Գէորգ Պետիկեան
Ժամանակը կը սահի: Օրերը արագօրէն կը հալին: Տարին արդէն իր վերջին հասած է: Նոր տարին եկած է ու կը թակէ մարդոց դռները ու անոնց մտքերուն ու հոգիներուն մէջ կը փորձէ գունաւոր երազներ հիւսել: Ներկայիս ամէն տեղ մնայուն արժէքները կը նուազին: Արժէքներու այս փոփոխութիւնները յուսահատութեան կը տանին մեզ:
Ինքնաբերաբար մեր հին քաղաք-ծննդավայրս կը յիշեմ: Հոն, այդ հին քաղաքին մէջ, ուր աւանդութիւնները իբրեւ սրբութիւն եւ տոհմիկ սովորութիւնները իբրեւ գերագոյն լուծում եւ միջոց կը գործադրուէին:
Որովհետեւ ,էրնէկ այդ օրերուն…:Որովհետեւ այն ատեն, հոն մեծ կամ մեծեր կային: Որովհետեւ, հոն մեծերը մեծ էին եւ փոքրերը փոքր եւ ակնածանքն ու յարգանքը
մարդոց առօրեայ կենցաղէն ներս ունէր իր արդար եւ հաստատ բաժինը: Հոն նոր տարին տան մէջ կը դիմաւորէինք: Տունը կÿանցընէինք, մեծին տունը: Ազգականական կապի ներկայացուցիչ մեծին տունը ու մեր թիւին վրայ այդ գիշեր կÿաւելնար մեր մտերմիկ ընկերներէն եւ բարեկամներէն քանի մը հատը՝ անոնք, որոնք ակամայ զրկուած էին ազգականներէ:
Այդ գիշեր ընտանիքը հոն էր, մեծին տան սեղանին շուրջը հաւաքուած, բոլորուած, խմբուած:
Աւանդական սեղան՝ իր հարազատ սեղանակիցներով: Ու նախ կÿընթրէինք եւ ապա ճաշասեղանը կը վերածուէր պտղասեղանի, որուն վրայ կÿաւելնար անբաժան զարդարանքը այդ օրուան՝ կաղինը, ընկոյզը, չամիչն ու թուզը:
Միւս կողմէ, վառարանին վրայ շագանակի »պայթումներուն«, մեր ձայներն ալ ազգային եւ կամ ժողովրդական երգերով կÿընկերանային: Այսպէս քիչ մը ուտելով, քիչ ալ թուղթ խաղալով, քիչ մը երգելով եւ քիչ մըն ալ կատակելով եւ մանաւանդ »Երեւան«ը մտիկ ընելով կը դիմաւորէինք նոր տարին, որուն ժամանումն ու գալուստը կը յայտա-ջրարուէր մեր տան պատին վրայ հնամեայ ժամացոյցի ծանր զարկերէն եւ ձայնասփիւռի տեղական կայաններու ալիքներէն:
Յետոյ…:
Արդէն ժամը 12-էն մէկ երկու վայրկեան առաջ, լոյսերը կը մարէինք ու Նոր Տարին
լոյսեր բանալով կը դիմաւորինք: Եւ ապա մտովի եւ երբեմն ալ բարձրաձայն »Հայր Մեր« մը կը սկսէինք, որմէ ետք փոքրերս եւ կամ պատանիներս երկիւղով մը կը համբուրէինք մեծին կամ մեծերուն աջերը:
Այսպէս Նոր տարուան առաջին իսկ վայրկեանին կը ստանայինք անոնց բարի մաղթանքները ու համով հոտով օրհնութիւնները: Իսկոյն կը յիշուէր մեզմէ յաւերժ բաժնուածները: Պահ մը լուռ կը մնայինք, անոնց յիշատակը կը վերապրէինք եւ ապա վերադառնալով ներկային եւ իրականութեան, կը շարունակէինք մեր կերուխումը, երգն ու պատմումը, առանց մոռնալու սակայն, որ քանի մը ժամեր ետք, պէտք էր որ եկեղեցի երթայինք, Աստուծոյ հետ, Նոր Տարուան առաջին օրն իսկ, մեր կապը վերամրապնդելու, մեր հոգինն ու խիղճին տուրքը տալու՝ աղօթքով մը եւ աւելին մոմ մը կամ մոմեր վառելով:
Այսպէս էր հոն, այդպէս ալ մնաց հակառակ մեծերուն յաւէտ մեկնումին եւ բացա-կայութեան: Ամերիկա կոչուած այս Աւետեաց երկիրը մեր հաստատուելուն առաջին Նոր տարիներն ալ այդպէս կրկնուեցան, կամ փորձեցինք կրկնել:
Դժուարին աշխատանք մըն էր եւ սակայն գէշ աղէկ կատարեցինք, որովհետեւ մեր հետ բերած ու մեր մտքերուն ու հոգիներուն մէջ լեցուած այդ թարմ եւ գեղեցիկ աւանդու-թիւնները տակաւին տաքուկ պահած էինք:
Յետոյ , քանի պզտիկները մեծցան, կարծես այդ մէկուն թարմութիւնն ալ անցաւ եւ մեր սովորութիւնը կորսնցուց իր հմայքը: Ու ինքնակամ, մեր իսկ ձեռքերով եւ մեր իսկ առած որոշումներով նոյն այդ սովորութիւններն ու աւանդութիւնը բանտեցինք մեր միտքերու թանգարանին մէջնոյնիսկ կամովին բանտարկեցինք
Ու հիմա …հոս Նոր Տարի…: Եթէ նախապէս հոն, Նոր Տարին դիմաւորող գիշեր մը ունէինք, իբրեւ սրբազան ընթրիք կամ հաւաքոյթ կամ ազգականական ու բարեկամա-կան հանդիպում եւ մէկտեղում, հոս սակայն անոր վրայ աւելցան կամ ինքնաբերաբերար տեղայնական հոսանքին հետեւելով աւելցուցինք Գոհաբանութեան օրը, »Քրիսմըս«ը, անհատնում տարեդարձները շրջանաւարտներու հաւաքոյթները, նշանտուքներն ու հարսանիքները եւ հարսանիքի դրսեւորումով հոգեճաշերը, »պէյպ« ի կամ »պրայտըլ շաուըրները«:
Ահա քեզի Ամերիկա:
Այսպէսով մեր ցանկը գիրցաւ, երկարեցաւ, լայնցաւ, մեծցաւ մեր գրպաններուն ծախսերուն հետ, ու օրէ օր սկսանք դառնալ հետեւողական, զիրար կապկող եւ նոյնիսկ անիմաստ եւ սակյն լուռ մրցակցութան մը մասնակից դարձանք:
Մեր նախկին սովորութիւններն ու աւանդութիւններ արդէն իսկ կամովին գերեզմանած ենք:
Է~հ երանի այն օրերուն:
Բայց կրկին ու միշտ շնորհաւոր Նոր տարի եւ բարի կաղանդ բոլորիդ:
The post Մենք ու նոր տարին appeared first on Hairenik Weekly Newspaper.