Quantcast
Channel: Hairenik Weekly Newspaper
Viewing all articles
Browse latest Browse all 8334

Սքաութ Թիւֆէնքճեան պիտի դասախօսէ Հ.Օ.Մ.-ի նախաձեռնած «Youth Connect Program»ի ընթացքին Փետրուար 28, 2015ին, Նիւ Եորքի Համալսարանին մէջ

$
0
0

Scout Tufankjian with Yes We Can

Հ.Օ.Մ.-ի կազմակերպած Յաջորդ տարուայ «Youth Connect Program»ը տեղի պիտի ունենայ Նիւ Եորք Համլսարանին մէջ Փետր. 28-Մարտ 1: Ներկայ պիտի ըլլայ եւ դասախօսէ Լրագրող-նկարիչ Սքաութ Թիւֆէնքճեանը որը պիտի խօսի «հայ գաղթավայրերը Սփիւռքի մէջ» ծրագրի մասին:
Թիւֆէնքճեան՝ Նիւ Եորքի, Պրուքլին շրջանի մէջ հաստատուած Լրագրող-նկարիչ է: Իր գործերը լոյս տեսած են, Newsweek, US News & World Report, Le Monde, Newsday, and The New York Times-ի մէջ: Իր գիրքը՝ (Yes We Can: Barack Obama՚s History-Making Presidential Campaign in December 2008), նկարներու ընտրանի մըն է, Օպամայի նախագահական ընտրութիւններու մասին: Ամբողջ 55,000 օրինակ արդէն ծախուած էր գրքի հրատարակութենէն ամիս մը առաջ: Թիւֆէնքճեանի նկարած Միշէլ Օպամայի եւ Պարաք Օպամայի գրկախառնուած նկարը՝ հրապարակուած Նոյ. 2012-ին ամէնէն շատ սիրուած ու տարածուած նկարն էր դիմատետրի (facebook) եւ դայլայլիչի (tweeter) էջերուն մէջ:
Յայտագրի երկրորդ բաժնի ընթացքին՝ պիտի խօսի Հ.Օ.Մ.-ի «ARS Youth Connect Program» ի պատասխանատու տնօրէն՝ Խաչիկ Մուրատեան: Յաւելեալ խօսողներու անուններ պիտի յայտարարուին յետագային :
Այս տարուայ երկօրեայ ծրագրի թէման է՝ « Հարիւրամեակէն անդին»: Քաջալերելի է որ համալսարանականներ արձանագրուին ու ներկայ ըլլան:
Վերոյիշեալ յայտագիրը տեղի պիտի ունենայ, Նիւ Եորք Համալսարանին մէջ, Շաբաթ, Փետրուար 28, առաւօտեան ժամը 10-էն մինչեւ կ. ե. ժամը 5:
Կիրակի օր, Մարտ 1ին, առաւօտեան ժամը 10-ին, նախաճաշի ընթացքին տեղի պիտի ունենայ քննարկում «կամաւոր աշխատանք Հայաստանի մէջ» նիւթին շուրջ:
Յայտագիրը վերջ կը գտնէ կէսօրին:
Կը խնդրուի արձանագրուիլ վճարելով $25.00, որը կը ներառնէ ճաշերն ու երեկոյեան ընթրիքը:
Դուրսէն եկող ուսանողներուն, գիշերուայ կեցութիւն պիտի տրամադրուի:

Արձանագրուելու համար՝ հաճեցէք կապուիլ՝

http://arseastusa.org/programs/#youthconnect

Յաւելեալ տեղեկութիւններու համար կապուիլ ՀՕՄի Արեւելեան Շրջանայինի գրասենեակը
Հեռ. (617) 926-3801, կամ ել-մակ arseastus@gmail.com.

The post Սքաութ Թիւֆէնքճեան պիտի դասախօսէ Հ.Օ.Մ.-ի նախաձեռնած «Youth Connect Program»ի ընթացքին Փետրուար 28, 2015ին, Նիւ Եորքի Համալսարանին մէջ appeared first on Hairenik Weekly Newspaper.


Viewing all articles
Browse latest Browse all 8334

Trending Articles