ՆԻԿՈՍԻԱ.- Կիպրոսի Հանրապետութեան քաղաքական կուսակցութիւնները Հայոց Ցեղասպանութեան ժխտումը քրէականացնող օրինագիծ մշակած են: Կիպրոսի խորհրդարանին մէջ ներկայացուած բոլոր քաղաքական կուսակցութիւններուն մշակուած միացեալ օրինագիծը պատիժներ կը նախատեսէ ցեղասպանութիւնը, պատերազմական յանցագործութիւնները եւ մարդկութեան դէմ կատարուած յանցագործութիւնները չճանչցողներուն համար:
Հաղորդումին մէջ նշուած է, որ առաջարկուած է օրինագիծը ընդունիլ Հայոց Ցեղասպանութեան հարիւրամեակին տարելիցին առիթով:
Միւս կողմէն, Հայաստանի հանրային ձայնասփիւռի կայանը Մարտ 24ին հաղորդեց, թէ Կիպրոսի նախագահ Նիքոս Անասթասիատիս Ապրիլ 23-25ին Հայաստան պիտի այցելէ, Հայոց Ցեղասպանութեան հարիւրամեակի միջոցառումներուն մասնակցելու համար։
Կիպրոսի խորհրդարանի անդամ Վարդգէս Մահտէսեանի համաձայն՝ Կիպրոսի նախագահը ընդունած է Հայաստանի նախագահի պաշտօնական հրաւէրը եւ Երեւան գտնուելով ու «Հայկական Ցեղասպանութեան հարիւրամեակի ոգեկոչման արարողութիւններուն մասնակցելով՝ Կիպրոսի կառավարութեան զօրակցութիւնը պիտի յայտնէ հայ ժողովուրդին»։
The post Կիպրոսի Խորհրդարանէն Ներս.- Հայոց Ցեղասպանութեան Ժխտումը Քրէականացնող Օրինագիծ appeared first on Hairenik Weekly Newspaper.