Quantcast
Viewing all articles
Browse latest Browse all 8334

Կանաչեան, Աթաթիւրք եւ «Հոթել» Պարոն…

Image may be NSFW.
Clik here to view.
the baron hotel aleppo syria

Դոկտ. Հրայր Ճէպէճեան
Ծ.Խ.- «Հայրենիք»ի Յունուար 9, 2015 թիւին (էջ 15, նաեւ կայքէջ) մէջ, լոյս ընծայած էինք, միեւնոյն յօդուածագրէն «ՕՐՕՐ-ը որ չմահացաւ» գրութիւնը: Նշենք թէ Դոկտ. Հրայր Ճէպէճեան, իր անձնական յուշերն է որ կը փոխանցէ, նաեւ նոյնանման այս գրութեամբ: Միեւնոյն ժամանակ, աւելի յստակացնելու համար «Օրօր»ին ծննդոցը, խմբագրութիւնս լոյս կ’ընծայէ, այդ գործը յօրինող Բարսեղ Կանաչեանի կողակից՝ Քրիստինէ Կանաչեանի յուշերուն մէջ նշուած, նոյնինքն «Օրօր»ին մասին տեղեկութիւններ, որոնք լոյս տեսած են 2014-ին, Լիբանանի մէջ լոյս տեսնող «Կամար» գրական պարբերաթերթի թիւ 24 թիւին մէջ: Քրիստինէ Կանաչեան, իր յուշերուն մէջ կը նշէ.- … Վերջապէս կարգը եկաւ «Օրօր»ին, որուն մասին արդէն տարաձայնուեր էր ամբողջ քաղաքին մէջ, այդ հիմանալի «Օրօր»ը, որը կարծեմ սերունդէ սերունդ պիտի երգուի իր հմայքէն առանց բան մը կորսնցնելու։ Միջանկեալ ըսեմ, որ Կանաչեանը` «Օրօր»ը յօրինած է շատ հինէն Պոլիս եղած շրջանին, նախ գրած է մեներգ, իսկ երգչախումբի բաժինը՝ բառերով, որը արդէն տպագրուած է Պոլսոյ հին երգարաններուն մէջ. յետոյ գրած է մեներգ, իսկ երգչախումբին բաժինը՝ գոց բերնով, որը կ’երգուի մինչեւ այսօր, իսկ անկէ վերջ, երբ ես փափաքեցայ ունենալ դաշնակի բաժինով մը, որպէսզի տանս մէջ երգեմ ու նուագեմ, ուրեմն գրեց նաեւ մեներգ՝ դաշնակով։ Կարծեմ բաւական հեռացայ համերգի օրուան յայտագրէն։ Ուրեմն, «Օրօր»ը լսեցինք ապշած, վերացած, քարացած, եւ պէտք է խոստովանիմ, որ թաւշային ձայնով մեցցօ մըն էր մեներգող օրիորդը։ Երբ համերգը վերջացաւ՝ բեմ վազեցինք եղբայրս ու ես, բնական է՝ գրեթէ ամբողջ ժողովուրդը. ծանօթացանք իրեն, շնորհաւորեցինք. շատ համակրելի խօսակցութիւն մը ունէր։ Օտար թէ հայ թերթերը մեծ գովեստով գրած էին իր արուեստին եւ ղեկավարութեան մասին։ Յետոյ լսեցինք, որ Կանաչեանը Կիպրոս գացած է հանգստանալու եւ որ ժողովուրդին փափաքին գոհացում տալու համար յաջորդ սեզոնին դարձեալ պիտի գայ Եգիպտոս։ Ուրեմն ես շատ երջանիկ էի, քանի որ այս անգամ պիտի մասնակցէի։ Ինծի ըսած էր, որ այդ տարին Կիպրոս գացած էր եւ ֆեզիքական հանգստութենէ աւելի ուզած էր առանձնանալու եւ հանդարտ մտքով յօրինել։ Կարծեմ «Հօյ Նար»ը, «Խնջոյք»ը, եւայլն այդ միջոցին յօրինած է։

Հալէպ քաղաքին հետ ունիմ շատ մը ապրուած յուշեր,բայց նաեւ կեանք, որովհետեւ ծնողքս եղած են բնիկ Հալէպահայեր…։Բայց նաեւ հօրեղբայրս տոքթ.Ռոպէր Ճէպէճեան,որ իր լրիւ կեանքը ապրեցաւ եւ մնաց Հալէպ քաղաքին մէջ։Անոր բնակարանը՝նեռարեալ հիւանդանոցը(որ տակաւին կը գործէ) դարձած էր մեզի համար ինչպէս հօրեղբայրս կը՚սէր «Պապենական Տուն»…։Եւ «Պապենական Տուն»ը մեզի համար զաւակները եւ եղբօր ընտանիքը դարձաւ՝ մեր ընտանեկան հաւաքներու կանոնաւոր եւ տարեկան հերթականութեամբ(եւ մի քանի անգամ) միացման «օղակ»…։Հալէպի «Պապենական Տուն»ը սակայն եղաւ աւելին…։Ան միայն մեր հանդիպումի տունը չէր՝բայց նաեւ անոր հետ կ՚առնչուէին հօրեղբօրս եւ մեր ընտանիքի բոլոր հարազատներուն եւ բարեկամներուն հետ միասին ըլլալու եւ հանդիպելու միջոցը…։«Պապենական Տան» հետ նաեւ ապրեցանք մեր կեանքերը իրար հետ եւ հարազատներու, բայց նաեւ կերտելով շատ մը բարեկամներ ու բարեկամութիւններ…։Եւ այդ բարեկամներուն մէջ էր նաեւ Մազլումեան ընտանիքը՝որոնք տէրն եւ տնօրէնն են եւ մինչեւ այսօր Հալէպի «Հոթել» Պարոնին…։
Հօրեղբայրս եւ Մազլումեանները դրացիներ եղած են Հալէպ, Պոստան Քլէպի թաղամասին մէջ…։Այս իմաստով հօրեղբօրս մտերիմ բարեկամն էր Պարոն պանդոկին սեփականատէր Արմէն Մազլումեանի որդին՝Գրիգորը եւ որուն հետ եղած են մանկութեան օրերու թաղի խաղընկերներ։Ես հանդիպած էի Գրիգոր Մազլումեանին պատանեկութեանս ժամանակ, երբ հաճախ Հալէպ կը գտնուէի հօրեղբօրս տունը…։
Բայց այն ինչ որ յատկանշական է «Հոթել» Պարոնն է…։Այսպէս ըսած Հալէպ քաղաքի «Աւանդներէն» մէկն է, որուն մէջ եթէ մէկ կողմէ կայ պատմութիւն, բայց նաեւ ապրուած կեանք եւ իրագործումներ…։Պանդոկին քարաշէն շէնքը եւ լայն պողոտայի հանդիպակած մասին վրայ արդէն իսկ կը պարունակէ ահագին պատմութիւն եւ մշակոյթ…։Պանդոկին իւրայատկութիւնը ներկայ օրերու հիւրանոցային ասպարէզի բարձր չափանիշերու հետ մրցիլը չէր…։«Հոթել» Պարոնի իւրայատկութիւնը անոր «մշակութային» ինքնութեան ու «կենցաղին» մէջ է, որ դարձած էր մէկ կողմէ «Առասպել», բայց նաեւ Հալէպ քաղաքի ցուցանիշային երեւոյթ։Մուտքի աստիճաններէն սկսելով՝անցնելով հիւրասենեակի բաժնէն եւ անոր կարասիները բոլորը պահուած իր պատմական ինքնութեամբը, ինծի կ՚ապրեցնէին նոյնինքն անոր «մշակութային» աւանդը…։Եթէ Հալէպը ճանչցուած է իր «բերդով», «ներսի շուկայով»ու «ճտէյտէի» մասով, բայց նաեւ «Հոթել Պարոն»ը ունէր իր բաժինը…։Եւ իւրաքանչիւր Հալէպ այցելութեանս, կարելի չէր չ՚ըմփոշխնել «Հոթել» Պարոնը՝Հալէպ քաղաքի ինքնութիւններէն մէկը…։
1911 թուականին հիմնուած «Հոթել» Պարոնը Արմէն Մազլումեանի կողմէ, ապրած ու ապրեցուցած է շատ մը միչազգային դէմքեր եւ գործիչներ, ներառելով նաեւ հայկականը…։ Եւ անոնց մէջ է նաեւ Բարսեղ Կանաչեանը ու անոր համբաւ շահած «Օրօր»ը…։
Բարսեղ Կանաչեան 1920-1921 տարիներուն Հալէպ կը գտնուէր եւ յաճախ կ՚այցելէր Մազլումեան ընտանիքին, որ այդ օրերուն կ՚ապրէր «Հոթել» Պարոնի շէնքի մէկ յարկաբաժնին մէջ։Կանաչեան շատ կը սիրէր նուագել Մազլումեաններու տան դաշնամուրին վրայ՝կատարելով նաեւ յօրինումներ…։Գրիգոր Մազլումեան փոքր պատանի էր այդ տարիներուն, իսկ կրտսեր քոյրը Արտան՝դեռ նորածին մօր գրկին մէջ։ Տիկին երանիկ Մազլումեան (Գրիգորի եւ Արտայի մայրը) կ՚օրօրէր Արտան մայրական խանդաղատանքով։ Բարսեղ Կանաչեանի համար տեսարանը եղած է զգայուն եւ զգացական…։Եւ նկատի առնելով իր երաժիշտի ու յօրինողի ներաշխարհը, ան նոյնինքն դաշնամուրի ետեւ անցնելով կը սկսի յօրինել, որ պիտի դառնար իր հանրածանօթ «Օրօր»ը…։
Բայց այն ինչ որ դարձած է հետաքրքրական, որ մինչ Կանաչեան իր ներաշխարհին մէջ կ՚ապրէր «Օրօր»ի յօրինումովը, դուրսը փողոցէն կը լսուէր տողանցող փողերային խումբի քայլերքը…։Եւ Կանաչեան նաեւ ձայն կու տայ փողերային խումբի քայլերքներուն եւ անոնց երաժշտական չափերուն, որոնք ուժգին եւ զօրաւոր էին։Եթէ մէկ կողմէ կը հետեւի այդ չափերուն՝(եւ երեւի կը խանգարուի՞)՝բայց նաեւ կ՚արձանագրէ զանոնք։ Այսպէս՝ քայլերգը եւ «Օրօր»ը կը յաջորդեն իրարու փոխն ի փոխ՝ մին զօրաւոր եւ միւսը մեղմ…։ Բայց արդիօք հնարաւոր՞ է…։ Կանաչեան իր ներաշխարհին մէջ, ինչ խօսք՝ կը շարունակէ ապրիլ «Օրօր»ին մթնոլորտին եւ մեղեդիին մէջ…։ Երբ փողերային խումբի երաժշտութիւնը եւ անոր ձայնը կը հեռանան, կը մնայ միայն մեղմ ու քընքուշ «Օրօր»ը՝նոյնինքն ստեղծագործուած «Հոթել» Պարոնի մէջ…։
Զօրաւար Մուսթաֆա Քեմալը, որ յետագային դարձաւ Աթաթիւրք, ապրած է «Հոթել» Պարոնին մէջ եւ աւելի քան ութ ամիս՝1918 տարիներուն…։Պաղեստինի ճակատի վրայ Թրքական բանակները ծանր պարտութիւն կրելով, Մուսթաֆա Քեմալ եւ իր բանակը դուրս եկան Հալէպէն եւ «Հոթել» Պարոնէն…։Իրենց հետ տարին իրենց զինուորական սարքերը, բայց նաեւ հալէպէն «կորզած» շատ թանկագին մետաղ…։Եթէ Աթաթիւրքը մոռցած էր բռնատէր զինուորականի իր ապրած կեանքը եւ անոր ձգած հետքերը ու տակաւին «իւարացուցած» մետաղները, սակայն երեւի չէր մոռցած «Հոթել» Պարոնը…։1920 թուականներուն, երբ Հալէպի երկաթուղիի ընկերութեան Ֆրանսացի տնօրէնը պաշտօնի եւ գործի բերումով գացած էր Թուրքիա, ան հանդիպած էր Աթաթիւրքին…։ Աթաթիւրք իմանալով թէ Ֆրանսացի տնօրէնը կուգայ Հալէպէն, առաջին հարցումը կը՚լլայ անոր։« Դեռ կը գոյատեւէ՞ «Հոթել» Պարոնը…»։ Ու տակաւին՝« …հապա Մազլումեան ընտանիքը ինչպէս՞ են…»։
Տօքթ. Ռոպէր Ճէպէճեան, որ մանուկ տարիքին ապրած է Աթաթիւրքին «արհաւիրքը»՝ չի մոռնար իր պատասխան-ակնարկը ընելու եւ իր յուշերուն մէջ…։« Այո Պր. Նախագահ, կը գոյատեւէ պատմական Պանդոկը ուրիշ շատ շատերու նման, չէ քանդուած։Կը վերապրին Մազլումեանները ու Հայ ժողովուրդն ալ,որ դեռ կը բազմանայ»։
Արմէն Մազլումեան՝Գրիգորի որդին, որ տակաւին կ՚ապրի Հալէպ եւ ներկայիս տէրն ու տնօրէնն է պանդոկին, մեկնելով երկրին մէջ տեղի ունեցած ահռելի իրադարձութիւններուն ըսած է (պանդոկին մասին)։ « բայց այս բոլորը անցեալի մէջ է։Անկեղծ ըսեմ, հիւրանոցը ալ երբեք առաջուանը չը՚լլար։Լաւագոյն տարիները ետեւ մնացին»։
Հասկնալի է Արմէնին «ցաւը»…։Պատերազմական այս վիճակին մէջ, շատ դժուառ է տեսնել հորիզոնին վրայ երեւցող-չերեւցող «Յոյս»ը…։Եւ այս նոյնինքն «Յոյսին» ներշնչող եւ ներշընչեցնող լաւը ու լաւատեսութիւնը…։Բայց Հայը՝իր պատմութեան ամբողջ գնացքին մէջ հաւատաց, կարչեցաւ եւ ապրեցաւ այս «Յոյսով» եւ որուն միչոցաւ տեսաւ հորիզոնին վրայ երեւցող «լաւագոյն տարիները», որ կու գար անցեալէն՝եւ կ՚ապրէր ներկային մէջ ու տակաւին գալիք օրերու հաշւոյն։ Այս «Յոյսով» է որ հայը «վերապրեցաւ» ու «բազմացաւ»…։
Կանաչեանը ստեղծագործեց իր նշանաւոր «Օրօր»ը «Հոթել» Պարոնին մէջ…։Աթաթիւրքը չի մոռցաւ «Հոթել» Պարոնը…։Ու տակաւին երկար է շարքը անոնց՝նեռարեալ իրադարձութիւններուն, որոնք «Հոթել» Պարոնին մէջ ու անոր մէջէն ստեղծեցին Հայկական «Աւանդ», որ տուաւ «Մշակոյթ» եւ եղաւ ապրելու եւ բազմանալու հիմք…։ Հայը այս «Աւանդին» հաւատաց ու տակաւին պիտի ու պէտք է շարունակէ հաւատալ…։
Դժուար է այո՛…։Բայց Հայուն պատմութեան փորձն է այս…։ Եւ որ միշտ դժուար եղած է…։
Կանաչեան,Աթաթիւրք եւ «Հոթել» Պարոն…։Հայուն Աւանդին «վերապրելու» եւ «բազմանալու» մէկ իրական փաստը…։
«Հոթել» Պարոն…։ Հոն ուր Կանաչեան Հայը ստեղծագործեց…։Եւ Աթաթիւրք՝ Թուրքը չի մոռցաւ…։
Իսկ մենք այսօր՞…։ Մեզի կը մնայ ամուր կենալ այս Հաւատքին ու Աւանդին շարունակականութեանը մէջ։ Արժէ «լաւագոյն տարիները» տանիլ դէպի «հորիզոն» թեկուզ հեռու եւ ոչ խաղաղ մթնոլորտի մէջ։ Եւ ոչ թէ «չ՚ըլլալու» համար՝հապա «առաջուանը» ընել մղիչ ուժ, աւելի լաւ վաղուան օրը ստեղծելու տեսլականովը…։
Եւ արժէ որ Հայը հաւատայ այս «ուժին»…։ Որովհետեւ այս «ուժին»մէջ ու անոր միչոցաւ է, որ Հալէպը եւ Հայը ամբողջ պիտի «վերապրին»…։ Եւ «Հոթել» Պարոնը ու Հայուն բոլոր Էութիւնները պիտի «բազմանան»…։

The post Կանաչեան, Աթաթիւրք եւ «Հոթել» Պարոն… appeared first on Hairenik Weekly Newspaper.


Viewing all articles
Browse latest Browse all 8334

Trending Articles