ՍԹՈՔՀՈԼՄ.- 52-ամեայ Իզապէլ Տինկիզեան (ծագումով Իրաքահայ) ընտրուած է Շուէտի խորհրդարանի (Ռիքստակ) փոխնախագահներէն մէկը։ Ծնած Պաղտատ 1962-ին, ան 2006-էն ի վեր մաս կը կազմէ խորհրդարանին: Իզապէլ Տինկիզեան մաս կը կազմէ բնութեան պաշտպան “Կանաչներ“ կուսակցութեան։ Շուէտի խորհրդարանական ընտրութիւնները կը կայանան քառամեայ դրութեամբ եւ կազմուած է 349 անդամներէ։ Սեպտեմբեր 29-ի կատարուած ընտրութիւններուն, Ուրպան Ահլին (Դեմոկրատական Կուսակցութիւն) ընտրուեցաւ խորհրդարանի նախագահ:
Շուէտի խորհրդարանին՝ Ռիքստակի պաշտօնական կայքը կը հաղորդէ, որ Տինկիզեանի կողքին, փոխնախագահներ ընտրուած են՝ Թոպիաս Պիլշթրէօմ (Չափաւորական Կուսակցութիւն) եւ Պիորն Սէօտըր (Դեմոկրատական Կուսակցութիւն): Տինկիզեան երրորդ փոխնախագահն է:
Ան խորհրդարանին մէջ անդամ եղած է մշակութային հարցերու յանձնախումբին, փոխ անդամ՝ շարք մը յանձնախումբերու մէջ, ներառեալ՝ աշխատանքի շուկայի եւ կրթութեան յանձնախումբերուն:
Տինկիզեան ընտրուած է Սթոքհոլմ գաւառի խորհուրդի ընտրամասէն:
Իզապէլ Տինկիզեանի քոյրը՝ Մաթիլտա Տինկիզեան – Մեթթալա մասնագիտացած է երաժշտութեան պատմութեամբ: Ան յատուկ ուսումնասիրութիւններ կատարած է Պոսթընաբնակ հայ երաժիշտ Ալըն Յովհաննէսի երաժշտութեան մասին:
The post ՇՈՒԷՏԻ ԽՈՐՀՐԴԱՐԱՆԻ ՓՈԽՆԱԽԱԳԱՀՆԵՐԷՆ ՄԷԿՆ Է ԻԶԱՊԷԼ ՏԻՆԿԻԶԵԱՆԸ appeared first on Hairenik Weekly Newspaper.