ԵՐԵՒԱՆ.- Հայաստանի Ազգային ժողովի Հ.Յ.Դ. խմբակցութեան ղեկավար Արմէն Ռուստամեան, լրագրողներուն հետ զրոյցի ընթացքին անդրադարձաւ սահմանադրական փոփոխութիւններուն վերաբերեալ Հ.Յ.Դաշնակցութեան դիրքորոշումին` հիմնաւորելով խորհրդարանական կառավարման համակարգին կողմնակից ըլլալու յայտարարութիւնները:
Ռուստամեան համոզում յայտնեց, որ խորհրդարանական կառավարման համակարգը թոյլ չի տար փակ, գաղտնի որոշումներ տալ, անոնք կ՛ըլլան հրապարակային եւ հաւասարակշռուած: Պատասխանելով այն դիտարկման, թէ սահմանադրական փոփոխութիւններուն վերաբերեալ կը համընկնին Դաշնակցութեան եւ Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահին մօտեցումները, Արմէն Ռուստամեան կարծիք յայտնեց, որ երբ երկրին մէջ կարելի է բան մը իրագործել, միշտ ալ նպաստաւոր դաշտ կրնայ յառաջանալ ոչ միայն ընդդիմութեան, այլ նաեւ իշխանութեան մէջ գործող ուժերուն մօտ:
Ըստ Ռուստամեանի, խորհրդարանական կառավարման համակարգին միջոցով կարելի պիտի ըլլայ ազատիլ գերկեդրոնացուած համակարգէն, որովհետեւ աւելի դժուար է ընդդիմութեան համար պայքարիլ կեդրոնացուած, քան ապակեդրոն եւ հաւասարակշռուած համակարգի մը դէմ: “Այնպէս որ թէ՛ քաղաքական եւ թէ՛ մարտավարական իմաստով, մեր մօտեցումն է` անցնիլ խորհրդարանական համակարգի, ատիկա վաղուց հասունցած է եւ անհրաժեշտութիւն է: Պատահական չեմ նկատեր, որ նախագահները իրենց պաշտօնավարման վերջին ժամկէտին մէջ կը համաձայնին նման փոփոխութիւններ իրականացնել: Բոլորդ ալ նկատած էք, որ անոնք, որոնք համակարգին մէջ կը գտնուին, կը դժգոհին այդ համակարգէն, երբ կը յայտնուին այդ համակարգի հարուածներուն ներքեւ: Բոլոր նախագահներն ալ կը դժգոհին համակարգէն, այդ ինչպէ՞ս կ՛ըլլայ, որ առաջին նախագահը դժգոհ կ՛ըլլայ երկրորդէն ու երրորդէն, երկրորդ նախագահը դժգոհ կ՛ըլլայ առաջինէն ու երրորդէն:… Մենք կ՛ըսենք` եթէ նախագահական աթոռէն հրաժարիք հիմա` ընելով այդ փոփոխութիւնները, սակայն անոնք կ՛ըսեն, եկէք այդ փոփոխութիւնները իրականացնենք նախագահական ընտրութիւններէն ետք, ինչ որ կը նշանակէ` ձգեցէք քիչ մը մենք նստինք այդ աթոռին, յետոյ կ՛ընենք սահմանադրական փոփոխութիւնները “, շեշտեց Ռուստամեան, որ նաեւ նախապէս պատասխանելով այլ հարցումի մը, թէ կարելի՞ է, որ Հ.Յ.Դ.-ն համաձայնական դաշինք կազմէ իշխող կուսակցութեան հետ` նկատի առնելով, որ քառեակի ուժերէն միակն է, որ կողմ է սահմանադրական բարեփոխումներուն, յայտնեց.-. “Ո՛չ, Հ.Յ.Դ.-ն ոչ մէկ ձեւով համաձայնական դաշինք կազմելու հարց դրած է, այդ նոյն հարցումը կ՛ուղղէին, երբ եօթը կէտերը կը ներկայացնէինք: Այն ժամանակ ալ ըսին. Հ.Յ.Դ.-ն կ՛ուզէ համաձայնական դաշինք կազմել, ատոր համար կէտեր կը ներկայացնէ: Մենք մեր տեսակէտներն ունինք քսան-քսանհինգ տարիէ ի վեր, արտայայտած ենք եւ կը շարունակենք պաշտպանել այդ տեսակէտները: Եւ եթէ այդ տեսակէտներէն մէկը կը պաշտպանուի, մենք կը նկատենք, որ ատիկա դրական հոլովոյթ է եւ անկախ անկէ, թէ ո՛վ կ՛ընդունի այդ տեսակէտը, մենք պատրաստ ենք համագործակցելու եւ այդ տեսակէտը իրագործելու“:
Ըստ անոր, ոչ ոքի համար նորութիւն է, որ Հ.Յ.Դ.-ն կողմ եղած է խորհրդարանական համակարգին: “Մեզի կ՛ըսեն, կողմ էք, չտեսնելով նախագիծը, մենք կ՛ըսենք, եթէ կ՛ուզէք խորհրդարանական համակարգին անցնիլ, անոր համար սահմանադրական բարեփոխումներ կատարելը անհրաժեշտ է, մենք այդ պատճառով սահմանադրական բարեփոխումներուն կողմ ենք, ոչ թէ ինքնանպատակ կողմ ենք: Չենք կրնար կողմ չըլլալ սահմանադրական բարեփոխումներուն, եթէ կ՛ուզենք, որ համակարգը փոխուի, այլ ճամբայ չկայ: Ինքնանպատակ համաձայնական դաշինք կազմելու ցանկութիւն Դաշնակցութիւնը երբեք չէ ունեցած: Եթէ այդպէս ըլլար, համաձայնական կառավարութենէն դուրս չէինք գար“, շեշտեց Ռուստամեան:
The post ՌՈՒՍՏԱՄԵԱՆԻ ԿՈՉԸ՝ ՍԱՀՄԱՆԱԴՐԱԿԱՆ ՓՈՓՈԽՈՒԹԵԱՆ appeared first on Hairenik Weekly Newspaper.