ՀԱՅՐԵՆԻՔ
Հոկտեմբեր 6, 2014
Խմբագրական
Անցեալ շաբաթավերջին, քանի մը ժամով անակնկալօրէն վատթարացած էին Միացեալ Նահանգներ – Թուրքիա յարաբերութիւնները: Այնքան մը որ, Թուրքիոյ նախագահ Ռէճեպ Թայիպ Էրտողանը գեր-զայրացած ըլլալով Միացեալ Նահանգներու փոխ նախագահ Ճօ Պայտընի մէկ արտայայտութենէն, ամէն գնով պահանջած էր որ այս վերջինը ներողութիւն խնդրէ:
“Բանն ու՞մն էր“:
Արդարեւ Ուրբաթ, Հոկտեմբեր 3-ին, Հարվըրտի միջազգային քաղաքականութեան “Քեննետի“ հիմնարկէն ներս ելոյթ ունենալով, Պայտըն քննադատած էր Թուրքիան, այպանելով զայն թէ հետեւողական ձեւով, դիւրացուցած է ծայրայեղ իսլամ զինեալներու մուտքը՝ Սուրիա:
Յաւելեալ մանրամասնութիւններու երթալով եւ ներկայացնելով պատահածը, նշենք թէ Պայտըն յայտնած է թէ ինք մօտիկ բարեկամ է Թուրքիոյ նախագահին, սակայն Սուրիոյ կացութեան գծով, ըստ փոխ նախագահին, թէ՛ Թուրքիա եւ թէ՛ այլ դաշնակից երկիրներ, որոնց կարգին Սէուտական Արաբիա եւ Արաբական Էմիրութիւններ կեդրոնացած են Ասատի ղեկավարութիւնը տապալելու մտասեւեռման վրայ, առանց ուշադրութիւն դարձնելու թէ միլիոններով գումարներ եւ օժանդակութիւն կը կատարուէր ծայրայեղական ուժերու:
Պայտըն իր այդ արտայայտութեամբ ոչ մէկ սխալ կատարած էր, այլ ընդհակառակը, մատը ճիշտ վէրքին վրայ դնելով, նշած էր թնճուկը:
Ի վերջոյ աշխարհագրութիւնն ու դէպքերու իրադարձութիւնները, յստակօրէն ցոյց կու տան թէ Սուրիոյ մէջ Իսլամական Պետութիւնը զօրացած է հիւսիսային շրջանէն ներս, հոն ուր Թուրքիոյ սահմանն է:
Ի դէպ տեղին է նշել թէ, Թուրքիոյ խորհրդարանը դեռ վերջերս իր երկրի բանակը լիազօրեց Սուրիոյ եւ հիւսիսային Իրաքի հարցով միջամտելու՝ անհրաժեշտութեան պարագային, ինչպէս նաեւ օտար ուժերուն արտօնեց անդրսահմանեան գործողութիւններուն համար Թուրքիոյ մէջ գտնուող ռազմակայանները օգտագործել:
Ծիծաղելին այն է թէ, Էրտողան կը յանդգնի բացատրել թէ օտար զինեալներ Թուրքիոյ վրայով մուտք չեն գործած, այլ իբրեւ զբօսաշրջիկ ժամանած են, եւ ապա խոյս տուած եւ թափանցած են Սուրիա…
Նմանօրինակ մանկամիտ բացատրութիւն եւ մօտեցում կարելի չէ կուլ տալ եւ նոյնիսկ բռնի ուժով “կլլեցնել“, այդպիսի հիմնարկի մը երդիքէն ներս:
Սակայն տեղին է վայրկեան մը անդրադառնալ Էրտողանի բացատրութեան՝ մասին թէ “զբօսաշրջիկ“ ծայրայեղականները, կրցած են Թուրքիա մուտք գործել, ապա “կորսուիլ“ եւ ապա ժամանել Թուրքիա: Ուրեմն, իր բացատրութեամբ կարելի է հասկնալ եւ հաստատել թէ Էրտողանի ղեկավարած երկրին ներքին ապահովութեան իրավիճակը այդչափ ալ նախանձելի չէ…
Ճօ Պայտընի արտայայտութիւնն ու վերլուծումը տեղին էր: Փոխարէն ներողամտութիւն հայցելու գործընթացը, իր ամբողջ էութեամբ, յերիւրածոյ աւելորդաբանութիւն մըն էր, որ սակայն յստակ էր թէ “փրոթոքոլ“ին մաս կը կազմէր: Այսինքն, որեւէ անտեսում Պայտընի (այսինքն Սպիտակ Տան) կողմէ, կրնար իր ժխտական ազդեցութիւնը ունենար, վերջին շաբաթներուն Արեւմտեան երկիրներու եւ յատկապէս Միացեալ Նահանգներու կատարած ռազմական միջամտութիւններուն վրայ:
…Ի վերջոյ Արեւմուտքի ղեակավարութիւնը հասկցած էր թէ Սուրիոյ ներկայ ղեկավարութեան դէմ ընդդիմադիր ճակատ գոյութիւն չունի, այլ ծայրայեղական կրօ
նամոլ ահաբեկիչներ, որոնք …Պայտընի հաստատումը կրկնելով, միլիոններով գումարներ եւ օժանդակութիւն ստացած են յատկապէս Թուրքիայէն:
The post ՊԱՅՏԸՆԻ ԿԱՏԱՐԱԾ …ՏԵՂԻՆ ՀԱՍՏԱՏՈՒՄԸ appeared first on Hairenik Weekly Newspaper.