Աշխարհասփիւռ Հայ ժողովուրդը այս օրերուն կը պատրաստուէր ոգեկոչել պոլսահայ նահատակ լրագրող՝ Հրանդ Տինքի ութերորդ տարելիցը: Այսօրինակ ցուրտ օրեր էին, երբ իմացանք ահաւոր գոյժը ԱԿՕՍ թերթի գլխաւոր խմբագիր, Հայ ժողովուրդի երեւելի մտաւորականներէն, որ յայտնի էր իր անվախ ելոյթներով ու համարձակ յօդուածներով։ Խօսքի ազատութեան ջատագովն էր ան, որուն գրիչէն ծորող արտայայտութիւնները խոտոր կը համեմատէին իսլամ ծայրայեղականներու սկզբունքներուն: Տինք իր խմբագրականներով միշտ կ’ընդգծէր Թուրքիոյ ժողովրդավարացումը, ինչպէս նաեւ Թուրքիոյ մէջ խօսքի ազատութիւնը, փոքրամասնութիւններու իրաւունքներու, ընդհանուր առմամբ մարդու իրաւունքներու, և յատկապէս Թուրքիոյ մէջ ապրող հայ համայնքի իրաւունքներու հարցը։
Ծայրայեղ իսլամականներուն համար խօսքի ազատութիւնը այլ սահմանում մը ունի, որուն պատճառով անոնք յաճախ յարձակման թիրախ կը դարձնեն հակաիսլամ քարոզչութեան ռահվիրաները: Անոնց վերջնագոյն թիրախն էր ֆրանսական երգիծական CHARLIE HEBDO թերթի խմբագրատունը, երբ Յունուար 7-ին զինուած յարձակում կատարուած էր Ֆրանսական հանրայայտ երգիծական թերթի փարիզեան խմբագրութեան վրայ: Աշխարհասփիւռ մամուլը ցարդ կ’արձագանգէ սոյն ահաւոր միջադէպին մասին, որուն գործադրողները երկու կամ երեք եղբայրներ են: Միջադէպը ակամայ կը վերյիշեցնէ երկու տարի առաջ Պոսթընի Ուաթըրթաուն շրջանի պայթումի ոճրային արարքը, որուն գործադրողները եւս երկու ծայրայեղ իսլամիստ եղբայրներ էին: Ըստ ոստիկանութեան վերջին տուեալներուն, Փարիզի մէջ այսօր 12 մարդ զոհուած է, որոնցմէ երկուքը՝ ազգային վտանգութեան պաշտպան ոստիկան էին: Առնուազն 10 մարդ վիրաւոր է, որոնցմէ 5-ին վիճակը ծանր է: Իսլամներու զայրոյթը յստակ էր, անոնք վրիժառութիւն կ’ուզէին ցուցաբերել Մոհամէտ մարգարէի ծաղրանկարին համար: Ամսագիրը, որ հանրայայտ է իր հրապարակած ծաղրանկարներով, յատկապէս կրօնական թեմաներով՝ հրահրած էր ծայրայեղականներու ցասումը: Ակնյայտ էր, թէ յարձակումէն մի քանի ժամ առաջ ամսագրին մէջ տպագրուած էր «Իսլամական պետութեան» առաջնորդ Ապու Պաքր ալ Պաղտատիի ծաղրանկարը:
Գործադրուած ահաւոր ահաբեկչութենէն անմիջապէս ետք «Չարլի Հեպտօ» թերթի երգիծանկարիչներէն՝ Մաթիու Մատենեան ելոյթ ունենալով ֆրանսական Canal+-ի եթերով, որոշ մանրամասնութիւններ յայտնած էր թերթին խմբագրութեան կեանքէն: Ըստ անոր, ամէն Չորեքշաբթի առաւօտեան ժամը 10-ին, խմագրատուն կը հաւաքուէին ժողովի եւ «ուղեղներու կուտակում»ի համար, սակայն յարձակման օրը կամքէ անկախ պատճառներով ան ստիպուած էր բացակայիլ: «Այդ առաւօտ ժամը 9-ին ես գլխաւոր խմբագիր Ստեֆան Շարպոնիէին, կարճ հաղորդագրութեամբ մը տեղեակ պահած էի, որ պիտի չկարենամ գալ…: Այժմ ես միայն զոհուածներու մասին է որ կը մտածեմ»,-յայտնած է ան L’Independent թերթին:
Սփիւռքի տարածքին հայ լրագրողը անվարան զուգահեռներ կ’ընդգծէ Հրանդ Տինքի եւ «Չարլի Հեպտօ»ի երգիծանկարիչներուն հետ, որովհետեւ երկու պարագաներուն ալ զոհը մտքի ազատութեան խորհրդանիշն էր: Կը գիտակցինք, թէ պատահածը առաջին յարձակումը չէր թերթի խմբագրատան վրայ, մի քանի տարի առաջ պարբերականին շէնքին վրայ արձակած էին պայթուցիկով շիշեր, լրագրողները ստացած էին բազմաթիւ սպառնալիքներ, որուն պատճառով ալ գլխաւոր խմբագիրը թիկնապահով կը դեգերէր: Երկու պարագաներուն ալ խմբագիրներ բազմիցս սպառնալիքներ ու վիրաւորանքներով լեցուն նամակներ ստացած էին, որոնց հաւատք չէին կրցած ընծայել, որովհետեւ ազատութեան խորհուրդը միշտ աւելի բարձր կը հնչէր իրենց իմացական աշխարհին մէջ:
Այսօր աւելի քան երբեք, Ֆրանսան իր քրիստոնէական իտէալ խորհուրդներով, վճռական կեցուածք պէտք է ցուցաբերէ հակաքրիստոնեայ քաղաքական շարժումներուն դէմ, անվարան հաստատելով Ցեղասպանութեան ժխտման քրէականացման օրէնքներ, քաղաքակիրթ մարդկութեան պատմութեան էջերը պղծող արարքներու դէմ: Ժամանակն է որ Ֆրանսան վաւերացնէ Եւրոպական միութեան որոշումը, որմով կը պահանջուի պայքարիլ օտարատեացութեան եւ ցեղապաշտութեան դէմ: Հայկական Ցեղասպանութեան հարիւրամեակին նախօրէին, Ֆրանսայի մէջ թուրքեւազերի փրոփականտան օրիցօր կը սաստկանայ։ Այսօր աւելի քան երբեք, քաղաքակիրթ ազգերու ձայնը առաւել եւս պէտք է բարձրանայ՝ պաշտպանելու համար Մարդկային իրաւանց եւ հիմնական ազատութիւններու սկզբունքները։
The post ՀՐԱՇՔՈՎ ՓՐԿՈՒԱԾ՝ CHARLIE HEBDO-Ի ՀԱՅ ԱՇԽԱՏԱԿԻՑԸ appeared first on Hairenik Weekly Newspaper.