Յ. Պալեան
Դեկտեմբեր 15, 2014
ԱԶԳԱՅԻՆ ՎԵՐԱԲԵՐՈՒՄ
Ինչեր կարելի է ըսել եւ լսել երբ էականը կը պակսի, եւ կը հաշտուինք ըլլալ նորի մը սկիզբ, երբ շարունակութիւն ըլլալու գիտակցութիւնը եւ կամքը կը կորսնցնենք, արդիականութեան եւ երեւութական գիտականութեան հարթող գլանին տակ: Այսպէս սկսած ենք դառնալ, առանց գաղափարական կենարար աւիշին, որ ազգի եւ իրաւունքի տոկալու եւ տեւելու համար էական է:
Երբ օտարալեզու հրատարակութեան մը առջեւ կը գտնուինք, երբ հեղինակը կը ներկայանայ իր ձեռք բերած տիտղոսներով, անմիջապէս պատրաստ կ’ըլլանք լսելու, համամտութիւն յայտնելու, աղմկելու՝ առանց ազգային գիտակցութեան բովէն անցնելու ըսուածը, գրուածը, տողատակի չըսուածը: Եթէ հայ կամ օտար օտարալեզու հեղինակը խօսի հայոց կամ հայկական հարցերու մասին, պատրաստ կ’ըլլանք ծափահարելու, կարմիր գորգ փռելու, գնահատանքներ շռայլելու, եւ դռնէ դուռ պտտցնելու մարդը եւ գիրքը, ժապաւէնը, երգը: Այս՝ պատմութեան, գրականութեան եւ քաղաքականութեան պարագաներուն:
Ազգայինը եւ ազգային իրաւունքը երէկի, այսօրուան եւ վաղուան ինքնութիւնն են, առանց ըլլալու յաւերժացած անցեալի մը բանտարկեալը՝ որ կ’ապրի հաշուեյարդարներու կամ անկարելիի ցնորքներով:
«ԴՈԿՏՈՐԱԿԱՆ» ՄԸ ԵՒ ՄԵՐ ԱՆԲՈՎԱՆԴԱԿ ԽԱՆԴԱՎԱՌՈՒԹԻՒՆԸ
Իրաւագիտական հատոր մը իջեւանած է գրասեղանիս վրայ: Հեղինակը հայանուն մտաւորական մըն է. կը կոչուի Ռոտնէ Տագէսեան, Հանրային Իրաւունքի դոկտոր է, Ժան Մուլէն Համալսարանէն (Լիոն 3), Rodney Dakessian, Docteur en Droit Public, Universitռ Jean Moulin – Lyon 3 – France: Լոյս տեսած է Editions Juridiques SADER հրատարակչատունէն, Լիբանան, 2013: Հեղինակին մասին երբեք չէի իմացած:
Գիրքը աւարտաճառ մըն է, խորագրուած՝ Les effets juridiques des massacres commis contre les Armeniens en 1915 et leurs modes de resolutions judiciaires et extrajudiciaires possibles (1915-ին Հայերու դէմ գործուած ջարդերու հետեւանքները եւ անոնց իրաւական եւ արտաիրաւական լուծումներու եղանակները):
Ներածական գրած է փրոֆ. Էմիլ-Ֆրանսուա Քայօ, համալսարանական միջավայրի մէջ յարգելի դէմք մը: Ան կ’ըսէ, որ «օսմանցի հայոց ցեղասպանութեան մասին վիճարկումը միշտ կը մնայ վերանորոգ այս XXIրդ դարու սկիզբը, մասնաւորաբար Ֆրանսայի մէջ Յունուար 29, 2001-ի օրէնքով եւ անոր հետեւանքներով»: Ուշագրաւ հաստատում մը կ’ընէ փրոֆ. Քայօ, որ «քաղաքական նկատումներ ընդհանրապէս կ’իշխեն Իրաւունքի պահանջներուն վրայ»:
Կ’աւելցնէ, որ «վերջին հաշուով ցեղասպանութիւն մը դժուար բնորոշելի է պատժական տեսակէտէ եւ կ’արտայայտուի առաւելաբար որպէս քաղաքական չարիք: Ուստի հեղինակը կը նշէ, իր անձնական խորհրդածութեամբ, որ հայկական ցեղասպանութիւնը ի յայտ կը բերէ Իրաւունքի անկարողութիւնը եւ որ միայն բանակցութեամբ կարելի էհանգուցալուծել Հայաստանի եւ Թուրքիոյ միջեւ միշտ ներկայ հակամարտութիւնը» (էջ 5):
Յարգելի փրոֆեսէօրը պարտք կը համարէ յիշեցնելու, որ միայն 1948-ին ընդունուած է ցեղասպանութիւնը ներառնել ընթացիկ Իրաւունքի մէջ, այլ խօսքով, ան կը բախի յետադարձ ուժ ունենալու խնդրին: Ըստ իրեն, Ռոտնէ Տագէսեան, կը զարգացնէ այն միտքը, որ միայն բանակցութիւններ,- կամ երրորդ պետութիւն մը,- կրնայ առաջնորդել լուծման: Աւելին, Ռոտնէ Տագէսեան կը փաստէ հայոց ցեղասպանութեան գոյութիւնը, բայց անկարելիութիւն կը համարէ անոր ճանաչումը նման դիմում ընդունող իրաւական ատեանի մը կողմէ:
Ուրեմն, կ’ըսէ Փրոֆ. Քայօ, Ռոտնէ Տագէսեան կը յանգի հետեւալ միտքին. «Ան կ’առաջարկէ հետեւեալ զոյգ-տարազը. ճանաչում/թողութիւն, որ կրնայ նկատուիլ դրական մօտեցում մը, կարելի դարձնելով երկու Պետութիւններու միջեւ երկխօսութիւնը»:
Աւարատաճառի վերահսկող յարգելի փրոֆեսէօրի ծանօթացման բացատրութիւններէն ետք, կը կարդանք նաեւ Ռոտնէ Տագէսեանի ներածականը, աւելի լաւ հասկնալու համար զինք առաջնորդած սկզբունքները եւ ըմբռնելու իր եզրակացութիւնները: Ցեղասպանութեան հարիւրամեակի նախօրեակին լոյս տեսած այս ակադեմական աշխատանքը, որ յատուկ «դիպլոմ»ով գնահատուած է «Համաշխարհային հայկական կոնգրեսի, Ռուսաստանի հայերի միութեան, ՀՀ Սփիւռքի նախարարութեան եւ ՀՀ Գիտութիւնների Ազգային ակադեմիայի կողմից յայտարարուած Լաւագոյն գիտական աշխատանք համահայկական մրցանակաբաշխութեան դափնեկիր ճանաչուելու համար»: Ստորագրութիւններ. Արա Աբրահամեան, Ռադիկ Մարտիրոսեան:
Այս գնահատման խտացեալ քանի մը բառերը չեն խօսիր ընտրութեան հայեացքային հիմնաւորման մասին: Ենթադրե՞նք որ համաձայն են այդ հայեացքէն բխած եզրակացութեան, որ գիտական չէ, որ սոսկ բարեսրտական մակարդակի վրայ կը գտնուի, չունի քաղաքական, գաղափարախօսական, ընկերային, քաղաքակրթական եւ մշակութային ըմբռնում:
ԴՈԿՏՈՐԱԿԱՆ ԹԵԶԻՆ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆ ՆՈՐ ԻՄԱՍՏՈՒԹԻՒՆԸ
Ի՞նչ կ’ըսէ Ռոտնէ Տագէսեան, իր «Ընդհանուր Ներածական»ին մէջ:
Կը յիշէ պատմաբանի մը, Ալֆրէտ Նիքոլա Ռամպոյի խօսքը (XIX դար), որ Հայաստանի պատմութիւնը պատմութիւնն է «ամրոցի մը, որ դարերու ընթացքին գրաւուեցաւ եւ ազատագրուեցաւ եւ միշտ կիսով»: Կը հետեւի դասական բացատրութիւնը, ըստ որուն Հայաստան միշտ բռնուած է մեծ ուժերու եւ կայսրութիւններու շփման կէտին վրայ, ակամայ եղած է ռազմադաշտ: Ծանօթ աշխարհաքաղաքական (gռopolitique) բացատրութիւնն ալ կայ, ըստ որուն Հայաստան տոկացած եւ դիմացած է շնորհիւ իր աշխարհագրական դիրքին: Կը նկարագրուի պատմութիւնը, յիշեցնելով որ հայերը «իրենց պատմութեան ընթացքին, աղէկ-գէշ պատշաճեցան տարբեր իշխանութիւններու, որոնց ենթակայ էին: Մասնաւորաբար Հայերու եւ օսմանցի թուրքերու յարաբերութիւնները, սկզբնական շրջանին, համագործակցութեամբ կը բնորոշուէին. Օսմանցիները XIV դարուն կը կռուէին այլ թուրանական ցեղերու դէմ, Մոնկոլներու եւ Սելճուքներու դէմ, եւ կոչ ըրած են Հայերու պատերազմիկ կորովի շնորհներուն» (էջ 15):
Կը հետեւի «պատմութեան իմաստասիրութիւն»ը, որ կայսրութիւնները դատապարտուած են քանդուելու, քանի որ ժողովուրդները միշտ կը ձգտին իրենց ազատութիւնը նուաճել: Բայց նաեւ լեզուներով, կրօններով, աւանդութիւններով տարբեր ժողովուրդներ միացած չեն կրնար մնալ: Հայ ժողովուրդն ալ, XIX դարու կէսէն սկսեալ, այլոց օրինակով, ունեցած է ազատագրական շարժումներ, ձուլման դէմ պայքար ցարական Ռուսիոյ մէջ եւ օսմանեան յոռի կայսրութեան դէմ: Ըստ հեղինակին, հայոց շարժումները սկսած են երբ անոնք վերագտած են իրենց «հեռաւոր ծագում»ը, հասած են գիտակցութեան: Սուլթանը գիտակցելով վտանգին, որոշած է դիմել արմատական միջոցներու: Կը յիշուին 1894-1896-ի ջարդերը, բայց մեծ Տէրութիւններու միջամտութիւնները լուծում չեն բերեր: 1908-ի Երիտասարդ Թուրքերու յեղափոխութիւնն ալ լուծում չի բերեր: Անոնք կ’որոշեն երկիրը մաքրել եւ միանալ Կովկասի իրենց թուրանցի եղբայրներուն: Կարգախօս է՝ «Թուրքիան՝ թուրքերուն»: Տեղ չկայ ոչ հայուն, ոչ յոյնին, ոչ արաբին, ոչ ասորիներուն, ոչ քաղդէացիներուն… ոչ իսկ քիւրտերուն: Երիտասարդ թուրքերը կ’որդեգրեն իրենց գահընկեց ըրած Սուլթան Համիտի հայաջինջ քաղաքականութիւնը:
Առաջին Համաշխարհային պատերազմի պատմութիւնը ծանօթ է: Թրքական պարտութիւններու հետեւանքով հայերը կը հեռացուին սահմանային ճակատներէ, Մարտ 1915-էն սկսեալ: Ռոտնէ Տագէսեան կ’ամփոփէ պատմութիւնը, յիշեցնելով որ 2015-ը հարիւրամեակն է հայոց ցեղասպանութեան: Կ’ըսէ, թէ «ջարդերը շարունակուեցան այժմու Թուրքիոյ հողամասին վրայ, շրջան մը մէջ, որ ներկայիս հայերու կողմէ կը կոչուի արեւմտեան Հայաստան, որ մաս կը կազմէ Թուրքիայէն իրենց հողային պահանջներուն», կ’ակնարկէ եօթը վիլայէթներուն, ուր հայերու մեծամասնութիւնը կ’ապրէր եւ Կիլիկիան:
1.200. 000 կամ 1.500.000 զոհուածներ, ցեղասպանութիւնը ունեցա՞ծ է թէ՞ չէ ունեցած ցեղապաշտ նկարագիր (կը բաղդատէ հրեաներու պարագային, երբ իսլամացած եւ թուրքի հետ ամուսնացած հայ կիները չեն ջարդուած, այս կը տրուի որպէս փաստ հակացեղապաշտութեան, երբ պարզ է որ կրօնափոխ եւ թուրքի կին դարձած հայուհին դատապարտուած է ինքնութեան կորուստով անհետացման):
Ռոտնէ Տագէսեան կը գրէ. «1923-ին օսմանեան կայսրութեան յաջորդած, Թուրք Հանրապետութիւնը չի ժխտեր ջարդերու գոյութիւնը, բայց չ’ընդունիր անոնց պատասխանատուութիւնը եւ բացարձակապէս կը մերժէ ցեղասպանութիւն որակումը»:
Ինչ կը վերաբերի 1948-ի Մ.Ա.Կ.-ի կողմէ ցեղասպանութեան ճանաչման ընդունման, Ռոտնէ Տագէսեան արդարօրէն նկատել կու տայ, որ ան յայտարարութիւն մըն էր եւ «այդ ոճիրին տարրերը արդէն գոյութիւն ունէին որպէս չափանիշ միջազգային ընթացիկ Իրաւունքի մէջ»: Եթէ հայկական ցեղասպանութիւնը միջազգայնօրէն ընդունուի, ան դուռ պիտի բանայ ժամանակակից Թուրքիոյ համար հաւանական մեծ պատասխանատուութեան: Ռոտնէ Տագէսեանի կարծիքով մեծ արգելքներ կան դրական պատասխանի մը համար: Գլխաւոր առարկութիւնը, զոր ուրիշներ ալ ըրած են, այն է, որ «ոճիրը գործուած է օսմանեան կայսրութեան կողմէ, մինչդեռ ներկայ Թուրքիան հիմնուած է միայն 1923-ին»:
Ոստիկանական-իրաւական պարզ հարցումին մասին չի մտածեր իրաւագէտը. Ո՞Վ ՕԳՏՈՒԱԾ Է ՕՐԻՆ ԵՒ Կ’ՕԳՏՈՒԻ ՄԻՆՉԵՒ ԱՅՍՕՐ ԱՅԴ ՈՃԻՐԷՆ:
Ուսումնասիրուած է, ըստ ներածականի տուեալներուն, օսմանեան կայսրութեան հայերուն նկատմամբ գործադրուած ոճիրին լուծման մը իրաւական եւ արտաիրաւական հարցերը:
Ի՞ՆՉ ԵՆ ԱՅՍՕՐ ԻՐԱՒՈՒՆՔԻ ՊԱՏԱՍԽԱՆԸ ՀԱՅՈՑ ՑԵՂԱՍՊԱՆՈՒԹԵԱՆ հարցին, իրաւական ելքերը՝ ճանչնալու այս ցեղասպանութիւնը եւ պատժական միջոցները:
Ի՞նչ են Հայաստանի իրաւասութիւնը եւ շահը դատի դիմելու համար:
Ռոտնէ Տագէսեան հարց կու տայ, թէ այս հարցի տարողութիւնը ի՞նչ է Թուրքիոյ Եւրոմիութեան անդամակցութեան գծով:
Ինչո՞ւ հայկական հարցը կապել անմիջական քաղաքականութեան, որ Թուրքիոյ անդամակացութիւնն է Եւրոմիութեան: Միամիտ չըլլանք. Թուրքիոյ Եւրոմիութեան մուտքին արգելքը հայկական հարցը չէ, ան Եւրոպայի ժողովուրդներու կարեւոր մէկ խաւին սեփական ինքնապաշտպանութիւնն է: Ռոտնէ Տագէսեան այս եւս գիտնալու է:
Ցեղասպանութեան, մարդկութեան դէմ եւ պատերազմական ոճիրներու անժամանցելիութեան Նոյեմբեր 1958-ի Համաձայնագիրը Թուրքիոյ կողմէ չէ ստորագրուած:
Օրէնքներու զիրար խաչաձեւուող ճամբաներուն վրայ քալելէ ետք, Ռոտնէ Տագէսեան հարց կու տայ, որ 1948-ի Համաձայնագիրը, դէպքերէն կէս դար ետք որդեգրուած, կրնա՞յ ի զօրու ըլլալ հայկական հարցի պարագային:
Կրկին, իրաւագէտը կ’եզրակացնէ, որ դատական լուծման կարելիութիւններ գրեթէ չկան Հայաստանի համար եւ հարկ է խորհիլ արտաիրաւական միջոցներու մասին: Ռոտնէ Տագէսեան ինք հետեւալ ձեւով կը սահմանէ իր ուսումնասիրութեան սահմանները. «Նկատի ունենալով որ մեծապէս անկարելի է հայկական հարցը լուծել իրաւական միջոցներով, միակ կարելիութիւնը կը մնայ քաղաքական լուծումը»: Իսկ ի՞նչ պէտք է ընել, զոհերէն ետք, հայրենահանուած ժողովուրդին համար:
Բազմակողմանի ուսումնասիրութիւններէ եւ մեկնաբանութիւններէ ետք, գիրքի 380-րդ էջին վրայ, կը գտնենք եզրակացութիւն-լուծումները:
Այսպէս.
Հողային պահանջները ոչ մէկ տեղ կ’առաջնորդեն: Անկարելիութիւն՝ որ կը պատճառաբանուի:
Հատուցման պարագային որոնց կամ որուն պիտի տրուի ան: Ինչպէ՞ս հաշուել հաւանական իրաւատէրերը, որոնք ցրուած են աշխարհի մէջ:
Հետեւաբար, որպէս լուծում եւ հանգուցալուծում, Թուրքիան կ’օգնէ Հայաստանի, որ ան զարգանայ: Սահմանները կը բանայ: Կը փոխէ իր օրէնսդրութիւնը ցեղասպանութեան ճանաչման հարցով (թիւ 305 օրէնք):
Եզրակացութիւն. Հայերը թողութիւն կու տան եւ Թուրքիան կը ճանչնայ, rռmission/reconnaissance… Զոհերուն համար լաւագոյն լուծումը ճանաչումը կ’ըլլայ: Եւ խաղաղութեան համար կ’աշխատին կողմերը:
Այս լուծումը բարենիշ կու տայ, հայրենիքի մը անդամահատման եւ բռնագրաւման: Եւ կ’անգիտանայ հայրենահանման հետեւանքով ազգի աւելի քան կէսի այլասերման դատապարտութիւնը՝ մշակութասպանութեամբ:
Հայկական հարցը միայն Հայաստանի եւ Թուրքիոյ միջեւ պետական խնդիր մը չէ, կայ նաեւ հայրենահանուած հայութիւնը, որ դատապարտուած է իր հայրենիքէն դուրս ապրելու: Այս կացութիւնը անգիտանալ աններելի քաղաքական, մարդկային եւ իրաւական կոպիտ սխալ է:
ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՕՐԷ՞ՆՔԸ ՊԻՏԻ ԸՍԷ ՄԷԿ ԵՐԵՍԴ ԱՊՏԱԿՈՂԻՆ ՄԻՒՍԸ ԴԱՐՁՈՒՐ
Թուրքիան հրաշալի դաշնակից մը կը գտնէ այս գիրքի հեղինակին եւ անոր հրատարակութիւնը քաջալերողներուն մէջ: Եթէ չենք մոռցած, այսպէս կը մտածէին Հայեւթուրք Հաշտեցման յանձնախումբի ինքնակոչիկ անդամները: Յիշել մօտաւոր պատմութիւնը, երբ ՀՀՇի նախագահ Ալեք. Արզումանեան, Ռուսիայէն հայ քաղաքագէտ մը՝ Անդրանիկ Միհրանեան, Ամերիկայի Արմինեըն Էսէմպլիի նախագահ Վան Գրիգորեան եւ Թուրքիոյ պետական վարչամեքենային մաս կազմած անձեր ժողովներ գումարեցին, առանց Հայաստանի պետութեան կարծիքին դիմելու, գացին, եկան, անհետացան (ՀԱՅ ԴԱՏ ՄՏԱԾԵԼ ԵՒ ՀԵՏԱՊՆԴԵԼ, Յակոբ Պալեան, 2010, Փարիզ, 594 էջ, տե՛ս էջ 307-433):
Ամէնէն իմաստուն լուծումներն անգամ կարելի չէ գոյացնել ինքնակոչիկներով, առանց նկատի առնելու ժողովուրդները, պատմութիւնը: Առանց նկատի առնելու Արդարութիւնը, որուն համար իմասասէր մը կ’ըսէր՝ որ դէպի միւսը հակող առաքինութիւնն է:
Փոխանակ անիրաւուած հայ ժողովուրդէն պահանջելու, որ ԹՈՂՈՒԹԻՒՆ շնորհէ, աւելի ճիշդ պիտի չըլլա՞ր, որ միջազգային համայնքէն պահանջուէր կողմերու միջեւ փոխճանաչման երկխօսութիւն հաստատել, որպէսզի միասնաբար որոշուէին Իրաւ Արդարութեան մը հաստատման կարելիութիւնները, եւ չիշխէր homo homini lupus-ը: Lupus-ին rռmission:
Կը յուսամ, որ Հարիւրամեակի լոյսին (եւ ստուերին) մէջ ազգովին չենք բռնուիր ԹՈՂՈՒԹԻՒՆ ԵՒ ՔԱՒՈՒԹԻՒՆ տալու տենդով, եւ չենք գինովնար ԹՈՒՐՔԻՈՅ ԿՈՂՄԷ ՏՐՈՒԵԼԻՔ ՑԵՂԱՍՊԱՆՈՒԹԵԱՆ ՃԱՆԱՉՄԱՆ ՄԽԻԹԱՐԱԿԱՆ ՊԱՐԳԵՒՈՎ: Այս ոչ թէ միայն մեր անբարոյ պարտութիւնը կ’ըլլայ, այլ համայն մարդկութեան:
Զարմանալին այն է, որ Հայկական Կազմակերպութիւն մը, Հայաստանի Համալսարանը եւ Սփիւռքի նախարարութիւնը յատուկ «դիպլոմ»ով գնահատած են այս գիրքը: Ընթերցումէ՞ ետք, թէ՞ պարզապէս անոր համար որ գրուած է օտար լեզուով, խորհելով, որ ինչ որ կ’ըսուի օտար լեզուով անպայման օգտակար է եւ իմաստուն:
Հայեւթուրք հաշտեցման ինքնակոչիկ յանձնախումբէն ետք, այս մէկն ալ նոր փորձ մըն է շփոթի մատնելու համար հայկական իրաւունքներու հետապնդումը:
Ինչպէ՞ս մինչեւ այսօր չէինք մտածած ՔԱՒՈՒԹԻՒՆ ԵՒ ԹՈՂՈՒԹԻՒՆ ՇՆՈՐՀՈՂ ՏԻՐԱՑՈՒ ԸԼԼԱԼ ԱԶԳՈՎԻՆ… Ոչ ժողովներու կարիք կը մնար, ոչ երթեւեկներու, ոչ ճառերու: Զանազան ձեւականութիւններու համար աննպատակ ծախսեր ընելու փոխարէն, Անթալիայի ծովափը կ’երթայինք դրացիական ընկերութիւն ընելու… Ինչպէս կ’ըսուի՝ լաւ ապրելու իրաւունքով:
Քաւութեան եւ թողութեան տիրացու ասպետները կը մտածե՞ն Տէր Զօրի խորհրդանիշ յուշահամալիրի դեռ նոր աւերման կամ Քեսապի եկեղեցիի ջարդուած զանգակի մասին… Ասոնք անմիջական պատմութիւն են, յիսուն կամ հարիւր տարուան հնութեան մոխիրով չեն ծածկուած, կրակը դեռ չէ մարած:
Dual remission/reconnaissance: Ապաքաղաքական եւ յանձնառութենէ խուսափումի չանհանգստացնող tour de passe-passe: Վճիռ՝ հայրենահանուածներով ոտքի մնացած սփիւռքը դատապարտելու, որ ան ըլլայ (դեռ ժամանակ մըն ալ) ծագումով հայերու անորոշ դիմագիծով եւ ինքնութեամբ հաւաքականութիւն:
Ինչո՞ւ ֆրանսացիները, 1870-ի Գերմանիոյ յաղթանակէն ետք տեւաբար կը նայէին դէպի Վոժեան լեռներու կապոյտ գիծը, ինչո՞ւ Ժան Մուլէն (որուն անունով կը կոչուի այն համալսարանը որ «դոկտորական» աստիճան տուած է հայազգի Ռոտնէ Տագէսեանին), rռmission-ի մասին չէր խօսած եւ յանձն առած էր Դիմադրական շարժում կազմակերպել եւ… զոհուած:
Ո՞ր ազգային հեռանկարային իմաստութեամբ հայերը «Դիպլոմ» տուած են Ռոտնէ Տագէսեանի գիրքին՝ համահայկական մրցանակաբաշխութեան դափնեկիր ճանաչուելու համար:
The post ՀԱՅԿԱԿԱՆ ՀԱՐՑԸ ԻՐ ՀՈՒՆԷՆ ՀԱՆԵԼՈՒ ԵՒ ՄԱՆՐՈՒՔԻ ՎԵՐԱԾԵԼՈՒ ԱՊԱՀԱՅԿԱԿԱՆ ՓՈՐՁ ՄԸ ԵՒՍ appeared first on Hairenik Weekly Newspaper.