Շարժապատկերի սիրահարներուն համար, յատուկ տեղ ունի Գերմանիոյ հիւսիսային շրջանի մեծագոյն քաղաք՝ Համպուրկ ծնած Ֆաթիհ Աքինը: Ծագումով թուրք, այս յառաջդիմական գաղափարներու տէր բեմադրիչը, որ երբեմն իր տարօրինակուիթեամբ կը բաղդատուի գերմանացի վաղամերիկ բեմադրիչ Վերնըր Ռայնըր Ֆասպինտըրի հետ, երկար ժամանակէ ի վեր որոշած էր ժապաւէն մը պատրաստել Հայոց Ցեղասպանութեան մասին: Ան, նաեւ մասնակցած էր, Երեւանի մէջ կատարուած ՝՝Ոսկէ Ծիրան՝՝ի այդ հաւաք-գիտաժողովներուն:
Ժապաւէնին անունն է ՝՝The Cut՝՝(Հատումը) , որ առաջին անգամ ըլլալով պիտի ներկայացուի Վենետիկի փառատօնին, յառաջիկայ Օգոստոսի աւարտին:
Աքինի հռչակաւոր ժապաւէնը, սէր ու անձնասպանութիւն արծարծող ծանր նիւթ մըն է, որ կը կրէ “Gegen Die Wand“ (Head on) անունը: Նախքան այս ժապաւէնը, արդէն իսկ “Im Juli“ (In July) ժապաւէնը բաւական մը խօսեցնել տուած էր Աքինի մասին:
Աքին, նաեւ պատրաստած է վաւերագրական մը Պոլսոյ երաժշտութեան եւ անոր զանազան երանգներուն ու կշռոյթներչուն մասին՝ “Crossing the Bridges“:
Այլ ժապաւէն մը “Auf der anderen Seite“ (The Edge of Heaven), որ ճակատագրի եւ պատկանելիութեան մասին հետաքրքրական պատրաստութիւն մըն էր, իր կարգին մեծ յաջողութիւն արձանագրեց: Այս ժապաւէնին մէջ, ան վերստին բեմ բարձրացուց տարիներէ ի վեչր եօթներորդ աշխարհէն հեռացած Ֆասպինտըրի նախընտրած դերասանուհի՝ Հաննա Շիկուլան:
՝՝The Cut՝՝ին նիւթն է Հայոց Ցեղասպանութիւնը: Մարտինի շրջանէն Նազարէթ Մանուկեան անունով հայորդի մը տարագրութեան ժամանակ կորսնցուցած է իր պարագաները եւ կը փնտռէ իր դուստրերը: Նիւթը կը յիշեցնէ վերոյիշեալ “Auf der anderen Seite“ (The Edge of Heaven) ժապաւէնը: Նազարէթ Մանուկեանի դերը ստանձնած է ֆրանսացի դերասան Թահար Ռահիմ (ծագումով ալճերիացի): Նաեւ, դեր ստանձնած են Սիմոն Աբգարեան եւ Արսինէ Խանճեան:
Աքին, վերջերս Գերմանիոյ մէջ կատարուած հարցազրոյցի մը ժամանակ յայտնած էր թէ մտադրած էր երեք նիւթեր՝ անծայրածիր սէր, անխուսափելի մահ եւ չար ոգի ներկայացնել: Այս երրորդութեան առաջինը՝ “ Head on“ ժապաւէնն էր, ապա երկրորդը՝ ՝՝The Edge of Heaven “, իսկ երրորդը՝ ՝՝The Cut՝՝ն է, որ նախապէս նկատի առնուած էր Քաննի այս տարուայ փառատօնին մասնակցելու, սակայն Աքին որոշած էր վերջին վայրկեանին, անծանօթ պատճառներով քաշուիլ: Պատճառները ցարդ կը մնան անծանօթ: Արդեօ՞ք, այլ ծանօթ թուրք բեմադրիչ՝ Նուրի Պիլկը Չեյլանի (միշտ ալ Քաննի մէջ, մեծ հռչակ սփռած) ՝՝Winter Sleep՝՝ ժապաւէնի թեկնածութեան պատճառով թէ այլ…:
Աքինի համար այս վերջին ժապաւէնը կը մնայ ամենէն աւելի ՝՝անձնական՝՝ը:
՝՝Այս ժապաւէնին մէջ կը գտնեմ իմ գիտակցութիւնս եւ անշուշտ սէրս՝ ժապաւէնին հանդէպ՝՝:
The post ՖԱԹԻՀ ԱՔԻՆԻ ԺԱՊԱՒԷՆԸ՝ ՀԱՅՈՑ ՑԵՂԱՍՊԱՆՈՒԹԵԱՆ ՄԱՍԻՆ appeared first on Hairenik Weekly Newspaper.