“Ապտիւլ Համիտ Կարմիր Գազանը իր կայսրութեան բոլոր ցեղերը կը ճնշէ գարշելի կեղեքումի մը տակ։ Քաղաքակիրթ կոչուած ժողովուրդներու կառավարութիւնները ձեր դահլիճին մեղսակիցն ու
ծառաները եղան… Մեր բոլոր ուժով մենք պիտի շարունակենք, ձեզ հետ եւ ձեզ համար,
Մեծ Մարդասպանին դէմ կռիւը, խօսքով եւ գրիչով, եւ երբ ժամը գայ, գործով… “։
ՓԻԵՐ ՔԻՅԵԱՌ
Երբ մենք սիրով կՙանդրադառնանք Հայ Դատի եւրոպացի Բարեկամներու կեանքին ու գործին, ճանչցնելու համար մեր հանգուցեալ բարեկամներուն Սփիւռքի հայ նոր սերունդին եւ միեւնոյն ժամանակ թարմացնելու՝ յիշողութիւնները Հայաստանի Հանրապետութեան եւ Արցախի Հանրապետութեան հայ մամուլի ընթերցողներուն։
Այս տարուայ Յունուար 27¬ին լրացաւ մահուան 103¬ամեակը ֆրանսացի բանաստեղծ, հրապարակագիր եւ հայ ժողովուրդի եւ անոր արդար Դատին հեղինակաւոր պաշտպան՝ Փիեր Քիյեառի, որ համիտեան բռնապետութեան տարիներուն իր գրիչով, խօսքով ու գործով անգնահատելի աշխատանք տարած է յօգուտ մեր ժողովուրդին։
Փիեր Քիյեառի անժամանակ մահը խորապէս յուզած է հայ ժողովուրդն ու Հ.Յ.Դաշնակցութիւնը։ Անդարմանելի էր կորուստը, մանաւանդ որ այդ տարիներուն, Հայ Դատի հետապնդման մեծաթիւ գործեր եղած են։ Աւելի ցաւալին այն էր, երկու տարի ետք, հրաժեշտ կու տային թանկագին երկու դէմքեր եւս, Ֆրանսիս տը Փրէսանսէ եւ Ժան Ժորէս։
Փիեր Քիյեառ անծանօթ մը չէր մեր հայ հասարակութեան 1892¬1896¬ին, չորս տարի ան ապրած էր Կ. Պոլիս եւ իբրեւ ուսուցիչ Կալաթայի Կեդրոնական Վարժարանին եւ Բերայի Կաթողիկէ Հայոց ուսումնարանին մէջ պաշտօնավարելով՝ առիթը ունեցած էր ճանաչելու մեր ժողովուրդն ու անոր փրկութեան նուիրուած հայ գործիչները։ Մօտէն ծանօթ թուրք կեանքին, սիրած էր հայ ժողովուրդը իր բոլոր առաւելութիւններով՝ թերութիւններով եւ Հայ Դատի հետապնդման ջատագովերէն մէկը եղած էր։
“Փիեր Քիյեառ ամէն բանէ առաջ մարդ մըն էր։ Քաղաքացի էր։ Ան ամենէն խանդավառ պաշտպանը եղաւ Հայ Դատին, որովհետեւ համոզուած էր, թէ արդարութեան դատ մըն էր ան, դատը՝ մարդկութեան ու քաղաքակրթութեան։ Ու միշտ ալ բարեկամ եղաւ նման բոլոր դատերու։ Անկախաբար գրչի գործունէութենէն ան նուիրուած էր նաեւ տենդագին աշխատանքի մը՝ տարբեր արտայայտութիւններով։ Ինք ալ, ինչպէս մեր թանկագին Քրիստափոր Միքայէլեանը, կը կազմէր տեսակ մը շաղախ՝ տրամադրելի իր բոլոր ուժերով“, կը գրէր Շաւարշ Միսաքեան։
Քիյեառ ծնած էր Փարիզ Յուլիս 14, 1864ին։ Իր ուսման սկիզբը եղած էր Ֆոնթանի Լիկէոնին մէջ, յաճախած էր Շարթի վարժարանը եւ շրջանաւարտ Դպրութեանց համալսարանէն։ 1896¬ին կը հիմնէ ,Լա Փլէյատե, ,La Ple’iadeե թերթը իրապաշտ ուղղութեամբ։ Փիեր Քիյեառ հրապարակ կու գայ ,Լա ֆիմ օ մէն քուփէե, ,La Fille aux mains coupe’esե վերնագիրով ինքնատիպ բանահիւսութեամբ։ Ընդունակ բանաստեղծը օրէ օր աւելի պատկառելի եւ առաջնորդող դեր մը ստացած իր գործած միջավայրին մէջ, հետզհետէ կը հրատարակէ իր Բանին Փառքը՝ ,Լա Կլուար տի վերպե, ,Լա Լիր հերոյք է տոլանթե ,La Gloire du Verbeե, ,La Lyre he’roique et dolenteե գործերը եւ կարգ մը թարգմանութիւններ՝ յոյն բնագիրէն։
Ըլլալով կատարեալ հելլենագէտ մը՝ Քիյառ ֆրանսերէնի թարգմանած է հին յունական դասական շարք մը երկեր։ Փնտռուած գրական քննադատ մըն էր միաժամանակ։ Իր այս բոլոր յատկութիւններուն կարգին, սակայն մեծապէս ցայտուն էր իր մօտ հրապարակագրի կարողութիւնը, զոր կարելի է ըսել, ամենէն աւելի ի սպաս դրաւ Հայ Դատի քարոզչութեան։ Այս մարզին մէջ ան դարձաւ մնայուն աշխատակիցը արմատական ,Օրօրե (Արշալոյս) թերթին, իսկ աւելի ետքը, 1900¬ի վերջերը, Հ.Յ.Դաշնակցութեան առաջարկով եւ աջակցութեամբ, հիմնեց ,Փրօ Արմենիաե երկշաբաթաթերթը, որ տարիներով արձագանգ, եղաւ հայութեան տառապանքին ու բողոքի ձայնին։
“Փրօ Արմենիա“ի շուրջ համախմբուած էին նշանաւոր անուններ՝ ֆրանսական ընկերվարութեան մեծանուն պարագլուխը՝ Ժան Ժորէս, ֆրանսայի Խորհրդարանի անդամ Ֆրանսիս տը Փրեսանսէ, Քլեմանսօ, Անաթոլ Ֆրանս։ Թերթին խմբագրապետն էր Փիեր Քիյեառ։ Իր բազամթիւ յօդուածներէն բացի, ան հրատարակած էր նաեւ երկու գիրքեր՝ ,Արեւելեան Հարցըե (1898ին) եւ ,Հայաստանի Համարե (1902ին)։ Վերջապէս, Փիեր Քիյեառ ընդհանուր քարտուղարն էր Մարդկային Իրաւանց Պաշտպան Լիկային, որուն նախագահն էր Ֆրանսիս Տը Փրեսանսէ։
Փիեր Քիյեառ իր հանրային¬Քաղաքական գործունէութեան մէջ շատ սերտ կապեր ունեցած է Հ.Յ.Դաշնակցութեան եւ անոր ղեկավարներուն հետ, Փարիզ, Ժընեւ, Կ. Պոլիս եւ այլուր։ Ան օգտագործած է այդ կապերը աւելի մօտէն ճանչնալու համար հայ՝ ժողովուրդին ու անոր յեղափոխական զաւակները՝ ուղղութիւն տալու համար իր աշխատանքներուն։
Այնքան սերտ եղած են կապերը, որ Փիեր Քիյեառ, Հ.Յ.Դ. Բիւրոյի մասնաւոր հրաւէրով մասնակցած է Դաշնակցութեան Գ. Ընդհ. Ժողովին, որ տեղի ունեցած է Սոֆիայի մէջ, 1903ին (այդ ժողովին ներկայ գտնուած է նաեւ ռուսական բանակի նշանաւոր հայ զօրավար Լորիս Մելիքով)։
Սահմանադրութեան վերահաստատումէն քիչ ետք, 1908¬ի վերջերը, Փիեր Քիյեառ իր կնոջ՝ Մարիի հետ կը ճամբորդէ Կ. Պոլիս եւ այնտեղ կը մնայ քանի մը ամիս։ Հոն եւ այլուր ան կþարժանանայ համահայկական գուրգուրանքի եւ երախտագիտութեան։ Կը բանախօսէ հանրային բեմերէն, անսահման խանդավառութիւն կը ստեղծէ իր շուրջ։ 1919¬ի Փետրուարի սկիզբը Կ. Պոլսէն կը ճամբորդէ Իզմիր եւ հոն կը ստեղծէ միեւնոյն խանդավառութիւնը։
Փարիզի մէջ, վերաբուժական գործողութեան մը պատճառով աչքերը կը փակէ Յունուար 23, 1912¬ին, 48 տարեկան հասակին։
Հայ ժողովուրդի հաւատարիմ բարեկամին մահէն11 օր ետք մեծ սգահանդէս մը տեղի կþունենայ Բերայի մէջ, Դաշնակցութեան կազմակերպութեամբ, սգահանդէսին կը բանախօսեն դաշնակցական ղեկավարներ՝ Է. Ակնունին, Խաժակը, Վռամեան եւ ուրիշներ, իսկ անմահ Կոմիտաս Վարդապետ կը մասնակցի երգով մը։
ՎԿԱՅՈՒԹԻՒՆՆԵՐ՝ ՀԱՅՈՒԹԵԱՆ
ՄԵԾ ԲԱՐԵԿԱՄԻՆ ՄԱՍԻՆ
“1900ին էր, 12 տարի առաջ, որ հայ ցաւի երգիչը, միջազգային Ամբիոնի վրայ կանգնած, հռչակեց իր հզօ՜ր սպասարկութիւնը տանջուող ժողովուրդին։ Ու այն ժամանակ, “Դրօշակ“ի էջերում, այս խօսքերով ողջունեցինք նրա վեհ գործը։
Մոխրակոյտի վրայ բազմած, արտասուքը աչքերին, մի ձեռքը կրծքին լայնաբերան վէրքին, միւսը խորշոմած ճակատին, սգաւոր Հայը, ինչպէս անմխիթար մեռելատէր, խարուած զօրեղներից, մոռացուած երէկուայ վիճակաոիցներից, շնչասպառ ականջ է դնում, որտեղից որ է։
Եւ ահա այդ ձայներից մէկը .- ՊՐՕ ԱՐՄԵՆԻԱ“
Է.ԱԿՆՈՒՆԻ
“… Հակասութիւնը հոն պիտի ըլլար, որ Արուեստագէտը չմբոստանար բոլոր այն արատներուն դէմ, որ կþեղծեն կեանքի գեղեցկութիւնն ու ներդաշնակութիւնը եւ բոլոր այն շղթաներուն դէմ, որ կþըսեն մարդուն՝ ստորնացիր եւ ազգերուն՝ հպատակի՛ր։
… Ու մեր սերունդին համար ի՜նչ աւելի բարձրացնող իբրեւ ներշնչման խորհրդանշան՝ քան կատարել Արուեստագէտի եւ կատարեալ Մարդու այն տոպարը, որ կը ներկայացնէ Փիեր Քիյեառ, հայ ժողովուրդի ազատագրական գործին հոյակապ ախոյեաններէն մին“։
ՌՈՒԲԷՆ ԶԱՐԴԱՐԵԱՆ
“Մի անողոք մահ եւ մի ծանր կորուստ…
Ընդամէնը 47 տարեկան հասակում, իր հարուստ ձիրքերի զարգացման գագաթին, գերեզման է իջնում այն մարդը, որ բոլոր հայասէր եւրոպացիների մէջ ամենահարազատն էր մեզ համար՝ մի մտերիմ, մի ընկեր, աւելի քան ընկեր¬բարեկամ։
… Այդ բառի իսկական նշանակութեամբ, այդ գաղափարի ամենավեհ իմաստով։ 17 տարուց ի վեր նա անդադար շեփորում էր աշխարհի առջեւ հայ ժողովուրդի նուիրական եւ ողբերգական դատը, նրա արիւնոտ ճգնաժամն ու օրհասը։
12 տարուց ի վեր նա մեզ հետ էր, Դաշնակցութեան հետ, բաժանում էր մեր յաջողութիւնների բերկրանքը եւ ձախորդութիւնների վիշտն ու դառնութիւնը… մեր շարքերից է, որ պոկւում է մի խոշոր դէմք, հայոց մռայլ երկնակամարից է, որ անհետացնում է մի պայծառ աստղ։
Քիյեառի մահը սուգ է հայ ժողովրդի, հայ երիտասարդութեան համար։ Ասուած է, որ ամէն մարդ երկու հայրենիք ունի ¬ իր սեփականը եւ ապա Ֆրանսիան։ Ֆրանսացի Կիյեառը երկու սիրուած հայրենիք ունէր ¬ իր սեփականը եւ Հայաստանը“։
“ԴՐՕՇԱԿ“ Յունուար 12, 1912
“Հայ ժողովուրդը, մանաւանդ երկրի Հայութիւնը, եթէ հնարաւորութիւն չունի յիշատակի խորան մը կանգնելու իր օտարազգի բարեկամներուն համար, որ աննենգ վկաներն եղան իր մարտիրոսագրութեան, որ նոյն զարկով զգացին իր տագնապներն ու ցնցումները, եւ եղան՝իրենց կարգին՝ մարտնչողներ իր դիւցազնամարտի յաղթանակին համար, բայց րոպէ մը իսկ պիտի չմոռնայ անոնց անուններն ու անոնց ճիգերը աւանդել իր որդիներուն եւ թոռնիկներուն, իբրեւ համազգային սրտառուչ հէքիաթ մը։
Մենք յարգանքով կը խորնարհինք այդ եղբայր¬հոգիներու աճիւնին առջեւ“։
ՇԱՒԱՐՇ ՄԻՍԱՔԵԱՆ
The post ՀԱՅՈՑ ՑԵՂԱՍՊԱՆՈՒԹԵԱՆ 100-ԱՄԵԱԿԻ ԱՌԻԹՈՎ.- ՓԻԵՐ ՔԻՅԵԱՌ (1864-1912) ԲԱՆԱՍՏԵՂԾ ԵՒ ՀՐԱՊԱՐԱԿԱԳԻՐ… ՀԱՅ ԴԱՏԻ ԲԱՐԵԿԱՄ appeared first on Hairenik Weekly Newspaper.