Հայ Օգնութեան Միութեան Ա.Մ.Ն. Արեւելեան շրջանի 94-րդ Պատգամաւորական Ժողովը, տեղի ունեցաւ Օգոստոս 14-էն 17, Պոսթընի մօտակայ Պըրլինկթըն շրջանի “Մարիոթ“ պանդոկին մէջ: Զանազան շրջանները ներկայացնող պատգամաւորներուն կողքին, ներկայ էին նաեւ հրաւիրեալներ, որոնց կարգին Ա.Մ.Ն. Արեւելեան շրջանի Առաջնորդական փոխանորդ Անուշաւան Դանիէլեան:
Ա.Մ.Ն. Արեւելեան շրջանի Կեդրոնական Կոմիտէն կը ներկայացնէր ընկհ. Անժէլ Մանուկեան, իսկ Հ.Օ.Մ.-ի Կեդրոնական Վարչութեան ներկայացուցիչն էր Քարոլին Շմաւոնեան:
Ժողովին կիզակէտն էր Հայոց Ցեղասպանութեան հարիւրամեակն ու յատկապէս Սուրիահայութեան օժանդակութեան համար աշխատանքները: Ժողովը մանրամասնօրէն քննեց կատարուած աշխատանքն ու կատարուեցան առաջարկներ յառաջիկայ տարիներուն համար:
Նորակազմ Շրջանային Վարչութիւնը կը բաղկանայ հետեւեալ անդամներէ.-
Թալին Տաղլեան (Նիւ Ճըրզի – Ատենապետ), Սեւան Գօլէճեան (Ուաշինկթըն- փոխ ատենապետ), Մելիսա Սիմոնեան (Փրովիտենս-քարտուղար), Մարկրիթ Պապիկեան-Մետինա (Փրովիտենս- գանձապահ), Սիլվա Պետեան (Շիքակօ-խորհրդատու), Թալին Մկրտիչեան (Փրովիտենս- խորհրդատու) եւ Սոնիա Պզտիկեան (Նիւ Եորք- խորհրդատու):
The post Հ.Օ.Մ.Ի ԱՐԵՒԵԼԵԱՆ Ա.Մ.Ն.Ի 94-ՐԴ ՊԱՏԳԱՄԱՒՈՐԱԿԱՆ ԺՈՂՈՎԸ ՊՈՍԹԸՆԻ ՄԷՋ appeared first on Hairenik Weekly Newspaper.