ՍՈՒՐԷՆ ՇԷՐԻՔ
Ժամանակին իսկութեան խնդիրը հինէն ի վեր չարչարած է իմաստասէրներու միտքերը: Հասկնալու համար թէ ի՛նչ է հասարակ մարդուն կարծիքը այդ մասին, կը բաւէ վերյիշել ժամանակ կորսնցնել, տարիները սահեցան, ժամավաճառ ըլլալ, ժամանակը որքան արագ կը սահի եւ նման արտայայտութիւնները: Բացայայտ է ուրեմն թէ մէկը, որ երբեք առիթը չէ ունեցած խորհելու ժամանակի մասին, զայն կը նկատէ որպէս հոսանուտ մը, որ կը սահի ու կ’անցնի: Ժամանակը կ’առընչուի ամէն բանի, Տիեզերքի, անջրպետի, միջոցի եւ կենդանի մարդու: Ժամանակը մասնաւորապէս կապուած է անջրպետին: Դիտենք Տիեզերքը ստուգելու համար երկնային առարկաներու շարժումները. Երկիրը ինքնիր առանցքին շուրջ կը դառնայ մէկ օրէն, Լուսինը Երկրի շուրջ կր դառնայ մէկ ամիսէն, Երկիրը՝ Արեւին շուրջ կը դառնայ մէկ տարիէն: Տասնեակ հազարաւոր տարիներ, դարեր, շաբաթներ, ժամեր, վայրկեաններ, երկվայրկեաններ մարդկային հնարքներ են զորս կարելի է փոփոխութեան ենթարկել ակնթարթի մէջ, ինչ որ կատարուած է անցեալին՝ քաղաքական անձնաւորութիւններու կամ կրօնաւորներու կողմէ, հին եւ նոր տոմարներու պատրաստութեան պարագային:
Ժամանակին մարդու կողմէ դիտարկուած ամենէն բնորոշիչ յատկութիւնը մեզի տուած այն զգացումն է, որ ան անընդհատ կը սահի եւ կ’անցնի, առանց մեզ յստակօրէն իրազեկ պահելու, թէ ի՛նչ բան է ան, որ այդպէս կը փախչի անդադար: Անորոշ, անբացատրելի զգայութիւն մը մեզ կը պատէ, զգայութիւնը բանի մը, որ մեզմէ խոյս կու տայ ամէն վայրկեան եւ որ առ յաւէտ կը կորսուի մեզ համար: Ահա՛ այն պատկերը, զոր ժամանակը մեզի կ’ընծայէ առաջին առթիւ, այն ձեւը, որու ներքեւ ան կը յայտնուի մեր ներքին զգայականութեան: Սակայն եւ այնպէս, ժամանակը, որպէս տիեզերական համապարփակ յատկութիւն, արտաքին աշխարհի մէջ մեզի կ’երեւի աւելի ընդհանուր ձեւի տակ, ձեւ մը, որ կը հետաքրքրէ միանգամայն անշունչ իրերը եւ կենդանի բնութիւնը:
Ամէն վայրկեան մենք ներկայ կ’ըլլանք բնական երեւոյթներու կատարման, լոյսի եւ խաւարի շարունակական յաջորդութեան, տաք եւ ցուրտ եղանակներու պար-բերական վերադարձին, ապրող էակներու ծնունդին, զարգացումին եւ մահուան: Բոլոր այս իրողութիւնները ժամանակի մասին մեզի կու տան աւելի ընդհանուր պատկեր մը, որով ան մեզի կը յայտնուի իբր անհրաժեշտ պայման՝ բոլոր փոփոխութիւններու կատարման: Չմոռնանք որ բոլոր այս բնական երեւոյթները կը պարտինք Արեւի եւ Լուսնի գոյութեան: Կարելի է հարց տալ, թէ ի՞նչ կը նշանակէր ժամանակը Արեւի եւ Լուսնի ներկայութենէն առաջ: Ուրեմն Արեւ եւ Լուսնէն առաջ, տարի եւ ամիս հասկացողութենէն առաջ ի՞նչ էր ժամանակը: Ուրիշ խօսքով, Ժամանակին ժամանակ պէտք եղաւ որպէսզի ան անուանուի ժամանակ: Ուրեմն հոս ինքնաբերաբար պայման մը կը ստեղծոփ ժամանակի գոյութեան համար, ան ալ նիւթն է: Առանց նիւթի ներկայութեան ժամանակ գոյութիւն չունի:
Տարակոյս չկայ, որ ժամանակի մասին մեր ունեցած ըմբռնումին զանազան հանգրուանները կազմուած են գլխաւոր երկու ազդակներու ազդեցութեան ներքեւ, որոնք են՝ կրօնական մտածման բարեշրջումը եւ գիտութեանց յառաջացումը:
Անթիք շրջանին Դեմոկրիտոս՝ եւ աւելի յետոյ Էփիքիւր՝ կ’ընդունէին, թէ բնութեան մէջ որպէս իրականութիւն՝ երկու բան միայն գոյութիւն ունին՝ մարմինները եւ անոնց միջեւ գտնուող պարապութիւնը, այսինքն՝ միջոցը: Այդ պայմաններուն մէջ կարելի չէր այլեւս տեղ գտնել երրորդի մը համար եւ ահա թէ ինչո՛ւ անոնք ժամանակը կը մերկացնէին այն բոլոր ստորոգելիներէն, որոնք կրնային առարկայական իրականութիւն մը տալ անոր:
Պղատոնական դպրոցին, բայց մանաւանդ նոր պղատոնականին, ժամանակի ըմբռնումը բոլորովին տարբեր է առաջինէն, որովհետեւ ան ժամանակը կը դասէ իբրեւ անկախ էակ, որպէս բխումը Մէկին, որ ունի ոչ սկիզբ եւ ոչ ալ վախճան, որ անհուն է եւ որ յաւիտենականութեան անշարժութենէն կը զանազանուի իր մշտնջենական փոփոխականութեամբ: Արիստոտելի մօտ, գիտական պրպտող միտքը պիտի գերազանցէ Պղատոնի հայեցողական ճաշակները, այնպէս որ երբ Արիստոտել, ժամանակը սահմանելով, կ’ըսէ թէ ան թիւն է շարժումին՝ ընդհանուր առմամբ, այս սահմանումը կ’առնէ քանակական բնոյթ, որ շարժուն առարկայի մը ընթացքին զանազան վիճակները իրարու կը կապէ:
Քրիստոնէութիւնը կարեւոր փոփոխութիւն մը մտցուց Աստուծոյ եւ Տիեզերքի փոխյարաբերութեանց մեր ըմբռնումին մէջ: Քրիստոնէական հաւատքին համաձայն Աստուած ամէն ինչ ստեղծեց ոչինչէ, Տիեզերքը դուրս բերաւ անէութենէն եւ հետեւաբար Ան ստեղծեց նաեւ ժամանակը: Փիլիսոփայ St. Thomas d’Aquin նշանաւոր է արիստոտելեան դպրոցին գաղափարները Եկեղեցտյ վարդապետութեանց հետ հաշտեցնելու իր փորձով, եւ իբր այդ ան կ’ապաւինի աստուածաբանութեան, այսինքն հաւատքի վճիռին: Արդ, հաւատքը այդ մասին բացայայտ է, քանի որ ան կը յայտարարէ թէ ,ի սկզբանէ արար Աստուած զերկին եւ զերկիրե: Ուրեմն, կ’եզրակացնէ St.Thomas d’Aquin՝ Տիեզերքը չի կրնար ըլլալ յաւիտենական:
Երբ Այնշթայն եւ Մինքովսքի հրապարակեցին իրենց յարաբերականութեան տեսութիւնը (theory of relativity) եւ նկարագրեցին ժամանակի եւ միջոցի ձուլումովը կազմուած այդ քառաչափ նորատեսակ գոյացութեան յատկութիւնները, այն ատեն միջոց եւ ժամանակ դադրեցան գոյութիւն ունենալէ իբր առանձին էութիւններ, բայց միեւնոյն ատեն այս տեսութիւնը ժամանակը դրաւ վերստին բնութեան շրջանակին մէջ, առարկայական իրականութեանց կարգին:
Ուրիշ գիտուններ ա՛լ աւելի առաջ գացին ժամանակի այս առարկայացումին մէջ: Մարդկային միտքը, որ կ’ուզէ բնութեան բոլոր երեւոյթներուն մէջ միութիւն մը տեսնել, հետզհետէ աւելի ընդլայնելու վրայ է հիւլէականութեան գաղափարը, որ սկիզբները, միմիայն նիւթին վերապահուած ըլլալ կը թուէր, որովհետեւ ան օր ըստ օրէ աւելի եւս կը նշմարէ թէ երեւոյթներու արտաքին միօրինակ տեսքին տակ ծածկուած կը մնայ տարրական մասնիկներու, անջատ հիւլէներու ամբողջ աշխարհ մը: Այսպէս է որ ծնունդ առած է ժամանակի մասին նոր-հիւլէական տեսութիւն մը: Վերջապէս, ուրիշներ ժամանակի եւ հիւլէական յօրինուածքի գաղափարները իրարու զօդելով, կ’առաջարկեն ժամանակը նկատել որպէս զուտ վիճակագրական մեծութիւն մը (grandeur statistique), այնպէս ինչպէս՝ ջերմութիւնը, որ բոլորովին նշանակութենէ զուրկ կը մնայ քիչ քանակութեամբ նիւթական մասնիկներու սահմանափակ շրջանակին մէջ:
Սովորական է խօսիլ ժամանակի արագութենէն: Կարելի է զոր օրինակ, ենթադրել որ Երկրի իր առանցքին շուրջ ըրած շարժումը արագանայ: Այն ատեն գիշերը եւ ցերեկը աւելի շուտ իրարու պիտի յաջորդէին, եւ մենք պիտի փորձուէինք ըսել՝ ,ժամանակի ընթացքը արագացած էե: Սակայն, իրականութեան մէջ, արագացեալ շարժումի մը տեղ՝ պիտի ունենայինք անջրպետ մը, որ պզտիկցած է: Ժամանակը պիտի ըլլար պարզապէս կարճցած, եւ ժամանակին՝ շարժուն առարկային արագութեան համեմատ այդ կարճնալը հետեւանք պիտի ըլլար սա՛ իրողութեան, թէ երբ այդ արագութեան արժէքը անհունութեան կը հասնի, ժամանակը, զէրոյի վերածուած, ընդմիշտ կ’անհետանայ:
Ըստ ֆրանսացի գրող, ակադեմիկոս Ժան տ՝Օրմեսոնի՝ ժամանակը երեք անհաւասար բաղկացուցիչ ունի. անոնցմէ երկուքը ահաւոր են եւ կարելի է ըսել անվերջ, անցեալը եւ ապագան: Իսկ երրորդը այնքան աննշան՝ որուն գոյութիւնն իսկ վիճելի է. ներկան է: Կարելի է նոյնիսկ պնդել որ այս երեք բաղկացուցիչներէն ոչ մէկը իսկապէս գոյութիւն ունի, անցեալը՝ որովհետեւ այլեւս գոյութիւն չունի, ապագան որ դեռ ներկայ չէ, գալով ներկային՝ ան ամէն ակնթարթին անհետանալու վրայ է հակառակ իր շարունակական բնոյթին: Սա պահուն երբ այս յօդուածը կը շարադրեմ արձանագրելով որոշ բառեր, արդէն անցեալ է՝ յաջորդ իսկ ակնթարթին: Ուրիշ խօսքով, այն պահը ուր ես կը գրեմ, արդէն հեռացած է ինձմէ:
Ինչ որ նեղացուցիչ է, ան է թէ մենք մեր ամբողջ կեանքը կ’անցընենք այս անիրական բարձունքին վրայ, որն է ներկան, գոյութեան բացակայութիւնը: Տիեզերքը կը կայանայ յաւիտենական ներկայի մը մէջ, որ իւրաքանչիւր ակնթարթին կը չքանայ, անցնելով ապագայէն դէպի անցեալ: Այսուհանդերձ, հակառակ իմաստասէրներու երազանքին կամ խորհրդածութեանց, իրական աշխարհը իր գոյութիւնը կը զգացնէ միշտ: Կ’անօթենանք, ցաւ կը քաշենք, կը հրճուինք, կու լանք, կ’երջանկանանք: Ուրեմն, շարունակենք վայելել կեանքը այնպէս ինչպէս հրամցուած է մեզմէ ամէն մէկուն, ամենահզօր Արարիչին կողմէ:
The post ԺԱՄԱՆԱԿԻ ՄԱՍԻՆ appeared first on Hairenik Weekly Newspaper.