ՆԻՒ ԵՈՐՔ.- Մարտ 11-ին, Մ.Ա.Կ.-ի մօտ Հայաստանի Հանրապետութեան մշտական ներկայացուցիչ Զոհրապ Մնացականեան հանդիպում մը ունեցաւ Մ.Ա.Կ.-ի ընդհանուր քարտուղար Պան Քի Մունի հետ:
Ողջունելով դեսպան Մնացականեանի այցելութիւնը՝ Պան Քի Մուն բարձր գնահատած է Հայաստանի աշխուժ ներգրաւուածութիւնը միջազգային բազմակողմ գործընթացներուն մէջ, ինչպէս նաեւ Մ.Ա.Կ.-ի գրասենեակի աշխատանքներուն ցուցաբերուող աջակցութիւնը:
Շնորհակալութիւն յայտնելով ընդունելութեան համար դեսպան Մնացականեանը քարտուղարին փոխանցած է Հայոց Ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցի համահայկական հռչակագրի գրութիւնը՝ թարգմանուած ՄԱԿի բոլոր պաշտօնական լեզուներով՝ նշելով, որ Հռչակագիրը միտուած է ցեղասպանութեան դէմ համամարդկային պայքարի ամրապնդման ու զարգացման:
Դեսպանը բարձր գնահատած է ցեղասպանութեանց կանխարգիլման գործին մէջ Մ.Ա.Կ.-ի եզակի դերակատարութիւնը, որպէս համամարդկային եւ բարոյական արժէքներու վրայ հիմնուած միջազգային կարեւորագոյն նշանակութեան կառոյց:
Հանդիպման ընթացքին զրոյցի նիւթ կազմած են նաեւ տարածաշրջանային խընդիրներ եւ անոնց կարգաւորման հնարաւորութիւնները: Անդրադարձ եղած է Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդրի խաղաղ կարգաւորման բանակցային գործընթացին: Պան Քի Մուն վերահաստատած է ՄԱԿի շարունակական աջակցութիւնը ԵԱՀԿ Մինսքի խումբի համանախագահութեան ծիրէն ներս եւ անոնց առաջարկութիւններու հիման վրայ ղարաբաղեան հիմնախնդրի կարգաւորման:
The post Մ.Ա.Կ.-ի Ընդհանուր Քարտուղար Պան Քի Մունի Յանձնուեցաւ Հայոց Ցեղասպանութեան 100-ամեակի Համահայկական Հռչակագիրը appeared first on Hairenik Weekly Newspaper.