Quantcast
Channel: Hairenik Weekly Newspaper
Viewing all articles
Browse latest Browse all 8334

ՀԱՅ ԴԱՏԻ ՅԱՆՁՆԱԽՈՒՄԲԻ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄԸ ՄԵԾՆ ԲՐԻՏԱՆԻՈՅ ԱՐՏԱՔԻՆ ԳՈՐԾՈՑ ՆԱԽԱՐԱՐՈՒԹԵԱՆ ՊԱՇՏՕՆԱՏԱՐՆԵՐՈՒՆ ՀԵՏ

$
0
0

uk ld_Admiralty_Building_2  ԼՈՆՏՈՆ.- Հոկտեմբեր 15-ին, Հայ Դատի յանձնախումբի պատուիրակութիւն մը այցելեց Մեծն Բրիտանիոյ Արտաքին Գործոց նախարարութեան Լոնտոնի կեդրոնատեղի եւ հանդիպում ունեցաւ նախարարութեան պաշտօնատարներու հետ։

Հայ Դատի պատուիրակութիւնը բաղկացած էր Հ.Յ.Դ. Բիւրոյի Հայ Դատի եւ քաղաքական հարցերու գրասենեակի պատասխանատու Կիրo Մանոյեանէն եւ Հայ Դատի Անգլիոյ յանձնախումբի պատասխանատու՝ Սեւան Արթինէն։
Հայ Դատի յանձնախումբի ներկայացուցիչները Արտաքին Գործոց նախարարութեան պաշտօնատարներուն փոխանցեցին Սուրիոյ հայութեան վիճակին, Արցախի հիմնահարցի բանակցային գործընթացի եւ անվտագնութեան իրավիճակին, Ատրպէյճանի հակահայ քաղաքականութեան, Հայաստան-Թուրքիա յարաբերութիւններու սառած գործընթացին, տարածաշրջանին մէջ Թուրքիոյ ոչ-կառուցողական քաղաքականութեան, Հայոց Ցեղասպանութեան հարիւրամեակին, ինչպէս նաեւ Հայաստանի ներքին եւ արտաքին կարգ մը հարցերու մասին իրենց ներկայացուցած կազմակերպութեան տեսակէտներն ու մօտեցումները։
Հանդիպումը մաս կը կազմէր Լոնտոնի եւ Երեւանի մէջ, պարբերաբար Հ.Յ.Դ. ներկայացուցիչներու կողմէ Մեծն Բրիտանիոյ Արտաքին Գործոց նախարարութեան պաշտօնատարներու հետ ունեցած հանդիպումներու շարքին։

The post ՀԱՅ ԴԱՏԻ ՅԱՆՁՆԱԽՈՒՄԲԻ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄԸ ՄԵԾՆ ԲՐԻՏԱՆԻՈՅ ԱՐՏԱՔԻՆ ԳՈՐԾՈՑ ՆԱԽԱՐԱՐՈՒԹԵԱՆ ՊԱՇՏՕՆԱՏԱՐՆԵՐՈՒՆ ՀԵՏ appeared first on Hairenik Weekly Newspaper.


Viewing all articles
Browse latest Browse all 8334

Trending Articles