալ վերապրելու կամք, ամէն բանէ աւելի: Խորունկ բան մը կայ այս տօնին մէջ: Երկիւղած եմ: Մենք տառապած մարդիկ ենք, կը մտաբերեմ: Մեր գոյութիւնը միշտ մարտ եղած է: Մենք նման ենք ջուրին, բնութեան: Մեր ճակատագիրը մեր պատմութիւնն է: Միւս կողմէ սակայն երազ ունեցող մարդիկ ալ ենք:
Լռութեամբ կը կարդամ այս բոլորը: Անոր համար կ’ուզեմ տեսնել նոր հայը: Իսկ եթէ գտնեմ, ես իմ երազին յաղթած պիտի ըլլամ: Այս բոլորը իմ խոր զգացումով եւ հաւատքով: Ուստի՝
Էականը տոկալն է: Չեմ ուզեր տեսնել, թէ անփոխարինելի բան մը փլած է մեր հոգիներուն մէջ, որովհետեւ այդ մէկը մահացու է:
Զատիկը Սուրբ Յարութեան տօնն է:
Կը հաւատանք եւ միշտ ալ հաւատացած ենք մեր ազգի յարութեան: Մեր պայքարի զէնքը՝ մեր ոգին եւ ապրելու կամքն են եղած: Առաւել՝ իր առաքելութեան հաւատացող ղեկավարը եղած է: Նաեւ՝ մեր գալիքին համար նոր ճամբաներ եւ լոյսեր որոնողը: Ժամանակը եւ մեզ նոյնացնող մեր յարատեւ աշխատանքը: Ժամանակն է, անպայմանօրէն թօթուել մեր էութիւնները: Վերագնահատութեան ենթարկել մեր կեանքը, որպէսզի ծնի նոր ժամանակներու նոր հայութիւնը: Այն հայութիւնը, որ իր ցեղին աւազանին մէջ մկրտուած էր:
Զատիկ է ըսի եւ ըսին: Հրամայական է, որ վերանորոգուինք: Կրկին ծնինք: Մեր պապենական հողէն զատ յաւիտենականութեան չհաւատանք:
Զատիկ է կը կարծեմ, որ ժամանակը եկած է, որ ազգովին մեր պատմութիւնը կրկնենք՝ յարութեան շունչով:

The post Սուրբ Զատիկ Եւ Յարութեան Գաղափար appeared first on Hairenik Weekly Newspaper.


Viewing all articles
Browse latest Browse all 8334

Trending Articles