Լուսանկարներ` ԳԱԲՐԻԷԼ ՓԱՆՈՍԵԱՆի
Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան խորհրդարանի անդամ, 20-րդ դարու սկիզբի ազգային ազատագրական պայքարի, Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան անդամ՝ զօրավար Սեպուհի (Արշակ Ներսիսեան) աճիւններուն սափորը, ամփոփուեցաւ Երեւանի Եռաբլուր զինուորական պանթէոնին մէջ:
Մահէն եօթանասուն տարի ետք, զօրավարին աճիւններու սափորը Նիւ Եորքէն Հայաստան փոխադրուեցաւ: Զօրավարին ընտանեկան պարագաները, կապ հաստատելով Հայաստանի Հանրապետութեան Պաշտպանութեան Նախարարութեան հետ, Հայոց Ցեղասպանութեան հարիւրամեակին նուիրուած ձեռնարկներու ծիրին մէջ` դասաւորած էին այս փոխադրութիւնը:
Առաջին տարիներուն Ս.Դ.Հնչակեան Կուսակցութեան անդամ, յետագային Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան անդամ՝ զօրավար Սեպուհ (1872-1940), ուսանած է Տրապիզոնի ազգային վարժարանէն ներս։ Ան գործեց Կոստանդնուպոլսոյ, ապա 1890 թուականի Գում Գափուի ցոյցէն ետք, փոխադրուեցաւ Խրիմ (Սեպասթոփոլ, Եալթա), եւ ապա՝ Կարս, Տարօն, 1903 թուականին՝ Թորգոմի “Մրրիկ» խումբին հետ, ժամանած Սասուն։
1904 թուականին Սասունի ինքնապաշտպանութեան մասնակից։ Ձերբակալուելով թրքական իշխանութիւններուն կողմէ, բանտարկուած է Մուշի մէջ։
Առաջին համաշխարհային պատերազմին, 21 հոգինոց բաղկացած խումբով միացաւ Անդրանիկին։
Առաջին համաշխարհային պատերազմի առաջին օրերէն անդամակցեցաւ հայ կամաւորներու շարք եւ մասնակցեցաւ Կովկասեան ճակատէն ներս մղուող կռիւներուն որպէս հայ կամաւորական առաջին գունդի հրամանատար։
Մուրատ Սեբաստացիի հետ հետ, Սեպուհ հիմնեց հիմնադրամ, որուն նպատակն էր նիւթական օգնութիւն ցոյց տալ Հայոց Ցեղասպանութեան հետեւանքով գաղթականներ դարձած հայ ընտանիքներուն։ Ան եղաւ Հայաստանի Առաջին Հանրապետութեան խորհրդարանի անդամ, դեր ունենալով 1920-ի Մայիսեան ապստամբութեան մէջ։
Խորհրդային կարգեր հաստատուելու հետեւանքով, ան արտագաղթեց Միացեալ Նահանգներ, եւ մահացաւ 1940 թուականին։ Գրեթէ 75 տարի ետք, հերոսը վերադարձաւ Հայաստան:
ՀՅԴ մամլոյ դիւանի պատասխանատու Արտաշէս Շահպազեան անդրադառնալով այս հարցին կը նշէ, թէ “զօրավար Սեպուհը ապրած ու գործած է իբրեւ դաշնակցական եւ այս պարագային մարդուն դաշնակցութենէն զատելը նոյնն է, ինչպէս ոսկորը զատել միսէն: Բայց ցաւօք հայրենիքին մէջ հերոսին յուղարկաւորութեան կազմակերպիչները` գիտակցաբար թէ անգիտակցաբար, ըրած էին այդպիսի փորձ: Դաշնակցութիւնը այս արարողութեան մասին տեղեակ եղաւ ձեռնարկին նախորդ օրը միայն եւ այն ալ լրատուամիջոցներէն»: Կողքին, կարդալ Արտաշէս Շահպազեանի յօդուածը ամբողջութեամբ:
The post ԶՕՐԱՎԱՐ ՍԵՊՈՒՀԻ ԱՃԻՒՆՆԵՐԸ ԱՄՓՈՓՈՒԵՑԱՒ ԵՌԱԲԼՈՒՐԻ ՄԷՋ appeared first on Hairenik Weekly Newspaper.