Quantcast
Channel: Hairenik Weekly Newspaper
Viewing all articles
Browse latest Browse all 8334

ԱՔԻՆԻ ՝՝ՀԱՏՈՒՄԸ՝՝ ԺԱՊԱՒԷՆԻՆ ՑՈՒՑԱԴՐՈՒԹԻՒՆԸ ՎԵՆԵՏԻԿԻ ՓԱՌԱՏՕՆԻՆ

$
0
0
Մարտիկ Մարթին …

Մարտիկ Մարթին …

Գերմանածին թուրք բեմադրիչ Ֆաթիհ Աքինի կողմէ Հայկական Ցեղասպանութեան մասին պատրաստուած “Հատումը“ (“Տը Քաթ“) ժապաւէնը Սեպտեմբեր 1ին, ցուցադրուեցաւ Վենետիկի շարժապատկերի փառատօնին։

Ժապաւէնին նիւթը՝ պատմութիւնն է Նազարէթ Մանուկեան անունով հայու մը, որ կը փորձէ գտնել Ցեղասպանութեան օրերուն անհետացած իր երկու դուստրերը՝ Միջագետքէն ճամբայ ելլելով ու հասնելով մինչեւ Քուպա եւ Միացեալ Նահանգներ։

կեդրոնը՝ նստած

կեդրոնը՝ նստած

Ժապաւէնին մասին Ֆաթիհ Աքին հարցազրոյց մը ունեցաւ “Նիւ Եորք Թայմզ“ թերթին հետ, եւ յաւելեալ տեղեկութիւններ փոխանցեց: “Կը մտածեմ, որ Թուրքիա այլեւս պատրաստ է այս ժապաւէնին։ Ես ժապաւէնին նիւթը կարդալ տուի երկու բարեկամներուս. անոնցմէ մէկը ըսաւ, որ մեզ պիտի քարկոծեն, միւսն ալ ըսաւ, թէ մեզի վարդ պիտի հրամցնեն։ Ժապաւէնը ցոյց տուի նաեւ Հայկական Ցեղասպանութիւնը ընդունողներու եւ մերժողներու. հոն եւս նոյն զգայնութիւնները ստեղծուեցան։ Իմ կարծիքով՝ կարելի է այս ժապաւէնը նկատել երկու երկիրներուն միջեւ կամուրջ մը“, ըսաւ Աքին։
“Հիւրրիյէթ“ի յօդուածագիր Ահմետ Հաքան եւս արտայայտուած է այս ֆիլմին մասին։ Ան այս առթիւ խօսած է նաեւ Աքինի հօր՝ Էնվեր Աքինի մասին։ Հետաքրքրական է, որ բեմադրիչին հայրը Ազգայնական Շարժում կուսակցութեան անդամ է եւ կուսակցութենէն ներս գործօն դեր ունեցող քաղաքագէտ մըն է։ Էնվեր Աքին սիրած է իր որդւոյն պատրաստած ժապաւէնը եւ զայն կը պաշտպանէ քննադատութիւններուն դիմաց։
akinՖաթիհ Աքին շեշտեց, թէ այս ժապաւէնը պէտք է ցուցադրուի Թուրքիոյ մէջ եւս։
Այն հարցումին, թէ լուրջ սպառնալիք եկա՞ծ է բեմադրիչին՝ Աքըն կը պատասխանէ, որ շատ փոքր եւ նեղ շրջանակէ մը սպառնալիքներ եկած են, “սակայն անոնք կարեւոր չեն“։
Թէ Թուրքիոյ մէջ ի՞նչ հակազդեցութիւն պիտի ստեղծէ այսպիսի ժապաւէն մը՝ այդ պիտի տեսնենք, եթէ ժապաւէնը իսկապէս օր մը ցուցադրուի Թուրքիոյ մէջ։ akin tahar
“Ես Ցեղասպանութեան ժապաւէնը չեմ պատրաստած։ Ասիկա քաղաքական բոլոր զարգացումներէ անտեղեակ մարտինցի հայ երկաթագործի մը պատմութիւնն է. անոր պատուհանէն նայեցայ պատահարներուն, եւ անոր տեսանկիւնէն՝ ամէն ինչ կը սկսէր 1915ին։ Այս պատճառով, ե՛ս ալ այդտեղէն սկսայ“, շեշտեց Աքին, որուն համար կարեւոր է, որ իր հօրը նման մարդիկ այս ժապաւէնը սիրեն։ “Ես այս ժապաւէնը հօրս նման մարդոց համար պատրաստեցի. ուզեցի, որ անոնք տուժածներու զգացումները իւրացնեն։ Հայրս կրցաւ ընել ատիկա, այդ պատճառաւ ալ երջանիկ եմ“, եզրակացուց ան։

Դերասան Թահար Ռահիմ եւ Ֆաթիհ Աքին

Դերասան Թահար Ռահիմ եւ Ֆաթիհ Աքին

Ժապաւէնին մէջ դեր տրուած է նաեւ Տիգրանակերտէն հայ դերասան Գէորգ Մալիքեանին, որ Անգլիոյ մէջ նշանաւոր դերասան մըն է։ Իսկ ամերիկացի հանրածանօթ բեմադրիչ Մարթին Սքորսիզի տպաւորուած է այս ժապաւէնով։ Այս գործին մէջ դերակատարութիւն ունեցած է նաեւ, անոր հետ աշխատած Մարտիկ Մարթինը։
Հանդիսատեսներու շարքին կը գտնուէր նաեւ Հրանդ Տինքի կողակիցը՝ Ռաքէլ Տինք, որ շատ տպաւորուած է այս ժապաւէնով։ “Կը յուսամ, որ այս ժապաւէնը իրարու ցաւը հասկնալու ճամբայ կը բանայ“, յայտնեց ան:

 

 

The post ԱՔԻՆԻ ՝՝ՀԱՏՈՒՄԸ՝՝ ԺԱՊԱՒԷՆԻՆ ՑՈՒՑԱԴՐՈՒԹԻՒՆԸ ՎԵՆԵՏԻԿԻ ՓԱՌԱՏՕՆԻՆ appeared first on Hairenik Weekly Newspaper.


Viewing all articles
Browse latest Browse all 8334

Trending Articles