Մարտ 6, 2015
Եթէ 1915-2015-ը կը յիշեցնէ Արեւմտահայաստանի հայրենահանման եւ դատարկման հարիւրամեակը, 1922-ը եւ 1939-ը եւս, նոյնիսկ եթէ այսօր անոնք կլոր թուականով մը չեն յիշուիր, նոյնքան կը յիշեցնեն հայրենահանման աղէտը հայկական Կիլիկիայէն, որուն համար կ’ըսուի թէ Հայաստան չէր, ինչպէս որ են Մուշը, Սասունը, Վանը, բայց նաեւ Թուրքիա չէր, էր Կիլիկիոյ հայկական թագաւորութիւն, ուր հայերը ապրած էին դարեր, տիրողներու ներխուժումէն առաջ:
1922-ին եւ 1939-ին հայրենահանման ենթարկուած ժողովուրդի հայրենիք էր Կիլիկիան, ուր ան ունէր դպրոցներ, վանքեր, եկեղեցիներ, գիւղեր, քաղաքներ, դպրոցներ, զարգացուցած էր տնտեսութիւն: Այդ ժողովուրդը հիւր չէր այդ հողին վրայ: Մեր քաղաքական ճառին մէջ 1922-ի եւ 1939-ի տեղահանութիւնները բացակայ են, գրեթէ, ինչո՞ւ: Միջին Արեւելքի հայկական համայնքները, ստուար մեծամասնութեամբ Կիլիկիայէն հեռացուած, որպէս այդպիսին չյիշուող հայրենահանման հետեւանք են: Թող զարմանալի չթուի, այս պարագային այս հայրենահանումը Մեծ Տէրութիւններու յետ-պատերազմեան «խաղաղութեան» շրջանի խարդաւանանքներուն եւ մեղսակցութիւններուն հետեւանք է: Զարմանալի է, որ անոնք անանուն եւ անհասցէ ցեղասպանութեան մը ճանաչման զուգահեռ, չեն խօսիր իրենց պատասխանատուութեամբ իրականացած յաջորդական զոյգ հայրենահանումներու մասին, որ ցեղասպանութեան միւս երեսակն է: Նոյնքան զարմանալի է, որ բարոյականէ անդին չանցնող յայտարարութիւններու համար, նոյն այդ անցեալի Մեծ Տէրութիւններ կոչուած երկիրներու անձնաւորութիւններուն կամ պաշտօնատուներուն դուռը ափ կ’առնենք զօրակցութեան խօսքի մը կամ յայտարարութեան մը համար, որոնք ոչ մէկ ձեւով իրաւունքի վերկանգնում պիտի չըլլան, բախտաւոր պարագային պիտի անհանգստացնեն Թուրքիան:
1922-ի եւ 1939-ի հայրենահանումները տեղի ունեցած են Արեւմուտքի, մասնաւորաբար՝ Ֆրանսայի յանցանքով կամ շահախնդրութեամբ, հետեւաբար՝ պատասխանատուութեամբ: Ընդհանուր բնոյթով ցեղասպանութեան ճանաչման զուգահեռ, Արեւմուտքը պարտք պէտք է համարէ քաղաքական լուծում առաջարկել եւ հետապնդել, դարմանելու համար իր իսկ սխալները (աւելին չըսելու համար): Ինչո՞ւ բարձրաղաղակ չենք ըսեր, թէ խորհրաժողովներէ, փաստարկներէ, վաւերաթուղթերէ անդին, անմիջական քաղաքական խնդիր կայ, իրաւունքի վերականգնում, թէեւ արդէն ըսողներ եղան եւ կան, զանազան ձեւերով, որ արդէն հարիւր տարուան հնութիւն ունի հարցը, որ կարելի չէ նոր տեղահանութիւններու որոշումներ կայացնել՝ իրաւունք վերհաստատելու համար:
Բարոյական յուզիչ խօսքէ անդին, պէտք է խօսիլ Հայկական Հարցի քաղաքականացման եւ բանակցային լուծումներու մասին, հիմք ունենալով Արեւմուտքի կողմէ մշակուած եւ ընդունուած Սեւրի դաշնագրի տրամադրութիւնները: Առանց այս քաղաքական քայլերուն, կամայ ակամայ, պիտի խրինք բարոյախօսական եւ կարգախօսային աղմկարարութեան մէջ, որ պիտի սկսի եւ աւարտի 24 Ապրիլին, քիչ մը լաւատեսութեամբ՝ 2015-ի աւարտին, երբ պիտի դադրի դատարկ դարձող ջրաղացի չախչախը:
Մեզի բարեկամ ականջներուն յստակօրէն ի՞նչ կ’ըսենք:
Տպաւորիչ կամ ամպագորգոռ գիտաժողովները բազմապատկելով, օր մը Սենի ափին, օր մը Փոթոմաքի, որոշման մը յանգեցնող եւ զայն կենսագործող ո՞ր յաւելեալ ընդունելի փաստարկը պիտի հրապարակեն: Այսօր, այդ «բարեկամ» ականջները բարի կամքը ունի՞ն ըսելու, պահանջելու, որ իրաւունքի վերականգնման օրակարգով բանակցային նախաձեռնութիւններ ըլլան, յստակօրէն սահմանուած օրակարգով, որ չըլլայ կատարուած իրողութիւններու ենթակայութիւն կամ առակագիր Լա Ֆոնթէնի առակին պէս չըսուի «որ ամենազօրաւորին օրէնքը միշտ լաւագոյնն է»:Այս ընթացքն է, որ վերջ կու տայ երազներով օրօրելու եւ օրօրուելու ափրիկեան անտառներու մէջ հնչող ոչ սկիզբ եւ ոչ վերջ ունեցող թամ-թամին, որ, բախտաւոր պարագային ասուպի կեանք կ’ունենայ թերթի կամ հեռատեսիլի պատկերի մը կեանքով, որուն գինովութեան շատեր կը սպասեն՝ ջուր տալու համար եսերու:
Այլ խօսքով, 19-րդ դարէն եկող եւ փակուղի տարուած Հայկական Հարցը սոսկ ցեղասպանութեան ճանաչում չէ, ժողովի կամ գիտաժողովի անվաղորդայն աղմուկ եւ սեւցուած թուղթ չէ:
ՀԱՅԿԱԿԱՆ ՀԱՐՑը պիտի քաղաքականա՞յ, պիտի կարենա՞նք քաղաքականացնել, թէ՞ բարոյական-մխիթարական ճառերով յուզուած սրահներ պիտի լեցնենք, լեզուամշակութային նահանջով մեզ տարտղնող համաշխարհայնացման մէջ քիչ մը աւելի հետեւելու համար այլասերման (alienation) խօլ եւ անկասելի նահանջին:
1915, 1922, 1939, առաւել մերօրեայ ապակայունացումները, երբ հայրենամերձ համայնքներ իրենց առագաստները կը բանան ոչ թէ դէպի երազուած անկախ Հայաստանը կամ ազատագրուած Արցախը, այլ մինչեւ բեւեռներ եւ հեռաւոր ովկիանոսներու ծանօթ անծանօթ աշխարհները: Բայց կը շարունակենք գեղեցիկ մեծանունէ մը բառ կամ խօսք որսալու մեր հին-նոր ճապկումները՝ ինքնախաբէութեամբ:
Հայու քաղաքական խօսքը կը տատանի՝ դրուած ըլլալով իր գլխուն վրայ: Սիրողական իրարանցումներէն հեռանալով, պիտի կարենա՞նք զայն կանգնեցնել իր ոտքերուն վրայ:
Առածը կ’ըսէ, որ ողջ մնացող ճուտիկները աշնան կը համրեն…
The post 1915, 1922, 1939.- ՀԱՅՐԵՆԱՆՈՒՄՆԵՐ. ԱՂԷՏ-ԱՐՏԱԳԱՂԹ ԵՒ ԳԱՂԹԵՐ՝ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆ ԵՐԱԶԱՅԻՆ ԿԱՄ ԻՐԱՊԱՇՏ ՊԱՍՏԱՌԻ ՎՐԱՅ appeared first on Hairenik Weekly Newspaper.