Quantcast
Channel: Hairenik Weekly Newspaper
Viewing all articles
Browse latest Browse all 8334

ՏԻԹՐՈՅԹԻ ՄԷՋ .- Հ.Յ.Դ. 124-ԱՄԵԱԿԻ ՏՕՆԱԿԱՏԱՐՈՒԹԻՒՆ

$
0
0

detroit üü IMG_2986

Թղթակից 

Կազմակերպութեամբ Հ.Յ.Դ Տիթրոյթի “Ազատամարտ“ Կոմիտէին, Նոյեմբեր 1-ին, տեղի ունեցաւ Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան 124-րդ տարեդարձի տօնակատարութեան խրախճանքը, Լիվոնիա շրջանի Պըրթըն Մայնըր հիւրասրահէն ներս, ներկայութեամբ աւելի քան 450 համակիրներու եւ անդամներու։

Ներկաներու շարքին էին՝ Տէր Հրանդ Քահանայ Գէորգեան, Վերապատուելի Դոկտ. Վահան Թութիկեան, Հ.Յ.Դ. Ա.Մ.Ն.ի Կեդրոնական Կոմիտէի անդամ Ընկ. Թորոս Չէօփճեան, Հ.Յ.Դ.- Հ.Ե.Դ.ի “Կոպեռնիկ Թանտըրճեան“ մասնաճիւղի ատենապետուհի՝ Անուշ Մարտիկեան, Հ.Օ.Մ.ի հինգ մասնաճիւղերի ներկայացուցիչները՝ Սիրվարդ Թելպելեան (“Շաքէ“), Սօնա Միշիկեան (“Սիպիլ“) Միրէյ Պասմաճեան (“Զապէլ“), Րեպա Փիլիպոսեան (“Ցոլիկ“), “Համազգային“ի շրջանի  ատենապետ՝ Հերմինէ Մանուկեան եւ Հ.Մ.Ը.Մ.ի ատենապետ Եղբայր Խաչիկ Գաֆաֆեան։detroit IIMG_3226

Օրուան հանդիսավարներն էին  Հ.Յ.Դ.- Հ.Ե.Դ.ի եւ Հայ Դատի յանձնախումբի անդամ Ատի Ասատուրեան (անգլերէն) եւ Հ.Յ.Դ.- Հ.Ե.Դ.-ի եւ Հ.Մ.Ը.Մ.-ի անդամ Սանան Մալքաճեան (հայերէն)։

Բարի գալուստի խօսքերէն ետք, ծածանեցան Ա.Մ.Ն.-ի, Միշիկըն նահանգի, Հայաստանի, Արցախի և Հ.Յ.Դ.ի դրօշները։ Ամերիկայի եւ Հայաստանի քայլերգները մեներգեց Հ.Յ.Դ. Հ.Ե.Դ.-ի եւ Հայ Դատի յանձնախումբի անդամ Արաքսի Թոսունեան, որմէ ետք ներկաները հրաւիրուեցան մէկ վայրկեան յոտնըկայս լռութեամբ յարգելու համար յիշատակը մեր ազգի բոլոր նահատակներուն եւ մասնաւորաբար Հ.Յ.Դ.-ի նահատակներն ու առ յաւէտ բաժնուած ընկեր-ընկերուհիները։

Օրուան պատգամաբերն էր Հ.Յ.Դ. Բիւրոյի նախկին անդամ եւ Հ.Յ.Դ. Ամերիկայի Միացեալ նահանգներու արեւելեան շրջանի նախկին ներկայացուցիչ, Տիթրոյթի նոր Հայ Կեդրոնի կեդրոնական յանձնախումբի համանախագահ՝ Հայկ Օշական: Իր պատգամին մէջ, բանախօսը անդրադարձաւ Հ.Յ.Դ.ի ներկայիս լայնածաւալ գործունէութեան detroit IIMG_3000մասին, հարենիքէն ներս թէ դուրս։ Ան անդրադարձաւ Ա.Մ.Ն.ի Արեւելեան շրջանի Հ.Յ.Դ.ի եւ իր յարակից միութիւններուն ծաւալած աշխատանքներուն մասին քաղաքական, կրթական, մշակութային թէ մարզական մարզերէն ներս։ Ան հաստատեց թէ, այս բոլորը արդիւնքն էին համեստ դաշնակցականներու անշահախնդիր զոհողութիւններուն, ուր երբեք գնահատանք ու վարձատրութիւն չեն ակնկալեր։

Ապա բեմ հրաւիրուեցաւ Հ.Յ.Դ. Ազատամարտ կոմիտէի ներկայացուցիչ Րաֆֆի Ուրլեան, որ փոխանցէ “Տարուան Համակիր“ի մրցանակները։ Ան ներկայացուց Պրն. Յակոբ Տաքէսեանը, Պրն. Րաֆֆի Քիւրէճեանն ու Տիկին Շաքէ Պասմաճեանը. որոնք երկար տարիներու ընթացքին միշտ նեցուկ կանգնած են գաղութիս բոլոր միութիւններուն եւ հաստատութիւններուն անաչառօրէն եւ անխտիր՝ նիւթապէս, բարոյապէս եւ գործնապէս։

Պաշտօնական յայտագրի աւարտին բոլոր ներկաները միասին երգեցին Հ.Յ.Դ. “Մշակ Բանուոր“ քայլերգը։

Սեղանի օրհնութեան համար բեմ հրաւիրուեցան Սրբ. Սարգիս Հայաստանեաց Առաքելական եկեղեցւոյ հովիւ՝ Տէր Հրանդ Քհնյ.Գէորգեան  եւ Հայ Աւետարանական եկեղեցւոյ հովիւ՝ Վերապատուելի Դոկտ. Վահան Թութիկեան։

Ընթրիքի սպասարկութենէն ետք կազմակերպիչ յանձնախումբի համանախագահ՝ Շանթ Ժամկոչեանը բեմ հրաւիրեց այս ուրախ առիթով Լոս Անճելըսէն յատկապէս հրաւիրուած՝ երիտասարդ երգիչ Շիրազ Եղիազարեանը, որ իր ճաշակաւոր ու բարձրորակ ձայնով խանդավառեց ներկաները։detroit IMG_3032

Խնճոյքի բաժինի աւարտին՝ բեմ հրաւիրուեցաւ Ազգային եւ յեղափոխական երգերու իւրայատուկ մեկնաբան ընկեր Գառնիկ Սարգիսեանը, որ եօթը երկարատեւ տարիներու բացակայութենէ ետք ելոյթ չէր ունեցած շրջանէն ներս:

Գառնիկի Տիթրոյթ վերադարձը, խանդավառած էր բոլոր ներկաները:

Ազգային յեղափոխական երգերով, ներկաները անմոռանալի պահեր ապրեցան:

Երիտասարդները շրջապատուած, դրօշներ կը ծածանէին եւ միասնաբար երգելով առաւել եւս կը ճոխացնէին օրուան յայտագիրը:   Ձեռնարկը աւարտեցաւ վաղ առաւօտեան ժամը 2:30ին:

Այս Ձեռնարկի յաջողութեան համար իրենց ներդրումը բերողներուն բոլորին վարձքը կատար եւ յատուկ գնահատանք՝ կազմակերպիչ յանձնախումբի անդամներուն՝ Քրիսթա Թոսունեանի, Շանթ Ժամկոչեանի, Սօսի Փալանճեանի, Արաքսի Թոսունեանի, Ատի Ասատուրեանի, Սանան Մալքաճեանի, Ալիծ Օշականի եւ Առաքել Չէօփճեանի։

Սոյն ձեռնարկի հասոյթը ամբողջութեամբ յատկացուեցաւ Սուրիահայութեան Օգնութեան ֆոնտին։

 

 

The post ՏԻԹՐՈՅԹԻ ՄԷՋ .- Հ.Յ.Դ. 124-ԱՄԵԱԿԻ ՏՕՆԱԿԱՏԱՐՈՒԹԻՒՆ appeared first on Hairenik Weekly Newspaper.


Viewing all articles
Browse latest Browse all 8334

Trending Articles