Quantcast
Channel: Hairenik Weekly Newspaper
Viewing all articles
Browse latest Browse all 8334

ՀԱՅ ԵՆՔ …ԵՒ ՀԱՅ ԿԸ ԶԳԱՆՔ

$
0
0

khe1

ՀԱՅՐԵՆԻՔ
Խմբագրական
Մարտ 31, 2015

Հետաքրքրական է հետեւիլ Թուրքիոյ վարչապետի գլխաւոր խորհրդական Էթիէն Մահճուպեանի կատարած արտայայտութիւններուն եւ յայտարարութիւններուն, վերջերս Եւրոպայի մէջ կատարուած գիտաժողովներու ընթացքին:
Առաջին հերթին, յոյժ յիշատակելի է անոր գործածած «Հայոց Ցեղասպանութիւն» բացատրութիւնը: Ան ամենայն պարզ եւ յստակ բացատրութեամբ կը նշէ թէ, պատմական իրադարձութիւնները մէկդի դնելով եւ «ցեղասպանութիւն» եզրին իրաւական սահմանումը նկատի ունենալով, 1915-ի պատահածը այդ մէկն էր, հետեւաբար այսուամենայնիւ զայն կարելի է ցեղասպանութիւն համարել:
Թէ՛ Բրիտանիոյ խորհրդարանին մէջ կազմակերպուած կլոր սեղանի մը ընթացքին, եւ թէ՛ Պելճիքայի Կենթ քաղաքին մէջ «Նոր Թուրքիա» խորագիրը կրող գիտաժողովի մը ընթացքին, Մահճուպեան շեշտեց թէ ինք հայ է, սակայն աւելի օսմանցի կը զգայ, աւելցնելով թէ ազգայնական մօտեցումով չէ որ կը կատարէ այս հաստատումը:
Հաւանաբար, Մահճուպեանի այս արտայայտութիւնը, մոռացութեան կը մատնէ վերոյիշեալ գործածուած «Հայոց Ցեղասպանութիւն» բացատրութեան վրայ եւ նոյնիսկ զայն կը գերակշռէ:
Պարզապէս հետեւելով, վերջին ամիսներու կատարուած հաստատումներուն եւ յայտարարութիւններուն,Անգարայի կողմէ քարոզչական հետեւողական աշխատանք մը սկսած է գործել ուր «բոլորս ալ օսմանցի ենք» լոզունքով, կը փորձեն պղտորել եւ խառնաշփոթ վիճակ ստեղծել: Ամենէն աւելի երկրորդական պետական ղեկավարներէն, մինչեւ արտաքին գործոց Նախարար, վարչապետ եւ նախագահ «բոլորս ալ օսմանցի ենք» վարկածով, կը փորձեն իրենց իւրայատուկ համաշխարհայնացումը կատարել, երեւոյթ մը որ երբեք կարելի չէ բաղդատել Նոր Աշխարհի հալոցին՝ melting pot-ին հետ:
Նաեւ կարելի չէ երբե՛ք բաղդատել Էթիէն Մահճուպեանի յայտարարութիւնը, տասնեակ տարիներ առաջ հանրահռչակ ֆրանսահայ երգիչ Շարլ Ազնաւուրի հանրածանօթ՝ «Ես հարիւր առ հարիւր հայ եմ, եւ հարիւր առ հարիւր ֆրանսացի» հաստատումին, որ շատ աւելի զգացական բնոյթ ունէր եւ «Անոնք Ինկան»ը ներկայացնելու մէկ այլ մօտեցում մըն էր:
Դեռ աւելին, Էրտողանի, Տաւութողլուի, Չաւուշողլուի եւ Մահճուպեանի այս մօտեցումը «պղտոր ջուրի մէջ որսալու» նենգամիտ ոճ մըն է, որ ուղղակիօրէն կը հարուածէ ո՛չ թէ միայն հայը, այլ յատկապէս հայ զգացող Սփիւռքահայը:
Անգամ մը եւս յստակօրէն պէտք է զանազանել եւ յաւելեալ մանրամասնութիւնով եզրակացնել որ, Թուրքիոյ վարչապետի գլխաւոր խորհրդականն է, որ կը հաստատէ թէ ինք օսմանցի կը զգայ:
Իսկ ծագումով հայ մը, որ Թուրքիոյ վարչապետին գլխաւոր խորհրդականն (այս պարագային, ծագումով հայ ըլլալը՝ երկրորդական) է կը գործածէ «Հայոց Ցեղասպանութիւն» եզրը: Երեւոյթ մը, կամ ազդանշանի նշոյլ մը… շատ հեռու ճանաչումէն, արդարութենէն, պահասջատիրութենէն եւ հատուցումէն, մանաւանդ երբ նկատի ունենանք թէ, թուրք բարձրաստիճան ղեկավարներ շարունակ կ՛այցելեն Ուաշինկթըն` Հայոց Ցեղասպանութեան ի նպաստ բանաձեւեր քուէարկութեան ներկայացնելէ տարհամոզելու համար:

 

The post ՀԱՅ ԵՆՔ …ԵՒ ՀԱՅ ԿԸ ԶԳԱՆՔ appeared first on Hairenik Weekly Newspaper.


Viewing all articles
Browse latest Browse all 8334

Trending Articles