Կազմակերպութեամբ Տիթրոյիթի Հ.Օ.Մ.ի Միջ-Վարչականի, Շաբաթ, Հոկտեմբեր 18, 2014-ի, կէսօրէ ետք ժամը 1ին, Սուրբ Սարգիս եկեղեցւոյ սրահին մէջ տեղի ունեցաւ Տիթրոյթի “Զաւարեան“ եւ Շիքակոյի “Դանիէլ Վարուժան“ միօրեայ վարժարաններու ուսուցիչներու յատուկ սեմինար, որուն մասնկացած էին նոյն վարժարաններու աւելի քան քսան ուսուցչուհիներ:
Հետաքրքրական էր տեսնել, թէ Շիքակօն այդ օր արձակուրդ տալով իր աշակերտներուն ուսուցչական լման կազմով ներկայ գտնուած էր:
Սիմինարի գլխաւոր զեկուցաբերն էր, Հ.Օ.Մ.ի Գալիֆորնիոյ Լա Քրէսէնթա քաղաքի “Թալին“ մասնաճիւղի Շաբաթօրեայ վարժարանի երկարամեայ տնօրէն Գէորգ Պետիկեանը, որ յատկապէս հրաւիրուած էր սեմինարը վարելու, զեկուցելու եւ միաժամանակ ներկայացնելու նման վարժարաններու համար իր իսկ պատրաստած ուսումնական ծրագիրն ու ուղեցոյցը, զոր տարիներէ ի վեր Հ.Օ.Մ.ի Արեւմտեան Ամերիկայի շրջանի Շաբաթօրեայ վարժարաններէն ներս կÿօգտագործուի:
Հ.Օ.Մ.ի Միջ-Վարչականի անդամներու հիւրընկալութեամբ՝ ճաշի մատակարարումէն ետք ձեռնարկի պաշտօնական բաժնի բացումն ու իր օրհնութիւնները կատարեց շրջանի Ս. Սարգիս եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ՝ Հրանդ քհնյ. Գէորգեան:
Յանուն Հ.Օ.Մ.ի Միջ-վարչականի վարչութեան ատենապետուհի Սիրվարդ Թէլպէլեան բարի գալուստ մաղթեց բոլորին ու շնորհակալութիւն՝ այս կարեւոր ձեռնարկին իրենց ներկայութեան համար, միաժամանակ վեր առնելով ուսուցչուհիներուն՝ ի խնդիր հայ աշակերտին հայերէն լեզու, գիր ու գրականութիւն ուսուցանելու զոհաբերումն ու ճիգը, ու կորով եւ յարատեւութիւն մաղթեց բոլորին:
Ընկհ. Թէլպէլեան նաեւ շեշտեց, թէ “Հ.Օ.Մ.ը միշտ առաջնահերթ տեղ տուած է մանաւանդ մեր նոր ու մատղաշ սերունդի հայեցի դաստիարկութեան ծրագրին, մարդասիրական իր նպատակներուն եւ աշխատանքներուն կողքին“: Ապա ան ներկայացուց օրուան յայտագիրն ու հիւր զեկուցաբեր՝ երկարամեայ տնօրէն-ուսուցիչ Գէորգ Պետիկեանը, որ յատկապէս այս առթիւ Քալիֆորնիայէն հրաւիրուած էր:
Իր բաժնով, տնօրէն Գէորգ Պետիկեան նախ շնորհակալութիւն յայտնեց այս հրաւէրին եւ ապա մեծապէս գնահատեց Հ.Օ.Մ.ի եւ մանաւանդ ընկհ. Թէլպէլեանի նման իւրայատուկ եւ օգտաշատ ձեռնարկ մը ծրագրելու եւ յաջողցնելու ճիգերուն եւ երկար աշխատանքին համար:
Նաեւ օրուան հիւր դասախօսը իր նախաբանին մէջ պարզեց, թէ տասնամեակներէ ի վեր Հ.Օ.Մ.ի համակարգին շատ մօտէն քաջածանօթ էր, ինչպէս նաեւ անոր հայեցի դաստիարակութեան առթիւ տարած ճիգերուն: Ան շեշտեց, թէ այսօրուայ զեկուցում-դասախօսութիւնը աւելի մատչելի ու հարազատ ներկայանելու համար իր բացատրութիւններէն եւ թելադրանքներէն ետք պիտի վերածէր մտերիմ զրոյցի, ներկաներուն առիթ տալով սրտբացօրէն արտայայտուելու:
Անցնելով իր նիւթին հիւր բանախօսը նախ անդրադարձաւ մեր լեզուի կարեւորութեան եւ այս օրերեուն հայախօսութեան նահանջին եւ ապա արեւմտահայերէնի ներկայ մարտահրաւէրներու մասին: Ան նաեւ շեշտը դրաւ հայ դպրոցի եւ հայ ուսուցիչի վրայ հիմնաւորելով անոնց սրբազան առաքելութիւնը:
“Հայ վարժարան եւ հայ ուսուցիչ երկուքը կողք կողքի, նոյնիսկ միաձուլուած երկու ղեկավարներու նման մեր ազգի անցեալն ու ներկան զիրար կապելով, հաստատ ու ապահով քայլերով հայ սերունդները դէպի նոր ապագայ կÿառաջնորդեն“:
Պետիկեան նաեւ շեշտեց հայերէն դասագիրքերուն այժմէականութեան էականութիւնը եւ ասոր կողքին ջերմօրէն թելադրեց հայ ծնողքին իր զաւկին աւելի մօտէն հետեւելու կարեւորութիւնն ու այլ գլխաւոր պարտականութիւնները:
Դադարէ մը ետք սեմինարի երկրորդ բաժնին, հիւր զեկուցաբերը ծանրացաւ իր իսկ պատրաստած այն ուսումնական ուղեցոյցին մասին, զոր արդէն Հ.Օ.Մ.ի Արեւմտեան Ամերիկայի Շրջանային վարչութիւնը տարիներ առաջ վաւերացուցած եւ գործադրութեան թելադրած իր շրջանէն Հ.Օ.Մ.-ի հովանին վայելող բոլոր Շաբաթօրեայ վարժարաններու տնօրէններուն եւ ուսուցիչներուն:
Անդրադառնալով մանկապարտէզի բաժնին աշակերտին մայրենի լեզուն սիրցնելու եւ սորվեցնելու լաւագոյն կերպերուն մասին Պետիկեան շեշտեց, թէ “մանկապարտէզի գլխաւոր նպատակն է միշտ հայերէն խօսելով ծանօթացնել հայերէն գրել կարդալու գաղտնիքը եւ ոչ թէ գրել կարդալ սորվեցնել: Նաեւ յաջողելու համար էական է ըլլալ համբերատար եւ հոգատար: Աշակերտը անպայման լաւապէս պէտք է գիտնայ թէ ինչո՞ւ այս դպրոցը կու գայ եւ թէ ի՞նչ է այս վարժարանին գլխաւոր նպատակը եւ թէ ինչպէ՞ս կը զանազանուի իր միւսէն՝ յաճախած օտար վարժարանէն“:
Տնօրէն Պետիկեան նաեւ սպառիչ օրինակներով եւ վարժութիւններով համամելով իր խօսքերը, բացատրեց եւ ներկայացուց նախակրթարանի դասարաններուն հայերէնը իբրեւ երկրորդ լեզու իր իսկ պատրաստած դասագիրեքու շարքերը ու անոնց դասաւանդութեան լաւագոյն կերպերն ու անոնց կիրարկումները, ինչպէս նաեւ ներկաներուն հետ քննարկեց՝ մայրենիի ուսուցման գործնական ձեւերն ու կիսած անոնց գաղափարները ու ծանօթացած Շաբաթօրեայ վարժարաններուն կարիքներուն, մտահոգութիւններուն ու դժուարութիւններուն:
Ուսուցիչներու կատարած մատնանշումներէն երեւան եկան զանազան դժուարութիւններ: Այսպէս՝ դասագիրքերու պարագայ, որոշ տարիքէ ետք աշակերտի հետաքրքրութեան պակաս եւայլն:
Հիմնուելով այս կէտերուն վրայ դասախօսը աւելցուց “այս բոլորէն առաջ եւ վերջ էական է, որ ուսուցիչը իր տուած հայերէն դասը պէտք է սիրցնէ: Ուսուցիչը պէտք է յաջողի իրեն կապել աշակերտը: Ձեւերը շատ են բայց պզտիկը որքան որ ինքզինք մօտիկ զգայ իր ուսուցիչին“:
Ան յիշեցուց նաեւ, թէ հայերէն լեզուն սիրցնելու ճիգին մէջ չափազանց կարեւոր է նաեւ ազգային պատկերներու մէջբերումները: Թելադրեց նաեւ, որ անպայմանօրէն դասապահերուն աշակերտներուն պէտք է խօսիլ հայրենիքի ու ազգութեան մասին:
Ապա ան խօսեցաւ, թէ ի՞նչ ձեւեր կամ որդեգրումներ պէտք է կիրարկել շաբաթօրեայ վարժարանը ներկայ իր վիճակէն աւելի բարելաւուած վիճակի մթնոլորտի մէջ դրսեւորելու համար: Շեշտեց յատկապէս յստակ ուսումնական նոր համակարգ մը որդեգրելու մասին, ինչպէս նաեւ հէքեաթներու կամ պատմութիւններու ներկայացման միջոցով աշակերտը ներգրաւելու էականութիւնը եւ թելադրեց, որ ուսուցիչները իրենց հետ դասարան բերեն նաեւ այն բոլոր փորձառութիւնները զորս ձեռք ձգած են:
“Կարեւոր է նաեւ, աւելցուց դասախօսը, մեր ազգային արմատներուն կապելն է եւ աշակերտին մօտ զարգացնելը հայութեան պատկանելիութեան իր առաջնահերթութիւնն ու անհրաժեշտութիւնը“:
Իրենց կարգին, սեմինարին ներկայ եղող հայերէն լեզուի մշակները անկեղծօրէն արտայայտուելով նաեւ կեդրոնացան իրենց փորձառութիւններուն վրայ:
Սեմինարի աւարտին իր կարգին, խօսքը ուսուցիչներուն ուղղելով, ներկայացուցիչ Թէլպէլեան յայտնեց, թէ ինչ որ ծրագրուած էր եւ այն ինչ որ հրամցուեցաւ փորձառու տնօրէն եւ ուսուցիչ Գէորգ Պետիկեանի կողմէ, անկասկած, որ լաւ բարենիշ մըն էր օրուան սեմինարը կազմակերպող յանձնախումբին, մասնակցող ուսուցչուհիներուն, վարժարաններու տնօրէններուն եւ յատկապէս Հ.Օ.Մ.ին:
Վերջաւորութեան տեղի ունեցաւ մտերիմ զրոյց օրուան դասախօսին հետ:
Շուրջ հինգ ժամեր տեւող այս սեմինարը յաջողութեամբ պսակուած էր ու ներկաները գոհ սրտով իրարմէ բաժնուած էին:
Հ.O.Մ.ական
The post ՄԻՕՐԵԱՅ ՎԱՐԺԱՐԱՆՆԵՐՈՒ ՈՒՍՈՒՑԻՉՆԵՐՈՒ ՅԱՏՈՒԿ ՍԵՄԻՆԱՐ appeared first on Hairenik Weekly Newspaper.