ՀԱՅՐԵՆԻՔ
Խմբագրական
Նոյեմբեր 3, 2014
Երկու հարիւր հազար քառակուսի մեթր տարածութիւն մը, որուն մէջ տեղ գրաւած են շուրջ հազար սենեակներ եւ ենթաբաժանումներ, նաեւ համակարգչային արդի միջոցներով կատարելագործուած փապուղիի դրութիւն մը: Աւելի քան 350 միլիոն տոլար արժած, այս շքեղ համալիրին՝ ամրոցին վարձակալն է Թուրքիոյ նախագահ Ռէճեպ Թայիպ Էրտողան:
Իսկ բացումն ալ կատարուեցաւ Հանրապետութեան հռչակման օրը՝ Հոկտեմբեր 29-ին…Իւրայատուկ տօն մը Թուրքիոյ պատմութեան համար, որ մեծ հանդիսութեամբ կը նշուի 1923-էն ի վեր երբ Քեմալ Աթաթիւրք ստանձնեց յետ Օսմանական Թուրքիոյ նախագահութիւնը:
Այդ թուականէն ի վեր 12 նախագահներ ղեկավարած են Թուրքիան եւ բոլորին ալ նստավայրը եղած է Չանքայան, որ կը գտնուի մայրաքաղաք Անգարայի կեդրոնէն ներս: էրտողանի համար մարտահրաւէր մըն էր այս զեխութիւնը: Վարչապետի պաշտօնէն նախագահի պաշտօն ստանձնել չէր մարտահրաւէրը, այլ խորհրդարանական ժողովրդավարական դրութենէն դուրս եւ իր հետ նախագահական պալատ փոխադրելն էր բոլոր կառոյց մը, անշուշտ Չանքայան յանձնելով վարչապետ Ահմէտ Տաւութողլուին:
Այսպէս, նախկին նախագահ Կիւլի նման պիտի չղեկավարուի երկիրը, ուր վարչապետը ստանձնած էր գործին առիւծի բաժինը: Ընդհակառակը, միեւնոյն ոճով, եւ շարունակ ձեռք երկարելով, տարիներու իր գործակից Տաւութողլուի հետ, ան պիտի կատարէ իր պարտականութիւնը:
Նոր պալատը նաեւ մուտք կրնայ գործել մրցանիշներու տեղեկագիտարանին մէջ, նկատի ունենալով որ, այս պալատը իր տարածութեամբ կը գերազանցէ Քրեմլը եւ Պաքինկհամը, այլ նաեւ նոյնինքն Ուաշինկթընի “Սպիտակ Տուն“ը: Այլ հետաքրքրական մանրամասնութիւն մը՝ այս վիթխարի ամրոցին անունն ալ “Սպիտակ Տուն“ (կամ պալատ) է, այսինքն պահելու համար տեղական գունաւորումը՝ “Աք Սարայ“ կը կոչուի: Այս ալ արտաքին աղբիւրներու օգտագործման՝ outsource-ի նորագոյն ո՞ճն է:
Սրամիտ ու պարզամիտ եւ յատկապէս ընդդիմադիր միւս թուրքը, իւրայատուկ բառախաղութեամբ մը. այս դղեակին անունը կը բաղդատէ Էրտողանի պատկանած “Արդարութիւն եւ Բարգաւաճում“ կուսակցութեան՝ AKP-ի հետ:
Դեռ աւելին, Արեւելքի “Սպիտակ Տան“ կառուցումը կատարուած է քանդելով լայնատարած կանաչութիւն մը, զայրացնելով բնութենապաշտ տեղական թէ միջազգային կազմակերպութիւններ, որոնք արդէն իսկ անցեալ ամրան Պոլսոյ Կէզի պարտէզի քանդումին եւ վերակառուցման հարցով, բաւական մը զբաղցուցած էին Էրտողանն ու իր “անարդար բարգաւաճումներ“ու թղթածրարը:
Անգարայի մէջ ալ կատարուեցան ցոյցեր, սակայն նոյնքան աղմուկ չստեղծեցին, որքան Կէզին:
Դեռ հոս չաւարտիր ստորակայութեա՞ն թէ գերազանցութեան բարդոյթէ տառապող հիւանդ մարդուն ընթացքը: Պոլսոյ մէջ, Պոսփորի ափին, ան վերակառուցած է դղեակ մը, եւ դեռ վերջերս օժտուած յատուկ գերարդիական նախագահական օդանաւով մը, որուն արժէքը 200 միլիոն տոլարի կը հասնի…:
The post “ՀԻՒԱՆԴ ՄԱՐԴ“ ՄԸ… ՆՈՐԱԿԱՌՈՅՑ ՍՊԻՏԱԿ ՏԱՆ ՄԷՋ appeared first on Hairenik Weekly Newspaper.