Quantcast
Channel: Hairenik Weekly Newspaper
Viewing all articles
Browse latest Browse all 8334

ԷՐՏՈՂԱՆ՝ ԹՈՒՐՔԻՈՅ ՆԱԽԱԳԱՀ

$
0
0

p1 erdoganԱՆԳԱՐԱ.- Կիրակի, Օգոստոս 10ին կատարուեցաւ Թուրքիոյ նախագահական ընտրութիւնը եւ երեկոյեան իսկ, ընտրական կեդրոնական յանձնախումբը պաշտօնապէս յայտարարեց թէ վարչապետ Ռեճէպ Թայիպ Էրտողան ընտրուած է նախագահ:

Մասնակցութեան համեմատութիւնը՝ 75 առ հարիւրի շուրջ էր եւ ակնկալուածէն աւելի պակաս էր: Առաջին անգամ ըլլալով է, որ նախագահը ուղղակիօրէն ժողովուրդին կողմէ կ՛ընտրուէր։
Էրտողան ապահոված է քուէներուն 51.95 առ հարիւրը, մինչ ընդդիմադիր Հանրապետական ժողովրդային եւ Ազգայնական շարժում կուսակցութիւններու միացեալ թեկնածու Էքմելետին Իհսանօղլու՝ 38.34 առ հարիւրը, իսկ քիւրտ քաղաքագէտ Սալահետին Տեմիրթաշ՝ 9.71 առ հարիւրը: Այս վերջինը, որ խոստացած էր պատշաճօրէն ճանչնալ Հայոց Ցեղասպանութիւնը, քրտական ինքնութիւնը առաջին գիծի վրայ դնելով՝ կրցաւ ակնկալուածէն աւելի բարձր համեմատութեամբ քուէ ստանալ։
Էրտողան յաղթանակի ճար մը արտասանելով՝ ըսաւ. «Պիտի շարունակենք մեր ազգին ծառայել՝ աւելի լաւ ժողովրդավարութեան մը հասնելու եւ քրտական հարցի լուծման հոլովոյթը իր աւարտին հասցնելու համար»: Զանազան խմբաւորումներու խօսք ուղղելու ընթացքին, ան յիշեց հրեաները, յոյներն ու հայերը, բայց ըսաւ, որ բոլոր խմբաւորումներէն առաջ կայ՝ «թուրքիացի»ն։ Ան կոչ ըրաւ, որ «զուգահեռ պետութեան» կողմնակիցները վերատեսութեան ենթարկեն իրենց քաղաքականութիւնը։
Հանրապետական ժողովրդային եւ Ազգայնական շարժում կուսակցութիւնները ծանր որակումներով յարձակեցան ընտրութեան արդիւնքին վրայ, քննադատութիւններ ըրին Էրտողանի հասցէին՝ պնդելով, որ ան երբե՛ք պիտի չկարենայ ըլլալ ամբողջ ժողովուրդին նախագահը։

 

The post ԷՐՏՈՂԱՆ՝ ԹՈՒՐՔԻՈՅ ՆԱԽԱԳԱՀ appeared first on Hairenik Weekly Newspaper.


Viewing all articles
Browse latest Browse all 8334

Trending Articles