Գէորգ Պետիկեան
Ինծի կը մնար միայն շնորհակալութիւն յայտնել եւ աւելինՙ երախտապարտ մնալ։
Ուրիշ ոչինչ։ Այդ օր, երկու մանչերս, տարեդարձիս առթիւ, մեր նստասենեակի պատերէն մէկը ծածկող, ապակիէ վեց փեղկերով զարդարուած գրադարան մը գնած ու ինծի նուիրած էին։ Ամբողջ օրը այսպէս պոռալով, կանչելով, բարկանալով եւ քրտնելով, երկուքը միասին աշխատած, անոր կտորները միացուցած եւ վերջապէս գրադարանը տեղաւորած էին իր ճշդուած վայրը։ Հիմա կարգը իմս էր։
Տարիներով, մեր կարաժին մէկ անկիւնը, տասը համրանքը անցնող տուփերու մէջ, իրարու վրայ թխմուած ու սեղմուած հայերէն գիրքերս ու դասագրքերս, վերջապէս դէպի լոյս աշխարհ պիտի բերէի իրենց ակամայ “բանտէն”, փոխարէնը՝ չոր պատերով մեր սենեակը տարբեր գոյն պիտի ստանար իսկ սիրտս ալÿ հպարտութիւն ներշնչող բան մը։
Արագօրէն սկսայ աշխատանքիս։ Նախ կարաժէն, տուփ առ տուփ շալկելով գիրքերս սենեակ բերի։ Կինս ալ, իր կարգին, մէկ առ մէկ, անոնց փոշիները առնելով զբաղուեցաւ։
Հիմա իմ պարտականութիւնս էր, զանոնք շարել եւ կարգով դասաւորել։
-¬Նայէ՛, կանոնաւոր դի՛ր, պատմականները քով քովի, միւսներըÿ այդպէ՛ս, չխառնե՛ս, անկանոն չշարե՛ս, սխալ չտեղաւորե՛ս.¬ տեղատարափ անձրեւի նման, կնոջս ցուցմունքները երկվայրկեանի մը մէջ կը թրջէին ուղեղս։ Ինծի համար այս “խրատականները” եւ մանաւանդ թելադրանքները նորութիւններ չէին։ Վերջին հաշուով, ամէն բանէ առաջ, ինծի ընթերցումն էր էականը եւ ուրիշ ոչ մէկ բան։
¬Կիները այդպէս են, քմծիծաղով մը մտքէս ինքնիրենս կÿըսէի.¬կը կարծեն, որ իրենցմէ զատ ուրիշ ոչ ոք կոկիկ ու կանոնաւոր կրնայ ըլլալ։ Ատոր համար առատօրէն խելք կու տան, ցուցմունք ու խրատականներ կը կատարեն ու քու էրիկ մարդու նկարագրի թելերէդ մէկը նշանակէտ դարձնելով, կը փորձեն զայն անխնայ հարուածել։ Բայց եւ այնպէս, առանց պատասխանելու, հնազանդ աշակերտի մը նման, կամ աւելի ճիշդ, իր մօրը խօսքը մտիկ ընող տղու մը պէս, անցայ գործիս, այդ “սրբազան” աշխատանքիս ու մէկիկ մէկիկ փոշիներէն ձերբազատուած գիրքերն ու ամսագրերը սկսայ շարել։
Ի՜նչ մեղքս պահեմÿ “մուխս մարեցաւ” եւ “արիւն քրտինք” մտայ, բայց եւ այնպէս, առանց ձայնի ու աղմուկի, գործս ամբողջացուցի։ Չեմ գիտեր, այս բոլորը ինձմէ որքան ժամանակ խլած էին։ Միայն այն գիտեմ, որ կինս, բաւական ատեն ետք, յանկարծ “շնորհաւոր ըլլայ” մը ըսելով, գաւաթ մը սուրճ հրամցուց։
Նստեցայ բազկաթոռիս վրայ ու աչքիս ծայրովը սկսայ դիտել կարգի շարուած ու կեցած “Վարուժան”ն ու “Չարենցեը, “Րաֆֆի”ն ու “Մալխաս”ը, “Համաստեղ”ն ու “Ահարոնեան”ը։ Դասագիրքերուս կողքին զգուշաւորÿ տեղաւորած էի “Դար մը Գրականութիւն”ը, իսկ, քիչ մը անդինÿ “Հարենիք” ամսագիրներու եւ “Ամենուն Տարեգիրք”երուն շարանը։ Բոլորը անխտիր, նորագրեալ զինուորի մը հնազանդութեամբ, զիս կը դիտէին ու անզգալաբար դէմքիս տարբեր փայլ մը կու տային, ծանօթ ու անծանօթ փայլ մը, որ միաժամանակ կը յուզէր զիս։ Իւրաքանչիւր գիրքի տեղադրմանÿ բացած էի անոնց առաջին էջը եւ արագ մը աչք նետած։ Էջեր, որոնք իրենց հապճէպ այս տողանցումին մէջ, ինծի կը հրամցնէին անուշ յուշեր եւ ու սրտիս ալÿ անօրինակ զարկեր։ Այս էր գանձս։ Հալէպէն, մէկ առ մէկ, խնայած դրամներովս գնած, կամ վկայականներուս առթիւ ազգականներէս նուէր ստացած, երբեմն ալ թերթօն առ թերթօն հաւաքած եւ ապա ամբողջութեան մը վերածած այս հարստութիւնս, թափառական կեանքիս ընկերակիցը դարձուցած էի։ Այսպէս, ծննդավայրէս մինչեւ Պէյրութ եւ անկէ ետք, Ամերիկա- Տիթրոյթ, Միշիկըն եւ վերջապէս հոս՝ Կլէնտէյլ, Քալիֆորնիա։ Խեղճ գրքեր, կարծես չէր բաւեր իրենց էջերուն անկիւն¬ները ծածկող անխնայ մատներուս հետքերը, տարիներով հետեւած էին կեանքիս բոլոր քայլերուն ու ամէն անգամ կամաւոր եւ արագօրէն իմ կարիքներուս օգնութեան հասած։
Կը դիտեմ զանոնք։ Իրենք ալՙ զիս։ Վանդակէն դուրս փախչող թռչուններու նման, հիմա անոնք իրենց բանտուած տուփերէն դուրս գալով պիտի վայելէին ազատութիւնն ու հիւրերուս գնահատական խօսքերը։ Սուրճի անգիտակից բարձրաձայն ումպերուս հետ, երիտասարդ սիրահարի մը հիացմունքով, դարձեալ անկուշտօրէն զիրենք կը փորձեմ դիտել եւ ուղեղիս մէջ հազար բաներ կը սկսին պտտիլ։ ¬Ահա քեզի գրադարան.¬ կՙըսէր դարձեալ յոգնած միտքս.¬ գնա՛, վայելէ՛ ու յարգը գիտցի՛ր։
Գրադարան։ Արդեօք, ո՞վ էր զայն մեր տուն հրաւիրողը։ Կէս դար առաջ էր, երբ բազմա-մարդ եւ մեծ բակի մը ամէնէն մեծ սենեակներէն մէկուն մէջ, ծնողքիս հետ, երեք եղբայր-ներով կը մեծնայինք։ Այդ օրերուն, մեր մանուկ մտքե¬րուն մէջ գրադարան բառը իր իսկա-կան իմաստն ու կերպարը տակաւին չէր հագած։ Ու չէինք բողոքած։ Մէկ սենեակի մէջ կÿապրէինք։ Աւելորդ տեղ չունէինք։ Անոր համար, մայրս, մեր տան բոլոր գիրքերը, հօրեղբայրներէս եւ քահանայ մեծ հօրմէս մեզի ժառանգ մնացած ամսա-գիր¬ներն ու թերթերը, աղօթագիրքերն ու “Նարեկ”ը, տեղաւո¬րած էր տախտակէ մեծ սնտուկի մը մէջ ու զայն պահած մահճակալին տակը։ Այս էր մեր “գրադարանը”։ Փակուած։ Անխօս եւ անտեսանելի։ Հայրս “Արեւելք”ի բաժանորդ էր եւ մանաւանդ գիրքի “խենթ”։ Նոյնիսկ անոր հաւաքած թերթօնները կÿարժանանային գիրքերուն ճակատագրին եւ տարուէ տարի աւելնալով ան-խօս ու լուռ կը շատցնէին սնտուկէ գրադարանին պարունակութիւնը։
Գրադարան։ Նախակրթարանի հայերէն լեզուի ուսուցիչս էր, որ առաջին անգամ զիս անուղղակիօրէն դէպի գրադարան առաջ¬նորդած էր։ ¬Մէկ շաբաթէն, անպայման պէտք է կարդացած ըլլաս Աւետիս Ահարոնեանի “Ազատութեան Ճանապարհին”.¬ յանձնարարած էր ուսուցիչսՙ պարոն Փիլիպոս Դերձակեանը։ Ո՞վ կրնար չհնազանդիլ։ Ու նոյն երեկոյեան, առաջին իսկ հերթին, հօրս արտօնութեամբ, դիմած էի մեր տան “գրադարան”ին ու զայն պեղածÿ այն յոյսով, որ թերեւս այդ գիրքը հոն պիտի գտնէի։ Չկար։ Չունէինք։ Ստիպուած, Կիրակի առաւօտ մը, եկեղեցիէն ետք, մեծ եղբօրս ընկերանալով կÿուղղուէի մեր քաղաքի ակումբը, որ հարիւրաւոր գիրքերով հարուստ գրադարան մը ունէր։ Լայն ու մեծ այդ բակին ձախ կողմը, քարաշէն երեք հսկայ պատուհաններով սենեակին ճակտին, փոքր տախտակի մը վրայ գրուած էր “Քրիստափոր Գրադարան”։ Ի՜նչ անմեղ էր կեանքը, այդ օրերուն։ Այդպէս ալ մեծցանք։ Մեզ այդպէս դաստիարակեցին մեր ծնողքն ու դպրոցը, ու մանաւանդ մեր ակումբը։ Կը պատահէր, որ յաճախ “Քրիստափոր Գրադարան”ը չունենար մեր նախընտրած գիրքը, մեզի կը ղրկէին Նոր Գիւղ տեղւոյն “Վարանդեան Գրադարան”ը։
Տուն եւ դպրոց միասնաբար, գրեթէ ամէն ամառ կամ ամէն արձակուրդի օր, զիս մղեցին դէպի անհատնում ըն¬թերցման գիրկը։ Կարդալ ու միայն կարդալ։ Կարդալÿ մեր սենեակին մէջ, երբ հիւր չունէինք, իսկ հակառակ պարագայինÿ տանիքը եւ կամ ալ հանրային պարտէզը։ Կարդալ ու մեր ազատ ժամերը կարդալով հալեցնել։
Յանկարծ անդրադարձայ, որ երկար ատենէ ի վեր շշմած, նստած տեղս, աչքերս յառած եւ գամած էի գրադարանիս վրայ։ Մատներուս մէջ, ամրօրէն բանտարկուած մնացած էր սուրճիս գաւաթը։ Իսկ հեղուկըÿ շատոնց պաղած։ Նորածին մը ունենալու չափ, առաջին զաւկի մը աշխարհ գալու զգացումով խանդավառուած նայուածք մըն էր կարծես. խորունկ ու երկար։ Դիտած էի բոլորը։ Ու չեմ գիտեր ինչպէ՞ս, մտքիս խորէն ծնած վախ մը, զիս տարբեր մթնոլորտի մը մէջ նետած էր։ Մտահոգութիւն մը, որ հետզհետէ սարսափազդու դառնալ սկսած էր։ Կը կրծէր միտքս ու հոգիս։ Պարզ խօսքով՝ սարսափի նմանող բան մըն էր այս մէկը, որ կամաց կամաց կը քանդէր բոլոր տրամադրութիւններս։
Սարսափ եւ մտատանջութիւն…։ Ո՞վ պիտի մղէ մեր երիտասարդներուն հայերէն գիրք կարդալ եւ աւելինÿ ո՞վ պիտի առաջնորդէ զիրենք դէպի հայկական գրադարան։
Եւ աւելինÿ գրադարանիս գիրքերը վերջին հաշուով որու՞ համար էին։ Գիրքերս, որոնցմէ շատերը քանի մը անգամներ կարդացած ըլլալու հպարտանքը միշտ ունեցած եմ, յետ այսու մեր տան մէջ ո՞վ պիտի կարդար։ Պատասխան չունէի։ Թերեւս ալ, երբե՛ք պատասխան չունենամ։ Ուրեմն, ինչո՞ւ այս գրադարանը։ Արդեօ՞ք սենեակիս պատը ծածկող պարզ զարդ մը պիտի մնայ։ Արդեօ՞ք, իսկապէս ինծի մակերեսային գոհացում տուող լոկ առարկայ մը պիտի դառնայ։ Ահա՝ նոր, կրծող, չարչրկող ցաւով միասին մտմտուքս։
Ու հիմա, իսկապէս յուսահատ էի։
The post Գրադարանս appeared first on Hairenik Weekly Newspaper.