Quantcast
Channel: Hairenik Weekly Newspaper
Viewing all articles
Browse latest Browse all 8334

ՅԱՏՈՒԿ ԵՒ ՅԱՆԴՈՒԳՆ ՊԱՏԱՍԽԱՆ

$
0
0

drone-

 

 

ՀԱՅՐԵՆԻՔ
Նոյեմբեր 24, 2014
Խմբագրական

Շաբաթ մը բոլորուած էր, Արցախի մէջ հայկական ուղղաթիռի դէմ Ատրպէյճանի յարձակումէն, եւ Ատրպէյճան յամառօրէն կառչած իր կրաւորական կեցուածքին եւ անզէն ուղղաթիռ մը վար առնելու “այդպէս կարծուած“ յաղթանակին, շարունակ անտարբեր կը մնար եւ լուռ կը մնար, երբ զանազան կողմերէ կոչ կ՛ուղղուէր որպէսզի վերադարձուին ուղղաթիռի զոհերու մարմինները:
Ամէնաթոյզն մարդասիրական մօտեցումն ու “Կարմիր Խաչ“ի կամ ԵԱՀԿ Մինսքի խումբի համանախագահներու միջամտութիւնը, ոչ մէկ ազդեցութիւն ունեցած էր:
Հ.Հ. Պաշտպանութեան Նախարար Սէյրան Օհանեանն ալ անձամբ հետեւած էր աշխատանքներուն եւ խորհրդակցած ու իր մտահոգութիւնները յայտնած էր Մինսքի խումբի գործող նախագահի անձնական ներկայացուցիչ Անճէյ Քասփրչիքի:
Այս վերջիններն ալ ձեռնունայն դուրս կու գային Պաքուէն, մտահոգուելով, սակայն ոչինչ կարենալ կատարելով: Նուազագոյնը երկու անգամ, պաշտօնապէս Մինսքի խումբի համանախագահող երկիրները արծարծած էին ուղղաթիռի անձնակազմի ճակատագիրը պարզելու եւ դիակները վերադարձնելու ուղղութեամբ եւ անոր յաջորդող համապատասխան քայլերու որդեգրման հարցը:
Հետեւաբար այս իրավիճակին դիմաց մնացած էր այլ հնար, այլ միջոց, այլընտրանք:
Ստեփանակերտը, Շուշին եւ ընդարձակ սուրբ հողաշերտը գրաւած Արցախցի ազատամարտիկին համար պարզ գործողութիւն մըն էր եւ դիւրին պատառ մըն էր կատարուելիքը…այսինքն յատուկ գործողութեամբ արկածին վայրը արշաւելն ու
դէպքին վայրէն, երեք օդաչուներու մարմինները, նաեւ ուղղաթիռէն որոշ անհրաժեշտ մասեր դուրս բերելն էր:
Այո՛, գործողութիւնը իր տարողութեամբ մեծ չէր, սակայն եթէ վերոյիշեալ Արցախի ազատագրման օրերուն զոհուիլը սպասելի էր, այս պարագային տարբեր էր պարագան: Նենգամտօրէն սպանուած ազերի բանակին կողմէն, զոհերը ռազմադաշտին վրան էին: Պէտք էր ամէն գնով անոնց փրկել, եւ անշուշտ նախընտրաբար ողջ-առողջ վերադառնալ: Վտանգաւոր էր գործողութիւնը, որ մեծ յաջողութեամբ պսակուեցաւ:
Փոխարէն, կրկին խուճապի մատնուեցաւ Ատրպէյճանի բանակը, որ հակառակ մսխուած գումարներուն եւ շարունակ օժտուած ռազմական արդի սարքաւորումներուն, տեղի տուաւ եւ զոհեր խլելով վերջ տուաւ, այս դէպքին գծով կատարած նենգամտութեան, յոխորտանքներուն, սադրանքներուն:
Անգամ մը եւս, անշնջացած եւ “անհետացած“ ազերի զինուորականներու թիւը բարձրացաւ, եւ պատահած խայտառակութիւնը ծածկելու համար, օրեր ետք է որ միայն պիտի յայտարարուին անոնց անուններն ու մահուան շինծու պատճառները:
Յանդուգն եւ յատուկ պատասխան…եւ այդ գործողութեան ետին գտնուող նման հերոսներն են որոնք մետալի արժանի են, եւ ո՛չ թէ Ռամիլ Սաֆարովի նման խուլիկան կացինահարողներ:

The post ՅԱՏՈՒԿ ԵՒ ՅԱՆԴՈՒԳՆ ՊԱՏԱՍԽԱՆ appeared first on Hairenik Weekly Newspaper.


Viewing all articles
Browse latest Browse all 8334

Trending Articles