Quantcast
Channel: Hairenik Weekly Newspaper
Viewing all articles
Browse latest Browse all 8334

ԵՐԵ­ՒԱ­ՆԻ ԱՒԱ­ԳԱՆԻԻ ԸՆՏ­ՐՈՒ­ԹԻՒՆ­ՆԵ­ՐՈՒՆ ԻՇ­ԽԱ­ՆԱ­ԿԱՆ ՄԵ­ՆԱՇ­ՆՈՐ­ՀԸ …ՄԵԾ ՅԱՂ­ԹԱ­ԿԱՆ

$
0
0

p1 main yerevan-mayor-elections2013  Երե­ւա­նի քա­ղա­քա­պե­տա­կան ընտ­րու­թիւն­նե­րը կա­տար­ուե­ցան, անց­եալ Կի­րա­կի, Մա­յիս 5-ին: Աւա­գանիի 65 աթոռ­նե­րուն հա­մար պայ­քա­րե­ցան եօթ քա­ղա­քա­կան ու­ժեր` Հա­յաս­տա­նի Հան­րա­պե­տա­կան, “Օրի­նաց եր­կիր“, “Բար­գա­ւաճ Հա­յաս­տան“, “Հայ Ազ­գա­յին Քոնկ­րէս“, “Առա­քե­լու­թիւն“, “Բա­րեւ Երե­ւան“ եւ “Հայ Յե­ղա­փո­խա­կան Դաշ­նակ­ցու­թիւն“ կու­սակ­ցու­թիւն­նե­րը: Ընտ­րող­նե­րու ընդ­հա­նուր թիւն է 816,478: Իսկ քու­է­ար­կու­թեան մաս­նա­կից­նե­րուն թիւը` 437,212 որ 53,55 տո­կո­սը կը ներ­կա­յաց­նէ:

Ընտ­րու­թիւն­նե­րու նախ­նա­կան ար­դիւնք­նե­րը ցոյց տուին թէ աւա­գանիի մէջ կը ներ­կա­յաց­ուին միայն երեք ու­ժեր` Հա­յաս­տա­նի Հան­րա­պե­տա­կան Կու­սակ­ցու­թիւն (55.86 տո­կոս), “Բար­գա­ւաճ Հա­յաս­տան“ (23 տո­կոս) եւ “Բա­րեւ Երե­ւան“ դա­շին­քը (8 տո­կոս):

Մնաց­եալ կու­սակ­ցու­թիւն­նե­րուն ար­ձա­նագ­րած ար­դիւնք­ներն են.- “Առա­քե­լու­թիւն“` 2692 (0.64 տո­կոս), Հայ Ազ­գա­յին Քոնկ­րէս` 18,499 (4,39 տո­կոս),“Օրի­նաց Եր­կիր“` 15,733 (3.73 տո­կոս) եւ Հ.Յ.Դաշ­նակ­ցու­թիւն` 15,999 (3.79 տո­կոս):

election 33313 ընտ­րա­տա­րածք­նե­րէն  ներս, ընտ­րա­կան շէ­մը յաղ­թա­հա­րած եւ նոր աւա­գանի­ին մէջ  յայտն­ուած ու­ժե­րէն որե­ւէ մէ­կուն հա­մար կա­րե­լի չե­ղաւ գե­րա­զան­ցել Հան­րա­պե­տա­կան Կու­սակ­ցու­թեան ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­նե­րուն վրայ: “Բար­գա­ւաճ Հա­յաս­տան“ կու­սակ­ցու­թիւնը, ըստ նախ­նա­կան տու­եալ­նե­րու, 464 տե­ղա­մա­սե­րէն միայն քա­նի մը շրջան­նե­րէ ներս  Հան­րա­պե­տա­կան Կու­սակ­ցու­թեան նկատ­մամբ առա­ւե­լու­թեան հա­սաւ, մինչ “Բա­րեւ Երե­ւա­նը“` ոչ մէկ տեղ կրցաւ գե­րա­զան­ցել: Ըստ նախ­նա­կան  ար­դիւնք­նե­րուն, Երե­ւա­նի աւա­գանիի  65 տե­ղե­րէն  42-ը Հան­րա­պե­տա­կա­նը կը ստա­նայ, 17-ը` “Բար­գա­ւաճ Հա­յաս­տա­նը“, 6-ը` “Բա­րեւ Երե­ւա­նը“: “Մաս­սա­յա­կան խախ­տում­նե­րի մա­սին խօսք լի­նել չի կա­րող“, – ամ­փո­փե­լով ընտ­րու­թիւն­նե­րու  նախ­նա­կան ար­դիւնք­նե­րը` յայ­տա­րա­րեց Կեդ­րո­նա­կան Ընտ­րա­կան Յանձ­նա­ժո­ղո­վի  ղե­կա­վար Տիգ­րան Մու­կուչ­եա­նը:

Այս պա­հին կա­րող ենք փաս­տել, որ այն տե­ղե­կու­թիւն­նե­րը, որոնք մինչ այժմ առ­կայ  են եղել, բո­լորն էլ վե­րա­բե­րել են բա­ցա­ռա­պէս առան­ձին դէպ­քե­րի, – աւել­ցուց Մու­կուչ­եան: Ընտ­րու­թիւն­նե­րուն  վե­րա­բեր­եալ ընդ­դի­մա­դիր ու­ժե­րէն  հնչող բա­ցա­սա­կան գնա­հա­տա­կան­նե­րուն, ընտ­րա­խախ­տում­նե­րու  կազ­մա­կերպ­ուած ու մաս­սա­յա­կան բնոյթ ու­նե­նա­լու վե­րա­բեր­եալ յայ­տա­րա­րու­թիւն­նե­րուն Մու­կուչ­եա­նը կարճ ձե­ւով  ար­ձա­գան­գեց. – Դա վեր­ջին­նե­րիս սուբ­յեկ­տիվ տե­սա­կէտն ու եզ­րա­յան­գումն է: Կեդ­րո­նական Ընտ­րա­կան Յանձ­նա­խում­բի նա­խա­գա­հը, նախ­քան ընտ­րու­թիւն­նե­րու աւար­տը  կար­ծիք յայտ­նեց, որ անհ­նար է այն­պի­սի ընտ­րա­խախ­տում­ներ ի յայտ գան, որոնք կա­րե­լի պի­տի դարձ­նեն ընտ­րու­թիւն­նե­րու  ան­վա­ւեր հռչա­կու­մը: Կեդ­րո­նա­կան Ընտ­րա­կան Յանձ­նա­ժո­ղո­վի նա­խա­գա­հը կը կար­ծէ, որ մայ­րա­քա­ղա­քէն  ներս երէկ ամ­բողջ գի­շեր հնչող հրա­վա­ռու­թիւնը իր մեկ­նա­բա­նու­թեան հար­ցը չէ:

Հա­կա­ռակ որ  ընտ­րու­թիւն­նե­րու  պաշ­տօ­նա­կան ար­դիւնք­նե­րը դեռ պաշ­տօ­նա­պէս յայտ­նի չէ­ին, բայց տար­բեր ժա­մե­րու, են­թադ­րա­բար` Հան­րա­պե­տա­կա­նի հա­մա­կիր­նե­րը Երե­ւա­նի տար­բեր թա­ղա­մա­սե­րուն մէջ ար­դէն իսկ, յաղ­թա­նակ կը տօ­նէ­ին:

Հայրենի բեմադրիչ Աշոտ Ադամեանը, իր դիմատետրին (facebook) վրայ տեղադրած է հետեւեալ լուսանկարը, անդրադառնալով, Երեւանի աւագանիի ընտրութիւններուն մասին:  ``Քաղաքացու համբերութեան բաժակը վաղուց արդէն լցուել է, հիմա արագօրէն դատարկւում է, թասը սկսել է ժանգոտել:… ``եղունգ ունես, գլուխդ քերիր``: Նրանք, ովքեր համարում են, որ այս ընտրութիւններն այլեւս կատարուած փաստ են, կարող են վայելել դրա պտուղները: Ծեծուած բաներ չեմ ուզում ասել, բայց որքան աւելի խորանայ այս ստի եւ խաբէութեան վրայ հենուած համակարգը, այնքան աւելի դժուար կը լինի ելքի փնտռտուքը``, կը յայտնէ Ադամեան:

Հայրենի բեմադրիչ Աշոտ Ադամեանը, իր դիմատետրին (facebook) վրայ տեղադրած է հետեւեալ լուսանկարը, անդրադառնալով, Երեւանի աւագանիի ընտրութիւններուն մասին:
“Քաղաքացու համբերութեան բաժակը վաղուց արդէն լցուել է, հիմա արագօրէն դատարկւում է, թասը սկսել է ժանգոտել:… “եղունգ ունես, գլուխդ քերիր“: Նրանք, ովքեր համարում են, որ այս ընտրութիւններն այլեւս կատարուած փաստ են, կարող են վայելել դրա պտուղները: Ծեծուած բաներ չեմ ուզում ասել, բայց որքան աւելի խորանայ այս ստի եւ խաբէութեան վրայ հենուած համակարգը, այնքան աւելի դժուար կը լինի ելքի փնտռտուքը“, կը յայտնէ Ադամեան:

Չվա­ւե­րաց­ուած քու­է­ա­թեր­թիկ­նե­րու  թիւը 15 հա­զա­րէն  աւե­լի կազ­մեց, գրե­թէ նոյն­քան, ինչ­քան ձայն  ստա­ցաւ Հա­յաս­տա­նի մէջ  իշ­խող հա­մա­խո­հա­կան կա­ռա­վա­րու­թեան  ան­դամ “Օրի­նաց Եր­կիր“ կու­սակ­ցու­թիւնը: Անց­եալ Փետր­ուա­րի նա­խա­գա­հա­կան ընտ­րու­թիւն­նե­րու նման, չվա­ւե­րաց­ուած քու­է­ա­թեր­թիկ­նե­րուն  վրայ այս ան­գամ ալ ընտ­րող­նե­րու  տա­ռա­տե­սակ վեր­տա­ռու­թիւն­ներ կա­յին` ար­տա­գաղ­թը կան­խե­լու, Երե­ւա­նը չդա­տար­կե­լու, “իրար չու­տե­լու“ խօս­քե­րու վե­րա­բեր­եալ: Երե­ւա­նի աւա­գանիի  ընտ­րու­թիւն­նե­րու  վերջ­նա­կան ար­դիւնք­նե­րը Կեդ­րո­նա­կան Ընտ­րա­կան Յանձ­նա­ժո­ղո­վը պի­տի  հրա­պա­րա­կէ Կի­րա­կի, Մա­յիս 12-ին:Yerevan City Council elections 2013

Միւս կող­մէ Եւ­րո­պա­կան խոր­հուր­դի դի­տորդ­նե­րը ար­ձա­նագ­րե­ցին ընտ­րա­կեղ­ծիք­ներ ու զեղ­ծա­րար­քու­թիւն­ներ, սա­կայն ընտ­րու­թիւն­նե­րը օրի­նա­կան գնա­հա­տե­ցին: Երե­ւա­նի աւա­գանիի ընտ­րու­թիւն­նե­րը ան­ցան խա­ղաղ եւ օրի­նա­կան, թեք­նիք գետ­նի վրայ կազ­մա­կերպ­ուած, այս խօս­քե­րով ար­տա­յայտ­ուե­ցաւ Եւ­րո­պա­կան խոր­հուր­դի տե­ղա­կան եւ տա­րա­ծաշր­ջա­նա­յին իշ­խա­նու­թիւն­նե­րու դի­տոր­դա­կան առա­քե­լու­թեան ղե­կա­վար Սթուըրթ Տիք­սը­նը: Առա­քե­լու­թեան ան­դամ­նե­րը դի­տար­կե­ցին քու­է­ար­կու­թեան ամ­բողջ ըն­թաց­քը` ընտ­րա­տե­ղա­մա­սե­րու բաց­ման ազ­դան­շա­նէն մին­չեւ քու­է­ար­կու­թեան աւարտն ու քու­է­ա­թեր­թիկ­նե­րու հաշ­ուար­կը: 12 երկ­րի ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­նե­րէ բաղ­կա­ցած Քոնկ­րէ­սի պատ­ուի­րա­կու­թիւնը աւա­գանիի ընտ­րու­թիւն­նե­րուն ներ­կայ եղող մի­ջազ­գա­յին մի­ակ դի­տոր­դա­կան առա­քե­լու­թիւնն էր:

13 ընտ­րա­տա­րած­քի աւե­լի քան հա­րիւր ընտ­րա­տե­ղա­մա­սե­րու մէջ անոնք ար­ձա­նագ­րե­ցին թէ  ընտ­րա­ցու­ցակ­նե­րուն մէջ կա­յին մար­դիկ, որոնք շա­տոնց Երե­ւա­նի մէջ չէ­ին բնա­կեր:

Մենք հա­ւա­տում ենք, որ իշ­խա­նու­թիւն­ներն այս խնդրին պէտք է անդ­րա­դառ­նան եւ լու­ծեն, որով­հե­տեւ տե­ղա­կան ընտ­րու­թիւն­նե­րին մաս­նակ­ցում են նրանք, ով­քեր փաս­տա­ցի բնակ­ւում են այդ հա­մայն­քում,- ըսաւ  դի­տոր­դա­կան առա­քե­լու­թեան ղե­կա­վար Տիք­սըն: Եւ­րո­պա­ցի­նե­րու  աչ­քէն  նա­եւ չվրի­պե­ցան դէպ­քեր, երբ փոքր հան­րա­կառ­քե­րով մար­դիկ ընտ­րա­տե­ղա­մաս կը փո­խադր­ուէ­ին: Սա­կայն հե­տաքրք­րա­կան էր տես­նել, որ եւ­րո­պա­ցի­նե­րուն  հա­մար այդ­քան ալ  վատ երե­ւոյթ չէր այս ձե­ւի փո­խադ­րու­թիւնը`  յայտ­նի  կու­սակ­ցու­թեանց մի­ջո­ցաւ: Դի­տորդ­նե­րը նշե­ցին թէ ստա­ցան տե­ղա­կան ծա­ռա­յող­նե­րու  նկատ­մամբ ճնշում­նե­րու, ինչ­պէս նա­եւ քուէ­նե­րու  գնման ահա­զան­գի դէպ­քեր: Այս մե­ղադ­րանք­նե­րուն  առու­մով մենք կոչ կ՛ուղ­ղենք  Հա­յաս­տա­նի իշ­խա­նու­թեան, որ­պէս­զի վերջ դնէ այս վի­ճա­կին. պէտք չէ վա­խի մթնո­լորտ ստեղծ­ուի կամ  կան­խիկ դրա­մի խթա­նում: Այս դէպ­քե­րը կը խա­թա­րեն  մար­դոց վստա­հու­թիւնը  ընտ­րա­կան հա­մա­կար­գին  հան­դէպ,- ըսաւ  դի­տորդ ղե­կա­վա­րը: Մի­ջազ­գա­յին դի­տորդ­նե­րը նա­եւ մտա­հո­գիչ  հա­մա­րե­ցին  քու­է­ար­կու­մը   բջի­ջա­յին հե­ռա­խօս­նե­րի օգ­տա­գործ­ման պա­րա­գա­յին, տե­ղա­կան դի­տորդ­նե­րու  շատ մեծ քա­նա­կի առ­կա­յու­թիւնը տե­ղա­մա­սե­րուն մէջ, որոնք կը գոր­ծէ­ին քա­ղա­քա­կան կու­սակ­ցու­թիւն­նե­րու  եւ դա­շինք­նե­րու  օգ­տին, բազ­մա­կի քու­է­ար­կու­թիւն­նե­րու  դէպ­քե­րը:

Առանց անվ­տանգ եւ ապա­հով մի­ջա­վայ­րի հնա­րա­ւոր պի­տի չդառ­նայ  ժո­ղովր­դա­վար ընտ­րու­թիւն կա­յաց­նել, եւ առանց ժո­ղովր­դա­վա­րու­թեան, քա­ղա­քա­ցի­նե­րու կեան­քին մէջ  բա­րե­լա­ւում պի­տի չըլ­լայ: Բա­րե­լա­ւում պի­տի չըլ­լայ, եթէ  գիւ­ղա­պե­տե­րը, հա­մայ­նքա­պե­տե­րը չհասկ­նան, որ սա իրենց պար­տա­կա­նու­թիւնն է` ծա­ռա­յել ժո­ղո­վուր­դին, ոչ թէ միայն անոնց, որոնք  իրենց ընտ­րել են,- եզ­րա­կա­ցուց Տիք­սընը: Զե­կոյ­ցին մէջ  անոնք նշած են թէ որոշ յա­ռա­ջըն­թաց  կ՛ար­ձա­նագ­րեն, յատ­կա­պէս, զսպում­նե­րու  եւ հա­կակ­շիռ­նե­րու, ինչ­պէս նա­եւ ազա­տօ­րէն ար­տա­յայտ­ուե­լու տե­սան­կիւ­նէ:


Viewing all articles
Browse latest Browse all 8334

Trending Articles