Quantcast
Channel: Hairenik Weekly Newspaper
Viewing all articles
Browse latest Browse all 8334

ՀԱՅԱՍՏԱՆԵԱՅՑ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ԱՄԵՐԻԿԱՅԻ ԱՐԵՒԵԼԵԱՆ ԹԵՄԻ ԶԱՏԿԱԿԱՆ ՊԱՏԳԱՄԸ.- Իմ վկաներս պիտի ըլլաք

$
0
0

arevelian tem
Յիսուս պատասխանեց անոնց. «Ձեզի չի վերաբերիր գիտնալ ժամն ու ժամանակը զոր Հայրը սահմանած է իր սեփական իշխանութեամբ: Բայց երբ Սուրբ Հոգին իջնէ ձեր վրայ՝ դուք զօրութիւն պիտի ստանաք, եւ իմ վկաներս պիտի ըլլաք Երուսաղէմի, ամբողջ Հրէաստանի եւ Սամարիայի մէջ, եւ մինչեւ երկրիս ծայրերը»: Այս խօսքերն ըսելէ ետք, մինչ անոնք կը նայէին՝ համբարձաւ, եւ ամպ մը ծածկեց զայն անոնց աչքերէն: (Գործք Ա. 7-9)
Գործք Առաքելոց գիրքը վերջաբանով մը կը սկսի. Յիսուս Քրիստոսի հրաժեշտի խօսքով՝ ուղղուած իր աշակերտներուն, մարդկային աչքերու տեսողութենէն «համբառնալէ» առաջ՝ իր Հօրը աջ կողմը նստելու համար: Յարուցեալ Քրիստոսը կը յիշեցնէ իր աշակերտներուն թէ մարդ արարածներու կարողութիւնները սահմանափակ են, նոյնիսկ Քրիստոսի հրաշալի Յարութենէն ետք, թէ Աստուծոյ գործերը միշտ խորհրդաւոր պիտի ըլլան մարդուն համար, եւ թէ կարգ մը բաներ պարզապէս վեր են մարդկային հասկացողութենէ:
Բայց յաջորդ խօսքերով ան կը վստահեցնէ իր աշակերտները թէ անոնք Սուրբ Հոգիի զօրութիւնը պիտի ստանան եւ «վկաներ» պիտի ըլլան իրենց քաղաքներուն եւ շրջակայքի բնակավայրերուն մէջ, ու արդարեւ «մինչեւ երկրիս ծայրերը»: Հրաժեշտի այս խօսքին մէջ կը բացուի տեսիլքը ապագային, հեռաւոր երկիրներու եւ նոյնիսկ հեռաւոր ժամանակներու՝ երբ Յիսուսի հետեւորդները իր վկաները պիտի ըլլան ֊ կամ, Յունարէն բառը գործածելով՝ մարտիրոսներ ֊ Քրիստոսի ճշմարտութեան սիրոյն:
Յատկապէս նշանակալից է այս մտածումը մեզի համար այս տարի՝ երբ կը նշենք մեր ժողովուրդի նահատակութեան մեծագոյն դէպքին հարիւրամեակը: Հեռաւոր Փոքր Ասիայի, Քրիստոնեայ Եկեղեցւոյ օրրանին մէջ, Քրիստոսի համբարձումէն մօտ 1900 տարիներ ետք, Հայ ժողովուրդը Քրիստոսի վկայ դարձաւ:
Հայոց Ցեղասպանութիւնը առաջին անգամը չէր երբ Հայ քրիստոնեաներ կը մարտիրոսանային: Ու դժբախտաբար վերջին անգամը պիտի չըլլայ՝ երբ մեր աշխարհը մարտիրոսներ պիտի տեսնէ ֊ ինչպէս կը կարդանք մեր օրերու ամէնօրեայ լուրերուն մէջ: Բայց Ցեղասպանութեան տարողութիւնը, աւերին ծաւալը՝ մարդկային կորուստի ու քաղաքակրթութեան չափանիշերով, կը զատորոշէ զայն ֊ ու կը մնայ հասկացողութենէ վեր՝ նոյնիսկ դար մը ետք:
Եւ ահա դար մը անցած՝ յետադարձ ակնարկ մը կը հաստատէ ինչ որ կը զգանք մեր սրտերուն մէջ, եւ կը բանայ մեր սրտերը այն իրողութեան՝ թէ Ցեղասպանութիւնը բարոյապէս աւելի մեծ իրադարձութիւն մըն է քան ազգային աղէտ մը, մեր մէջ կþարթնցնէ գիտակցութիւնը թէ անոնք՝ որոնք կորսնցուցինք ֊ մեր մայրերն ու հայրերը, մեր նախնիքը՝ որոնք առիթը չունեցան ծնունդ տալու իրենց սերունդներուն ֊ իրենց ցաւին ու տառապանքին մէջ իսկ կրցան իրագործել նշանակալից իրողութիւն մը՝ որ կը խօսի համայն մարդկութեան:
Այս իրողութիւնը աւելի եւս պիտի իմաստաւորուի այս տարի Ապրիլ 23-ին՝ Մայր Աթոռ Ս. Էջմիածնի մէջ՝ պատմական արարողութեան մը ընթացքին: Այդ պահուն, ի տես մեր ամբողջ ու միասնական եկեղեցիին, 1915֊ի մեր մարտիրոսները՝ որոնք նահատակուեցան իրենց հաւատքին համար, պիտի սրբադասուին Հայաստանեայց Եկեղեցւոյ կողմէ: Այդ օրուընէ ետք զանոնք պիտի տեսնենք որպէս յաղթական հաւատքի օրինակելի վկաներ, եւ ո՛չ թէ միայն որպէս անարդարութեան խղճալի զոհեր: Այլեւս պիտի դադրինք մեր նահատակներու հոգիներուն համար աղօթելէ, ու փոխարէն պիտի դիմենք իրենց՝ որպէս սուրբեր բարեխօսելու մեզի համար: Այն բոլոր իրերը որ անոնք թողած են մեզի, նոյնիսկ իրենց լուսանկարները, մեզի համար պիտի ըլլան սրբոց նշխարներ:
Ձեղասպանութեան նահատակներուն սրբադասումը մեզի համար պէտք է ըլլայ այլակերպութեան առիթ մը, թէկուզ տակաւին անկարող ըլլանք ըմբռնելու անոր տարողութիւնը այժմու մեր դիտանկիւնէն նայած: Որպէս ժողովուրդ, այս տարի սկիզբն է միայն հասկնալու տարողութիւնը: Հիմա միայն կրնանք երեւակայել թէ սրբադասումը ի՛նչ ազդեցութիւն պիտի ունենայ մեր ժողովուրդի ապագայի մտապատկերին վրայ՝ Ցեղասպանութեան նկատմամբ:
Իսկ համբարձման ատեն՝ Յիսուսի հետ գտնուող աշակերտները նման փորձառութիւն մը պէտք է ունեցած ըլլային: Անոնք ապրած էին Քրիստոսի չարչարանքներուն, խաչելութեան եւ մահուան արհաւիրքը. իրենց սրտերը պատուած էին վշտի ու անյուսութեան զգացումներով: Բայց այս բոլորէն ետք, հիմա իրենց առջեւ շօշափելիօրէն կը կենար իրենց Տէրը, իրենց աչքերը յառած անոր՝ մինչ ան կը համբառնար փառքով:
Քրիստոսի Յարութիւնն է՝ ի վերջոյ որ մեզի կու տայ ուղիղ դիտանկիւնը տեսնելու Ցեղասպանութեան նահատակներուն սրբադասումը. որովհետեւ մեր Տիրոջ Յարութեան հրաշքին շնորհիւ է որ կրնանք տեսնել թէ ներկայի մեր վէրքերը, մեր կորուստները ֊ ըլլան անոնք հարիւր տարի առաջ կամ երէկ ֊ Քրիստոս կրեց մեզմէ առաջ: Ան իր տառապանքները տարաւ ի հաշիւ մեր վիշտերուն, մեզի հանդէպ ունեցած իր սիրով, ցոյց տալու մեզի թէ ան բաժնեկից է թէ՛ մեր յաղթանակներուն եւ թէ՛ մեր ցաւերուն:
Քրիստոսի Յարութիւնն է, ամէն բանէ աւելի, որ կը հաստատէ մեր Տիրոջ խոստումը թէ ինք պիտի յիշէ անոնք՝ որոնք իր վկաները կը դառնան, պիտի վերացնէ զանոնք, եւ նոր արարածներ դարձնէ Աստուծոյ յաւիտենական արքայութեան մէջ:
Ա՛յս է Զատկուան յաւիտենական յոյսը: Մենք եւս բաժնեկից կրնանք դառնալ այդ յոյսին՝ Յիսուս Քրիստոսի միջոցաւ: Թող այդ յոյսը ապրի մեր սրտերուն մէջ՝ երբ իրարու կþաւետենք.
ՔՐԻՍՏՈՍ ՅԱՐԵԱՒ Ի ՄԵՌԵԼՈՑ
ՕՐՀՆԵԱԼ Է ՅԱՐՈՒԹԻՒՆՆ ՔՐԻՍՏՈՍԻ

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ԳԵՐՇ. Տ. ԽԱԺԱԿ ԱՐՔ. ՊԱՐՍԱՄԵԱՆ
Ս. Զատիկ 2015

The post ՀԱՅԱՍՏԱՆԵԱՅՑ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ԱՄԵՐԻԿԱՅԻ ԱՐԵՒԵԼԵԱՆ ԹԵՄԻ ԶԱՏԿԱԿԱՆ ՊԱՏԳԱՄԸ.- Իմ վկաներս պիտի ըլլաք appeared first on Hairenik Weekly Newspaper.


Viewing all articles
Browse latest Browse all 8334

Trending Articles