Երեւանի մէջ, յատուկ հաւաքի մը ընթացքին, Արցախի ազատագրութեան մարտիկներու հիմնարկը պարգեւատրեց Ա.Մ.Ն. Արեւելեան Շրջանի Հ.Օ.Մ.-ի վաստակաշատ անդամ ընկհ. Անժէլ Մանուկեանը, որ համա-հայկական խորհրդաժողովին մասնակցելու համար ժամանած էր Հայաստան եւ ապա, Ա.Մ.Ն. Արեւելեան Շրջանի Հ.Օ.Մ.-ի ներկայացուցիչ Սեւան Քոլէճեանի հետ ալ, քանի մը օրով այցելած էր Արցախ:
Յուշամետալը յանձնուեցաւ ազատամարտիկ՝ Հարմիկ Յովսէփեանի կողմէ, որ իր խօսքին մէջ յայտնեց.- “Կը շնորհաւորենք ընկերուհի: Ինչ որ կատարած ես, երբեք չենք մոռցած …մենք՝ արցախցիներս“:
Այս հաւաքին ներկայ էր նաեւ Հ.Օ.Մ.-ի Կեդրոնական Վարչութեան ատենապետուհի Վիգի Մարաշլեանը:
“Պարգեւատրուած կը զգամ ո՛չ թէ անձիս, այլ կազմակերպութեանս՝ Հայ Օգնութեան Միութեան համար“, ըսաւ ընկհ. Մանուկեան, որ 1968-էն ի վեր հետեւողական ձեւով կը կատարէ իր միութենական աշխատանքը:
Արցախի օժանդակութենէն առաջ, Սպիտակի երկրաշարժին ալ եւ ընդհանրապէս Ա.Մ.Ն. արեւելեան շրջանէն ներս բոլոր ձեռնարկներուն, ընկհ. Մանուկեան անաչառօրէն աշխատած է եւ դեռ ալ կը շարունակէ գործել:
The post ԸՆԿՀ. ԱՆԺԷԼ ՄԱՆՈՒԿԵԱՆ ՊԱՐԳԵՒԱՏՐՈՒԵՑԱՒ ԱՐՑԱԽԻ ԱԶԱՏԱԳՐՈՒԹԵԱՆ ՄԱՐՏԻԿՆԵՐՈՒՆ ԿՈՂՄԷ appeared first on Hairenik Weekly Newspaper.