Հակառակ Հալէպի մէջ տիրող քաղաքական եւ կենցաղային ծանր պայմաններուն՝ ի մասնաւորի Նոր Գիւղ շրջանի ապահովական դժուարութիւններուն, Սուրիահայ Օգնութեան Խաչը կը շարունակէ իր առաքելութիւնը, իրագործելով Հ.Օ.Մ.-ի Կեդրոնական վարչութեան եւ Միաւորներու ներդրումով Հ.Օ.Մ.-ի ծրագիրները:
Հայ Օգնութեան Միութեան Կեդրոնական վարչութեան նախաձեռնութեամբ “Պնակ մը Տաք Ճաշ“ ծրագիրը, ծնունդ առած Սուրիոյ տագնապի սկզբնական օրերուն` Հոկտեմբեր 2012ին, կարիքաւոր, բազմազաւակ ընտանիքներու եւ անկարող տարեցներու ուղուած այս ծրագիրը, շաբաթական 300 անձի տաք եւ լիարժէք սնունդով ճաշ կը մատակարարէ: Քաղաքի շրջափակման եւ սննդանիւթերու սակաւութեան ամենածանր օրերուն իսկ անընդատ շարունակուած այս ծրագիրը, Նոր Գիւղ շրջանի եւ Ս.Օ.Խ.-ի Ընկերաբժշկական կեդրոնի կրած վնասներուն հետեւանքով կարճ ժամանակ ակամայ դադրեցաւ: Յունիս 19, 2014-ին, Ս.Օ.Խ.-ի Շրջանային վարչութեան ճիգերով, կարելի եղաւ վերականգնել սոյն ծրագիրը՝ “Սիմոն Վրացեան“ կեդրոնի “Գառնի“ ճաշասրահին մէջ, ուր ներկայիս շաբաթական երկօրեայ դրութեամբ տաք ճաշ կը մատուցուի կարիքաւորին:
Հ.Օ.Մ.-ի Ա.Մ.Ն. Արեւելեան շրջանի “Երաշխաւորէ Սուրիահայ Ընտանիք մը“ ծրագրի երրորդ փուլը գործադրուեցաւ Հինգշաբթի, Յուլիս 3-ին, “Արամ Մանուկեան“ Ժողովրդային Տան “Լեւոն Շանթ“ սրահէն ներս: Նորածին երեխայ ունեցող քառասուն ընտանիքներու տրամադրուեցաւ չորս հազար տոլար, իւրաքանչիւր ընտանիքին յատկացնելով՝ հարիւր տոլար:
Սուրիահայ օժանդակութեան աշխատանքներուն ծիրէն ներս, Հ.Օ.Մ.-ի Կեդրոնական վարչութիւնը երկու յաջորդական տարիներ նիւթական յատուկ յատկացումով կ՛օժանդակէ նաեւ Ս.Օ.Խ.-ի խնամատարական աշխատանքներուն, համաձայն որուն, 250 ընտանիքներ ամսական դրութեամբ կը ստանան սննդակողովներ կամ կենցաղային անհրաժեշտ նիւթեր: Ընթացիկ ամսուան մէջ, սննդեղէնի օժանդակութեան փոխարէն, Ուրբաթ, Յուլիս 25, 2014-ին, Ս.Օ.Խ.-ի Ընկերաբժշկական կեդրոնէն ներս, 250 կարիքաւոր ընտանիքներ ստացան նիւթական օժանդակութիւն:
Հ.Օ.Մ.ի Կեդրոնական վարչութեան նախաձեռնութիւններով եւ աշխարհասփիւռ միաւորներու անվերապահ աջակցութեամբ հզօրացած, Սուրիահայ Օգնութեան Խաչը կենցաղային ծանր պայմաններու տակ իսկ կը շարունակէ նեցուկ կանգնիլ կարիքաւորին:
Վերոնշեալ ծրագիրներուն կողքին, Հ.Օ.Մ.ը կը շարունակէ նպաստել հայկական վարժարաններուն՝ “Դպրոց“ ֆոնտին միջոցաւ: Առաւելաբար, 2013-ին հաստատուած “Տաքուկ Բնակարան“ ծրագիրը, ձմրան ընթացքին, ջերուցման անհրաժեշտ վառելանիւթով կ՛ապահովէ լուրջ դժուարութիւններ դիմագրաւող Հալէպահայ կարիքաւոր ընտանիքները:
Հ.Օ.Մ.ի Կեդրոնական վարչութիւնը բարձր գնահատելով Հ.Օ.Մ.ի համակիրներուն եւ Միաւորներուն նուիրեալ աշխատանքը, կը շարունակէ քաջալերել անոնց ներդրումը ի դէպ մարդասիրական օժանդակութեան ծրագիրներու յաջողութեան:
Լուսանկարներ՝
The post Հ.Օ.Մ.-Ի “ՍՈՒՐԻԱՀԱՅՈՒԹԵԱՆ ՕԺԱՆԴԱԿՈՒԹԵԱՆ “ ԾՐԱԳԻՐՆԵՐԸ ՀԱԼԷՊԻ ՄԷՋ appeared first on Hairenik Weekly Newspaper.