Image may be NSFW.
Clik here to view.Մակար, ի Գաղիա
Մարտ 27, 2015
Գարուն է: Օրացոյցի պարզ գրուած օրերուն մէջ կան նաեւ կարմիրներ: Կարմիր նշուած կիրակի մը Քրիստոսի հրաշափառ Յարութիւնը կը տօնենք, բարեկամներով, շարայական կերուխումով, փաստելու համար որ մարդ ոչ միայն բանիւ Տեառն կ’ապրի, այլ նաեւ հացիւ, խորովածով, օղիով, անուշապուրով: Միութիւններ ճաշկերոյթ կը կազմակերպեն… հասոյթի համար: Վարժուած ենք:
Զատիկէն վերջ կարմիրով գրուած թուականը Ապրիլ 24-ն է: Ամէն հայ այդ մասին կը խօսի, չխօսի ալ կրծքանշան մը կը կրէ:
Արմենակ միշտ ըսելիք ունի, գաղտնի սպասարկութեան տեղեկահաւաքի բծախնդրութեամբ կը հետեւի հայ կեանքին, ամպագորգոռ ճառերուն, միւսներուն: Լսողի պէտք ունի: Խօսափող չունի, գիտէ որ գէթ Էլպիսը, Մակարուհին եւ ես կը լսենք զինք:
Կիրակի կէսօրէ ետք Էլպիսին հետ եկաւ:
Հազիւ տեղաւորուած, Արմենակ սկսաւ տոպրակը պարպել:
– Այս տարի որպէս մակնիշ-պիտակ ամէն բանի վրայ կը կպցնենք 100-ԱՄԵԱԿ: Հայաստան գացող խումբերու, զբօսաշրջային, մարզական, երէցներու, նկարիչներու, գրողներու, ծիածանի գոյներով միութիւններու, մկրտութեան եւ ամուսնութեան, ճաշկերոյթներու, նախաճաշներու, պարահանդէսներու:… Այժմ ամէնուն վրայ կայ 100-ԱՄԵԱԿ-ի պիտակ, ինչպէս որ շապիկներու ներսը գրուած կ’ըլլայ Պանկլատէշ, Մաքաօ, Մարոք…
– Կը դժգոհիս երբ բան չեն ըներ, կը դժգոհիս երբ կ’աշխատին:
– Անցեալ տարի ալ նոյնը ըրին, բայց 99-ամեակ չգրեցին: Հայաստան երթալ-գալը ինչ կապ ունի ամեակի հետ: Խորհրդային օրերուն ալ կ’երթային, հիմա ալ կ’երթան: Պարախումբի ելոյթը ինչո՞ւ 100-ամեակի պիտի ըլլայ, առաջին անգամը չէ որ պարախումբեր ելոյթներ կ’ունենան: Այդ ըսելով բռնագրաւուած Հայաստա՞նը պիտի ազատագրեն, մեռելնե՞րը պիտի ողջացնեն:
Փորձեցի կարծիքները ամփոփել:
– Արմենակ, գիտես, այդպէս ժողովուրդը արթուն կը պահեն:
– Ո՛չ, Մակա՛ր, այդպէս չէ, իրենց կարեւորութիւնը ցոյց տալու համար բաներ մը կ’ընեն, թանին ջուրը կ’աւելցնեն, այնքան որ թանին մէջ մածունին համը կորսուի: Թերթի մը մէջ յաջորդ օրն իսկ մոռցուելիք լուսանկարին համար հոգի կու տան, այդ ալ կը կոչեն՝ 100-ամեակի առիթով…
– Այդ կ’ընեն, որպէսզի չմոռցուինք:
– Ո՛չ, Մակա՛ր, այդ կ’ընեն որպէսզի իրենց անձերը չմոռցուին: Չեն վարանիր ուրիշի գրած լատինատառ հայերէնը կարդալ բեմերէ, իրարու ձեռքէ խօսափող կը փախցնեն, օտարի մը երկու խօսքը լսելու համար կարմիր գորգ կը փռեն:
– Եթէ այդ ալ չընեն…
– Իմաստունի շապիկ հագած կ’ըսեն «պատմական Հայաստան», եւ կը զարմանա՞նք երբ բազմագոյն մտաւորականներ եւ քաղաքական գործիչներ, ներառեալ թուրքեր, մեզ կը մխիթարեն ցեղասպանութեան ճանաչում հոլովելով, առանց հայոց հայրենիքի ամբողջացման մասին բառ մը իսկ ըսելու:
Արմենակ դեռ կրնար խօսիլ, եթէ Էլպիս եւ Մակարուհի սուրճը չբերէին, Սուրիայէն ստացուած թերթանուշով: Արմենակ լակոնական ձեւով եզրակացուց.
– Շրթներու ծառայութեամբ մեզ մխիթարողները մե՞զի կը ծառայեն, թէ՞ բան չնշանակող խօսքերով մեզ կը ծառայեցնեն իրենց շահերուն: Մարշէ տէ տիւփ, կ’ըսէ ֆրանսացին… Փառատենչիկներ կամ խաբուած միամիտներ…
– Արմենա՛կ, 100-ամեակը նորոյթ է, մայրերը տօնական օրերուն նոր հագուստ կը գնէին իրենց սիրասուններուն, կ’ըսէին՝ «ճիճիշ»…
The post ԱՐՄԵՆԱԿ ԵՒ «ՃԻՃԻՇ» appeared first on Hairenik Weekly Newspaper.