ՀԱՅՐԵՆԻՔ
Սեպտեմբեր 30, 2014
Խմբագրական
“Ատրպէյճանի պէս երկիրներու մէջ, օրէնքը անտրամաբանականօրէն բարդ կը դարձնէ նոյնիսկ հասարակական կազմակերպութիւններու աշխատանքը…“
Նախագահ Պարաք Օպամա
Անցեալ շաբթուան ընթացքին, երբ Աշխարհի զանազան կողմերէն ղեկավարներ ժամանած էին Նիւ Եորքի, Միացեալ Ազգերու Կազմակերութեան գիտաժողովին մասնակցելու, այս հաստատումը կատարեց Ա.Մ.Ն.-ի նախագահը, անհանգստացնելով Ալիեւն ու իր “օլիկարխ“ը:
Այնքան մը որ, Ատրպէյճանի բամբեր՝ Նովրուզ Մամետով, բեմահարթակ բարձրանալով փորձեց պատասխանել, հարցադրելով թէ հակառակ այս բոլորին, ցայսօր Պաքուն կը հանդիսանայ Արեւմտեան Աշխարհի ռազմավարական գործընկերը։
Կը թուի թէ նմանօրինակ արտայայտութիւններ հակառակ ազդեցութիւնը կ՛ունենան եւ հետզհետէ աւելի կը զարգացնեն Ալիեւի եւ իր վարչակազմի մեծամոլութիւնն ու հալածախտի տառապանքը:
Հետեւաբար զարմանալի չէ որ Ալիեւ, Օպամայի կատարած արտայայտութիւններու օրերուն իսկ, առանց որեւէ բարդոյթի նոր հրամանագիր մը լոյս ընծայեց յայտնելով թէ Ատրպէյճանի եւ Հայաստանի սահմանին մօտակայքը գտնուող շրջաններէն ներս, անհրաժեշտ միջոցներ պիտի որդեգրուին, ստեղծելու համար կամաւորական ջոկատներ, որոնք հետեւողական ձեւով պիտի հետեւին ռազմափորձերու:
Դեռ այսքանով ալ չբաւարարուելով, Ալիեւ հրահանգած է իր հլու կամակատարներուն, որ ռազմական դրութիւն հաստատուի եւ ծանր պատիժ տնօրինուի այն անհատին, որ զինուորական ոլորտի պետական գաղտնիք ընդգրկող տեղեկութիւններ կը հրապարակէ եւ կը տարածէ:
Նոյնիսկ Ալիեւ հրահանգած է Պաշտպանութեան նախարարութեան, որ շփման գիծին վրայ աշխատող լրագրողներու հաւատարմագրման նոր կարգ պէտք է սահմանել եւ այսպէս, ազերի լրագրողներ դիւրութեամբ պիտի չկարենան մուտք գործել զանազան ճակատներ, զոհը դառնալով այս հրամանագրին:
Աւելի բան կարելի չէ սպասել ղեկավարէ մը, որ դեռ քանի մը օր առաջ , կալանքի տակ գտնուող իրաւապաշտպան Լէյլա Եունուսը, ծանրօրէն խոշտանգած է բանտի աշխատակիցներուն միջոցաւ: Բանտապահները անխնայ գտնուած են, եւ ամէնայն սաստկութեամբ հարուածած են անոր երիկամունքները եւ ամէնայն վայրագութեամբ, քաշած են անոր մազերը, զերծ պահելով բժշկական ամենադոյզն օգնութենէ եւ խնամքէ:
Միեւնոյն ոճն էր, շատ աւելի սաստկութեամբ կատարուեցաւ շաբաթներ առաջ, սահմանամերձ Չինարի գիւղի անմեղ գերեվարուած բնակիչ՝ Կարէն Պետրոսեանին, որ ծանր ու անմարդկային հարուածներուն չդիմանալով տեղի տուաւ եւ մահացաւ: Նաեւ, չմոռնալ տարիներ առաջ 2004-ին, Պուտափեշթի մէջ ազերի Ռամիլ Սաֆարովի կատարած արարքը…որ կացինահարած էր ՆԱԹՕ-ի գիտաժողովի մը համար այլ մասնակից, հայ բանակային Գուրգէն Մարգարեանը:
Այս անմարդկային մոլուցքներու դիմաց, Օպամայի շեշտած արտայայտութիւնը թէ Ատրպէյճանի պէս վայրերու մէջ, օրէնքը անտրամաբանականօրէն բարդ կը դարձնէ նոյնիսկ հասարակական կազմակերպութիւններու աշխատանքը, նոյնիսկ մեղմ քննադատութիւն կարելի է նկատել:
The post ԱԼԻԵՒԵԱՆ ՄԵԾԱՄՈԼՈՒԹԻՒՆ appeared first on Hairenik Weekly Newspaper.